Մեծապատիւ մուրացկաններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱ.

Աբիսողոմ աղան քանի մը ժամ քնացաւ բազմոցի վրայ: Սակայն դատելով այն ձայներէն, զորս կը բառնար քունին մէջ, կը հասկցուէր, թէ խմբա­գիրներն, բանաստեղծներն եւ դասատուներն քունի մէջ ալ հանգիստ չէին թո­ղուր զինքն, որ կը պոռար մերթ ընդ մերթ. «գացէք կորսուեցէ՛ք, ստակ չու­նիմ ա՛լ տալու»: Երեք ժամու չափ այսպէս յուզուած մրափելէն ետքը մէկէն ի մէկ աչերը բացաւ ա՛հ գոչելով: Կարծես խմբագիր մը անոր կոկորդէն սղմելով խղդել կը սպառնար զինքն, եթէ չբարեհաճէր իւր թերթին բաժանորդ գրուելու: «Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա», պոռաց աչերը շփելով, «հանգիստ քուն մ՚ալ չունինք»:

Յետոյ ոտք ելնելով կազը վառեց եւ կանչեց Մանուկ աղան, որուն քիչ մը կերակուր ապսպրեց: Քառորդէ մը բերուեցաւ կերակուրն, որուն յաջորդեց խահուէն, որուն ետեւէն եկաւ քունը: Հանուեցաւ Աբիսողոմ աղան եւ անկողինը մտաւ քնանալու համար: Հարկ չէ կրկնել, թէ նոյն գիշերն հանդարտ քուն մը չունեցաւ: Առաւօտուն կանուխ ելաւ անկողինէն, երեսը լուաց, հագուեցաւ, տունէն դուրս եկաւ եւ շիտակ պ. Դերենիկին գործատունը գնաց լուսանկար պատկերը քաշել տալու համար: Գործատունը դեռ բացուած չէր, եւ Աբիսողոմ աղան Բերայի փողոցներուն մէջ կը շրջէր, որպէսզի ժամանակ անցնի, եւ գործատունը բացուի: Ժամը չորսին (ըստ տաճկաց) բացուեցաւ գործատունը, եւ Աբիսողոմ աղան սանդուղէ մը վեր ելնելով մտաւ սենեակ մը, որ լուսա­նկար պատկերներով զարդարուած էր եւ ուր պ. Դերենիկ նստած կը կարդար:

—Բարի եկաք, Աբիսողոմ աղայ, սանկ հրամմեցէք, ըսաւ պ. Դերենիկ` սեղանի վրայ դնելով լրագիրն:

Եւ յետոյ գրագրին դառնալով նշանացի հրամայեց անոր, որ խահուէ բերեն:

—Ժամ առաջ քաշենք սա պատկերս, որովհետեւ ստիպողական գործեր ունիմ, քանի մը մեծ մարդոց այցելութիւն պիտի ընեմ:

—Շատ լաւ:

—Կ՚ուզեմ, որ պատկերս փառաւոր կերպով քաշուի: Կ՚ուզեմ թիկնաթոռի մը վրայ նստիլ, առջեւս ունենալ երկու սպասաւոր, մէկ աղախին. այնպէս ըրէք, որպէս թէ ագարակի մը մէջ ըլլամ, ասդին վարուցան, անդին կովերէն կաթ կթեն, ասդին ոչխարներն արածեն, ասդին ցանեն, անդին քաղեն, ասդին հերկեն. անդին մածուն շինեն, ասդին ձմերուկ փրցունեն, անդին կարագ շինեն, ասդին սագերը ծովու մէջ լողան, անդին անտառին մէջ փայտ կտրեն, ասդին սայլերով ցորեան փոխադրեն, անդին վերջապէս ինչ որ կ՚ըլլայ ագարակի մը մէջ, տեսնուի պատկերիս մէջ:

—Այդ ամէնը կարելի չէ կատարել. միայն թէ քանի մը սպասաւորներ կրնամ կայնեցնել քովդ:

—Ինչո՞ւ չըլլար:

—Որովհետեւ անկարելի է:

—Մեծ մարդոց համար ինչպէ՞ս կ՚ընէք:

—Անոնք աթոռի վրայ նստած կամ ոտքի վրայ քաշել կու տան իրենց կենդանագիրը:

—Ի՞նչպէս ուրեմն կը հասկցուի անոնց մեծ մարդ ըլլալը:

—Պատկերը մեծկակ ու փայլուն կ՚ըլլայ:

—Իմի՞նս ալ անանկ պիտի ըլլայ ուրեմն:

—Այո՛:

—Ոտքի՞ վրայ, թէ նստած:

—Ինչպէս որ կ՚ուզէք:

—Դուք ի՞նչպէս կ՚ուզէք. ի՞նչպէս հանեմ նէ, աղէկ կ՚ըլլայ:

—Ձեզի համար ոտքի վրայ կը վայլէ:

—Շատ աղէկ. սպասաւորներն ալ դէմս:

—Այո՛:

—Ես զանոնք չախելու պէս կ՚ըլլամ, անոնք ալ առջեւնին կը նային:

—Սքանչելի:

—Ծեծելու պէս կ՚ըլլամ զանոնք, եւ վերջը բարկութիւնս իջած կ՚ըլլայ:

—Աղէկ խորհած էք:

—Հագուստներս ի՞նչպէս են:

—Ընտիր:

—Ուրիշ ժամացոյց մ՚ալ ունիմ, անիկա ալ կրնա՞նք մէկ կողմերնիս կախել:

—Մէկ ժամացոյցը բաւական է, աւելին աւելորդ է:

—Այս հագուստներուս համար յիսուն ոսկի տուած եմ. անոնց խումա­շին աղէկ եւ ընտիր ըլլալն ի՞նչպէս պիտի հասկցուի պատկերէս:

—Հոգ մի՛ ըներ, կը հասկցուի:

—Ինտո՞ր պիտի ցուցնես:

—Հանգիստ եղէք:

—Չկարծուի սակայն, թէ երկու ոսկինոց հագուստ է հագածս:

—Այդ մասին անհոգ եղէք:

—Շատ լաւ:

—Ես կ՚երթամ անդիի սենեակն նախնական պատրաստութիւններս ընելու, քանի մը վայրկենէն հրամանքնիդ ալ հրամմեցէք:

—Շատ աղէկ:

—Եթէ կ՚ուզէք, մինչեւ որ անդիի սրահը մտնէք, սափրիչ մը կանչել տանք, որ գայ մազերդ ու պեխերդ սանտրէ, շտկէ եւ շտկրտէ:

—Աղէկ:

—Գործարանի պաշտօնեաներէն մին վազելով կ՚երթայ սափրիչ մը բերելու:

Քանի մը վայրկենէն կու գայ սափրիչն, որ գլուխն ծռելով եւ ետ֊ետ երթա­լով յարգանքներ կը մատուցանէ Աբիսողոմ աղային:

—Եկուր սա մազերս շտկէ, նայինք, կ՚ըսէ Աբիսողոմ աղան:

—Պարտքերնիս է, կը պատասխանէ սափրիչը:

—Աղէկ մը շտկէ, որովհետեւ պատկերս հանել պիտի տամ:

—Գլխուս վրայ: Ա՜բ…

—Ես շատ կարեւորութիւն կու տամ գլխուս:

—Ինչու չտաք, վսեմապատիւ տէր… Ա՜խ… եթէ դուք չտաք, ո՜վ տայ: Ա՜խ… երանի թէ ես ալ ուրիշ մտմտուք չունենայի եւ…

—Շտկրտէ նայինք:

—Գիտեմ, որ ես յանցաւոր եմ ձեզի բարի եկաք ի չգալուս համար, բայց ի՜նչ ընեմ… պարագաները թող չտուին, որ կարենայի կատարել այդ պար­տականութիւնս եւ այսօր երես ունենայի աղաչելու ձեր վսեմութեան, որ…

—Վերջը կը խօսինք, սա մազերս սանտրէ… մարդը կը սպասէ ինձի:

—Վնաս չունի, անիկա կը սպասէ: Աղաչելու ձեր վսեմութեան, եթէ կա­րելի է, յիսուն վաթսուն ոսկի մը… ես ալ ազգային սափրիչ մ՚եմ:

—Ի՞նչ ըսել է` յիսուն վաթսուն ոսկի…

—Կը խնդրեմ, մի՛ բարկանաք, յիսուն վաթսուն ոսկի փոխատւութիւն մ՚ընէիք ինձ, որպէսզի այդ գումարն Բարիզ ղրկէի տղուս, որ այդ գումարով պարտքերը տար ու բժշկութեան վկայական առնէր, գար ու քանի մը տարիէն վաստկէր ու տոկոսովն ձեզի հատուցանէր: Բայց ի՞նչ օգուտ, որ այսօր երես չունիմ ասանկ առաջարկութիւն մը ձեզի ընելու, որովհետեւ բարի եկաք ի չե­կայ ձեզի: Եթէ բարի եկաք ի եկած ըլլայի ձեզի, համարձակութիւն կ՚ունենայի ձեզի աղաչելու, որ սա պզտիկ խնդիրքս կատարէիք, բայց քանի որ բարի եկաք ի չեկայ ձեզի, դուք ալ իրաւունք ունիք խնդիրքս մերժելու, թէեւ ազգա­յին արհեստաւոր մ՚ըլլամ:

—Հիմա ատանկ խօսքեր մտիկ ընելու ժամանակ չունիմ, ինչ որ պիտի ընես նէ, ըրէ… Աս ի՞նչ տարօրինակ քաղաք է. բարեւ, Աստծու բարին բարայ տուր Մէկու մը բարեւ տալու չէ… Տէր ողորմեա… Տէր Աստուած, մեղայ… Ամէն բան սահման մ՚ունի, էֆենտիմ… Հասկցայ… ժամ առաջ փախչելու է այս քաղաքէն…

—Կ՚երեւի, թէ էֆենտին բարկացուցած են, ըսաւ` ներս մտնելով տարիքը յիսունին եւ վաթսունին մէջ կորսուած քահանայ մը:

—Աս չքաշուիր, տէր հայր:

—Ողջոյն, օրհնած. թէպէտեւ դուք զիս չէք ճանչնար, բայց ես ձերին ով ըլլալն շատ աղէկ գիտեմ… ի՞նչպէս է, պատուական քէֆերնիդ աղէ՞կ է:

—Շիտակը` աղէկ չէ:

—Աստուած չընէ. Աստուծով քիչ ատենէն աւելի աղէկ կ՚ըլլայ: Ձեզի հետ քիչ մը առանձին մնալ կ՚ուզէի: (Սափրիչին) Քիչ մը դուրս կ՚ելլա՞ք: Ես քեզի համար ալ կը խօսիմ, էֆենտիէն կը հասկնամ խնդիրքդ եւ ես ալ կը բարեխօ­սեմ, որ ի նպաստ քեզի բան մ՚ընէ: Էֆենտի, սափրիչնիս ալ, գիտէք ա՛, ազ­գայիններէն է, անոր ալ երակներուն մէջ Հայկայ արիւնը կեռայ, անտես ընե­լու չէ զանոնք ալ… (սափրիչը կ՚երթայ): Ձեզի հետ մասնաւոր եւ առանձին տեսակցութիւն մ՚ընել ուզելուս պատճառն սա է, որ հրամանքնիդ կարգուիլ կ՚ուզէք եղեր… եւ ինչո՞ւ չկարգուիք: Իմացայ նէ, շատ ուրախացայ, եւ ինչո՞ւ չուրախանայի: Ձեզիպէսներն կարգուելու են, որ ազգերնուս մէջ հարուստ տղայք շատնան: Աղուոր աղջիկ կը փնտռէք կոր եղեր… եւ ինչո՞ւ չփնտռէք. ես ալ ձեր տեղն ըլլայի նէ ես ալ կը փնտռէի: Ստակ ալ կ՚ուզէք կոր եղեր քիչ մը… ինչո՞ւ չուզէք, առանց ստակի կարգուիլն ալ, շիտակը, աղէկ բան մը չէ: Արդ, ես իմ ձեռքիս տակն ունիմ անանկ աղջիկներ, որ թէ՛ աղուոր են եւ թէ՛ հարուստ:

—Շնորհակալ եմ, օր մը կը նայինք, աչքէ կ՚անցունենք զանոնք: Եթէ կ՚ուզէք, քիչ մը սպասեցէք, սա պատկերս քաշել տամ ու երթանք: Շիտակը խօսելով՝ ես ուրիշ գործ չունիմ հոս, աղջիկ փնտռելու եկած եմ. քանի մ՚օր պիտի մնամ. եթէ կրցի գտնել, կարգուիմ պիտի հետն ու առնեմ պիտի երթամ, եթէ չգտնեմ, դարձեալ պիտի երթամ, որովհետեւ հոս հանգիստ չեն թողուր զիս վայրկեան մը. ա՛լ ձանձրացայ:

—Իրաւունք ունիք, ժամանակներն ալ գէշ են, էֆենտիս, դրամական տագնապ, տագնապ դրամական ամէնուրեք կը տիրէ, ազգին աղքատները շատ են: Ինչ որ է, կը սպասեմ ձեզի ու ի միասին կ՚երթանք:

—Սա անպիտանն ալ մազերս շտկելու համար եկաւ ու…

Այս միջոցին պ. Դերենիկ ներս կը մտնէ ու

—Հրամմեցէ՛ք, կ՚ըսէ, սրահը:

—Բայց մազերս…

—Հոգ չէ, ես կը սանտրեմ:

—Բայց պեխերս…

—Վնաս չունի, ես կը շտկեմ:

Պ. Դերենիկ Աբիսողոմ աղային կ՚առաջնորդէ լուսանկարի սրահը:

Քահանայն առանձին կը մնայ եւ կը սկսի մտքովը հետեւեալ խորհրդածու­թիւններն ընել: Բայց ի՞նչպէս կրնանք մտքով եղած խորհրդածութիւններն գուշակել. դէմքէն անշուշտ. դէմքերը շատ անգամ կը խօսին. ինչպէս հա­րուստներուն, նոյնպէս նաեւ աղքատներուն լեզուն շատ անգամ անոնց դէմ­քին վրայ է: Մէկու մը դէմքը նայելով կրնանք ըսել՝

—Այս մարդն ինձմէ ստակ ուզելու եկած է, կամ այս մարդն ինձի ստակ տալու եկած է:

Քահանային դէմքն ալ կ՚ըսէր. «Ի՞նչ ճամբայ բռնեմ, որ սա ձմեռուան ածուխիս ու փայտիս ստակն սա մարդէն փրցնեմ»:

Քահանայն այս խորհրդածութեանց մէջ էր, երբ սափրիչն ներս մտաւ նո­րէն ու քահանային ըսաւ.

—Տէր հայր, գործս աւրեցիր. եթէ ներս չմտնէիր, քանի մ՚ոսկի պիտի փրցնէի այս մարդէն. տուող է՝ կ՚ըսեն կոր, տուող. բոլոր խմբագիրներուն եւ դասատուներուն ստակ տուեր է:

—Եղբայր, անոնք չե՞ն մի, որ պատճառ կ՚ըլլան կոր, որ մեզի պէս աղքատները չեն կրնար կոր օտարականներէ ստակ փրցնել: Հիւր մը եկա՞ւ մի, բոլոր խմբագիրներն ու դասատուները վրան կը թափին կոր… անիծեալ գարշելիներ…

—Ի՞նչ պիտի ընենք հիմա:

—Ես քեզի համար կը բարեխօսեմ, դուն ալ ինձի համար միջնորդէ, գոնէ մէյմէկ կտոր բան փրցնենք սա մարդէն:

—Շատ աղէկ:

—Հիմա հոս պիտի գայ, ես անոր ականջն ի վար կ՚ըսեմ, որ այս սափ­րիչը գոհ ըրէ, որովհետեւ շատ հարուստ տուներ կը մտնէ, կ՚ելնէ եւ կրնայ, եթէ ուզէ, գործդ աւրել:

—Գործը ի՞նչ է:

—Հարուստ աղջիկ մը կը փնտռէ կոր:

—Աղէկ: Ես ալ կ՚ըսեմ, որ քահանայէն զատ մէկու մը մի՛ վստահիր:

—Շատ աղէկ:

—Սա աղէկ ճամբայ է:

—Միամիտին մէկն է:

—Այո՛, դիւրահաւան է, բայց կողոպտեր են մարդը, էֆենտի՛մ, կողոպտեր են. մենք շատ ուշ հասանք:

Աբիսողոմ աղան զուարթ դէմքով կը դառնայ սենեակն, ուր քահանայն սափրիչին հետ կը խօսէր:

—Ներեցէ՛ք, Աբիսողոմ աղայ, կ՚ըսէ սափրիչն, ձեզի այդ խնդիրքն ընե­լուս համար. սակայն ես կարծեցի, թէ կրնայի իմ կողմէս ես ալ ծառայու­թիւն մ՚ընել ձեզ:

—Աբիսողոմ աղայ, պէտք է գիտնալ, որ, կ՚ըսէ քահանայն, մեր սափրիչ էֆենտին գրեթէ մայրաքաղաքիս բոլոր հարուստ տուները կը մտնէ. բոլոր աղջիկները կը ճանչնայ:

—Ի՞նչ կ՚ըսէք:

—Այո՛, ինքն ալ բարի մարդ մ՚է, կատարեցէք խնդիրքը, մեղք է:

—Արժանապատիւ հօրէն մի՛ զատուիք, եթէ անանկ միտք մ՚ունիք. տէր հօր ձեռամբ կարգուած երիտասարդներն միշտ գոհ մնացած են: Ուրախ եմ, որ ձեր գործը տէր հօր պէս բանիբուն եւ գործունեայ քահանայի մը ձեռքն ին­կած է. վստահ եղէք, որ երջանիկ պիտի ըլլաք ձեր ամուսնութեան մէջ:

—Բայց դուք պիտի օգնէք ինձի, տէր սափրիչ, կը յարէ քահանայն:

—Ես ի՞նչ բանի կարող եմ…

—Ձեր աջակցութիւնն ալ պէտք է…

—Կ՚ընեմ, ինչ որ կարող եմ ընել:

—Շնորհակալ եմ, Աբիսողոմ աղան օտարական չէ, ազգային է, կարգ­ուելու համար եկած է հոս. մեր պարտքն է օգնել իրեն:

—Հարկաւ: Աբիսողոմ աղային հետ ատելութիւն մը չունիմ ես, մանաւանդ թէ ինքը շատ բարի ու առաքինի մարդ մ՚է:

—Երեսին խօսիլ չըլլայ, ընտիր մարդ մ՚է:

—Պատուական մարդ է:

—Վրան նայիս նէ, կ՚ըսես, որ քիպարութիւնը վրայէն կը վազէ կոր:

—Ո՞վ կը պնդէ հակառակը, ես անոր թշնամին չեմ:

—Այսինքն թէ որ քեզի ալ հարցուի նէ, բարի վկայութիւն տաս:

—Անշուշտ:

—Աբիսողոմ աղան չիյ մարդ չէ, քեզի կը վարձատրէ վերջը:

—Գլխուս վրայ, գլխուս վրայ: Ա՜խ, տղուս վկայականն առնուէր ան­գամ մը:

—Հինգ օրէն ետքը, Աբիսողոմ աղայ, հինգ օրէն ետքը պատրաստ են պատկերներդ, ըսաւ պ. Դերենիկ ներս մտնելով:

—Շատ աղէկ, պատասխանեց Աբիսողոմ աղան ու գործարանէն վար իջաւ ընկերակցութեամբ քահանային ու սափրիչին: