Մեծապատիւ մուրացկաններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԲ.

Տիկին Շուշան, զոր ընթերցողն մոռցած չէ անշուշտ, Աբիսողոմ աղային տունէն տեղեկացած էր, թէ… քահանայն Աբիսողոմ աղան գտնելու համար պ. Դերենիկի գործատունն գացած էր: Ուստի որսն քահանային յափշտակել չտալու համար` հեւալով կը վազէր դէպի պ. Դերենիկի գործարանը, ուր կը հասնէր ճիշտ այն վայրկենին, որում քահանայն սափրիչն վարպետութեամբ ճամբելէ յետոյ` Աբիսողոմ աղային կը բարեխօսէ հետեւեալ կերպով. «Ներե­ցէք, որ քիչ մ՚ուշացայ ճշմարտութիւնն ձեզի յայտնելու սափրիչի մասին: Այս սափրիչը աներես մարդ մ՚է, բոլոր Պոլիս եկողներուն օձիքէն կը բռնէ եւ անոնցմէ ստակ կորզելու կ՚աշխատի: Անպիտանին մէկն է: Իմ պարտքս է, որպէս խոստովանահայր, զգուշացնել զձեզ այս կարգի մարդերէն, որք մի­միայն քանի մը ոսկի յափշտակելու նպատակով կը մօտենան հարուստնե­րուն: Ո՜րքան կ՚ատեմ այդ մարդերը:

—Շնորհակալ եմ ձեր բարեսրտութենէն եւ մարդասիրութենէն:

—Երես մի՛ տաք այդ մարդոց:

—Ո՛չ:

—Տէր պապա, դու ի՞նչ գործ ունիս Աբիսողոմ աղային հետ, կը հարցնէ տիկին Շուշանն, որ, ինչպէս ըսինք, հեւալով հասած էր:

—Պզտիկ գործ մը:

—Ոչ, բնաւ գործ պիտի չունենաս դուն անոր հետը. դուք ձեր պարտքը կատարեցէք եւ թող տուէք, որ մենք ալ մերինը կատարենք, ալ խպնեցէ՛ք քիչ մը: Երթանք, Աբիսողոմ աղայ:

—Ո՛չ, դուք խպնեցէք քիչ մը, մենք Աբիսողոմ աղային հետ պզտիկ գործ մ՚ունինք. երթանք, Աբիսողո՛մ աղայ:

Եւ քահանայն Աբիսողոմ աղային ձախ թեւէն կը քաշէ:

—Տէր պապայի մը չվայլեր ըրածդ:

—Լռէ՛:

—Չպիտի լռեմ:

—Թո՛ղ տուէք թեւերս:

—Թո՛ղ չեմ տար, կը պատասխանէ տիկին Շուշան, իմ իրաւունքս է:

—Ոչ, իմ իրաւունքս է:

—Քանի մը հարիւր դահեկան առնելու համար կ՚ուզես, որ խեղճ մարդը թշուառ ընես. դուն աղջիկ չես ճանչնար:

—Մի՛ պոռար. պիտի թողում, որ կողոպտէք այս ազնիւ մարդն, այնպէս չէ՞:

—Ինչո՞ւ կռիւ կ՚ընէք, ամօթ չէ՞… ես չեմ ուզեր աղջիկ:

—Չըլլար, կը պատասխանէ տիկին Շուշան, մենք քեզի աղջիկ մը պի­տի գտնենք. բայց թէ որ տէր պապային ձեռքով աղջիկ փնտռես, գիտցած եղիր, որ պատիւդ մէկ ստըկի կ՚ըլլայ:

—Ընդհակառակն, քահանայի ձեռամբ աղջիկ փնտռողն է պատուաւորը: Երթանք, Աբիսողոմ աղայ:

—Թող չեմ տար:

—Երթանք, Աբիսողոմ աղայ:

—Թող չեմ տար, որ երթայ. ես անոր աղջիկներ պատրաստած եմ, աղջիկտեսի պիտի երթանք:

Այս տեսարանը տեղի կ՚ունենար պ. Դերենիկի գործատան առջեւ, եւ անց­նողներէն պզտիկ խումբ մը հանդիսականի պաշտօն կը վարէր անդ, երբ Մանուկ աղան ստիպուած Աբիսողոմ աղան անպատճառ գտնելու՝ եկաւ հոն, տեսաւ Աբիսողոմ աղան, որուն մէկ թեւէն քահանայն եւ միւս թեւէն տիկին Շուշան կը քաշէր, եւ մէկդի քաշելով զայն՝ քանի մը ծանր խօսքեր ուղղեց քահանային եւ տիկին Շուշանին եւ հեռացուց զանոնք:

—Ա՜հ, ըսաւ Մանուկ աղան Աբիսողոմ աղայի դառնալով, յանցանքը ձերն է, ամէնուն երես կու տաք. ասոնք միմիայն քեզմէ օգտուելու համար կը մօտենան քովդ:

—Իրա՞ւ կ՚ըսէք:

—Ինչո՞ւ սուտ պիտի զրուցեմ: Կարգուիլ կ՚ուզես, լաւ. ես գտնեմ քեզի աղջիկներ, ընտրէ եւ ուզածդ առ:

—Աղէկ ըսիր:

—Պատուաւոր ընտանիքէ աղջիկներ ցուցնել տամ քեզի:

—Ցուցո՛ւր:

—Միջնորդով աղջիկ փնտռելու ժամանակը անցած է հիմա:

—Այդպէ՞ս է:

—Մինչեւ անգամ ամօթ է:

—Ամօթ է նէ, չուզեր:

—Ես քեզի աղջիկ կը հաւնեցնեմ:

—Շնորհակալ եմ:

—Տուր ինձի դուն սըկեց յիսուն ոսկի:

—Ատ ի՞նչ ըսել է:

—Տուր դուն ինձի յիսուն ոսկի:

—Ի՞նչու տամ:

Ալլահ, ալլահ, տուր կ՚ըսեմ կոր նէ, հարկաւ բան մը գիտեմ կոր. Տէր ողորմեա, պիտի առնեմ, չպիտի փախչիմ եա:

—Չպիտի փախչիս, բայց…

—Կը վախնա՞ս կոր ինձի յիսուն ոսկի տալու, արդէն այնքան գումար մը պահանջող եմ ես քեզմէ, ձեզի համար այնքա՜ն ծախքեր ըրած եմ:

—Այնքան ծախքե՜ր… ի՞նչ ծախքեր են անոնք…

—Մէկիկ մէկիկ չպիտի գրենք ա՛, տիկինը գիտէ: Բայց թողունք այս խնդիրը հիմա:

—Ո՛չ, չթողունք այս խնդիրը. յիսուն ոսկի… քա՞նի օր եղաւ որ…

—Մէկու մը պարտք ունէի, այսօր եկաւ, նեղը խոթեց զիս, եւ եթէ այդ գումարը չվճարեմ, տունէն պիտի հանեն մեզի: Ասիկա ինձի համար ամօթ է, քեզի համար ալ պատուաբեր բան մը չէ: Տուր սա յիսուն ոսկին, հաշիւը կը կարգադրենք վերջը:

—Ի՞նչ խայտառակութիւն է աս…

—Աղջիկ գտնամ նէ, միջնորդէք չպիտի ուզեմ ես քեզմէ. տուր սա յիսուն ոսկին:

—Ինչո՞ւ տամ… ի՞նչ ըրի ես քեզի…

—Կը ցաւիմ, որ խօսք չէք հասկնար կոր. քեզի ի՛նչ կ՚ըսեմ կոր նէ, ան ըրէ. ինչո՞ւ չես տար կոր սա յիսուն ոսկին:

—Չեմ տար, տունէդ ալ կ՚ելնեմ, կ՚երթամ:

Եւ խօսելով դէպի տուն կը քալէին:

—Յիսուն ոսկին ալ մեծ բան մ՚ըլլար, որ չէք ուզեր կոր տալ: Իրաւ որ ես ձեզմէ չէի յուսար:

—Յուսացէ՛ք:

—Ձեր քիպարութեանը չէի ձգեր, որ յիսուն ոսկիի խօսքն ընէք:

—Սնտուկներս կ՚առնեմ, կ՚երթամ ես:

—Կրնաք երթալ, բայց յիսուն ոսկին տալէն ետքը:

—Չեմ տար:

—Կու տաք:

Կը հասնին Ծաղկի փողոց, ուր եկած էին նաեւ քահանայն, սափրիչն ու տի­կին Շուշան:

—Գացէ՛ք, մէկդի գացէք, երեսնիդ տեսնել չեմ ուզեր, պոռաց Աբիսողոմ աղան տեսնելով զանոնք:

Յետոյ դուռը զարկաւ, ներս մտաւ եւ սկսաւ սնտուկները կապել ի զար­մացումն տան տիկնոջ:

—Ինչո՞ւ կը ժողվըւիք կոր, Աբիսողոմ աղայ, հարցուց տան տիկինը:

—Երթամ պիտի, պիտի երթամ: Միտքս փոխեցի. չպիտի կարգուիմ:

—Բարկացուցի՞ն ձեզի:

—Ո՛չ:

—Ինչո՞ւ ուրեմն բարկացած էք:

—Բարկացած չեմ:

—Քուզում Աբիսողոմ աղայ, Մանուկ աղան յիսուն ոսկի պիտի ուզէր քեզմէ, ուզե՞ց:

—Ուզեց:

—Սխալմունք մ՚է եղեր:

—Սխալմո՞ւնք է եղեր:

—Այո՛, յիսուն ոսկի չպիտի ըլլայ, այլ հարիւր յիսուն ոսկի: Սա բա­րութիւնն ըրէ մեզի: Դուն քիպար մարդ ես: Մենք ալ քու սայեյէդ պարտքէ կ՚ազատինք:

Աբիսողոմ աղան սնտուկները կապելն, փողոց ցատկելն, երեք բեռնա­կիր բերելն ու սնտուկներն դուրս հանելն մէկ կ՚ընէ:

Սափրիչը, քահանան, տիկին Շուշան եւ Մանուկ աղան կը հետեւին իրեն մինչեւ… հիւրանոցին դուռը: Ուսկից կը մտնէ Աբիսողոմ աղան, եւ կը հեռա­նան իրեն հետեւողները, բացի Մանուկ աղայէն, որը կ՚ընկերանայ Աբիսողոմ աղային հաշիւները կարգաւորելու համար:

Այն օրէն ի վեր Աբիսողոմ աղան տեսնող չեղաւ. միայն թէ քանի մը շա­բաթներ նոյն հիւրանոցին դռան առջեւ կը տեսնուէին խմբագիրք, հեղինակք, բանաստեղծք` իրենց թեւի տակը թղթեայ ծրարներ ունենալով:

Այսպէս ուրեմն, կարգուելու նպատակաւ Պոլիս եկողն աղջիկ մ՚իսկ տես­նելու ժամանակ չունեցաւ եւ, ինչպէս կ՚ըսեն, բուրդ ու բապուճ փախաւ մայ­րաքաղաքէս: Բայց անջնջելի յիշատակ մը թողուց գրական մարդոց մտքին մէջ:

Երբ երկու֊երեք հեղինակք մէկտեղին, « ինտոր փախուցինք սա Աբիսողոմ աղան» կ՚ըսեն ու կը խնդան քիչ մը:

Իսկ երբ դրամական տագնապի մէջ գտնուին, «Աստուած, Աբիսողոմ աղայ մը ղրկէ մեզի» կ՚ըսեն եւ իրենց մտքով ալ կը յաւելուն. «Խնդրեցէք զ՚Աբիսո­ղոմ աղան, եւ ամենայն ինչ յաւելցի ձեզ»:

Մեծատուններն ալ կը յիշեն Աբիսողոմ աղան, երբ գրական մարդ մը անոնց մեկենասութիւնը խնդրէ.

—Աբիսողոմ աղայ չենք մենք, կ՚ըսեն:

Իսկ մենք, որ ներկայացած չենք Աբիսողոմ աղային, կը հրատարակենք սոյն գործն՝ ոչ այնքան մեղադրելու նպատակաւ ազգային խմբագիրներն, հեղինակներն, բանաստեղծներն եւ այլն, որքան ներկայացնելու համար ապա­գայ սերնդեան` ժամանակիս գրական մարդոց ողբալի կացութիւնն եւ գրակա­նութեան մասին ազգային մեծատուններու սարսափելի անտարբերութիւնը: