Զ.
ՀԵՏՔ
ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ
Ի
ՀԱՅՍ,
Յ՚Բ
ԵՒ
Յ՚Գ
ԴԱՐՍ.
ՈՍԿԵԱՆՔ
ԵՒ
ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆՔ
ԵՒ
ԱՅՐԱՐԱՏԵԱՆ
ՎԿԱՅՔ
ԳՐԵԹԷ
անտարակոյս
է՝
որ
Աշակերտը
Հայոց
քարոզիչ
Առաքելոց,
մինչեւ
ի
վերջ
Ա
դարուն
Քրիստոսի`
շարունակէին
զնոյն
քարոզութիւն
կամ՝
զհովուութիւն
բանաւոր
հօտին
Քրիստոսի։
Որոշակի՝
Խուժիկ
Բաբելասայ
համար
ըսուած
է՝
թէ
մինչեւ
ի
սկիզբն
Բ
դարու
ապրեր
է,
բայց
դեռ
Ա
դարու
մէջ
եւ
նոյն
իսկ
Առաքելոց
ատեն,
մէկ
քանի
փառաւ
որ
յիշատակք
քրիստոնէութեան
եւ
նահատակութեանց
կան
ի
Հայս,
զոր
եւ
տօնիւ
հռչակէ
եկեղեցի
մեր
տարուէ
տարի,
թէ
եւ
դիպուածոց
ամեն
պարագաներն
բացայայտ
չըլլան։
Ասոնց
գլխաւորք
են,
(աշխարհական
բարեկենդանութեան
եղանակին
տօնուած
եւ)
վայելուչ
քանի
մի
տուն
շարականօք
երգաբանեալ
Սուրբ
վկայքն
Ոսկեանք
եւ
Սուքիասանք։
—
Առաջինքն,
ըստ
պատմութեան
Ճառընտրաց
եւ
Յայսմաւուրաց
մերոց
(որոց
աղբերքն,
յունարէն
եղած
են),
ի
կայսերաց
Հռովմայ
դեսպանք
եկել
էին
ի
Հայս,
հինգ
անձինք.
գլխաւորն
կոչուէր
Խրիւսի,
որ
յունարէն
բառին
նշանակութեամբ
Ոսկի
կոչուի
հայերէն.
բայց
կարելի
է
համանշանակ
լատին
անունն
ըլլար
Աւրելիոս։
Յայսմաւուրաց
մին՝
Խռսիկ
գրէ
անունը,
եւ
այր
Գռեհիկ,
թուի
թէ
Կրէք՝
յոյն
անունը
այնպէս
լսեր
է
[1]
։
Ասոնք
կը
հանդիպին
Թադէոսի
աշակերտաց,
եւ
անոնց
օտարոտի
հագուստը
տեսնելով՝
կասկածին
եւ
սկսին
հարցընել
ո՞վ
եւ
ուստի՞
են.
եւ
լսելով
ի
Թադէոսէ
ստուգապէս՝
ով
ըլլալն
եւ
Քրիստոսի
վարդապետութիւնը,
երկբայելով՝
նշան
մի
կ՚ուզեն.
եւ
մօտի
լերան
վրայ
տեսնելով
եղջերուներ,
կ՚ըսեն՝
որ
կանչէ
զանոնք
կամ
մէկ
հատը.
Թադէոս
կանչէ,
կու
գան.
մէկը
մոր
են
եւ
ուտեն.
Թադէոս՝
մորթը
ոսկերաց
վրայ
ձգելով
կ՚ողջընցընէ
եւ
խաւրէ
ընկերացը։
Եթէ
ոչ
այսպիսի
հրաշքով
մի՝
սակայն
Առաքելոյն
որ
եւ
է
քարոզութեամբը
կու
հաւատան
ի
Քրիստոս
եւ
մկրտուին.
Խրիւսի
ձեռնադրուի
քահանայ.
ապա,
փոխանակ
զիրենք
դեսպան
խաւրողաց
դառնալու,
կ՚երթան
յարքունիս
մեր
Արտաշէս
Բին.
եւ
յետ
դեսպանութիւնը
կատարելու,
քրիստոնէութիւն
այլ
քարոզեն։
Արտաշէս՝
կամ՝
անոնց
կայսեր
կողմանէ
գալուն
պատկառելով,
կամ՝
իր
անուշ
բնաւորութեամբը՝
հանդարտօրէն
լսէ,
բայց,
հիմայ
զայդ
քննելու
ատեն
չունիմ,
պատերազմի
երթալու
վրայ
եմ,
կ՚ըսէ.
անոնք
այլ
Սաթինիկ
թագուհւոյ
քարոզեն։
Ասոր
քով
գտուին
իր
Ալանաց
ազգէն
եկած
պաշտօնեայք
յարքունիս,
յորոց
19
անձինք
կ՚աշակերտին
Ոսկեանց.
գլխաւորնին
Բահադրաս
կամ՝
Բարաքադր
կոչուած
է.
որ
յետ
մկրտութեան
կոչուի
Սուքիաս,
յորմէ
եւ
ընկերքն
Սուքիասանք։
Թագւորորդիքն՝
եռանդուն
երիտասարդք՝
եւ
իրենց
հեթանոսական
առասպելեաց
սիրողք,
մանաւանդ
երկուքն՝
որ
եւ
դիմորոշ
յօդիւ
կոչուին
Վրոյն
եւ
Վնոյն,
եւ
անշուշտ
առաջինն
է
մեր
հին
բանաստեղծն
Վրոյր
կոչուած
առ
Խորենացւոյ),
կու
հալածեն
զՈսկեանս։
Ասոնք
երթալով`
ինչուան
հիմայ
ծանօթ
եւ,
ուխտական
տեղ՝
Բագրեւանդ
գաւառի
սահմանները՝
Արածանի
(Եփրատայ
ճիւղին)
աղբերականց
մօտերը,
երկար
ատեն
(ըստ
ոմանց,
43
տարի)
ճգնաւորական
կեանք
կ՚անցընեն։
Իսկ
Սուքիասանք
նեղուելով
արքայորդւոց
յորդորանքէն՝
կու
թողուն
արքունիքը
եւ
գան
Ոսկեանց
քով,
եւ
հօն
մկրտուին,
«յակունս
Եփրատայ,
ի
ծաղկազարդ
վայելչութիւնսն»,
ըստ
Շարականի
մերոյ.
որոց
անուանքն
յունարէն
յիշուին՝
անշուշտ
փոփոխելով,
ինչպէս
իրենց
գլխաւորին՝
Սուքիասայ
[2]
։
Ատեն
մի
կենալով
Ոսկեանց
մօտ,
յետոյ
կ՚երթան
դէպ
յարեւմուտք,
իրենց
գլխաւորին
անուամբ
Սուկաւէտ
լերին
ստորոտը,
որ
հիմայ
յայլազգեաց
կոչի
Քէօսէ
տաղ.
տեղն՝
ջրոց
առատութեան
համար
կոչուէր
Ջրաբուղխ
կամ
Ջրաբաշխ.
զի
կ՚աւանդուի
թէ
Ս.
վկայքն
երկար
տարիներ
(44-6)
այն
կողմեր
կենան
քարայրներու
մէջ՝
միայն
խոտ
ճարակելով,
եւ
կամ՝
ասոր
համար
իբրեւ
վայրի
այծերու
նմանելով՝
Քօշք
կ՚անուանին,
կամ՝
կիսամերկ
մարմնին
այտուց
մազերու
նման
ծածկուելուն
համար։
Անհանդարտ
թագւորորդիքն
կու
գան
նորէն
նեղեն
զՈսկեանս.
եւ
յորդորեն
իրենց
ազգայինները՝
թողլու
լեռները
եւ
դառնալու
յարքունիս,
եւ
երբ
ասոնք
«անպարտելի
մնացին
ի
հրապուրանաց
որդւոյ
թագաւորին»,
ըստ
Շարականի,
արքայորդիքն
այլ
սրակոտոր
կ՚ընեն
զՈսկեանս,
եւ
չհամարձակելով
Սուքիասանց
այլ
դպչիլ`
դառնան
իրենց
տեղ։
Ոսկեանց
նահատակութիւնն
ի
19
սեպտեմբերի
նշանակուած
է։
–
Երկու
կամ
երեք
տարի
վերջը
կ՚ըլլայ
իրենց
աշկերտաց
նահատակութիւնն,
այս
կերպով
եւ
իրենց
երկրէն
ելած
ատեն,
կ՚ըսուի,
թէ՝
Ալանաց
թագաւորն
կոչուէր
Շապուհ,
որոյ
յաջորդն
Գիգիանոս
կամ
Դադիանոս՝
յիշելով
զԲահադրաս
եւ
ընկերները,
շատ
հարցուփորձ
կ՚ընէ,
գիտնալու
թէ
ո՞ւր
գացեր,
ի՞նչ
եղեր
են.
պաշտօնէից
մէկն՝
որ
Սկոհեր
կոչուի
(միթէ
Ոսկեհեր?),
կ՚իմացընէ՝
ի
Հայաստան
երթալնին՝
իրենց
խնամի,
Սաթինկան
քով.
Գիգիան՝
խարէ
Բառլահա
անուամբ
մէկը
(որոյ
անունն
Դրախտ
Աստուծոյ
թարգմանուի,
կ՚ըսէ
պատմիչն.
ի՞նչ
լեզուէ),
որ
յետ
շատ
որոնելու
գտնէ
Սուրբերը,
գոնէ
անոնց
մէկ
քանին՝
նոր
աշկերտներով.
հարցընէ
տեղեկանալ,
որ
անոնց
գլխաւորն
Բահադրաս
ողջ
է
հօն,
այլ
երկար
ճգնաւորական
վարուքն՝
այլակերպեալ
անշքացեալ։
Կ՚իմանայ
անոնց
կրօնքը
եւ
կեանքը,
շատ
յորդորէ
որ
դառնան
իրենց
հայրենիքը
եւ
հանգիստ
ապրին,
եւ
երբ
անոնք
հաստատուն
մնան
քրիստոնէութեան
հաւատոց
վրայ,
բարկանալով՝
կզակնին
սղմել
տայ
տանջանարանով,
եւ
յետ
այլեւայլ
չարչարանաց՝
սրակոտոր
ընել,
եւ
մարմիննին
այրել
տայ,
կամք,
ըստ
ոմանց՝
չորս
չորս
ցիցերու
կապելով
ողջ
ողջ
այրել։
Այս
19
վկայից
հետ
կան
եղեր
երկուք
այլ՝
պատանիք,
ի
հարկէ
նոր
աշակերտք,
որք
վախնալով
փախչին
եւ
պահուըտին,
եւ
յետ
կատարման
նահատակացն՝
կ՚ելնեն
ժողվեն
անոնց
ոսկորները,
քարերով
ծածկեն,
եւ
անուննին
այլ
գրեն։
—
Զուտ
անընդունելի
աւանդութիւն
մի՝
կ՚ըսէ,
թէ
հրաշալի
տեսլեամբ
պատուէր
կ՚ըլլայ
Կոստանդիանոս
կայսեր,
որ
կու
գայ
գտնէ
անոնց
նշխարները
եւ
պատուով
թաղէ
ի
վկայարանի.
եւ
այս
կ՚ըլլայ
իրենց
նահատակութենէն
230
տարի
վերջը։
Եթէ
Կոստանդիանոսի
ի
Քրիստոս
հաւատալէն
230
տարի
առաջ
երթըցուի՝
Քրիստոսի
80
թուականին
մօտ
կ՚ըլլայ։
Ստուգագոյն
է
Ս.
Գրիգոր
Լուսաւորչի
ձեռքով
յայտնուիլն՝
թէ
ասոնց
նշխարաց
եւ
թէ
Ոսկեանց,
եւ
երկուքին
տեղն
այլ
վկայարաններ
շինուիլն։
Սուքիասանց
տեղւոյն՝
առաջին
վանահայր
դնէ
Լուսաւորիչն՝
Աբաս
անուամբ
մէկը,
ըստ
ոմանց
Սեաւ,
որ
գուցէ
մականունն
ըլլայ։
Կ՚աւանդէ
պատմութիւնն,
թէ
Սուրբքն
նահատակութեան
ատեն
խընդրեցին
Աստուծոյ՝
որ
այն
տեղ
առողջարար
աղբիւր
բղխէ,
կամ
եղած
աղբերքն
առողջարար
ըլլան,
եւ
այնպէս
եղան,
իրենց
ոռոգած
կամ
թրջած
գետինն
այլ
պէս
պէս
պայծառ
գույներով
հողեր
յերեւան
հանեց,
որ
սովորական
հանքային
կաւոց
եւ
ջրոց
պէս
եւ
այլ
աւելի
բժշկարար
էին,
մանաւանդ
բորոտներու։
Այս
աւանդութեանս
համեմատ
կ՚երգէ
մեր
եկեղեցին
անուշիկ
շարական
մի՝
ի
տօնի
Սրբոցն,
Աւետարանի
մէջ
յիշուած
Պրոբատիկէ
աւազանին
նմանցընելով
այս
Սուկաւայ
ջրերը,
«Աստանօր
նորոգեցաւ
մեզ
աւազանն
Սելովմայ,
ի
բանալ
զաչս
սրտից,
առ
ի
մերժել
զախտս
հոգւոց
եւ
մարմնոց»։
—
Այս
տեղեացս
մօտ
իբր
Գ
դարու
սկզբան՝
Վաղարշ
թագաւոր
Հայոց
իր
անուամբ
քաղաք
մի
շինեց,
որոյ
վիճակն
հիմայ
կոչուի
Ալաշկերտ,
եւ
որոյ
մօտ
շինուեցաւ
մեր
եկեղեցեաց
եւ
վանորէից
երեւելեաց
մին,
Բագրեւանդայ
Ս.
Յովհաննէսն
(Իւչքիլիսէ
ըստ
այլազգեաց),
եւ
գուցէ
ամենէն
մեծագոյնն,
Հերակլ
կայսեր
հարուստ
եւ
հզօր
ձեռաց
օգնութեամբ.
եպիսկոպոսարանն
այլ
մին
ի
գլխաորաց
եղաւ:
Ի
բաց
թողլով
եղանց
եւ
եղջերուաց
հնազանդութեամբ
մորթուիլն
եւ
յառնելն,
եւ
մանաւանդ
Կոստանդիանոսի
գալն
Սուքիասանց
նշխարները
գտնելու,
անտարակուսելի
է
Ոսկեանց
եւ
Սուքիասանց
իրականութիւնն,
զոր
ոչ
միայն
շատ
Սրբոց
նման
մեր
Յայսմաւուրք
պատմեն,
այլ
Յայսմաւուրաց
աղբիւր
եղած
վկայաբանութիւնք
եւս,
որոց
մին
թուի
Խորենացւոյ
գրչէն
ելած,
որ
իր
Հայոց
պատմութեան
մէջ
չի
յիշեր
այս
Սուրբերս,
եւ
Թադէոսի
եւ
Սանդըխտոյ
նշանաւոր
դէպքին
հազիւ
թէ
ակնարկէ,
իրմէ
առաջ
գրողներ
եղած
ըլլալուն
համար,
եւ
անշուշտ
ինքն
է
Սուքիասանց
եւ
Ոսկեանց
վկայաբանութիւններն
առանձին
գրողն,
եթէ՝
որպէս
հաւանիմ,
անոր
յիշած
աղբիւրն
է
հռչակաւորն
Տատիանոս.
ոչ
Յուստինիանոս
կայսեր
ատեն,
(որ
շատ
յետոյ
է
քան
զինքն,
եւ
անոր
ատեն
այս
անուամբ
մէկ
մի
չի
ճանչցուիր),
այլ
Ս.
Յուստինոս
վկային
(†167),
որոյ
աշկերտեցաւ
Տատիանոս,
ազգաւ
ասորի
կամ
միջագետացի,
հեթանոս
ծննդեամբ,
ապա
քրիստոնեայ
եւ
յետոյ
աղանդաւոր.
մինչ
յառաջ
ընդդէմ
Հելլենաց
եւ
Հրէից
մոլորութեանց
գրէր,
եւ
կան
մնան
այդ
գրուածներն,
եւ
քանի
մի
ուրիշ
այլ՝
բայց
Գ
եւ
Դ
դարուց
Հարք
եւ
Եւսեբիոս՝
վկայեն,
որ
շատ
կամ
անբաւ
բան
գրած
էր.
ասոր
համաձայնի
եւ
Խորենացին՝
իր
Ոսկեանց
«Բան
եւ
ասութիւն
ճշմարիտ՝
Սրբոց
Ոսկեանց
քահանայից»,
վերնագրաւ
վկայաբանութեան
մէջ.
թէ՝
«Այր
մի
ընթերցասէր
Տատիանոս
անուն…
[3],
բազում
ինչ
պատմեաց
մեզ
նա
ի
յունական
մատենից,
որոյ
գրեալն
անթիւ
շատաբանութեամբ
զրոյցք՝
եւ
այժմ
ի
միջի
մերում
գտանի.
զոր
իմ
իսկ
բազում
անգամ
ընթերցեալ
գտի»,
եւ
այլն:
Այս
նշանաւոր
անձին
վախճանն
յայտնի
չէ,
բայց
համարուի
Բ
դարու
կիսէն
ետեւ.
որով՝
անտարակոյս
կ՚ըլլայ
Սուքիասանց
անկէ
առաջ
նահատակուիլն,
զոր
պահանջեն
եւ
դէպք
պատմութեանն,
թէ
եւ
ոմանք
շատ
յետաձգեն
զայն.
ինչպէս
Յովհ.
կաթողիկոս
Պատմիչն՝
ինչուան
ի
Խոսրով
Ա
թագաւոր
մեր,
գուցէ
Ոսկեանց
ճգնութեան
43
տարւոյն
վրայ
աւելցուցեր
են
Սուքիասանց
46
տարին
եւս,
որով
դարու
կիսէն
այլ
վերջ
կ՚ըլլայ
իրենց
նահատակութիւնն։
Հաւանական
է
յետ
մահուան
Բ
Արտաշիսի
եղած
ըլլալ
նահատակութեան
Սուքիասանց,
իսկ
նա
մեռած
է
ի
սկիզբն
կայսրութեան
Ադրիանոսի
(116–28)։
Տատիանոսի
յիշատակին
յարմար
համարիմ
կըցել՝
իրեն
շատ
մասամբ
համանման
մէկու
մի
եւս,
թէ
ժամանակաւ,
թէ
ազգաւ
(ասորի),
թէ
անհաստատ
եւ
աղանդաւոր
կրօնքով,
թէ
գիտութեամբ
եւ
գրութեամբ.
եւ
է
Բարդածան,
աւելի
քան
զմիւսն
ծանօթ
Եւսեբիոսի
եւ
ուրիշ
Հարց:
Ասոր
համար
կ՚ըսէ
Խորենացի,
թէ
յետ
հերքելու
Վաղենտինեանց
աղանդը,
ինքն
այլ
նոր
աղանդ
հնարեց,
եւ
զայն
ծաւալելու
համար՝
եկաւ
նա
եւ
ի
Հայս,
«Որպէս
զի
աշակերտել
զոք
կարասցէ
ի
խուժ
հեթանոսացս,
եւ
ոչ
ընկալեալ
եղեւ»։
Այս
նուաստ
բացատրութիւնն
մեր
այն
ժամու
ազգայնոց
համար`
համարիմ
ըստ
յունական
արհամարհութեան,
որոց՝
(որպէս
եւ
Լատինաց
առջեւ)
ամեն
արեւելեան
ազգք
խուժք
էին,
այսինքն
բարբարոսք։
Շատ
դժար
է
հաւատալ
թէ
Բարդածան՝
կռապաշտ
Հայերը
աշակերտել
ուզած
ըլլայ,
ինքն՝
որ
ընդունելի
չըլլալով
ի
Հայոց`
գնաց
(անմիջապէս
կ՚ըսէ
Խորեն.
)
Անի
ամրոցին
մեհենական
գրքերը
քննելու,
եւ
գրելու
քրմաց
պատմածը.
այլ
հաւանելի
է՝
թէ
քրիստոնեայ
Հայոց
մէջ
ուզեց
սերմանել
իր
մոլար
վարդապետութիւնը,
եւ
բարեբաղդաբար
մերժուելով՝
գոնէ
անոնց
ժամանակին
քաղաքական
պատմութիւնը
գրեց,
ուսկից
օգտուած
է
եւ
մեր
պատմիչն
կամ
Եւսեբիոս
[4]
։
Իսկ
այն
Բ
դարու
Հայոց
քրիստոնէութեան
վրայ՝
արդէն
յիշեցինք
մեր
թագաւորաց
այլ
հալածանք
հանելը,
երբ
նոքա
երբեմն
Պարթեւաց
դաշնակից
էին,
երբեմն
Հռովմայեցւոց,
եւ
ըստ
ախորժակի
յետնոցս՝
հալածէին
զքրիստոնեայս,
որպէս
առաջ
այլ
յիշեցինք,
Փերմելիանոսի
(†272)
աւանդածն՝
առ
Խորենացւոյ,
թէ
շատ
նահատակներ
եղած
են
այն
ատեն
եւ
ի
Հայս։
Ասոնց
մեծ
եւ
բազմաթիւ
խումբը
մի՝
բոլորովին
անծանօթ
մեր
պատմըչաց,
այլ
յօտարաց
աւանդեալ
եւ
տօնակարգեալ
(ի
22
յունիս
ամսոյ),
ցոյց
տան
մեր
աշխարհին
ամենէն
աչքի
զարնող
տեղւոյ
վրայ,
Արարատ
լերին,
վասն
որոյ
եւ
Արարատեան
վկայք
կոչուին,
բիւր
մի
(10,
000).
նահատակութեան
տարին
այլ
նշանակեն
(118)։
Վերոյիշեալ
Ադրիանոս
կայսեր
յարեւելս
ապստամբաց
դէմ
պատերազմի
գնացած
ատեն,
ի
կողմանս
Հայոց,
խումբ
մի
9000
զօրականաց
քրիստոնէից՝
քաջալերեալ
ի
հրեշտակէ՝
յաղթեն
թշնամեաց,
բայց
չեն
ուզեր
դառնալ
ի
բանակն
Հռովմայեցւոց.
կայսրն
շատ
յորդորէ
եւ
չի
յաջողիր
զանոնք
յետ
դարձընել
իրենց
կրօնքէն.
աւելի
մեծ
գունդ
մի
ղրկէ
անոնց
վրայ,
յորոց
հազար
հոգի
խառնին
հաւատացելոց
հետ
եւ
լրացընեն
զթիւ
բիւրուն.
սոքա
չեն
ուզեր
կռուիլ
կայսերականաց
հետ,
փափագելով
նահատակուիլ
վասն
Քրիստոսի,
եւ
այնպէս
կ՚ըլլան,
շատերն
խաչուելով
ի
լերինս
անդ
Արարատայ։
Նշխարքնին
այլեւայլ
կողմեր
սփռուի.
մասն
մի
բերուած
եւ
պահուի
ի
Վենետիկ
-
ուր՝
անուանի
պատկերահան
մի,
Carpaccio,
ԺԵ
դարուն
վերջերը
ապրող
(†1522),
մեծ
եւ
նշանաւոր
պատկեր
մի
նկարած
է
այս
Սրբոց
նահատակութեան,
որ
եւ
ի
կարգի
ճարտար
նկարուց
հանդիսանայ՝
յակադիմիայն
գեղարուեստից
քաղաքին։
Ոչ
միայն
պատմեն
զայս
Լատինք,
այլ
եւ
բանաստեղծք
քերդողութեամբ
երգած
են։
Սրբոց
առաջնորդն
կոչուի
Ակակ
կամ՝
Ակատ,
պատուով՝
տրիբուն,
երկրորդն
այլ
Գարկեր?
(Garcere)
[5]
։
Այս
Ս.
Բիւրու
նահատակութիւնն
յառաջ
է
քան
զհռչակաւոր
Մելիտինեան
գնդին
(†174),
որոց
շատն
Փ.
Հայոց
Միլիտինէ
քաղքէն
ըլլալով՝
այսպէս
կոչեցան.
կոչուին
եւս
Շանթաձիգ
Լեգէոն,
աղօթքով
երկընքէն
որոտաձայն
անձրեւ
իջեցընելնուն
համար
[6]
։
Այս
Բիւրս
Սրբոց
պատուի
եւ
ի
Սպանիա,
ի
Գերմանիա
եւ
յԻտալիա,
եւ
յատկապէս
ի
Բիզա,
ի
Բիաչենցա,
եւ
յայլ
քաղաքս։
[1]
Մեր
հին
հեղինակ
վկայաբանութեան
Սուքիասանց`
կ՚ըսէ,
Տատիանոս
անուամբ
մէկու
մի
գրուածէն
առած,
որ
Յուստինիանոսի
ժամանակն
է
եղեր,
ի
կողմանց
Յունահայոց,
որ
թուի
Գ
հայք։
Ուրիշ
օրինակ
մի
փոխանակ
Յուստինիանոսի
կայսեր
գրէ,
Վաղանդիանոս
որ
աւելի
յարմար
էր
ըլլալ
Վալերիանոս,
ի
կէս
Գ
դարու։
[2]
Եւ
են
ըստ
ձեռագրաց,
երկրորդ
գլխաւորն՝
Կոտրատիոս,
Պօղիոքտոս,
Ղուկիանոս,
Իդիստ,
Սիւքերոն,
այս
երկու
անուանքն
ի
մի
խառնած՝
ոմանք
գրեն
Դիոքսիքերոն,
Մեմնաս
կամ
Մեմիանոս,
կամ
Մնաս,
Փոկաս,
Սերգիս
կամ
Ներգինոս,
Դեմետր
կամ
Դոմետ,
Ադրիանոս,
Յովսիմոս
կամ՝
Զոսիմոս,
Բիկտոր,
Թալելոս
կամ
Թալէոս
կամ
Թալիսոս,
Յորդանէս,
Անաստաթէոս,
Թէոդիտոս
կամ
Թէոգնիտոս,
Յակովբոս,
Թէոդոսիոս։
[3]
Այս
տեղ
մեր
հին
Ճառընտրի
օրինակողն
գրած
է.
«
յաւուրս
Յուստինիանոսի
կայսեր»,
փոխանակ
գրելու
Յուստինուսի
իմաստասիրի
կամ
վկայի։
Իսկ
այս
խօսքս
կըրնայ
առած
ըլլալ
Խորենացին՝
յԵւսեբիոսէ։
[4]
Ափրիկանոս
յիշած
է
(ըստ
Ֆապրիկ.
)
Պարթեւ
Բարդածան
մի
եւս,
բայց
ոչ
իբրեւ
գրիչ՝
այլ
նկարիչ:
[5]
Կ՚աւանդեն
պատմողք
վարուց
հրաշալի
եւ
հոգիընկալ
Ս.
Թերեզիայ
կուսի,
թէ
ի
ժամու
մահուանն
(3
հոկտ.
1582)
ուրիշ
Սրբոց
ոմանց
հետ՝
տեսած
ըլլայ
եւ
զԱրարատեան
վկայս՝
իր
հոգին
ընդունելու
եկած,
ինչպէս
որ
խոստացեր
էին
իրեն.
անշուշտ
յատուկ
սէր
եւ
յարգութիւն
ունեցեր
է
անոնց։
Իրմէ
առաջ
ուրիշ
զարմանալի
կոյս
մի՝
Եր.
Աղաւնի
Ռիետիցի
Colomba
de
Rieti
B,
կամ
Պերուճիացի
(ծ.
1567
†1501)
շատ
ջերմեռանդութեամբ
իրեն
պաշտպան
բռներ
էր
այս
Սուրբ
Բիւրս։
[6]
Ըստ
ոմանց,
առաջ
այլ
կայր
Մելիտինեան
անուամբ
լեգէոն
մի,
որուն
խառնուեցան
այս
նահատակքս։