Մեծապատիւ մուրացկաններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Բեռնակիրներն ոչ լսած եւ ոչ ալ տեսած էին Ծաղկի փողոցն, բայց քա­ջալերուելով կարգ մը մարդերէն, որք գիտնալ կը ձեւացունեն, ինչ որ չեն գի­տեր, եւ որք խիստ բազմաթիւ են մեր ազգին մէջ, համարձակած էին ըսել Աբիսողոմ աղային, թէ շատ աղէկ գիտէին Ծաղկի փողոցը:

Բեռնակիրներուն այս յանդգնութիւնն այնքան պարսաւելի չէ, որչափ այն մարդերունն, որ խոհարարութիւն ուսած են եւ բանադատութիւն կ՚ընեն, կամ քիչ մը երկրաչափութեան պարապած ըլլալով` աստղերուն շարժումնե­րուն վրայօք կը ճառեն, կամ երկու սագ եւ չորս կով մեծցուցած ըլլալով` դաստիարակութեան խնդիր կը յուզեն, կամ զաւակ մ՚ունեցած ըլլալով` առա­ջին մարդուն ո՛ր աշխարհի մէջ ծնած ըլլալուն վրայ կ՚ատենաբանեն, կամ վերջապէս անանկ նիւթի մը վրայ կը խօսին, որ բոլորովին օտար է իրենց. այո՛, այս մարդերուն յանդգնութիւնն աւելի է, վասն զի բանադատութիւնն կամ աստղագիտութիւնն կամ մանկատածութիւնն եւ այլն Ծաղկի փողոց չէ, որ ուրիշներուն հարցնելով անմիջապէս սորվի մարդ: Եւ արդարեւ բեռնակիր­ները, ամէն քայլափոխին, իրենց դէմն ելնողներուն հարցունելով` անմիջա­պէս գտան Ծաղկի փողոցն եւ թիւ 2 տան դուռը զարկին. մինչդեռ ես շատ ատենաբաններ մտիկ ըրած եմ, որ եօթ֊ութը ժամ շարունակ խօսելով՝ չեն կարողացած իրենց փնտռած փողոցը գտնել եւ ստիպուած են ուրիշ փողոցնե­րու մէջ թափառիլ եւ թափառեցնել իրենց ունկնդիրներն` անոնց քիթէն բռ­նելով:

Բեռնակիրները դուռը զարնելուն պէս դուռը բացուեցաւ եւ ներկայացաւ իրենց թուխ եւ երկար դէմքով կին մը, որուն դէմքին վրայ ժամանակն այնքան գծեր գծած էր զայն սրբագրելու համար, որքան որ կը գծէ Մասիսի խմբագիրն իւր չորս տող մէկ ձեռագրին վրայ, որ կամ մէկուն վախճանիլը կ՚իմացունէ եւ կամ ուրիշի մը կարգուիլը:

Բեռնակիրները դռնէն ներս մտնելով բեռները գետինը ձգեցին եւ սկսան իրենց քրտինքը սրբել:

—Աբիսողոմ աղային ըլլալու են ասոնք, այնպէս չէ՞, հարցուց բեռնակիրներուն թխադէմ տիկինը:

—Անունը չըսաւ մեզի, պատասխանեց բեռնակիրներէն մին` սեւ թաշկինակովն գլխուն քրտինքը սրբելը շարունակելով:

—Ի՞նչ տեսակ մարդ էր:

—Խոշոր թիկնոց մը հագած էր:

—Ի՞նչ գոյնով էր, ճեմա՞կ թէ թուխ:

—Ո՛չ, սեւ էր:

—Սե՞ւ էր:

—Այո, սեւ, բայց աղուոր, անոր փաթտըւողը ձմեռը չմրսիր:

—Ատ ի՞նչ խօսք է, փաթտըւիլն ի՞նչ պիտի ըլլայ… ես քուկին գիտցած կնիկներէն չեմ, հասկցա՞ր, ըսաւ տիկինը իւր խօսքերը շեշտելով:

—Վնասակար բան մը չըսի, փաթտըւելով ի՞նչ կ՚ըլլայ եղեր, պատասխանեց բեռնակիրն աթոռի մը վրայ փռելով իւր թաշկինակն:

—Ատկէ աւելի վնասակար ի՞նչ կրնայ ըլլալ:

—Շատ բարակ բաներու մեր խելքը չպառկիր:

—Ես կը պառկեցունեմ… դուն զիս կը ճանչնա՞ս…:

—Փաթտըւելէն ի՞նչ վնաս կու գայ:

—Ես էրիկ ունիմ, ինչո՞ւ պիտի փաթտըւիմ եղեր անոր:

—էրիկ ունեցողներն ալ կը փաթտըւին. էրիկն ուրիշ, աս ուրիշ. աս կը տաքցունէ: Ըսենք, որ ձմեռը գիշեր մը դուրս ելար, փողոցին մէջ էրկանդ չես կրնար փաթտըւիլ, բայց աս կռնակդ կ՚առնես…:

—Աբիսողո՞մ աղան:

—Թիկնոցը, տիկին… Աբիսողոմ աղան կռնակի վրայ կ՚առնուի՞:

—Մինչեւ հիմա թիկնոցի՞ վրայ կը խօսէիր:

—Խօսքերնիս թիկնոցի վրայ չէ՞ր մի… հապա դուն ի՞նչ հասկցար:

—Ես հասկցայ, որ Աբիսողոմ աղային փաթտըւելու է, կ՚ըսես:

—Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա, Տէր Աստուած, ըսաւ բեռնակիրն՝ թաշ­կինակը քաշելով աթոռէն:

Տիկինն բեռնակրին տուած բացատրութենէն գոհ ըլլալով` հրամայական եղանակով մ՚ըսաւ.

—Այս անկողինն եւ սնտուկները վե՛ր հանեցէք:

Բեռնակիրներն հնազանդելով բեռներն նորէն վերցուցին, եւ հազիւ թէ սանդուղին առաջին աստիճանին վրայ կոխած էին, տիկինն պոռաց.

—Լեռնէ՞ն եկաք դուք:

—Ոչ, մեծ փողոցէն եկանք:

—Գիտեմ, որ մեծ փողոցէն եկաք. այդ ոտքի ամաններով վեր կ՚ելնըւի՞, տեսէք` ի՛նչ ըրիք տախտակներս, ես այսօր սրբեցի զանոնք, եւ հոգիս բերանս եկաւ:

—Ի՞նչ ընենք, ուրիշ ոտքի աման չունինք:

—Ինչո՞ւ կայներ երեսս կը նայիք, չհանէ՞ք տըւոնք:

—Մի՛ պոռար, տիկին, մի՛ պոռար, կը հանենք:

Եւ հանեցին իրենց ոտքի ամաններն, որք աւելի մաքուր էին, քան իրենց ոտներն:

—Ա՞յդ ոտքերով վեր պիտի ելնէք, կրկնեց տիկինն:

—Ուրիշ ոտք չունինք, այս ոտներով պիտի ելնենք, պատասխանեցին պանդուխտներն այնպիսի խղճուկ կերպով մը, որ կարծես թէ իրենց աղքա­տութեան պատճառով երկու ոտքէն աւելի չէին կրցած ունենալ, եւ որպէս թէ հարուստներն չորս, հինգ կամ վեց ոտք ունեցած ըլլային:

—Վա՛ր իջէք, չեմ ուզեր, գետինը ձգեցէ՛ք, ես կը տանիմ:

—Ատանկ աւելի աղէկ կ՚ըլլայ:

—Ա՛հ, ես ի՞նչ ըսեմ իմինիս, որ գործի չերթար, եւ առտուընէ մինչեւ իրի­կուն սրճարանները կ՚երթայ, կը նստի, ազգային գործերու վրայ կը խօսի, զիս ասանկ խեղճ կը թողու, եւ ես ալ կը ստիպուիմ տունս մարդ դնելու, մրմռաց ինքնիրեն տիկինն եւ սանդուղին առջեւ դրուած թաց լաթով մը սանդուղին առա­ջին աստիճանն սրբել սկսաւ:

—Տիկին, մենք սպասե՞նք պիտի…

—Եթէ խելքը գլուխը մէկն ըլլար, շարունակեց տիկինն ինքնիրեն, ես հիմա թագուհիի մը պէս կեանք կ՚անցունէի. զաւակ չունիմ, բան չունիմ. բայց ի՛նչ ընեմ, որ խելքը միտքը թաղական ընտրելու եւ թաղական վար առնելու վրայ է: Աստուծմէ գտնան այն թաղականներն ալ, որ ամէնուս խեղճութեանը պատճառ կ՚ըլլան կոր: Ինչո՞ւդ պէտք քուկին, տնա՛շէն, ուզողը նստի, չուզո­ղը չնստի, դո՞ւն մնացիր այս ազգին գործերը շտկող…

—Տիկին, մեր իրաւունքը տուր, որ երթանք, պարապ տեղը չսպասենք հոս, ըսին բեռնակիրները:

—Վաղը եկէք, պատասխանեց տիկինն. եւ բեռնակիրներն, որք վաղը բառն ամէն օր լսելու վարժուած էին, տիկնոջ պատասխանին վրայ դռնէն դուրս ելան:

—Թաղականի մը ետեւէն է ինկեր, շարունակեց տիկինն դարձեալ, եւ բնաւ չմտմտար, որ ուտելու համար հաց պէտք է, միս պէտք է, եղ պէտք է, բրինձ պէտք է. զանոնք եփելու համար փայտ պէտք է, ածուխ պէտք է. ասոնք բնաւ չհարցուներ, առտուն լոյսը չճղքուած կ՚երթայ եւ իրիկուան մութուն կու գայ: Ահա հիւրերնիս այսօր եկած է եւ ժամէ մը հոս պիտի գայ. հարկաւ անօթի է մարդն, առջեւը բան մը հանելու է, որ ուտէ, եւ մենք բան մը չունինք, վասն զի իրիկունները տուն եկած ժամանակը կտոր մը միս կամ ձուկ չբերեր, որ տունին մէջ կերակուր գտնուի… թաղականէն ուրիշ բան չունինք տուներնուս մէջ, ամէն իրիկուն թաղական…

Տիկինն դեռ դիտողութիւններն լմնցուցած չէր, եւ ահա եօթանասունի մօտ մարդ մը, որ բանալիով բացած էր դուռն, ժպիտով ներս մտաւ եւ բա­րեւեց տիկինը: Այս մարդը տիկնոջ ամուսինն էր: Իւր խորշոմած կունտ ճա­կատն չափէն աւելի դուրս ցցուած էր եւ այնպիսի դէմք մը ունէր, որ կարծես, թէ մէկն զայն կը խտղտէր:

Այս մարդն հազիւ թէ դռան սեմէն ներս ոտք կոխած էր, կինն առջեւն ելնելով` հարցուց անոր.

—Ո՞ւր էիր մինչեւ հիմա, մարդ Աստուծոյ:

—Չես ըսեր, կնի՛կ, թաղականին գործն ալ այսօր լմնցուցինք. կիրակի օրը քուէարկութիւնը պիտի կատարուի, եւ բոլոր անդամները պատուաւոր մար­դիկ պիտի ըլլան: Թորոս աղան ինձի քանի մը օղի խմցունելով ետեւէս ին­կաւ, որ իւր ուզած մարդոցը քուէ տամ, բայց ես իմ մարդոցս տուի, վասն զի իմ մարդիկս ինձի ամէն գիշեր օղի կը խմցունեն եւ շատ բարի եւ պատուաւոր մարդիկ են, ուրիշներուն պէս թաղին սնտուկէն ստակ չեն գողնար եւ դպրոցն ալ…

—Այս խօսքերուն ատենը չէ հիմա, շուտ մը գնա՛, կտոր մը միս ա՛ռ:

—Թորոս աղան քիչ մը սրդողեցաւ, եւ ասկից վերջը հետս սքամպիլ չպիտի խաղայ. թո՛ղ չխաղա՜յ…:

—Ես քեզի ի՞նչ կ՚ըսեմ կոր… շուտ ըրէ, գնա՛:

—Ես ալ տիրացու Մարտիրոսին հետ տամա կը խաղամ ասկից ետքը…

—Այդ խօսքերը վերջն ալ կ՚ընենք, Մանուկ աղայ, գնա մսավաճառէն քիչ մը միս առ ու բեր:

—Տիրացու Մարտիրոսին գլխուն եկածը չես ըսեր, կնի՛կ. խեղճին կինն այս գիշեր մազ մնացեր է, որ մեռնի եղեր…

—Ինչո՞ւ:

—Մանչ մը բերեր է. բայց շատ դժուարութեամբ, չորս դայեակ եւ տասնվեց բժիշկ հազիւ կրցած են տղան առնել:

—Խեղճ կնիկ…

—Վաղը քիչ մը գնա՛, զինքը տե՛ս:

—Կ՚երթամ, հիմա դուն գնա, սա մսին գործը լմնցուր:

—Այս գիշեր անպատճառ միս պէ՞տք է:

—Հապա, Աբիսողոմ աղային անկողինն ու սնտուկները բերին, ինքն ալ հիմա կու գայ:

—Իրա՞ւ կ՚ըսես, կնի՛կ:

—Սուտ ինչո՞ւ պիտի խօսիմ:

—Շատ աղէկ ուրեմն. երթամ պատուական միս մ՚առնեմ ու գամ:

Մանուկ աղան անմիջապէս տունէն դուրս ելաւ եւ հազիւ թէ քանի մը քայլ առած էր, կինը ետեւէն պոռալ սկսաւ.

—Մա՛նուկ աղայ, Մա՛նուկ աղա յ

Մանուկ աղան ետ դարձաւ.

—Միսն ի՞նչով պիտի եփենք, հարցուց կինը:

—Կ՚ուզես գետնախնձորով եփէ, կ՚ուզես լուբիայով:

—Սա չէ իմ ըսածս. ածուխ չունինք, քիչ մ՚ալ ածուխ առնէիր:

—Շատ աղէկ, պատասխանեց Մանուկ աղան եւ սկսաւ երթալ:

—Մանո՛ւկ աղայ, Մանո՛ւկ աղայ, կանչեց տիկինը նորէն:

Ետ դարձաւ Մանուկ աղան:

—Աղէկ ա՛, մինակ միսով չըլլար, քիչ մ՚ալ բրինձ առ, որ ապուր մ՚ալ շինենք:

—Աղէկ ըսիր, կնի՛կ, քիչ մ՚ալ բրինձ առնենք:

Մանուկ աղան այս անգամ վազելով սկսաւ երթալ. փողոցը դառնալու վրայ էր, երբ կինն բոլոր ձայնովն ետեւէն զայն կանչեց.

—Մանո՛ւկ աղայ, Մանո՛ւկ աղայ… Ման…

Կանգ առաւ էրիկն եւ վերստին ետ դարձաւ` այս անգամ դէմքի զուարթու­թեան վրայ քիչ մը զեղչ ընելով:

—Ի՞նչ կ՚ուզես…

—Մարդ Աստուծոյ, շոգեկառքի պէս կը վազես, ձայնս մարեցաւ: Սոխ չունինք, աղ ալ չունինք, քիչ մ՚ալ կազ կամ ճրագ առնելու է, որ վառենք. մարդը մութո՞ւն պիտի նստեցունենք:

—Աղէկ ա՛, ամէնը մէկէն ըսէ, որ նպարավաճառին երթամ եւ պէտք եղածներն առնեմ. հարիւր անգամ ետեւէս կանչեցիր:

—Ջուրի շիշ ալ չունինք… գլուխս կապելու բան մը չունիմ, ոտքս հագնելու կօշիկ չկայ. այս վիճակին մէջ ի՞նչպէս Աբիսողոմ աղային դէմը ելնեմ:

—Հիմա ուտելիքը առնենք, վաղն ալ հագնելիքը կը մտմտանք, ըսաւ Մանուկ աղան եւ դուռն ուժով մը քաշելով դուրս ելաւ:

—Մանո՛ւկ աղայ, Մանո՛ւկ աղայ…

—Ուզածիդ չափ պոռա՛, ա՛լ ետ չեմ դառնար, մրմռաց Մանուկ աղան եւ ճամբան շարունակեց:

Մանուկ աղան քանի մը փողոց դարձած էր, երբ կնկան ձայն մը առաւ, որ զինք կը կանչէր.

—Գործ չունիս նէ, պոռալով ետեւէս վազէ, ըսաւ ինքն իրեն Մանուկ աղան` առանց գլուխն ետ դարձնելու` տեսնելու համար, թէ ո՛վ էր զինք կանչողը:

—Մանո՛ւկ աղայ, Մանո՛ւկ աղայ, կրկնեց ձայնը, որ տիրացու Մարտի­րոսին տասնամեայ աղջկանն էր:

Մանուկ աղան շարունակեց իւր ճամբան. եւ տիրացու Մարտիրոսին աղ­ջիկն` քայլերն փութացնելով՝ տասը քայլ հեռաւորութեամբ մօտեցաւ անոր: Խեղճին շունչը կտրած ըլլալով` անգամ մ՚ալ կրցաւ պոռալ.

—Մանո՛ւկ աղայ:

Դարձեալ պատասխան չառաւ եւ ստիպուեցաւ քիչ մ՚ալ քալելով Մանուկ աղային հագուստի ծայրէն քաշելու:

—Թո՛ղ տուր, կնի՛կ, ըսաւ Մանուկ աղան` առանց ետեւը նայելու:

—Բան մը պիտի ըսեմ:

—Մտիկ ընելու ժամանակ չունիմ. ըսածներդ արդէն չեմ կրնար միտքս բռնել, հիմա ելեր, ուրիշ բաներ ալ պիտի ըսես…

—Դայեակին տունը պիտի հարցունէի…

Դայեակ բառը լսելուն պէս արթնցաւ Մանուկ աղան եւ ետեւը տիրացու. Մարտիրոսին աղջիկն տեսնելով`

—Աղաւնի, դո՞ւն էիր ետեւէս վազողը, հարցուց անոր:

—Ա… յո… ես… պատասխանեց Աղաւնին, որ հեւալէն ա՛լ չէր կարող խօսիլ:

—Մայրդ ի՞նչպէս է:

Աղաւնին կը հեւար:

—Չըսե՞ս, մայրդ ի՞նչպէս է… դժբախտութի՞ւն մը պատահեցաւ:

Աղաւնիին բոլոր պատասխանը հեւալ էր…

—Հետաքրքրութենէս պիտի ճաթիմ… չըսե՞ս, աղջիկ, հեւալու ժամա­նա՞կ է հիմա, մայրդ ի՞նչպէս եղաւ:

—Մայ…րի…կս… ա…ղեկ է, բայց… տը…ղան… ծիծ չը…բռ…ներ… կոր… դա…յեա…կը… պի…տի…

—Շատ լաւ, շատ լաւ, աղջիկս, դուն տուն գնա, դայեակն ես կը ղրկեմ:

Աղաւնին բաժնուեցաւ Մանուկ աղայէն, որ ճամբան փոխեց դայեակին տունը փնտռելու համար:

Չուզելով մեր ընթերցողին ձանձրոյթ պատճառել` կը թողունք Մանուկ աղան, որ ամէն քայլափոխին բարեկամի մը կը հանդիպէր եւ անոր կը ծանու­ցանէր կամ թաղականին ընտրութիւնը կամ տիրացու Մարտիրոսին կնկան մանչ զաւակ մը բերելն կամ Աբիսողոմ աղային գալը: Դառնանք հիմա Աբի­սողոմ աղային: