Գ.
Ս.
ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ
ԵՒ
ԱՇԱԿԵՐՏՔՆ
ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ
Առաքելոց
մէկն
էր
սա.
եւ
անունն
թարգմանուի,
ասորերէն
կամ
եբրայերէն,
Որդի
Թողիմեայ
կամ
Պըտղոմեայ.
առ
մեզ
երբեմն
Դ
տառիւ
գրուի,
բայց
առ
Յոյնս
եւ
Լատինս՝
սովորաբար
Թ
տառիւ։
Հայրենեօքն՝
Գալիլիոյ
Կանա
քաղքէն
էր,
ուստի
եւ
Նաթանայելն
յիշեալ
յաւետարանս.
եւ
ըստ
ոմանց
ի
նախնի
Հարց՝
նոյն
մի
անձն
է
երկու
անուամբ։
Շարականք
մեր
հնչեն
աւանդութիւն
մի,
թէ
ի
Ննջման
Տիրամօրն՝
երբ
ամենայն
Առաքեալք
իրենց
քարոզութեան
տեղերէն
ժողովեցան՝
զինքը
յուղարկելու
յերկինս,
«Բարդողիմէ
յետոյ
եկեալ,
Եւ
զբաղձալին
իւր
ոչ
գըտեալ»,
այսինքն,
մինչ
արդէն
թաղեր
էին
զԿուսական
մարմինը,
նա
շատ
տրտմելով
ցաւէր,
եւ
փափագէր
գոնէ
թաղուածը
տեսնել.
եւ
երբ
բացին
զգերեզմանն
եւ
չգտան
զԲաղձալին,
այլ
աւելի
եղաւ
սուգն,
ապա
զինքը
մխիթարելու
համար՝
տուին
իրեն
Տիրամօր
փայտեղէն
պատկերը,
զոր
իր
որդիացեալն
Յովհ.
Աւետարանիչ`
քանդակեր
էր,
եւ
ինքն
U.
Կոյսն
դնելով
իր
երեսաց
վրայ՝
օրհներ
էր։
Այս
արդարեւ
Բաղձալի
Պատկերն՝
նախ
իրեն
Բարթողիմեայ,
եւ
ապա
իր
ձեռօք՝
գանձ
եղաւ
Հայոց։
Վասն
զի,
այդ
Առաքեալդ
նախ
քարոզեր
էր
Արաբիոյ
եւ
Պարսից
հարաւային
կողմերը,
եւ
անկէ
մինչեւ
ի
Հնդկաստան
գնացեր,
Մատթէոսի
աւետարանին
օրինակ
մ’այլ
հետը
տանելով
[1]
(որ
շատ
ժամանակ
վերջը
հօն
գտուեցաւ).
յետ
Ննջման
Կուսին
եւ
յետ
նահատակութեան
Թադէոսի,
յորդորանօք
Թովմայի
իր
Առաքելակցին,
որպէս
աւանդի,
յանձն
առաւ
երթալ
ի
Հայս,
եւ
լրացընել
անոր
քարոզութիւնը։
Բարթողիմէոս
ոչ
միայն
Հայոց
աշխարհին
արեւելեան
եւ
հարաւային
կողմերում՝
քարոզեր
է,
այլ
եւ
յարեւմտակողմն,
ի
Փռիւգիա
եւ
ի
Լիկայոնիա,
որք
յետոյ
աւելի
մերձաւոր
սահմանակից
եղան
Հայոց,
Ռուբինեանց
ժամանակ,
բայց,
դարձեալ
արեւելեան
կողմէ
մտաւ
ի
բնաշխարհն
Հայոց,
գալով
ի
Խորասանէ
Պարսից.
ուր՝
կրակապաշտ
եւ
արեւապաշտ
մոգերու
սնոտի
պաշտամանց
ատեն,
(աւանդէ
մեր
Խորենացին
եւս),
թէ
զU.
Տիրամօր
Պատկերն
արեգական
դէմ
բռնելով՝
խաւարեցուց,
բայց
մոգքն
դարձեալ
իրենց
հին
մթան
մէջ
մնացին,
միայն
ութ
հոգի
հաւատացին
մկրտուեցան,
եւ
Առաքելոյն
հետ
եկան
ի
Հայս:
Նախ՝
Վասպուրական
աշխարհի
Վանայ
արեւմտեան
հարաւակողմն,
Անձաւացեաց
գաւառը
մտան,
որ
իր
քարոտ
երկրին
անձաւներուն
(քարայր)
համար՝
այսպէս
կոչուած
է։
Հօն
կային
Անահտայ
եւ
ուրիշ
սնոտեաց
պատկերք
եւ
պաշտօնեայք,
որք
ժողովուրդը
վախցընելու
եւ
մոլորցընելու
համար,
այդ
անձաւաց
միջոց
բոցարձակ
կրակ
վառած՝
դարբնաց
նման
մեծամեծ
կռաններով
քարեր
ու
երկաթե
սալեր
զարնելով,
ահաւոր
ձայներ
հանին,
եւ
ասոր
համար
տեղն
այլ
Դարբնաց
քար
կոչուած
է։
Այuտեղ
այլ
Առաքեալն՝
Տիրամօր
պատկերով
լռեցուց
որոտմունքները,
փշրեց
Անահտայ
եւ
կրակի
կուռքերին
եւ
բագինները,
հալածեց
անբաժան
պաշտօնեաները
(եւ
զդիս,
ըստ
պատմչին),
եւ
փոքրիկ
խաչ
մի
կանգնեց
լերան
մի
վրայ.
զոր
յետոյ
Ս.
Գր.
Լուսաւորիչ
գտաւ
եւ
հետը
կրէր,
եւ
վերջը
դրուեցաւ
Տրդատ
թագաւորի
գերեզմանի
վրայ։
Իրմէ
առաջ
Ս.
Հռիփսիմեանք
այլ
եկեր
էին
այս
կողմերս,
Տիրամօր
պատկերը
պատուելու։
Բարթողիմէոս
փոքրիկ
եկեղեցի
մ’այլ
շինեց
քարուփոր
տեղը.
«իւրովք
իսկ
ձեռօքն
շինեալ
եկեղեցի
փոքրագոյն,
եւ
անուանեաց
զնա
Ս.
Աստուածածին,
եւ
եդ
ի
նմա
զՊատկեր
Տիրուհւոյն.
եւ
տայ
զնա
սուրբ
Կանանց»,
ի
պահել
եւ
պատուել
զտեղին,
որ
յետոյ
եղաւ
հռչակաւոր
հոգեաց
վանք
կոչուածն,
եւ
աթոռ
բարձրագահ
եպիսկոպոսի,
եւ
մեր
աշխարհի
ուխտատեղեաց
մի
նշանաւորն,
եւ
մինչեւ
հիմայ
պատուի
թէ
եւ
շատ
անշքացեալ։
Իսկ
Պատկեր
Տիրուհւոյն
տեղէ
տեղ
փոխադրեցաւ,
երբեմն
ծածկուելով
երբեմն
յայտնուելով։
Զատ
յուխտատեղւոյն՝
դիտելի
է
Առաքելոյն՝
զայն
յանձնելը
Կանանց,
որք
եւ
անուամբ
յիշուին.
գլխաւորն
Մարիամ՝
իբրեւ
մայրապետ,
որ
Յուսիկ
կամ
Յուսհատ
անուամբ
նշանաւոր
մէկու՝
գուցէ
եւ
մոգի
մի՝
քոյր
էր.
թերեւս
եւ
յիշեալ
Մաքօր
կամ
Մաքովար
եւ
Որմզդատ
եղբարքն՝
նոյնպէս
մոգք
էին,
հաւատացեալք.
որոց
քորքն
Աննա
եւ
Մարթա
ընկերացան
Մարեմայ,
հանդերձ
այլովք,
ի
պահպանութիւն
Պատկերին.
եւ
իրենց
յաջորդեցին
այլ
կուսանք
եւ
հաւատաւոր
կանայք,
մինչեւ
ի
ժամանակս
Լուսաւորչի։
Անտարակոյս
քահանայք
այլ
կային
անոնց
մօտ՝
զիրենք
հոգալու,
եւ
ծածկաբար
պատարագ
մատուցանելու,
որչափ
այլ
ծածուկ
էր՝
եւ
իբրեւ
նշոյլ
փոքրիկ
առկայծեալ
ճրագի,
սակայն
վառ
մնաց
քրիստոնէութիւնն
այդ
մթին
քարանձաւաց
մէջ
այն
մթնշաղ
երեք
առաջին
դարերում։
Ըստ
ոմանց,
յառաջ
քան
այս
կողմերս
գալու՝
յարեւելից
գալով
Բարթողիմէոս՝
անցեր
էր
Երասխ
գետէն
զատ
յայլոց
ի
Գողթն
[2]
գաւառ
Սիւնեաց,
ուր՝
յաւանն
Ագուլիս
շատք
հաւատացին
ի
Քրիստոս.
եւ
շինեց
հօն
եկեղեցի
եւ
անուանեց
Տեառն–ընդ-առաջ,
ըստ
աւանդութեան
տեղացեաց.
իբր
թէ՝
առաջին
եղած
ըլլան
ընդ
առաջ
ելնելու
Քրիստոսի
հաւատովք.
անոնց
մէջ
էին
եւ
տեղւոյն
գլխաւորն
կամ
իշխանն՝
Շաբ
կամ
Շաբիթ
անուն,
կինն՝
Նշնա
եւ
որդին՝
Խոսրով,
եւ
թոռն՝
Վահան։
—
Նոյնպէս
շատեր
հաւատացին
եւ
ի
Վանանդ
գաւառի,
ուր
շինեց
մեծ
եկեղեցի
մի,
որ
յետոյ
եղաւ
անուանի
վանք
եւ
ուխտ
եւ
եպիսկոպոսարան,
յանուն
U.
Թովմայի։
Այս
տեղ
յիշուի
վախճանած
Լուսիկ,
մի
յաշակերտաց
Առաքելոյն,
գուցէ
մի
ի
մոգուցն
հաւատացելոց
եւ
եկելոց
ի
Խորասանէ.
որպիսի
էր
եւ
Կումսի
Պարսից
Խուժաստան
աշխարհէն
եկածն
ընդ
Բարթողիմեայ,
զոր
վերակացու
եւ
հովիւ
կարգեց
նա
բոլոր
այս
կողմանց,
որ
է
ըսել
եպիսկոպոս։
Սա
երկար
տարիներ
իր
տեսչութիւնը
կատարած
կ’ըսուի,
եւ
իրեն
յաջորդեր
է
Խուժիկն
Բաբելաս
[3].
ասոր
այլ՝
Մուշէ.
ասոր
այլ
(թուի
ոչ
անընդմէջ)
Մխիթար,
ի
կէս
Բ
դարու։
Իսկ
ինքն
Առաքեալն
Բարթողիմէոս՝
երեւի
անդադար
երթալ
ու
գալ
այս
եւ
ուրիշ
կողմեր.
եւ
դառնալ
անգամ
մ’այլ.
յԱղբագ
գաւառ,
Վանայ
հարաւակողմն.
եւ
հօն,
կ՚ըսուի,
աշակերտած
ի
Քրիստոս՝
այն
նախայիշեալ
Աւագուհի
կամ
Ոգուհի
տիկինը,
որ
արքայազարմ
ըլլալով՝
իր
համբաւն
հասեր
էր,
ըստ
ոմանց,
առ
Սանատրուկ,
եւ
սորա
հրամանաւ
նահատակուած.
հետն
այլ
Տերենտ
հազարապետն,
որ
զտիկինը
մոլորցընելու
համար
եկած
էր,
բայց
ինքն
հաւատաց
ի
Քրիստոս։
Ըստ
այլոց,
որ
աւելի
հաւանական
երեւի,
այն
գաւառի
եւ
նահանգի
իշխողին
հրամանաւ
նահատակուեր
է,
ինչպէս
եւ
ինքն
բազմարդիւն
Առաքեալն։
Ամէն
եկեղեցագիրք
եւ
վկայագիրք՝
պատմեն
սորա
կատարածը,
բայց
ոչ
նմանապէս,
սակայն
ամենքն
այլ
հաւանին
որ
նահատակուած
է՝
ի
Հայաստան.
նահատակողն
այլ
ոմանք
կոչեն
օտարալուր
կամ
աւրուած
անուամբ՝
Պոլիմիոս.
Ասորւոց
վկայաբանութեանց
մէջ
Աւարագաթի
այլ
կոչուած
է
թագաւորն
եւ
եղբայր
Աժդահակ
թագաւորի։
Նահատակութեան
տեղն՝
որ
Բարմա
այլ
կոչուած
է,
բաւական
յայտնի
է,
Աղբակայ
կողմերում.
թերեւս
այս
անուան
մէկ
տառը
փոխելով՝
յոյն
եւ
լատին
գրիչք
Ալբանոպօլիս
[4]
գրեն,
յորմէ
առնելով
եւ
Խորենացի
եւ
այլք՝
մերձաւորապէս
Արեւբանոս
կոչեն
կամ՝
Ուրբանոս
եւ
Ուրբիանոս,
կամ՝
Ուրբանուպօլիս.
Ասորին՝
Արվոն
գրած
է,
անշուշտ
արեւ
բառէն։
Շատ
հաւանութեամբ`
տեղս
Հայոց
ծանօթ
փոքր
ի
շատէ
Արծրունեաց
նախարարին
ոստան
կամ՝
իշխանանիստ
Հադամակերտն
է,
հիմայ
Պաշ
գալէ.
ուր
շինեցաւ
եւ
ինչուան
հիմայ
պատուի
ի
Հայոց
եւ
ի
Քաղդէացւոց՝
ուխտատեղի
եկեղեցի
[5]
։
—
Առաքելոյն
նահատակութեան
կերպն
այլեւայլ
օրինակաւ
կ՚ըսեն
կամ
կար
են.
ոմանք՝
խաչուած,
ոմանք՝
մորթեզերծ
եղած,
այսինքն
ողջ
ողջ
մարմնոյն
մորթը
քերթեր
հաներ
են,
զոր
Առաքեալն՝
ընծայ
տուաւ
Քրիստոսի,
եւ
ըսէ
գովասանելով՝
Ս.
Օգոստինոս,
այլ
երկուքն
այլ
ստոյգ
է,
զի
նախ
մորթեզերծ
ըրին
ապա
խաչեցին։
Գանձասաց
Խաչատուր
վարդապետն
երգէ.
«Բարդողիմոս
յԱղբակ
ընթանայ
Զմորթըն
հանեալ՝
ի
խաչ
վերանայ»։
Ճառընտրաց
վկայաբանութեան
մէջ
գրուի,
թէ
յետ
չարչարանաց՝
արձակ
թողուած
ըլլայ
եւ
աղօթելով
զհոգին
աւանդած։
Նահատակութեան
տեղին
եղաւ
իր
թաղմանն
այլ.
ուսկից՝
երեք
կամ
չորս
դար
յետոյ.
Ս.
Մարութա
առեր
եւ
փոխադրեր
է
զմարմինն՝
իր՝
Մարտիրոսաց
քաղաքը,
այն
է
Նփրկերտ
(Միւֆարղին)։
Օտարոտի
իմն
պատմեն
արեւմտեայք,
թէ
մարմինն
տապանով
նետեր
են
ի
ծով.
(ուսկի՞ց),
եւ
ալիք
ծովուն
քշեր
տարեր
են
մինչեւ
ի
Լիպարեան
կղզիս
Սիկիլիոյ.
անտի՝
յԹ
դարու՝
փոխադրուեր
է
ի
Բենեւենդ,
աստի
այլ
ի
Հռովմ՝,
ուր
պատուի
մեծ
եկեղեցեաւ
[6]
։
Վկայագիրք
մեր՝
Սանատրըկոյ
թագաւորութեան
29
տարին
եկած
գրեն
զԲարթող.
ի
Մեծ
Հայս.
շատ
ստոյգ
չէ
թուականն,
բայց
թուի
Քրիստոսի
50–60ին։
Այդ
որպէս
եւ
ըլլայ,
մեծ
եւ
փառաւոր
է
թէ
իր
անձին
թէ
մեր
եկեղեցւոյ՝
Ս.
Բարթողիմէոսի
առաքելութիւնն,
նահատակութիւնն
եւ
երախտիքն,
եւ
արժանապէս
յարգանօք
տօնուի
ի
մերայոցս,
այլ
եւ
յօտար
ազգաց
քրիստոնէից,
եւ
ինչպէս
Ս.
Թադէոսի
նահատակութեան
տեղն
նախապատիւ
արքեպիսկոպոսական
աթոռ
եղած
է
Հայոց
քահանայապետութեան,
այսպէս
եւ
Ս.
Բարթողիմէոսի,
որ
եւ
իր
անուամբ
իսկ
կոչուի,
յԱղբագ
(հիմայ
Ալպաղ)
գաւառի,
թէ
եւ
առաջինին
պէս
շատ
չի
յիշուիր։
ԺԴ
դարու
սկիզբները
(1321)
Յովհաննէս
ԻԲ
պապն
Հռովմայ՝
գիր
գրած
է
առ
Յակովբ,
ժամանակին
արքեպիսկոպոսն.
մինչեւ
ԺԶ
դար
յիշուին
քանի
մի
եպիսկոպոսք
եւս։
Իսկ
եկեղեցիք
յանուն
Բարթող,
ոչ
միայն
ի
Հայս
[7]
այլ
եւ
յօտար
աշխարհս
շինուած
են
ի
Հայոց.
նշանաւորն,
ոչ
մեծութեամբ,
այլ
հնութեամբ՝
Ճենովային
է,
1308ին
շինուած,
Կիլիկիայէն
գաղթող
միանձանց
ձեռքով,
եւ
եղած
է
գլխաւոր
վանատանց
Հայ
Եղբարց
Իտալիոյ.
Սրբոյն
նշխարքներէն
այլ
մաս
մի
ունենալով,
հաւանօրէն
հետերնին
բերած
իրենց
երկրէն,
ինչուան
հիմայ
շէն
է
այս
եկեղեցին,
եւ
շատ
հռչակուած,
Քրիստոսի
Դաստառակն
հօն
պատուելուն
համար
մեծ
յարգութեամբ
[8]
։
[1]
Ստոյգ
համարուի
այս
բանս,
որով
եւ
փաստ
մ’այլ
ընծայէ,
թէ
ինքն
Բարթողիմէոս
չէր
գրած
իր
կողմանէ
Աւետարան
մի,
ինչպէս
կարծեր
են
ոմանք,
եւ
անվաւեր
գրուած
մ՚այլ
երեւցուցեր
են,
իբրեւ
Աւետարան
Բարթողիմեայ
Առաքելոյ։
[2]
Մեր
հին
Աւետարանաց
յառաջաբանը
Մատթէոս
Աւետարանչի
համար
կ՚ըսեն
Գողթն
եւս
քարոզած,
բայց
ոչ
Սիւնեաց
գաւառը՝
կ՚իմանան,
այլ
Պարթեւաց
կողմերուն,
եւ
շատն
Գաղթեան
գրեն։
[4]
Ոմանք
Կորբանուպօլիս
գրած
են։
[5]
Այս
ամեն
աւանդութիւններն
այլ
յարմարապէս
միացընեն
Յայսմաւուրք
(ոմանք):
«Բարթող
գնաց
յԱղբակ,
ուր
մորթն
հանաւ
տիկ
եւ
ոչ
մեռաւ.
յետ
այնորիկ
ի
խաչ
հանին,
եւ
ոչ
այնու
կատարեցաւ,
եւ
ապա
արք
վեց`
քըքով
հարին
զնա,
եւ
այնու
կատարեցաւ»:
Վասիլեան
յոյն
Յայսմաւուրքն
կ՚ըսէ
յԱրարատ
նահատակուած,
նետահար
ըլլալով։
[6]
Գտնուի
եւ
մեր
Յայսմաւուրաց
(ոչ
ամենուն)
մէջ
այլ,
այս
յիշատակս,
եւ
բանական
վայելուչ
գրուած,
(ի
14
նաւասարդի,
Օգոոտոս
26).
զոր
իբրեւ
հետաքրքրական՝
դնեմք:
«Ո՜րպէս
սքանչելի
է
Աստուած
ի
Սուրբս
իւր.
յաջողակ
ժամ
է
եւ
ինձ
վերագոչել,
որ
պատմել
նախ
յօժարիմ՝
զզարմանալի
եւ
զզարհուրելի
նշանագործութիւնս
Ս.
Առաքելոյն
Բարդողոմէոսի,
ի
զանազան
քաղաքս
եւ
ի
գաւառս,
յայտնապէս
զանուն
Տեառն
մարդկան
քարոզեաց՝
եւ
խաչեցաւ
ի
Հայք՝
յարեւելս։
Զսա
ստորեդին
ի
տապանի
քարեղէն՝
որք
ի
վախճանի
իւրում՝
անդ
հաւատացեալք
գտան,
ի
յՈւրբանուպօլիս.
եւ
քանզի
սուրբ
տապանն
այն
մշտապէս
բժշկութիւն
բաշխէր,
ընթանային
ժողովուրդք
բազումք՝
որք
ի
հիւանդութիւնս
էին,
եւ
ազատէին
ի
տրտմեցուցանող
իւրեանց
ախտիցն,
եւ
հաւատային
ի
Քրիստոս:
Արդ,
զայս
տեսանելով
բանսարկուին
սպասաւորքն՝
մոլեգնէին
ընդդէմ՝
աստուածային
տապանին
այնմիկ.
որ
եւ
առեալ
ընկեցին
զտապանն
եւ
զՍրբոյն
մարմինն
ի
ծով
անդր,
հանդերձ
այլ
չորս
եւս
տապանօք
սուրբ
մարտիրոսաց.
որոց
անուանքն
են
այսոքիկ.
Պապիանոս,
Լուկիանոս,
Գրիգորիոս
եւ
Ակակիոն.
եւ
բերեալ
զտապանսն՝
ծովուն՝
եկան
ի
կղզին
որ
կոչիւր
Լիպարի,
եւ
անդ
յարմարեցաւ,
իսկ
սուրբ
Մարտիրոսքն
իբրեւ
զհետ
թագաւորի
երթային՝
ուր
եւ
հաճեցաւ
հանգչել
մեծ
Առաքեալն.
եւ
անդ
զնա
թողին,
եւ
առ
ժամայն
յետս
դարձան՝
ուր
եւ
իւրաքանչիւր
ուրուք
բնակել
հաճեցաւ
աստուածային
նախախնամութիւնն...
Յայնժամ
Աղաթոնի
եպիսկոպոսի՝
(անշուշտ
Բ
Աղաթոն
եպիսկոպոսն
է
Լիպարեայ,
Զ
դարու
վերջին
քառորդին,
որով
կ՚իմացուի
Ս.
Բարթ.
մարմնոյ
աւանդեալ
գալստեան
ժամանակն),
որ
զեպիսկոպոսարանն
զուարթապէս
ուղղէր,
աստուածային
Առաքեալն
զինքն
յիշեցուցանէր
երեւմամբ.
առ
ժամայն
փութացաւ
ի
տեղին.
եւ
իբրեւ
ետես
զմեծ
եւ
զահաւոր
նշանն՝
սքանչացմամբ
լցեալ
եւ
փոխանակ
բարբառէր։
Ուստի՜
քեզ
այսչափ
զուարթ
հարստութիւնս
եղեւ,
ով
Լիպարիտ.
բազում
ստուգապէս
ցնծացար,
եւ
առաւելապէս
փառաւորեցար.
պարեա
եւ
խայտա,
ընկալ
իւրական
ձեռօք,
եւ
կոչեա
առ
նա,
Բարի
եկիր
Տեառն
Առաքեալդ։
Զայսոսիկ
եւ
այլս
ոչ
սակաւս
եպիսկոպոսն
առ
նա
ասացեալ,
եւ
գովեալ
զԱռաքեալն
եւ
զկղզին,
հանգոյց
զբանն։
Եւ
զի
հարկ
էր
զաստուածային
տապանն
կացուցանել
ի
նշանաւոր
տեղւոջ,
յորում
եւ
տաճար
շինել
հանդերձեալ
էր
ի
փառս
ամենագով
Առաքելոյն.
եդեալ
անդ
զտապանն
սուրբ,
որ
եւ
առժամայն
բազում
եւ
անչափ
բժշկութիւնս
արար
ի
հիւանդս
եւ
ախտաժէտս
եւ
ի
դիւահարս,
հանապազօր։
—
Եւ
յետ
անցանելոյ
բազում՝
ժամանակաց՝
աւուրս
Թէոփիլոսի
թագաւորի,
վասն
բազում
մեղաց
մերոց՝
առեալ
հագարացիքն
զամենայն
կղզին
Լիպարիու,
զի
ոչ
մնաց
մարդ
ոչ
մի.
եւ
իշխանն
Պենեւենդոյ
գիտէր
եւ
լուեալ
էր
զսքանչելիս
Առաքելոյն.
եւ
վասն
ջերմ՝
հաւատոցն
զոր
եռայր
առ
սուրբն,
առաքեաց
արս
նաւօք
ի
քաղաքն
Մալֆիաւն
(Ամալֆի),
եւ
ետ
բազում՝
ինչս,
եւ
աղաչեաց
զի
երթեալ
առցեն
զմեծ
գանձն
անգին,
զոր
եւ
արարին։
Եւ
իշխանս
այս
իբրեւ
լուաւ՝
եթէ
գայ
տապանն
հետ
ի
ծովէն,
առ
զեպիսկոպոս
տեղւոյն
եւ
զամենայն
կղերիկոսն
եւ
զժողովուրդն.
եւ
գնացին
ընդ
առաջ
մինչեւ
ի
քաղաքն
Պինիմենդ:
եւ
եդ
ի
գեղեցիկ
տեղւոջ։
Եւ
առնէ
միշտ
ողջութիւն
հաւատացելոց.
ի
փառս
Քրիստոսի
Աստուծոյ»։
[7]
Ի
կէս
ԺԷ
դարու
յիշուի
Ս.
Բարդողիմէոս
եկեղեցի
Հայոց
ի
Զմիւռնիա։
[8]
Ծիծաղական
եւ
այլ
աւելի
նուաստ
աւանդութիւն
մը
յիշէ
Դուռնըֆոր
փռանկ
երեւելի
ճանապարհագիրն
ԺԷ
դարու.
Հայոց՝
Յիսուսի
Մանկութեան
առասպել
Աւետարանի
մէջ
գրուած.
թէ,
օր
մի
Յիսուս
Թադէոսի
եւ
Բարդողիմէոսի
հետ
որսի
գնացեր
են
ի
Հայս,
եւ
կաքաւներ
որսացեր
են,
բայց
տեղացիք
վրայ
հասնելով՝
ինքն
փախչի,
Առաքեալքն
բռնուին։
Երկու
Առաքելոց
զուգութեան
յիշատակին
համար
ի
Հայս՝
յիշեցինք
զայս։