Դ.
ԵՐԿՈՒ
ԵՒՍ
ԱՌԱՔԵԱԼՔ
ՀԻՄՈՒՆՔ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՀԱՅՈՑ։
ՅՈՒԴԱ
ՅԱԿՈՎԲԵԱՆ
ԵՒ
ՍԻՄՈՆ
ԿԱՆԱՆԱՑԻ.
ՔԱՐՈԶՈՒԹԻՒՆ
ԱՅԼՈՑ
ԱՌԱՔԵԼՈՑ
ԵՒ
ԱՇԱԿԵՐՏԱՑ
Ի
ՀԱՅՍ
Մեր
երկու
գլխաւոր
քարոզիչ
Առաքեալքն
եւ
իրենց
աշակերտքն,
ինչպէս
տեսանք,
Հայոց
աշխարհին
արեւելեան
եւ
հարաւային
կողմերը
լուսաւորեր
են.
այս
յետին
կողմն
եկած
են
եւ
այլ
զոյգ
մի
Առաքելոց
Քրիստոսի
ձեռասուն
սանուց,
որք
եւ
ազգականք
եւ
եղբայրագիր
Աստուածամարդոյն,
Եղբայր
Տեառն
անուանեալք.
որոց
գլխաւորն
է
Յուդայն
Յակովբեան,
Ս.
Աստուածամօր
քեռորդին,
եւ
մի
ի
հեղինակաց
Նոր
Կտակարանի,
այսինքն
Կաթողիկեայց
վերջին
(եօթներորդ)
թուղթը
գրողն.
յորում՝
ինքնին
ծանուցանէ
որ
եղբայր
էր
փոքր
Յակովբ
կոչուած
Առաքելոյն,
վասն
որոշելոյ
ի
Մեծէն՝
որ
է
եղբայրն
Յովհաննու
Աւետարանչի։
Այս
Յուդա
երկու
տարբեր
անուններով
այլ
ճանչցուի,
Թադէ
եւ
Ղեբէոս,
որոց
պատճառն
ծանօթ
չէ
ինձ.
միայն
առջի
յիշուած
Ադդէներն
այլ
նորէն
յիշելով՝
կարծիք
մի
գայ,
թէ
այդ
անունն՝
որոյ
համաձայն
ասորերէն
բառ
մի
գովութիւն
նշանակէ,
գուցէ
իրենց
իբրեւ
գովելի
պատուանուն
մի
տրուած
ըլլայ։
Յուդայի
եւ
Յակովբայ
միւս
եղբայր
մի
էր
Շմաւոն
կամ
Սիմոն,
երկուքն
այլ
Երուսաղեմի
եպիսկոպոսական
աթոռը
նստան,
եւ
փառաւորապէս
նահատակուեցան։
Իսկ
մեր
լուսաւորութեան
գործակիցն`
իր
համանուն
նախաքարոզ
Թադէոսի
նման,
նախ
յԱսորիս
եւ
ի
Միջագետս
քարոզած
է,
եւ
այն
կողմերէն
մտեր
ի
Հայս,
ի
մէջ
Կորճայից
նահանգին
եւ
Պարսկահայոց։
Մեր
պատմիչք,
Յայսմաւուրք
եւ
վկայագիրք
միաբան
եւ
անտարակոյս
կ՚ըսեն,
թէ,
սա
յիշեալ
կողմերէն
յառաջ
գալով՝
եկեր
է
յԱղբագ
գաւառ,
եւ
հօն
հանդիպեր
է
Բարթողիմէոս
Առաքելոյ՝
յԱրտաշ
կամ՝
Արտաշատ
(ոչ
մեծ
մայրաքաղաքն)
կոչուած
տեղ
մի,
եւ
շատ
ուրախացեր
են
իրարու
հանդիպման.
որոյ
յիշատակի
համար
մօտիկ
բլրոյ
մի
վրայ
խաչ
մի
քանդակեն
ի
վիմի,
թուի
թէ
եւ
արձանագրեն.
տեղին
կոչուի
Օթեաց
խաչ,
իբր
թէ
հօն
օթեվաներ
դադրեր
են
օր
մի
կամ
օրեր,
եւ
իբրեւ
ուխտատեղի
պատուած
է։
Այս
դիպուածը
նշանակեն
Յայսմաւուրք
ի
չորս
քաղոց
ամսոյ
(դեկտեմբերի
12).
եւ
պատած
է
առաջին
անգամ
Բարթողիմէոսի
գալուն
յԱղբագ,
եւ
ոչ
ի
նահատակութեան
ժամանակին։
—
Յուդա
բաժնուելով
իրմէ
եկեր
է
յՈրմի
գլխաւոր
քաղաք
Պարսկահայոց,
եւ
անոր
մօտերն
ու
համանուն
ծովակին
բոլորտիքը
քարոզեր
եւ
լուսաւորել
է
երկար
տարիներ,
շատ
հալածանք
կրելով.
եւ
եթէ
աւելի
հեռու
այլ
գնացեր
է,
բայց
դարձեալ
նոյն
(Որմեայ)
կողմերը
գալով՝
հօն
այլ
նահատակուեր
է,
եւ
այն
տեղ
մինչեւ
հիմայ
պատուի
ի
Հայոց
եւ
յԱսորւոց
կամ
Քաղդէացւոց։
Հայք՝
մի
իրենց
չորս
առաքելական
եկեղեցւոյ
հիմանց
համարին
զնա
եւ
պատուեն,
որպէս
եւ
յիշեալ
սեմականքն.
եւ
շատ
օտար
երեւի
ոմանց
կարծիքն,
թէ՝
ի
Ներիտոս
կոչուած
տեղ
մի
նահատակուած
ըլլայ,
կամ՝
ի
Պերիթոս
Փիւնիկիոյ,
որ
է
այժմու
ծանօթ
Պէրութն
[1]
։
Հայոց
համարման
մեծ
նշան`
այլ
է
Բարթողիմէոսի
հետ
նշանակուած
ըլլալն
իր
տօնն
փեբր.
16,
եւ
դեկտ.
12,
կամ
այս
թուոց
մօտ
օր
մի։
Չորրորդ
հիմն
մեր
եկեղեցւոյ
կոչուածն
է
դարձեալ
մին
յերկոտասան
Առաքելոց,
Սիմովն
Կանանացի,
քաղաքակից
Բարթողիմեայ,
եւ
որ
Նախանձայոյզ
մականուանի
յաւետարանս։
Եթէ
ստոյգ
են
այլեւայլ
թուղթք
Աբգարու,
զոր
եւ
Խորենացի
ի
մէջ
բերէ,
(Բ,
ԼԳ.
)
գրած
առ
թագաւորս
եւ
իշխանս
սահմանակիցս
Հայոց,
սա
նախ
ի
կողմանս
Ասորեստանի
եւ
Բաբելոնի
քարոզեր
է,
ապա
ի
Պարսս
եւ
ի
Հայս։
Խորենացի
տարակուսի
անձին
կամ
տեղւոյն
վրայ
«ԶՍիմովնէ՝
որ
Պարսիցն
վիճակեցաւ՝
ոչ
զհաւաստին
կարեմ
պատմել,
եթէ
զինչ
գործեաց
եւ
կամ՝
ուր
կատարեցաւ.
քանզի
պատմի
յոմանց,
Սիմովնի
ուրումն
Առաքելոյ
կատարիլ
ի
Վերիոսփորայ.
եւ
թէ
նա
իցէ
ճշմարտիւ
եւ
թէ
էր
աղագաւ
գալուստ
նորին
անդր,
ոչ
գիտեմ»։
Խորենացւոյ
յիշեալ
տեղը
կ’իմանան
Կիմմերեան
Վոսփոր
կոչուածն,
Սեւ
ծովու
եզերքն,
ուր
եւ
թաղուած
է՝
ըստ
ոմանց՝
քարայրի
մի
մէջ։
Վրաց
պատմիչք
այսպիսի
անուն
մի
յիշեն
(Պոստափոր)
ի
կողմանս
Ալանաց,
ուր
քարոզեր
է
կ՚ըսեն,
Սիմոն.
աւելի
հաւանական
է
այլոց
Նիկոսիա
կամ՝
Անաքոփսի
կարծածն՝
ի
սահմանս
Ափխազաց
եւ
Եգերաց,
մօտ
ի
հին
Սօխումգալէ։
Յիրաւի,
շատ
տարուբերին
կարծիք
եկեղեցական
պատմըչաց՝
Առաքելոց
շրջագայութեան
եւ
վախճանած
տեղեաց
նկատմամբ,
սակայն,
գրեթէ
ամենքն
այլ
ընդունին՝
որ
Յուդա
եւ
Սիմոն՝
յարեւելս
քարոզած
են.
իսկ
Հայք՝
ինչպէս
առաջնոյն
հանգըստեան
տեղը
ցուցընեն,
նոյնպէս
երկրորդին
համար
այլ
կ՚աւանդեն՝
որ
նահատակուած
եւ
թաղուած
է
ի
Ռուսդաւա
կամ
Ռուսուդա
քաղաքի՝
«ի
թիկանց
Որմեայ».
–
ո՞ր
կողմէն
նայելով։
Որմեայ
արեւելեան
կողմն
չի
յարմարիր,
զի
մօտ
է
իր
ծովն,
այլ
թուի
յարեւմտակողմն
կամ՝
ի
հարաւ։
–
Կանանացւոյն
յիշատակն
ի
Յայսմաւուրս
դրուի
ի
17
ապրիլի.
իսկ
Լատինք
թէ
ասոր
եւ
թէ
Յուդայի
յիշատակը՝
դնեն
ի
28
հոկտեմբերի։
Յիշուի
դարձեալ,
Յուդա
անուամբ
եւ
Շապթիու
կամ՝
Շահբիու,
Շապիու,
մականուամբ՝
Հայոց
աւետարանիչ
մ’այլ՝
ի
Յայսմաւուրս
ոմանս
եւ
Միխայէլ
պատրիարք
ժամանակագրէն,
նահատակութեան
տեղն
այլ՝
խլաթ,
ծանօթ
եւ
մեծ
քաղաքն,
Վանայ
ծովուն
արեւմտեան
հիւսիսային
եզերքը.
յԵօթանասնից
աշակերտաց
Քրիստոսի
համարին
զնա
յիշողքն.
բայց
օտար
ազգաց
ծանօթ
չէ.
անունն
կըրնայ
շփոթել
տուած
ըլլալ,
բայց
նահատակութեան
տեղն
որոշուելով
միւս
Յուդայէ
եւ
Թադէէ,
ոչ
է
անհաւան՝
թէ
որ
եւ
է
անուամբ
մէկն՝
վերոյիշելոց
ատեն
կամ՝
քիչ
վերջ՝
եկած
եւ
քարոզած
ըլլայ
այդ
նշանաւոր
քաղաքին
կողմերը։
Արդ,
Հայք՝
ինչպէս
տեսանք,
իրենց
եկեղեցւոյ
չորս
առաջին
հիմունք
ճանչնան
զԹադէոս,
Բարթողիմէոս,
եռանունն
Յուդա,
(որ
եւ
Որդի
Կղէովպայ
կոչուի)
եւ
Սիմէոն
Կանանացի
-
երեքն
Առաքեալք,
միւսն
հաւասարեալ
եւ
առաջնութեամբն
նախադաս։
Ասոր
եւ
Բարթողիմեայ
գովասան
գանձասացն
(Խաչատուր)
երգին
վերջին
տան
մէջ՝
առ
Տիրամայրն
ակնարկելով՝
յիշէ
զասոնք,
իրեն
բարեխօսակից
ընդունիլ՝
ի
պաշտպանութիւն
Հայոց.
«Արքայուհի
Դշխոյ
անբծութեամբ,
Հանճարասքանչ
հոգւոյն
մաքրութեամբ,
Ներջահունակ
անբաժ
միութեամբ,
Ընդ
քեզ
առցես
միջնորդ
հաշտութեան
ԸզԹադէոս
պատուեալ
Գեղարդեամբ,
ԶԲարթողիմէոս
զարմն
ստուգութեամբ,
Յուդա
եղբայր
Մեծին
Յակոբայ,
Եւ
Շմաւոն՝
որ
Բարի–նախանձ.
Հաղորդեալ
վերին
պարգեւաց.
Ըստ
չորս
գետոց
եւ
չորս
աթոռոց,
Նոյն
եւ
տարերց
եւ
չորից
ծագաց։
Սոքօք
մաղթեա
զՈրդին
քո
գըթած՝
Խնամել
զազգըս
Հայաստանեայց։
Պահել
զաթոռ
սոցա
պարագայց
Ի
յաւիտեանս
ժամանակաց»։
Ուրիշ
քերդող
մ’այլ
(Ստեփանոս)
յ’ԺԷ
դարու,
համառօտ
կ՚ըսէ.
«Այս
չորեքումբք
վիմօք
հաստին
Շինուածք
մերոյ
սուրբ
հաւատքին»:
[1]
Կոդֆրիտ
Վիտերպացի՝
Երիտոն
կամ
Երիկտոն
քաղաք
կոչէ
տեղը
իր
քերթուածոյ
մէջ,
բայց
ի
Հայաստան
համարի.
Et
apud
Armenos
Erictone
sub
urbe
sepultus:
Illa
sepultura
mense
novembris
erat.
Գրիգոր
Անաւարզեցի
իր
Յայսմաւուրաց
մէջ
օտարանուն
տեղ
մի
յիշէ,
ի
Ռեսբիկէ,
ի
Բղեսիոն
?
բայց
յԱրտաս
գաւառի։