Ժ.
ԳՐԻԳՈՐ
ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ.
ԱԶԳՈՎԻՆ
ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅՈՑ
Լաւ
համարեցայ
այս
թուղթ
մի
տաք
սրտի
եւ
գրչի
տողերով
բացատրել
Հռիփսիմեանց
նահատակութենէն
վերջը
Տրդատայ
զգաստանալը,
անոնց
մարմնոց
վրայ
վկայարաններ
շինելը,
Հայոց
բազմութեանն
այլ
հաւատալն
ի
Քրիստոս
եւ
մկրտուիլ
յԵփրատ
գետ՝
Լուսաւորչի
առաջնորդութեամբ,
քան
հետեւակ
ոճով
եւ
լեզուով
երկարաբանել
հասարակաց
հայութեան
ծանօթը։
—
Անցողաբար
կ՚ուզեմ
չմոռանալ
վերոյիշեալ
նախախնամական
զարմանալի
եւ
հակադէմ
դիպուածոց,
այն
համաշխարհական
եւ
արքունական
շփոթութեան
ատեն,
յետ
նահատակութեան
Հռիփսիմեանց՝
ցնորեալ
Տրդատայ
քրոջ
Խոսրովիդխտոյ
զգաստ
մնալը,
եւ
աստուածային
ազդեցութեամբ
խորհուրդ
տալը
զԳրիգոր
վիրապէն
հանելու։
Ինչ
որ
անկէ
վերջն
եղաւ,
իբրեւ
մի
մի
ճառագայթիւք
լուսաւորութեանն
Հայոց
ի
ձեռն
Ս.
Գրիգորի,
գործակցութեամբ՝
նախ
մարմնով
բժշկեալ
Տրդատայ՝
ապա
եւ
հոգւով,
ազգովին
մկրտութեամբն,
առաջին
դիպուածոց
հաւասար՝
սոքա
այլ
ծանօթ
են
հասարակաց.
նոյնպէս
եւ
կանգնումն
Եկեղեցւոյ
Հայաստանեայց,
եւ
սկիզբն
նորոյ
քահանայապետութեան
Գրիգորի
ձեռնադրութեամբ
ի
քահանայապետէն
Կեսարիոյ
կամ՝
Կապպադովկիոյ
եկեղեցւոյն.
որոյ
առաքելական
հիմնադիրն
այլ
յիշեցինք
առաջ,
որ
նոյն
մեր
Թադէոս
Առաքեալն
էր,
զԹէոփիլոս
այն
տեղ
հաստատելով։
Թէ
եւ
ոչ
շատ
կարեւոր
խնդիր,
այլ
յիշելի
է,
որ
այդ
Թէոփիլոսն՝
առ
որ
գրեց
Ղուկաս
իր
աւետարանը,
ոմանք
եւ
ոչ
անձն
կ՚ընդունին,
այլ
ըստ
յունական
նշանակութեան
անուանն՝
Աստուածասէր,
եւ
իմանան
զբարեպաշտ
քրիստոնեայս,
որոց
խնդրանօք
գրեց
Ղուկաս.
սակայն
աւելի
շատք
իսկական
անձն
համարին,
բայց
չեն
գիտեր
ով
ըլլալը,
ինչ
ընելը,
ինչ
վախճան
ունենալը,
եւ
մեր
նախնեաց
աւանդութենէն
զատ՝
օտարք
չեն
ճանչնար
զնա
առաջին
քահանայապետ
Կեսարիոյ,
այլ
իբրեւ
երկբայական՝
Լոնգինոսը
կամ
Ղունկիանոսը՝
զոր
յիշեցի,
անկէ
վերջը
Բ
դարու
մէջ
Թէոկրիտոս
մի,
եւ
յետ
երկար
միջոց
ժամանակի
ուրիշներ.
որոց
յաջորդ
էր
մեր
խնդրած
Լուսաւորչի
ժամանակ՝
ծանօթ
սուրբ
եւ
մարգարէաշնորհ
հայրապետն
Ղեւոնդիոս։
Իրմէ
ձեռնադրութիւն
ուզելն
մերայոց՝
կամ՝
հին
աւանդութենէն
էր՝
Թադէոսի
ի
Կեսարիա
իրեն
փոխանորդ
թողլուն,
կամ
Հայոց
ամենէն
մօտ
բարձրաստիճան
եպիսկոպոսապետ՝
Կեսարիոյն
ըլլալն,
որ
եւ
Փոքր
Հայոց
մայրաքաղաք
էր
ի
դարուց
հետէ,
եւ
մասն
Հայոց
երկրի
համարեալ։
Այս
որ
եւ
է
պատճառաւ
ըլլայ,
յայտնի
եւ
ստոյգ
է`
թէ
Գրիգորի
թէ
իր
առաջին
յաջորդաց
այն
աթոռէն
ձեռնադրուիլն
[1]
։
Զարմանալին
այս
է,
թէ
ի՞նչպէս
այն
ատեն՝
ի
սկզբան
Դ
դարու,
յամի
302,
մինչդեռ
հալածանաց
վախն
տիրեր
էր,
երկու
ինքնակալաց
կամ
Օգոստոսից
եւ
երկու
Կեսարաց
Հռովմէական
լայնարձակ
տէրութիւնը
իրենց
մէջ
բաժնած՝
բայց
իրարու
կապուած
ըլլալով,
Տրդատ
այնպիսի
մեծահանդէս
փառօք
եւ
մեծագումար
բանակով,
իր
տէրութեան
ամենէն
գլխաւոր
16
նախարարօք
եւ
իր
զօրաց
սպարապետով,
կառօք
եւ
երիվարօք՝
իբրեւ
յաղթանակաւ
յուղարկեց
զԳրիգոր՝
դեռ
սոսկական
անձն,
եւ
նոյնպէս
ընդունեցաւ
զնա
Քահանայապետ
իր
աշխարհին։
Յայսմ
եւս
արդարեւ
զարմանալի
եւ
հակադէմ
նախախնամութեան
գործ
կայ,
գործեալ
իբրեւ
ի
վերջին
ժամու
այն
ինքնակալութեան,
ըստ
մարդկային
տեսութեան.
ժամ
մի,
յետ
որոյ՝
շուտով
պիտի
փրթէր
մեծ
ալէկոծութիւն
քաղաքական
եւ
եկեղեցական,
որ
եւ
մեծագոյն
յեղափոխութիւն
պիտի
բերէր
երկու
վարչութեանց
մէջ
այլ՝
յընդհանուր
աշխարհի.
եւ
արդէն
մրրկաց
մրուրքն
դիզուած
էին
տիեզերական
հորիզոնի
վրայ։
Այս
վայրկենիս,
այս
առթիս
մէջ
այլ՝
հրաշալի
կերպով
նախախնամեալ
գտաւ
Հայաստան.
եւ
անգամ
մ’այլ
իբրեւ
համատարած
հեղեղաց
միջէն
բարձրացուց
իր
հին
տապանակիր
եւ
նոր
խաչակիր
փրկաւէտ
գլուխը,
զոր,
եթէ
քաղաքագէտ
զբաղեալ
աչք
չկարենան
նշմարել,
եկեղեցականք
կամ՝
կրօնախնդիրք՝
կըրնան
տեսնել
յստակ,
եւ
պէտք
է
որ
տեսնեն։
Յիշեցինք
քիչ
առաջ
Հռովմէական
ինքնակալութեան
բաժանեալ
եւ
միացեալ
վիճակը,
որոյ
պատճառ
մ’եղած
է
անկէ
առաջ
իբրեւ
կէս
դարու
ատեն՝
30
եւ
աւելի
կայսերութեան
փափագողաց
մրցանքն,
շփոթքն,
կանգնիլն
եւ
կործանիլն.
որոց
զբաղելով
այդ
առօրեայ
ինքնակալք
եւ
անոնցմէ
բաղդաւորքն՝
այնքան
չէին
հոգար
քրիստոնէութեան
խընդիրը,
որ
համեմատաբար՝
Դեկոսի
դառն
հալածանքէն
ետեւ
(որոյ
քանի
մի
նահատակները
տեսանք),
բաւական
խաղաղութեամբ
վայլէր
եւ
աճէր,
եւ
երբ
անոնցմէ
վերջը
յաջողեցաւ
դաղմատացին
Դիոկղէս՝
(անունն
այլ
երկընցընելով
ի
Դիոկղետիանոս)`
հասնիլ
կայսերութեան,
կերպով
մի
աւելի
համարձակութիւն
տուաւ
քրիստոնէից,
մինչեւ`
ոչ
միայն
իր
պալատան
մէջ
կային
յայտնի
քրիստոնեայ
պաշտօնեայք,
այլ
եւ
կինն՝
Պրիսկիա
եւ
դուստրն
Վալերիա՝
քրիստոնեայք
էին։
Ինքնակալութիւնն
այլ
ապահովելու
համար՝
մտածեց
եւ
իրեն
թագակից`
բայց
իբրեւ
երկրորդ
կարգաւ՝
օգնական
մի
առաւ
(զՄաքսիմինոս
Հերակլէս).
քիչ
վերջը
աւելի
դիւրաւ
կառավարելու
համար՝
իրենց
մէկ
մէկ
ստորակարգեալ
ընկեր
այլ
ընտրեցին,
զանոնք
Կեսար
անուանելով,
իսկ
զիրենք՝
Օգոստոս
(Augustus)։
Այս
կեսարաց
մին
էր
լիւրիկեցի
(Խռուաթ)
հովիւ
մի՝
Գալերիոս,
տխմար
եւ
չար
մարդ
մի,
զոր՝
(ինչպէս
վերը
յիշեցինք)
երբ
յաղթուած
ի
Պարսից
խայտառակաբար
դարձաւ
առ
գլխաւոր
Օգոստոսն
Դիոկղետիանոս,
սա
վռընտեց
իր
քովէն,
մինչեւ
որ
նա
Տրդատայ
օգնութեամբ
յաջողեցաւ
հեռացընել
զՆերսեհ
թագաւոր
Պարսից՝
անոր
անյատուկ
սամաններէն,
եւ
թողուց
անոնցմէ
Յայնկոյս
Տիգրիսի
(հարաւ)
կոչուած
հինգ
նահանգները՝
մեր
թագաւորին
Տրդատայ։
Այս
յաղթութեամբ
գոռոզացեալ
Գալերն
սկսաւ՝
առաջ
քիչ
քիչ՝
յետոյ
ստէպ
գրգռել
զԴիոկլետ.
ընդդէմ
քրիստոնէից,
որոց
մեծ
յանցանք
եւ
մատնութիւն
համարէր
ստութեամբ՝
Նիկոմիդիոյ
մէջ
(ուր
այն
ատեն
կենար
սա)
պալատան
հրայրեաց
ըլլալը։
Դիոկլ.
ճանչնալով
իր
Կեսարին
չարութիւնը՝
շատ
ծանր
շարժեցաւ
ի
սկզբան.
յետոյ
քիչ
մի
տարիքին
կամ՝
աշխատանաց
յոգնութենէն,
քիչ
մի
ինքնակալութեան
շփոթութեան
եւ
իր
վտանգուելու
վախէն՝
կամայ
ակամայ
զիջաւ
այդ
խռովարար
Խռուաթ
բանսարկուին
թելադրութեանց,
որոյ
հետեւանք
եղաւ
իր
պալատան
կրակէն
շատ
եւ
անհամեմատ
աւելի
աշխարհածանօթ
եւ
աշխարհածաւալ
հալածանաց
հրդեհն,
սաստիկ
եւ
մարդածախ
քան
զառաջինսն։
Առ
այս
դառնամք
յետոյ
աչք
մի
տալ.
վասն
զի
դեռ
չէ
բռնկած
կրակն,
դեռ
երրորդ
նոր
դարու
301-2
տարիներու
մէջ
եմք,
յորս
եղաւ
Հայաստանեայց
առ
Քրիստոս
դարձին
հրաշալիքն,
եւ
յորում՝
ահա
քիչ
մի
վերը
լսեցինք
Տրդատայ
դղրդեցուցիչ
եւ
խրոխտաբար
թափորով
խաւրելն
զԳրիգոր
ի
Կեսարիա՝
ի
ձեռնադրութիւն։
Պարսից
վրայ
յաղթութեանն
եւ
առաջուց
այլ
Հռովմայեցւոց
հետ
բարեկամութեան
պատճառաւ՝
Հայաստան
իբրեւ
ազատ
տէրութիւն
մի
էր:
Կեսարքն
չէին
համարձակէր
անոր
սահմանները
կոխել,
ինչպէս
ինքն
այլ
անոնցը.
եւ
որովհետեւ
դեռ
խաղաղութեան
(վերջին)
ժամանակ
էր
քրիստոնէից,
այդպէս
համարձակ
եղաւ
Գրիգորի
հանդիսապէս
երթուդարձն,
որ
թէ
եւ
անհաճոյ
Կեսարուց՝
այլ
պատկառէին
ի
Տրդատայ՝
իբրեւ
ի
բարեկամէ
մեծի
ինքնակալին,
որ
իրենցմէ
առաջ
բարեկամ
եւ
երախտագէտ
էր
մեր
թագաւորին.
եւ
ցուրտ
աչօք
դիտէին
այդ
քրիստոնէական
յաղթանակը,
որ
իրենց
սնոտի
հեթանոսական
հեթեթանքը
կոխկռտելով
կ՚երթար
դառնար:
Հիմայ,
եթէ
ընթերցողն
փափագի
ուրախ՝
գուցէ
եւ
քիչ
մի
հպարտ
սրտով
տեսնել
այս
հանդէսը,
(որ
եւ
եկեղեցւոյ
ընդհանուր
պանծալի
հանդէս
մ’է,
եւ
կերպով
մի
յաւիտենական
հանդէս,
որոհետեւ
երկու
գլխաւորքն՝
հանդիսադիրն
եւ
հանդիսացեալն՝
այն
օրէն
ի
վեր
միշտ
ի
հանդիսի
են,
երկուքն
այլ
տօնելի
Սուրբք
ըլլալով
եկեղեցիս
մեր,
մին
միակ
ստոյգ
առաջին
Սուրբ
թագաւոր
քրիստոնեայ
եւ
միակ
Սուրբ
թագաւոր
ի
Հայս,
միւսն՝
առաջին
ի
ծանօթ
քահանայապետութեան
Հայոց,
որ
տեւէ
յաջորդութեամբ
ակա
ճիշդ
1600
տարի
է).
արդ,
զայս
հանդէսը
տեսնել
փափագողն՝
կ՚ըսեմ,
առնու
ժամանակակից
եւ
ականատես
պատմիչը,
զԱգաթանգեղոս,
որ
արքունի
դիւանագիր
էր,
եւ
մեծ
պաշտօնեայ
Խաղաղապետութեան,
գուցէ
եւ
ուղեկից
Գրիգորի.
բանայ
եւ
կարդայ
պատմութեան
ՃԺԱ
գլուխը,
համրէ
Հայոց
մեծամեծ
նախարարները՝
իրենց
կարգաւ
եւ
անուամբք
աշխարհացն,
որոց
էին
«իշխանք
ընտիրք,
կուսակալք,
կողմնակալք,
բազմարաւորք
բիւրաւորք.
ի
մէջ
Հայաստան
աշխարհի՝
տանն
Թորգոմայ.
զոր
գումարեաց
թագաւորն,
եւ
առաքեաց
զնոսա
ի
կողմանս
Կապադովկացւոց,
ի
քաղաքն
Կեսարացւոց,
զոր
ըստ
հայերէն
լեզուին
Մաժակ
կոչեն.
զի
տարեալ
զԳրիգորն՝
քահանայապետ
կացուսցեն
իւրեանց
աշխարհին։
Եւ
հանդերձեցան
դէտ
ունել
ճանապարհացն,
ապահովութեան
համար։
Յանձնարարական
հրովարտակ
մ՚այլ
գրեց
թագաւորն
եւ
առ
Ղեւոնդիոս
արքեպիսկոպոս
Կեսարու,
եւ
(առ)
ամենայն
ուխտ
եկեղեցւոյ
որ
այդր»,
խընդրելով՝
որ
«զԳրիգորդ՝
տեսուչ
եւ
վարդապետ
առաջնորդութեան
աստուածագնաց
ճանապարհացն,
հովիւ
եւ
բժիշկ
կացուսջիք,
որպէս
եւ
մեզ
յԱստուծոյ
հրամայեցաւ».
վասն
զի
Աստուած
տեսլեամբ
պատուիրեց
Գրիգորի,
երբ
սա
հրաժարէր
ի
յորդորանաց
թագաւորին,
յանձն
առնուլ
զձեռնադրութիւն
քահանայապետութեան։
Կարդա
եւ
հետեւեալ
գլուխն
(ՃԺԲ),
թէ
ի՞նչ
պատրաստութեամբ
եւ
ընծաներով
գնացին,
հանելով
«զԳրիգոր
յոսկիապատ
կառսն
արքունականս՝
սպիտակաձիգ
ջորւոցն…
ի
Վաղարշապատ
քաղաքէ.
ի
սահմանս
Յունաց.
եւ
բազում
պատիւս
կազմութեան
հիւրամեծարութեան
գտանէին
ի
քաղաքաց
քաղաքաց.
եւ
բազում
խնդութիւնս
եւ
կայտիռս
ցնծութեան,
խնճոյս
ուրախութեան
կացուցանէին,
իբրեւ
լսէին
զԱստուծոյ
արարեալ
զսքանչելիսն…
Եւ
զՍուրբն
Գրիգոր
պատուեալ
ըստ
արժանի
առաքինութեանցն,
ճգնութեանցն
վկայօրէն
մարտին,
կանթեղօք
եւ
սաղմոսիւք
եւ
երգովք
հոգեւորօք
փառաւորէին…
Եւ
եղեալ
ժողով
բազում
եպիսկոպոսաց՝
ի
քաղաքն
Կեսարացւոց,
զի
ձեռնադրեսցեն
զՍուրբն
Գրիգորիոս,
եւ
աւանդել
ի
նա
զպատիւ
խոնարհութեան
քահանայապետութեանն
Քրիստոսի,
եւ
զբարձրութիւն
եպիսկոպոսութեան
փառաւորութեան
Աստուծոյ,
զպատիւ
մեծ,
սրբով
աւետարանաւն
եդին
ի
վերայ
զձեռս՝
Ժողովք
եպիսկոպոսացն
սրբոց,
եւ
գլխաւորն
Ղեւոնդիոս,
զի
առցէ
նա
իշխանութիւն
յերկինս
եւ
յերկրի,
առնուլ
զփականս
արքայութեանն
երկնից»։
Յայտ
է
որ
նոյն
հանդիսիւ
դարման,
բայց
թուի
թէ
ոչ
ճիշդ
նոյն
ճամբով.
վասն
զի
Գրիգոր
կ՚ուզէր
այլեւայլ
կողմէ
եւ
քաղքէ՝
իր
ժառանգեալ
աշխարհին
համար
եկեղեցական
պաշտօնեաներ
բերել,
միանգամայն
եւ
Սրբոց
նշխարներ,
եւ
ուստի
որ
կ՚անցնէր,
«Կուտէին
ժողովուրդք
ի
վերայ
Ժողովրդոց,
տեսանել
զսուրբ
եպիսկոպոսն
Գրիգորիոս,
զի
օրհնեսցին
ի
նմանէ.
եւ
ասէին
ընդ
միմեանս.
Եկայք,
տեսցուք
զսուրբ
եպիսկոպոսն
Գրիգորիոս,
այս
այն
այր
է,
ասէին,
որ
վասն
Քրիստոսի
համբերեալ,
չարչարեալ,
վկայ
հաւատարիմ՝
գտեալ,
զխոստովանողական
անուն
ժառանգեաց»։
Ոչ
պատուըւելու
իբրեւ
սուրբ,
այլ
զՍուրբս
պատուելու
համար՝
Լուսաւորիչ
դէպ
ի
Սեբաստիա
ուղղեց
զճամբան,
եւ
յարմար
անձինքներ
«հաւանեցուցանէր
ընդ
իւր
գալ,
զի
վիճակեցուսցէ
զնոսա
ի
քահանայութիւն՝
յիւրում
աշխարհին,
եւ
բազում
գունդս
յաճախեալ
առնոյր
ընդ
իւր,
եւ
մեծարանօք
մեծարեալ,
եպիսկոպոսաց
աշխարհին
եւ
իշխանաց
եւ
ի
ժողովրդոց։…
Եւ
այսպէս
բազում
օթեվանօք
անցեալ՝
ու
առողջութեամբ
յաջողութեամբ
եւ
հոգելից
ուրախութեամբ
եկեալ
հասանէին
ի
Հայաստան
աշխարհ։…
Իբրեւ
դարձեալ
գայր
ի
կողմանց
Յունաց,
բարձեալ
բերէր
ընդ
իւր
նշխարս
ինչ
յոսկերացն
մեծի
մարգարէին
երանեալ
Մկրտչին
Յովհաննու,
եւ
զU.
վկայն
«Քրիստոսի
զԱթանագինէսն»։
Այս
Ս.
Աթենոգինէս՝
ըստ
ոմանց
էր
քորեպիսկոպոսն
Փիլաքթովեայ
քաղաքին
Սեբաստացւոց.
սակայն
այն
ատեն
դեռ
ողջ
էր
նա
եւ
տարի
մի
վերջը
նահատակեցաւ,
Գրիգորի
բերածն
էր
ի
Կեսարիա
Ս.
Ղեւոնդէն
առած՝
ի
Պոնտոս
նահատակուած
Երգիչ
Ս.
Աթենոգինէսն,
զոր
Ս.
Բարսեղ
ներբողած
է։
—
Ի
մտնելն
ի
Հայս՝
Ս.
Գրիգոր
ուղղակի
չի
գնաց
առ
թագաւորն,
այլ
Տարօնոյ
կողմերն
եկաւ,
որ
կռապաշտութեան
գլխաւոր
կենտրոն
մ’էր.
աւրեց
եւ
կործանեց
կռոց
բագինները
եւ
մեհեանները,
եւ
անոնց
տեղ
դրաւ
բերած
Սրբոց
նշխարներէն,
եւ
յետոյ
եկեղեցիներ
եւ
վանքեր
հաստատեց,
որք
մինչեւ
հիմայ
ծանօթ
եւ
անուանի
ուխտատեղիք
են,
ինչպէս
Մշոյ
Ս.
Կարապետն,
Առաքելոց
վանքն,
եւ
այլն.
ուրիշ
անցած
կողմերում
այլ
նշան
եւ
խաչ
դնէր,
յետոյ
եկեղեցիներ
շինելու
համար,
եւ
200,
000ի
չափ
մարդ
մկրտեց
յառաջ
քան
զհասնիլն
առ
Տրդատ։
Սա՝
լսելով
անոր
մօտենալը՝
ելաւ
արքունեօք,
Աշխէն
տիկնաւն
եւ
Խոսրովիդխտով,
իշխանօք
եւ
զօրօք,
նոր
թափորով
մի,
եկաւ
ի
Բագուան,
Ալաշկերտի
կողմերը,
ուր
Հայաստանի
ամէն
կողմէն
միլիոնաւոր
մարդիկ
ժողուեցան։
Գրիգոր
մատուց
առ
թագաւորն
Ս.
Ղեւոնդի
թուղթը,
յորում՝
սա
յետ
խնդակցութեան՝
արժանաւոր
խրատներ
տայ,
եւ
ի
մասնաւորի
խնդրէ՝
որ
ինչպէս
Հայոց
այդ
առաջին
քահանայապետն
ի
Կեսարիոյ
քահանայապետէն
ձեռնադրեցաւ՝
նոյնպէս
եւ
անոր
յաջորդքն
ի
Կեսարիա
ձեռնադրուին։
Մեծ
եռանդեամբ
երկար
օրեր
այն
կողմերը
շրջելով
Ս.
Գրիգոր՝
երբեմն
մինակ
իր
պաշտօնէիւք,
երբեմն
թագաւորին
հետ,
կռատունները
եւ
սնոտի
պաշտամունքը
ջնջել
ջանայր.
ապա՝
պահօք
եւ
աղօթիւք
եւ
խրատներով
պատրաստելով
զարքունիսն
եւ
զժողովուրդն,
նախ
զթագաւորն
եւ
զընտանիսն
եւ
զօրաց
բազմութիւնն՝
իբրեւ
150,
000
ոգի
մկրտեց
յԵփրատ
գետ,
որոյ
ջուրք՝
հրաշքով
շրջան
առած
յետ
ու
յառաջ
դառնային,
եւ
խաչանշան
լոյս
ծագեց.
յետոյ
եօթն
օրուան
մէջ
4,
000,
000
մարդ
«ընդ
այր
եւ
ընդ
կին»
մկրտուեցան,
ըստ
պատմութեան
գրոց
Ագաթանգեղոսի,
եթէ
թուահամարի
մէջ
աւելի
կամ
պակաս
չկայ։
Եւ
զի
այն
տեղն
ուր
այս
ընդհանրական
վերածնութիւնն
Հայոց
եղաւ,
մինչեւ
այն
ատեն
արդէն
հեթանոս
Հայոց
աշխարհախումբ
տօն
կատարուէր՝
նոր
տարւոյ
Ամանորաբեր
Նաւասարդի
դից
անուամբ,
Ս.
Գրիգոր
հաստատեց՝
որ
նոյն
տեղ
նոյն
օրերում,
«Ի
յիշատակ
մեծի
երանելւոյն
Յովհաննու
եւ
Ս.
վկային
Աստուծոյ
Աթանագինի՝
յայնմ
աւուր
խմբեսցին՝
ի
նմին
աւանի»։
Եւ
ինչպէս
նոյն
տեղ
էր
Հայոց
հեթանոսական
կրօնից
ամենէն
հռչակեալ
պաշտօնարանն
կամ
մեհեանքն,
Յաշտիշատ,
նոյնպէս
հոն
հաստատեց
նոր
քրիստոնէական
կրօնից
գլխաւոր
կամ
առաջին
եկեղեցին
եւս.
«Նախ
անդ
արար
սկիզբն
լինելոյ
եկեղեցեաց,
կ՚ըսէ
Ագաթանգեղոս,
եւ
ուղղել
սեղան
յանուն
Ս.
Երրորդութեան,
կազմել
աւազան
մկրտութեան»։
Աւելի
բացայայտէ
Բուզանդ
(Դ,
Գ).
«Ի
մեծն
յառաջին,
ի
մայր
եկեղեցեացն
Հայոց,
որ
էր
յերկրին
Տարօնու»։
Ուրիշ
տեղ
այլ
պարզաբար
կոչէ
զտեղին՝
«Աթոռ
իշխանութեան
հայրապետացն»
Հայոց։
Նոյն
ինքն
եւ
այլք
եւ
պատմութիւնն
ինքն
վկայէ,
որ
այս
էր
եւ
տեղի
ժողովոց
Սիւնհոդոսին»
(Դ,
Դ)
այսինքն
ազգային
եկեղեցական
ժողովոց։
Այսպէս
ամեն
տեղ՝
ուր
հեթանոսական
նշան
կար՝
զայն
ջնջելով՝
վրայն
Քրիստոսի
ամենայաղթ
խաչն
կանգնեցաւ.
եւ
ինչպէս
պատմեն
եւ
ժամանակակիցքն
Ագաթանգեղ
եւ
Զենովբ
եւ
յետագայք,
Հայոց
երկրի
արեւմտեան
կողմէն՝
յԵկեղեցեաց՝
մինչեւ
ի
հարաւային
արեւելեան
սահմանս
Ատրպատականի,
շրջելով՝
ջնջէր
զհետս
հեթանոսականս
եւ
հաստատէր
զՔրիստոսին,
ինչպէս
յիշեցինք
առաջ
այլ
իր
այցելութիւնն
Ս.
Հռիփսիմեանց
կոխած
տեղերուն,
եւ
քրիստոնէութեան
հետք
գտնելով
աւելի
զարգացընելը։
Համառօտ
ըսելով,
Ս.
Գրիգոր
իր
բոլոր
քահանայապետութեան
30
եւ
աւելի
տարիները՝
մինչեւ
յառանձնանալն
ճգնաւորապէս՝
ի
լերինս
եւ
ի
քարայրս,
անդադար
շրջէր՝
իր
ոչ
փոքր
հովուութեան
վիճակին
մէջ՝
այս
ջանքով.
միանգամայն
եւ
քարոզելով,
բազմացընելով
եկեղեցիներ
եւ
մատուռներ,
անոնց
համեմատ
նա
եւ
պաշտօնեաներ,
քահանայ
եւ
եպիսկոպոս,
(յորոց
մէջ
եւ
յիշեալն
Զենովբ)
ի
Յունաց
եւ
յԱսորւոց,
որք
ունէին
զթարգմանութիւնս
Ս.
Գրոց
եւ
եկեղեցական
պաշտամանց
եւ
պատարագի
գիրքեր,
եւ
հայերէն
գիր
չըլլալուն
համար,
(որոյ
հնարքն
եւ
գիւտը՝
Աստուած
պահեր
էր
անոր
վերջին
մեծ
Թոռան,
Ս.
Սահակայ)
ջանաց
ամեն
կողմ՝
ամեն
մարդաշատ
քաղքի
եւ
աւանի
մէջ՝
այն
երկու
լեզուաց
դպրոց
եւ
ուսմունք
հաստատել
եւ
ուր
որ
իմանար
թէ
կայ
գիտնական
եւ
եռանդուն
եկեղեցական՝
քահանայ
կամ՝
կրօնաւոր,
եթէ
կարելի
էր՝
տեղէն
շարժել,
կ՚որսար
բերէր,
պաշտօնեայ
եւ
ուսուցիչ
կարգէր,
ցրուէր
իր
վիճակին
մէջ,
որոյ
ընդարձակ
սահմանները
յիշեցինք
Հայոց
թագաւորութեան
պայմաններն
յիշած
ատեննիս։
Բայց
Գրիգորի
Լուսաւորութեան
uահմաններն
աւելի
ընդարձակք
էին.
հիւսիսէն՝
անցաւ
ի
Վրաստան
մինչեւ
ի
Կովկաս.
արեւելքէն
յԱղուանս,
եւ
երկուքին
միջեւ
ի
հիւսիս
արեւելից՝
այլեւայլ
կովկասային
եւ
կազբիական
բարբարոս
ազգաց,
ինչպէս
Լփինք,
Ճիղբք,
Հոնք,
Մազգութք,
եւ
այլն,
ասոնց
երիտասարդ
եռանդուն
հովիւ
մի
տուաւ,
իր
անուանակիր
թոռնիկը,
որդի
անդրանկան՝
Ս.
Վրթանիսի,
Ս.
Գրիգորիսը,
որ
եւ
անվախ
քարոզութեամբ
նահատակեցաւ
(իբր
յամի
348)
անհաւան
բարբարոսներէն.
բայց
իր
քարոզութեան
կեդրոնն՝
եղաւ
Աղուանից
կաթողիկոսութեան
աթոռ,
որ
եւ
շարունակ
յաջորդութեամբ
տեւեց
մինչեւ
մեր
օրերը։
Նախախնամական
շնորհք
մ’այլ
եղաւ
Տրդատայ
երկարակեցութիւնն,
եւ
մանաւանդ
քաջահաւատութիւնն,
ջանքն
եւ
զօրութիւնն
(ինչպէս
յիշեցինք
առաջ),
որ
յամենայնի
աջակից
եւ
երբեմն
եւ
առաջնորդ
եղաւ
Գրիգորի
ի
լուսաւորութիւն
աշխարհին,
եւ
լուսոյ
դիմամարտ
խաւարասէրները
վանեց
նուաճեց
ջախջախեց
յաջողութեամբ,
այլ
եւ
ոչ
սակաւ
աշխատութեամբ
եւ
պատերազմաց
արկածներով,
թէ
իր
տէրութեան
մէջ
անբաժան
քրմաց
եւ
անոնց
ոյժ
տուողաց
դէմ,
թէ
իր
վրայ
անոնց
խորհրդակիցներէն
գրգռուած
հիւսիսէն
եւ
արեւելքէն՝
ապա
եւ
յարեւմտից
(զոր
պիտի
յիշենք
յետոյ)
հրոս
տուողներու
դէմ,
երբեմն
նա
եւ
իր
կենաց
վտանգաւ.
եւ
հարկ
է
խոստովանիլ՝
որ
Գրիգոր
խաչով,
Տրդատ
թըրով
աջակցեցան
հաստատելու
եւ
բարձրացնելու
Հայոց
քրիստոնէութիւնը,
մինչդեռ
ընդհանուր
քրիստոնէութիւնն,
տագնապի
մէջ
էր
գոնէ,
10
կամ
15
տարի,
եւ
ի՜նչ
տարիներ։
Այս
ժամանակին
Հայոց
յատուկ
աննման
վիճակը
լաւ
ճանչնալու
համար՝
պէտք
է
յաջ
ու
ձախ
նայիլ
հասարակաց
վիճակն
այլ
տեսնելու։
Աջ
կ՚ըսեմ՝
մերոցս
նկատմամբ,
զոր
լաւ
ստորագրէ
Ագաթանգ.
իր
պատմութեան
վերջին
(ՃԻ=ՃԻԳ)
գլուխներում,
մանաւանդ
այս
նշանական
կնքիչ
խօսքերով.
«Յայնմ՝
ժամանակի՝
երանելի
ցանկալի
եւ
անպայման
սքանչելի
լինէր
երկիրս
Հայոց.
որպէս
Մովսէս
յանկարծ
ուրեմն
օրէնսուսոյց
հեբրայականին,
ամենայն
մարգարէական
դասուն,
եւ
կամ՝
իբրեւ
յառաջադէմն
Պօղոս,
բովանդակ
առաքելական
գնդաւն
հանդերձ
աշխարհակեցոյց
աւետարանաւ
Քրիստոսի,
սոյնպէս
եւ
սա
(Գրիգոր)
եկեալ
հասեալ
երեւեալ՝
հայրաբարբառ
հայերենախօս
գտաւ»։
(Ուրեմն,
թէ
եւ
հայ
գիր
չկայր,
կամ
եղածն
մեզի
անծանօթ
է,
եւ
թէ
եւ
յոյն
եւ
ասորի
վարպետներ
բերաւ,
այլ
հայերէն
թարգմանել
լսել
եւ
խօսել
տայր)։…
«Եւ
բազմացոյց
կացոյց
տեսուչս
եպիսկոպոսս
յամենայն
գաւառս
Հայոց
իշխանութեանն
իւրոյ
եւ
որ
եպիսկոպոսացն
յաշտիճան
ձեռնադրեցան
ի
նմանէ,
աւելի
քան
զչորեքհարիւր
եպիսկոպոս,
որք
կացին
տեսուչս
տեղեաց
տեղեաց.
իսկ
զկարգս
երիցանց
եւ
կամ
սարկաւագաց
(եւ
դպրաց)
եւ
որ
այլ
եւս
ի
պաշտօն
Տեառն
կացին,
անթիւք
էին
ի
բազմութենէ»։
Վասն
զի
եւ
աշխարհս
Հայոց
շատ
բազմամարդ
էր
այն
ատեն.
որոյ
նշմար
մի
կըրնանք
ունենալ՝
Զենովբայ
Տարօնոյ
կողմի
քրմաց
կալուածոց
տեղերուն
հարիւրաւոր
տուներու
եւ
զինակրաց
թիւերը
համրելով։
Պատմիչս
զՄովսէս
յիշելով՝
կըրնար
յիշել
անոր
գործելու
ատեն
յԵգիպտոս՝
նա
եւ
զԳեսեմ
երկիրը,
ուր
Հեբրայեցիքն
ի
հանգստեան
եւ
պայծառութեան
մէջ
վայլէին,
մինչ
այն
երկրին
չորս
դին`
մթան,
վախի
եւ
պէսպէս՝
հարուածոց
ներքեւ
սարսափած
տարակուսած
կիսամահ
կ’ապրէր։
Ի՞նչ
սրտառուչ
հակակերպ
տեսարան,
մինչ
եկեղեցւոյ
վրայ
վերջին
եւ
հզօրագոյն
փոթորիկն
փրթի,
եւ
երկրիս
երից
մասանց
քահանայապետքն՝
(Մարկեղոս
ի
Հռովմ,
Պետրոս
յԱղեքսանդրիա,
Կիւրեղ
յԱնտիոք),
զոհեն
զանձինս
առ
Քրիստոս,
ի
Հայս՝
նոր
քահանայապետութիւն
կանգնեալ
կայ
խաղաղ՝
ընդ
պաշտպանութեամբ
Տրդատայ.
եւ
քահանայապետն՝
Գրիգոր
դիտէ
զանոնք.
յիշէ
եւ
իր
թափած
արիւնն
եւ
քրտինքը,
եւ
գոհանայ
զԱստուծոյ,
որոյ
շնորհօք,
ըստ
գեղեցիկ
խորհըրդածութեան
Լաստիվերտցոյն
(գլ.
ԺԷ)
«Երանելի
այրն
Աստուծոյ՝
մեծն
Գրիգորիոս,
իջեալ
ի
խորութիւն
վիրապին՝
զհնգետասան
ամ՝
փորձեաց,
եւ
ի
վերայ
Առաքելական
աթոռոյն՝
եդ
զաթոռ
իւր»։
[1]
Ոմանք
ի
նոր
եւրոպացի
գրողաց
համարին,
թէ
Ղեւոնդիոս
շատ
ուշ
Կեսարիոյ
եպիսկոպոսապետ
եղած
է,
(314-25).
սակայն
այդ
բոլոր
մեր
ազգային
հիմնական
աւանդութեան
հակառակի,
եւ
գրեթէ
անկարելի
է
յայսմ
մեր
պատմեաց
սխալիլն։