Մեծապատիւ մուրացկաններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է.

Կան մարդեր, որ ցցունել կ՚ուզեն, ինչ որ չունին. կան ալ, որ ցցունել չեն ուզեր, ինչ որ ունին. կան նաեւ, որ ցցունել կ՚ուզեն, ինչ որ ունին: Աբիսողոմ աղան վերջիններէն էր. կը փափաքէր, որ բոլոր աշխարհ իմանայ ագարակներ ունենալը, եւ իւր փափաքն իրացնելու համար ստակ ալ չէր խնայեր: Այսպէս, երբ ըսին իրեն, թէ մեծ մարդերն իրենց պատկերներն ունին, հաւանեցաւ, որ ինքն ալ իրենն ունենայ, բայց կասկածելով, թէ խաբուած ըլլայ եւ պարապ տե­ղը ստակէ ելլայ, Դերենիկին մեկնելէն անմիջապէս ետքը հարցուց Մանուկ աղային.

—Եթէ պատկերս քաշել չտամ, զիս մարդու տեղ չե՞ն դներ:

—Քաւ լիցի, բայց քանի որ ձեր աստիճանի մարդերը իրենց պատկերները հանել տուած են, ձեզի ալ կը վայլէ, որ անոնց պէս ընէք: Երբ մէկն ձեր պատկերն ունենալ փափաքի, եւ դուք պատասխանէք, թէ պատկերս քաշել տուած չեմ…

—Ի՞նչ կ՚ըլլայ:

—Բան մը չըլլար… բայց…

—Բայց ի՞նչ… ագարակներս կ՚առնե՞ն ձեռքէս…

—Ամենեւին:

—Ոչխարներս, կովերս կը յափշտակե՞ն:

—Բնաւ… բայց… խաւարեալ մարդու տեղ կը դնեն ձեզի, չեն ըներ այն պատիւն, որ կու տան մեծ մարդու:

—Հասկցայ, ի՞նչպէս հանել տալու եմ ուրեմն պատկերս, որ տարակոյս չմնայ, թէ պզտիկ մարդ չեմ, վասնզի ըսիք, թէ պզտիկներն ալ իրենց պատ­կերներն կը հանեն:

—Ձեր պզտիկ մարդ չըլլալը հասկցնելու համար մեծ պատկեր հանելու էք, թիկնաթոռի մը վրայ նստած:

—Նոր հագուստներս հագնելու եմ, այնպէս չէ՞:

—Այո՛:

—Ժամացոյցս ալ կախելու եմ հարկաւ:

—Տարակոյս չկայ:

—Սանկ ծխափող քաշելով եւ երկու մարդ ալ դէմս բարեւ բռնելով եւ մէկն ալ ետեւէս ձիս բռնելով:

—Այո՛, այո՛:

—Դեռ ուրիշ ի՞նչ պէտք է փառաւոր երեւնալու համար:

—Այսչափ բաւական է:

—Կ՚ուզէի, որ սպասաւորներէս երկուքն ալ չախելով դիմացէս վռնտէի, եւ անոնք ալ գլուխնին ծռած դուրս ելնէին. վերջապէս սանկ բաներ չը՞կրնար ըլլալ… կամ թէ մէկը ծեծէի… օրինակի համար, մեր ագարակներուն վերակացուին երեսն ի վեր պոռայի… «մա՛րդ, քեզի քանի՞ անգամներ հրամայեցի, որ մշակներու հետ քաղցրութեամբ վարուիս, կովերուս հետ սիրով երթաս, վար ու ցանը ժամանակին ընես. քանի որ ասոնք չըրիր, ես ալ քեզի կը վռնտեմ»: Վերակացուն ալ թաշկինակովն աչերը սրբելով` ոտներուս իյնայ, աղաչէ եւ պաղատէ ըսելով. «զաւակներուս սիրոյն համար ներէ՛ յանցանացս. այսչափ տարիներէ յետէ ձեր հացը կ՚ուտեմ, դուք իմ բարերարս էք, ես ձեզ գրկերուս մէջ անչափ գրկած ու պտտցուցած եմ, երբ դեռ պզտիկ էիք»… վերջապէս սըւոր նման բաներ չե՞նք կրնար դնել պատկերին մէջ:

—Ատոնց վրայ վաղը կը խորհինք. մենք հիմա սկսինք մեր երէկուան պատմութեան, որ կիսատ մնաց: Մելքոն աղան զիս տեսնելուն պէս…

—Կամ թէ սանկ կռնակի վրայ պառկիմ, եւ սպասաւորներս ալ բանթա­լոնս քաշեն…

—Զիս տեսնելուն պէս մօտեցաւ ինձի եւ…

—Նարկիլէով աւելի փառաւոր չըլլա՞ր…

—Մօտեցաւ ինձի եւ ձեռքերս բռնելով ըսաւ. «Թէ այսօր չաշխատինք, մեր չուզած մարդերը թաղական պիտի ընտրուին»:

—Սանկ տասը կանգուն երկարութեամբ մարբուճ մը…

—Անոնք վաղուան գործ են, Աբիսողոմ աղայ, թող տուէք, որ սա պատ­մութիւնս լմնցնեմ: Մելքոն աղան թեւէս բռնելուն պէս քաշեց զիս ազգային ընթերցատունն, ուր երիտասարդները նստած թուղթ կը խաղային:

—Ես ալ կ՚ըսեմ, որ մարբուճը եթէ կարճ ըլլայ, աւելի աղուոր կ՚երեւայ պատկերին մէջ:

Կեանքիս մէջ հարիւր անգամէն աւելի հանդիպած եմ այս տեսարանին, ուր երկու դերասաններ խօսքն իրարու բերնէն յափշտակելով` իւրաքանչիւրը կը փափաքի առաջ իւր խօսքը մտիկ ընել տալ: Այո՛, հարիւր անգամ ներկայ գտնուած եմ. երկու անգամ ընկերութիւններու մէջ եւ իննսունըութը անգամ Ազգային Երեսփոխանական ժողովոյ մէջ: Հարիւր մէկերորդ անգամն էր այս, եւ սատանան կը դրդէր զիս ըսելու այս երկուքէն մէկուն. «Թո՛ղ տուր դիմա­ցինիդ լմնցնել իւր խօսքն եւ վերջը խօսէ»: Բայց որովհետեւ ուրիշ անգամներ այսպէս խօսած ըլլալուս համար մէկուն կամ մէկալին սիրտը կոտրած եմ, որոշեցի չէզոքութիւն պահել, թող տալ իրենց` փոխասացութիւն ընել եւ սպա­սել տեսնելու համար, թէ ի՛նչպէս պիտի վերջանայ այս տեսարանն, որ Ազգա­յին երեսփոխանական ժողովոյ մէջ գրեթէ միշտ կռիւով կը վախճանի:

—Իրաւունք ունիք, պատասխանեց Մանուկ աղան, կարճ մարբուճը շատ աղէկ կ՚երեւայ պատկերին մէջ, բայց եւ այնպէս մաքուր եւ շիտակ ըլլալու է թա­ղական ընտրուող մարդ մը:

—Դուք աղէկ կը ճանչնա՞ք:

—Իմ ճանչնալս մինակ օգուտ չըներ, քուէարկութեամբ կ՚ընտրուի:

—Քուէարկութեա՞մբ:

—Այո՛, ըստ սահմանադրութեան քուէարկութիւնը կ՚ընտրէ:

—Ի՞նչ կ՚ըսէք, թաղեցին քուէ՞ պիտի տայ հիմա աղէկ մարբուճ մը ընտրե­լու համար:

—Թաղականի վրայ է մեր խօսքը:

—Թաղական ո՞ւսկից հանեցիր. մարբուճի վրայ է մեր խօսքը:

—Մի՛ բարկանաք, Աբիսողոմ աղայ, այնպէս ըլլայ:

—Ինչո՞ւ բարկանամ պիտի… վաղը երթանք, հատ մը առնենք:

—Կ՚առնենք:

Այս պահուն սենեակի դուռը բացուեցաւ, եւ կնկան մը գլուխ երեւցաւ:

Այս կինը Շուշան կը կոչուէր, եւ իւր արհեստն ալ սիրոյ միջնորդութիւն էր. այրերուն կին կը գտնէր, կիներուն այր կը մատակարարէր եւ զանոնք իրարու հետ ամուսնացնելով իւր աշխատութեան վարձքը կ՚ընդունէր: Երբեմն ալ այրը կինէն կը զատէր եւ դարձեալ իւր աշխատութեան փոխարէնը կ՚առ­նէր: Տարիքն, եթէ իրեն հարցունես, երեսունըվեց է, իսկ եթէ հարցունես ին­ձի, որ միշտ սովորութիւն ունիմ կնկան մը խոստովանած տարիքին վրայ տասն աւելցնել, քառասունըվեց է: Ծաղկի հիւանդութիւնը իւր նշանները ձգած է անոր երեսը: Սեւ եւ երկար դէմք մը, որուն կէսը կը կազմէր ծնօտը, եւ որուն մէջտեղը երկնցած էր քիթ մը, որ բարձր եւ ճոխ յանգ մ՚ունէր, կը կրէր իւր վրայ երկու փոքրիկ եւ սեւ աչեր, որ ամէն վայրկեանին չորս կողմը կը պտտէին: Հազիւ երկու մատ լայնութեամբ ճակատ մ՚ունէր. ընքուիները հիւանդութենէ թափած էին:

Տիկին Շուշան գլուխը դռնէն ներս խոթելէն ետքը դուռը բացաւ եւ ներս մտաւ ըսելով.

—Եթէ գաղտնի խօսք մը ունիք, դուրս ելնեմ:

—Ո՛չ, պատասխանեց Մանուկ աղան, թաղականի վրայ կը խօսէինք:

—Գետնին տակը անցնի այն թաղականի խնդիրն, ըսաւ տիկին Շուշան եւ ծանրութեամբ գլուխն Աբիսողոմ աղային ծռելով` գնաց բազմոցի մը վրայ նստելու:

—Բարի եկաք, տիկին, ըսաւ Մանուկ աղան:

—Բարի տեսանք: Դուք ալ բարի էք եկեր, Աբիսողոմ աղայ. քաղաքնիս ի՞նչպէս գտաք, նայինք` հաւնեցա՞ք:

—Հաւնեցայ, շատ աղէկ է:

—Այս կողմերը ի՞նչ գործ ունիք, հարցուց Մանուկ աղայ, դարձեալ նշան­տո՞ւք մը կայ, ի՞նչ կայ:

—Հրամմեր էք, սա դիմացի տունը եկայ, եւ անգամ մ՚ալ ձեզի հանդիպիմ, ըսի: Սա Անթառամին աղջիկը դիմացինիդ տղուն կ՚ուզեմ շինել. գործն ալ լմնցածի պէս էր, բայց տիկին Մարթան իւր աղջիկը տալ ուզելուն համար Անթառամին աղջկանը վրայօք խել մը խօսքեր ըսած է մանչուն, ան ալ քիչ մը պաղած է: Այսօր եկայ, որ զինքը տեսնեմ եւ համոզեմ, բայց դուրս ելած ըլլալուն` վաղը պիտի գամ:

—Աղջիկ մ՚ալ մեր Աբիսողոմ աղային չգտնա՞ս:

Աբիսողոմ աղան ժպտեցաւ:

—Տիկինն արդէն իմացուց ինձի վարը, թէ Աբիսողոմ աղան կարգուած չէ, եւ ես ալ շիտակը անոր համար վեր ելայ, պատասխանեց տիկին Շուշան ճերմակ թաշկինակովն քիթը սրբելով:

—Անանկ միտք մը ունիմ, ըսաւ Աբիսողոմ աղան տեղէն ելնելով եւ սիկար մը հրամցնելով տիկին Շուշանին:

—Եթէ անանկ միտք մը ունիք, քեզի ալ կրնանք ձեր ուզածին պէս աղ­ջիկ մը գտնել. քսան տարիէ ի վեր այս գործին մէջն եմ, ամէնքն կը ճանչնամ: Հրամանքնիդ ի՞նչպէս աղջիկ կ՚ուզէք, անգամ մը ան հասկնալու եմ ես:

Մանուկ աղան տեսնելով, որ Աբիսողոմ աղան տիկին Շուշանի հետ խօս­քի բռնուեցաւ, դուրս ելաւ` ուրիշ անգամի պահելով թաղականի պատմու­թիւնն, զոր չէր կրցած աւարտել:

—Աղուոր աղջիկ մը կ՚ուզեմ, պատասխանեց Աբիսողոմ աղան խնդալով:

—Գիտեմ, որ աղուոր աղջիկ կ՚ուզես. ուզած աղջիկդ հարո՞ւստ ըլլալու է:

—Այո՛:

—Պարկեշտ:

—Հարկա՛ւ:

—Տասնըվեց֊տասնեւութ տարեկան:

—Ճիշտ:

—Դաշնակ զարնել գիտնայ:

—Գիտնալու է:

—Աղէկ պարէ:

—Հրամմեր էք:

—Շատ լաւ, ասանկ աղջիկ մը կայ ձեռքիս տակը, բայց այս տեսակ աղ­ջիկները գործ չեն տեսներ տունը. առտուընէ մինչեւ իրիկուն ծունկ ծունկի վրայ կը դնեն եւ կ՚երգեն, կը պարեն եւ կամ բոլոր օր կը պտտին. հիմակուընէ ըսեմ, վերջէն ինձի պատճառ չբռնես. աղէկներն ալ կան, բայց գտնելը շատ դժուար է: Քու ըսած աղջիկներուդ մէջ անանկներ ալ կան, որ իրենց ուզած մէկը կը սիրեն եւ շատ անգամ անոր հետ գեղ մը կը փախչին, եւ դուն ալ կը սպասես, որ կինդ գայ:

—Ի՞նչ կ՚ըսէք: Եթէ այդպէս է, չեմ ուզեր:

—Բայց կան ալ, որ վրադ կը խենդենան:

—Եթէ այսպէս է, կ՚ուզեմ:

—Բայց կան ալ, որ ամիս մը իրենց սիրածին հետ կ՚ապրին եւ քու անունդ բնաւ չեն տար:

—Եթէ այնպէս է, չեմ ուզեր:

—Բայց կան ալ, որ վայրկեան մը քովէդ չեն բաժնուիր:

—Եթէ այսպէս է, կ՚ուզեմ:

—Ասոնք ըսելուս համար ինձի բան մի՛ ըսեր. վասնզի կան անանկներ ալ, որ թող կու տան իրենց կինը ուրիշի մը հետ սիրահարութիւն ընել եւ աղջ­կան հօրմէն քիչ մը դրամ առնելով աչք գոցել:

—Իրա՞ւ կ՚ըսէք. անանկ էրիկ մարդ կը գտնուի՞ աշխարհիս վրայ:

—Մազէս շատ:

—Եւ այն տեսակ էրիկ մարդերու եւ կիներու երեսը ո՞վ կը նայի:

—Ամէն մարդ. կինը կ՚արդարացնեն` ըսելով, թէ սատանայէ խաբուած է, էրիկն ալ կը սրբացնեն` ըսելով, թէ խեղճը չգիտէր իւր կնոջ բռնած ընթացքը:

—Է՜, հիմա կը ճաթիմ… չեմ ուզեր, չեմ ուզեր, թող մնա՛յ, իմ քաղաքը կը կարգուիմ:

—Բայց եւ այնպէս անանկներ ալ կան, որ քեզի համար իրենց հոգին անգամ կու տան:

—Անանկ մէկն եթէ գտնեմ, կը կարգուիմ:

—Ես անանկ մէկը պիտի գտնեմ քեզի. իմ հարցունելս սա է, որ ձեր ի՛նչ տեսակ աղջիկ ուզելը հասկնամ:

Ես ալ իրաւունք կու տամ տիկին Շուշանին. վասնզի ամէն օր այնպիսի ամուսնութիւններ կը տեսնենք, որք մարդուս զարմանք կու տան: Ատեն մը հետաքրքրութեան համար կարգուած մարդու մը սիրոյ կրկնատոմարը գրեցի եւ տարեգլխուն հաշուեկշիռը հանելով տեսայ, որ մարդը սնանկացած էր բարոյա­կանութեան մէջ: Բարեւս կտրեցի իրմէ եւ սակայն մեծ զարմանքով տեսայ, որ այդ մարդը մեծ պատիւ կը գտնէ ընկերութիւններու մէջ եւ իբրեւ բարոյակա­նի տէր անձ մը ամէն կողմէ յարգանք կ՚ընդունի: Հետաքրքրութիւնս աւել­ցաւ. հաշուեկշիռս նորէն աչքէ անցուցի եւ դիտեցի, որ կինն, զոր ես այդ մար­դուն ընկեր նշանակած էի, մայր հաշուոյն մէջ դրամագլուխի կողմ անցած է էրկանը տետրակին մէջ: Եթէ օր մը սիրոյ տոմարակալութիւն մը հրատարա­կեմ, մեծ յուզմունք պիտի պատճառեմ հաշուագէտներու մէջ. վասնզի ես շատ էրիկ մարդիկ գիտեմ, որոնք կինն իրենց սիրոյ հաշուոյն մէջ ընդհանուր ծախքի կողմ կ՚անցունեն, շատերը կարասիքի հաշուոյն տակ կը գրեն, ոմանք ընդհանուր ապրանքի կարգը կ՚անցունեն, ոմանք վճարելի թուղթերու եւ ոմանք ընդունելի թուղթերու հաշուոյն մէջ կը նշանակեն: Խիստ քիչ են այն նախան­ձելի ամուսնութիւններն, որոնց մէջ կինը էրկանը ընկեր կ՚արձանագրուի սի­րոյ տետրակին մէջ:

—Կարգուիլը շատ անուշ բան է, յարեց սիրոյ միջնորդն, քեզի համար աղջիկ մը գտա՞ր, ամէն օր արքայութեան մէջ ես…

—Ես ալ ասոր համար է, որ կարգուիլ կ՚ուզեմ:

—Կինդ բնաւորութեանդ չյարմարեցա՞ւ, ամէն օր դժոխքի մէջ ես, կրակներու մէջ կ՚էրիս:

—Ես ալ ասոր համար է, որ կարգուելու կը վախնամ:

—Նայեցէ՛ք, ձեզի բան մը ըսեմ, աղա՛յ, հրամանքնիդ հարկաւ մեծ տե­ղէ մը աղջիկ կ՚ուզէք առնել, վասնզի դուք ալ մեծ մարդ մ՚էք:

—Այո՛, այո՛, մեծ տեղէ կ՚ուզեմ:

—Ես ալ քեզի մեծ տեղէ մը աղջիկ կը գտնեմ, բայց հրամանքնիդ ֆրանսերէն գիտէ՞ք:

—Մեծ տեղէ աղջիկ առնելու համար անպատճառ ֆրանսերէ՞ն գիտնա­լու է:

—Այո՛, վասնզի մեծ տեղի աղջիկներն ֆրանսերէն կը խօսին, եւ երբ կին մը իւր էրկանը չգիտցած լեզուով ուրիշի մը հետ կը խօսի, տակէն նախանձ կ՚ելնէ:

—Ես ալ կը սորվիմ ֆրանսերէն:

—Բացի ասկից, երջանկութիւնը շատ քիչ կը գտնուի այն ամուսնութեան մէջ, ուր կնիկն էրիկէն աւելի բան գիտէ:

—Այնպէս է, ես ալ այն կարծիքին եմ:

—Հրամանքնիդ եւրոպական եղանակներէն բան մը կը հասկնա՞ք:

—Ամենեւին բան մը չեմ հասկնար եւ մանաւանդ թէ կը ձանձրանամ:

—Ի՞նչ պիտի ընես ուրեմն, եթէ կինդ ժամերով դաշնակի առջեւն անց­նի եւ այդ նուագարանի վրայ եւրոպական խաղեր զարնէ:

—Թող չեմ տար, ես ձանձրոյթ կ՚իմանամ:

—Ան հաճոյք կը զգայ:

—Կին մը ի՞նչ իրաւունք ունի իւր էրկանը գլուխ ցաւցունելու:

—Էրիկ մը ի՞նչ իրաւունք ունի իւր կինն զուարճութենէ զրկելու:

—Եթէ գործը մինչեւ աս տեղուանքը պիտի գայ, չեմ կարգուիր:

—Չկարգուիլ չըլլար, միայն թէ պիտի ստիպուիս կնկանդ ճաշակին յար­մարելու համար դաշնակ սորվիլ:

—Ես կրնա՞մ սորվիլ:

—Ինչո՞ւ չէ, մանաւանդ թէ աւելի դիւրին է քեզի դաշնակ զարնել սոր­վիլ, քան թէ կնկանդ դաշնակ զարնելը մոռնալը:

—Եթէ այսպէս է, ասոր ալ ճամբան գտանք ըսել է:

—Ասոնք ըսելուս պատճառն ան է, որ ես հոգիս սեւցունել չեմ ուզեր. ամէն բան առաջուց կ՚ըսեմ, որ վերջէն ինձի պատճառ չբռնեն: Իմ ձեռքիս տակ ամէն դասէ աղջիկ կայ. բարձր դասէն, միջին դասէն եւ ստորին դասէն. այս երեք դասէն ալ ծախու ապրանք ունիմ. հրամանքնիդ ձեր քսակին հետ խորհրդակցեցէք եւ ինձի ըսէք` սա դասէն կ՚ուզեմ: Յայտնի է, որ բարձր դասը շատ սուղ է, միջինն՝ նուազ սուղ եւ ստորինն` աժան:

—Ես շատ աժան չե՛մ ուզեր:

—Շատ լաւ. աղջիկը ճերմա՞կ գոյն ունենայ թէ քիչ մը թուխ:

—Ճերմակ կ՚ուզեմ:

—Աչքերը սե՞ւ թէ կապոյտ:

—Եկու, տես, որ սեւն ալ կը սիրեմ, կապոյտն ալ…

—Կամ մին պիտի ըլլայ, կամ միւսը. վասնզի չկրնար ըլլալ անանկ աղ­ջիկ մը, որուն մէկ աչքը կապոյտ ըլլայ, միւսը` սեւ:

—Կապոյտ ըլլայ թո՛ղ:

—Շատ լաւ: Հասակն եւ մազերը…

—Երկար, երկար:

—Մէջքը…

—Մէջքը բարակ ըլլայ, բայց տկար չեմ սիրեր. կ՚ուզեմ, որ քալած ժա­մանակը միսերը շարժին:

—Կը հասկնամ, այսչափը հերիք է. ճիշտ ուզածիդ պէս աղջիկ մը կայ, որ շատ ալ պարկեշտ է եւ իրեն էրկանը համար հոգի տալ կ՚երեւայ:

—Ես ալ անանկ մէկը կ՚ուզեմ:

—Թերեւս վաղը քու անունդ իրեն ըսելուս պէս վրադ սէր կապէ: Պատ­կերդ տուր, որ իրեն անգամ մը ցցունեմ:

—Պատկերս վաղը հանել պիտի տամ:

—Վաղը՞… վաղը հանել տալու որ ըլլաք, ութը օրէն կ՚առնէք, եւ ութ օր սպասե՞նք:

—Ինչո՞ւ սպասենք, վաղը կ՚երթանք. մեծ տեղէ՞ն է աղջիկը:

—Այո՛:

—Հայրը հարո՞ւստ է:

Շատ հարուստ է, բայց հարստութիւնը չցցուներ:

—Շատ խանութներ ունի՞:

—Քսանի չափ:

—Տո՞ւն:

—Քառասունի մօտ:

—Շատ աղէկ, վաղը չէ միւս օր կ՚երթանք այդ աղջիկը տեսնելու:

—Գլխուս վրայ. ցերեկին կու գամ, եւ մէկտեղ կ՚երթանք: Մնաք բարով, Աբիսողոմ աղայ, սիրտդ հանգիստ բռնէ. ես քեզ չեմ խաբեր, ուրիշներու կրա­կէ շապիկ հագցնողներէ չեմ: Կեցիք բարով, վաղը չէ, միւս օր:

Տիկին Շուշանը կը մեկնի: