Արշալոյս քրիստոնէութեան Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.
ՏՐԴԱՏ ԵՒ ԳՐԻԳՈՐ 

Որքա՜ն նախախնամական եւ զարմանալի երեւցաւ ծագումն լուսոյ կրօնից յաշխարհս մեր, եթԷ ի սկզբան մարդկութեան եւ եթէ ի սկզբան քրիստոնէութեան, կըրնամք ըսել՝ թէ այլ աւելի, գոնէ՝ զգալի եւ բացայայտ եղաւ ընդհանուր ծաւալումն քրիստոնէութեան ընդհանրութեան ազգիս, որպիսի թերեւս չէ եղած յայլ ազգս. վասն որոյ եւ իրաւամբ այս նոր քարոզիչ եւ առաքեալն Հայոց՝ կոչուի Լուսաւորիչ։ Միանգամայն եւ շատ սքանչելի հանգամանօք եղած է այս Լուսաւորութիւնս, թէ քաղաքական տեսութեամբ եւ թէ կրօնական. եւ հարկ էր որ այսպէս ըլլար՝ երբ ողջոյն ազգ մի կրօնափոխ կ՚ըլլայ՝ կարճ ժամանակի մէջ. մանաւանդ՝ այնպիսի պնդակարծիք ազգ մի՝ ինչպէս Հայոցս. զորս՝ շարժելու եւ հնաւանդ կրօնքէն ի նորն փոխելու համար՝ (մարդկօրէն խօսելով) արտաքին մղող ոյժ մ՚այլ պէտք էր։ Այս ոյժն  էր հսկայակերպ Տրդատայ հզօր բազուկն, Գրիգորի կակուղ ձեռաց աջակցեալ, բայց եւ Տրդատայ եւ հասարակաց յաջողութեան՝ ուրիշ արտաքին նպաստ մի եւս կար, զոր քաղաքական տեսութիւն կոչեցի. եւ հարկ է բացատրել։

Հայոց բարեկարգ կամ կանոնաւոր ազգ եւ տէրութիւն մի դառնալէն վերջ՝ թագաւորութեամբ Արշակունեաց, 400 եւ աւելի տարի անցեր էր՝ մինչեւ ի սկիզբն երեւնալու Տրդատայ ի պատմութեան. այս չորս դարուց մէջ՝ թէ եւ երբեմն երկու համացեղ տէրութիւնք՝ Հայք եւ Պարթեւք՝ գժտութիւն կ՚ունենային, բայց աւելի երկար ատեն բարեկամութեամբ եւ խնամութեամբ վարուէին. Հռովմայեցւոց անյագ աշխարհակալութիւնն եւ մասամբ աշխարհաւերութիւնն էր շատ հեղ երկպառակութիւն ձգող եւ տակն ու վրայ ընող զերկիրս եւ զժողովուրդս, ինչ որ ի Հայս եւ ի Պարթեւս ըրին նոքա՝ այդ երեք կամ չորս դարուց միջոց՝ ծանօթ է ամենուն, եւս առաւել մեզ, ինչ որ մեր աշխարհակալ Տիգրանայ եւ Միհրդատայ օրերէն մինչեւ ի Վաղարշայ եւ Խոսրովու օրերն՝ ըրին. երբեմն պատերազմով երբեմն հաշտութեամբ ընդ Հայոց, քիչ կամ շատ ազատ թողլով զմերս։ Երրորդ  դարուն վերջերը եւ յատկապէս Դիոկղետիանոսի կայսերութեան ատեն (284-305–11), փոխուեցաւ իրենց աշխարհավարութեան կերպն. փոխանակ մէկ կայսեր միահեծան հրամանատուութեան, երկու երեք եւ չորք միաժամանակ կայսերք կամ՝ կեսարք եւ օգոստոսք երեւցան, եւ իրենց տիեզերածաւալ տէրութեան աշխարհները բաժնեցին քանի մի ընդարձակ վիճակ, որոց մէջ գտուած ազգային տէրութեանց այլ՝ սահման եւ իշխանութեան չափը որոշեցին։ Այս միջոցին հանդիպեցաւ մեր աշխարհին սահմանն եւ բաղդն եւս. յետ Ա. Խոսրովու սպանման ի նորահաստատ Պարսից Սասանեանց բռնաւորաց, մեր երկրին նուաճման, եւ Տրդատայ երկարամեայ պանդըխտութեան՝ երբեմն տիրելով հայրենի աթոռոյն եւ երբեմն զրկուելով, իր արիական զինուորութիւնն ի բանակս Հռովմայեցւոց, ի մեծ վտանգէ ապրեցընելն զԼիկինիոս՝ (որոյ գնդին մէջ զինուորած էր, եւ որ յետոյ թշնամացաւ կրօնից փոփոխութեան պատճառաւ), թող ինչ որ կ՚աւանդուի Գոթաց դէմ եւ Հռչէի վրայ քաջագործութիւններն, այս ամենն պատճառ եւ իրաւունք տուին Տրդատայ, ոչ միայն իր հայրենի գահը ժառանգելու, այլեւ պաշտպան ունենալու զՀռովմայեցիս՝ ընդդէմ՝ Սասանեանց, եւ չափաւոր ազատութիւն մի տուին նոքա մեր թագաւորին, բայց տէրութեան սահմաններն ամփոփելով՝ որչափ էր բնիկ Մեծ Հայոց, ի բաց առնըլով Տիգրանայ տիրացած երկիրները եւ Փոքր Հայոց գաւառները։ Շատ որոշ կերպով նշանակէ Ագաթանգեղոս (ՃԻ) այս իր ատենի Հայոց տէրութեան սահմանները, երբ Գր. Լուսաւորչի քարոզութեան սահմանները յիշէ. սկսեալ յարեւմտեան կողմէն՝ պատելով ի հիւսիս, եւ դառնալով յարեւմտեան հարաւ՝ պատելով զհարաւակողմն, եւ վերանալով յարեւելակողմն եւ հիւսիս. «Ի Սատաղացւոց քաղաքէն . եւ Մ. Հայոց միջոց) մինչեւ առ աշխարհաւն Խաղտեաց, մինչեւ առ Կաղարջօք, Վրաց սահման, մինչեւ ի սպառ ի սահմանս Մասքթաց, մինչեւ ի Դրունս Ալանաց, մինչեւ ի սահմանս Կասպից, ի Փայտակարան քաղաք արքայութեանն Հայոց. եւ յԱմդացւոց քաղաքէն մինչեւ առ Մծբին քաղաքաւ, քերէր առ սահմանօքն Ասորւոց, առ Նորշիրական երկրաւն, եւ առ Կորդուօք, մինչեւ յամուր երկիրն Մարաց, մինչեւ առ տամբն Մահքրման իշխանին, մինչեւ յԱտրպատական»։ Այս սահմանաց մէջ բովանդակին Մեծ Հայոց 15՝ աշխարհքն՝ ընդարձակօրէն, որոց կ’իշխէր Տրդատ՝ ազատաբար, իբրեւ դաշնակից Հռովմայեցւոց։

Այս դաշնակցութիւնս տեւեց իբրեւ 15 կամ՝ 25 տարի, սկսեալ յամի 286, յորում թագաւորեց Տրդատ, մինչեւ ի սկիզբն հրովարտակի հալածանաց քրիստոնէից (303), յոր ստիպեցաւ Դիոկղետիանոս՝ ի դրդելոյ իրմէ աւելի անզգամ՝ կայսերակիցներէն. որոցմէ՝ քիչ տարի վերջ (305) ինքն այլ զզուելով՝ հրաժարեցաւ ի կայսրութենէ եւ քաշուեցաւ իր հայրենիքը, Դալմատիա, բանջարներ մշակելու։ Երբ կայսերակիցքն սկսան աւելի բըռնաւորաբար տիրել եւ հալածել զքրիստոնեայս, Տրդատ՝ որ արդէն ազգովին քրիստոնեայ էր, կտրեց անոնց հետ դաշնակցութեան կապը, իր երկրին ազատ տէր եղաւ, բայց հակառակութիւն չէր ցուցըներ եւ որոշուած սահմաններէն դուրս չէր ելներ, մինչեւ որ այդ հալածիչ կայսերաց մօտագոյնն՝ միանգամայն եւ անմտագոյնն, չստիպեց զինքն երեւնալու՝ միանգամայն պաշտպան իր երկրին եւ իր նորընկալ սուրբ հաւատոց քրիստոնէութեան։ Զայս հարկ է հիմայ յիշել՝ թէ ինչպէս եղաւ, ինչպէս Արշալոյսն քրիստոնէութեան Հայոց՝ արեգակնապէս սփռելով եղաւ Արեւելք Լուսաւորութեան Հայոց։ 

Եթէ սոսկ ազգայնոցս՝ Հայոց համար՝ ուզէի շարել այս տողերս, գրեթէ ամաչելով պիտի դադրէի. որոց՝ այնքան ծանօթ համարիմ՝ իրենց համօրէն լուսաւորութեան սկիզբն եւ պարագաները, որ մեզ իբր աւետարան մի հարկ է ըլլալ, ինչպէս որ Ս. Լուսաւորչի վարդապետութիւնն այլ՝ Ագաթանգեղոսի պատմագրութեան կցած՝ Աւետարան Ս. Գրիգորի կոչուած է։ Կ'ուզեմ՝ այլ հաւատալ՝ թէ այնքան մեծ երեւցեր է եւ է այս լուսաւորութիւնս Հայոց, որ եկեղեցական պատմութեանց սկզբնագրող Եւսեբեայ աչքը՝ կերպով մի շլացուցեր է. եթէ օտարոտի իմն է ըսածս, նոյնպէս եւ օտարոտի պէտք է համարի՝ իր պատմութեան մէջ բնաւ չյիշելն այսպիսի գերօրինակ դիպուածը։ Նոյնը պէտք է ըսել եւ իր հետեւող Զոսոմենոսի համար, որ եւ Վրաց եւ ուրիշ ազգաց դարձն ի քրիստոնէութիւն յիշէ , Զ) [1], բայց զՀայոց` ոչ, սակայն ուրիշ տեղ մի յիշէ միայն՝ որ Հայք իրենց շըրջաբնակ ազգերէն առաջ ընդունեցան զքրիստոնէութիւն, եւ թէ՝ յԵդեսացւոց եւ ի Հայոց աստուածային արանց մտաւ քրիստոնէութիւնն  ի Պարսկաստան. եւ զի՝ շատ հին է քրիստոնէութեան մուտքն ի Պարսս, ապա հնագոյն եւս ի Հայս խոստովանի լռելեայն կամ՝ յայտնապէս՝ պատմիչն։ Մի՞թէ, այդ պատմիչք որ այլեւայլ ազգաց քրիստոնէութիւնը պատմէին՝ ճանչնալով զանոնք հպատակ Հռոմէական կայսերութեան, իսկ զՀայս միայն ինքնագլուխ տէրութիւն մի, այս պատճառաւ թողուցին յիչել, թէ արդեօք՝ շատ զարմանալի եւ անժխտելի հանգամանաց հետ՝ մարդկօրէն զարմանալիք եւ երկբայելիք այլ լսելով՝ չուզեցին կամ չկրցան որոշել եւ աւանդել. այլ Հայոց քրիստոնէութեան վրայ բնաւ չէին տարակուսեր եւ տեսանք արդէն՝ որ նոյն ինքն Եւսեբիոս էր յիշող զՄեհրուժան եպիսկոպոս Հայոց՝ ի կէս Գ դարու։ 

Իրմէ քիչ յետոյ ժամանակաւ երկու Ս. Հարք Լատինաց՝ զարմանալի կերպով յիշեն Հայոց քրիստոնէանալը։ Ս. Ամբրոսիոս յիշելով Քրիստոսի ըսածը` ըստ Մատթ. աւետարանչի (ԻԴ, 14), «Քարոզեսցի աւետարանս արքայութեան ընդ ամենայն տիեզերս. Եւ զի սփռեցաւ, կ՚ըսէ, աւետարանի քարոզութիւնն ընդ ծագս երկրի, եւ արդէն Գոթք եւ Հայք հաւատացին ի նա, վասն  այնորիկ տեսանեմք զկատարած աշխարհի» [2] ։ Իսկ իրմէ յայտնի տեսողն Ս. Հերոնիմոս՝ կարճ եւ վսեմ՝ երկու բառով բացատրէ. «Իջոյց (կամ՝ թափեաց) Հայկազն՝ զկապարճսն» [3] ։ Այսինքն Հայք` (որոց յայտարար նշանն յաչս եւ յերգս յոյն եւ լատին քերթողաց՝ իրենց աղեղն ու կապարճն էր [4] ), Քրիստոսի առջեւ՝ իրենց զէնքը բռնութիւնը վարդրին. եւ աղօթքն իսկ տեսնէր եւ վկայէր, Հերոնիմոս երբ ինքն ճգնելով մօտ ի սուրբ Այրն Բեդղեհեմի, ուրիշ ուխտաւորաց հետ գային եւ Հայք եւ կապարճնին ուսերէն վար կ՚առնուին։ 

Թողունք այս ոչ մեկ կարեւոր խնդիրս, եւ անոր հետ մեր պատմչաց աւանդածին մէջ այլ քննադատութեան աւելի կամ պակաս ենթակայ նիւթերը, ինչպէս, Տրդատայ կերպարանաց այլափոխութիւնն միանգամայն եւ բարուց, մեհենաց կործանման ատեն դիւաց մարդակերպ փախուստն, Տրդատայ գրեթէ գերահսկայ ոյժն, Գրիգորի եւ Ս. Յակովբայ Մծբնացւոյ ազգականութիւնն, Հռիփսիմեանց քանի մի դէպքերն, եւ այլն, որք որքան եւ կրնան չափաւորապէս մեկնուիլ եւ ըստ այժմ հաւատալի ըլլալ, սակայն աւելի զարմանալի կ՚ըլլայ՝ եթէ բոլոր Ագաթանգեղոսի (որ ի սկզբան՝ յունարէն գրուած է), եւ մեր Դ եւ Ե դարու պատմչաց ըսածներն, զոր Յոյնք եւ Ասորիք, մինչեւ Եգիպտացիք (Ղփտիք) եւ Եթովպացիք անգամ իրենց Յայսմաւուրաց մէջ պատմեն, ասոնք անհաւատալի կամ դժուարահաւատալի երեւան։ Արդարեւ հրաշալի են. եւ հրաշալեաց սահման չկայ առ Աստուծոյ. բայց եւ խոհականութիւնն կըրնայ ընտրել զհրաշալին ի հրէշալւոյն։ Եւ որքան աւելի կամ պակաս հրաշալի երեւի մեզ կամ օտարաց՝ մեր ազգին քրիստոնէութեան դարձն ի ձեռն Լուսաւորչին, ո՛ր կերպով եւ է, հարկ իսկ է մեզ երկիւղածութեամբ գոհանալ զԱստուծոյ։ 

Եթէ Տրդատայ անունն Արշակ եղած ըլլայ եւ Գրիգորի Սուրէն, Հռիփսիմեայ այլ այլ կերպ ըստ օտարազգի Յայսմաւուրաց, չէ՝ ինչ փոյթ. բայց իրական, պատմական եւ ստոյգ է՝ առջինին մարմնով եւ մտօք զօրաւոր եւ դիւցազնական մէկն ըլլալն, երկրորդին Հայոց ազգին ընդհանրութեան լուսաւորիչ ըլլալն, երրորդին՝ հիանալի փափուկ կապ մի ըլլալն այդ երկուքին միջեւ, եւ որ եւ է նայուածքով սխրալի երրեակ մի աստուածային ներգործութեան՝ ի հաստատութեան հաւատոց եւ եկեղեցւոյս Հայաստանեայց որոց բովանդակ գործոց շարքն՝ արդարեւ դիւցազնական, վիպասանական, ողբերգական հանգուցաւոր բան մի է, սակայն բունն եւ կենդրոնն ստոյգ։ Ո՞ւր թողունք որ գրեթէ ամէն երկրի քրիստոնէութեան ընդունելութիւնն հրաշալեօք եղած է. եւ ուր հրաշք կայ ի կարեւոր դէպս սեփական պատմութեան, արժան է գոյանալ զհրաշագործողէն, որ է ինքն Աստուած, որոյ եւ է իր արարածոյ ձեռօք։

Պարզօրէն իսկ պատմական, այլ ստոյգ  պատմական պատկերօք զննելով՝ այդ Հայոց Լուսաւորութեան առիթ երրեակը, եւ իրենց կապակցութիւնն ի լրումն մեծ եւ սուրբ գործոյն, շատ նշանաւոր եւ հետաքնին կ՚երեւին, թէ դիպուածքն թէ անձինքն։ Ասոնց առաջինն՝ ժամանակաւ, ոչ պակաս եւ արդեամբք՝ է ամենայն մասամբ Մեծ, ահեղ, երբեմն Դիւցազն եւ ապա Խոստովանող Քրիստոսի եւ Սուրբ, թագաւորն Տրդատ։ Ի մանկութենէ՝ վտանգաց եւ դժարութեանց մէջ ընկած, մտօք եւ մարմնով կռուելու յաղթելու ջանացող, հարկաւ եւ յօժարութ եամբ։ Եթէ լոկ մարմնոյ ուժով եւ յաջողութեամբ ըրածներն ըստ աւանդութեանց, նկատուին, հելլենական հսկայից եւ դիւցազանց դասակցելի է. եթէ աննըկուն ոգին եւ ջանքն՝ իր հօր եւ իր ազգին տէրութիւնն եւ թագը կորզելու յօտարաց եւ պսակուելու, քաղաքագէտ եւ յաղթող թագաւորաց դասակցի. եւ եթէ յայսմ մասին կշռուի իր ըրած ծառայութիւնն եւ օգնականութիւնն Հռովմէական ինքնակալութեան, այն՝ Սասանեանց զօրաւոր դիմակալութեան, եւ կայսերաց բազմաւորութեամբ շփոթած ժամանակ, ոչ փոքր երախտաւոր պէտք է ճանչցուի այն գոռոզ տիեզերակալաց, որ իրենց կողմանէ այլ՝ յայսմ գտուեցան երախտագէտ, եւ փոխադարձ օգնութիւն մատուցին եւ յաջողցուցին թագաւորութեանը։ Իսկ երբ նկատուի իբրեւ քրիստոնեայ եւ առաջին հանդիսապէս թագաւոր քրիստոնեայ, եւ իր ազգը խմբովին քրիստոնէացընելու՝ ձեռնտու Լուսաւորչին, եւ յորդորող` թագաւորական (կամ՝ լաւ եւս ըսելով տրդատական) հեղինակութեամբ, յայսմ` անհամեմատ է իր արդիւնքն, եւ արժան է կրկնել մեր մեծ պատմչին (Խորենացւոյ, Բ, ՂԲ) ծանրակշիռ տեսութեամբ խօսքը. որ՝ զԼուսաւորիչ նախակարգէ «միայն վկայութեան եւ առաքելութեանն վիճակաւ», անկէ զատ՝ յամենայնի «զուգաբան եւ հաւասարագործ» զՏրդատ. նա եւ աւելի եւս քան զնա. «քանզի, խորհելն յաղագս Աստուծոյ եւ ճգնազգեցիկ լինել՝ զոյգ (է) երկոցունց (Գրիգորի եւ Տրդատայ). իսկ նուաճել (զժողովուրդն համոզել) հաւանեցուցողականաւ կամ բռնաւորականաւ բանիւ՝ առաւել էր թագաւորին շնորհ (քան զքաղցր Գրիգորի). քանզի, ըստ հաւատոյն՝ ոչ ինչ կասեցուցանէր զգործն. այնր աղագաւ կոչեմ եւ զսա նախաշաւիղ ճանապարհ, եւ Լուսաւորութեանցն մերոց Հայր Երկրորդ»։ Նոյն դատաստանաւ վճռէ դարձեալ՝ «Բազմափայլ ճառագայթ. Երկրորդ նահատակ. եւ մերոյ Լուսաւորութեանցս՝ լուսաւոր վերակացու՝ Ճշմարիտ թագաւոր», եւ այլն։ Եթէ, մարդկօրէն դատելով, Բարդողիմէոսի եւ Թադէոսի ատեն ըլլար այսպէս Տրդատ մի՝ այն ատենէն կ՚ըլլար Հայ ազգն այլ քրիստոնեայ. իսկ եթէ Գրիգորի ատեն չըլլար Տրդատն՝ Գրիգոր այլ մասնական լուսատու մի կ՚ըլլար Հայոց ոմանց՝ այլ ոչ համօրէն Հայոց։ Սակայն, «Ո՞ գիտաց զմիտս Տեառն, կամ ո՞ եղեւ նմա խորհրդատու»։

Տրդատ՝ մեր արշակունի թագաւորաց անընդհատ 400 տարուան ծանօթ պայազատն էր, իսկ Գրիգոր ո՞վ էր, որ այնպիսի մեծ եւ հզօր թագաւոր մի՝ աւելի մեծագոյն գործոյ գործակից ըրաւ։ Յանկարծօրէն եւ յօտար աշխարհէ՝ մայրենի ծածկութեանց մէջ կծկած, չի ծնած ճանապարհորդելով՝ կ՚արձակուի ի Հայս. կենաց լոյսը կու տեսնէ՝ Հայոց հոգւոց առաջին լուսածագ Թադէի հանգստարանին վրայ. իր հայրն Անակ՝ դաւաճանութեամբ սպաննելով զթագաւորն Հայոց Խոսրով՝ խաւարցընէ զտէրութիւն եւ զազգ Հայոց, ի ժամանակի անոր յաղթող փայլմանց. արժանապէս ինքն այլ կու սպանուի բոլոր ընտանեօքն. իր դատապարտուած մարած կրակէն՝ կայծակ մի միայն թռչի փախչի թաքչի յարեւմուտս, եւ յետ երկար տարիներու պէսպէս դիպաց՝ դառնայ կ՚ըլլայ Լուսաւորիչ իր հօրը խաւարցուցած աշխարհին, եւ անոր (Տրդատայ) որ իրաւունք ունէր զինքը չարաչար սպաննելու՝ կ՚ըլլայ կենսատու յաւիտենից կենաց, յետ տարեւոր ժամանակաւ` առանց իմացընելու ծառայելով իրեն՝ իբրեւ աշխարհիկ պաշտօնեայ։ Ի՞նչ զարմանք է այս, ով մտածեց, ով հնարեց, ով կարգաւորեց այս բաներս, սա մարդկան գործ չէ. հրաշալի է, գործ է Աստուծոյ, անքննելի եւ ափշեցուցիչ, այլ եւ հոգեզուարճ նախախնամութիւն. որոյ զարմանալի օղակաւոր իմն յաջորդութիւն՝ Է Տրդատայ բարեբաղդաբար թագագլուխ դարձին ատէն յօտարութենէ ի հայրենիս, գտնելն զԳրիգոր անծանօթաբար, զորդի իր հօր սպանչին, եւ առնուլ իրեն հաւատարիմ՝ եւ սիրելի պաշտօնեայ. իր ուրախութեանց միանգամայն եւ մոլորութեանց մեծահանդէս խրախճանին՝ անոր յանձնելն՝ որ զկարծեցեալ Մայրն Հայոց զԱնահիտ՝ ծիածան ծաղկօք պսակէ. հիացուցիչ գաղտնեաց յայտնուիլն. Անակայ որդի Սուրենի` (Գրիգորի) Քրիստոնեայ հաւատով եւ դաւանութեամբ կանգնիլն իր ընտրած ահաւոր տիրոջ դիմաց. խոստովանիլն, վիճելն, տանջուիլն, եւ դարձեալ անկարծօրէն գաղտնեաց վերջին քողն այլ բացուելով՝ իմացուիլն ով եւ որու որդի ըլլալն, դատապարտուիլն ի վիրապընկեցութիւն՝ մօտ յԱրտաշատ մայրաքաղաք թագաւորութեան Հայոց, եւ երկար տարիներ հօն մեռելատիպ մնալն, իբրեւ կայծ ընդ մոխրով, մինչեւ դարձեալ մեծասքանչ հրաշալեօք յայտնուելով լուսածագելն առ հասարակ ի Հայաստան [5] ։



[1] Այս գլուխ պատմութեանն այլ հարազատ չի համարուիր՝ այլ եկամուտ։

[2] Ս. Ամբրոս. Մեկն Ղուկայ Ժ. 14. Տicut autem precessit in orbem terræ Evangelii pre dicatio, cui jam et Gothi et Armenii crediderunt; et ideo mundi finem videmus.

[3] U. Հերոն. Թուղթ ԾԷ. Deposuit pharetra Armenius.

[4] Հայոց ճարտար աղեղնաւորութիւնը եւ քաջադիպութիւնը Հայկայ օրերէն սկսեալ՝ մինչեւ այդ յիշեալ Ս. Հօր ժամանակ, շատ բանաստեղծք եւ պատմիչք յիշած են, եւ մեր յիշելու տեղ չէ հou. բայց որովհետեւ այն քաղցրաբան Ամբրոսիոս Հայրն ընդ Գոթաց զուգեց զՀայս, յիշենք միայն Լուկանոս բանաստեղծին այս տողը.

Armeniosque arcus goticis intendite nervis.

Պնդեցէք զՀայկական աղեղունս ի լար գոթացի։

Գովէ Հայոց շինած եւ վարած աղեղը, Գոթաց պատրաստած լարով կամ ջիղով։

[5] Այս շղթայաշար իրաց մէջ պէտք չէ մոռնալ եւ օղակ մի. Սալահունի նահատակն Թէոդոր, զոր առաջ յիշեցինք։