Զ.
Աբիսողոմ
աղան
աղուոր
քուն
մը
քաշեց
նոյն
գիշերը,
վասնզի
շատ
յոգնած
էր
եւ
թերեւս
հետեւեալ
օրն
ալ
չէր
բանար
աչերն,
եթէ
փողոցի
վաճառականներն
առաւօտուն
իրենց
ահարկու
ձայներովն
չխռովէին
անոր
քունը,
մահուան
այդ
կտրոնն,
որ
ոչ
միայն
յոգնած
մարդերու
հանգստարանն
է,
այլեւ
շատ
մշտնջենական
ցաւերու
առժամանակեայ
դարմանն
է:
Երանի՜
անոնց,
որ
կը
քնանան
եւ
ուշ
կ՚արթննան
կամ
բնաւ
չեն
արթննար,
վասնզի
անոնք
բնաւ
չեն
զգար
կամ
գոնէ
քիչ
կը
զգան
այն
ցաւերն,
որք
հալումաշ
կ՚ընեն
մարդս:
Բայց
Պոլսոյ
մէջ
քնանալու
ազատութիւն
ալ
չկայ.
գիշերները
պահապաններն
այնքան
ուժով
գետին
կը
զարնեն
իրենց
փայտերն,
եւ
առաւօտուն
փողոցի
վաճառականներն
այնքան
բարձր
ձայնով
կ՚եղանակեն
իրենց
ապրանքներն,
որ
քունն
կը
շուարի,
կը
մնայ,
թէ
ո՛ր
կողմը
փախչի:
Եթէ
վերջին
դատաստանին
օրը
Գաբրիէլ
հրեշտակապետը
չյաջողի
իւր
փողովն
մեռեալներն
արթնցնել,
ես
պիտի
առաջարկեմ,
որ
այդ
պաշտօնը
Պոլսոյ
փողոցի
վաճառականներուն
կամ
գիշերային
պահապաններուն
յանձնուի:
Աբիսողոմ
աղան
ալ,
որ
փողոցի
վրայ
սենեակի
մը
մէջ
կը
պառկէր,
ստիպուեցաւ
կանուխ
արթննալ:
Աչերը
բանալուն
պէս
անկողինէն
ելաւ,
սնտուկը
բացաւ
եւ
ճերմակեղէնները
փոխեց,
յետոյ
լուացուեցաւ
եւ
հագուեցաւ:
Տան
տիկինն,
որ
իմացած
էր
հիւրին
ելած
ըլլալն,
վեր
ելաւ
եւ
զարդարուն
սենեակ
մը
հրամցնելով
զայն`
իմաց
տուաւ,
թէ
մէկն
կը
սպասէր
վարը
եւ
զինքը
տեսնել
կ՚ուզէր:
—Թո՛ղ
հրամմէ,
ըսաւ
Աբիսողոմ
աղան:
—Շատ
լաւ,
կ՚աղաչեմ,
ըսէ՛ք
ինձի,
խահուէն
կաթո՞վ
կը
խմէք
թէ
առանց
կաթի:
—Կաթ
կը
խմեմ
առանց
խահուէի:
—Կաթ
բերեմ
ուրեմն:
—Այո՛,
կաթ
բերէք:
Տիկինը
վար
գնաց:
—Տեսնենք
ո՞վ
է
աս
մարդը,
ըսաւ
ինքնիրեն
խոշոր
մարդը,
թերեւս
աղջիկ
ունի
կարգելու
եւ
իմ
Պոլիս
գալս
իմանալով`
առաւօտուն
կանուխ
հետս
խօսելու
եկած
է:
Բայց
ես
մինչեւ
որ
չստուգեմ
աղջկան
ի՛նչ
բնութեան
տէր
ըլլալը,
խօսք
չեմ
տար.
նախ
ամէն
բան
հասկնալու
եմ,
աղջիկը
քննելու
եմ,
վերջէն
հօրս
հարցնելու
եմ.
վասնզի
իմ
սիրելս
բաւական
չէ,
պէտք
է
որ
հայրս
ալ
սիրէ
իմ
կինս.
ոչ
թէ
միայն
հայրս,
այլ
ամէն
մարդ
հաւնելու
է…
—Բարեւ,
վսեմափայլ
տէր,
ըսաւ
երեսնամեայ
եւ
վառվռուն
երիտասարդ
մը
սենեակ
մտնելով
եւ
արագաքայլ
Աբիսողոմ
աղային
վազելով՝
անոր
ձեռները
սղմելու
համար:
Աբիսողոմ
աղան
տեղէն
ելաւ
եւ
ձեռները
յանձնեց
այդ
երիտասարդին,
որ
ուզածին
պէս
սղմէ
եւ
թօթուէ
զանոնք`
հազար
ու
մէկ
յարգանքներ
մատուցանելով:
—Նստեցէ՛ք,
Աբիսողոմ
աղայ,
կ՚աղաչեմ,
չվայլեր,
որ
ոտք
ելնէք,
ըսաւ
երիտասարդն՝
տիրոջը
դարձնելով
իրեն
յանձնուած
ձեռներն
եւ
կոտրտուելով
ետ
ետ
գնաց,
թիկնաթոռի
մը
վրայ
նստաւ:
Աբիսողոմ
աղան
բազմոցին
վրայ
բազմեցաւ:
—Արդարեւ
մեր
պարտքն
էր
երէկ
գալ
եւ
ձեր
գալուստը
շնորհաւորել,
բայց
ուշ
իմացանք
ձեր
գալն.
ասոր
համար
յատկապէս
ձեր
ներողութիւնը
կը
խնդրենք,
ըսաւ
երիտասարդն
ձեռներն
իրարու
շփելով:
—Այսօր
գալով
պակասութիւն
մ՚ըրած
չէք
ըլլար,
որ
ներողութիւն
խնդրէք:
—Ձեր
քաղաքավարութիւնն
է,
որ
այնպէս
խօսել
կու
տայ
ձեզի,
բայց
մենք
մեր
պակասութիւնը
միշտ
կը
ճանչնանք:
Արդարեւ
մեծ
պակասութիւն
մ՚է
մեր
ըրածը.
ձեզի
պէս
երեւելի
մարդ
մը
մայրաքաղաքս
գայ,
եւ
պատկերահան
մը
անմիջապէս
բարի
եկար
ի
չերթայ,
պակասութիւններու
պակասութիւնն
է,
որ
եւ
ոչ
մէկ
կերպով
մը
կրնայ
պակասութիւն
ըլլալէ
դադրիլ:
—Ամենեւին
պակասութիւն
մը
չէ,
եթէ
բնաւ
չգայիք,
դարձեալ
պակասութիւն
մը
չէր
համարուեր
ինձի
համար:
—Շատ
վեհանձն
էք:
—Ամենեւին
վեհանձն
չեմ:
—Թող
այնպէս
ըլլայ,
ատոր
համար
հիմա
վիճաբանութեան
մտնելու
հարկ
չեմ
տեսներ.
միայն
ինքզինքս
ձեր
տրամադրութեան
տակ
կը
դնեմ
եւ
ձեր
հրամաններուն
կը
սպասեմ.
եթէ
կ՚ուզէք,
հոս
քաշուել
տուէք,
եթէ
կը
փափաքիք,
մեր
գրասենեակը
պատուել
հաճեցէք,
եւ
հոն
հանենք.
ինձի
համար
միեւնոյն
բանն
է.
դուք
ի՛նչպէս
որ
կ՚ախորժիք,
այնպէս
ընելու
պատրաստ
եմ:
—Ի՞նչ
պիտի
քաշել
տանք…
իմ
ակռաներս
աղէկ
են:
—Գիտեմ,
որ
ակռաներդ
աղէկ
են,
ինչպէս
նաեւ
դուք
ալ
աղէկ
էք.
ես
կը
փափաքիմ
ձեր
լուսանկար
պատկերը
քաշել:
—Ես
մինչեւ
հիմա
պատկերս
բնաւ
քաշել
տուած
չունիմ
եւ
քաշել
տալու
հարկ
մ՚ալ
չեմ
տեսներ,
վասնզի
ամէն
օր
հայելի
կը
նայիմ
եւ
ինքզինքս
կը
տեսնեմ:
—Եթէ
ձեր
պատկերը
մէկու
մը
ղրկելու
ուզէք,
հայելին
կրնա՞ք
ղրկել,
Աբիսողոմ
աղայ:
—Հայելին
ինչո՞ւ
ղրկեմ,
ես
կ՚երթամ:
—Շատ
աղէկ
կը
խօսիք,
բայց
ես
մինչեւ
որ
ձեր
պատկերը
չհանեմ,
չեմ
կրնար
հանգիստ
ըլլալ.
ինձի
համար
պզտիկութիւն
մ՚է
ձեր
պատկերը
չհանելը,
թո՛ղ
որ
ձեզի
համար
ալ
այնպէս
է:
—Ինչո՞ւ:
—Լսուած
բա՞ն
է,
որ
ձեզի
պէս
երեւելի
մարդ
մը
Պոլիս
գայ
եւ
պատկերը
քաշել
չտայ.
աշխարհ
արարատ
ձեր
վրայ
պիտի
խնդացնէ՞ք:
—Ինչո՞ւ:
—Պատճառը
յայտնի
է.
մեծ
մարդերը
բնականաբար
մեծ
բարեկամներ
կ՚ունենան.
դուք
մեծ
մարդ
մ՚էք
եւ
այսօր
կամ
վաղը
պիտի
սկսիք
մեծ
մարդերու
այցելութիւններն
ընդունել:
Ասոնցմէ
շատերն
իրենց
պատկերներն
մէյմէկ
հատ
պիտի
նուիրեն
ձեզի,
եւ
դուք
ալ
պիտի
ստիպուիք
ձերինէն
մէյմէկ
հատ
տալ
անոնց:
—Եւ
եթէ
չտամ,
կը
խնդա՞ն
իմ
վրայ:
—Խնդալն
ալ
խօ՞սք
է,
ընկերութիւններու
մէջ
մատի
վրայ
կ՚առնեն
քեզի:
—Զարմանալի
բան…
—Լսուած
բա՞ն
է,
որ
ձեզի
պէս
ազնուական
մը
պատկերը
հանել
չտայ.
մեծ
ամօթ
է…
—Մե՞ծ
ամօթ…
—Այո,
շատ
մեծ
ամօթ
է.
անվարտիք
պտտիլն
այնքան
ամօթ
չէ,
որքան
իրեն
պատկերն
չունենալը:
—Ես
չէի
գիտեր:
—Քաղաքակրթութիւնը
եւ
լուսաւորութիւնը
պարտք
կը
դնեն
մեր
ամենուս
վրայ,
որ
մեր
պատկերներն
ունենանք:
—Լրագիրները
պիտի
գրե՞ն,
որ
Աբիսողոմ
աղան
իւր
պատկերը
քաշել
տուած
է:
—Լրագիրներու
վերաբերեալ
խնդիր
մը
չէ
աս…
—Ըսել
է
թէ
եկեղեցիներու
մէջ
ծանուցում
ալ
չպիտի
ըլլայ:
—Ծանուցումի
ի՞նչ
հարկ
կայ,
Աբիսողոմ
աղայ,
կը
ծաղրէ՞ք
զիս…
—Ծաղրե՞լ,
ատոր
շատ
դէմ
եմ
ես…
ի՞նչ
իրաւունք
ունիմ
ուրիշ
մը
ծաղրելու…
—Մի՛
բարկանաք…
—Չէ,
կը
բարկանամ,
ես
բնաւորութիւն
մը
ունիմ,
որ
ամէն
բան
շիտակ
կ՚ուզեմ:
—Շատ
լաւ.
ի՞նչ
դիրքով
հանել
կ՚ուզէք
ձեր
պատկերը:
—Միտք
չունիմ
պատկերս
քաշել
տալու,
վասնզի
անօգուտ
բան
մը
կ՚երեւայ
ինձի:
—Ի՞նչ
կ՚ըսէք,
ասկից
աւելի
օգտակար
ի՞նչ
կայ.
եթէ
ձեր
բարեկամներէն
մէկուն
այցելութիւն
մը
տալ
ուզէք
եւ
ժամանակ
չունենաք,
ձեր
մէկ
պատկերը
կը
ղրկէք,
կը
լմննայ
կ՚երթայ:
Եթէ
կարգուած
էք,
ձեր
ամուսնոյն
կը
ղրկէք,
որ
ձեր
բացակայութեանն
ատեն
անոր
վրայ
նայելով
կարօտը
կ՚առնէ.
եթէ
ամուսնացած
չէք,
շատ
աղջիկներ
ձեր
պատկերը
կը
տեսնեն
եւ
ձեր
ով
ըլլալը
կը
հասկնան,
որով
ընկերութիւններու
մէջ
ձեր
անունը
կը
խօսուի:
Լուսանկար
պատկեր
մը
այս
օրուան
օրս
հացէն
աւելի
պէտք
է
մարդուս.
կ՚աղաչեմ,
որ
համոզուիք,
եւ
ժամ
առաջ
երթանք
ձեր
պատկերը
քաշենք:
—Աղջիկներն
ի՞նչպէս
եւ
ո՞ւր
պիտի
տեսնեն
իմ
պատկերս…
—Չէ՞
որ
ձեր
բարեկամներուն
պիտի
տաք,
անոնք
ալ
իրենց
տունը
պատկերներու
յատուկ
գիրքի
մը
մէջ
պիտի
անցունեն
եւ
ամէնուն
պիտի
ցուցնեն:
—Ցուցնելով
ի՞նչ
պիտի
ըլլայ:
—Ի՞նչ
կ՚ուզէք,
որ
ըլլայ…
միշտ
կը
յիշուիք…
—Եթէ
չյիշուիմ,
ի՞նչ
կը
կորսնցնեմ.
հոգս
էր
իմին,
թէ
զիս
պիտի
յիշեն.
կ՚ուզեն`
յիշեն,
կ՚ուզեն`
չյիշեն,
ես
անանկ
դատարկ
բաներու
ստակ
չեմ
տար
եւ
քու
խօսքերուդ
ալ
չեմ
հաւատար:
—Ասիկա
պզտիկ
էնսիւլթ
մ՚է:
—
էնսիւլթն
ո՞վ
է:
—Տէր,
գիտէք
որ
արթիսթ
մը
վիրաւորեցիք
ծանրապէս:
—Ե՞ս
վիրաւորեցի:
—Այո՛,
դուք…
—Պատկերս
քաշել
չտալուս
համար
զրպարտութեան
սկսա՞ր…
ես
մինչեւ
հիմա
մէկը
վիրաւորած
չեմ:
—Այսօր
զիս
վիրաւորեցիք:
—Գնա՛
ոստիկանութեան
իմաց
տուր,
պարապ
խօսքեր
մտիկ
ընելու
ժամանակ
չունիմ:
—Ոստիկանութեան
երթալու
հարկ
չկայ.
կը
խնդրեմ,
որ
ձեր
բերնէն
ելած
խօսքը
հաշտեցունէք
ձեր
քաղաքավարութեանը
հետ:
—Ես
կռուի
մէջ
չեմ
մտներ,
գնա՛,
դուն
հաշտեցուր,
եթէ
կռիւ
ընողներ
կան:
Մանուկ
աղան
Աբիսողոմ
աղային
նախաճաշը
կը
բերէ
եւ
եռոտանի
սեղանի
վրայ
դնելէն
վերջը`
—Հրամմեցէ՛ք,
ձեր
կաթը
խմեցէ՛ք,
կ՚ըսէ:
Աբիսողոմ
աղան
աթոռ
մը
կ՚առնէ,
սեղանին
առջեւ
կը
նստի
եւ
կը
սկսի
կաթը
խմելու:
—Ի՞նչ
որոշեցիք
նայինք,
Աբիսողոմ
աղային
պատկերը
կէ՞ս
մէջքէն
պիտի
քաշէք,
թէ
ոտքի
վրայ,
կը
հարցունէ
Մանուկ
աղան:
—Ոչ
կէս
մէջքէն,
ոչ
ալ
ոտքի
վրայ,
կը
պատասխանէ
Աբիսողոմ
աղան:
—Աթոռի
մը
վրայ
նստած
ամբո՞ղջ
պիտի
քաշէք:
—Ո՛չ:
—Պառկա՞ծ
պիտի
հանէք:
—Ոչ:
—Քովընտի՞:
—Ո՛չ:
—Ի՞նչպէս
որոշեցիք
ուրեմն:
—Որոշեցինք,
որ
մեր
պատկերը
բնաւ
քաշել
չտանք:
—Ատ
չըլլար.
ատիկա
մեծ
պզտիկութիւն
է,
Աբիսողոմ
աղայ.
հիմա
պզտիկներէն
բռնէ,
մինչեւ
մեծերը
գնա,
ամէնն
ալ
տարին
քանի
մը
անգամ
պատկերնին
քաշել
կու
տան,
երկու
ամսու
տղաներն
անգամ
իրենցն
ունին,
միայն
իրենց
մօրը
արգանդին
մէջ
գտնուողները
չունին
իրենց
պատկերը.
եթէ
անոր
ալ
դիւրին
մէկ
ճամբան
գտնեն,
անոնց
ալ
պիտի
հանեն:
—Ես
չկրցի
համոզել
Աբիսողոմ
աղան,
որ
կարծեց,
թէ
զինքը
խաբելու
համար
եկած
եմ
հոս,
ըսաւ
պատկերհանը:
—Չէ,
չէ,
մեր
պատկերհանն
անանկ
մարդ
չէ,
աւելցուց
Մանուկ
աղան:
—Ըսի,
թէ
Աբիսողոմ
աղային
պէս
մեծ
եւ
երեւելի
մարդ
մը
իրեն
պատկերն
անպատճառ
ունենալու
է:
—Այո՛,
ունենալու
է,
եւ
քանի
մը
տեսակ:
Օրինակի
համար.
տասներկու
հատ
պզտիկ,
տասներկու
հատ
միջին,
տասներկու
հատ
մեծ,
տասներկու
հատ
ոտքի
վրայ,
տասներկու
հատ
աթոռի
մը
վրայ
բազմած,
տասներկու
հատ
քովընտի
նստած,
տասներկու
հատ
շիտակ
նստած,
տասներկու
հատ
ոտք
ոտքի
վրայ
դրած,
տասներկու
հատ
ձեռք
ձեռքի
վրայ,
տասներկու
հատ
գլուխը
ձեռքին
կռնթած,
տասներկու
հատ
ձեռքը
սեղանի
մը
վրայ
դրած,
տասներկու
հատ
պառկած,
տասներկու
հատ
ձեռքը
գաւազան
բռնած,
տասներկու
հատ
խնդումերես,
տասներկու
հատ
տխուր
դէմքով,
տասներկու
հատ
ալ
ոչ
խնդումերես
եւ
ոչ
տխուր
դէմքով:
Այո՛,
Աբիսողոմ
աղա՛,
աս
ըսածներէս
հատ
մը
եթէ
պակաս
ըլլայ,
ձեր
պատուոյն
վնաս
կու
գայ:
—Իրա՞ւ
կ՚ըսէք,
հարցուց
Աբիսողոմ
աղան:
—Սուտ
խօսելու
բնաւ
պարտականութիւն
չունիմ.
եթէ
ասոնք
չունենաս,
քու
վրադ
աղէկ
աչքով
չեն
նայիր.
բոլոր
մեծ
մարդերն
ասոնք
ունին:
—Մեծ
մարդերն
ունի՞ն.
աղէկ
գիտե՞ս:
—Այո,
ունին:
—Պզտիկներն
ալ
ունին`
ըսիր
հապա:
—Պզտիկներն
այսչափ
չունին,
անոնք
կամ
երեք
հատ
եւ
կամ
շատ
շատ
վեց
հատ
հանել
կու
տան:
—Բնաւ
մտքէս
չէր
անցներ,
որ
պատկերին
այսչափ
կարեւորութիւն
կը
տրուի
հոս:
—Այո՛,
կարեւորութիւնը
հիմա
միայն
պատկերներուն
կը
տրուի,
եւ
որքան
աղէկ
քաշուած
ըլլան,
այնքան
աւելի
կարեւորութիւն
կ՚առնեն:
—Քանի
որ
ամէն
մարդ
իւր
պատկերն
ունի,
իմ
մեծ
մարդ
ըլլալս
ինչէ՞ն
պիտի
հասկցուի.
միայն
մեծ
մարդերը
քաշել
տալու
էին,
որ
այն
ատեն…
—Բայց
մեծ
մարդերունը
ուրիշ
տեսակ
է,
խոշոր
դիրքով
եւ
փայլուն
թուղթի
վրայ
կը
հանեն:
—Չկրնա՞ր
ըլլալ,
որ
սպասաւորներս
ալ
առջեւս
բարեւ
բռնած
հանենք:
—Շատ
աղէկ
կ՚ըլլայ:
—Իրա՞ւ
կ՚ըսէք:
—Այո՛:
—Օրինակի
համար
ես
ագարակներ
ալ
ունիմ,
որոնց
մէջ
շատ
մը
կովեր,
ոչխարներ,
ձիեր,
սագեր,
բադեր
կան,
անոնք
ալ
կարելի
չէ՞
պատկերին
մէկ
կողմը
դնել:
—Ատոնք
կարելի
չէ,
բայց
սպասաւորներդ
կրնաս
առնել,
այնպէս
չէ՞,
պարոն
Դերենիկ:
—Այո՛,
այնպէս
է,
պատասխանեց
պատկերհանը:
—Չկրնա՞ր
ըլլալ,
որ,
հարցուց
նորէն
Աբիսողոմ
աղան,
պատկերին
տակը
գրուի,
որ
այս
մարդն
ագարակներ,
ձիեր,
կովեր,
էշեր
ունի:
—Ատ
չգրուիր.
կրնայ
գրուիլ,
բայց
մինչեւ
այսօր
սովորութիւն
եղած
չէ:
Սակայն
ի՞նչ
հարկ
կայ
զանոնք
գրելու,
արդէն
ամէն
մարդ
շուտով
կ՚իմանայ:
—Ձիու
վրայ
նստած
կրնա՞ք
հանել:
—Այո՛,
պատասխանեց
Դերենիկը:
—Ձին
վազցունելով
սակայն:
—Այդ
դժուար
է:
—Շատ
լաւ,
վաղը
կը
նայինք:
—Եթէ
կ՚ուզէք,
մեքենան
հոս
բերեմ
վաղը:
—Այո՛,
այո՛,
հոս
բերէք,
կրկնեց
Մանուկ
աղան,
վասնզի
չվայլեր
որ
Աբիսողոմ
աղան
ձեր
սենեակը
գայ:
Մեծ
մարդերը
միշտ
իրենց
տուներուն
մէջ
քաշել
կու
տան
պատկերնին:
—Գլխուս
վրայ,
ըսաւ
Դերենիկն
եւ
ձեռները
շփել
սկսելով`
ոտքի
վրայ
ելաւ
եւ
կոտրտուիլ
սկսաւ
այնպէս,
որ
խօսք
մը
ըսել
կ՚ուզէր
եւ
կը
քաշուէր:
Յայտնի
է,
թէ
այն
մարդն,
որ
բան
մը
ըսել
կ՚ուզէ
եւ
կը
քաշուի,
անպատճառ
ստակ
պիտի
ուզէ:
—Վաղը
մեքենան
հոս
բեր,
ըսաւ
Աբիսողոմ
աղան:
—Շատ
լաւ,
պատասխանեց
պատկերհանը
միշտ
կոտրտուելով
եւ
ձեռները
շփելով:
—Վաղը
մեքենան
հոս
բե՛ր`
ըսինք
ա՛,
կրկնեց
Աբիսողոմ
աղան
տեսնելով,
որ
պատկերհանը
չերթար:
—Այո,
հասկցայ,
մեքենան
վաղը
հոս
պիտի
բերենք,
պատասխանեց
նորէն
Դերենիկը,
բայց
սովորութիւն
մը
ունինք
մենք,
որ…
ներեցէ՛ք
սակայն:
—Ըսէ՛ք:
—Բայց
կ՚աղաչեմ,
ծանր
չգայ
ձեզի:
—Ծանր
չգար
ինձի:
—Սովորութիւն
մը
ունինք,
որ
եթէ
մեքենան
մէկու
մը
տունը
տանել
հ
արկ
ըլլայ,
կանխիկ
գումար
մը
կ՚առնենք…
ոչ
թէ
վստահութիւն
չունենալուս
համար,
այլ
սովորութիւն
մը
յարգելու
համար:
—Ատ
ի՛նչ
գէշ
սովորութիւն
է…
—Վերջապէս
սովորութիւն
մ՚է:
—Շատ
լաւ…
երկու
ոսկի
կը
բաւէ՞:
—Այո՛,
կը
բաւէ:
Աբիսողոմ
աղան
երկու
ոսկի
տուաւ
պատկերհանին,
որ
դուռը
բանալն
եւ
աներեւութանալն
մէկ
ըրաւ: