Գ.
Բաւական
երկար
տարիներէ
ի
վեր
սովորութիւն
եղած
է,
որ
շատերը
ուսում
առնելու
համար
Ֆրանսիա
կամ
Գերմանիա
երթալէն
ետքը
մայրաքաղաքս
կու
գան
կին
առնելու
համար,
եւ
ընթերցողն
ալ
գիտէ
արդէն,
որ
Աբիսողոմ
աղան
ալ
ուրիշ
նպատակով
եկած
չէր
Կ.
Պոլիս:
Ընթերցողն
չմոռցաւ
նաեւ,
թէ
այս
ամուսնութեան
խնդիրն
ո՛րչափ
միտքը
գրաւած
էր
Աբիսողոմ
աղային,
որ
առջեւէն
եկող
էշերը
չտեսնելով՝
անոնց
միոյն
դէմ
բախուեցաւ:
Թերեւս
հարցուի,
թէ
Աբիսողոմ
աղային
դէմ
բախուող
աւանա՞կն
ալ
ամուսնութեան
վերաբերեալ
գործ
մ՚ունէր,
որ
իւր
առջեւը
չտեսաւ
Աբիսողոմ
աղային
պէս
խոշոր
մարդ
մը:
Անոնք,
որ
պատմութեան
քիչ
կամ
շատ
ծանօթութիւն
ունին,
գիտեն,
որ
էշերը,
որոնց
նախահայրերէն
մին
ժամանակաւ
հրեշտակ
տեսած
է,
բնաւ
կարեւորութիւն
չեն
տար
մահկանացուներուս
եւ
կ՚ուզեն,
որ
միշտ
մենք
ճամբայ
բանանք
իրենց:
Աբիսողոմ
աղան
եթէ
պատմութեան
տեղեակ
ըլլար,
կամ
կին
առնելու
խնդիրով
միտքն
չզբաղեցունէր,
անշուշտ
ճամբայ
պիտի
բանար
այդ
արարածներուն,
որք
իրենց
ականջներով
Միդաս
թագաւորին
ներկայացուցիչներն
ըլլալու
պատիւն
ալ
կը
վայլեն:
Արդ,
Աբիսողոմ
աղան
էշերէն
բաժնուելէն
ետքը
Ծաղկի
փողոցը
գտնելու
համար
անոր
ասոր
հարցումներ
կ՚ուղղէր.
վասնզի
ինքն
առաջին
անգամ
էր,
որ
Պոլիս
կու
գար,
եւ
Տրապիզոն
բնակուող
բարեկամներէն
մին
խորհուրդ
տուած
էր
իրեն,
թէ
հանգիստ
ուտելու
եւ
պառկելու
համար
յիշեալ
փողոցը,
յիշեալ
թիւը
կրող
տունն
իջնելու
էր:
Այդ
բարեկամն
շաբաթ
մը
առաջ
Մանուկ
աղային
ալ
նամակով
իմացուցած
էր,
որ
Աբիսողոմ
աղան
իրեն
տունը
պիտի
բնակէր:
Աբիսողոմ
իրեն
տրուած
տեղեկութիւններուն
համեմատ
մէկ
փողոցէն
կը
մտնէր,
միւսէն
կ՚ելլէր,
երբեմն
ալ
սխալմամբ
անել
փողոցներու
մէջ
կը
մտնէր,
կը
բարկանար,
ետ
կը
դառնար
եւ
մէկ
կողմէն
ալ
կը
կասկածէր,
որ
բեռնակիրներն
իրեն
անկողինն
եւ
սնտուկներն
առնելով
չփախչէին,
թէպէտեւ
անոնց
հաւատարմութիւնն
շատերէն
լսած
էր:
Ժամու
մը
չափ
Բերայի
փողոցները
չափելէն
ետքը`
Աբիսողոմ
աղան
յաջողեցաւ
վերջապէս
գտնել
Ծաղկի
փողոցն,
զոր
շփոթելու
չէ
նոյն
անունը
կրող
փողոցին
հետ,
որ
Բերայի
հրդեհէն
մոխիր
դարձած
էր
հազար
ութը
հարիւր
եօթանասունը
չեմ
յիշեր
քանիին:
Այս
փողոցն
Ծաղկի
փողոց
կ՚անուանուէր
սա
պատճառով,
որ
հոն
բոլոր
տուներուն
պատուհաններուն
առջեւ
միշտ
ծաղիկներ
կը
գտնուէին:
—Երկու
թիւն
ո՞րն
է,
հարցուց,
առանց
գիտնալու,
Մանուկ
աղային
կնոջը,
որ
դռան
առջեւ
իւր
էրկանը
գալստեան
կը
սպասէր:
—Աս
է,
հրամմե՛ցէք,
Աբիսողոմ
աղայ,
պատասխանեց
տիկինը:
—Անկողինս
եւ
սնտուկներս
բերի՞ն:
—Բերին,
Աբիսողոմ
աղայ.
վեր
հրամմեցէք,
Աբիսողոմ
աղայ,
եթէ
կ՚ուզէք,
քիչ
մը
յոգնութիւն
առնելու
համար
սա
պզտիկ
սենեակը
նստեցէք,
ըսաւ
կինը
գետնայարկի
վրայ
պզտիկ
խուց
մը
ցոյց
տալով:
—Շատ
յոգնած
եմ,
քիչ
մը
հոս
կը
նստիմ:
—Ձեր
կամքն
ինչպէս
որ
կ՚ուզէ,
այնպէս
ըրէք,
Աբիսողոմ
աղայ,
տունը
ձերն
է,
Աբիսողոմ
աղայ.
ձեր
տունին
պէս
հանգիստ
ըրէք:
—Շնորհակալ
եմ:
Աբիսողոմ
աղան
պզտիկ
սենեակը
մտաւ
առաջնորդութեամբ
տիկնոջ,
որ
ղամբար
մը
բռնած
էր,
որուն
կազը
հատնելու
վրայ
էր:
—Ի՞նչպէս
էք,
Աբիսողոմ
աղայ,
տունէն
ի՞նչպէս
են,
աղէ՞կ
են:
—Աղէկ
են:
—Թող
աղէկ
ըլլան,
ձեր
զաւակներն
ի՞նչպէս
են,
Աբիսողոմ
աղայ,
դպրոց
կ՚երթա՞ն:
—Զաւակ
չունիմ:
—Ձեր
տիկինն
ի՞նչ
կ՚ընէ,
աղէ՞կ
է,
Աբիսողոմ
աղայ:
—Տիկին
չունիմ
դեռ:
—Կարգուած
չէ՞ք,
Աբիսողոմ
աղայ:
—Չէ:
—Շատ
լաւ,
հոս
աղուորիկ
աղջիկ
մը
գտնենք
ու
պոլսեցի
ընենք
քեզի,
Աբիսողոմ
աղայ:
—Անանկ
միտք
մը
ունինք,
պատասխանեց
Աբիսողոմ
աղան.
բայց
աղջիկէն
առաջ
ես
կերակուր
կ՚ուզեմ,
վասնզի
առտըւնէ
ի
վեր
բերանս
բան
դրած
չեմ:
—Շատ
աղէկ,
Աբիսողոմ
աղայ,
շատ
աղէկ.
հիմա
կը
բերեմ
ձեր
կերակուրն:
Տիկինը
դուրս
ելաւ
եւ
դուռը
բանալով
սեմին
վրայ
կայնեցաւ`
սպասելու
համար
Մանուկ
աղային,
որ,
ինչպէս
կը
յիշեն
ընթերցողները,
դայեակ
փնտռելու
գացած
էր:
Աբիսողոմ
աղան
սենեակին
մէջ
միակ
մնալով`
բարձի
վրայ
դրուած
Զէն
հոգեւորն
առաւ
եւ
թղթատել
սկսաւ
զայն.
բայց
որովհետեւ
մարդս
անօթի
եղած
ժամանակ
գիրք
չկրնար
կարդալ,
ինչպէս
նաեւ
չկրնար
գիրք
գրել,
նորէն
բարձին
վրայ
դրաւ
Զէն
հոգեւորն,
վասնզի
փորն
կ՚իմացունէր
իրեն,
թէ
զէն
մարմնաւորին
պէտք
ունէր,
եւ
սկսաւ
սենեակին
մէջ
պտտելու:
—Կ՚աղաչեմ,
Աբիսողոմ
աղայ,
որ
ձեր
տունին
պէս
հանգիստ
ընէք,
ըսաւ
տիկինը`
սենեակը
մտնելով:
—Անհանգստութեան
պատճառ
մը
չունիմ,
միայն
թէ
անօթի
եմ
եւ
կերակուր
ուտել
կ՚ուզեմ:
—Կերակուրդ
պատրաստուելու
վրայ
է,
հիմա
պիտի
բերեմ,
ըսաւ
տիկինը
եւ
դուրս
ելաւ
նորէն
դռան
առջեւ
էրկանը
սպասելու
համար:
—Ի՞նչ
տեսակ
կնիկ
է
այս,
ըսաւ
Աբիսողոմ
աղան,
երբ
առանձին
մնաց,
զիս
անօթի
կը
պահէ
եւ
կը
պատուիրէ,
որ
հանգիստ
ըլլամ.
անօթի
մարդը
հանգիստ
կրնա՞յ
ըլլալ…
—Սեպէ՛
թէ
ես
ալ
քու
քուրդ
եմ
կամ
աղջիկդ
եմ,
ըսաւ
վաթսունամեայ
տիկինը
դարձեալ
ներս
մտնելով,
եթէ
բան
մը
կ՚ուզես,
մի՛
քաշուիր,
ըսէ
ինձի
որ
բերեմ:
—Շնորհակալ
եմ:
—Ես
կ՚ուզեմ,
որ
իմ
տունս
եկող
հիւրերը
չնեղուին:
—Կը
հասկնամ.
հիմակուհիմա
կերակուրէն
ուրիշ
բան
չեմ
ուզեր:
—Կերակուրը
պատրաստուելու
վրայ
է,
հոգ
մի՛
ընէք…
Տիկինը
դեռ
պիտի
շարունակէր
իւր
բանակցութիւնն,
բայց
դուռը
զարնուելով՝
դուրս
վազեց
շուտով,
որպէսզի
դուռը
բանայ,
էրիկը
դիմաւորէ
եւ
բերած
պաշարներն
առնէ
ու
կերակուր
եփէ:
—Ողջո՛յն,
տիկին,
ըսաւ
մէկը
դուռը
բացուելուն
պէս:
Հարկ
չկայ
ըսելու,
թէ
եկողը
կրօնաւոր
մ՚էր,
ինչու
որ
անոնք
միայն
կը
գործածեն
ողջոյնը:
—Օրհնեա՛
տէր,
պատասխանեց
տիկինը:
—Ի՞նչպէս
էք,
աղէ՞կ
էք,
տիկին:
—Փառք
Աստծոյ,
տէր
հայր:
—Մանուկ
աղան
հիմա
դէմս
ելնելով
իմացուց,
որ
հիւր
մը
եկած
է
ձեզի
այսօր,
ես
ալ
եկայ,
որ
հետը
տեսնուիմ:
—Շատ
աղէկ
ըրեր
էք,
ներս
հրամմեցէք,
տէր
հայր,
ըսաւ
տիկինն՝
ցոյց
տալով
խուցն,
որուն
մէջ
Աբիսողոմ
աղան
իւր
անօթութեամբը
կը
զբաղուէր:
Քահանայն
ներս
մտաւ:
Աբիսողոմ
աղան
ոտք
ելաւ:
—Ողջո՛յն,
Աբիսողոմ
աղայ:
—Օրհնեա՛,
տէր
հայր:
—Մեղաւորս
ձեր
բարեպաշտութեան
գալն
իմանալով`
աճապարանօք
եկայ
ձեր
ջերմեռանդութեան
պատուական
որպիսութիւնը
հարցնելու.
ի՞նչպէս
էք,
Աբիսողոմ
աղայ:
—Աղէկ
ենք:
—Միշտ
աղէկ
ըլլաք,
տէր
Աստուած
ձեր
մեռելոց
արքայութիւն
եւ
կենդանեաց
աւուրս
երկարս
պարգեւեսցէ:
—Շնորհակալ
եմ.
դուք
ի՞նչպէս
էք,
տէր
հայր:
—Մեր
աղէկութիւնը
մի՛
հարցունէք…
ժամանակիս
աղէկութիւնը…
Տէր
Աստուած
զձեզ
յամենայն
փորձանաց
եւ
ի
չարէ
ազատ
պահեսցէ.
ժողովուրդն
երբ
աղէկ
ըլլայ,
քահանաներուն
ալ
երեսը
կը
խնդայ:
—Այնպէս
է,
տէր
հայր,
պատասխանեց
Աբիսողոմ
աղան`
իւր
աչերն
չզատելով
բնաւ
խուցին
դռնէն,
ուսկից
կերակուր
կը
յուսար:
—Օրհնա՛ծ,
ժամանակը
շատ
գէշ
է.
ժողովուրդը
շատ
նեղութիւն
կը
քաշէ,
այս
պատճառաւ
ջերմեռանդութիւնն
ալ
օրըստօրէ
պակսելու
վրայ
է:
—Իրաւ
է:
—Բայց
ի՞նչ
պիտի
ընենք,
ի՞նչ
կու
գայ
մեր
ձեռքէն`
համբերելէն
զատ…
Սուրբ
գիրքը
կ՚ըսէ.
որ
համբերեսցէ,
իսպառ
նա
կեցցէ:
—Այնպէս
է:
—Եթէ
չհամբերենք,
բարկանալ
պէտք
է,
եւ
մարգարէն
կ՚ըսէ.
բարկանայք
եւ
մի՛
մեղանչէք:
—Ճիշտ
է,
պատասխանեց
Աբիսողոմ
աղան,
որուն
ականջը
բնաւ
չէր
մտներ
քահանային
խօսքերը
եւ
որ
քահանային
ներկայութենէն
նեղութիւն
կ՚իմանար.
վասնզի,
ինչպէս
գիտեն
ընթերցողները,
կերակուրէն
ուրիշ
բանի
պէտք
չունէր:
—Զի
ո՛չ
հացիւ
միայն
կեցցէ
մարդ,
այլ
բանիւ
Տեառն:
Քահանան
քթախոտի
տուփը
ծոցէն
հանեց
եւ
երկու
մատներովը
քթախոտ
լեցուց
քթին
ծակերուն
մէջ
եւ
յետոյ,
տուփը
Աբիսողոմ
աղային
երկնցնելով`
—Հրամմեցէ՛ք,
օրհնա՛ծ,
ըսաւ:
Աբիսողոմ
աղան
շնորհակալութեամբ
առաւ
տուփն
եւ
քիչ
մը
քթախոտ
քաշեց:
—Քիչ
քաշեցիք,
Աբիսողոմ
աղայ,
կ՚աղաչեմ,
անգամ
մ՚ալ
քաշեցէք,
քթախոտը
վնասակար
բան
մը
չէ:
Աբիսողոմ
աղան
անգամ
մ՚ալ
քաշեց,
որպէսզի
խօսքը
չերկարի
եւ
հիւրը
մեկնի:
—Ինչո՞ւ
աղէկ
մը
չէք
քաշեր,
Աբիսողոմ
աղայ,
կրկնեց
քահանայն,
շատկեկ
քաշեցէք:
—Շնորհակալ
եմ,
տէր
հայր,
սովորութիւն
չունիմ:
—Կը
խնդրեմ,
մեղաւորիս
խօսքը
մի՛
կոտրէք,
քիչ
մ՚ալ
քաշեցէ՛ք:
—Ա՛լ
չես
քաշուիր,
ըսաւ
Աբիսողոմ
աղան
մեկուսի
եւ
քիչ
մ՚ալ
քաշեց:
—Դաւիթ
մարգարէն
կ՚ըսէ,
որ`
մարդս
որպէս
խոտոյ
են
աւուրք
իւր…
—Քթախոտին
համա՞ր
կ՚ըսէ:
—Չէ՛,
մեզի
համար
կ՚ըսէ…
եւ
մենք
ալ
աշխատելու
ենք,
որ
այս
վաղանցուկ
կեանքին
մէջ
ուրիշներուն
բարիք
ընենք,
աղքատ
տնանկները
խնամենք
եւ
երբեմն
ալ
մեր
ննջեցելոց
հոգւոյն
համար
աղօթենք:
—Այնպէս
է:
—Պատրաստ
գտնուելու
ենք,
որ
կանչուելնուս
պէս
երթանք:
—Իրաւ
է:
—Մեղաւորս
պիտի
համարձակիմ
խնդիրք
մը
ընել
ձեր
բարեպաշտութեանը
եւ
կը
յուսամ,
որ
չէք
մերժեր,
վասնզի
ձեր
բարեպաշտութիւնը
եւ
ջերմեռանդութիւնը
շատ
աղէկ
կը
ճանչնամ
մեղաւորս:
—Հրամմեցէ՛ք:
—Տէր
Աստուած
իւր
անսպառ
գանձը
միշտ
բաց
պահէ
հրամանոցդ
պէս
ջերմեռանդներուն:
—Շնորհակալ
եմ:
—Մէկուն
տեղ
հազար
տայ,
հազարին
տեղ
միլիոն
տայ
ի
շինութիւն
սբ.
եկեղեցւոյ
եւ
ի
փառս
ազգին:
Խնդիրքս
սա
է,
որ
առաջիկայ
կիրակի
կ՚ուզեմ
ձեր
ննջեցելոց
հոգուն
համար
պատարագ
մատուցանել:
Ներեցէ՛ք
համարձակութեանս,
բայց
իմ
պարտքս
է
միշտ
իմացունել,
որ
ննջեցեալները
մոռնալու
չէ:
—Իրաւունք
ունիս,
տէր
հայր:
—Արդ,
եթէ
կ՚ուզէք,
ըսէք,
որ
ես
ալ
անոր
համեմատ
կարգադրութիւն
մը
ընեմ:
Չկարծէք,
թէ
ծախքը
մէկ
մեծ
բան
մ՚է.
երկու
ոսկիով
կը
լըմննայ:
Նոյն
օրը
յատկապէս
ծանուցում
ալ
կ՚ընենք
եկեղեցւոյ
մէջ,
որ
վասն
հոգւոցն
ննջեցելոց
Աբիսողոմ
աղայի
է
նոյն
աւուր
սուրբ
եւ
անմահ
պատարագը:
—Շնորհակալ
կ՚ըլլամ:
—Բան
մը
չէ,
մեր
պարտքն
է:
—Հրամմեցէ՛ք,
երկու
ոսկին
առէք,
ըսաւ
Աբիսողոմ
աղան`
քսակէն
երկու
ոսկի
տալով
քահանային:
—Թող
այսօր
մնար…
Ինչո՞ւ
աճապարեցիք,
պատասխանեց
քահանան
ձեռները
բանալով:
—Չէ՛,
առէ՛ք:
—Որովհետեւ
կը
ստիպէք,
ես
ալ
կ՚առնեմ`
սիրտդ
չկոտրելու
համար:
Օրհնեալ
ըլլաք.
Տէր
Աստուած
ձեր
տունը
միշտ
շէն
պահէ,
ձեր
քսակը
միշտ
լեցունէ.
ինչ
որ
ունիս
սրտիդ
մէջ,
Տէր
Աստուած
կատարէ.
գործերուդ
յաջողութիւն
տայ
եւ
ամէն
փորձանքներէ
ազատ
պահէ:
Քահանան
բարեմաղթութիւնները
լմնցնելուն
պէս
մնաք
բարեաւ
ըսելով
դուրս
ելաւ:
—Վերջապէս
խալսեցայ,
ըսաւ
ինքնիրեն
Աբիսողոմ
աղան,
սա
մարդուն
ձեռքէն.
սա
ի՞նչ
փորձանքներ
են,
որ
կու
գան
գլխուս
այսօր`
Պոլիս
ոտք
կոխելէս
ի
վեր:
Շոգենաւէն
հազիւ
դուրս
ելած
էի,
խմբագիրին
մէկը
երկու
ժամ
գլուխս
ցաւցուց.
անկից
զատուեցայ
եւ
մինչեւ
որ
տունը
գտայ,
հազար
նեղութիւն
քաշեցի:
Տուն
եկայ,
որ
քիչ
մը
շունչ
առնեմ
եւ
կերակուր
ուտեմ,
տանտիկինը
զիս
անօթի
կը
պահէ
եւ
միշտ
ներս
կու
գայ,
կ՚աղաչէ
ինձի,
որ
բան
մը
հոգ
չընեմ
եւ
հանգստութեանս
նայիմ:
Աս
ալ
հերիք
չէր,
եւ
ահա
այս
մարդը
կու
գայ,
բռնի
քթախոտ
քաշել
կու
տայ
ինձի
եւ
Դաւիթ
մարգարէէն
խօսք
բանալով`
երկու
ոսկի
կ՚առնէ
կ՚երթայ.
երթա
յ
բարով:
Այս
ամէնը
քաշեցինք
անօթի
փորանց.
բայց
սա
կերակուրս
ինչո՞ւ
համար
չեն
բերեր.
այս
գիշեր
անօթի՞
պիտի
պահեն
զիս…
աս
ի՞նչ
խայտառակութիւն
է…
Այս
հարցումներն
կ՚ուղղէր
Աբիսողոմ
աղան,
եւ
ահա
կազն,
որ
արդէն
հատած
ըլլալով
տկար
լոյս
մը
կու
տար,
կը
մարի
եւ
մութի
մէջ
կը
ձգէ
հիւրը:
—Բայց
քաշուելու
բան
չէ
աս,
կը
շարունակէ
խոշոր
մարդը,
կամ
ուրիշ
տեղ
մը
երթալու
է
եւ
կամ
կինը
կանչելով
քանի
մը
խօսք
ըսելու
է:
Ես
իմ
քաղաքիս
մէջ
երկու
սպասաւոր
ունէի,
որ
դէմս
բարեւ
կը
բռնէին.
սեղանը
կանուխ
կը
պատրաստէին
եւ
իմ
գործերս
կը
տեսնէին.
սպասաւորներով
վարժուած
մարդ
մը
ինչո՞ւ
այս
նեղութիւնն
քաշէ
հիմա:
—Աս
ի՞նչ
է,
կազը
մարա՞ծ
է…
հարցուց
տիկինը
սենեակին
դուռը
բանալով:
—Այո՛,
մարած
է,
պատասխանեց
Աբիսողոմ
աղան`
զսպելով
իւր
զգացած
նեղութիւնն,
որ
աւելնալու
վրայ
էր:
—Դուն
հանգիստ
եղիր,
Աբիսողոմ
աղայ,
այդ
բաները
նայիլը
մեր
գործն
է:
—Այո՛,
բայց
ես
անօթի
եմ
եւ
սպասելու
կարողութիւն
չունիմ:
—Ես
ի՞նչ
ըսի
քեզի,
դուն
սիրտ
մի՛
հատցուներ.
ամէն
բան
ինձի
ձգէ՛,
ես
կը
հոգամ:
Տիկինը
շուտ
մը
դրացւոյն
տունը
վազեց
եւ
անոր
կազն
բերելով
լուսաւորեց
Աբիսողոմ
աղային
խուցը: