Մեծապատիւ մուրացկաններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.

Այն խուցն, որուն մէջ Աբիսողոմ աղան ապաշխարանք քաշած էր, ունէր իւր դէմն սենեակ մը, որ խոհանոցի քովն էր եւ որ ճաշի յատկացուած էր: Այս սենեակը մտաւ Աբիսողոմ աղան առաջնորդութեամբ տիկնոջ, որ սեղանը պատրաստած էր վերջապէս:

Աբիսողոմ աղան ճաշի սենեակը մտնելով բարեւեց Մանուկ աղան, որ սե­ղանին շուրջը աթոռներ շարելու զբաղած էր:

—Սանկ հրամմեցէ՛ք, Աբիսողոմ աղայ, ըսաւ Մանուկ աղայ` սեղանին վերի կողմը ցոյց տալով իւր հիւրին:

—Հրամանքնիդ նստեցէ՛ք, ես ալ կը նստիմ, պատասխանեց հիւրն` նստելով իրեն ցոյց տրուած տեղը:

—Ներեցէ՛ք կերակուրն այսչափ ուշացնելուս համար, ուրիշ իրիկուններ ձեր ուզած ժամուն կրնաք ուտել. այս գիշեր քանի մը պատճառներ թող չտուին, որ սեղանն ժամանակին պատրաստուէր. այս պատճառները վերջը կը պատմեմ ձեզի: Ի՞նչպէս էք, տեսնենք, Աբիսողոմ աղայ, հանգի՞ստ էք, հարցուց Մանուկ աղան ձայնին աստիճանն իջեցունելով:

—Շատ հանգիստ եմ:

—Շնորհակալ ենք, մեր բարեկամն ի՞նչպէս է Տրապիզոն:

—Աղէկ է, յատկապէս բարեւ ըրաւ ձեզի:

—Բերող տանողն ողջ ըլլա յ: Եթէ ձեզի գաւաթ մը օղի տամ, կը տնկէ՞ք. ախորժակ կը բանայ:

—Գաւաթ մը միայն կը խմեմ:

—Շատ լաւ. հրամմեցէ՛ք:

Մանուկ աղան երկնցուց գաւաթն Աբիսողոմ աղային, որ ի մի ումպ կլլեց զայն, այսինքն օղին. գաւաթը չհասկնաք:

—Անոյշ ըլլայ, Աբիսողոմ աղայ:

—Շնորհակալ եմ:

—Ձեր կենդանութեանը:

—Ողջ եղէք:

Մանուկ աղան օղին ջրով բարեխառնելէն ետքը խմեց զայն ի չորս ումպ:

—Տիկինը մինչեւ որ կերակուրներն տաքցունէ եւ բերէ, մենք կրնանք խօսիլ եւ ժամանակ անցունել, այնպէս չէ՞, Աբիսողոմ աղայ:

—Այո, պատասխանեց հիւրն այնպիսի եղանակով մը, որ կը հասկցու­նէր, թէ աւելի լաւ էր նախ կերակուր ուտել եւ ապա խօսիլ:

—Մտիկ ըրէք ուրեմն այսօր մեր գլուխն եկածները: Քանի մը շաբաթէ ի վեր թաղականի մը ընտրութեան ետեւէ ինկած ենք: Դուք հիմա ձեր մտքէն պիտի ըսէք, թէ` մա՛րդ, թաղականը քուկին ինչո՞ւդ պէտք: Անանկ չէ՞, Աբի­սողոմ աղայ, ազգին գործը ես չնայիմ, դուն չնայիս, ան չնայի, ո՞վ նայի ու­րեմն. ինչուս պէտքը շատ գէշ բան է, անով ամէն մարդ մէկդի կը քաշուի, եւ ազգին գործերն ալ երեսի վրայ կը մնան: Իմ գիտցածս՝ ամէն մարդ ձեռքէն եկածին չափ ազգին գործերուն ալ աշխատելու է: Հատ մ՚ալ կը խմէ՞ք, Աբի­սողոմ աղայ. ախորժակ կը բանայ:

—Սովորութիւն չունիմ մէկ գաւաթէն աւելի խմելու:

—Մեր գաւաթներն պզտիկ են, մանաւանդ թէ Պոլսոյ օդն ալ կը վեր­ցունէ:

—Շատ լաւ:

Երկու բարեկամներ մէյմէկ գաւաթ եւս խմեցին իրարու կենդանութեանը, եւ Մանուկ աղան սկսաւ ատենաբանութեան:

—Այս առտու, ըսաւ, մեր թաղին ազգային զբօսարանը գացած ժամանակս, ձեզմէ աղէկ չըլլայ, մեր բարեկամներէն Մելքոն աղային հանդիպեցայ: Այս Մելքոն աղան նախ Բարթողիմէոս աղային աղջիկն առած էր: Բարթողիմէոս աղան ալ ժամանակաւ մատով կը ցցունեն եղեր, իբրեւ բարի մարդ, հիւրասէր մարդ, ազգասէր եւ բարեպաշտ մարդ, եւ շուկային մէջ շատ խանութներ ունէր, որոնցմէ տարին բաւական եկամուտ կ՚առնէր: Քանի մը տարիէն Մելքոն աղային կինը մեռաւ, եւ Մելքոն աղան համետագործ Նիկողոսին աղջկանը հետ կարգուեցաւ: Այս աղջիկն քանի մը եղբայրներ ունի, որոնց մին Ամբակում աղային քով գրագրութիւն կ՚ընէ: Այս Ամբակում աղան ալ տղայ մը ունէր, որ թուղթ խաղալով հօրը շատ ստակը կերաւ եւ վերջէն Ռուսաս­տան փախաւ: Այս տղան Մարգար եպիսկոպոսին քրոջ թոռան եղբօրորդին էր: Միւս եղբայրը շուկայի մէջ ոսկերիչ է. բարձր հասակով, սիրուն մարդ մ՚է: Երրորդ եղբայրը ատենօք շատ պարապ պտըտեցաւ, խեղճութեան մէջ ինկաւ, անօթութենէ պիտի մեռնէր, վերջէն թաղական անդամ ընտրուեցաւ եւ մէկ երկու տարիէն ինքզինքը ժողվեց: Չերկնցնեմ խօսքս, Մելքոն աղան այդ Նիկողոս աղային աղջիկն առնելէն ետքը քանի մը տարիներ շատ հանգիստ կեանք վարեց, բայց վերջէն բախտը դարձաւ, ձախորդութիւն ձախորդութեան վրայ եկաւ, եւ ունեցած չունեցածը բոլորովին կորսնցուց: Օր մը առնեմ զին­քը, հոս բերեմ, եւ տեսէք, թէ ի՛նչ բարի մարդ է: Եղբայր մ՚ալ ունի, որ վար­պետ ժամագործ մ՚է, ատենօք Պեօյուք Դերէ կը նստէր, վերջը քանի մը տա­րիներ Իսկիւտար նստաւ, ետքէն Քում Քաբուն երթալով՝ հոն ալ չկրցաւ նստիլ, եւ հիմա չեմ գիտեր, ո՛ւր կը նստի: Բայց շատ վարպետ ժամագործ է։ Թորոս աղան, որ եւ ոչ մէկ ժամագործի կը յանձնէ իւր ժամացոյցն, անոր կու տայ, որ մաքրէ: Այս Թորոս աղան կը ճանչնա՞ք. ուրիշ տեսակ մարդ է. անոր մէկ պատմութիւնը ընեմ քեզի եւ մտիկ ըրէ, որ տեսնես, թէ աշխարհիս վրայ ասանկ մարդ կը գտնուի եղեր, որ…

—Բերե՞մ ապուրը, հարցուց տիկինը սենեակին դռնէն ներս երկնցնե­լով գլուխը:

—Քիչ մը համբերէ, տիկին, խօսքս լմնցունեմ, վերջը բեր: Այնպէս չէ՞, Աբիսողոմ աղայ, խօսք պէտք է եա՛: Եթէ մտիկ ընելու ժամանակ չունիք եւ գլուխնիդ կը ցաւցունեմ կոր, ըսէ՛ք:

—Ատ ի՞նչ խօսք է… բա…

Աբիսողոմ աղան չկրցաւ շարունակել իւր խօսքը, զոր ընդմիջեց Մանուկ աղան Թորոս աղային պատմութիւնն սկսելով.

—Այս Թորոս աղան, շարունակեց, մուշտակագործ մ՚է, ականջը խօսի, եւ իւր ընտանիքովը հանգիստ կեանք մը կը վարէ: Իւր տանը պէտք եղած պարէնը, կարասիքն եւ հանդերձեղէն իւր ձեռքովը կ՚առնէ եւ իրմէ զատ եւ ոչ մէկու մը վստահութիւն ունի, ականջը խօսի: Մսավաճառէն միս կ՚առնէ, տուն երթալուն պէս կը կշռէ զայն եւ անպատճառ քանի մը տրամ պակաս կը գտնէ միսը, մսավաճառին կ՚երթայ, հետը կռիւի կը բռնուի եւ քանի մը տրամ պակաս տրուած միսը կ՚առնէ տուն կը դառնայ: Ասանկ տարօրինակ մարդ մ՚է. ականջը խօսի: Օր մը այս Թորոս աղան, ականջը խօսի, ժամացոյցին փոշիները մաքրել տալու համար ժամագործի մը կ՚երթայ եւ հետը սակարկութեան սկսելով` վերջապէս տասնեւհինգ դահեկան կը հաւանի տալ, այն պայմանաւ, որ ժամագործն իւր առջեւը մաքրէ ժամացոյցը, վասնզի Թորոս աղան, ականջը խօսի, ինչպէս ըսի, եւ ոչ մէկու մը վստահութիւն ունենալով` չէր ուզեր իւր ժամացոյցն ժամագործին յանձնել եւ երթալ` վախնալով, որ ժա­մացոյցին մէջէն բան մը կը գողցուի, կամ ժամագործը դիտմամբ կ՚աւրէ ժամացոյցն` մեծ ծախք մը բանալու համար, ինչպէս որ կ՚ընեն շատ մը ժամագործներ, երբ քանի մը օր անգործ մնան: Ժամագործն իւր պատուոյն դէմ անարգանք կը համարի Թորոս աղային առաջարկութիւնն եւ կը բարկանայ: Եթէ դուն ըլլայիր ժամագործին տեղ չէի՞ր բարկանար:

—Կը բարկանայի, պատասխանեց Աբիսողոմ աղան, որ խելքն ու միտ­քը ապուրի ղրկած ըլլալով` բնաւ ականջ չէր կախեր Մանուկ աղային ըրած պատմութեանը:

—Թորոս աղան, ականջը խօսի, կրակ կը կտրի ժամագործին բարկա­նալուն վրայ եւ քանի մը ծանր խօսքեր կ՚ընէ իրեն, որ ընելու չէր. այնպէս չէ՞:

—Այնպէս է, պատասխանեց դարձեալ Աբիսողոմ աղան մեքենաբար` միշտ հաւանութեան պատասխաններ տալով իրեն եղած հարցումներուն, որ­պէսզի խօսքը չերկարի, եւ կերակուրը բերեն:

—Ժամագործը կը վռնտէ Թորոս աղան, ականջը խօսի. Թորոս աղան ալ, ականջը խօսի, խանութէն դուրս ելնել չուզեր` վռնտուիլն իրեն պզտի­կութիւն համարելով. դուն ալ ըլլա՛ս, չես ելլար ա՛:

—Չեմ ելլար ա՛, պատասխանեց Աբիսողոմ աղան, որ չէր գիտեր, թէ ուսկից չէր ելլար եւ ինչո՛ւ չէր ելլար. վասնզի ինչպէս ըսինք, Թորոս աղային ըրած պատմութեան եւ ոչ մէկ բառը իւր ականջը մտած էր. միայն հարցում­ներու կը պատասխանէր:

—Ծեծկըւուքը կը սկսի. ժամագործն ապտակ մը կը զարնէ Թորոս աղա­յին, ականջը խօսի, Թորոս աղան, ականջը խօսի, կից մը կու տայ ժամագոր­ծին. կարծեմ, ով ալ ըլլար Թորոս աղային տեղը, ուրիշ կերպով չպիտի կրնար պատասխանել ժամագործին ապտակին: Ոտքդ պագնեմ, Աբիսողոմ աղայ, ըսէ՛, այնպէս չէ՞:

—Դո՞ւք ալ հոս դոմադեսո՞վ կը շինէք, հարցուց մէկէն ի մէկ Աբիսո­ղոմ աղան:

—Դոմադեսո՞վ…

—Այո՛, ուրիշ տեղեր դոմադեսով կը շինեն եղեր:

—Ժամացո՞յցը:

—Ո՞ր ժամացոյցը:

—Թորոս աղային ժամացոյցը:

—Թորոս աղան ո՞վ է:

—Մտիկ չըրի՞ր ուրեմն ըրած պատմութիւնս:

—Ըրի, կատարեալ մտիկ ըրի, ըսաւ Աբիսողոմ աղան, որ իւր դոմադեսի հարցումովն հաստատեց, թէ միտքն ապուրի, ապուրէն դոմադեսի, դո­մադեսէն Պոլսոյ մէջ բրինձի ապուրին ինչպէս շինուելուն գնացած էր, եւ բնաւ ունկն չէր դրած Մանուկ աղային խօսքերուն:

Աբիսողոմ աղան շատ իրաւունք ունէր իւր տան տիրոջը երկարաձիգ ճառն մտիկ չընելու, մանաւանդ անօթի փորով:

Աշխարհիս վրայ կան մարդեր, որք կը կարծեն, թէ իրաւունք ունին մէկու մը քիթէն բռնել եւ ժամերով անոր գլուխը ցաւցունել: Ուրիշներ ալ կան, որ իրենց խօսքերը մտիկ ընել տալու համար մարդ կը փնտռեն եւ եթէ չգտնեն, պատրաստ են յօժարակամ օրական վարձ մ՚ալ տալ. ոմանք ալ ամսականով ունկնդիր կը փնտռեն: Շատ անգամ ինձի ալ պատահած է այս փորձանքը, եւ ես մտիկ ընել ձեւացունելով` իմ գործիս վրայ խորհած եմ. հաւանութեան պատասխաններ տալով ինձի եղած հարցումներուն` այնպէս է պատասխա­նած եմ, եթէ այնպէս չէ՞ հարցուէր ինձի. արդարութիւնն ալ այս է պատաս­խան տուած եմ, երբ արդարութիւնն ալ այս չէ՞ հարցումն ուղղուէր ինձի. իրաւունք ունիս ըսած եմ, երբ իրաւունք չունի՞մ հարցումն եղած է, որպէս­զի խօսքը կարճ կապուի: Դժբախտութիւնն հոն է, որ գլուխդ ցաւցնողն եր­բեմն այնպիսի հարցում մը կ՚ընէ, որուն պատասխանելը դժուար է, վասնզի վճիռ տալը քեզի կը թողու: Օրինակի համար, լմնցնելէն ետքը ճառն, զոր դու բնաւ մտիկ ըրած չես, կը հարցունէ քեզի:

—Մարկոս աղա՞ն իրաւունք ունի թէ Կիրակոս աղան:

Ի՞նչ պատասխանելու է. գործին վրայ բնաւ տեղեկութիւն չունիս, որո՞ւն տալու է իրաւունքը. մանաւանդ գիտնալու է, թէ իրաւունքն որու պէտք է տալ, որպէսզի գլուխդ ցաւցունողին սիրտը չցաւի: Ասոր ալ ես դիւ­րին ճամբան գտած եմ եւ հետեւեալ պատասխանները կու տամ.

—Գործն անուշութեամբ լմնցնելու է:

—Այո, բայց իրաւունքը որո՞ւ քովն է:

—Ի՞նչ օգուտ… գէշ մարդու հետ գլուխ չելնուիր:

—Այո՛, բայց կ՚աղաչեմ, ըսէ՛, երկուքէն ո՞րն իրաւունք ունի:

—Ինչո՞ւ կը ստիպես, որ ըսեմ, եղբայր, երկու անգամ երկու չորսի պէս յայտնի է իրաւունքին ուր ըլլալը:

Շատերն այս պատասխաններովս գոհացուցած եմ. բայց ոմանք ալ կան, որ կարծես զքեզ ոստիկանութեան պիտի յանձնեն, եթէ չըսես, թէ Մարկոսն իրաւունք ունի, իսկ Կիրակոսն անիրաւ է: Ասոնց ալ ձեռքէն խալսելու հա­մար` ստիպողական գործ մ՚ունիմ` ըսելով առեր քալեր եմ: Իսկ վերջերս տես­նելով, թէ այս ընթացքս կը քաջալերէ շատախօսները, քաղաքավարութիւնը մէկդի դնելով` օր մը անոնցմէ մէկուն ըսի.

—Պարոն, զքեզ երկու ժամ մտիկ ընելու համար երկու ոսկի կ՚ուզեմ. երկու ոսկիէն լումայ մը պակաս եթէ տաս, չեմ ընդունիր:

Մարդը կէս ոսկի տուաւ, իսկ ես չընդունեցի եւ օձիքս խալսեցի: Այս օրերս կը լսեմ, որ այդ մարդը քառորդ ոսկիի երկու ունկնդիր եւս վարձած է: Երանի «Մասիս»֊ին, որ իւր ունկնդիրներուն ստակ տալու տեղ անոնցմէ ստակ կ՚առնէ:

Աբիսողոմ աղան ինձի պէս չվարուեցաւ եւ, ինչպէս յայտնի է, երբ դոմադեսի հարցապնդումով զգալ տուաւ ատենաբանին, թէ իւր ճառն բնաւ մտիկ ըրած չէր, իւր անքաղաքավարութիւնն անմիջապէս դարմանելու հա­մար ըսաւ.

—Կատարեալ մտիկ ըրի:

Աղէ՞կ ըրաւ: Յայտնի է, որ գէշ ըրաւ. եթէ ես իւր տեղն ըլլայի, պար­զապէս կ՚ըսէի Մանուկ աղային.

«Մանուկ աղայ, ինձի նայէ՛, եղբայրս, երբ որ մէկը խօսիլ կը սկսի, խղճ­մտանքը մէկդի դնելու չէ: Ութը ժամէ ի վեր անօթի եմ ես եւ բնաւ պէտք չունիմ գիտնալ, թէ Մարտիրոս աղան որո՛ւն տղան է, թէ Գեւորգ աղան որո՛ւն հայրն է, թէ ժամագործը Թորոս աղային ապտակ հաներ է, թէ Թորոս աղան ալ ժամագործին կից տուեր է»:

Այսպէս կը խօսէի բացէ ի բաց, ոչ թէ միայն ընկերութեան մը մէջ գլուխ ցաւցնողին, այլ նոյն իսկ այն վարդապետներուն, որ շատ խօսելու նպատակաւ միայն չորս ժամ քարոզ կու տան եւ կը վիրաւորուին, եթէ ժողո­վրդէն մէկը քարոզի ժամանակ եկեղեցիէն դուրս ելնէ: Եւ արդէն ըսած եմ օր մը եպիսկոպոսի մը, որ հինգ ժամ քարոզ խօսելէն ետքը եկեղեցիէն դուրս ելած էր եւ խուցը կ՚երթար:

—Ո՞ւր կ՚երթաք, սրբազան, հարցուցի:

—Շատ քրտնած ըլլալով խուցս պիտի երթամ եւ լաթ պիտի փոխեմ:

—Դուք ո՞ւր կ՚երթաք, հարցուց ինձի:

—Ես ալ տուն կ՚երթամ լաթ փոխելու համար, պատասխանեցի իրեն:

Եւ այն օրէն ի վեր եպիսկոպոսն կարճ կը խօսի քարոզի մէջ:

Աբիսողոմ աղան չունեցաւ այս համարձակութիւնը եւ խրախոյս տուաւ Մանուկ աղային, որ շարունակէ իւր ճառը դոմադեսական հարցման պա­տասխանելէն ետքը:

—Դոմադեսը հոս կը գործածենք ապուրի մէջ, բիլաւի մէջ եւ ուրիշ մսեղէն քանի մը կերակուրներու մէջ, բայց բնաւ երբեք ժամացոյցի մէջ:

—Շնորհակալ եմ. ապուրի մէջ կը գործածուի ըսել է, ես ալ ատ գիտ­նալ կը փափաքէի:

—Ապուրը դոմադեսո՞վ կը սիրէք թէ ոչ:

—Դոմադեսով կը սիրեմ:

—Շատ աղէկ: Դառնանք հիմա մեր խօսքին… ո՞ւր մնացինք… հա՛, Թորոս աղային վրայ էր: Տարօրինակ մարդ մ՚է աս Թորոս աղան, ականջը խօսի, շատ պատմութիւններ ունի. ուրիշ գիշեր մ՚ալ զանոնք կը պատմեմ, եւ ժամանակ կ՚անցունենք: Երկար չընենք, աս առտու հանդիպեցայ Մելքոն աղա­յին…

—Բերի, որ տաք տաք ուտենք, ըսաւ տիկինը ներս մտնելով եւ ապուրը բերելով:

—Այո՛, այո՛, ուտենք, վասնզի շատ անօթի եմ, ըսաւ Աբիսողոմ աղան:

—Հրամմեցէ՛ք…

—Շնորհակալ եմ, ըսաւ Աբիսողոմ աղան եւ գդալը բերանը տանելու չմնաց, մէկէն ի մէկ վեր ցատկեց:

—Կարծեմ թէ շատ տաք էր, ներեցէ՛ք, Աբիսողոմ աղայ, ըսաւ տիկինը:

—Քիչ մը ջուր առ բերանդ, Աբիսողո՛մ աղայ, աւելցուց Մանուկ աղան:

—Վնաս չունի, վնաս չունի…

—Տիկի՛ն, ինչո՞ւ համար ուշադրութիւն չէք ըներ կերակուրներու տա­քութեանը կամ պաղութեանը, ըսաւ էրիկն կնոջը:

—Ա՛լ այս գիշեր մեր պակասութիւններուն աչք գոցելու է, Աբիսողո՛մ աղայ:

—Վնաս չունի, բան մը չէ:

—Ապուրը մինչեւ որ պաղի, այս օրուան դէպքը պատմեմ գոնէ, ըսաւ Մանուկ աղան:

—Մանո՛ւկ աղայ, Աբիսողոմ աղային գլուխը մի՛ ցաւցուներ այս գիշեր. թերեւս չախորժիր:

—Ժամանակ անցունելու համար պիտի խօսէի, որ զբօսնու եւ չնեղուի:

—Ուրիշ գիշերուան թող. այս գիշեր յոգնած֊յոգնած` կրնա՞յ քեզի մտիկ ընել:

—Կարծեմ թէ Աբիսողոմ աղան սիրով մտիկ կ՚ընէ ազգային գործերը եւ բնաւ ձանձրութիւն չզգար:

—Այո՛, սիրով մտիկ կ՚ընեմ, պատասխանեց հիւրը, բայց տիկինին ըսածին պէս վաղը գիշերուան թողունք, վասն զի այսօր շատ յոգնած եմ:

—Շատ լաւ, շատ լաւ, ինչպէս որ կ՚ուզէք, այնպէս ըլլա յ. բայց մեր թա­ղին թաղականին գործը շատ զուարճալի է: Մելքոն աղան եթէ հոս ըլլար եւ պատմէր, խնդալէն կը ճաթէինք:

—Ապուրը պաղեցաւ, հրամմեցէ՛ք, ըսաւ տիկինը:

Աբիսողոմ աղան այս հրաւէրն առնելուն պէս` գդալով ապուրին վրայ յարձակեցաւ:

—Օղի մ՚ալ կը խմէ՞ք, Աբիսողոմ աղայ:

—Շնորհակալ եմ, չեմ ուզեր:

—Տիկին, Աբիսողոմ աղային գինի լեցուր:

—Մանուկ աղայ, այս գիշեր այլանդակ խօսքեր կ՚ընես, ապուրի վրայ գի­նի կը խմուի՞:

—Ինչո՞ւ չխմուիր, տեսնենք պիտի հաւնի՞ մեր գինիին:

Տիկինը դուրս ելաւ եւ խաշած միս բերելով սեղանին վրայ դրաւ:

Աբիսողոմ աղան այնպիսի ախորժակով մը կ՚ուտէր, որ մսի կտորները առանց ծամելու կը կլլէր:

—Փառք քեզ, Աստուա՛ծ, այս գիշեր ալ կշտացանք, ըսաւ Աբիսողոմ աղան փորն քահանայի մը պէս լեցնելէն ետքը եւ երեսը խաչակնքելով ու ցած ձայնով Հայր մերն ըսելով` սեղանէն ելաւ եւ լուացուելու համար ջուր փնտռեց.

—Կերակուրէն վերջը կը լուացուի՞ք, հարցուց տիկինը հիւրին:

—Եթէ ջուր ըլլար…

—Մենք սովորութիւն չունինք, բայց ձեզի քիչ մը ջուր բերեմ եւ լուացուեցէք:

Աբիսողոմ աղայ լուացուեցաւ եւ ձեռները չորցնելու ատեն հարցուց տիկի­նին, թէ ո՛ր սենեակին մէջ պիտի պառկէր:

Տիկինը ճրագով երկրորդ յարկը սենեակ մը առաջնորդեց հիւրին եւ վար իջաւ:

Այս պառկելու սենեակն փոքր էր, եւ անոր ճիշտ չափը տուած կ՚ըլլանք, եթէ ըսենք, որ Աբիսողոմ աղային հասակին երկայնութիւնն ունէր: Անկողինը շինուած էր այն միակ պատուհանին առջեւ, որ փողոցի վրայ բացուած էր: Աթոռ մը, քառակուսի պզտիկ սեղան մը, փոքրիկ հայելի մը, ջուրի շիշ մը եւ գաւաթ մը, սանտր մը, վրձին մը այս սենեակին կարասիքը կը կազմէին:

Աբիսողոմ աղայ սենեակէն ներս մտնելուն պէս ձեռներն բացաւ եւ նորէն փառք տուաւ Աստուծոյ, որ վերջապէս խալսեցաւ փորձանքներէն եւ առանձին մնաց: Բանտէն արձակուող մը չէր կարող աւելի ուրախութիւն զգալ: Փառա­բանութիւնն աւարտելուն պէս հանուեցաւ եւ ինքզինքն անկողնոյ մէջ նետեց:

—Ասկեց ետքը ընելիքս գիտեմ, ըսաւ անկողնոյ մէջ, եւ ոչ մէկու հետ պիտի տեսնուիմ, վասնզի ես այս պոլսեցիները շատ չսիրեցի, ասոնք կամ դրամդ առնելու կը նային կոր կամ երկու ժամ գլուխդ ցաւցունելու: Ինչո՞ւս պէտք իմին. ես եկած եմ հոս կին մ՚առնելու եւ երթալու. որո՛ւն աղջիկն որ սիրեմ` կ՚ուզեմ. եթէ տան` կ՚առնեմ, գործս կ՚երթամ, եւ եթէ չտան, եթէ չտան… բայց ինչո՞ւ չտան… ինձմէ աղէկի՞ն պիտի տան… Եթէ վաղը սա լրագիրն իմ անունս ալ փառաւորապէս գրէ, այն ատեն շատերն պիտի աղաչեն ինձի, որ իրենց աղջիկն առնեմ… Մէկէն աւելին ի՞նչ պիտի ընեմ… անոնց մէջէն պար­կեշտ աղջիկ մը կը զատեմ… խօսկապը կ՚ընեմ… նշան կու տամ… կը կարգուիմ…

Այս որոշումները տալով կը քնանայ Աբիսողոմ աղան: