Արշալոյս քրիստոնէութեան Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԶ.
ԺՈՂՈՎ ՆԻԿԻՈՅ. ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ ԵՒ ԱՅԼ ՀԱՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՔ.   ՅԱԿՈՎԲ ՄԾԲՆԱՅ 

Եկեղեցւոյ էութեան կամ կենաց ընթացից մէջ՝ ամենանշանաւոր է այս կէտս (Նիկիոյ ժողովն), նա եւ քաղաքական տեսութեամբ. հազիւ տարի մ՚անցեր էր անոր վերջին հալածչի (Լիկինիոսի) բռնամահ կորսուելէն, երբ իր եւ նմանեացն ամենէն ատելի կամ հակառակ անձինքն, Եպիսկոպոսք, քրիստոնեայ եղած աշխարհաց ամեն կողմերէ՝ հրաւիրանօք կամ հրամանաւ այն աշխարհաց միապետ ինքնակալին Կոստանդիանոսի, հաւաքուին ի Փոքր Ասիոյ հիւսիսային արեւմըտեան գաւառի մի (Բիւթանիոյ) Նիկիա քաղաք, իբրեւ ամեն կողմերէ ժողովուելու յարմար դիրք մի ունեցող տեղ։ Եթէ կարելի ըլլար այդ յիշեալ հալածչին եւ իրեն յառաջադէմ գործակցաց, Մաքսիմեանց, Գալերիոսեանց, Դիոկղետեանց, կորած կռփած կնտացած գլուխնին՝ իրենց յոխորտաբար կոխած եւ զիրենք անարգաբար կոխող հողէն վայրկեան մի վեր կանգնել, ի՞նչ ափշութիւն պիտի պատէր իրենց աչաց այլ մտաց այլ։ Այդպէս իրենց սպառնալեօք հուր սուր մահ սփռելէն ի քրիստոնեայս չորս կողմանց աշխարհի՝ քանի մի տարի վերջ, այդ հալածելոց, տանջելոց, նահատակաց գլխաւորքն, Եպիսկոպոսքն, գրեթէ նախախնամօրէն հաւաքուած մօտ այն քաղքին (Նիկոմիդիոյ), ուր իրենք՝ Ինքնակալքն եւ Կեսարք, գլուխ գլխի տուած՝ փսփսային, քրիստոնէութիւնը ջնջելու հնարք հնարել. հիմայ, դոքա իբրեւ թէ կոխեն կաքաւեն իրենց գլխոց վրայ՝ Քրիստոսի յաղթութեան նշանաւ, ազատ համարձակ, եւ նոյն Քրիստոսի անարգուած մահառիթ այլ անմահունակ նշանը՝ Խաչը՝ կանգնեն ի գագաթան իրենց կործանուած կամ կիսականգուն կռատանց։

Եթէ դոքա՝ քրիստոսահալածքն՝ չեն կըրնար գլուխնին վերցընել եւ ափշիլ, անհնար է եւ մեզ այսպիսի յիշատակաւ եւ տեսքով չզարմանալ չհիանալ հեզահոգի Յիսուսի հաւատոց՝ համբերատար, աննկուն եւ հրաշափառ յաղթութեան, եւ իր այնքան միլիոնաւոր նահատակաց փառափայլութեան վրայ։ Եւ չկարենալով այս կիտիս՝ գոնէ այս փոքր չափով զսպել մեր զգացումը եւ գրիչը, դառնանք՝ այդ յիշեալ մեծահանդէս ժողովին մէջ՝ մեր ունեցած մասին կամ՝ վիճակեալ աթոռին, մեր պատմչաց քանի մի խօսքը՝ յիշելով. ոչ զի լիագոյն եւ լաւագոյն գրուած են, այլ զի մերայինք են եւ սիրելիք։

Իրաց ժամանակակից մեր ստէպ յիշեալ պատմիչն, Ագաթանգել՝ համառօտիւ յիշէ (ՃԻԷ). «Հրաման ետ մեծ կայսրն՝ օգոստականն Կոստանդիանոս՝ ժողովել ամենայն եպիսկոպոսաց ի քաղաքն Նիկիացւոց։ Յայնժամ մեծ արքայն Տրդատ եւ Ս. կաթողիկոսն Գրիգորիոս՝ հանդերձեցին եւ արձակեցին զՌստակէս, որ երթեալ հասանէր ի ժողովն մեծ Նիկիոյ՝ ընդ եպիսկոպոսսն ամենայն. ուր՝ ամենայն տիեզերացն կարգեցաւ ընդունելութիւն աւանդութեան հաւատք, կարգք լուսաւորութեան, կանոնք պայմանաւորք, աստուածատուր զօրութիւն հաճոյիցն Աստուծոյ անչափ բարձրութեանցն։ Ուր եւ մեծ կայսրն Կոստանդիանոս մտեալ` խոստովան լինէր զհաւատսն, եւ օրհնութեամբ պսակեալ ի ժողովոյն, զանուն ի յերկրի թողոյր, եւ զարդարութիւն ի յերկինս հաստատէր»։ Գծեցինք յետին տողս, զի շատ գեղեցիկ եւ վսեմ 

ըսուած մ՚է, եւ հեղինակին ուրիշ տեղ ըրած երկարաբանութեանց՝ ներել եւ փոխարինել տայ։ Ապա կ՚ըսէ. «Իսկ երանելին Ռըստակէս գայր (դառնալով ի Հայս) հասանէր պայծառ ծագեալ Հաւատովքն եւ հաստատուն աստուածահաճոյ Նիկիական կանոնօքն. երեւեալ ի Հայաստան երկրին, առաջի դնէր թագաւորին եւ կաթողիկոսին սրբոյ՝ զբերեալ Աւանդութիւնսն. որով Սրբոյն Գրիգորի ի նոյն լուսաւորական Կանոնսն յաւելեալ, առեալ զիւր վիճակն Հայաստան երկրին՝ պայծառացուցեալ՝ հանդերձ արքայիւն Տրդատայ՝ զամենայն աւուրս կենաց իւրոց լուսաւորէր»։

Իսկ ամենախոյզ Խորենացի մեր՝ աւելի պատմաբար գրէ , ՁԹ) ժողովոյն պատճառը (Արիոսի մոլար վարդապետութիւնը), եւ ժողովոյն նախագլուխ եպիսկոպոսապետները. «Բիտոն (Βιτων) եւ Բիկենտ (Βιχεντίνος, Vincentius) եւ երիցունք ի Հռովմ քաղաքէ՝ ձեռնարկութեամբ սրբոյն Սեղբեստրոսի (իբրեւ երեսփոխանք այս Պապիս). Աղեքսանդրոս Աղեքսանդրիոյ, Եւստաթիոս Անտիոքայ, Մակարիոս Երուսաղեմի, Աղեքսանդրոս Կ. Պօլսի»։ Որոց հետ պէտք էր յիշել զՈսիոս եպիսկոպոս Կորդուբայ Սպանիոյ, որ նախագահ կամ առաջնորդ եղաւ ժողովոյն։ «Յայնժամ գայ հասանէ հրովարտակ ինքնակալին Կոստանդիանոսի՝ առ մեր արքայն Տրդատ, զի զՍ. Գրիգոր առեալ ընդ իւր` ի ժողովն երթիցէ»։ 

Այս հրաւէր` ոչ միայն վայելուչ էր, այլ եւ գրեթէ անհրաժեշտ ի կողմանէ Կոստանդիանոսի եւ ժողովելոցն, որք մեղադրելի ըլլային՝ եթէ այնպիսի հռչակեալ կենդանի նահատակ մի չհրաւիրէին իրենց մէջ, ինչպէս հրաւիրեր եւ բերեր էին քանի մի խոստովանող եւ չարչարեալ եպիսկոպոսներ այլ. որոց մէկն՝ սուրբ հաւատոցն համար մէկ աչքէն զրկուեր էր [1], միւս մի էր ձեռնատ կամ ոտնատ [2], եւ այլք իրենց վէրքերը յայտնապէս երեւցընէին կամայ ակամայ. - արդեօք մեր Լուսաւորիչն այլ այն տասն եւ չորս կերպ կրած չարչարանաց՝ աչքի փուշ բայց մտաց շնորհափայլ շառաւիղներ՝ դեռ չէ՞ր կրեր վրան. կամ թէ՝ Տրդատայ կրկին կերպարանափոխութեամբ ապա առոյգ պատանւոյ պէս պայծառ մարմնով նորոգուելուն նման, ինքն այլ նորոգուեր էր. հաւանելի  է որ ի նշան փառաւոր նահատակութեանցն՝ կային եւ երեւէին վրան նիշք պանծալիք, որովք ի տիեզերական ժողովին՝ կըրնար քան զբազումս` գուցէ եւ քան զբնաւս՝ սխրալի եւ պաշտելի երեւնալ վասն այնորիկ «Եւ ոչ Սուրբն Գրիգոր հաւանեցաւ երթալ, զի մի զառաւել պատիւն՝ վասն խոստովանողական անուանն՝ ի ժողովոյն կրիցէ. որպէս զի (որովհետեւ) այսպէս փափագանօք եւ մեծաւ փութով կոչեն»։ Տրդատայ հրաւիրուիլն այլ շատ վայելուչ եւ փառաւոր էր. այն որ գնաց ի Հռովմ՝ յայցելութիւն դաշնակից կայսերն, գրեթէ հարկ էր որ անոր դիմաց բազմէր ի ժողովին աշխարհական պատուաւորաց մէջ, գերագոյն քան զայլս, եւ միակ թագաւոր քրիստոնեայ, եւ այնպիսի՜ թագաւոր։ Սակայն քաղաքական զգուշութիւնք չթողուցին նմա կատարել իրեն եկած հրաւէրքը. վասն զի իր եւ կայսեր դէմ մախացող եւ մխացող Պարսից թագաւորն (Շապուհ) ուրիշ թագաւորաց հետ դաշնակցեալ՝ լռելեայն իրեն (Տրդատայ) այլ սպառնայր. «Վասն այնորիկ ոչ եթող առանց իւր զաշխարհս» (Հայոց) «այլ (ինքն եւ Գրիգոր) առաքեն փոխանորդ իւրեանց զՌըստակէս, հանդերձ ճշմարիտ խոստովանութեամբ երկոցունց՝ գրով»։ Այսինքն, հաւանութեան գիր գրած են, թէ ինչ որ ժողովն սահմանէ՝ իրենք այլ եւ ընդունին. ուր էր թէ այդ թղթերն ունենայինք հիմայ։ «Որոյ (Արիստ. ) երթեալ հասանէր մեծին Ղեւոնդի. եւ հանդիպի յայնմ ժամու՝ զի մկրտէր Սինոպ) զԳրիգոր՝ զհայր Գրիգորի Աստուածաբանի։… Երթեալ Ռըստակէս ընդ մեծին Ղեւոնդի՝ հասանէ ի քաղաքն Նիկիացւոց, ուր եղեն ժողովեալ Հարք 318, ի քակտումն Արիանոսաց… Ապա դարձեալ Ռըստակեայ արժանահաւատ բանիւ եւ քսան կանոնեալ գլխովք ժողովոյն, գայ հանդիպի հօրն եւ արքային ի Վաղարշապատ քաղաքի, ընդ որ ուրախացեալ Սրբոյն Գրիգորի՝ սուղ ինչ գլուխս յինքենէ ի կանոնս ժողովոյն յաւելու, վասն առաւել զգուշութեան իւրոյ վիճակին»։ 

Մեր նախնիք կ՚աւանդեն, թէ՝ U. Լուսաւորիչ մեր Նիկիական դաւանութեան կամ Ս. Աթանասի կոչուած Հաւատոյ հանգանակին ետեւ կցած ըլլայ՝ ինչուան հիմայ մեր պատարագի ատեն ըսուած համառօտ փառատրութիւնը, «Իսկ մեք փառաւորեսցուք որ յառաջ քան զյաւիտեանս», եւ այլն. սակայն, բազմաց ստոյգ կամ հարազատ չերեւիր այս. նոյնպէս եւ այն յիշեալ Գլուխքն կամ կանոնքն՝ 30 թուով, համառօտ բանք, որ ի Կանոնագիրս մեր դրուած են՝ յետ Առաքելական եւ Նիկիական կանոնաց, եւ չարժեր այս տեղ յիշել։ 

Տրդատայ եւ Գրիգորի երեւնալէն ի մեծի ժողովին՝ զրկուած ըլլալով, նայինք անոր՝ զոր իրենց Փոխանորդ խաւրեցին, յԱրիստակէս, որ այժմու սովորութեամբ այսպէս կոչուի, բայց վերոյգրեալ պատմիչք (եւ այլք՝ շատ հեղ) Ռստակէս գրեն, որոյ յունական մասնիկը թողլով՝ արեւելեան անուն մի լսուի (Ռըստակ). սակայն հաւանօրէն ամբողջ անունն այլ յունական է, իրենց արիստ, αριςτις (ճշմարիտ) բառէն առեալ, որով շատ բարդեալ անուններ ունին. ինչպէս Արիստոտէլ, Արիստարքոս, Արիստիդէս, եւ այլն։ Եւսեբիոսի զՀայոց դարձն ի Քրիստոսն չյիշելու նման է՝ եւ Կոստանդիանոսի վարուց մէջ Նիկիոյ ժողովն եւ շատ Հարս յիշած ատեն՝ զմեր աշխարհիս ներկայացուցիչ Արիստակէսը չյիշելն. գուցէ Կեսարիոյ հայրապետին վիճակեալ միւս եպիսկոպոսաց կարգին դնելով՝ լռէ, իսկ էին յունական՝ յորմէ եւ լատին այդ Ա ժողովի եպիսկոպոսաց Ցանկին մէջ՝ (որ հայերէն փոխուած այլ գտնուի) կերպ  կերպ գրուած է անունն, յունարէն Αρουςτάχης, Aristarces, Aristanes, Aristacius, Aristaces, Acrites.

Քան զանունն աւելի հետաքննելի էր թէ որ կարգի կամ աստիճանի դասուած է մեր եկեղեցւոյ ներկայացուցիչն ի Նիկիա, եւ թէ՝ ունէ՞ր ազգային եպիսկոպոսակից ընկերներ այլ։ Անհնար կ՚երեւի իր հետ ուրիշ հայ եպիսկոպոսաց չըլլալն, բայց թերեւս ոչ իբրեւ աթոռակալք, սակայն եւ այս շատ հաւանական չէ. վասն զի, նախ, ի թիւս աւելի քան 250 [3] յանուանէ նշանակեալ եպիսկոպոսաց ժողովոյն՝ յիշին եպիսկոպոսք քաղաքաց Փոքր Հայոց. ինչպէս, Եւիթիոս կամ Եւտիքիոս՝ Սատաղացւոց միջասահման քաղաքին, Եւլալ կամ Եւլոգիոս՝ Սեբաստիոյ, եւ երկու քորեպիսկոպոսք. դարձեալ եպիսկոպոսք Կոմանայ, Զելայ [4], եւ այլն, բայց զասոնք մեր Լուսաւորչին վիճակէն դուրս համարելով։ Երկրորդ, Մեծ Հայոց եպիսկոպոսք այլ նշանակուին այդ բազմաթիւ եւ բազմաշփոթ անուանց մէջ. ինչպէս Արսափ կամ Արասփ եպիսկոպոս Ծոփաց, որ Մեծ Հայոց մեծ նահանգ կամ աշխարհ, մ'էր, եւ հարկաւ եպիսկոպոսն այլ մեծապատիւ, հայերէն անուանագրութեանց մէջ գրուի «ի Մեծաց Հայոց», Արիստակիսէ անմիջապէս վերջը կամ քովը դրուած եւ Ատրիկէս կամ Կրիտէս, Κρήτης, նման Տիրիկէս քրմորդի եպիսկոպոսին անուան, բայց իր աթոռն կամ թեմն գրուած է Պենոպոլիս, թէ եւ այս անուն Փոքր Հայոց կամ Պոնտոսի յարմարի եւ հաւանօրէն է Diospontus կոչուածն, կամ Helenopontus. սակայն գրողն թէ զայս եւ թէ զԱմասիա եւ զԿոմանա՝ ի Մեծ Հայս գրած է։ Որպէս եւ ըլլայ` քիչ հայ եպիսկոպոս երեւնայ ի վիճակէ Լուսաւորչին, եւ ընդհանրական երեսփոխան նորա եւ աշխարհին՝ Արիստակէս միայն, որպէս եւ Պարսից՝ միայն Յովհաննէս քորեպիսկոպոս մի ներկայանայ։ Շատ օրինակք անուանակարգութեանցն՝ զմերս ոչ ի Հայոց գրեն՝ այլ Եպիսկոպոս Հայոց, (ինչպէս երբեմն Մեհրուժանայ համար ըսուեցաւ [5] ), իբրեւ գլուխ ամենայն եպիսկոպոսաց գաւառին իւրոյ եւ ներկայացուցիչ եկեղեցւոյն։ Յիշեցինք վերը՝ որ Արիստակէս բերաւ Հայոց կաթողիկոսին եւ թագաւորին՝ ճշմարիտ խոստովանութեան գիր մի. Որում հաւանօրէն ձեռք զարկեր էին եւ շատ կամ քիչ եպիսկոպոսք Հայոց. ապա հարկ չէր անոնց երթալն այլ ի Նիկիա։ Թէ այսպիսի խոստովանութեան կանխիկ գիր մի գրեցի՞ն եւ ղրկեցին՝ ուրիշ վիճակաց եպիսկոպոսապետք կամ եպիսկոպոսք, ինձ յայտնի չէ։

Քիչ մի վերը յիշուած Պարսից եպիսկոպոսին հետ յիշէ Խորենացի նա եւ մեր ծանօթ եւ դրացի մեծ եպիսկոպոսն Մծբնայ, զՍ. Յակովբ, իբրեւ Եդեսիոյ, Եւթաղ կամ Եւիթիոս եպիսկոպոսին հետ ուղեկից Արիստակիսի եւ Ղեւոնդիոսի [6] ։ Որքան մեծ են՝  արժանիք Մծբնացւոյն եւ որքան մեծարեալ ի վերայոց՝ յայտնէ իր տօնի յիշատակն եւ շարականն։ Յայսմաւուրք եւ աւանդութիւնք աւելի մեծցընեն՝ ըսելով, թէ այնքան U. հայրապետաց մէջ՝ Կոստանդիանոս Ս. Յակոբայ քով տեսնէր հրեշտակ մի, Յակովբ այլ Կոստանդիանոսի քով։ Մեր եկեղեցական եւ քաղաքական պատմութեան մէջ այլ յիշատակներ ունի այս մեծ եւ ախտահալած հայրապետս, այլ եւ անվաւեր եւ ռամկական զրոյցք. որոց կարգին համարելու է եւ անոր ազգականութիւնն ընդ Գրիգորի Լուսաւորչի, թէ եւ մի ի զգօնագոյն պատմչաց մերոց ըսած ըլլայ։ Ոչ պակաս քան զնա մեծացընեն Յայսմաւուրք զԱրիստակէս՝ ըսելով. «Մեծափառ եւ զարմանալի հրաշիւք փառազարդեալ ի մէջ բազմախումբ հարանցն Սրբոց՝ հանդիսաւոր երեւեալ», այլ եւ ռամիկ կերպով մի հրաշագործութեան [7] ։ 

Թողլով այս գերակհռչակ Ա տիեզերական ժողովոյն մէջ խօսուածն եւ եղածն, որ դեռ եւս կարօտ է լուսաբանութեան, քիչ շատ ժողովելոց անուան ստուգութեան նման, յիշենք որ անոնց մէջ իբրեւ մի, յ՚13 գլխաւոր վիճակապետաց` Ղեւոնդիոս՝ վեցերորդ կամ եօթներորդ է, եւ այսպէս ստորագրէ յանուն իւր եւ իր գլխաւոր մետրապոլտաց կամ վիճակաց, «Ղեւոնդիոս Կեսարու Կապադովկեցւոց… (վկայեմ) վասն ամենայն եկեղեցեաց՝ որք ի Կապպադովկիա, ի Գաղատիա, ի Պոնտոս Դիոպոնտեան, ի Պափղագոնիա, ի Պոնտոս Պոլիմոնական, եւ Մեծ եւ Փոքր Հայս [8] »։ Գելասիոս Կիւզիկեցի եպիսկոպոսն, վերջ Ե դարու) որ քան զուրիշներն աւելի կըրցեր է քիչ շատ հաւաքել այս մեծ ժողովին մէջ Ս. Հարց ըսածներէն, Ս. Ղեւոնդոuի քանի մի խօսք եւս յիշէ՝ բայց ոչ բացայայտ եւ լիացուցիչ։

Միշտ ցանկալի եղած է այլ ոչ գտուած՝ ժողովոյն մէջ ամեն խօսուածքն եւ գրուածքն, որոց բովանդակութիւնն անշուշտ եւ մերս Արիստակէս տարած էր ի Հայս, ուր նոյնպէս չեն գտուիր, բաց ի վերոյիշեալ 20 կանոններէն եւ աւելի համառօտ կրկնութիւններէն. որ կոչուին «Կանոնք Երկրորդ Նիկիականք, զոր եդին 318 եպիսկոպոսքն, կրկնաբանելով կարճ ի կարճոյ, գլուխք 114»։ Ուրիշ գրող մի Արիստակիսի համար կ՚ըսէ, թէ բերաւ «զԳիր կանոնաց թւեալ միահամար կարգաւ տունս 51»։

Մխիթար Գոշ (Դատաստ. ՃԻԳ), 30 գլուխ կանոն կ՚ըսէ Նիկիոյ ժողովոյն [9]: Ներսէս Գ. կաթողիկոս (640–60) ի թղթին առ Կոստանդին Գ կայսր, գրէ. «Սուրբն Ռստակէս ընկալաւ զհրամանս հաւատոյ ի Ս. ժողովոյն եւ ի մեծ թագաւորէն Կոստանդիանոսէ. բերեալ մատոյց առաջի քրիստոսասէր թագաւորին Տրդատայ եւ Ս. քահանայապետին Գրիգորի, հանդերձ հրամանօք երջանիկն Կոստանդիանոսի»։ Յետին խօսքն յայտնէ՝ որ բաց ի կանոնաց եւ կարգաց եկեղեցականաց՝ կայսրն այլ իր կողմէն գրեր էր պատասխան թղթոց մեր թագաւորին եւ քահանայապետին, ինչպէս որ վայելուչ էր, թէ եւ չի յիշեր Ագաթանգել. այլ  յետ յիշելու Արիստակիսի բերածները՝ այնուհետեւ Լուսաւորչի ջանքը՝ բանիւ եւ գրով յիշեցընէ. որ եւ կնիք է իր լուսաւորչութեան, եւ որով մենք այլ կնքենք, թողլով մանրամասնաբար իրեն հետ ման գալն ի Հայաստան, հեթանոսութեան շէնքերը ջնջելու, որ մեծ մասամբ այլ քաղաքական եւ աշխարհագրական պատմութեան վերաբերին



[1] Ինչպէս Պոտինոս եպիսկոպոսն Հերակլեայ։

[2] Ինչպէս Ս. Պափնոտիոս։

[3] Կարծուի թէ աւելի աւանդութեամբ եւ Աբրահամ՝ նահապետի ընդոծնաց թուովն՝ 318 եւ ըսուին Հարք ժողովոյս։ Մեր մէկ հայերէն Կանոնագրքի մէջ 212 Հարց անուանք կան։

[4] Որ չէ Ծղունից, որպէս կարծեր է Ժողովոց հայերէն պատմագրող պատմական Հայրն. այդպիսի անուամբ տեղ չկայ ի Հայս:

[5] Եգիպտական ցանկին մէջ ի Մեծ Հայս՝ գրուին Արիրտէոս եւ Արիկէս. Ասորւոցն, Արիստակիոս եւ Ակրիտէս. նշանաւոր է Արաբացւոց ցանկին յիշելն ի Մեծ Հայս միայն զԳրիգոր։ Մեզի ծանօթ մէկ հատիկ հայերէն ցանկն ունի, «Ի Փոքուէ Հայոց՝ Եւստաղիոս ի Սաբամպէ, Եւթիոս ի Սատաղէ, ի Մեծաց Հայոց՝ Առիստակէս կամ Ակրիտէս։

[6] Եւ միայն ասոնք տեսեր են կ՚ըսէ զլոյսն փայլատակեալ ի վերայ հօր Գրիգորի Աստուածաբանին՝ մկրտութեանն ատեն։

[7] Իբր թէ Արիստակէս փոքրահասակ տեսք ունենալով՝ խեղճուկ մէկ մի երեւցեր եւ արհամարհուեր է ի ժողովըրդէն. բայց նա իր ինչ ըլլալը ցուցընելու համար (որ Սրբոց չի վայլեր), ըստ ճարտասան եւ ճամարտակ գրողի մի, Նիկիոյ մօտ եղած (հիմայ ցամքած) լճակի մի մօտ երբ հողագործք զինքը ծաղրելով՝ արօրն իր ձեռքին կու տան, նա «ի վերայ կապուտակ ալեացն լայնատարած լճին լիութեան վեհաւէտ եւ քստմնածածան կորովակի սիգաշարժ թանձրութեան ջուրցն ովկիանոյն (!), սիգաքայլ ոտիւք սրընթացութեամբ սխրացուցեալ, անվեհեր դիտմամբ յիսուսաբար (ի) նկատեալ տեղին հասանէ», եւ այլն, եւ ջրոց վրայ ոչ միայն քայլէ այլ եւ արօրովը հերկէ, եւ դառնայ. եւ առ յիշատակէ՝ լճափին վրայ եկեղեցի մի կանգնեն։

[8] Գիտելի է որ այն ժամանակ գրեթէ բոլոր արեւմտեան Փոքր Ասիա երկու եկեղեցական մեծ վիճակ կամ՝ նահանգ էր բաժնուած, Ասիա եւ Պոնտոս, այս երկրորդին պատշաճին այդ յիշեալ գաւառք կամ աշխարհք եւ ստորակարգեալ վիճակք, որոց գլխաւոր եպիսկոպոսապետ էր Կեսարիային, այն ատեն Ս. Ղեւոնդ։ Թերեւս արժէ դիտել, որ այդ եպիսկոպոսաց վիճակաց՝ կան հին ցանկք որ չեն յիշեր զՄեծ Հայս, մոռացութեա՞մբ, թէ այդ աշխարհին եկեղեցւոյ աննման դրից համար։

[9] Արժան համարիմ յիշել, որ թէպէտ մեր նախնեաց գրոց մէջ չեմք գտներ Նիկիոյ ժողովոյն Պատմութիւն մի երկարօրէն գրուած, բայց այսպիսի համբաւ մի լսուած է յօտարաց ԺԳ դարուն վերջերը, մինչեւ ի պատրաստութեան Բ սիւնհոդոսին Լիոնի, յամի 1274, Գրիգոր Ժ պապն Հռովմայ՝ հոգով գրեր է առ Լեւոն Բ թագաւոր մեր Հայոց եւ առ կաթողիկոսն, որ թարգմանեն զայն եւ շուտով խաւրեն։ Ինչ պատասխան տուած են մերայինք՝ յիշուած չէ, եւ ոչ այլ ժողովոյն մէջ յիշուի։