Արշալոյս քրիստոնէութեան Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԷ.
ՎԵՐՋԻՆ ԳՈՐԾՔ Ս. ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ ԵՒ ՓՈԽՈՒՄՆ 

Լուսաւորչի քահանայապետական վիճակն կրկին հաստատուած պայծառացաւ Նիկիոյ ժողովոյն գումարմամբ եւ Արիստակիսի առաքմամբ. այնուհետեւ իր հայրն, որ եւ բոլոր Հայաստանեայց հոգեւոր հայր, իր վերջին անխոնջ ջանքը քանի մի տարի այլ տարածեց, ըստ որում՝ գրէ Ագաթանգեղոս, եւ արժան է կարդալ (ՃԻԷ գլուխը), յետ ընդունելութեան իր որդւոյն եւ յաջորդին բերածները. «Առեալ զիւր վիճակն՝  զՀայաստան երկիրն՝ պայծառացուցեալ հանդերձ արքայիւն Տրդատաւ, զամենայն աւուրս կենաց իւրոց լուսաւորէր։ Ապա յետ այսորիկ սկսեալ երանելոյն Գրիգորի Ճառս յաճախագոյնս, դժուարապատումս, առակս խորիմացս դիւրալուրս յարմարեալ ի զօրութենէ եւ ի հիւթոյ գրոց մարգարէականաց, լի ամենայն ճաշակօք կարգեալս եւ յարմարեալս աւետարանական հաւատոյն ճշմարտութեան… Զաւետարանական ընթացսն եւ զվերակացութիւն եկեղեցւոյ սրբոյ՝ շնորհօք Աստուծոյ առանց պակասութեան տանէր. եւ առաւել փութայր գուն եդեալ զամենայն ոք յորդորելով առ ի բարեացն քաջալերութիւն, զցայգ եւ զցերեկ պահօք եւ աղօթիւք եւ ուժգին խընդրուածովք, զգուշացուցանէր ամենայն մարդոյ։… Եւ այսպէս հանդերձ թագաւորաւն եւ ամենայն աշակերտելովքն զամենայն ժամանակս իւրեանց ընթերցուածոց գրոց ծախէին զտիւ եւ գիշեր. եւ նովին ծաղկեալք եւ շահաւետեալք, եւ օրինակ բարեաց ուսումնասէր առ ընթերակայից ցանկ լինէին»։ Ո՞վ են առընթերակայքն. Գուցէ իր վիճակին Հայաստանի մերձաւոր օտար վիճակը կամ եկեղեցիք։ «Արդ այսու  օրինակաւ զամենայն աւուրս կենաց առաքելաբան առաքելագործ վարեալ՝ զհետ երեւեալ հրամանացն ընկալելոց, մինչեւ ի վախճան կատարածին զայս առնէր ամ յամէ, թաղեալ ի սէրն Քրիստոսի՝ լուսաւորէր»։ Գեղեցիկ եւ խոր վերջաբան Լուսաւորչի արդեանց. ոչ լոկ վառեալ բորբոքեալ ի սէրն՝ այլ եւ թաղեալ ի սէրն Քրիստոսի. արժանի մտածութեան եւ հիացման։ Այսու եւ հեղինակն Ագաթանգեղոս՝ կնքէ իր բովանդակ պատմութիւնը. գրոց պարզ յիշատակարան մի յարելով ի նոյն, եւ ուղղելով առ Տրդատ, առ որ նոյնպէս նուիրած էր եւ իր յառաջաբանը. ոչ յիշելով ոչ ասոր եւ ոչ Գրիգորի, (իր պատմութեան երկու վեհագոյն գործող անձանց) կենաց վախճանը, գուցէ անոնցմէ առաջ ինքն վախճանած էր։ 

Ոչ պակաս քան զգործս կենացն՝ սխրալի է եւ նշանաւոր, մանաւանդ հոգեկիր անձանց` իրենց մահն եւ պատրաստութիւնն ի մահ։ Լուսաւորչի համար շատ հեղ գրեր կրկներ էր Ագաթ. (ՃԻԱ), եւ տեղ մի յիշեցինք ինչպէս «ընդ ժամանակս ժամանակս ի լերինս ելնելն», այլեւայլ վանքերէ կրօնաւորներ հետը առնըլով, եւ անոնց  հաւասար ճգնելով. եւ երբ ամէն կողմ՝ եպիսկոպոսարաններ հաստատեց՝ այլեւայլ ազատութեամբ, կ’ըսէ (ՃԻԲ). «Ըստ գաւառաց գաւառաց երթեալ ընտրէր անձին իւրում կայս հանգստեան յանապատ տեղիս, եւ անդ բնակէր, եւ յանապատիցն լուսաւորէր զամենեսեան»։ Եւ թէպէտ Տրդատ (ՃԻԳ) շատ աղաչեաց զԳրիգոր՝ վասն հանապազորդ առ նմա կալոյ, զի ընդ ինքեան շրջեցուսցէ, որում ոչ հաւանեալ չառնոյր ի յանձն. այլ յանապատ տեղիսն հաճեալ բնակութեամբ՝ պահովքն կոխեալ զինքն, զի մի՛ տացէ հպարտութիւնն բարձրանալ կոխել զինքն»։ Գեղեցիկ է այս իմաստ Ագաթանգեղի. Լուսաւորիչ խոնարհութեամբ ինքզինքը կոխէր նուաստացընէր, որ չըլլայ թէ իր հրաշալի գործերն եւ ի հասարակաց հռչակին եւ գովութեանն հաւնելով՝ հպարտութիւնն յաղթէ կոխէ զինքը, եւ մեղանչել տայ։ Այսպէս մտածէին եւ ուրիշ սուրբ հոգեկիր անձինք. ոչ եթէ Գրիգորի առաքինութեան ոյժը պակաս համարելով, այլ արժէքն եւ շնորհքն չափազանց, եթէ կարելի է այսպէս ըսել, զի եթէ գերագոյնք քան զմարդիկ շնորհալից հրեշտակք հպարտացան եւ անկան, աւելի եւս կըրնայ մարդ դրդուիլ եւ կործանիլ։ Այս բանէս սիրողաբար վախնալով Գրիգորի սրտակից բարեկամքն, (մանաւանդ հեթանոսութենէ դեռ նոր արթընցած ազգին՝ անոր վրայ ունեցած համարմունքէն, որ գուցէ թէ եւ գերմարդկային եւ աստուածային անձ մի կարծէին զնա, ինչպէս եւ յետին դարուց մէջ անգամ՝ գտուած են այսպէս մտածողք), հոգեկիցքն ճգնաւորքն Անտոն եւ Կրօնիդէս, մտերմաբար իրեն խորհուրդ տային, որ այնուհետեւ՝ մինչ ամեն բան կարգի դրեր էր եւ իր որդին այլ իրեն տեղ քահանայապետ, թողու քաշուի անծանօթ անշէն կողմ մի, եւ ծածկուի ի մարդկանէ։ 

Կ'արժէ ներկայացընել հոս՝ այս յիշեալ երկու սուրբ ճգնաւորաց՝ (գոր ինքն Գրիգոր հաներ բերեր էր իրենց հայրենեաց ճգնարանէն) անգամ մի սիրալի եւ սխրալի կերպով իրարու հանդիպիլն Տարօնոյ վանորէից եւ անապատներու կողմերում, ինչպէս պատմէ ականատեսն Զենովբ։ Երբ Հռովմէն դառնալով Տրդատ զԳրիգոր հետն առած եկաւ այս կողմերս, փափագեցաւ տեսնել այն ճգնաւորները. Զենովբ այլ հրաւիրեց զԳրիգոր՝ որ գայ եւ իրեն յանձնած վանատեղւոյն հիմնարկած եկեղեցին այլ կանգնէ։ Թագաւորն եւ հայրապետն խաւրեցին զԱլբիանոս  մեծ եպիսկոպոսն որ երթայ բերէ իրենց ճգնաւորները, երբ եկաւ սա ասոնց ճգնարանը եւ չգտաւ զանոնք՝ հարցուց, եւ ըսին թէ շատոնց է որ անոնք իրենց խցիկները թողեր եւ չեն դարձեր. երեք օր փնտռեցին Ալբիանոսի հետ. չորրորդ առտուն կանուխ բլրոց վրայէն եւ անտառի միջէն սաղմոսերգութեան ձայներ լսուեցան. երբ աւելի մօտեցան Արեւու բլուր կոչուած տեղւոյ աղբիւրի մօտ, Անտոն եւ Կրօնիդէս իրենց քանի մի ընկերով այն արշալուսոյ եւ կանաչ երկրի պարզութեան մէջ երեւցան երգելով. «Ցոյց ինձ ճանապարհ՝ «յոր գնացիր»։ Ալբիանոս այլ իր կողմանէ փոխարէն երգել տուաւ. «Հոգի քո բարի առաջնորդեսցէ ինձ»։ Երբ հանդիպեցան իրարու՝ ճգնաւորքն ողջունեցին զեպիսկոպոսն՝ ըսելով, «Բարի եկիր, ճանապարհորդ խաղաղութեան». նա պատասխանեց. «Բարի գտաք զձեզ, օթեվանք Հոգւոյն Սրբոյ». կամ, «Բարի եւ խաղաղութիւն ձեզ, մշակք Աստուծոյ». ապա աւետիք տուաւ որ թագաւորն Տրդատ եւ Ս. Գրիգոր եկեր են զիրենք տեսնելու. անոնք այլ աւետիք ձեզ, ըսին, որ Աստուած այսպիսի լաւ ժամանակ պարգեւեց մեզ, զսատանայ հալածեց, եւ սուրբ հաւատքը հաստատեց։ Իսկոյն Ալբիանոս՝ սարկաւագներ ղրկեց առ Ս. Գրիգոր եւ առ Տրդատ, որ Արման քրմապետին յաղթուած տեղն էր. եւ երբ լսեց՝ ուրախանալով հրամեց որ խաչարձան մի կանգնեն այն տեղ եւ կոչեն Աւետեաց խաչ։ Ապա Ս. Գրիգոր իր հետ եղած բոլոր եկեղեցականներով թափոր կազմելով, խնկօք եւ ջահուք՝ երգելով եւ անտառները հնչեցընելով, ելան եկան ընդ առաջ ճգնաւորացն, զորս տեսնելով Ս. Գրիգոր, ողջունեց. «Բարիոք գտաք զձեզ՝ առաւօտք բարեաց». անոնք այլ պատասխանեցին. «Բարի եկիր արուսեակդ արդար խաղաղութեան՝ որ զտիեզերս լուսաւորես». այս տեղս այլ կոչեցաւ Աւետեաց բլուր։ Ապա եկաւ Տրդատ համբուրեց ճգնաւորները եւ օրհնութիւն խնդրեց. նոքա այլ հոգեւոր խօսքերով ուրախացուցին զնա եւ իրեն հետ եղողները։ Յետոյ աղօթք եւ պաշտօն կատարեցին, այլ եւ մարմնաւոր ուրախութիւն։ Աւելի պակաս իբրեւ 15 օր այն կողմերը պտըտելով՝ ուր որ առաջուց կործանած Դեմետրի եւ Գիսանէի տաճարն էր՝ հօն մեծամեծ քարերով բարձր խաչ մի կանգնել տուաւ թագաւորն եւ նաւակատիք ընել, այն հանդիսից եկած բազմութեան մարդկան թիւն այլ գրել անոր վրայ, որ եղաւ 60, 000, կամ՝ գրոց ուրիշ  օրինակի համեմատ՝ 100, 450, թագաւորին զօրքն եւ Գրիգորի հետ եկողներն այլ միանգամայն հաշուելով։ Այս յիշատակն ապագայից թողլով՝ բաժնուեցան ի ճգնաւորաց եւ ի նոր սրբազանեալ տեղեաց՝ թագաւորն եւ Գրիգոր՝ իրենց պաշտօնէիւք, եւ զինուորական եւ եկեղեցական երգոց միախառնութեամբ, որոց ձայնք եւ արձագանգք կարծեմ ոչ այնքան յանտառաց եւ ի բլրոց հնչէին՝ որքան երկընքէն

Զայս եւ նախընթաց դիպուածներն այլ յիշելով՝ անկարելի թուի որ հոգի եւ սիրտ ունող ու ներկայ եւ հանդերձեալ հայրենիք յիշող անձ մի՝ չըզգայ իր մէջ նուրբ եւ սուրբ ձայն մի, հզօր ազդում մի։ Այսպիսիք էին իրք եւ կիրք յԱրշալուսի անդ եւ յԱրեւածագն Լուսաւորութեան Հայոց. որովք ոչ միայն կրօնական անձինքն զմայլեցան, այլ եւ զօրականք եւ արքունիք. որք թերեւս աւելի երկար օրեր փափագէին գնալ այն տեղ. բայց յանկարծ պատերազմական փողեր հնչեցին, իմացընելով՝ որ թէպէտ Տրդատայ ի Վրաց կողմ՝ խաւրած գունդն յաղթեց վանեց հիւսիսային հրոսակները, սակայն անոնք նորէն զօրաժողով ընելով՝ առաջ կու գան. հարկ էր որ փութայ Տրդատ անոնց դէմ։

Իսկ Գրիգոր՝ ըստ միաբան վկայութեան  Ագաթանգեղի եւ Խորենացւոյ, յետ դարձի Արիստակիսի ի Նիկիոյ՝ ասոր յանձնելով իր աթոռն եւ հովուապետական գաւազանը, «այնուհետեւ ոչ եւս երեւեցաւ յայտնեալ ումեք», ինչպէս կ՚ըսէ երկրորդն . ՂԱ), կրկնելով իր առաջուց ըսածը . ) «Դարձեալ ի նոյն լերինս՝ ոչ ումեք յետ այնր յաւելոյր երեւել, մինչեւ ցվախճան»։ Ո՞ր են այդ լերինք. շատ տարի առաջ այլեւայլ լերանց մէջ ճգնէր Գրիգոր, ուսկից երբեմն իջնելով այցելէր իր հօտին, բայց այս վերջին անգամ՝ եկեղեցւոյն եւ աշխարհի բոլորովին հրաժարական բարեւ տալով, քաշուեցաւ Եզընկայ եւ Դարանաղեաց (Կամախայ) միջոց եղած Սեպուհ լերան քարայրի մի մէջ, ուր քիչ առաջ Հռովմէն եկած Հռիփսիմեանց մէկ ընկերն՝ Մանի` առանձնացեալ ճգնելով վախճաներ էր, եւ նոյն ինքն Գրիգոր զինքը գտեր, հոգին հոգացեր, մարմինը թաղեր, եւ տեղը ժառանգեր էր, որ եւ անոր համար կոչուեցաւ Մանեայ-այրք։ Այս բանս այլ զարմանալի նախախնամութեամբ, Գրիգոր լուսաւորչական կեանքը սկսի Հռիփսիմէով, վերջանայ անոր ընկեր [1] Մանիով

Խորենացւոյ ճիշդ հաշուով՝ իր Լուսաւորչութեան սկիզբն կ՚ըլլայ Տրդատայ թագաւորութեան 17դ տարին, որ է Քրիստոսի 301-2, վերջինն՝ յետ 30 տարւոյ (332)։ Ո՞րքան ժամանակ այլ ապրած է յետին առանձնութեան մէջ. եւ ի՞նչպէս. հարցընելու է իր պահապան հրեշտակին, որ՝ ըստ աւանդութեան՝ հրեշտակաց ինն դասուց չորրորդէն էր։ Հաւանօրէն քանի մի տարի ապրած է. բայց մեր ոճով տարիք ըսելով այլ ըստ իրեն՝ կենաց եւ մահու մէջ վիճակ մ’էր, աւելի անմահութեան մօտ քան մահու. եւ այս այլ յարմար մեր Եղիշէի յիշած պղատոնական առածին, «Մահ ոչ իմացեալ` մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է». ըստ այսմ էր եւ Գրիգորին, եւ այն ըստ մեզ ապրած տարիներն՝ մանաւանդ թէ ամիսներն եւ օրերն՝ մէկ մէկ աստիճանը եւ ոտնփոխք էին երկնաչու սանդղոց, մօտէ մօտ առ Աստուած վերցընելու։ Վերջապէս, ի՞նչպէս եղաւ վախճանն. զայս այլ հրեշտակաց հարցընելու է։ Սակայն քիչ մ'այլ մարդկային մտաց ոյժ մը տալով՝ եւ մեզմէ դարերով առաջ մեր նախնեաց խորհրդածութիւնը քննելով՝ լաւագոյն համարիմ կարդալ մէկ հոգերգողի մի Շարականն՝ այս խնդրոյս նկատմամբ, հեղինակն ըլլայ Խորենացի, ըլլայ Եզնկայեցի. այն շարականն՝ որ իր առաջին բառին համար Լերինք կոչուի սովորաբար, եւ մի է մեր ընտիր խորազգած, ներշընչեալ շարականներէն. միանգամայն եւ Գրիգորի մահուան եւ մարմնոյն գտուելուն աւանդութիւնները շօշափէ, իր շատ անգամ լերանց մէջ ճգնելուն համար, ինչպէս տեսանք քիչ առաջ։ Իրաւամբ եւ յաջող գիւտով՝ հեղինակն կու սկսի գովութեամբ լերին՝ որ ընդունեցաւ, ծածկեց եւ պահեց զՍուրբն, այնպիսի Սուրբ, որով կըրնար լեռն գերազանցել ի մէջ լերանց, զորս համարձակ կանչելով՝ կ՚ըսէ. «Լերինք ամենայն, այսօր ցնծացէք ընդ մեծապայծառ փառսն Սեպուհոյ գերազանց լերին. քանզի ի նմա բնակեցաւ Սուրբն Գրիգորիոս, սիւն լուսոյ Հայաստանեայց սուրբ եկեղեցւոյ. որով ցնծան ի փառս վերնոյն Սիովնի: Որ (Սեպուհ) առաւել խորին խորհրդով խնդայ քան զԱրարատեանն բարձր Մասիս, քանզի ի նմա հանգեաւ Սուրբն Գրիգոր. տապանն ապշեցուցիչ ի հոսանաց մեղաց Հայաստան ազանց. որով փրկիմք միշտ»։ Գ եւ Դ տունք շարականին բաղդատեն զՍեպուհ ընդ Սինայ եւ ընդ Կարմեղոս լերանց, փայլեցընելով զԳրիգոր՝ անոնց վրայ ելլող  Մովսիսի եւ Եղիայի մէջ։ Ե տունն՝ ըստ աւանդութեան յիշեցընէ հրեշտակաց երեւնալն եւ այցելել առ Լուսաւորիչն, եւ յայսմ բաղդատէ ընդ Եսայի մարգարէի. «Համանմանեալ ամովսածնին Եսայեայ կայծակնամաքուր սուրբ մարգարէին՝ Տէր Գրիգորիոս, վեցթեւեան Սերովբէից կիզիչ կենդանեաց՝ եղեւ տեսանող՝ հոգւով կենդանին. զանդընդախոր զձորն՝ երկնից կամար յօրինեաց»։ Գեղեցիկ ճարտար համեմատութիւն՝ ձորոյ խորութիւնն երկնից բարձրութեան զուգելով։ Դարձեալ Զ տամբ Սուրբ Գրոց մէջ սրբազնեալ Սանիր եւ Ահերմոն լերանց բաղդատէ զՍեպուհ, ուսկից՝ լուսոյ աղբիւրն Գրիգոր՝ այն կողմի երկիրը պարարտացնելու համար՝ բարեհամ՝ ջրոց աղբիւր բղխեցուց։ Է տունն լերին գագաթէն վար կ’իջեցնէ ի Մանեայ-Այրն, բաղդատելով Բեդղեհիմի այրին, ուր յորդորեցան դստերքն Եւայի՝ կուսութեամբ ըլլալ մայր Քրիստոսի, իսկ հօս յորդորին մարդիկ մաքուր վարքով ազատանալ ի մեղաց։ Ը տունն դարձեալ լեռ մի դիտէ, անհամեմատ սուրբ եւ վեհ լեռ. Գողգոթա՜, յորոյ վրայ խաչն Քրիստոսի կանգնեալ զաշխարհ փրկեց. ասոր՝ անկարելի էր բան մի հաւասարել. սակայն մեր հեղինակն՝ այն Ս. Խաչին դէմ՝ հանէ աւանդութեամբ Տրդատայ սուրէն [2] ձեւացուցեալ Խաչ մի եւ նուիրուած խաչեցեալ Կենարարին. «Զէնն արքայական՝ սպանմանն գործի՝ կենաց արքային (Քրիստոսի) ի կենաց գործիս նուիրեալ. որով փրկեսցէ զմեզ յաւիտենից մահուանէ»։ Երկու խաչերով իրենց տեարքն այլ լռելեայն կամ հեռուանց իրարու համեմատին, Քրիստոս եւ Տրդատ։ Թ տամբ դարձեալ դառնայ առ Լեառն Սեպուհ, եւ բաղդատէ կամ նմանցընէ՝ այն աննիւթ աստուածային լերան, որոյ համար հարցընէր մարգարէն, թէ ո՞վ կըրնայ ելնել հօն եւ բնակել ի խորանն սուրբ. եւ համարձակ ի վերայ բերէ, թէ կըրցաւ Գրիգոր. «Զոր եւ տեսաք առ Սուրբն Գրիգոր կատարեալ»։ Տասներորդ տունն իջեցընէ զաւանդութիւնն՝ թէ Սերովբէք՝ գերագոյնք ի դասս հրեշտակաց փափագելով իջնէին գային «Ի տես մարմնով ճգնողին. (անոր համար եւ) պատիւ տեղւոյն անուամբն կոչի», այսինքն լերան կամ այրին մօտ տեղ մ’այլ Սերովբէք կոչուեցաւ եւ ուխտատեղի մ’եղաւ։ Վերջին (ԺԱ) տունն ստուգագոյն աւանդութիւնն է, թէ այն կողմերում արածող հովիւք՝ դիպուածով գտեր են (ո՞րքան ատենէ վերջ) Լուսաւորչի անշընչացեալ մարմինը՝ քարայրին քով, կամ՝ գիհի ծառի մի խորցած փորուածին մէջ կռթընած, եւ չճանչնալով ով ըլլալը՝ հօն թաղեր են. «Հովուին հսկողի (Գրիգորի)՝ եւ Քաջ Հովուին (Քրիստոսի) պատկերի (նմանողի), հովիւքն եղեն հետեւողք. զոր ամփոփեցին՝ զմարմինն մաքուր, մերձ ի յԱյրն Մանեայ, մեզ դեղ ախտից մաքրութեան, որով սրբիմք հոգւով ի թիւնից վիշապին» (սատանայի)։ Այս կերպ գտնուիլն աւելի հաւանական կ՚երեւի  քան ուրիշ կերպով գրուածն յոմանս ի Յայսմաւուրաց, որպէս թէ, հովիւքն գտած ըլլան զմարմինն նստած «Իբրեւ ողջ ընդդէմ արեւելից, խաչանման ի վեր ունելով զաջն առաքելական ի վերայ աստուածատիպ պատկերին, եւ սեղան սուրբ ի փայտէ պատուականէ, եւ սկիհ եւ մաղզմայ փայտեայ՝ պատեալ դիպակ հանդերձիւք սուրբ կտաւօք. եւ քող ոսկեթել ծայրիւք ծալեալ վուշ դաստառակաւ եւ եդեալ ի պահարան կտաւեայ. եւ գաւազան ի ձախոյ ձեռին՝ հաստատելով ի վերայ ծնկացն։ Եւ առեալ բերին վէմս մեծամեծս, որպէս եղեն իմաստնացեալք՝ Աստուծոյ, եւ շինեցին շուրջ զնովաւ գմբեթաձեւ եւ բարձրագոյն, զի մի (ոք) հասցէ ի նա, եւ կապեցին զգմբէթն զայն օր. եւ երկրպագեալ գնացին ի խորանս իւրեանց, եւ պատմեցին ամենեցուն, եւ փառաւոր առնէին զԱստուած»։

Մեր եկեղեցասիրաց այլ գրասիրաց այլ ծանօթ են Լուսաւորչի վրայք երգուած ուրիշ շարականք եւս, ինչպէս Յովհ. Եզնկայեցւոյ՝ այբուբենից թուով 36 տունք, գրեթէ բոլոր իր չարչարանքները յիշելով եւ պէս պէս գովելով, ուրիշ շարականք այլ՝ իր չորս անգամ՝ տարւոյ մէջ տօնուելուն համար. զանազան գեղեցիկ տաղեր այլ, նա եւ ներբողներ կամ՝ ճառեր այլեւայլ վարդապետաց գործ, յորս նշանաւոր է Յովհ. Սարկաւագ վարդապետին. բայց մեր այժմեան պարագային կարեւորն եւ անոնց մէջ այլ վեհագոյն այս լերանց շարականն էր՝ որ եւ միակ յիշատակ անծանօթ կերպով մահուան Լուսաւորչին, որ ոչ միայն իր խոնարհութեան՝ գերազանց շնորհք մ'եղած է Աստուծոյ կողմանէ, այլ եւ զգուշութիւն մի նոյն կողմանէ, որպէս Մովսիսի անծանօթաբար մեռնիլն Իսրայելացւոց համար, որ թանձրամիտ կամ՝ շատ սիրահար ժողովուրդն՝ երկուքին այլ աստուածական պաշտօն եւ պատիւ չտան. նա ի կատար Նաբաւ լերին անյայտացաւ՝ Միքայէլ հրեշտակապետի հովանաւորութեամբ, սա Սերովբէից սպասաւորութեամբ ի Սեպուհ, որ եւ կոչուեցաւ իր անուամբ լեառն Ս. Գրիգորի։ Անապատներու մէջ, մանաւանդ յԵգիպտոս եւ ուրիշ կողմերու առանձնութեանց մէջ շատ Սուրբք անյայտօրէն վախճանած են, եւ յետոյ ոմանք յայտնուեր են ոմանք միշտ անյայտ անծանօթ մնացեր, Աստուծոյ միայն գիտելիք. բայց մերս Լուսաւորիչ` ինչ որ ըսինք՝ իր եւ Աստուծոյ կամօք առ ժամանակ մի այնպէս մնացեր է, եւ յետ հովուաց ձեռօք այնպէս թաղուելուն, ստոյգ համարելով զայն, զոր եւ Խորենացին յիշէ , Ղ) գեղեցիկ խորհրդածութեամբ պարզելով շարականին վերջի տան եւ մեր վերի ըսածները. «Վայելէր իսկ նոցա (հովուաց) «որք Փրկչին մերոյ ծննդեանն եղեն խորհըրդածուք, լինել եւ աշակերտի յղարկմանն սպասաւորք։ Եւ ծածկեալ ամեն բազումս՝ աստուածային իմն գոգցես տեսչութեամբ, իբրեւ զՄովսէսն զայն ի հնումն, զի մի ի պաշտօն առցի ի դեռահաւատ բարբարոսացն ազգաց. իսկ յորժամ՝ սերտեալ հիմնեցան հաւատք կողմանցս այսոցիկ, զկնի յետ բազում ժամանակաց`յայտնեցաւ ճգնաւորի ումեմն Գառնիկ անուն կոչեցելոյ, եւ բերեալ եդաւ ի գիւղն Թորդան՝ նշխարք Սրբոյն Գրիգորի»։ Յետ զայս ծանուցանելու՝ արժանապէս Լուսաւորչի արժանեաց վրայ այլ խորհրդածելով կնքէ. «Սա՝ յարեւելից կողմանց (Պարթեւաց) աշխարհիս մերոյ արեւելք ծագեալ մեզ, եւ իմանալի արեգական հոգեւոր ճառագայթ, ի խորին չարութենէ կռապաշտութեան՝ ելք ճշմարիտ, բարի այսահալած. երանութեան եւ շինութեան հոգեւորի առիթ. աստուածային արդարեւ արմաւենի տնկեալ ի տան Տեառն եւ ի գաւիթս Աստուծոյ մերոյ ծաղկեալ, եւ այսպիսեօք ժողովրդովք բազմացեալ. մեզ ժողովեաց ի փառս եւ ի գովեստ Աստուծոյ»։ 

Եթէ աստուածային յայտնութեամբ եղած է Լուսաւորչի մարմնոյ գիւտն եւ փոխադրութիւնն ի Թորդան, ուր պարտէզ մ’ունէր ստացուած, հարկ է որ մեծ հանդիսիւ եղած ըլլայ, եւ այն նշխարաց մասն մի առնուած ըլլայ յառաջնորդաց եկեղեցւոյն. բայց ստոյգ պատմութիւն չկայ այս բանիս, այլ յիշուի Ե դարուն վերջերը Զենոն կայսեր հրամանաւ բոլոր մարմնոյն կամ մեծ մասին տարուիլն ի Կ. Պօլիս, միայն աջ բազուկը թողլով ի Հայս. եւ յետ քանի մի դարուց ուրիշ մասն եւս բերուած ի Հայս, թէ խնդրանօք թէ ճարտարութեամբ, եւ ըստ Լատինացւոց աւանդութեան՝ գլուխն եւ այլ մասն նըշխարաց եւ չարչարանաց գործեացն՝ փոխադրեալ ի Նաբոլի մեծ քաղաք Իտալիոյ, ի վանս կուսանաց, որք եւ յաջորդաբար պահեն եւ պատուեն զանոնք՝ Սրբոյն նուիրած եկեղեցւոյ մէջ, որ տեղացւոց ծռաբանութեամբ U. Լիկորիոյ կոչուի՝ փոխանակ Գրիգորիոյ։ Աստի այլ մանր մասունք ցրուեր են ուրիշ քաղաքներ, ինչպէս ի Մեսսինէ Սիկիլիոյ. Կալաբրիոյ՝ Հռիգիովն (Reggio) քաղաքում այլ եղած է եւ կայ եկեղեցի մի յանուն մեր Ս. Գրիգորի, զոր Փոքր կոչեն որոշելու համար Գրիգոր Ա պապէն որ Մեծն կոչուի։ Այս մեր Գրիգորի եկեղեցին երբ հիմնուած կամ նուիրուած է հօն, ինձ չէ յայտ. բայց  այսչափ որ ԺԶ դարուն վերջերում պապական եւ եպիսկոպոսական կոնդակօք այդ եկեղեցին տրուած է Դոմինիկեան կրօնաւորաց։ Զուտ Հայոց ձեռօք եւ ծիսիւ կանգնուած եւ կանգուն կայ ի Լիվոռնոյ՝ Հայոց եկեղեցի մեր Լուսաւորչին, ի սկիզբն ԺԸ դարու, եւ մինչեւ հիմայ հայերէն պատարագուի հօն կաթոլիկ Հայոց քահանայէ, եւ որոյ պահապանք են քանի մի հայ ընտանեաց սերունդք թէ եւ հայերէն չգիտեն։ Ի Հռովմ՝ այլ եղած է եկեղեցի յանուն մեր Ս. Լուսաւորչի ասկէ վեց եօթն դար առաջ. Իտալիոյ ուրիշ քաղաքաց Հայոց եկեղեցիք այլ գոնէ խորան մի նուիրած են իրենց Լուսաւորչին, որպէս Վենետկոյ Հայոց Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր եւ քանի մի դար է՝ մինչեւ այսօր պատուի, եւ առաւել եւս ի խորանին որ ի մեր Ս. Ղազար կղզւոջ Մխիթարեանց։

Օտար տեղեաց եւ ազգաց մէջ առ Ս. Լուսաւորիչ նուիրուած պաշտօնը կանխեցինք յիշել, որ հաւաստիք ըլլայ թէ որքան մեծ եւ ծաւալեալ էր եւ է անուն նորա՝ իր կենդանութեան ժամանակէն սկսեալ եւ ամէն հին եկեղեցւոյ տօնացուցից եւ Յայսմաւուրաց մէջ նշանակեալ, ինչպէս առաջ այլ յիշեցինք. եւ թէ նոքա պարզ անուամբ չափ յիշեն զմեր  Սուրբս (բաց ի Լիվոռնոյի եւ Նաբոլիի եկեղեցիներէն), մեր երախտագէտ հարք եւ ազգ՝ յայսմ մասին ինչպէս լաւ ճանչցեր լաւ այլ յարգեն եւ պաշտեն իրենց աննման հայրն եւ Լուսաւորիչը. տարին չորս հինգ անգամ տօնելով զնա իր այլեւայլ յիշատակօք. աւելի եւս նշանակեն Յայսմաւուրք մեր եւ կ՚ըսեն, թէ եւ ամեն օր տօնէինք՝ շատ չէր, եթէ ոչ տօն՝ այլ յիշատակն գրեթէ ամեն օր կ՚ըլլայ ի ժամերգութեան եւ ի պատարագի։ Իսկ նիւթականքն՝ եկեղեցիք, մատրանք, վանորայք, ուխտատեղիք Հայաստանի եւ Հայոց գաղթականաց յԱսիա եւ յԵւրոպա՝ ամեն կողմ եղած են եւ կան, եւ կըրնան անթիւ ըսուիլ. նոյնպէս կարելի է ըսել՝ թէ Հայոց ազգային եւ անմոռաց մասից եւ սրտի սիրելի գաղափարաց մէջ առաջինն է իրենց Ս. Լուսաւորիչն։ Կարելի է դարձեալ ըսել, երկու ձայնարձակ զօրաւոր անուն իրենց յուշոյ տարերք եղած են, մին արտաքին եւ մթնշաղ, Հայկն, միւսն ներքին՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ, ի վեր քան զայլ ամենայն ազգային՝ ոչ սակաւ սիրելի եւ պանծալի անուանս, այսինքն անձինս։

Ամփոփելով ինչ որ ըսինք այս գրուածիս մէջ իր վրայօք եւ ինչ որ գրած եւ ըսած են բնիկք եւ օտարք, սկսեալ յԱգաթանգեղոսի հայ եւ յոյն բնագրէն՝ մինչեւ ի յետին լատին եւ իտալացի վկայաբանս (յետինքս չորս հինգ գրող եւ տպագրող ունին Լուսաւորչի վարուց), ընթերցողին կամ խորհրդածողին մնայ երեւակայել կազմել Լուսաւորչի գաղափար մի, որքան մեծ բարձր հրաշալի ի միջի մեծաց եւ հրաշալեաց. որքան լայն է միտքն, տաք է սիրտն, լուսաւոր է հոգին. ասոր չափն իւրաքանչիւրի կարողութեան չափով է, եթէ կարելի է չափ դնել այսպիսի Լուսաւորչի մի։ 



[1] Իրեն համանուն Manne, ճգնակից եւ ժամանակակից կոյս մի եղած է ի կողմանս Գաղղիոյ, որ յիշատակուի յ'3 հոկտեմբեր ամսոյ։

[2] Աւանդութիւնն կ՚ըսէ, թէ այս սուրս ի Մեծն Կոստ. կայսերէ տրուած է առ Տրդատ, եւ կոչուի հալհաւունի, իբր թէ սրոյն մետաղեայ նիւթն հաւերու ստամոքաց մէջ իբրեւ կուր կլլուած եւ հալուած ըլլայ, եւ անոնց դուրս ձգելէն վերջը՝ ժողված, հալեցուցած եւ կազմած սուր. եւ թէ այսպէս կ՚ընեն ի կողմանս Պարսից, աւելի հաւանական էր Պահլաւունի կոչել զսուրն։