Արշալոյս քրիստոնէութեան Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱ.
ԽԼՐՏՈՒՄՆ ՀԱՅՈՑ ՈՐ ԸՆԴ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՀՌՈՎՄԱՅԵՑՒՈՑ։ ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍՈՑԱ ԵՒ ՏՐԴԱՏԱՅ։ 

Դառնանք հիմայ դիտել պահ մի՝ մեր երկրին չորս բոլորը տեսնել ի՞նչ վիճակի մէջ է աշխարհ. քրիստոնէութիւնն եւ քրիստոսամարտութիւնն։ Յիշեցինք հռովմէական տէրութեան քառիշխանութիւնը, Գալերիոսի անդադար նկրտիլն եւ դրդելն զԴիոկղետիանոս, մանաւանդ յետ Նիկոմիդիոյ պալատան կրակին, որոյ փոխանակ վրէժխնդրութեամբ՝ նոյն պալատան դիմաց քաղքին մեծ եկեղեցին Երկու բիւր քրիստոնէիւք այրել տուաւ. զորս տարուէ տարի իբրեւ վկայս Քրիստոսի՝ տօնէ մեր եկեղեցիս։ Ասոր վրայ լսելով մեր ազգին մեծ դիպուածը, սկսաւ դարձեալ դրդել խթել զԴիոկղետ. թէ, Հայք ապստամբեր են եւ վտանգ է տէրութեանդ։ Կարծեն ոմանք յիրաւի, թէ ոչ այս՝ այլ Գ Հայոց կողմերը քրիստոնէից շարժում մի եղած ըլլայ. զի եւ (հարկ է գիտնալ), որ թէ այդ նահանգիդ մէջ թէ բոլոր Փոքր Ասիոյ՝ գրեթէ բնակչաց կէսն քրիստոնեայք էին, նախայիշեալ երկարամեայ խաղաղութեան ատեն բազմացեալ: Անցողաբար յիշենք նա եւ այս վերջի ըսածիս պատշաճ դէպք մի՝ այսպիսի քրիստոնէից եւ ոչ քրիստոնէից հակառակութեան, եւ նահատակութեան շատերու, որոց Վկայաբանութիւնն շատ հետաքննական՝ կարծեմ անծանօթ է Լատինաց, թէ եւ մեր մեծ Վկայասէր կաթողիկոսն ի յունարենէ թարգմաներ է զայն:

Մելիտինոյ սահմանները Եփրատայ եզերքը Լաքսաւէ անուամբ քաղաք մի յիշուի, ուր եւ կարծուի քրիստոնէից շարժումն. Դիոկղետիանոս իր հաւատարիմ պաշտօնէից մէկը կու խաւրէ անոնց դէմ, Լաւրենտ անուամբ, առանց գիտնալու թէ սա քրիստոնեայ է. զօրականք զարմանան Լաւրենտի տնտնալուն քրիստոնէից վրայ յարձակելու, կ՚իմանան իր քրիստոնէութիւնը, եւ իր յորդորանօք՝ տեղէ տեղ՝ մանաւանդ լեռնոտ կողմեր փոխադրուին, երբեմն պատերազմելով 2000 հոգի ջարդեն ի հեթանոսաց, (որոց առաջնորդ խաւրուի Ագրիպպաս ոմն, երբ կ’իմացուի Լաւրենտի քրիստոնէութիւնն). երբեմն այլ 5 կամ 600 հոգի. բայց յետոյ չեն ուզեր կռուիլ, եւ նման Այրարատեան վկայից 9 կամ՝ 10000 անձինք մարտիրոսանան. Լաւրենտի այլ յայտնութիւն կ՚ըլլայ Աստուծոյ, թէ, «կատարելոց են ի կողմանս Հայոց»։ Ի պատմութեանն կ՚ըսուի, թէ փախչէին «մինչեւ ի սահմանս Հայոց՝ ի Մելտինի քաղաք մեծ»։ Յետ այլեւայլ դիպաց՝ Ագրիպպաս այլ հաւատայ ի Քրիստոս եւ նահատակուի ի Դոմնասայ, զոր իրեն տեղ խաւրեր էր կայսրն. իսկ զԼաւրենտ՝ կապած ղրկեն ի Հռովմ, ուր նահատակուի։ Այս մանրամասն Վկայաբանութիւնը, որում շատ աշխարհագրական հետաքննելի տեղեաց անուանք կան, գրեր է ականատես եւ գործակից մէկն, Զենովբ անուամբ, որ Դոմնասայ բանակին մէջ է եղեր, եւ ինքն գլխատեր է զԱգրիպպաս, բայց յետոյ ինքն այլ հաւատացեր է ի Քրիստոս, եւ իր պատմածներուն հաւասարեր է նահատակութեամբ։ Գրեթէ անտարակոյս է այս գունդագունդ զօրական վկայից մէջ շատ կամ քիչ Հայոց գտուիլն։ 

Ժամանակիս կայսերաց պատմութեան հին եւ նոր [1] գրողք`յիշեն՝ առանց դիպուածոյ պարագաները գիտնալու, որ այս ատեն խլրտում  մի եղած է, ըստ ոմանց՝ ի սահմանս Հայոց, եւ ըստ այլոց՝ ի Մելիտինէ [2], որոյ հետ խառնուելով ի Մեծ Հայս եղած անակնկալ կրօնական յեղափոխութիւնն, անդադար փչմամբ Գալերիոսի՝ կամաց կամաց բորբոքի Դիոկլետիանոս, եւ մինչ Տրդատ եւ Գրիգոր քրիստոնէութիւնը հաստատելու հնարք ճարէին, կայսերք ի Նիկոմիդիա (ուր այն ատեն հանդիպեցաւ եւ Կոստանդիանոս կեսար), մտած էին հնարք՝ մարելու կամ նուաճելու զքրիստոնէութիւն, եւ իրենց քաջագործութեանց յաղթական հանդէս կատարէին իրենց ապրած արքունեաց վրայ (յամառն, 302), եւ ապա աւելի մեծահանդէս ի Հռովմ, ի յիշատակ քսանամեայ ինքնակալութեան Դիոկղետիանոսի՝ իր աթոռակից Մաքսիմինոս օգոստոսի  հետ (20 նոյեմբ. 303), չաստուածական անուններ առնելով վրանին, Արամազդ եւ Հերակլէս, (մինչ Տրդատ նորակնունք՝ խոնարհաբար կ’ուզէր Յովհաննէս կոչուիլ, եւ այն Քրիստոսի հեզ սննդակցին նուիրէր հռչակաւոր Բագրեւանդայ տաճարը, որ ուրիշէ մի ընդարձակուած՝ մինչեւ հիմայ կանգուն՝ քարոզէ իր գործը). իսկ Դիոկղետիանոսեանց յաղթանակն ո՞ւր մնայ։ Անոր չքոտած շուքով շլացած՝ եւ Մաքսիմիանոսի թելադրութեամբք գրգռուած՝ երբ դարձաւ ի Նիկոմիդիա, ի սկիզբն 303 տարւոյ (23 փեբր. ) որ օր՝ ըստ իրենց սնոտի պաշտամանց, տօն էր Սահմանաց (Terminalia), հրատարակեց զհալածանս քրիստոնէից. շատ յարմար (ըստ ոչ կամաց նոցա) մեր հայրենեաց սահմանակցութեան վրայ հանդիպածին. որոյ  շշուկն երթալով զօրանար, եւ նոյն իսկ օգոստափառ հանդիսից ատեն՝ հասաւ անոնց լուր, եթէ «Ամենայն աշխարհն Հայոց եւ Կապպադովկիա ընդդէմ անօրէն հրամանաց գործեն [3] »։

Փութացան կասկածոտ կայսերքն զինուորական զօրութեամբ երկու սահմանակալ խաւրել այն կողմերը, մէկն՝ յանուն Հայոց երկրի, միւսն Կապպադովկիոյ։ Առաջինն էր չարանունն Լիւսիաս [4], ի սահմանակալ քաղաքն Հայոց Սատաղ, որ շատ եւ հռչակաւոր Սուրբեր նահատակած է, յորոց զոմանս յիշենք յետոյ. երկրորդն՝ Ագրիկողայոս ի Սեբաստիա։ Հալածչաց կասկածն կայծակի պէս սկսաւ արծարծիլ, եւ երբ մէկ ազնուական քրիստոնեայ մի հօն ի Նիկոմիդիա՝ գովելի հաւատքով՝ այլ ոչ խոհեմութեամբ յանդըգնեցաւ հրապարակի մէջ պատռել հալածանաց հրովարտակն, որոյ համար եւ նահատակեցաւ, առաջ թմրածն եւ կակուղ Դիոկղ. հետզհետէ մի քան զմի սաստիկ հրովարտակներ հրատարակեց, որոց չորրորդն ի սկիզբն 304 տարւոյ, որ զօրաւոր համարուի քան զամենայն հրամանս հալածանաց, ամենէն ընդարձակ եւ ամենէն շատ արիւն թափող Ս. Վկայից. որով Դիոկղետի անունն այլ քան զամենայն հալածչաց ատելի եւ անիծելի եղաւ այս  թերեւս նուազ կ՚ըլլար, եթէ կանխէր նա՝ եւ ինչպէս խոստացեր էր՝ իր քսանամեկին լրացած ատեն հրաժարէր յինքնակալութենէն. բայց տարիէ մ՚աւելի տնտնալով, մտքով եւ մարմնով այլ տկարանալով իր իշխանակցացն՝ մանաւանդ Գալերիոսի դաւաճանութենէն վախնալով, վերջապէս թողուց թագը (305 մայիս 1). եւ փութացաւ դառնալ իր հայրենիքը՝ ի Սալոն քաղաք Դաղմատիոյ, իր պապական պարտիզին մէջ բանջարներ մշակելու, ուր որ եւ մեռաւ (313). անշուշտ Կոստանդիանոսի քրիստոնէութեան ազատութեան հրովարտակն՝ իր չորս հրովարտակաց դէմ՝, կայծակ մ’եղաւ սրտին, որ եթէ իր առաջին զգոյշ եւ չափաւոր կերպով վարուէր, փոխանակ իր ջախջախիչ քան աջակից ընկերներ աւելցընելու, գուցէ (մարդկօրէն մտածմամբ) ինքն ըլլար Կոստանդիանոսի գործը կատարող եւ փառքը ժառանգողն։ Իր այդպէս անագան հրաժարիլն յաշխարհավար գործոց, համարձակ ասպարէզ բացաւ Գալերիոսի, որ օրէ օր սպասէր, եւ անուանեց զինքն անոր տեղ ինքնակալ օգոստոս, իրեն արժանաւոր փոխանորդ կեսար մ’այլ կանգնեց, իր քեռորդին՝ Մաքսիմինոս, Daza, անուանեալ, որ տառադարձութեամբ այլ յարմար է Դաժան կոչուելու՝ ըստ մեզ, զոր եւ գործովքն հաստատեց. արուեստիւ ինքն այլ քեռւոյն պէս տաւարարած ըլլալով, եւ քան զայն անմիտ, անսիրտ, եւ սոսկ փառասէր. որ եւ առանց սպասելու ժամանակի եւ կարգի, բացարձակ իշխանութեամբ վարուէր, անուան վրան այլ աւելցընելով Jovius, արամազդական, չափազանց մակդիրը (որ ըստ մեր լեզուի յարմարի իր բնիկ արուեստին Հովիւ)։ Իսկ երբ քեռին (Գալերիոս) վերցուեցաւ յասպարիզէն եւ ի կենաց (1 մայիս, 311), այնուհետեւ առանց ինչ ակնածութեան հռչակեց զինքն Ինքնակալ, եւ իրեն վիճակած երկրի կողմանց վրայ աւելցուց յափշտակութեամբ՝ եւ զՓոքր Ասիա, ուր յետոյ տեսնենք իր արժանաւոր թագն ընդունիլը՝ Տրդատայ արդարակշիռ եւ կորովի թաթով։ 

Անտարակոյս է՝ որ սա լսելով եւ տեսնելով Հռովմայեցւոց տէրութեան խառնակութիւնը եւ խայտառակութիւնը, մանաւանդ յետ հրաժարման իր հին երախտաւոր եւ երախտապարտ բարեկամին՝ Դիոկղի, ինքնին լուծուած համարէր անոնց հետ գործակցութիւնը, եւ երջանիկ՝ իր աշխարհը, որ ճիշդ յարմար ժամանակին մազապուրծ եղաւ եւ հաստատուեցաւ ի նոր կեանս։ Արդարեւ առանց մեծ սրտառութեան եւ սրտմտութեան չէր կըրնար նայիլ Տրդատ դէպ յարեւմուտս իր երկրին, ուր՝ այդպիսի ինքնակոչ ինքնակալ մի եւ իրեն համամիտ համատիպ գտած Լիկինոսն (Լիկիանոս, որոյ երբեմն օգներ էր ինքն Տրդատ եւ ի կենաց վտանգէ ազատեր), անգութ եւ անօրէն նեղէին մաշէին զքրիստոնեայս. բայց իր չափաւորութիւնն, եւ յարեւելից՝ ի Պարսից, եւ ի հիւսիսոյ՝ ի Կովկասեանց յարձակման կասկածք՝ ստիպէին զինքն զգուշութեամբ վարուիլ, իր տէրութեան որոշեալ սահմանաց վրայ հսկել, այլ կոխելով անդին չանցնիլ, որ չվտանգէ իր աշխարհին քաղաքական եւ կրօնական խաղաղութիւնը, որ էր պտուղ շնորհացն Աստուծոյ եւ իր քաջութեան եւ խոհեմութեան։ Այն զգուշութիւնը նկատելով եւ կեսարքն եւ իրենց կուսակալք՝ Լիւսիասք եւ Ագրիկողայոսք, իրենք այլ չէին համարձակեր կոխել Տրդատայ սահմանները, եթէ եւ կերպով մի ապստամբ համարէին զնա իրենց տիեզերական իշխանութենէն, եւ մերժող իրենց հրատարակած հրովարտակներուն։ Վերոյիշեալ սրբագիր հեղինակն յայտնապէս կրկնէ առաջի ըսածը [5] թէ, «Բովանդակ Մեծ Հայք եւ Կապպադովկիա՝ մերժեցին անոնց հրովարտակը» կամ ընդդիմացան՝ իբրեւ երկու հզօր գազանք դէմ առ դէմ՝ դիտելով՝ մրմռային երկար ատեն։ Թագաւորն Հայոց եւ Կեսարքն Հոռոմոց. մինչեւ որ յանկարծ ասոնց կողմէն եղաւ յարձակողն, մերոնց կողմանէ` հալածողին հալածողն, ինչպէս տեսնենք քիչ յետոյ։ 



[1] Ի նոր գրողս յիշեմք զՑելլէր եւ զՄէհլեր

[2] Յիշեալ եւ յիշելի նահատակաց ոմանց Վկայաբանութեանց մէջ՝ զոր հին հարք մեր թարգմաներ եւ կարգեր են ի Ճառընտիրս, գտուին յիշատակք այս խլըրտման Հայոց. ինչպէս ի Վկայաբ. Ս. Եւգենիոսի, Վալերիոսի, եւ այլն. «Համբաւ եհաս ի լսելիս թագաւորացն՝ ի դատաւորաց Արեւելից քաղաքացն, գրեալ ամբաստանութեան նամակ, եթէ, Կապպադովկիա եւ ամենայն կողմանք Հայոց Մեծաց՝ հակառակ կացին հրամանաց ձերոց. զխորհրդական տօնս աստուածոցն ոչ կատարեն եւ ոչ ի նուիրական զոհից նոցա ճաշակելով։ Իբրեւ լուան զայս թագաւորքն՝ վաղվաղակի փոխեցին զիշխանս գաւառացն այնոցիկ՝ մեծաւ ցասմամբ զայրացեալ նոցա, վատշուէրս եւ անպիտանս զնոսա համարելով. եւ առաքեցին փոխանակ նոցա արս երկուս հելլենացիս ազգաւ եւ կրօնիւք. անուն միումն Լիւսիաս եւ երկրորդին Ագրիկողայոս, վայրենամիտս եւ գազանաբարուս եւ խորագէտս եւ հանճարեղս։… Եկին այնուհետեւ (մատնիչք) ի քաղաքն Սատաղացւոց` ուր նստէր դուքսն Լիւսիաս, եւ պատմեցին վասն երանելւոյն Վաղերիոսի եւ Կանդիտոսի եւ Ակիւղասայ եւ Եւգինիոսի, որ էր ի քաղաքէն Տրապիզոնտացւոց. այլ եւ բազումք ի քրիստոնէից՝ վասն արծաթսիրութեան ախտին՝ նմանեալք Յուդայի, գնացեալ ի քաղաքն Սատաղացւոց, հանդիպէին զինուորացն Կոմենտարիոսին (Commendator) որ էր զօրագլուխ դասու»։ Ասոր նման կ՚ըսէ եւ Ս. Եւստռատիոսեանց վկայագիրն. «Ի սոյն իսկ ի ժամանակի համբաւ իմն հասանէր ի լսելիս անօրէն իշխանին, իբրու թէ ամենայն աշխարհն Հայաստանեայց եւ Կապպադովկիա՝ ընդդիմամարտ եղեն թագաւորական հրամանին, եւ միաբանութեամբ յապստամբութիւն իմն թեւակոխեն, եւ զկնի գնալով քրիստոնէական հաւատոցն՝ անփոփոխ ունելով զմիտս իւրեանց ի Յիսուս ոմն, զոր եւ Աստուած քարոզեն։ Զայսոսիկ լուեալ կայսրն Դիոկղետիանոս՝ խռովեցաւ ի սրտի իւրում. եւ սրտմտեալ ցասմամբ մեծաւ՝ վարանէր հեծութեամբ առլցեալ. եւ նոյնժամայն հրամայէր զամենայն մեծամեծս իւր առ ինքն կոչել, հանդերձ իմաստնօքն Հելլենացւոց, եւ զերիս աւուրս յառաւօտէ մինչեւ ցերեկոյ՝ հանդերձ իմաստնօքն Հելլենացւոց՝ ի խորհուրդս մտեալ՝ հաստատէին ի միտս իւրեանց, փոխադրել զկողմնակալսն զայնոսիկ՝ որք կարգեալ էին ի վերայ երկաքանչիւրոց ազգացն այնոցիկ, վատշուէրս եւ անարիս զնոսա կարդալով. եւ փոխանակ նոցա առաքեաց երկուս՝ որք եկեալ էին ի Հելլենացւոց գաւառէն, յոյժ իմաստունք եւ վարժք եւ կիրթք ամենայն հռետորական եւ փիլիսոփայական հանճարոյն, եւ խոհեմք խորագիտութեամբ քան զամենայն սինկղիտոսացն. որ մին ի նոցանէ Լիւսիաս ճանաչիւր, որ զամենայն Զեմենտացւոց գաւառին ունէր դասական իշխանութիւնն. եւ երկրորդն որ կոչէր Ագրիկողայոս, որոյ զամենայն աշխարհաց զդատաւորական իշխանութիւնն ընձեռնեալ էր, եւ զզինուորութիւն ամենայն գնդիցն որ ի մէջերկրայսն եւ ի մերձակայ գաւառսն բնակեալ էին»։

[3] Omnis Armeniorum regio et Cappadocum facit præter improbum eorum decretum. - Սուրիոս ի վարս Ս. Հիերոնեայ, 7 նոյեմբ 303. Hunziker von Bern. 273։ 

[4] Իբր 20 տարի առաջ յիշուի Լիւսիաս դատաւոր կողմնակալ կամ (præses) Լիւկիա նահանգի, ուր նահատակեց զՍ. Աստերիոս։

[5] Tota Magna Armenia et Cappadocia illorum edicta repugnarսոt. Սուրիոս։