Արշալոյս քրիստոնէութեան Հայոց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԳ.
ՎԱԽՃԱՆ ՀԱԼԱԾԱՆԱՑ ԵՒ ՀԱԼԱԾՉԱՑ. ՏՐԴԱՏ ԿՌՓԱՀԱՐԷ ԶՀԱԼԱԾԻՉՆ  ՄԱՔՍԻՄԻՆՈՍ։ 

Յիշատակք Սուրբ Նահատակացս կըրնան զմեզ շատ հեռացընել մեր նպատակէն, եթէ ուզենք երեւան հանել այլ եւս անոնց նմաններ. այլ բաւական համարուի այսչափս  իբրեւ փոքրիկ փունջ մի կարմրուկ ծաղկանց, նախ Քրիստոսի եւ ապա իրենց արեամբ ոռոգուած դրախտին, որ եւ համեմատութեամբ իրենց բազմութեան՝ եւ ոչ իբրեւ մի ի բազմաց եւ երկու ի բիւրուց է. զի այդ քրիստոնէութեան առաջին երից դարուց տասն այլեւայլ անգամ կրկնուած հալածանաց ատեն, ի Ներոնէ մինչեւ ի Լիկինիոս, համարին քննիչ վկայաբանք իբրեւ տասն ու մէկ միլիոն մարտիրոս եղած. որպէս զի, հաշուէ Սուրբ մի (Լիկուորի) տարւոյն ամէն մէկ օրուան 30, 000 հոգի կ՚ըլլայ. իսկ այս վերջին կամ Դիոկղետիանոսի կոչուած հալածանքն ամենէն արիւնահեղն ըլլալով, աւելի այլ բազմաթիւ պիտի ըլլան վկայքն։ Նոյն համեմատութեամբ եւ մեր Հայոց աշխարհիս բոլորտիքը նահատակուողք, որք իբրեւ ոսկեփայլ մահիկ մի պատէին զսա՝ ի հիւսիսոյ արեւմտից մինչ յարեւմուտս հարաւոյ. մինչ դեռ հեռուանց յարեւելից այլ Սասանեանք՝ ոչ սակաւս նահատակէին. այնպէս՝ որ մեր նախնեաց աչքով մեր այդ չորս բոլորը նայելով, կըրնամք՝ կամ պէտք է ըսենք Պօղոս Առաքելոյ հետ (Եբր. ԺԲ). «Այսուհետեւ եւ մեք որ այսչափ շուրջ զմեօք մածեալ ունիմք զբազմութիւն վկայից, զհպարտութիւն  զամենայն ի բաց ընկեսցուք (չհպարտանանք պարապ պարծանօք) եւ զմեղս կարեւորս. (այլ) համբերութեամբ ընթասցուք ի պատերազմ՝ որ առաջի կայ մեզ»։ (Հիմկու ժամանակիս այլ է, եւ այս տողերը գրելուս ատեն, միթէ այն սուրն՝ որ սկզբան չորրորդ դարու մեր չորս դին հնձեց եւ մեզ խնայեց, հիմայ ընդհակառակն՝ չորս դի հանդարտ ըլլալով, զմեր ազգայինները չի՞ հնձեր ի Փ. եւ ի Մ. Հայս, ոչ սակաւ բարբարոսաբար եւ աւելի խարդախութեամբ)… Բայց ո՞ւր թռչի գրիչս… սանձենք զսա. այլ զսիրտ ո՞վ կըրնայ սանձել. ո՞վ անոր ներքին հառաչանքը խղդել՝ եթէ բերանք կարկին, եւ արտասուք ցամքին։ Ո՜վ երկայնամիտ եւ ամենագէտ Աստուած։

Տարբեր տեսութեամբ այլ՝ որչափ խղճալի եւ տխուր տեսարան յերկրի, այլ ի՞նչ պայծառ եւ գերագոյն յերկինս, նա եւ յերկրաւոր եկեղեցւոջ, այս վկայիցս Քրիստոսի. յաղթողագոյն նահատակք եւ գերագոյնք ի Սուրբս։

Արդարութեան եւ պատմական օրինօք եւ կարգաւ՝ վայել է որ նայինք հիմայ, ո՞ւր յանգեցաւ այդ չորից եւ վեցից միաբանեալ կայսերաց վառած հալածանաց կրակն, եւ ի՞նչ եղան բռնկցընողքն։ Յիշեցինք, որ Դիոկղ. գուցէ կակղագոյնն ի գազանացեալսն՝ այլ  չարեացապարտն քան զամենեսին, հրձիգ ջահը թողլով աղմըկին մէջ՝ վատ վատ քաշուեցաւ ի Դաղմատիա, իր աթոռակիցն Մաքսիմիանոս բռնադատեցաւ կամայ ակամայ նոյնպէս հրաժարելու, այլ թագին հետ թոյնը ժառանգութիւն թողլով գուցէ քան զինքն անգութ Մաքսենտ որդւոյն. զոր՝ յետ եօթն տարւոյ՝ երկրաւոր եւ երկնաւոր զօրութեամբ ջախջախեց Կոստանդիանոս (28 հոկտ. 312). բնութիւնն այլ կարծես չկարենալով կրել անոր փախստական զօրաց ծանրութիւնը, կամուրջը կոտրելով ընկղմեց զինքն այլ անոնց հետ ի Տիբերիս գետ, Հռովմայ պարսպաց ներքեւ, ուր՝ երկրորդ օր մտաւ յաղթողն՝ եւ քրիստոնէական ազատութեան առաջին հրովարտակը հռչակեց։ Սեւերոս (Բ) արդէն սպանուած էր (307) այդ իր գետախեղդ թագակցէն։ Յիշեցինք Գալերիոսի մահն (1 մայիս, 311), Անտիոքոսի նման որդնահար զուր զղջանօք, եւ իր վատթարագոյն որդւոյն՝ Մաքսիմինոսի՝ յաջորդելն չարագոյն եւս վարչութեամբ. որոյ պսակ եղաւ՝ մեր ազգիս նկատմամբ պանծալի՝ իրեն համար ամօթալի գործն: Գրեթէ նոյն Կոստանդիանոսի ի Հռովմ՝ Մաքսենտի վրայ յաղթանակելուն ատեն, (զոր թուի դեռ չլսած) Մաքսիմինոս՝ Տրդատայ  զՀայաստան քրիստոնեայ ընելով՝ Հռովմէական քաղաքավարութեան հակառակ եւ արգելք կանգնելուն՝ այլ եւս չկարենալով համբերել, յարձակեցաւ ի Հայս, ոչ այնքան արեւելեան գոռոզ մի նուաճելու համար, որ քան անոր եւ ազգին քրիստոնէութիւնը զսպելու, որոց ազատութիւնն՝ իր եւ իր կայսերակցաց բանակաց մէջ գտնուող մեր ազգայինները խլրտեցընէին։ Եկեղեցական պատմութեան մէջ այս առաջին անգամն է՝ որ քրիստոնէութեան պաշտպանութեան համար՝ քրիստոնեայ տէրութիւն մի եւ թագաւոր մի` պատերազմի անքրիստոնեայ տէրութեան, եւ Հռովմէական տէրութեան լեգէոնից հետ, եւ յաղթէ։ Յաղթողն այլ է 30 տարիէ վեր դաշնակիցն կայսերաց, Տրդատ. զոր գրգռեցին՝ անոնց նախ անգթութիւնն, եւ յետոյ այս Դաժանին անմտութիւնն. որ Տրդատայ հսկայազօր թաթով չարաչար կռփահարուած՝ գլխակոր մազապուրծ եղաւ կոտրտած բանակովը։ Որոյ համար կըրնար Տրդատ՝ փոխանակ անոր հօր (Գալերիոսի) իր դրամոց վրայ զինքը նա եւ Armeniacus անուանելուն, անուանել զինքն՝ զատ յայլոց սs եւ ius յաղթանիշ մակդրաց՝ նա եւ գերագոյն պանծանօք՝ Romaniacus. բայց Տրդատայ մեծագոյն  պարծանքն էր Cristianus ըլլալն, եւ յետ լսելու Կոստանդիանոսի կրկին տեսակ յաղթութիւնը, կրկնել հաստատելն անոր հետ նոր Դաշնակցութիւն մի։

Սակայն Կոստանդիանոս դեռ չէր քրիստոնեայ, եւ ոչ ի պաշտպանութիւն քրիստոնէութեան ըրաւ իր յաղթութիւնն ի Հռովմ. իսկ Տրդատ՝ տարբեր պարագայիւ, զոր չգիտեմ՝ ի՞նչ գրչով, ի՞նչ գունով գրելու է, թէ եկեղեցական եւ թէ մեր ազգային պատմութեանց մէջ։ Եւսեբիոս՝ որուն լռութիւնը տեսանք մեր ազգովին քրիստոնէութեան դէպքի մէջ, յայսմ դիպուածի եւս համառօտ՝ բայց բաւական յիշէ . Ը) Դաժանին կորանքը. «Յարեաւ (կ՚ըսէ) ի վերայ նորա՝ անօրէն իշխանին Պատերազմն որ առ Հայսն եղեւ. արք որ ի սկզբանէ բարեկամք եւ օգնականք Հոռոմոց էին. նոքա քրիստոնեայք էին, եւ զերկրպագութիւն Աստուծոյ՝ փութապէս պնդութեամբ կատարէին, իսկ սոյն սա ատելի Աստուծոյ՝ կամէր նեղել զնոսա՝ զի զոհեսցեն կռոց եւ դիւաց թշնամեաց. եւ փոխանակ բարեկամաց ի մարտ պատերազմի յարոյց զնոսա ընդդէմ իւր… Արդ նա հանդերձ զօրօք իւրովք՝ եւ պատերազմի անդ որ ընդ Հայսն էր՝ կռփեալ լինէր»։ 

Եւսեբեայ հետեւող եկեղեցապատումը, Նիկեփոր Կալիստոս , ԻԸ) քիչ մ’աւելի լայն գրէ. իրմէ վերջ` Յայտնութեան գրոց մեկնիչն (զոր թարգմանած է Ներս. Լամբրոնացի), Անդրէաս Կրետացի, ըստ ոմանց Անդրէաս Կեսարացի, երկուսն եւս, յ’Ը դարու, կ՚ըսէ (Գլ. ԺԶ). «Ընդարձակ պատմէ Եւսեբի (երանի թէ) ի նոյն յՈւթերորդ բանն, թէ ի վերայ Հռովմայեցւոց յարեան Հայք, եւ զբազումս սատակեցին, եւ զսակաւ կերակուր՝ բազում՝ ոսկւոյ՝ ի սաստկութենէ սովոյն՝ գնէին»։ Ասկէ առաջ Եթովպացի եկեղեցական պատմիչ մի (Նիքիու) յիշած է այս դիպուածս, թէ Դաժան՝ նախ յաղթուեցաւ ի Հայոց, յետոյ պատժեցաւ յԱստուծոյ՝ ցաւօք։ Աւելի ապշելի է մեր պատմըչաց լռութիւնն, կամ՝ ցաւալի՝ գրուածոց կորուստն. վասն զի, գիտնալու է որ, գրեթէ ապահովապէս այդ ժամանակ շատերն գրած են Հայոց երկրին հրաշալի եւ պէսպէս դիպուածները, սակայն իւրաքանչիւր գրող մեր այն ընդարձակ երկրին մէջ՝ միայն իր յատուկ գաւառի կամ կողմի դիպուածը գրած է, եւ Լուսաւորիչ այս այսպէս ուզեր է որ ըլլայ, իր զգուշութեամբ կամ խոհեմութեամբ, ինչպէս կ՚իմացընէ ժամանակակիցն Զենովբ. սա խնդրեց ընդարձակօրէն գրել այն բաները, բայց Լուսաւորիչ չհաւանեցաւ. եւ ինքն միայն իր վիճակին մէջ ի Տարօն եղածը գրեց։ Սակայն պարագայ մի իր սահմանաց մօտ հանդիպելով, անտարակոյս կ՚երեւի որ այս մեր խնդրածը կ՚ակնարկէ. երբ Յունաց յարձակմունքը յիշէ ի հիւսիսոյ, նոյն ժամանակ եւ արեւմուտքէն երեւնալը զօրացն Յունաց։ «Եւ իբրու տեղեկացաւ (Տրդատ) եթէ Յունաց զօրքն էին, դարձաւ ի գաւառն Հաշտենից, եւ եկն բանակեցաւ ի գլուխս Արձանին՝ վասն ընդարձակութեան վայրացն». այն տեղ՝ ուր տասն տարի առաջ` երբ նոր դարձաւ Ս. Գրիգոր ի Կեսարիոյ, մեծ պատերազմն եղաւ, քրմաց՝ իրենց Դեմետրն եւ Գիսանէսը պաշտպանելու համար, Հայոց՝ իրենց նոր ճանչցած Քրիստոսը, որոյ համար իրենց պատերազմի արեամբ մկրտուեցան. եւ երբ երկու կողմէն այլ իրենց կէս քրիստոնեայ կէս հեթանոս կոտրած մարմինները հաւաքելով միատեղ թաղեցին, եւ վրան յիշատակի արձան կանգնելով՝ չորս զանազան լեզուով եւ գրով գրեցին. «Զայս պատերազմս արարաք վասն Գիսանէի կռոց եւ վասն Քրիստոսի»։ Յարմար գրուած՝ այն երկու կրօնից եւ մտաց դեռ խառնակութեան ժամանակին։ 

Այս տեղէն սլացած իջած զարկած եւ հալածած է Տրդատ զԴաժանն Մաքսիմինոս. իսկ սա իր յաղթուելուն վրէժն հաներ է իր քուրմերէն, ջարդելով զանոնք, իբրեւ զինքը խաբողներ [1] ։ Փոխանակ զգաստանալու այս հարուածէն, Մաքսիմինոս աւելի մեծ բանի ակնկալութեամբ՝ զամէնն այլ կորուս, երբ Լիկինիոս յարեւմուտս զբաղած էր Կոստանդիանոսի քոյրը կին առնըլով, Դաժան ուզեց ասոր իշխած երկիրներն այլ գրաւել եւ միահեծան ինքնակալ ըլլալ. Լիկինիոս լսելով զայս՝ անկարծելի արագութեամբ հասաւ զարկաւ զնա, որ փախչելով ինչուան ի Նիկոմիդիա (մայիս, 313) անկէ այլ ի Տարսոն, հօն մեռաւ (յօգոստոսի) չարաչար ցաւօք եւ անտիոքոսեան անօգուտ ստրջանօք՝ ըրած անգթութեանց եւ այնքան անմեղ քրիստոնէից արիւն թափելուն համար։ 

Մնաց ասպարէզն իրեն յաղթող հակառակորդին, որ անոր պէս փափագէր ինքնագլուխ կայսր ըլլալ Հռովմայեցւոց. բայց ի սկզբան Կոստանդիանոսի հետ ըրած խնամութեանն, միանգամայն եւ վախուն պատճառաւ, ինքն այլ հրատարակեց ի Նիկոմիդիա (13 յունիսի, 313) ազատութիւն քրիստոնէից. այլ քիչ վերջը երբ տեսաւ որ Կոստանդիանոս զբաղած է յԻտալիա, ուզեց անոր վիճակած երկիրներէն կորզել: Կոստանդիանոս վրայ հասաւ, եւ նախ Դանուբեան գաւառաց կողմերում, յետոյ ի Թրակիա պատերազմելով զսպեց զնա, եւ վեհանձնաբար ներեց, եւ նորէն իրենց տէրութեան սահմաններն որոշելով եւ հաստատելով (8 հոկտ. 314) իրարմէ զատուեցան։ Սակայն այն Խորենացւոյ կնքած սեւաներկ մօրուօք սեւասիրտ ալեւորն, որպէս «Ընձու անկարելի է զխայտուցսն փոխել եւ Եթովպացւոյ զթխութիւն, նոյնպէս մարդոյ ամպարշտի… զբարսն… ցրտացեալ ի սիրոյն Տրդատայ մեր թագաւորի` ակն ածէր որպէս արդարեւ ի թշնամւոյ»։ Իր նախորդ կայսերաց ճամբէն եւ գործէն յետ չկեցաւ. տարի մի վերջը (315) զՎալերիա Պրիսկա՝ դուստր Դիոկղետի՝ կին Գալերիոսի՝ մօրն հետ սպաննել եւ ծովընկէց ընել տուաւ, յետոյ գաղտնի եւ յայտնի հալածանք հանեց քրիստոնէից եւ շատեր նահատակեց, յորոց մի քանին քիչ առաջ յիշեցինք, եւ որոց կարգէն են բազմաթիւ զինուորական Հայք, որոց Քրիստոնէութիւնն իրեն դէմ երկաթէ աւելի խոցոտիչ էր։ Վերջապէս այն խաբէական գունով թեթեւամիտ գլուխը նորէն կանգնեց ընդդէմ յայտնի քրիստոնեայ հռչակուած Կոստանդիանոս կայսեր. եւ նախ յԱդրիանուպօլիս (3 յուլ. 323) հարուած մ’առաւ, յետոյ նոյն տարին, (18 սեպտեմբ. ) Կոստանդնի նոր ընտրած քաղքին դիմաց՝ ի Խրիւսիպօլիս (Իւսկիւտար) չարաչար զարնուելով եւ տեղէ տեղ փախչըտելով, քանի մի ամիս վերջը (16 մայիս, 324) ի Թեսաղոնիկէ` յաղթողին դատաստանաւ եւ իր կամ՝ օտար ձեռօք խեղդամահ կորաւ, ըստ ոմանց 60ամեայ, այլ հաւանօրէն ըստ այլոց ծերագոյն եւս. եւ իրմով բոլորովին փշրեցաւ այդ քրիստոնէից ջնջուելուն կամ նուազելու վճիռ նետող վեցերես քուէն։

Լիկինիոսէն առաջ հալածող չորս կայսերքն՝ գրեթէ մէկ մէկ տարի իրարմէ ետեւ կորան, շատն զիրար սպաննելով գրեթէ. անոնց ամենուն խայտառակ խաղն ու կորուստը լսելով Դիոկղետիանոս իր կամայ ակամայ աքսորանաց մէջ, անոնց ետեւէն անցաւ գնաց (մայիս, 313) իբր 68ամեայ։ 

Ի՞նչ եղաւ այդքան խրոխտ ինքնակալաց՝ ամենայաղթ համարեալ Լեգէոնաց տէր, աշխարհիս չորս անկիւններն ոտից տակ առնողներու զօրութիւնն, սպառնալիքն, հարստութիւնք, յաղթանակք, փառք, վայելք, աւելցընենք նա եւ անգթութիւնք եւ պղծութիւնք։

Դանիել մարգարէի տեսած բարձր ու լայն լերան պէս կանգնած ատեննին՝ փոքրիկ քար մի փրթաւ, զարկաւ կործանեց։ Խաչն. զորոյ նշան՝ համեմատ ի տեսլեան իրեն երեւածին՝ Կոստանդիանոս կարեց կապեց իր կապերտակին վրայ (Labarum), եւ բանակացն առջեւէն տանելով՝ միապետեց երկրի, որչափ որ երեք չորս դարերու աշխատանօք եւ անթիւ մարդկան կոտորածով՝ նուաճեր էին իր նախորդ կայսերք. եւ աւելի ստոյգ կերպով փակեց զտաճար (հաշտութեան) Յանոսի, եւ համարձակ բացաւ զՅիսուսին։ Համաշխարհական մեծ իր մ՚է այս ի պատմութեան եւ ի մարդկութեան. որոյ՝ ըստ չափու տարածութեան երկրին փոքրագոյն՝ բայց երիցագոյն նկարագիր եւ նախօրինակ եղած էր, անկէ տասն եւ քսան տարի առաջ, մեր Հայաստան հայրենիքն։ Եթէ եկեղեցական կամ  կրօնական մեծ եւ յայտնի դիպուած մ’է Հայոց քրիստոնէութիւնն նախ քան զազատութիւնն Կոստանդինեան, ոչ սակաւ նշանաւոր քաղաքական դէպք մ'է եւ խլրտումն Հայոց՝ հռովմէական ձեռաց տակ. եւ սոցա չհամարձակելն կամ զգուշանալ ի գրգռելոյ զՀայս. մանաւանդ զի, ինչպէս յիշեցինք, կայսերաց զօրագնդից մէջ այլ կային քրիստոնեայ Հայք. եւ այս այլ ոչ փոքր առիթ մ’եղած է, մանաւանդ յետ կռփանաց Դաժանին, հռոմէական վարչութեան կերպ մի յեղափոխութեան եւ ետ կենալու յաշխարհակալութենէ։ Գուցէ այս ըսածս ոմանց ազգասիրական եռանդն եւ պարծենկոտութիւն երեւի, այլ դարձեալ պնդեմ, թէ, ոչ բաւական նկատուած այլ նկատելի կէտ մ’է այս, յեկեղեցական եւ քաղաքական պատմութեան Հռովմայեցւոց ժամանակին, եւ թէ, Տրդատայ անկախ եւ ազատօրէն վարուիլն՝ անոնց վարչութեան կշիռքը շեղեց շփոթեց, իսկ երբ Կոստանդիանոս միապետեց եւ քաղաքավարութիւնը լծորդեց քրիստոնէական կրօնից՝ բոլորովին կերպարանափոխ եղաւ տիրապետութեան օրէնքն եւ կերպն։ 



[1] Այս բանս յիշէ եւ եկեղեցական պատմիչն Hagmo , Գ), եպիսկոպոս Հալպէրշդատի ի կէս Թ դարուն. Rebellant Armeni, prius amici Romanorum, propter nefaria ejus (Maximini) dicta. Quorum in bello et ipse turpiter fugatur, et exercitus interiit ense. Tunc sacerdotes deorum suorum et divinos quorum responsis bella moverat, interfeci jubet, tanquam fallaces.