ԺԵ.
ՈՒԽՏ
ԵՒ
ԴԱՍԱԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Երկրորդ
հնարքն՝
որ
եւ
ըստ
պատուոյ
եւ
իշխանութեան՝
առաջին,
էր
կարգաւորութիւնն
նորընծայ
քրիստոնէութեան
Հայոց,
անոնց
հոգեւոր
հովիւներ
եւ
հովուապետներ
դնել,
կամ
եկեղեցականաց
դասակարգութիւն,
որոց
գլուխն
կամ
բարձրագոյն
աստիճանաւորն
է
Եպիսկոպոսն։
Եթէ
եկեղեցւոյ
ստորին
պաշտօնեայք
այլ
չկային
կամ
շատ
քիչ
գտնուէին
այն
ատեն
ի
Հայաստան,
յայտ
է
թէ
եւ
ոչ
կամ
հազիւ
քանի
մի
բնիկ
եպիսկոպոսք.
եւ
հարկ
էր
որ
Լուսաւորիչն
Հայոց
իր
ընդարձակ
վիճակին
համար
բազմաթիւ
այլ
եպիսկոպոս
գտնէր
եւ
կարգէր։
Նոյնպէս
եւ
հարկ
էր
որ
ի
սկզբան՝
ինչպէս
ուսուցիչ
եւ
կրօնաւոր՝
դուրսէն
բերաւ,
այսպէս
եւ
եպիսկոպոսներ,
որք՝
տեսութեամբ
մի
աւելի
եւս
կարեւոր
էին՝
իր
ընդհանրական
ծանր
պաշտօնը
թեթեւցընելու
համար.
եւ
զայս
այլ
մեծ
խնամքով
եւ
ճարտարութեամբ
հոգաց,
հրաւիրելով
ի
դրացի
աշխարհաց՝
ուր
որ
յուսար
այն
տեղաց
եպիսկոպոսները
շարժել
եւ
բերել։
Իր
մէկ
հրաւիրական
թղթին
մէջ
գրէ,
թէ
Հայաստան
640
գաւառ
է,
ամենքն
այլ
կարօտին
հովուաց.
կըրնայ
չափազանց
կամ
սխալ
ըլլալ
այդ
թիւն,
մանաւանդ
Խորենացւոյ՝
աշխարհագրութեան
մէջ
շարուած
Մեծ
Հայոց
գաւառները
համրելով,
որք
հազիւ
թէ
200
մի
ըլլան.
սակայն,
նախ,
այն
ատենուան
Լուսաւորչի
վիճակին
ընդարձակութիւնն՝
թերեւս
այդ
200
գաւառաց
անդին
այլ
կ՚անցնէր,
եւ
երկրորդ,
Խորենացւոյ
յիշեալ
գաւառներն՝
աւելի
մանր
բաժանմունքներ
այլ
ունէին.
յիշեցինք
տեղ
մի
յԱգաթանգեղոսէ
թագաւորին
տէրութեան
սահմաններն.
նոյն
ինքն
ուրիշ
տեղ
(գլ.
ՃԻ)
Լուսաւորչի
վիճակին
եւ
քարոզութեան
սահմաններն
աւելի
կ՚ընդարձակէ
թողլով
զմիջնաշխարհն՝
կ՚ըսէ.
«Քերէր
առ
սահմանօքն
Ասորւոց,
առ
Նորշիրական
երկրաւն
եւ
առ
Կորդուօք
մինչեւ
յամուր
երկիրն
Մարաց,
մինչեւ
առ
տամբն
Մահքրտան
իշխանին,
մինչեւ
յԱտրպատական».
ասոնք
Ասորեստանի
եւ
Հայաստանի
միջոց,
Որմեայ
ծովուն
հարաւային
եւ
արեւելեան
կողմերն
եւ
Ատրպատականի
մէկ
մասն
են.
այս
յետին
երկրին
(Ատրպատականի)
աւելի
արեւելեան
մասին՝
Արտաւիլ
քաղաքի
եպիսկոպոսն
այլ՝
ըստ
Յայսմաւուրաց՝
ի
Լուսաւորչէ
ձեռնադրուած
է։
Դարձեալ,
Ագաթանգեղի
ուրիշ
տեղ
ըսածէն
երեւի՝
որ
Ատրպատականին
հիւսիսէն
վեր
եւ
հին
Աղուանից
երկրէն
աւելի
դէպ
ի
հիւսիս՝
մինչեւ
Դարբանտայ
եւ
Ալանաց
դըռներ՝
հասներ
Լուսաւորչի
հովուական
խնամքն.
անկից
այլ
դէպ
յարեւմուտս՝
ի
սահմանս
Վրաց։
Ըստ
մեր
պատմըչաց
նորադարձ
Վրաց
այլ
(ի
ձեռն
Ս.
Նունէի)
ձգուէր
մեր
Հօր
հովանին,
բայց
Վիրք
եւ
հին
եկեղեցապատումք
կ՚ըսեն,
թէ
իրենց
թագաւորն
ի
Կոստանդիանոսէ
խնդրած
ըլլայ
իր
երկրին
քարոզիչ
խաւրել,
բայց
եթէ
իրենց
դարձն
առաջ
էր
քան
զկայսերն,
յարմար
է
որ
նախ
մեր
Լուսաւորչէն
եւ
Տրդատէն
խնդրած
ըլլան.
եւ
մինչեւ
ի
սկիզբն
Է
դարու
(Հայոց
եւ
Վրաց
բաժանման՝
իրենց
Կիւրիոն
եւ
մեր
Աբրահամ՝
կաթողիկոսաց
ատեն՝
կրօնական
խնդրոց
պատճառաւ),
եթէ
ոչ
գերիշխանութիւն՝
այլ
գերակայութիւն
մի
երեւնայ
Հայոց
կաթողիկոսին
ի
վերայ
Վրացն,
եւ
ինչպէս
Կիւրիոն
ի
նախորդէն
Աբրահամու՝
ի
Մովսէս
կաթողիկոսէ`
առաւ
ձեռնադրութիւն,
հաւանական
է
որ
իր
նախորդքն
այլ
Հայոց
նախորդ
կաթողիկոսներին,
ինչպէս
եւ
Աղուանից
կաթողիկոսք։
Բայց
աւելորդ
համարիմ՝
այս
բանս
մանր
քննել։
Բաւական
է
Լուսաւորչի
համար
Ագաթանգեղոսի
գծած
վիճակն։
Շատ
հաւանական
է՝
որ
Գրիգոր
իր
30
եւ
աւելի
տարի
քահանայապետութեան
ատեն՝
իր
վիճակին
ամէն
գաւառաց
եպիսկոպոս
կամ
քորեպիսկոպոս
հասուցած
ըլլայ,
այն
դարերու
եկեղեցեաց
սովորութեան
համեմատ,
որք
բազմաթիւ
ստորակարգեալ
եպիսկոպոսներ
ունէին.
դըրսէն
բերածներէն
զատ՝
ինքն
ձեռնադրած
է,
ըստ
իր
պատմըչին
(Ագաթ.
):
«Աւելի
քան
զ՚400
եպիսկոպոս,
որք
կային
տեսուչս
տեղեաց
տեղեաց.
իսկ
զկարգս
երիցանց
եւ
կամ
սարկաւագաց
կամ՝
անագանոսաց,
եւ
որ
այլ
եւս
ի
պաշտօն
Աստուծոյ
կային,
անթիւ
էին
ի
բազմութենէ»։
Եթէ
եւ
ոչ
միաժամանակ
գտնուէին
400
եպիսկոպոսք
ձեռնադրեալք
ի
Լուսաւորչէն,
այլ
եւ
յաջորդաբար,
սակայն
ընդունելի
է՝
թէ
եւ
միաժամանակ
հարիւրաւորք
գտնուած
ըլլան.
Յունաց
վիճակագրութեանց
մէջ
այլ
յիշուին
մէկ
նահանգի
կամ
մետրապօլտութեան
մէջ
ինչուան
30
կամ
40
եպիսկոպոսք.
եւ
նոյն
իսկ
Հայոց
քանի
մի
նահանգաց
մէջ՝
որք
ի
Ե,
Զ
դարս
Բիւզանդիոյ
կայսերութեան
ներքեւ
էին,
յիշուին
այդպէս
բազմաթիւ
եպիսկոպոսք՝
հայկական
տեղեաց
անուամբք,
որոց
ոմանք
չեն
յիշուիր
ի
մեր
պատմչաց։
Զարմանալի
այս
է,
որ
թէ
եւ
այդ
մեր
պատմչաց
ըսածներն
այլ
վկայեն
բազմութեան
Հայ
եպիսկոպոսաց,
այլ
եւ
ոչ
մէկն
40է
կամ
50է
աւելի
միաժամանակ
եպիսկոպոսաց
անունները
չէ
շարած,
թէ
ժողովոց
մէջ
թէ
ուրիշ
առթիւ,
հաւանօրէն՝
աւելի
գրուածքն
կամ
հին
թեմագրութիւնքն
կորած
են,
եւ
միայն
ԺԶ-ԺԷ
դարուց
մէջ
գրուածքն
յիշուին
կամ
մնան.
ինչպէս
Ոսկան
վարդապետին,
200ի
չափ։
Բայց
նոյն
իսկ
մեր
պատմըչաց
ի
Դ
դարէ
մինչեւ
ի
ԺԷ,
աստ
անդ
պատահաբար
յիշեալ
եպիսկոպոսական
թեմից
անուանք
կ՚անցնին
քան
զ՚400
թիւ,
միանգամայն
թէ
գաւառաց,
թէ
քաղաքաց,
թէ
վանորէից,
եւ
թէ
իշխանութեանց
կամ
նախարարութեանց.
վասն
զի
թէ
քաղաքական
թէ
եկեղեցական
տեսութեամբք՝
կային
գաւառք՝
որք
գոնէ
երկու
եպիսկոպոս
ունէին,
հին
դարերում.
Ինչպէս
նոյն
իսկ
Լուսաւորչի
ատեն`
Տարօն
գաւառն
աշխարհագրօրէն
ունէր
իր
եպիսկոպոսը,
նոյն
գաւառին
տէրն՝
Մամիկոնեան
իշխանն՝
ունէր
յատուկ
եպիսկոպոս.
եւ
ահա
երկու
Ասորի
եղբարքն
Զենովբ
եւ
Եղիազար
[1]
՝
այդ
գաւառին
գլխաւոր
վանաց
թեմերուն
եպիսկոպոսք
էին.
նոյնպէս
եւ
Մեծին
Ներսիսի
ատեն,
մինչ
երրորդ
եպիսկոպոս
կամ
քորեպիսկոպոս
եւ
այլ
կար
ի
Յաշտիշատ.
այն
կողմերն
էր
եւ
Դանիէլ
ասորին։
ԺԱ
դարու
պատմիչք
եւ
գրիչք
մեր
եւս
յիշեն
իբրեւ
իրենց
ներկայ
ժամանակին
500
թեմակալ
եպիսկոպոս.
յորոց
գէթ
զոմանս
հարկ
է
քորեպիսկոպոս
համարիլ:
Յայտ
է
ի
կարգաց
եկեղեցւոյ՝
որ
այդ
Քորեպիսկոպոս
կոչուածքն՝
աւանաց
եւ
գիւղից
եպիսկոպոսք
էին՝
քաղաքացի
եպիսկոպոսին
իշխանութեան
ներքեւ։
Մեր
պատմութեան
մէջ
շատ
չեն
յիշուիր,
բայց
կան
յիշուած
ԺԱ
դարու
մէջ,
ինչպէս
Արծն
աւանին
քորեպիսկոպոսն.
ինչուան
ԺԳ
եւ
ԺԴ
դարուց
մէջ
եւս
յիշուած
են։
Այս
տարբերութենէն
զատ՝
թէ՛
եկեղեցական
թէ
քաղաքական
տեսութեամբ՝
աստիճանք
կային
եպիսկոպոսաց,
բարձրագոյն
եւ
ստորին.
եւ
ինչպէս
ուրիշ
աշխարհաց
մէջ`
հարկ
էր
այդպէս
ըլլալ
եւ
ի
Հայս,
որոց
նախարարը
եւ
իշխանք
շատ
վրէժխնդիր
էին
իրենց
իրաւանց
եւ
դասաւորութեանց.
եւ
ինչպէս
աշխարհական
իշխանաց
բարձր
եւ
ցած,
կամ
առաջին,
երկրորդ
եւ
այլն,
դասակարգ
կար՝
թագաւորական
օրինօք
սահմանեալ
եւ
փոփոխեալ,
եւ
երբեմն
պատուոյ
եւ
երբեմն
պատժոյ
համար
վերիվայրեալ,
այսպէս
եւ
եպիսկոպոսաց
դասակարգն՝
ըստ
նախապատուութեանց
իշխանաց
եւ
տեղեաց.
վասն
զի
կան
եպիսկոպոսք
որք
յանուն
նահանգաց
կամ՝
աշխարհաց
կոչուին,
եւ
ըստ
այնմ՝
եւ
բարձրապատիւք.
ինչպէս
Այրարատայ,
Սիւնեաց՝
որ
12
եպիսկոպոս
ունէր
ընդ
ձեռամբ,
Աղձնեաց,
եւ
այլն։
Զատ
ասկէ՝
նա
եւ
իբրեւ
պաշտօնեայք
կաթողիկոսին
եւ
եկեղեցւոյ
պիտոյից
կամ
վարչութեան
այլեւայլ
տեսուչք՝
կային
գլխաւոր
եպիսկոպոսք,
նոյն
իսկ
Լուսաւորչի
եւ
Մեծին
Ներսիսի
ատենէն.
մանաւանդ
առաջին
դարերում՝
աւելի
որոշ,
հաստատ
եւ
շատ
էին
այսպէս
զանազանեալ
դասքն
եւ
պաշտօնեայք։
Ուխտանէս
պատմիչ
(ԺԱ
դարու)
այս
յիշեալ
Ս.
Հայրապետներէն
կարգեալ
եւ
դասաւորեալ
կ՚ըսէ
30
բարձրապատիւ
եպիսկոպոս,
յանուն
ցեղից
կամ՝
տեղեաց
կամ
թագաւորութեան
մեծամեծ
պաշտօնից,
Աթոռընկալ
կամ
Աթոռակալ
եպիսկոպոսներ
կոչելով,
որք
ի
ժողովս
կամ՝
որ
եւ
է
հանդիսական
գումարմանց
ատեն՝
քան
զայլ
եպիսկոպոսս
վերագոյն
բազմէին՝
մօտ
ի
կաթողիկոսն.
իսկ
Օրպելեանն
Ստեփանոս
պատմիչ
Սիւնեաց՝
36
եպիսկոպոս
կ՚ըսէ,
ոսկէնկար
բարձերու
վրայ
նստող,
իբրեւ
գահակիցք
հայրապետին։
Ուխտանէսի
յիշած
30
եպիսկոպոսաց
վիճակքն
են.
Ա.
Հարք
Բ.
Ոստան
Գ.
Տայք
Դ.
Մարդաղի
Ե.
Աշմունիք
Զ.
Արծրունիք
Է.
Սիւնիք
Ը.
Ռշտունիք
Թ.
Մոկք
Ժ.
Ամատունիք
ԺԱ.
Բասեն՝
ԺԲ.
Մամիկոնեանք
ԺԳ.
Բագրեւանդ
ԺԴ.
Խորխոռունիք
ԺԵ.
Վանանդ
ԺԶ.
Ապահունիք
ԺԷ.
Արշարունիք
ԺԸ.
Գնունիք
ԺԹ.
Գողթն
Ի.
Գարդման
ԻԱ.
Ակէ
ԻԲ.
Բաժունիք
ԻԳ.
Երուտակք
ԻԴ.
Ասորիք
ԻԵ.
Անձեւացիք
ԻԶ.
Պալունիք
ԻԷ.
Մեհնունիք
ԻԸ.
Ելոյ
ԻԹ.
Զարեհաւան
Լ.
Միւսաւորեաց?
Այս
եպիսկոպոսաց
մէջ,
ինչպէս
եւ
ժողովոց
մէջ
յիշուածներէն
կ՚երեւի՝
որ
առաջնակարգն
էր
Հարքայ
եպիսկոպոսն,
կամ
Հայոց
նահապետի՝
Հայկայ՝
բնիկ
ոստանն
ըլլալուն
համար,
կամ
(որ
նոյն
պատճառաւ
թուի)
Լուսաւորչէն
ձեռնադրուած
12
քրմորդի
եպիսկոպոսաց
առաջնոյն
տրուած
աթոռն
ըլլալուն,
որոյ
աթոռակալն
եղաւ
Ալբիանոս,
անշուշտ
հեթանոսական
անունը
փոխուած.
եւ
զոր
իբրեւ
նախակարգ
ամենայն
եպիսկոպոսաց՝
իր
յաջորդելի
որդւոյ
Արիստակիսի
հետ՝
ուղեկից
ըրաւ
Ս.
Գրիգոր
ի
Հռովմ՝
երթալուն
եւ
դառնալուն.
գուցէ
քրմապետի
կամ
մեծ
իշխան
մէկու
մի
որդի
էր։
Ասոր
պէս
տասնումէկ
ընկերաց
շատն
այլ
հերթանոսական
անուննին
թողած՝
քրիստոնէական
առած
են,
ինչպէս
Եւթալիոս,
«որ
ի
կողմանս
վայրացն
Բասենոյ
կացեալ
լինէր
հովիւ».
Բասոս,
Մովսէս,
Եւսեբիոս,
Յովհաննէս,
Ագապէս,
Անտիոքէս,
Կիւրակոս.
միայն
երեքն
հայրանունք
են,
(թողլով
յունական
էս
մասնիկն).
Արտիթ,
Արսուկ
եւ
Տիրիկ,
եթէ
ասոնք
այլ
ծռմռկած
չեն։
Ասոնց
առաջինն
իբրեւ
յատուկ
տեղակալ
կամ՝
իր
փոխանորդ
դրուած
ցուցընէ
Լուսաւորիչն,
իր՝
որ
եւ
է
պատճառաւ՝
հայրապետական
աթոռէն
հեռացած
ատեն.
«զԱլբիանոս՝
զայր
ճշմարիտ
եւ
աստուածասէր՝
վերակացու
թողոյր
արքունական
դրանն
բանակին»,
կ՚ըսէ
պատմիչն
(Ագաթ.
ՃԻԱ)։
Թուի
թէ
ասկէ
զատ
ինչպէս
յաջորդ
կաթողիկոսը՝
ունէր
եւ
Լուսաւորիչ
իր
Դրան
եպիսկոպոսն.
կային
եւ
արքունի
Դրան
եւ
գլխաւոր
իշխանաց
եւ
նախարարաց
Դրան
եպիսկոպոսք։
Ալբիանու
մեծապատուութիւնն
յայտնուի
իր
ցեղին
կամ
ընտանեաց
յաջորդներուն
այլ
եկեղեցական
բարձրագոյն
պատուոյ
եւ
աստիճանի
հասնելէն.
վասն
զի
երբ
Լուսաւորչի
որդւոց
եւ
թոռանց
յաջորդութեան
ընդհատութիւն
եղաւ
յետ
Յուսկան
եւ
Ներսիսի,
Ալբիանու
զաւկըներէն
կարգեցան
հայրապետք,
Փառէն,
Սահակ,
եւ
յետոյ
Յուսիկ,
Զաւէն
եւ
Ասպուրակէս:
Ասոնք
են
յիշեալ
քրմորդի
եպիսկոպոսք.
թերեւս
եւ
գլխաւորքն
եւ
աթոռակիցք
քահանայապետին.
այլ
Մեծն
Ներսէս
նորոգող
կարգաց
իր
ջոջ
պապուն՝
սահմաներ
էր
իրեն
12
աթոռակից,
խորհրդակից
եւ
գործակից,
(Բուզանդ
Զ.
Ե)
եւ
գուցէ
զասոնք
նշանակէ
եւ
Ագաթանգեղ՝
ըսելով
վասն
Լուսաւորչի
(ՃԻԴ),
«Ռըստակիսաւն
եւ
ամենայն
երեւելի
օգնականօքն՝
զաշակերտելովքն
շրջէր
եւ
հաստատէր
զնոսա»:
—
Վերջի
յիշատակս
յայտնի
կ՚ընէ,
որ
Արիստակէս
իր
հեռաւոր
ճգնարանէն
եկած
ատենէն
ի
վեր
ի
Հայս,
Տրդատայ
ստիպմամբ
քան
Գրիգորի՝
ձեռնադրուելով
հօրմէն
եպիսկոպոս,
միանգամայն
եւ
իրեն
յաջորդ
սահմանեցաւ
եւ
միւս
ամեն
եպիսկոպոսներէ
վեր,
եւ
իբր
ժառանգ
հայրապետութեան
ճանաչուէր.
այլ
թէ
ինչ
յատուկ
պատուանուամբ,
չի
յիշուիր.
իսկ
հայրն՝
Լուսաւորիչն
մեր,
ամենայն
պատուոյ
արժանաւորն՝
վայելուչ
էր
որ
Եպիսկոպոսապետ
Հայոց
կոչուէր.
թէ
եւ
կաթողիկոս
եւ
հայրապետ
եւս
կոչուած
է,
նա
եւ
մեծ
արքեպիսկոպոս
յԱգաթանգեղոսի
(ՃԻԴ).
բայց
պատուանուանք
իրմէ
վերջը
որոշուեցան
յեկեղեցիս,
եւ
թարգմանիչք
էին
գրոց
(ընդ
որս
եւ
Ագաթանգեղոսին)
իրենց
ժամանակին
սովորութեամբ
եւ
օրինօք
այդպէս
կամ
այնպէս
կոչեն.
մեծ
եւ
փոքր
յառաջին
դարս՝
հասարակօրէն
սոսկ
եպիսկոպոս
կոչուէին,
եւ
գլխաւոր
կամ
մեծ,
եւ
ասոնց
նման
անուամբք
որոշուէին
ազգի
կամ
աշխարհի
կամ
մեծ
գաւառաց
եպիսկոպոսունքն։
Ասանկ
համեմատական
պատուոյ
անուամբ
մի
միայն
զանազանէին
առհասարակ
քահանայքն
կամ՝
երիցունք.
եւ
զի
ի
սկզբան
յոյն
եւ
ասորի
քահանայք
շատ
էին
քան
զՀայս,
անոնց
լեզուաւ
այլ
կոչուէին
ի
վերայոց
թէ
քահանայն
եւ
թէ
ստորին
աստիճանի
պաշտօնեայք
եկեղեցւոյ.
ինչպէս
քիչ
առաջ
լսեցինք,
յԱգաթանգեղոսէ՝
անագանոս
կոչուիլն
գրակարդացի
կամ
ընթերցողի.
եւ
ինչպէս
բարձրագոյն
աստիճանաւորն
ինչուան
հիմայ
այլ
մեր
մէջ
(նա
եւ
օտարաց)
յոյն
բառով՝
եպիսկոպոս
կոչուի,
փոխանակ
թարգմանելու
Տեսուչ
կամ
Վերատեսուչ
ըսելու,
եւ
ըստ
ոմանց
Դէտ
կամ
Դիտապետ.
եկեղեցական
կարգաց,
աստիճանաց
եւ
խորհրդոց
վրայ
գրող
նախնիք
մեր,
սկսեալ
ի
Ս.
Սահակայ
մինչեւ
յօրինագիրն
կամ
Դատաստանագիրն
Մխիթար
Գոշ
եւ
այլք
յառաջ
քան
զսա
եւ
յետոյ,
եւ
մանաւանդ
անոր
ժամանակակիցն
Ս.
Ներս.
Լամբրոնացի
(ի
Մեկնութեան
Պատարագի)
բացայայտեր
են
այս
բաներս,
եւ
աւելորդ
համարիմ
յիշել,
զի
որոշակի
մեր
քրիստոնէութեան
Արշալուսոյ
յատուկ
գիտելիք
կամ
նոր
բան
մի
չեն։
Ասոնց
հետ
իմանալու
եւ
թողլու
է
որ
եւ
է
եկեղեցւոյ
կարգաց,
գրոց,
ծիսից,
եւ
այլն,
խնդիրներ,
որ
եկեղեցական
հնախօսութեան
վերաբերին,
եւ
որք՝
յայտ
է
թէ
այնպիսին
էին՝
որպիսիք
զանոնք
կատարող
նախնի
պաշտօնեայքն,
այսինքն
յունականք
կամ
ասորականք.
եւ
մինչեւ
այսօր
մեր
Պատարագամատոյցն,
Օրհնութիւն
գիրքն
կամ
Մաշտոց,
մեծաւ
մասամբ
ի
Յունաց
առնուած
են,
մասն
ինչ
եւ
յԱսորւոց,
որպէս
ի
Ս.
Եփրեմէ.
եւ
եթէ
յանուն
Ս.
Սահակայ
եւ
Ս.
Լուսաւորչի
Պատարագամատոյց
այլ
յիշուին՝
նոքա
եւս
կամ
բոլոր
կամ՝
մեծաւ
մասամբ
այդ
օտարաց
նման
կամ
նոյնք
են
[2]
։
Այս
առթիւ
յիշենք,
որ
մեզի
ծանօթ
Յաճախապատում
[3]
կոչուած
գրքէն
զատ՝
Լուսաւորչի
անուամբ
հայերէն
գրուած
չի
գտուիր,
բայց
անվաւեր
Տեսիլք
կամ
Հրեշտակի
հետ
խօսակցութիւն.
սակայն
եթովպացի
եւ
արաբացի
(կարծեմ՝
թէ
եւ
ղփտի)
հին
ձեռագրաց
մէջ
գտուին
իր
անուամբ
վարդապետական
բանք.
Ագաթանգեղոսի
մէջ
եղածէ՞ն,
Յաճախապատումէ՞ն,
թէ
ուրիշ
գրուածէ
առնուած,
դեռ
ստուգուած
չէ.
իսկ
իր
վարքն,
ինչպէս
եւ
տօնն՝
թէ
այդ
յիշեալ
ազգաց
եւ
թէ
այլոց,
յորս
յայտնի
են
Ասորւոցն,
Յունաց
եւ
Լատինաց,
գտուին
իրենց
Յայսմաւուրաց
եւ
Տօնացուցին
մէջ։
Այս
ամենն
վկայեն՝
թէ
մեր
Լուսաւորիչն
ինչ
մեծ
եւ
հին
համբաւ
ունեցեր
է,
զոր
կրնամք
ըսել
յամաշխարհական.
եւ
թէ,
այն՝
որ
այսպէս
յետ
մահուանն
հռչակուեր
է,
նա
եւ
ի
կենդանութեանն
ունեցեր
է
անոնց
շատին
հետ
որ
եւ
է
կերպով
վերաբերութիւն
կամ
ծանօթութիւն
մը,
որուն
արդէն
հաւաստիք
տեսանք
այլեւայլ
գաւառներէ
եւ
թեմերէ
օտարալեզու
եկեղեցականներ
եւ
վարդապետներ
բերելն
ի
Հայս։
Այս
ծանօթութիւնն
եւ
համբաւ
Լուսաւորչին
անտարակոյս
աւելի
հռչակեցաւ
առթիւ
Նիկիոյ
Ա
ժողովոյն.
որ
եւ
կարեւոր
դէպք
մի
ըլլալով
մեր
ազգին
քրիստոնէութեան
արեգակնափայլութեան,
վայելէ
որ
քիչ
մի
կանգ
առնունք
այս
կէտիս
վրայ,
առանց
աստուածաբանական
եւ
եկեղեցական
խնդրոց
մէջ
մտնելու,
թեթեւակի
շօշափելով
զպատմականն.
հասարակաց
ծանօթ
ըլլալով՝
որ
այդ
առաջին
տիեզերական
սիւնհոդոսին
(ժողով)
գլխաւոր
պատճառն
էր՝
Աղեքսանդրիոյ
Արիոս
երիցուն
անտանելի
հայհոյական
մոլար
վարդապետութիւնն,
զՅիսուս
Քրիստոս
սոսկ
մարդ
ըսելով
եւ
ոչ
միացեալ
ընդ
Բանին
Աստուծոյ՝
Աստուած
եւ
մարդ.
մէկ
մ՚այլ
խնդիրն
Զատկի
տօնին
օրուան
եւ
եկեղեցական
վիճակաց
կամ
աթոռոց
կարգաւորութիւնքն:
[1]
Առաքելոց
վանաց
Սահմանագիրն՝
հօն
ձեռնադրուած
կ՚ըսէ
զՂազար
(Եղիազար),
բայց
Զենովբ՝
առաջուց
Նիւստրացւոց
եպիսկոպոս
ցուցընէ
զնա
եւ
Ս.
Գրիգորի
հետ
ի
Հռովմ
գնացող,
եւ
ի
դարձին
հաստատուած
յԱռաքելոց
վանս։
[2]
Ասոնց
վրայօք
տեղեկանալ
փափագողն
կըրնայ՝
զատ
այլոց
գտնել
ճոխաբար
եւ
լաւ
քննութեամբ
գրուած
գիրքը
Գաթըրճեան
Հ.
Յովսէփ
վարդապետի
Վիեննայի
Մխիթարեանց,
Սրբազան
Պատարագամատոյցք
Հայոց
անուանեալ,
եւ
տպագրեալ
հօ
յամին
1897։
[3]
Տեղւոյս
պատշաճ
չեմ
համարիր
քննելն՝
թէ
որքան
ստոյգ
կամ
հաւանական
գրուած
է
սա
մեր
Լուսաւորչին։