Մեծապատիւ մուրացկաններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ.

Աբիսողոմ աղան բերանը քիչ մը բան դնելու համար վար իջաւ, բայց երբ տեսաւ, որ քանի մը հոգիներ նոր եկած էին զինքը տեսնելու, անոնց ձեռքէն խալսելու համար տունէն դուրս ելաւ. եթէ այսպէս չընէր եւ ամէն այցելութիւններն ընդունելու ըլլար, ժամանակ պիտի չունենար ոչ ուտելու, ոչ քնանալու եւ ոչ արթննալու:

Աբիսողոմ աղան դեռ Պոլիս չեկած` իմացած էր, թէ Բերա գաղղիական ճաշարան մը կար եւ երեւելի մարդերը հոն կ՚երթային ճաշելու. ուստի տունէն դուրս ելնելուն պէս միտքը դրաւ յիշեալ ճաշարանն երթալու:

Հազիւ թէ քանի մը քայլ առաւ, յիսուն տարեկան նիհար եւ պատռտած հագուստներով մէկը դէմն ելաւ:

—Կարծեմ Աբիսողոմ աղայ հրամանքնիդ էք:

—Այո՛, ես եմ:

—Քանի մը վայրկեան ձեզի հետ տեսնուիլ կը փափաքէի:

—Է:

—Նոր եղանակաւ նոր դասագիրքեր հանած եմ, անոնցմէ հարիւրի չափ ձեզի տալ կ՚ուզէի. ներեցէ՛ք համարձակութեանս, ի՞նչ ընենք, այս համարձա­կութիւնը մեզի տուողն ազգն է, որ չքաջալերեր իւր դասատուներուն եւ թող կու տայ, որ անոնք խեղճ վիճակի մէջ ապրին: Ա՜հ, եթէ այսօր դասագիրքերը չկարենամ քշել, տպարանապետը բանտը պիտի դնէ զիս. դեռ տպագրութեան եւ թուղթի ծախքը վճարած չեմ իրեն, եւ ամէն օր կը սպառնայ ինձի:

—Դասագիրքն ի՞նչ պիտի ընեմ ես:

—Ձեր բարեկամներուն կու տաք. կ՚աղաչեմ, խնդիրքս մի՛ մերժեր. վեցա­կան դահեկանէն վեց հարիւր դահեկան կ՚ընէ, եւ այդ գումարն ալ ձեզի հա­մար մեծ բան չէ:

—Գաղղիական ճաշարանն ո՞ր կողմէն կ՚երթացուի:

—Ասկից կ՚երթցուի, սիրով կ՚առաջնորդեմ ձեզի հոն:

—Շնորհակալ կ՚ըլլամ:

—Կը քալենք եւ կը խօսինք: Դասատուներն ազգին ծառաները համար­ուած են եւ ամէնուն երեսէն ինկած, մինչդեռ անոնք ազգին տէրերն են: Ազգ մը անոնցմով առաջ կ՚երթայ. բայց ի՞նչ օգուտ, մեր մէջ քաջալերութիւն չկայ: Դասատու մը այսօր դպրոցի մը պաշտօնի կը կոչուի եւ քանի մ՚օրէն կը ճամբուի, վասնզի հոգաբարձուներէն մէկուն գետնէն բարեւ չէ տուեր: Եթէ քանի մը ամիս պաշտօն վարէ եւ ամսական ուզէ, կը վռնտուի` ամսական ուզած ըլլալուն համար, եւ միշտ սա խօսքերը կը լսէ. «Ազգին ստակովը կ՚ապրիք, ազգին վրայ բեռ եղած էք. գացէ՜ք, կորսուեցէ՛ք»: Ա՜հ, Աբիսողոմ աղայ, չէք գիտեր, թէ ի՛նչ կը քաշեն Պոլսոյ դասատուները. խեղճութեան զենիթը բարձրացած են. չեմ կարծեր, որ ասոնք իմանալէն ետքը դասագիրքերէս հարիւր օրինակ չառնէք:

—Այդ ճաշարանն ասկից շա՞տ հեռու է:

—Չէ՛, մօտեցանք: Միայն դասատուները չեն, որ այս վիճակի մէջ են. խմբագիրները, հեղինակները, տպարանապետները, գրավաճառներն, վերջա­պէս անոնք, որ գիրքով կը զբաղին, թշուառութեամբ կը զբաղին: Յառաջադիմու­թիւն կը պոռանք եւ ետ ետ կ՚երթանք, լոյս կը պոռանք եւ դէպի խաւար կ՚եր­թանք, աջ կը գոչենք եւ դէպի ձախ կ՚երթանք, ապագայ կ՚ըսենք եւ դէպի անցեա­լր կը վազենք: Ո՜հ, մեծ մեծ խօսքեր, իսկ մեծ գո՞րծ…

Ո՜հ, մեծագործութիւն…

Ո՜հ, մեծախօսութիւն…

—Կերակուրներն ի՞նչպէս են այն ճաշարանին:

—Աղէկ են: Հարիւր դասագիրքը տունը ղրկե՞մ, թէ…

—Պատասխանը քանի մ՚օրէն կու տամ…

Երկու բանակիցներն խօսելով հասան ճաշարանին առջեւ:

—Հրամմեցէ՛ք, մտէ՛ք, Աբիսողոմ աղայ:

Աբիսողոմ աղայ կը մտնէ ճաշարան եւ չորս կողմը հայելիներէ ուրիշ բան չտեսնելով՝

—Սխալ եկանք, կ՚ըսէ, հոս հայելի կը ծախեն:

—Չէ՛, չէ՛:

Երկու բարեկամներն կը նստին սեղանի մ՚առջեւ:

Մանչուկը կը բերէ կերակուրներու ցուցակը:

Աբիսողոմ աղայ թուղթը կ՚առնէ, վրան կը նայի, կը դարձունէ, ետեւի կողմն ալ կը նայի եւ սեղանին վրայ կը դնէ:

—Ի՞նչ պիտի ուտէք, կը հարցունէ դասատուն:

—Միսով կերակուր կ՚ուտեմ ես:

Դասատուն մանչուկը կը կանչէ եւ կերակուր կ՚ապսպրէ թէ՛ Աբիսողոմ աղային համար եւ թէ՛ իրեն համար:

—Ահա այսպէս, Աբիսողոմ աղայ, դասատուներուն այս վիճակը լսելով չե՞ս ցաւիր:

—Չցաւիլն ալ խօ՞սք է:

—Կը վայլէ՞ ազգի մը այսպէս մուրացկանի պէս ապրեցնել իւր վար­ժապետները:

—Չվայլեր:

—Եթէ կ՚ուզէք, գիրքերս այս գիշեր տունը ձգեմ:

—Հիմակուհիմա թո՛ղ մնայ, ուրիշ օր մը կը խօսինք ասոր վրայ:

Մանչուկը կերակուրներր կը բերէ. Աբիսողոմ աղան երեսը խաչակնքելով` երկու պատառ կ՚ընէ եւ կը կլլէ իրեն բերուած խորոված միսը. ետքը բարեկամին դառնալով կ՚ըսէ.

—Կտոր մը միսով մա՞րդ կը կշտանայ. զրուցէ՛ սա անպիտանին, որ քիչ շատկեկ բերէ:

Մանչուկ կը կանչուի, եւ բիլաւ կ՚ապսպրուի:

Այս միջոցին միջահասակ եւ գիրուկ երիտասարդ մը կը մտնէ ճաշարան` ի ձեռին ունենալով ծրար մը եւ ուղղակի Աբիսողոմ աղային առջեւ կու գայ:

—Կարծեմ, կ՚ըսէ, Աբիսողոմ աղան տեսնելու պատիւը կը վայլեմ:

Աբիսողոմ աղայ բան մը չհասկնալով նոր եկողին երեսը կը նայի անբարբառ: Քովի բարեկամն ալ ձայն չհաներ:

—Կարծեմ, կը կրկնէ, այն մեծ մարդուն առջեւ գտնուելու բարեբախտութիւնն ունիմ, որ մայրաքաղաքս եկած է մեկենաս անուանուելու համար:

Աբիսողոմ աղան, որ այս ձեւերուն տեղեակ չէր, գդալը կ՚առնէ եւ կը սկսի ուտել բիլաւն, զոր նոր բերած էր մանչուկը: Սեղանակիցն ալ նոր գրագէտի մը գալն իր գործոյն արգելք համարելով՝ չուզեր անոր պատասխանել:

—Կարծեմ, կ՚երեքկնէ, այդ ազնիւ անձին քովը գտնուելու բախտը կը վայլեմ, որուն անունը քանի մը օր առաջ լրագրի մը մէջ կարդացի:

Աբիսողոմ աղան, որ բիլաւով կը զբաղէր, դարձեալ պատասխան չտար, եւ նոր եկողը կը ստիպուի պարզել իւր խօսքն ըսելով.

—Աբիսողոմ աղան հրամանքնիդ էք կարծեմ:

—Այո՛, ես եմ:

Նոր եկողն աթոռ մը կ՚առնէ եւ կը նստի:

Մանչուկը կու գայ հարցնելու վերջէն եկողին, թէ ի՞նչ կ՚ուզէ ուտել:

—Եղի մէջ հաւկիթ, կը պատասխանէ` ձեռքի ծրարը քովի աթոռին վրայ դնելով:

Աբիսողոմ աղան բիլաւն ալ կը հատցունէ եւ կասկարայի ձուկ կ՚ապսպրէ:

—Է՛հ, Աբիսողոմ աղայ, կ՚ըսէ նորեկը, մեծ պատիւ, մեծ բախտ կը համարիմ ինձի ձեզի պէս բարեսիրտ անձի մը սեղանակից գտնուիլս: Ծառադ` ազգային գրագէտներուն ամէնէն ետինն եմ, գրեթէ քիչ մ՚ալ բանաստեղծ եմ. քանի մը ողբերգութիւն գրած եմ եւ կ՚ուզեմ, որ անոնց իւրաքանչիւրէն քսա­նական օրինակ ձեզի նուէր ընեմ…

—Օ՜օօ, Աբիսողոմ աղայ, կ՚ըսէ երրորդ մը խնդում երեսով Աբիսողոմ աղային մօտենալով, բարի եկած էք:

—Բարի տեսանք:

—Ես ազգային փաստաբաններէն եմ եւ ձեր գալն լսելով փութացի իմ խոնարհ յարգանքներս ձեզի մատուցանել եւ միանգամայն յայտնել, թէ ձեր դատերն ինձի յանձնէք:

—Ես դատ չունիմ:

—Եթէ դատ չունիք, ինչո՞ւ ուրեմն եկաք հոս:

—Ուրիշ գործի մը համար:

—Անկարելի է, որ ձեզի պէս մարդ մը դատ չունենայ. ոչ միայն անկա­րելի է, այլ անպատւութիւն ալ է. ձեզի պէս մէկը հարիւրներով դատեր ու­նենալու է, եւ ձեր շնորհիւ քանի մը փաստաբաններ ապրելու են: Եթէ դուք դատ չունենաք, անդին աղքա՞տը պիտի ունենայ:

—Մէկու մը հետ դատ չունիմ:

—Զարմանալի բան. մէկու մը դէմ դատ բանալու ալ միտք չունի՞ք:

—Բնա՛ւ, դատ բանալու պատճառ մը չունիմ:

—Դատ բանալու համար անպատճա՞ռ պատճառ մը ունենալու է. մէկու մը դէմ դատ կը բանաք, կը լմննայ կ՚երթայ:

—Է, ի՞նչ կը շահիմ:

—Դուն չես շահիր, բայց փաստաբանդ կը շահի. քեզի համար աղօթք կ՚ընէ: Մեծ մարդերն հիմա այնպէս կ՚ընեն. փաստաբաններն ապրեցնելու հա­մար՝ իրենց դէմն ելնողներուն դէմ պատուոյ դատ կը բանան:

—Ես անանկ խայտառակութիւններ չեմ սիրեր:

—Ես կատակ ըրի, Աբիսողոմ աղայ. բայց կատակը մէկդի դնենք եւ լրջօրէն խօսինք, ըսաւ փաստաբանը ծանր կերպարանք մ՚առնելով. լսեցի, որ շոգենաւուն մէջ մէկու մը հետ քիչ մը առեր տուեր էք, եւ այն մէկը ձեր պատուոյն դէմ ծանր խօսքեր ըրեր է:

—Ամենեւին:

—Թէ դուք ալ անոր քանի մը խօսք ըրեր էք…

—Բնաւ:

—Թէ վերջը ծեծկըւուքի ելեր էք…

—Անանկ բան մը բնաւ եղած չէ:

—Թէ դուք անոր գլխուն զարկեր էք…

—Սուտ է:

—Թէ անիկա ալ ձեզի ապտակ մը տուեր է…

—Բոլորովին սուտ:

—Թէ երրորդ մը մէջ մտեր է…

—Երկրորդ չկայ, որ երրորդ ըլլայ:

—Թէ քու թեւէդ քաշեր է…

—Սխալ:

—Թէ անոր ալ ձեռքը բռներ է…

—Սուտ:

—Թէ ասանկով զձեզ բաժներ է…

—Բնաւ տեղ չկայ:

—Թէ դուք այս բաժանումէն գոհ չըլլալով` դատ բանալ ուզեր էք:

—Որչա՜փ սուտ:

—Թէ վարպետ փաստաբան մը փնտռեր էք…

—Ամէնն ալ սուտ:

—Թէ զիս կանչել տալ ուզեր էք…

—Ամենեւին:

—Որպէսզի ձեր դատը պաշտպանեմ. եւ ես ալ ասոր համար եկայ:

—Ատանկ բան մը չկայ:

Այս խօսակցութեան միջոցին երկու երեք հոգի եւս կու գան` ամէնն ալ Աբիսողոմ աղային կամ գիրք նուիրելու կամ լրագրի մը բաժանորդ գրելու դի­տաւորութեամբ, եւ ամէնը պատուական ճաշ մ՚ալ կ՚ընեն` իրենց առաջարկու­թիւնները ներկայացնելով:

Աբիսողոմ աղան հազար անէծք կարդալով ճաշարանն եկած ըլլալուն վրայ` մանչուկը կը կանչէ եւ հաշիւը կ՚ուզէ:

Մանչուկը անմիջապէս կը բերէ հաշիւն, որու գումարն էր քառասուն ֆրանք, զոր տաճկերէն դրամի կը թարգմանեն եւ կ՚ըսեն Աբիսողոմ աղային հարիւր եօթանասուն եւ վեց դահեկան:

—Հարիւր եօթանասուն եւ վեց դահեկա՜ն… ես այնչափ բան չկերայ:

—Այո՛, դուք չկերաք, բայց ձեզի եկող հիւրերն ալ կերան, ըսաւ փաս­տաբանն, որու կը վերաբերէր այս դատին պաշտպանութիւնը:

—Իրաւ որ մեծ պզտիկութիւն եղաւ, որ Աբիսողոմ աղան վճարէ մեր ճաշը, ըսաւ մին:

—Այո՛, ես շատ ամօթով մնացի, մեր պարտականութիւնն էր անոր կե­րակուր հրամցնելն, կրկնեց երկրորդ մը:

—Ներեցէք մեր անքաղաքավարութեանն, ըսաւ չորրորդ մը, ուրիշ ան­գամ մենք ձեզի կը հրաւիրենք ճաշի:

Աբիսողոմ աղան առանց պատասխանելու` ստակները համրեց եւ ճաշա­րանէն դուրս նետեց ինքզինքը` որոշելով, որ մէյ մ՚ալ ճաշարան չմտնէ: