Արշալոյս քրիստոնէութեան Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

ԱՌԱՋԻՆ ՆՇՈՅԼ ԿԱՄ ՄՈՒՏՔ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ Ի ՀԱՅՍ

Որչափ այլ կարծիական է, սակայն իբրեւ լոկ աւանդութիւն եւս յիշելի է. թէ, քրիստոնէութեան գէթ համբաւն՝ շատ կանուխ՝ հասեր է ի Հայս, եւ նոյն իսկ դեռ Քրիստոսի տնօրէնութիւնքն բոլորովին չկատարուած, որ է ըսել յառաջ քան զԽաչելութիւնն, եւ այս՝ համարէ թէ ըլլայ աւանդեալ Աբգարու դեսպանութեամբ եւ թղթակցութեամբ ընդ Քրիստոսի, զոր բոլորովին անհիմն եւ անհաւատալի չեն դատեր ոչ սակաւ հին եւ նոր գիտնականք, եւ մենք այլ զԱբգար աւելի Ասորւոց թագաւոր համարիմք եւ ոչ Հայոց. ըլլայ եւ այն աւանդութեամբ, թէ՝ Քրիստոսի վերջի օրերում՝ հեթանոսք ոմանք ըսին առաքելոց, թէ «ԶՔրիստոս կամիմք տեսանել», որ ակնարկէ Աբգարու դեսպանութեան։ Թողլով զասոնք այլ, եթէ որ եւ է  կերպով Քրիստոսի համբաւն յԱսորիս հասեր էր, անկէ ի Հայս՝ քայլ մի է. մանաւանդ թէ մեր ազգայնոց բազմաշրջիկ ըլլալն, գլխաւորապէս վաճառականութեան առթիւ, եւ այն ատեն Հռովմայեցւոց հետ յարաբերութիւնն, անտարակոյս կ՚ընէ այդպիսի համբաւոյ հնչելն ի Հայս։ Թողունք ուրիշ ազգային մասնական աւանդութիւն մ՚այլ, թէ Քրիստոսի երկրպագու եւ ընծայաբեր Մոգք՝ բերին այ համբաւը, եւ ոմանց համարիլն՝ թէ մի ի մոգուցն՝ Գասպար, էր ի Մոկաց գաւառէն, եւ թէ ոչ՝ սակայն ի Մոկս աւանի թաղուած կ՚ըսեն եւ ցուցընէին գերեզմանը հին եկեղեցւոյ մի մէջ։ Ասոնք որքան եւ աւանդութիւն եւ զրոյցք համարուին, ստոյգն է՝ ոչ միայն Հայոց երթեւեկն ի Պաղեստին եւ յԵգիպտոս՝ այն ատեններ եւ յառաջ եւ յետոյ, այլ եւ հաւանական՝ իրենց երկրին չորս կողմը տարածուիլն այսպիսի եւ նման համբաւոյ մեծ դիպաց. եւ այս՝ ըստ մէջերկրեայ դրից մեր երկրին. զոր՝ եւ Ասիոյ արեւելից եւ արեւմտից աշխարհաց եւ ճանապարհաց՝ միջավայր ճանչնան գլխաւոր աշխարհագիրք ժամանակիս։ ԶԱբգար հայացընողք՝ անունն այլ հայացընեն Աւագ այր կոչելով. գուցէ աւելի ստոյգ ըլլալ միւս աւանդութիւն մի, որ Աբգարու քոյր կամ՝ քեռ դուստր մի ճանչնայ Աւագուհի կամ՝ Ոգուհի անուամբ ի Մեծ Հայս, հաւատացեալ ի Քրիստոս եւ նահատակեալ, զոր եւ յիշեմք յետոյ։