ԺԲ.
ՆԱՀԱՏԱԿՔ
Ի
ՓՈՔՐ
ՀԱՅՍ
Կ’արժէ
հիմայ
մեզ
այլ
ժամ՝
մի
թողլով
մեր
խաղաղացեալ
բնաշխարհը,
դառնալ
նայիլ
անոր
խռովեալ
եւ
ծփեալ
շուրջը՝
հալածանաց
հովերէն,
եւ
սուրբ
վկայից
անպարտ
արեամբ
ներկեալ,
յորոց
անտարակոյս
է
որ
ոչ
սակաւք
եւ
ազգաւ
Հայ
էին,
մանաւանդ
մերձաւորքն
կամ՝
սահմանակիցք
Փոքր
եւ
Մեծ
Հայոց։
—
Յիշեցինք
որ
անոնց
սահմանակալ
կամ
միջասահման
նշանաւոր
եւ
ամուր
քաղաք
մ'էր
Սատաղ,
Բարձր
Հայոց
եւ
Եփրատայ
արեւմտակողմն,
ուր
եւ
արքունի
ճանապարհաց
անցք
եւ
կայանք
ըլլալով՝
Հռովմայեցիք
ամրացուցեր
էին
զայն,
եւ
իրենց
իշխանութեան
ներքեւ
էր,
որպէս
երբեմն
մեր
աշխարհակալ
Արշակունեաց.
որք
եւ
ի
Յունաստանէ
կողոպտած
չաստուածոց
արձաններէն՝
այս
տեղ
այլ
կանգնած
էին՝
որպէս
ի
մերձաւոր
բնիկ
Եկեղեաց
գաւառին.
եւ
հօն՝
մեր
օրերում՝
գտնուեցաւ
հողի
տակ՝
Անահտայ
կամ՝
Արտեմեայ
պղնձէ
անդրոյ
մի
գլուխ
եւ
ձեռք,
յունական
արուեստիւ
սքանչելի
նրբութեամբ,
որ
հիմայ
Լոնտոնի
թանգարանին
զարմանաշարժ
զարդ
եւ
գանձ
են.
ո՜
գիտէ
թէ
Տրդատայ
աջն
եւ
Լուսաւորչի
խաչն
ջարդած
չըլլայ
այն
բնականի
կրկին
մեծութեամբ
դիցուհին,
որոյ
կոտորքն
հազարաւոր
անգղիական
ոսկւովք
գնուեցան։
Արդ,
այս
հայասահման
քաղքէն
ընծայուեցան
հալածանաց
կրկին
սաստկութեան
ժամանակ
(307ին),
Եօթն
եղբարք,
հաւանօրէն
ընկերք՝
հայրենի
հողէն
եւ
ոչ
մի
մօր
ծոցէ,
որոց
ոմանց
անուանքն
հնչեն
իսկ
հայերէն,
ինչպէս
Փառնակ,
եւ
գլխաւորն՝
զոր
Յոյնք
Ορεντιοζ
գրեն
նոյնպէս
եւ
Լատինք,
հայ
ականջն
Հրանտ
լսէ,
մէկն
այլ
Էրոյէ
գրուած՝
Արայի
կամ՝
Հօրոյ
անունները
յիշեցընէ.
միւսքն
օտարաձայնք՝
Փիրմին,
Փիրմոս,
Կիրակոս,
Լոնգինոս.
եօթն
այլ
զինուորեալք
Հռովմէական
գընդից
մէջ։
Ժամանակն
եւ
կայսրն՝
քիչ
մի
այլայլեն
Յունաց
եւ
Լատինաց
Յայսմաւուրք.
մերինն
լռէ։
Ըստ
ոմանց՝
դեռ
Դիոկղետի
հրաժարելէն
առաջ,
բայց
աւելի
ստոյգ՝
վերոյնշանակեալ
տարին
եղած
է
ասոնց
գլխաւոր
գործն՝
օտար
երկրի
մէջ,
յարեւելակողմն
Եւրոպիոյ.
ուր՝
ի
հիւսիսոյ՝
Ռուսաստանի
կողմերէն
արշաւեր
էին
բարբարոսք
(Սկիւթացիք
կամ
Սկլաւք),
եւ
մեր
պատմչաց՝
Տրդատայ
եւ
Հռչէի
վրայ
պատմածին
նման՝
բարբարոսաց
թագաւորն
ուզեր
է
կայսեր
հետ
մենամարտիլ.
որոյ
տեղ
Հրանտն
ելեր
եւ
յաղթահարեր
է
զնա.
կայսրն
շնորհապարտ՝
մեծ
պատիւ
տուեր
է
յաղթողին,
բայց
իմանալով
անոր
կրօնքը
եւ
չկարենալով
ուրացընել,
վեց
ընկերօքն
աքսորեր
է
յարեւելս,
ոչ
հեռի
իրենց
հայրենիքէն,
բայց
զանազան
կողմեր.
եւ
անդադար
քշելով
եւ
նեղացընելով,
մինչեւ
բնական
կամ
բռնի
մահուամբ
վախճաներ
են.
Հրանտն
այլ
ի
Տրապիզոն
տարեր
եւ
նահատակեր
են,
ի
ծով
ձգելով։
Ասոնց
յիշատակին
կատարուի
ի
24
յունիսի.
Յոյնք
ուրիշ
Որենտ
կամ՝
Հրանտ
մի
եւս
յիշեն
յ’3
նոյն
յունիս
ամսոյ։
Գրեթէ
նոյն
տարին
(306)
եւ
մօտ
Հրանտի
նահատակութեան
տեղւոյն,
նահատակուած
է՝
մեր
եկեղեցւոյ
այլ
ծանօթ
եւ
Մեծ
Պահոց
առաջին
շաբաթում
տօնուած
Թէոդորոս
զինաւորն
Ամասիացի,
(ի
Սաբուէ
գիւղէ),
որ
էր
ի
կարգէ
երիտասարդ
եռանդուն
զօրականաց,
որք
յունարէն
τυρων
կոչուէին,
նոյն
նշանակութեամբ։
Սա՝
օր
մի
ձի
հեծած՝
իր
հայրենեաց
մօտ
Եւխայիտա
կոչուած
աւանը
երթալով՝
ամառ
ատեն,
կ՚իջնէ
ծառոց
ներքեւ
հանգչելու.
տեղւոյն
տիկինն
Եւսեբիա,
տեսնելով
կանչէ
որ
հեռանայ
այն
տեղէն,
վասն
զի
մեծ
վիշապ
օձ
մը
կայ
մօտերը.
Թէոդոր
անվախ
կ՚ելնէ
եւ
վիշապը
կու
շամփրէ
իր
նիզակովը.
այսպէս
նկարեն
իր
պատկերը։
Քրիստոնէութիւնն
հռչակուելով՝
կու
դատուի.
եւ
երբ
համարձակելով
կ՚այրէ
Ռէա
դիցուհւոյ
կռատունը,
դատապարտուի,
եւ
ի
կրակ
ձգուելով
նահատակուի.
նշխարքները
ժողվելով
Եւսեբիա՝
թաղէ
իր
ագարակին
մէջ,
ուր
յետոյ
շինուի
մեծ
եկեղեցի։
Ս.
Գր.
Նիւսացի
պերճաբան
ներբող
մի
գրած
է
ի
պատիւ
Սրբոյս,
որոյ
վկայութեան
օրն
դրուած
է
ի
17
փեբրուարի,
իսկ
հին
վկայաբանութիւն
Սրբոյս՝
թուի
յարմարեալ
կամ
թարգմանեալ
շատ
վաղուց,
եւ
գոնէ
սկիզբն՝
ուր
Ամասիոյ
քաղաքին
նկարագրութիւնն
կ’ըլլայ՝
զուտ
Խորենացւոյ
գրչէն
թափուած
է։
Քիչ
ժամանակ
վերջ
սոյն
Ամասիոյ
մէջ
նահատակուած
են
մեր
զօրականին
հօրքեռորդիքն
Ս.
Եւտռոպիոս
եւ
Ս.
Կղէոնաս
կամ
Կղէոնիկոս,
եւ
քեռորդին
(ըստ
ոմանց
եղբօրորդի)
Բասիլիսկոս։
Սա՝
ըստ
ոմանց
բանտին
մէջ
վախճանած
է,
բայց
աւելի
հաւանականն
է՝
որ
ըստ
աղաչանացն
յԱստուծոյ
եւ
ի
մարդկանէ,
բանտէն
հանուելով
քշուեր
է
ի
Կոմանա
Հայոց,
եւ
հօն
նահատակուեր՝
գլխատուելով։
Յիշատակուի
ի
22
մայիսի։
Ոմանք
զսա
եկեղեցական
կարծեն՝
շփոթելով
համանուն
Անկիւրիոյ
եպիսկոպոսին
հետ։
Իսկ
միւսք՝
իրենց
հզօր
ազգականին
նման՝
կռոց
բագինները
կործանած
են,
երբ
դատաւորն
տարեր
է
զանոնք՝
կարծելով
թէ
խունկ
մատուցանեն.
շատ
տեսակ
տանջանքներ
կրելով,
երբեմն
հրաշքով
ազատելով
եւ
իրենց
տեղ
դահիճներն
պատժուելով,
յետոյ
խաչերու
վրայ
գամուած
պսակուած
են։
Երեքին
մարմիններն
Ամասիոյ
մօտերը
այլեւայլ
տեղ
թաղեր
են
քրիստոնեայք.
յիշատակնին
դրուած
է
ի
մարտի
3։
—
Միւս
քեռորդի
մի
մեր
Ս.
Ամասիացւոյն
եւ
իրեն
պէս
հռչակեալ
նա
եւ
անուանակից
եւ
տեղակից,
է
Ս.
Թէոդորոս
ստրատելատն,
յառաջադէմ՝
ի
զինուորութեան
պատուի,
սա
իբրեւ
13
տարի
իր
քեռիէն
վերջը
(319)
նահատակուեր
է
ի
լկտի
Լիկինիոսէ,
Գամրաց
Հերակլիա
քաղաքում,
որոյ
համար
Արակլիացի
կոչուի.
ուր՝
կռոց
անդրիները
կոտրտելուն
համար՝
բռնաւորն
ի
խաչ
հանել
տուաւ
զնա
եւ
նետահար
ընել։
Բայց
երբ
լսեց
ժողովրդեան
շշուկն
իրեն
դէմ,
իջեցընել
տուաւ,
եւ
գաղտուկ
գլխատել
ի
բանտին։
Ասոր
յիշատակն
այլ
կատարուի
7
կամ
8
փեբրուարի
ի
Յունաց
եւ
Լատինաց,
ըստ
մեր
Յայսմաւուրաց
յ'8
յունիսի։
ՅԱմասիա
վկայելոց
մէջ
խոստովանող
մի
եւս
նշանաւոր
եւ
ողբերգական
յիշատակ
մի
ունի,
յիշեալ
կայսեր
պատճառաւ,
զոր
Խորենացին
(Բ,
ՁԸ)
այս
առթիւ՝
ցանկասէր
գարշելի
ալեւոր
կ՚անուանէ.
վասն
զի
իր
կինը
Վալերիա՝
Դիոկղետի
դուստրն
երեսէ
թողած,
(զոր
յետոյ
Պրիսկա
մօրն
հետ
ծովախեղդ
ըրաւ),
անոր
Գլափիւռա
նաժիշտը
կ՚ուզէր
առնուլ.
նա
ճար
գտաւ
փախչելու
մինչեւ
յԱմասիա.
որոյ
եպիսկոպոսն
Բասիլիոս
պաշտպանեց
զնա,
որոյ
համար
եւ
նահատակեցաւ
(319,
մարտ
28).
յաջորդ
տարին
(13
յանուարի),
մեռեր
է
Գլափիւռա։
Ի
սկզբան
հալածանաց
համարուի
եղած
Ս.
Աթանագինէի
նահատակութիւնն՝
ի
Սեբաստիա,
յԱգրիկողայոսէ.
ոմանք
ի
մերոցս՝
քեռի
կոչեն
զսա
մեր
Ս.
Գր.
Լուսաւորչի.
բայց,
ինչպէս
առաջ
յիշեցինք
երկու
Աթանագինեանց`
անձինքն,
գործքն
եւ
նահատակութիւնք
շփոթուած
են.
ուզողն
կրնայ
քննել
նաեւ
յԱւգերեան
Վարս
Սրբոց
(հատ.
Դ.
էջ
319-360).
ծանօթագոյնն
եւ
մեզի
մերձաւոր
իր
Թէոդիտոն
աշակերտաւն
նահատակուած
է
ի
Փիլաքթովէ,
Φυλαχϑόης,
որ
ըստ
վիճակագրութեան
Լէոնի
Իմաստասէր
կայսեր՝
Հայոց
կամ
Հայկական
գաւառի
կամ
եպարքոսութեան
մէջ
էր։
Յիշատակ
Սրբոյս
դրուած
է
ի
17
յուլիսի։
—
Ի
Սեբաստիա
նահատակելոց
մէջ
այդ
Ագրիկողայոսի
հալածանաց
տարիներում,
մեծահռչակ
է
առ
ամենայն
եկեղեցիս
Ս.
եպիսկոպոսն
Վլաս.
զոր՝
երբ
տանջած
եւ
արիւնթաթախ
ի
բանտ
խաւրէր,
եօթն
գթալից
կանայք՝
արեան
կաթիլները
սրբէին,
որոյ
համար
իրմէ
առաջ
նահատակուեցան
կրակի
մէջ.
իսկ
Սուրբն
ձգուեցաւ
Սեբաստիոյ
անուանի
լճին
մէջ,
ուսկից
հրաշքով
ջրոց
վրայ
քալելով
դուրս
ելաւ,
եւ
գլխատմամբ
կատարեցաւ։
Տօնուի
յ’3
փեբրուարի
կամ
քանի
մի
օր
վերջը։
Սեբաստիոյ
լճին
անունն
յափշտակէ
զմիտս
ի
հանդէս
աշխարհահռչակ
նահատակութեան
Քառասուն
Մանկանց
վկայիցն
զօրականաց,
որոց
ամենուն
այլ
անուանքը
նշանակած
են
պատմիչք
եւ
ներբողիչք,
եւ
ոչ
սակաւ
են
գովաբանքն
ի
Յունաց,
Լատինաց
նա
եւ
ի
մերոցս,
թէ
թարգմանութեամբ
եւ
թէ
այլեւայլ
յիշատակօք,
որոց
մէջ
արժանի
են
յիշատակութեան
եւ
գովութեան
եւ
զարդի
եկեղեցւոյ
մերոյ՝
իրենց
նուիրեալ
գեղեցիկ
Շարականքն։
Հալածանաց
երկրորդ
եւ
երրորդ
անգամ՝
բորբոքած
ատեն
եղած
է
ասոնց
նահատակութիւնն,
յամի
320.
տօնուին
յ’9
մարտի,
Քառասուն
Մանկունք
Սեբաստիոյ
կոչմամբ.
մինչեւ
հիմայ
տեղացի
քրիստոնեայք
ցուցընեն
ցամքած
յատակ
մի
ի
դաշտի,
ուր՝
նահատակքն
«Ի
Սեբաստիայ
Ծովուն՝
զծովածուփ
կենցաղոյս
լուծին
զվտանգ.
(ուր
եւ)
Քրիստոսաձիր
երկնառատ
ճառագայթիւք
տապանայր
ծով
սառնապատ
լճիւն.
վասն
զի
պատուական
արեանցն
հեղլով՝
զկապուտակ
զծով
վարդագոյն
ներկէր».
երգէ
մեր
Շարականն։
Հռչակաւոր
նահատակ
մի
եւս
է
ազնուականն
Ս.
Սեւերիանոս
Սեբաստացի,
(9
կամ
13
սեպտեմբ.
)։
—
Զատ
յայլոց
վկայից՝
ի
Սեբաստիա
նահատակուած
յիշուին
մեծ
հալածանաց
ատեն
եւ
երկու
ընկերք,
որք
իրենց
անուանց
նմանութեամբ
(ըստ
յոյն
գրողաց)
թուին
Հայք.
մին
Տիգրոն՝
որ
թուի
Տիգրան,
միւսն
Արիոն։
Յիշատակուին
ի
22
մարտի:
Լիկինիոսի
ինքնակալութեան
ատեն
այլ
ի
Սեբաստիա
նահատակուած
են
բազմաթիւ
վկայք
ի
կրակ
ձգուելով,
որոց
գլխաւորքն
կոչին
Կարտեր,
Եւդոքսիոս,
Ատտիկ,
Ստիւրակ,
Աղապիս,
եւ
այլն.
յորոց
ոմանց
անուանքն
մօտ
են
հայերէնի.
Յիշատակուին
յ’2
նոյեմբերի։
—
Նոյնպէս
այս
քաղքիս
մէջ
հալածանաց
սկզբում
նահատակուած
է
Ակակ
ոմն,
եւ
քուրմ՝
մի
(Herenarque),
Խաղաղապետ
կոչուած,
որոց
յիշատակն
դրուած
է
ի
28
նոյեմբերի։
Ոչ
պակաս
քան
ի
Սեբաստիա,
այլ
գուցէ
եւ
աւելի
նահատակ
ընծայեր
է
Գ
Հայոց
մայրաքաղաքն
Մելիտինէ՝
այս
հալածանաց
ատեն,
Լիւսիասայ
եւ
իր
արբանեկաց
ձեռօք.
եւ
ի
սկզբան
անդ
(304)
հազարով,
երբ
Եւդոքսիոս
զօրավար
Հռովմայեցի
հօն
աքսորեցաւ,
իր
ամբաստանողն՝
Հռոմիլոս
այլ
հաւատաց
ի
Քրիստոս,
այն
ատեն
Զենոն
կտրիճ
զօրական
մի
եւս
համարձակ
հռչակելով
քրիստոնէական
հաւատքը՝
իրեն
հետեւցուց
ամբողջ
գունդ
մի՝
ոչ
պակաս
քան
1104
անձինք,
որք
յետ
պէսպէս
տանջանաց
սրով
կոտորեցան,
եւ
յիշատակուին
ի
6
կամ
ի
11
սեպտեմբերի։
Քանի
մի
անգամ
յիշուած
ըլլալով
հազարաւոր
գունդ
գունդ
վկայից
նահատակութիւն
ի
Մելիտինէ,
կըրնար
կասկածուիլ
որ
շփոթութիւն
մ'ըլլայ
պատմութեան,
սակայն
պարագաներն
եւ
ժամանակն
այլեւայլ
են.
կարեւոր
գիտելի
այլ
է,
որ
այդ
քաղաքն
մեծ
զինուորանիստ
տեղ
մ'էր,
ուր
միշտ
բազմութիւն
զօրաց
կենար,
եւ
այս
ատեններս
շատ
աւելցած
էին
քրիստոնեայք,
մինչեւ
ամբողջ
խումբեր
կազմէին:
Այս
Փոքր
Հայոց
երկու
մայրաքաղաքներէն
վար
չէր
կըրնար
ըլլալ
Ա
Հայոց
աւելի
նշանաւոր
մայրաքաղաքն,
Կեսարիա,
որ
եւ
հին
Գամրաց
եւ
Կապպադովկիոյ,
ինչպէս
եկեղեցական
բարձրագոյն
գրեթէ
ինքնագլուխ
աթոռոց
մէկն
էր,
արեամբ
վկայից
այլ
պայծառացաւ։
Ի
սկզբան
այս
Դիոկղիտեան
հալածանաց,
սխրալի
նահատակ
մի
ընծայեց
(304
կամ
306)
զկոյսն
Դորոթէա.
որոյ
շատեր
ցանկային,
բայց
ինքն
իմաստուն
կուսանաց
նման
զՔրիստոս
ընտրեց
փեսայ։
Սապրիկ
անուամբ
անգութ
դատաւոր
մի՝
յետ
յորդորանաց՝
վախցընելու
համար
ի
կախաղան
հանել
տուաւ.
կոյսն
փութացընէր
զնա,
որ
ժամ
մի
առաջ
երթամ,
կ՚ըսէր,
ի
դրախտն
Աստուծոյ։
Սապրիկ
աւելի
չար
հնարք
մի
մտածեց
կոյսը
մոլորցընելու.
երկու
ուրացեալ
կանանց
յանձնեց
ընելիքը.
բայց
անոնք
ասոր
խօսքերը
լսելով՝
զղջացան
իրենց
ուրացութեան
վրայ,
եւ
դատապարտուեցան
իրարու
կապուած
կռնակ
կռնակի
կրակ
ձգուելով,
ուր
եւ
կուսին
քաջալերութեամբ
զօրացած՝
ողջակիզեցան.
իսկ
զսա՝
Սապրիկ
շատ
չարչարել
տուաւ՝
կախուած
ծեծելով
մարմինը
պատըռտելով
եւ
ջահերով
այրելով,
վերջապէս
գլխատելով։
Կոյսն
բարձր
ձայնով
փառք
կու
տար
Քրիստոսի՝
որ
պիտի
ընդունէր
զինքն
ի
դրախտն։
Ձայնը
լսելով
դատաւորին
պաշտօնէից
մէկն՝
Թէոփիլոս
անուամբ,
ծաղրելով
ըսաւ
կուսին,
երբ
երթաս
ի
դրախտն՝
անոր
ծաղկըներէն
եւ
պտուղներէն
խաւրէ
ինծի,
կոյսն
այլ
խոստացաւ,
եւ
անվախ
ի
ծունկ
իջնալով
գլխատեցաւ:
Երբ
Թէոփիլոս
դեռ
ծիծաղելով
ըսածը
եւ
լսածը
պատմէր,
երիտասարդ
մը
եկաւ
քովը,
եւ
ի
կողմանէ
Դորոթեայ
ընծայեց
անուշահոտ
վարդեր
եւ
գեղեցիկ
խնձորներ.
զարմացաւ
Թէոփիլոս,
եւ
հասկացաւ
որ
հրաշք
է
այդ,
վասն
զի
ծաղկանց
եւ
պտղոց
եղանակ
չէր
(փեբրուար
ամսեան
սկիզբն).
հաւատաց
ի
Քրիստոս,
դատեցաւ,
ու
տանջեցաւ՝
կողերը
երկաթի
ճանկերով
քերելով,
եւ
գլխատութեամբ
նահատակեցաւ։
Դորոթէա
տօնուի
ի
6
փեբրուարի։
–
Այս
մեծ
հալածանաց
նորէն
նորոգուած
ատեն՝
Լիկինիոսի
գրգռմամբ,
նահատակուած
է
ի
Կեսարիա,
(իբր
յամի
320)
մեր
եկեղեցւոյ
մէջ
այլ
տօնուած
զօրականն
կամ՝
զօրապետ
Ս.
Գորդիոս
կամ
Գորդիանոս.
որ
զզուելով
ի
կռապաշտից
եւ
անոնց
պաշտպաններէն,
թողուց
զինուորութիւնը
եւ
քաշուեցաւ
յառանձնութիւն,
բայց
երբ
լսեց
որ
հեթանոսական
մեծ
հանդէս
եւ
խաղք
կատարուին
ի
քաղաքին
եւ
թոյլ
քրիստոնեայք
այլ
կ՚երթան
տեսնելու,
իջաւ
ի
հրապարակ,
յանդիմանեց
զամէնքն
այլ՝
հանդերձ
դատաւորաւն,
յորմէ
եւ
դատապարտուած՝
քրիստոնէական
եւ
զինուորական
արիութեամբ
նահատակեցաւ.
եւ
յիշատակն
կատարի
յ’3
յանուարի.
Ս.
Բարսեղ
եկեղեցի
մի
կանգնած
է
յանուն
Սրբոյն
եւ
ճոխաբան
ճառիւ
ներբողած։
—
Այս
ատեններս
թուին
նահատակուած
ի
Կեսարիա
երեք
վկայքն
Պոլիեւկտիս,
Վիկտոր
եւ
Դոնատ,
ի
21
մայիսի։
Հռչակաւոր
նահատակ
այլ
Կեսարիոյ
է
Ս.
Զինաւորն
Մերկիւռիոս.
յիշատակն
ի
նոյեմբ.
25։
Յիշեալ
մայրաքաղաքներէս
զատ՝
բուն
Մեծ
Հայոց
աւելի
մօտիկ
այլեւայլ
քաղաքաց
մէջ
այլ
նահատակներ
եղած
են,
որոց
ոմանց
հայ
ըլլալն
անտարակոյս
է.
այսպիսի
են
Ս.
Եւստռատիոս
եւ
ընկերքն,
գոնէ
ոմանք.
ինքն՝
ըստ
ազգայնոցս
աւանդութեան
Յուսիկ
կոչուէր
եւ
ազնուական
ցեղէ
էր,
հայրենեօք
յԱրաւրակ
[1]
կամ
Արօրակ
քաղաքէ,
Բարձր
Հայոց
սահմանակից
գաւառի։
Սա
ինքնին
յայտնեց
իր
քաջահաւատ
քրիստոնէութիւնը,
եւ
այն
յառաջ
յիշեալ
երկու
անգութ
կուսակալներէն
(Լիւսիաս
եւ
Ագրիկողայոս)
դատուելով՝
այլեւայլ
տեղ,
երկաթէ
կօշիկներ
յոտներն
գամուած՝
քշուեցաւ,
եւ
ի
կրակ
ձգուելով
ողջակիզեցաւ։
Երթալու
ատենն
Մարդար
անուամբ
Արօրակցի
գեղջուկ
մի՝
որ
այն
ժամ՝
իր
խրճիթին
ծածքը
կը
շինէր,
տեսնելով
զնա,
փութացաւ
իջաւ,
եւ
ետեւէն
վազելով,
Ես
այլ
հետդ
կու
գամ,
տէր
իմ,
կանչէր,
ես
այլ
քրիստոնեայ
եմ.
եւ
չարաչար
տանջուելով,
կրակած
շամփուրով
խոցուելով,
ոտուըներէն
ծակուած
եւ
կախուած,
նահատակեցաւ։
Քահանայ
մի
եւս
Օքսենտ
անուն՝
գլխատմամբ
ընկերացաւ
Սրբոցս.
նոյնպէս
եւ
Եւգենիոս
անուամբ
մէկն
(գուցէ
հայերէն
Պատուական
կամ՝
Ազնիւ
կոչուած
ըլլայ),
որ
սիրով
Եւստռատիոսի
ետեւէն
գնաց,
եւ
ջարդուելով
կտրատուելով
նահատակեցաւ:
Հինգերորդ
ընկեր
մ՚այլ
Սրբոցս
եղաւ
երիտասարդն
Ովրեստէս,
որ
նետաձգութեամբ
խաղի
ատեն՝
երբ
ուժով
արձակեց,
կուրծքէն
կախած
խաչը
զգեստէն
դուրս
ելնելով՝
իմացուեցաւ
քրիստոնէութիւնն,
եւ
կրակ
կտրած
տանջանարանի
վրայ
տարածուելով՝
նահատակեցաւ։
Յանուն
իրենց
ազնուական
տիրոջ՝
Եւստռատիոսեանք
կոչուելով
տօնախմբին
Սուրբքս,
յ’13
դեկտ.
ամսոյ.
գեղեցիկ
Վկայաբանութիւն
մ’այլ
թարգմանած
են
մեր
նախնի
հարք
ի
յունարենէ,
յորում
կ՚ըսուի,
որ
թէ
քահանայն
Օքսենտ
եւ
թէ
Եւստռատիոս՝
կտակաւ
պատուիրեցին՝
որ
զիրենք
թաղեն
յԱրօրակ.
յետինս
նա
եւ
կտակեց
որ
իր
ստացուածքն
երեք
մաս
բաժնելով
տան
աղքատաց,
եկեղեցւոյ
եւ
իր
քրոջ։
Վկայած
են
յամին
305։
Մեր
եկեղեցին
այլ
նուիրած
է
եւ
երգէ
ամէն
տարի
իրենց
տօնին՝
հինգ
տուն
անուշիկ
Շարականը
[2]
։
Այն
կողմերու
հայաբնակ
Արաբիսոս
անուամբ
քաղաքն
այլ
յամի
309
ընծայած
է
Կեսար
նահատակը,
որոյ
յիշատակն
դրուած
է
ի
28
դեկտ.
։
Ուրիշ
է
սա
ի
Կեսարիա
նահատակուած
Կեսարէն,
որ
յիշուի
յ'3
նոյեմբ։
Նիկոպօլիս
Հայոց
քաղաքն
այլ՝
ինչպէս
առաջին
հալածանաց
ատեն,
այս
ետքի
մեծ
հալածանացս
այլ
ընծայած
է
սուրբ
նահատակներ.
որպէս,
Ղեւոնդ
եւ
Մաւրիկ,
յամի
318
կամ
320,
շատ
ընկերներով,
ծանօթ
Լիւսիասին
հրամանաւ.
ասոնց
յիշատակն
դրուած
է
ի
10
յուլիսի։
—
Երկրորդ
օրն
այլ
(11
յուլ.
)
յիշատակուին
Յանուար
(Januarius)
որ
չորս
օր
չարաչար
տանջուեցաւ,
երկաթէ
ճանկերով
պատըռտուելով
եւ
խարուկուելով,
եւ
Պեղագիա
վկայուհի
մի.
ասոնք
հալածանաց
սկիզբներուն
նահատակուած
են
այս
յատուկ
Հայոց
քաղաք
կոչուածին
մէջ։
[1]
Հինգ
վեց
դար
առաջ
գրուած
Յայսմաւուրք՝
կ՚ըսեն
թէ
Արօրակն
հիմայ
Արզընցիք
կոչուի։
[2]
Որ
ըզհուր
սիրոյ
քո
Քրիստոս
բորբոքեցեր
յոգիս
արդարոց.
որով
վառեալ
իմաստութեամբ
երանելի
Եւստռատիոս,
ընծայեաց
զանձն
ողջակէզ
քեզ
կամաւոր.
բարեխօսութեամբ
սորա
շնորհեա
մեզ
տօնողացս
զքաւութիւն։
Որ
զարքայութեան
քոյ
Քրիստոս
տարածեցեր
ըզյոյս
յաշխարհի.
որում՝
տենչացեալ
փափագեաց
հոգւով
երանելին
Աւքսենտիոս,
ըզբաժակն
արեան
արբեալ
ուրախութեամբ
ընդ
քեզ
մըկըրտելով.
բարե։
Որ
ըզլոյս
փառաց
քոց
Քրիստոս
ծաւալեցեր
ընդ
տիեզերս,
որով
զլապտեր
հաւատոյ
լցեալ
երանելին
Եւգենիոս,
հետեւեաց
լուսաշաւիղ
քեզ
ի
յերկինս
արեամբ
մահու.
բարե։
Որ
զնըշան
խաչի
քո
Քրիստոս
ետուր
մեզ
զէն
յաղթութեան,
որով
զինեալ
ընդդէմ՝
մահու
երանելին
սուրբն
Ովրեստէս,
բոցակէզ
պատարագաւ
քեզ
խաչակցեցաւ.
բարե։
Որ
ըզբան
կենաց
քոց
Քրիստոս
սերմանեցեր
յերկիր
բանաւոր.
զոր
ընկալեալ
պըտղաբերեաց
յինքեան
երանելին
Մարգարիոս,
ի
մարմնի
անմարմնաբար
չարչարելով
պըսակեցաւ.
բարեխօսութեամբ։