Արշալոյս քրիստոնէութեան Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԸ.
ՎԱԽՃԱՆ ՏՐԴԱՏԱՅ

Թողլով զամենքն, հանդերձ Գրիգորի ժամանակակից եւ ականատես գրիչներով, իր Որդւովք եւ Թոռամբք, իր աթոռոյն անընդհատ հարիւրաւոր յաջորդօք, ամէն հին եւ նոր Լուսաւորիչը քիչ շատ ճանչցողներով, կ՚ուզեմ՝ մէկ միայն անձի մի զգացումը քննել, եթէ հնար է. անձ մի՝ որոյ անունն եւ գործն սիրտն եւ հոգին՝ գրեթէ անբաժանելի էր անկէ։ Կ՚իմանան ամենքն ով է այդ անձն։ Բայց եթէ իր եւ Գրիգորի իրարու ծանօթութեան սկիզբն ելնենք, ով կըրնար երեւակայել անգամ, թէ այն անձն՝ ատողն, տանջողն, դատապարտողն, գըբի մի մէջ երկար տարիներ բանտողն զնա, Տրդատ, ըլլար յետոյ ամեն անձէ աւելի յարգող, մեծարող, սիրող եւ գրեթէ սիրահար Գրիգորի։ Որչափ այս գրուածիս մէջ այլ յիշուեցաւ՝ թէ եւ սակաւ, կրնայ հաստատել ըսածս. ի՞նչ խնամքով եւ փառօք յուղարկեց զնա ի Կեսարիա. ի՜նչպէս նոյն կերպով տարաւ ի Հռովմ՝ եւ բերաւ, ինչպէս միշտ իր հետ տանէր եւ օգնէր՝ հեթանոս Հայաստանը քրիստոնեայ դարձընելու, ինչպէս անոր ձեռքով մկրտուելով յԵփրատ՝ մարմնով եւ հոգւով իրեն վերածնեալ որդի կ՚ըլլար, եւ միշտ իբրեւ զհայր եւ գերագոյն քան զհայր ճանչնար, պատուէր եւ սիրէր, եւ գրեթէ ծնողասէր որդւոյ՝ տղու պէս՝ իր ետեւէն կ՚երթար, փնտռէր՝ եթէ քիչ մի ատեն չտեսներ զնա իր քով, ըլլայ յարքունիսն, ըլլայ ի բանակի զօրացն, ըլլայ յեկեղեցիս, եւ վանորայս եւ յանապատս, ինչ դժարութեամբ, թողուց որ նա հրաժարի յաթոռոյն եւ յաշխարհէ, իր տեղ թողլով իր հոգւոյ եւ մարմնոյ  ամենամօտ անձը (զԱրիստակէս). եւ ինչպէս անոր ի լերինս առանձնացեալ ատեններն այլ եւ երթար երբեմն գտնելու, եւ մէկտեղ աղօթաւոր եւ ճգնաւոր ըլլալու՝ գոնէ առ ժամանակ մի։

Իսկ ով կըրնայ չափել այն հսկայ սրտին տրոփանքն՝ երբ հարկ եղաւ յետին անգամ բոլորովին իրմէ բաժնուիլ, երբ նա ծածկուեցաւ յԱյրս Մանեայ ի Սեպուհ. թէ եւ հաւանական է թէ երբեմն երբեմն փորձեց այն ծածկարաններն այլ յայտնելու, եւ իր ծերութեան եւ յոմանց ոմանց կրած հակառակութեան ցաւոց եւ ձանձրութեան մխիթարանք խնդրելու, իր վերջին տարիներում։ Բայց երբ այն ծածուկ ծակտիք ծերպից եւ այրից այլ փակուեցան, եւ Լուսաւորիչ յետ մահուանն անծանօթ մնաց յամենեցուն, եւ ոչ եւս երեւէր, ոչ եւս գտնուէր, ի՞նչ եղաւ ի՞նչ զգաց եւ կրեց այն հսկայ սիրտն Տրդատայ։ Ինքն միայն գիտէ։

Տրդատ շատակեաց եղաւ եւ շատատես։ Այլակերպ աշխարհք մի անցաւ իր առջեւէն. նոր աշխարհք մ'այլ բացուեցաւ իր դիմաց՝ շատ գործեց, շատ կրեց. Երկար յոգնեցաւ այն մեծ հոգին, եւ հանգիստը գտնէր միայն իր հոգւոյն հայրացեալ Գրիգորի գիրկը. որոյ հետ փափագէր մնալ այնուհետեւ թողլով թագն ու ամեն բան, մինչեւ որ մէկն կամ մէկ այլն իրարմէ առաջ մեռնէին. եւ եթէ Գրիգոր կանխէր ի մահ, անշուշտ փափագէր Տրդատ որ ինքն այլ չապրի, ոչ յուսահատաբար անձին վնասելով՝ այլ կենաց մէջ այնուհետեւ ցանկալի բան մի չգտնալով, բայց միայն իր Լուսաւորչին յիշատակը։ 

Թերեւս ոմանց անյարմար կամ վիպասանական ինչ երեւի՝ Գրիգորի եւ Տրդատայ նման մեծամեծ անձանց՝ այսպիսի բացատրութիւն սիրելութեան. սակայն ո՞վ մտած է անոնց սուրբ սրտին խորը, իրենց այնքան իրարու հետ՝ թէ Լուսաւորութենէն առաջ եւ թէ յետոյ՝ գործակցութիւնը քննելու, կամ, միթէ նուազ է ընտանեկան եւ բարեկամական սէր Սրբոց մէջ՝ քան թէ աշխարհայինն եւ մարմնաւոր յաշխարհասէրս։ Առջի յիշածներէս գուցէ աւելի զգալի պատմական նշմարք այլ կան մեր այս երկու վեհից իրենց արժանաւոր սիրելութեան։ Տրդատայ նոր թագաւորած ատեն՝ երբ Գրիգոր գերագոյն մտածութեամբ ուզեց անոր ծառայել, իբրեւ իր սպանիչ հօր (Անակայ) պարտքն անոր սպանեալ հօր (Խոսրովու) հատուցանելու, առանց զնա ճանչնալու՝ Տրդատ հաւնած եւ սիրած է Գրիգորի գործունէութիւնը, եւ իրեն՝ իբրեւ անդարձ տուրք ընծայեր էր Այրարատայ Կոտայից գաւառին մէջ` Արամօնք կամ Արամօնս կոչուած գիւղը, որ ինչուան հիմայ ծանօթ է Արամուս կոչուելով, եւ մեզմէ հազար տարի առաջ կաթողիկոս պատմիչն Յովհաննէս վկայէ՝ որ այդ տըրից վաւերական յետկարն այլ դեռ պահուէր. չըսէր ինչ լեզուով գրուած, այլ հաւանօրէն յունարէն։ Իսկ յետ Լուսաւորութեանն՝ մկրտութեամբ ի ձեռաց Ս. Գրիգորի՝ ի՞նչ գանձեր նուիրած չէ կարծելի, անշուշտ վերոյիշեալ Թորդան գեղն՝ ուր թաղուեցաւ Սուրբն եւ մերձաւոր սահմանքն՝ մասն են Տրդատայ տըրից. բայց գերագոյն բան մ'այլ ուզելով ընծայել, եթէ չէր կըրնար արքունի թագը տալ, վկայէ տեսող պատմիչ մի՝ որ տուեր է անոր իր թագաւորական ոսկեկապ մանաւանդ թէ ոսկեձոյլ պատմուճանը կամ վերարկուն, այնքան թանձր եւ խիտ ոսկեհուռն՝ որ քղանցքը կամ փէշերը գետին դնելով՝ կանգուն կենայ եղեր, եւ այս արդարեւ Տրդատական յիշատակն երկար դարեր պահուեր է ի գանձարանի կաթողիկոսաց։

Գրիգորի կողմանէ այլ անտարակոյս է նոյն զգացումն. աւանդուի որ, ինչպէս ի պատիւ U. Հռիփսիմեանց (եւ յետոյ ամեն կուսանաց) նուիրեալ՝ Ժամագրոց Աստուած մեծ եւ հզօր երգն՝ ինքն Լուսաւորիչ յօրինած է, երեք կարճ տուն նուագ մ’այլ «Ի վերին օգնականութենէն» սկսելով, որ հին Տաղարանաց մէջ գտուի (եւ յոմանց Խորենացւոյ կարծուի՝ առ Գիւտ կաթողիկոս), Լուսաւորչին ըլլայ առ Տրդատ, եւ գրուածին իմաստէն գուշակուի՝ որ թագաւորին անգամ մի հիւանդութեան առթիւ յօրինուած եւ նուիրուած է. եւ այս շատ աւելի յարմար է քան Խորենացւոյն համարիլն։

Այլ մեծագոյն եւս նշան, մանաւանդ արձան եւ մահարձակ սիրոյ Տրդատայ առ իւր յատուկ եւ մեր ընդհանրական Լուսաւորիչն՝ եղաւ իր Գերեզմանն առ Գերեզմանի նորա։ Եթէ Գրիգորի մարմինն ի Գառնըկայ գտուած եւ ի Թորդան տարուած այլ չըլլար, Տրդատ գիտէր որ այն տեղ պիտի թաղուէր նա, եւ ինքն այլ կտակաւ (թէ գրով թէ անգիր) պատուիրած է՝ այդ ընդ մէջ մահու եւ անմահութեան կապով այլ կցուիլը Գրիգորի հետ։ Գուցէ ի տանել Զենոնի կայսեր զմարմին Գրիգորի ի մայրաքաղաք իւր՝ Տրդատայ մարմինն այլ (հաւանօրէն զմըռսած) տարեր թաղեր են ի Հոգեաց վանս, որպէս աւանդուի. բայց ոմանք այլ գրած են՝ թէ Գրիգորի հետ անոր որդւոց եւ Տրդատայ մարմինն այլ ի Կ. Պոլիս տարուած է։ Այդ որպէս այլ ըլլայ, շատ է մեր ըսածն ի հաւաստիս սքանչելի եւ գերազանց սիրոյ ազգիս՝ մեր երկու Լուսաւորչացն, զի եւ զՏրդատ՝ ինչպէս ի սկզբան յիշեցինք, Խորենացին՝ խոր մտածելով` «մերոց լուսաւորութեանցն Լուսաւոր վերակացու» ճանչնայ եւ գրէ, որպէս եւ երկուքին համար այլ կ՚ըսէ, «Խորհելն յաղագս Աստուծոյ եւ ճգնազգեցիկ լինել՝ զոյգ երկոցունց»։ 

Այսքան երկարաբանելուս պատճառն է՝ համարել որ արժանի է մտադրութեամբ ճանչնալ Տրդատայ մեծ ոգին, որ ինչպէս մարմնոյ ուժով այնպէս եւ մտօք զօրաւոր էր ի քաղաքական տեսչութեան, ինչպէս յառաջ այլ յիշուեցաւ, իր ճարտար վարմամբ ընդ հռոմէական ինքնակալութեան, եւ իր պատերազմական ճարտարութեամբ, անոնց համեմատ եւ վեհագոյն եւս էր հոգւոյն եռանդն եւ աստուածասիրութիւնն, որով յաչս մարդկան այլ դասակից է տօնելի Սրբոց. եւ միով բանիւ իր սեփական կնիքն է յամենայնի մեծութիւն, ի խորհուրդս, ի գործս, ի զօրութեան եւ յառատաձեռնութեան։ 

Մէկ հատիկ նիւթական նշխար իր մեծոգութեան մնայ կիսականգուն՝ Այրարատ աշխարհի արեւելակողման քարալերանց գահաւանդի մի վրայ, որ եւ կըրնայ ըսուիլ միակ մնացորդ հին Հայոց թագաւորական ճոխութեան եւ ճաշակի, բայց ամենէն աւելի Տրդատայ նուրբ եւ վսեմ զգացման։ Գիտեմք որ մեր եկեղեցին իրեն հետ տօնէ իր կինն Աշխէն թագուհի եւ իրենց դուստրը, Խոսրովիդուխտ։ Սա մեր պատմութեան մէջ խորհըրդական կերպարանք մ'ունի, չըսուիր թէ հարսնացեալ ըլլայ, այլ սիբիլլական կուսութիւն մի կարծեցընէ. եւ գերագոյն եւս, զի երբ հայրն եւ իր պաշտօնեայքն պատժուեցան յԱստուծոյ՝ յետ նահատակութեան Հռիփսիմեանց, թուի իմն թէ ասոնց հոգին այս արքայաշուք օրիորդին անցաւ, եւ ասոր յայտնուեցաւ յաստուածուստ՝ որ Գրիգոր դեռ ողջ է ի գըբին, թող հանուի եւ ձեր ցաւոց ճար գտնէ։ Յետ լուսաւորութեան ազգին՝ ուրիշ բան չի յիշուիր իր վրայ, բայց զի երբ Հռիփսիմեանց համար եկեղեցւոյ գետինն փորուէր, Խոսրովիդուխտն այլ իր գոգով կրէր հողը, որպէս թէ իր երջանիկ քերց ծառայութիւն կամ փոխարէն մ’ընելու։ Սրբազան մելամաղձի կամ մենասիրութեան  շուք մի երեւի իր վրայ. եւ Տրդատ թափանցելով իր քրոջ ախորժակաց եւ զգացմանց՝ այն յիշեալ լերանց սրացեալ լուռմուռ գագաթան վրայ՝ յունական նուրբ եւ ճոխ ճաշակով շէնք մի կանգնեց, որ թէ իր անուամբ կոչուի Սարաւոյթ Տրդատայ, եւ թէ քրոջն՝ Հովանոց Խոսրովիդխտոյ. եւ թուի իմն՝ թէ ինչպէս աւանդուի, Տրդատ ի յիշատակ Հռիփսիմեանց՝ Մասիսու բարձրէն ութ մեծամեծ քարեր փրթուց բերաւ մինչ ի Վաղարշապատ, այս տեղ այլ խորաձորէն վերացուց կանգնեց այս վեցասիւն երեսբացը, զոր արժան համարած է ստորագրել սրատես Խորենացին . Ղ). եւ ինչպէս ըսածէն գուշակուի՝ բաւական երկար ատեն աշխատանօք շինուած է, եւ Նիկիոյ ժողովոյն ժամանակի մօտ «Կատարէ Տրդատ զշինուած Ամրոցին Գառնոյ, զոր որձաքար եւ կոփածոյ վիմօք, երկաթագամ եւ կապարով մածուցեալ` յորում՝ շինեալ եւ Տուն հովանոց, մահարձանօք, սքանչելի դրօշուածովք, բարձր քանդակաւ, ի համար բեռ իւրոյ Խոսրովիդըխտոյ. գրեալ ի նմա զյիշատակ իւր հելլենացի գրով», անշուշտ իր մեծոգութեան եւ քրոջն ազնուութեան պատշաճ գրուած մ’էր, եւ կըրնանք նոյնպէս անշուշտ համարիլ՝ թէ Խորենացւոյ ատեն դեռ կարդացուեր այդ անմահանալի յիշատակն. զի հազարաւոր տարի վերջը, յ’ԺԷ դարում՝ Երեւանայ մեծ շարժին ատեն կործանեցաւ, բայց այնչափ մեծամեծ նշխար թողուց քանդակներէն, որ հմուտ ճարտարագէտք վստահացան ձեւագրել ինչ որ եղած գուշակուէր։ Գուցէ հեռանամ նպատակէս այսպիսի բաներ յիշելով, բայց ոչ յոգւոյ Տրդատայ. որոյ՝ այս ազգային լուսարւորութեան պարագային մէջ Գրիգորի հոգեկից եւ գործակից ըլլալը շատ անգամ տեսնուեցաւ։ 

Հիմայ յետ տեսնելու այդ լուսաւորութեան արեգական՝ ըստ մարդկային բնութեան՝ ի մայր մտնելը, ստիպուիմք տեսնել եւ երկրորդ լուսատուին. որ եւ փափագէր Գրիգորի նման առանձնութեանս քարանձաւաց ծածկուելով՝ եւ միայն առ միայն՝ իր մեծ հոգին աւանդել առ Աստուած։ Կըրցաւ մէկ երկու անգամ փորձել զայս՝ իր պայծառ, արքունիքն ի խաւարի թողլով, բայց ստիպուելով եւ թախանձանաց բարեկամացն եւ յ’օգտէ հպատակացն՝ նորէն դառնալ աթոռն, այլ ոչ ի հանգիստ։ Հասեր էր ի խոր այլ արի ծերութիւն, ըստ պատմչին. իր հսկայական կազմուածն՝ դեռ առողջ եւ ուժով էր, եւ կարծես՝ մահն չէր համարձակեր մօտենալ իրեն բնական ճամբով… Եւ ի՞նչպէս հասաւ, դպաւ, առաւ տարաւ. «Աստանօր ամաչեմ (եւ ես ընդ Խորենացւոյ) ասել զճշմարտութիւնն, մանաւանդ թէ զանօրէնութիւն եւ զամբարշտութիւն (ապերախտից ոմանց) ազգիս մերոյ, եւ զմեծի ողբոց եւ արտասուաց արժանի սոցա զգործս։ Քանզի, զհետ առաքեալ կոչեն զնա (առանձնութեան վայրացն, խոստանալով) լինել ըստ կամաց նորա»։ Ի՞նչ էին իր կամքն. ինչ որ սովրեցուց Ս. Լուսաւորիչն, քրիստոնէ անուան արժանի կեանք. բայց, Գրիգորի հայրական ձայնին խառնէր Տրդատ եւ հրամայականն. գուցէ եւ իր հոգւոյն եռանդեան համեմատ պահանջէր ի հպատակացն` աստուածասիրութիւն, հանդերձ խստակրօնութեամբ, որոյ պայման մի է եւ պահք պահելն, որ այն ատեն աւելի շատ եւ ծանր էր, եւ ոչ մի՝ այլ քանի մի քառասուն օրերով, եւ այս անտանելի էր բազմաց, մանաւանդ զինուորականաց. եւ կըրնայ յայսմ երկու կողմանէ եւս չափազանցութիւն ըլլալ՝ նկատմամբ նորադարձ Ժողովրդեանն. ասոր կողմանէ թուլութեամբ, Տրդատայ՝ խստութեամբ։ Բերնի պահոց հետ՝ անշուշտ ուրիշ իրաւացի պահքեր այլ պահանջէր Տրդատ՝ իրեններէն. յորաց ազատիլ կամ թուլցընել փափագէին պաղսիրտք, եւ սպասէին թագաւորին մահուան։ Վերջապէս յանհամբերութեամբ ուզեցին կանխել զայս. եւ բռնաբար կտրել երկարած կենաց թելը, դրդուած Սասանեանց Շապուհ թագաւորին թելադրութենէն։ Իմացաւ ծերն այլ զգաստ Տրդատ՝ որ շշուկ մի կայ իր վրայ. բռնադատեց իր սենեկապանը որ յայտնէ. նա, վատ եւ անարի, վախնալով գուցէ եւ կաշառուած՝ առ ժամն ջանաց ծածկել դաւաճանութիւնը, եւ իմաց տուաւ բանսարկուաց, որք նոյնպէս վախով եւ այլ աւելի վատութեամբ, նախ, օր մի որսի հրաւիրելով զթագաւորը, իբրեւ սխալմամբ նետը իրեն հասուցին եւ վիրաւորեցին, որ դարձաւ յանկողին ընկաւ, իսկ այն սատանայապետն քան սենեկապետ՝ իբրեւ վէրքը պատել կ՚ուզէր, բայց տեսնելով որ երկար պիտի դիմանայ հիւանդն եւ կամ առողջանայ, «արբուցանէ դեղ մահու եւ վախճանէ. որ յայտնի իսկ եղեւ ի նորին խորհրդակցացն։ Եւ զայս արարեալ՝ (դաւաճանացն) շիջուցին յինքեանց զբազմափայլ ճառագայթն աստուածապաշտութեան». որ յառաջ եւ յետ լուսաւորութեանն՝ միանգամայն երկար  քան զամենայն ազգապետս մեր՝ թագաւորեաց ամս յիսուն եւ վեց կամ՝ եօթն։

Զայս բռնադատօրէն պատմելով Խորենացի՝ սրտին դառնութիւնը արժանապէս թափէ այն մատնըչաց եւ խաւարասիրաց վրայ, Տրդատայ հետ իր եւ իրեն ընկերաց վրայ հասած հալածանքն այլ ողբալով սրտառուչ եւ հոգեհառաչ. զոր՝ թողումք թէ ամուր թէ զգայուն սիրտ ունողաց կարդալ ի վերջ Բ գրոց պատմըչին (գլ. ՂԲ). զոր եւ թուի թէ սրտին վրդովմանէն չէ կըրցած աւելի առաջ տանիլ, եւ կնքէ՝ նշանակելով, թէ բովանադակեցան գիրք Բ, Յառաջադիմութեան Հայոց Մեծաց»։ Եւ արդարեւ, Տրդատաւ դադրի յառաջադիմութիւն Հայոց. որք այնուհետեւ քաղաքականօրէն չհասան երբէք այն գերագոյն կատարը՝ յոր հասուց ամենայն սարօք եւ փառօք՝ անհամեմատն աննմանն եւ, միակն, Մեծն եւ Սուրբն Տրդատ։ 

Յետ խոր հառաչանաց շունչն առնելու եւ տալու, որպէս թուի տարիներով վերջը, դարձած է պատմիչ մեր անգամ մ’այլ նայելու ուր որ թողուց զՏրդատ, ի մահիճս մահուն. եւ անկէ իջեցընէ ի դագաղսն եւ յիշէ զյուղարկաւորութիւնն. զոր՝ համեմատ կամ փոխարէն իմն ապերախտից ըրածին՝ արժանապէս եւ փառաւորապէս կատարեր են երախտագէտք՝ որք քան զվատսն շատ եւ շատ աւելի էին։ Քանի մի անգամ հրատարակած ենք այս կարճ բայց նշանաւոր յուղարկաւորութեան նկարագիրը, որ եւ է առթիւ, իսկ այս տեղ՝ իբրեւ Սրբոյ մի մեծի՝ չեմք ուզեր զլանալ՝ կրկնելու. թերեւս եւ ոմանց առաջին անգամ ըլլայ կարդալն եւ հաւնիլն։ Յետ կատարելու եկեղեցւոյ օրինաւոր հանգստեան կարգն եւ օծութիւնը, «Բարձեալ տարան զնա (թաղել) ի Թորդան, արծաթապատ դիակիր դագաղօք. յորում՝ լծեալք ջորիք ոսկեսանձք (անտարակոյս ճերմակք, որ պատուական համարուէին քան զերիվարս). եւ գունակ գունակ հանդերձիւք զդագաղսն զարդարելով. եւ վաշտք զօրացն աստի եւ անտի՝ վառեալք զինուք եւ նշանակօք։ Իսկ առաջի դագաղացն՝ ձայն աստուածօրհնութեան եւ բուրմունք խնկոց. իսկ աստի եւ անտի՝ բարեկամք եւ ընտանիք, եւ բազումք յորդւոցն նորա՝ հետեւակ անկեալ. (պատմութիւնն միայն իր յաջորդ Խոսրով յիշէ եւ ոչ այլ որդիս). եւ զկնի դագաղացն փողք եւ տաւիղք ողբոց, եւ կուսանք ողբասացք (դեռ հեթանոսական սովորոյթ), թող զայլ ամենայն ռամիկսն, որ երթային զհետ, անթիւ բազմութեամբ։ Եւ այսպէս հասեալք ի տեղին, արարեալ տապան թագաւորական ի քարանց կճեաց, եւ ի վերայ ապակի արկեալ (թուի թափանցիկ բարակ քար մի, ալաբաստր՝ եթէ ոչ ստոյգ ապակի)։ Յորում եդեալ զգանձն պատուական, զանուշահոտ զպատարագն, զմեծ վաստակաւորն. եւ տարեալ թաղեցին զնա ի տեղւոջ զբօսանաց Մեծին Գրիգորի, զոր պարսպեալ (չորս դին պատ քաշելով) անուանեաց իւր պարտէզ։ Եւ կանոնեցին զօր կատարման նորա (ըստ Յայսմաւուրաց նոյեմբ. 29) տօնել ամ յամէ [1] ։ Զոր յանձն արարեալ եպիսկոպոսի գեղջն՝ գնացին»։ Ըստ ծանօթութեան կամ կանոնաց եկեղեցւոյ՝ այդպիսի մահուամբ վախճանողն Տրդատ՝ Խոստովանողաց կարգէն համարուի, եւ արժանի տօնուելու։ Այն հին դարերում սովորութիւն էր տօնել զՍուրբս՝ ուր որ վախճանած  եւ թաղուած էին, գոնէ հանդիսաւոր տօնը հօն կատարել. ըստ այսմ յանձնուեցաւ Տրդատ՝ տեղւոյն գլխաւոր եկեղեցականին, որոյ եպիսկոպոս ըլլալն գեղի մի, ինչպէս էր Թորդան՝ թէ եւ բազմաբնակ, վկայութիւն մի աւելցընէ բազմութեան եպիսկոպոսաց ի Հայաստան յաւուրց Լուսաւորչի եւ յետոյ։ Յիշեցինք վերը որ Տրդատայ մարմինն յետոյ ուրիշ տեղ փոխադրուեր է. կ՚ըսուի թէ եւ ի Հոգեաց վանս, ոչ հեռի ի Վանայ։

Կնքելով այս մեր Լուսաւորութեան պատմութեան մէջ Տրդատայ յիշատակը, թողում ընթերցողաց՝ ըստ չափու իրենց կարողութեան եւ դատողութեան՝ անոր մեծութիւնը չափել, թէ մեր եւ թէ ընդհանուր քաղաքական պատմութեան մէջ, եւ մանաւանդ եկեղեցականին, բաղդատելով առաջինն իր ժամանակի կէս դարու հռոմէական ինքնակալութեան հետ, երկրորդն՝ իր Մեծ Հայոց երկրին եւ ասոր շրջակայ երկիրներու վիճակին հետ. եւ թէ որքան յառաջնումն մեծ էր յիշխեցողս աշխարհի կամ յազգապետս, ի բաց առեալ զԿոստանդիանոս, եւ որքան զօրաւոր եւ արդիւնաւոր ի քրիստոնեայ պահել եւ պահպանել զՀայս. յոր՝ մարդկօրէն տեսութեամբ՝ եթէ ինքն չէր բաւական առանց  Գրիգորի, միթէ եւ սա կ’ըլլար առանց Տրդատայ այնպէս լուսաւոր։ Որքան մեծ եւ մեծատարած եղած է համբաւ մեր Լուսաւորչին, զայն յիշեցինք. կերպով մի եւ ոչ պակաս է Տրդատայն. նա՝ երկնաւոր շնորհօք, սա երկրաւոր եւ երկնաւոր. յառաջ քան զլուսաւորութիւնն՝ իբրեւ հսկայ եւ դիւցազն հռչակուիլը՝ զանազան օրինակաւ, երգօք, առակօք եւ առասպելեօք, յիշեն Ագաթանգեղոսէ սկսեալ՝ շատ պատմիչք մեր եւ գրիչք. իսկ յետ լուսաւորութեանն՝ առաջին եւ վերջին կեանքն իրար խառնելով՝ ինչուան հեռաւոր աշխարհներ զրոյցք եւ աւանդութիւնք եղած են իր վրայ։ Անշուշտ իր ուժին եւ մեծութեան նկատմամբ՝ յօտարաց ոմն հնարեր է ըսել, թէ հսկայն Տրդատ նախ ովկիանոսի հսկայ ձուկը՝ կէտը (պալենա) կերեր կամ ուտել սովրեցուցեր է։ Ուրիշ մի, որոյ խառնակ աւանդութեամբք գրածն գտնուի յեթիովպիարէն լեզուի եւ ուրիշ օտար լեզուէ թարգմանուած համարի, մօտ տարիներումս թարգմանուած եւ ծանոթագրուած անգղիարէն, գերմաներէն եւ փռանկերէն [2], վիպասանութիւն  մի Տրդատայ՝ ինչուան Հռովմայեցւոց հետ բարեկամութեանն աւրուիլն. Տրդակ անուանելով զվիպասանեալն, իր թագաւորական քաղաքն այլ համարելով զԴավրէժ, Ս. Սարգսի յիշատակն այլ մէջ խառնելով. իբրեւ թէ իր մէկ զօրավարն ըլլար։ Աւելորդ էր արդեօք յիշել զայսպիսիս, եթէ չըլլային ազգակցացս նոր առիթ եւ խրախոյս մի աւելի ճանչնալու յարգելու պարծելու եւ պաշտելու զՄեծն այն, որ երբեմն ստուգագոյնն եղաւ դիւցազանց Հայոց, յետոյ սրբազնագոյնն ի վեհազունս նոցա, եւ փառաւորեալն յերկինս ի դասակարգի սուրբ եւ խոստովանող թագաւորաց, որոց` ընդ Քրիստոսին՝ «ոչ գոյ թագաւորութեանն վախճան»։ Չարժե՞ր արդեօք եւ յերկրի ասելի կերպով մի հռչակել եւ փառաւորել զնա [3] ։  



[1] Այս ամսոյ եղանակը յարմար չէ սովորական որսոց, որոց առթիւ է Տրդատ, բայց Հայաստան ունի ձմեռուան որսեր այլ թեւաւոր կամ անթեւ։ Յայտնի է որ հիմայ յամարան կատարուի տօն Տրդատայ եւ կնոջն եւ քեռն։ Դարձեալ՝ յիշեալ որսորդութենէն մինչեւ ի մահն՝ կըրնան ամիսներ անցած ըլլալ։

[2] Յետինս ծանօթագոյն. René Basset. Les Apocryphes Ethiopiens. IV. La legend de S. Tèrtag.

[3] Արդ, ի վերջանալ յիշատակա Արշալուսոյ մերոյ ներուի՞ արդեօք յիշել իբրեւ երազ մի 60 անցեալ ամաց կամ իբրեւ զցնորս մանկութեան եւ անգիտութեան, եթէ այն կենաց դալար եւ եռանդուն երիտասարդութեան պահում՝ մտածէր ոմն դիւցազներգութեամբ կամ վիպասանութեամբ հռչակել զՏրդատ։ Արդէն ողջաձեւն կամ ատաղձն կազմուած էր, եւ այն ժամանակի հասուն քերթողի մի ցուցուած՝ նորա  դատաստանն իմանալու, յորմէ չառաւ խրախոյս, բայց ինքն աւելի իր երկու մտմտուքով ետ կեցաւ փափագէն։ Մի, որ դժար երեւնար իրեն՝ Տրդատայ երկու կենաց (նախ հեթանոսութեան հրապոյրքն եւ ապա քրիստոնէութեան շնորհքը) համահաւասար փայլեցընել, առանց ոչնչացընելու առաջնոյն խատուտիկ տեսիլը՝ երկրորդին լուրջ կերպարանօք։ Երկրորդ, որ ինքն ինքնին վախցաւ իր երեւակայութենէն, զոր շատ դժար է սահմանաւորել այն կանաչ տարիներում։ Ցնդեցաւ երազն. ջնջեցաւ ատաղձն։ Բայց, եթէ հիմայ կամ երբ եւ է ազգային ոք հանճարեղ` եռանդուն եւ խոհական, համարձակի հոմերոսօրէն իրագործել զայսպիսի երազ, գուցէ չի գտներ լաւագոյն նիւթ կամ անձն՝ քան զՏրդատ. միայն թէ իր բանաստեղծութիւնն այլ արժանաւոր ըլլայ այդ մեր ամենարժան Տրդատայ։