Արշալոյս քրիստոնէութեան Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԴ 

Պարագայներու անակնկալ բերմամբ այսօր միայն կարող կ՚ըլլանք նուիրել ազգիս, իւր ողբացեալ Նահապետին հրատապ սրտին յետնագոյն կայծերէն մին՝ Արշալոյսը. գրքոյկ մը, ուր իրեն յատուկ ճարտարութեամբ հիւսուած են սոսկ պատմութիւնն եւ բանաստեղծական թռիչք. ուր մինչ հայ հայրենեացս նախընծայ խայրիք կը նուիրուին երկնից՝ մարտիրոսական նահատակութեամբ, Հեղինակին սիրտն ալ եռանդնավառ իղձերով կը վերանայ անոնց լուսաւոր հոգւոց հետ մինչեւ երկնից բարձունքը, իրեն հետ բարձրացնելով նաեւ ընթերցողին սիրտն ու երեւակայութիւնը։ 

Խաւարի եւ լուսոյ փոխն ի փոխ յաղթանակք, եւ հուսկ հեթանոսութեան մեհեաններու փլատակաց վրայ, քրիստոնէական տաճարներու հսկայագործ հիմնարկութիւնը, այնպիսի վառ գոյներով կը նկարուին Արշալոյս ի մէջ, որ ընթերցողն այն ժամանակներու մէջ ապրիլ կը կարծէ եւ դիւցազն նահ

Այս էր Հանգուցելոյն միակ փափաքն՝ Արշալոյսը նկարագրած միջոց, եւ մենք երջանիկ կը համարինք զմեզ եթէ այս հրատարակութեամբ կարենանք իր այդ միակ փափաքին իրագործման նպաստել

 

ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ՄԽԻԹ. ՏՊԱՐԱՆԻ 

13 Մարտ 1902