ԺԴ.
ՏՐԴԱՏԱՅ
ԵՐԹԱԼՆ
ԱՌ
ԿՈՍՏԱՆԴԻԱՆՈՍ
ԵՒ
ԴԱՇԻՆՔՆ,
—
ԳՐԻԳՈՐԻ
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆ,
ԵՒ
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ
ՈՒ
ՎԱՆՔԵՐ
ՀԱՍՏԱՏԵԼՆ։
Հիմայ
որ
պատմութեան
այս
ամենանշանաւոր
կէտին
հասանք,
եւ
զՏրդատ
եւ
Կոստանդիանոս
ի
հրապարակի
գործառնութեան
տեսանք,
ասոնց
իրարու
հետ
տեսութիւնն՝
որ
գրական
եւ
աւանդական
դէպք
մի
է,
հարկաւորէ
զմեզ
դիտել
քննել,
վասն
զի
եւ
կրօնական
մասն
ունի
խնդիրն
եւ
ոչ
միայն
քաղաքական։
Որչափ
ինչ
որ
աւանդուած
է
նկատմամբ
խնդրոյս՝
ոմանց
բաւական
չերեւիր
ի
ստուգութիւն.
սակայն
եթէ
ստոյգ
այլ
չըլլար,
այնքան
յարմար
եւ
վայելուչ
էր՝
որ
գրեթէ
անկարելի
այլ
կըրնար
ըսուիլ
չըլլալն։
Ժամանակն,
այսինքն
տարեթիւն,
եւ
պարագային
(ի՛նչ
ճամբով,
որո՛յ
հետ
եւ
որքան
զօրօք
երթալն
Տրդատայ,
ի՛նչ
դաշինք
դնելն
իր
հին
ծանօթ
բարեկամ
եւ
նոր
աշխարհակալին
հետ),
կըրնան
այս
կամ
այն
կերպով
ըլլալ,
բայց
էականն
աներկբայ
է.
եւ
եթէ
օտարք
չեն
նշանակած
զայդ,
զարմանք
չէ,
վասն
զի
թագաւորաց
երթալն
ի
Հռովմ՝
նոր
բան
մի
չէր
երեւեր
այն
ատեն,
իսկ
այնպէս
մեծաւ
հանդիսիւ
երթալն
Տրդատայ,
հանդերձ
իր
երկրին
Լուսաւորիչ
Գրիգորիս
եւ
անոր
յաջորդ
որդւովն
Արիստակիսիւ
եւ
աթոռակալ
Արիանոսիւ,
որոց
հետ
ի
քաղաքական
իշխանաց՝
հետեւէին
չորս
Բդեշխքն,
այսինքն
կողմնակալք
կամ
սահմանակալք
Հայաստանի,
տասն
մեծամեծ
նախարարք
եւ
70,
000
այլ
զօրականք,
չափաւորապէս
իմանալի
է։
Նախ,
որ
հալածանքն
դադրեր
եւ
քրիստոնէական
ազատութիւնն
հռչակուած
էր,
համարձակութիւն
էր
արեւելից
մէկ
հատիկ
քրիստոնեայ
թագաւորին՝
հանդիսապէս
երթալն
առ
մեծագոյն
թագաւորն.
երկրորդ,
հասանելի
է
մեր
թագաւորին
բիւրաւորօք
ճամբայ
ելլելն,
այլ
տեղ
տեղ
թողուլ
զօրաց
գունդ,
եւ
ոչ
թէ
եօթն
բիւրովք
ի
Վաղարշապատէ
մինչեւ
ի
Հռովմ
երթալ։
Այս
խնդիրս
պարզէ
աւելի
կարեւոր
եւ
վիճաբանեալ
խնդիր
մի
ի
մէջ
գիտնոց.
որ
է
Թէոդոսեան
Օրինագրոց
մէջ
հրովարտակ
մի
Կոստանդ.
կայսեր
առ
Պրոկլիանոս
պաշտօնեայ
մի,
վասն
ապահարկ
ընելու
զԱրշակ
թագաւոր
Հայոց,
այսինքն
ազատ
թողլու
զնա
ի
հարկէ,
եւ
թոյլ
տալու
ազատօրէն
գալու
երթալու,
միայն
կայսեր
եւ
անոր
քանի
մի
առանձնաշնորհեալ
անձանց
կերպով։
Ոմանք
ի
գիտնոց
համարին
այս
օրինագիրս՝
զԿոստանդ
որդի
մեծին
Կոստ.
եւ
թագաւոր
Հայոց՝
զԱրշակ
որդի
Տիրանայ.
սակայն
գիտնագոյնք
հաւանին՝
թէ
ամեն
Արշակունի
թագաւորք
եւ
Տրդատ
եւս
Արշակ
կ՚անուանէր.
հրովարտակին
թուականն
այլ՝
Կոստանդիանոսի
եւ
Լիկինիոսի
բդեշխութեան
Դ
տարին
է,
315
թուականն
Քրիստոսի,
որ
է
նոյն
կամ
նախընթաց
տարի
Տրդատայ
ուղեւորութեանն
ի
Հռովմ,
եւ
այն
առթիւ
Կոստանդիանոսի
յիշելն
զնա
Արշակ
անուամբ
յարմար
է,
եւ
հաստատութիւն
մեր
խնդրոյն
եւ
պատմութեան։
Իսկ
ժամանակ
ուղեւորութեան
Տրդատայ՝
ի
սկզբան
երեւի
անմիջապէս
ի
լսելն
Կոստանդիանոսի
հրատարակելն
զազատութիւն
քրիստոնէից,
յամի
312-3,
բայց
Մաքսիմինոսի
արշաւանքն
արգելք
եղած
է.
եւ
յետ
երկու
տարւոյ
315ին
կամ
316,
երբ
Կոստանդիանոս
իր
տասնամեկին
հանդէսը
կատարէր
ի
Հռովմ,
ուր
եւ
գտուած
է
այս
երկու
տարիներուս
ամառնային
եղանակին
[1]
։
Առաջին
պատմող
այս
կարեւոր
տեսաւորութեան
թագաւորաց
եւ
քահանայապետից՝
(զոր
Խորենացին
չի
յիշեր),
ինչպէս
վայել
էր
ըլլալ,
է
Ագաթանգեղոս,
որոյ
գրածն
ի
ՃԻԶ
գլուխ
պատմութեանն
արժէ
որ
կարդայ
մեր
ընթերցողն.
մենք
դնեմք
ի
կարգի
բանիցս
զվերջին
մասն.
«Խաղայր
գնայր
(Տրդատ
)
յԱյրարատ
գաւառէ
ի
Վաղարշապատ
քաղաքէ,
անցանել
ի
սահմանս
Յունաց.
զանց
առնէր
զբազում
օթեվանօք,
մեծաւ
ուրախութեամբ,
եւ
բազում՝
պատիւս
պատրաստութեան
հպատակութեան՝
ըստ
քաղաքաց
քաղաքաց
դիպելոց,
եւ
իշխանաց
իշխանաց
պատահելոց,
գտանէին
մեծարանս
ընդունելութեան.
ընդ
ցամաք
եւ
ընդ
ծով
փութացեալ
աճապարէին՝
մինչ
երթային
հասանէին
ի
թագաւորական
քաղաքն
Հռովմայեցւոց.
զորմէ
իսկոյն
պատմեալ
յարքունական
պալատանն.
զոր
իբրեւ
լուաւ
աստուածակարգ
թագաւորն
պատուակալ
աթոռոցն՝
Կոստանդիանոս,
եւ
հայրապետն
մեծ
արքեպիսկոպոս
աշխարհամուտ
դրանն,
որում
անուն
կոչէր
Սեղբեստրոս
[2],
որք
մեծաւ
սիրով
պատիւ
արարեալ՝
ընդ
առաջ
ելանէին
եւ
տուեալ
հանգիստ՝
շնորհս
ունել
ժամանակս
ինչ
անդէն
ի
տիեզերական
քաղաքին…
Ապա
յետ
այսորիկ
մեծարեալ
լինէին
դարմանօք,
մեծապատիւ
շքեղութեանն
կարգօք
յարքունեացն
եւ
եկեղեցեացն,
եւ
ի
պատուական
իշխանաց
քաղաքին,
եւ
մեծամեծ
պատարագօք
եւ
երեւելի
պարգեւօքն
պատուեալ
սիրով»,
եւ
այլն։
Մեծ
պատուով
ընդունուած
է,
կ՚ըսէ
Ագաթանգեղ,
որպէս
արժան
էր
եւ
Ս.
Լուսաւորիչ
մեր,
որոյ
վրայ
«զարմացեալ
կայսրն
Կոստանդիանոս՝
խոնարհեցուցեալ
զանձն՝
անկանէր
առաջի
Գրիգորի,
զի
օրհնեսցի
ի
նմանէ,
եւ
բազում
վայելուչ
մեծարանօք
պատիւ
արարեալ
նմա՝
իբրեւ
Խոստովանողի
Քրիստոսի,
ըստ
արժանաւորութեան
նորա։
Սոյնպէս
եւ
արքային
Տրդատայ
իբրեւ
եղբօր
սիրելւոյ՝
սէր
ցուցեալ
ուրախութեամբ
մեծաւ,
մանաւանդ
վասն
աստուածածանօթութեանն
նորա
առաւել,
Դաշինս
կռէր
ընդ
նմա,
միջնորդ
կալեալ
զհաւատսն
որ
ի
Տէր
Քրիստոս
էր,
զի
անշուշտ
մինչ
ի
բուն
զհաւատարիմ
սէրն
ի
մէջ
թագաւորութեանցն
(երկոցուն)
պահեսցեն»։
Այս
իմաստովս
եւ
գրեթէ
բառերով՝
Ներսէս
Գ
կաթողիկոս
ի
կէս
Է
դարու
գրէ
առ
Կոստանդին
կայսր.
«Իբրեւ
տեսին
զմիմեանս…
միջնորդ
կալան
զհաւատսն
որ
ի
Տէր
Յիսուս
Քրիստոս,
եւ
երդմամբ
միաւորեցան
երկոքին
թագաւորքն,
անշուշտ
ունելով
զխաղաղութիւն
ընդ
միմեանս
մինչեւ
յաւիտեան՝
ի
մէջ
թագաւորացն
երկոցունց.
եւ
եւս
հաստատեցին
առ
մեզ
զհաւատոյն
ճշմարտութիւնն,
զոր
հիմնադրեաց
մեզ
Ս.
Հոգին»։
Այս
խօսքերուս
վրայ
բարդած
եւ
բրդած
է
անյայտ
անձն
անյայտ
ժամանակի,
բայց
թուի
ԺԲ-ԺԳ
դարու,
մեծահռչակ
Դաշանց
Թուղթը,
որ
ի
յետին
ժամանակս
նա
եւ
ի
լատին
եւ
յիտալ
լեզու
թարգմանուած
եւ
տպագրուած
եւս
է.
յորում՝
բաւական
յարմար
եւ
աւելի
անյարմար
մեծաբանութեամբ
նա
եւ
փռանկ
բառերով,
Տրդատ
Կոստանդիանոսի
կողմանէ
իբրեւ
իրեն
երեսփոխան
կարգուի
յարեւելս,
Գրիգոր
այլ
ի
դիմաց
Ս.
Սեղբեստրոսի՝
գրեթէ
նոյնպէս
ընդարձակ
եկեղեցական
իշխանութեամբ,
եւ
այս
դաշինքս
երկու
կողմանէ
Քրիստոսի
արեամբ
(թաթախելով
գրիչը)
կնքուած
կ՚ըսուի։
Աւելի
հաւանականութեան
ցոյց
ունի
Պարգեւագիր
կամ
սահմանագիր
մի:
Մշոյ
Ս.
Առաքելոց
վանաց,
յունարէն
բնագրեալ
հրամանաւ
Ս.
Լուսաւորչի
եւ
պահուած
իր
ձեռաց
կնքով՝
մինչեւ
ի
վերջ
ԺԱ
դարու,
ըստ
վկայութեան
Չորտուանէլ
Մամիկոնեան
իշխանի,
այն
է
Սասնոյ
կողմերու,
որ
թարգմանել
տուած
է
զայն
յունարենէն
ի
հայ,
եւ
իր
ձեռնագրով
ընդօրինակեալ,
(յամի
1079)
որ
եւ
պահուէր
նոյն
վանաց
մեծ
Ճառընտրի
մի
մէջ,
իբր
800
տարուան
հնութեամբ.
յորում՝
կ’ըսէ
Ս.
Գրիգոր.
«Խնամօքն
Աստուծոյ
եւ
առաջնորդութեամբ,
կամ
եղեւ
ինձ
եւ
աստուածասէր
եւ
քրիստոսապահ
արքային
Հայոց
Տրդատայ՝
գնալ
ի
տես,
ի
սէր
եւ
ի
միաբանութիւն
մեծ
քրիստոսասէր
եւ
բարեպաշտ
աշխարհակալ
կայսերն
Հռովմայեցւոց
Կոստանդիանոսի…
մեծամեծ
պատուով
եւ
ամենաշատ
սիրով
ընկալեալ
եղաք
յաստուածասէր
եւ
բարեպաշտ
արքայէն
Կոստանդիանոսէ
եւ
ի
սուրբ
առաքելանման
հայրապետէն
Սեղբեստրոսէ.
կացեալ
ժամանակս
ինչ
առ
նոսին,
Դաշն
սիրոյ
եւ
միաբանութեան
եդաք
առ
միմեանս,
Քրիստոսի
արեամբն
գրել
եւ
միջնորդել,
զի
անջրելի
լիցի
ուխտ
եւ
միաբանութիւն
Հայոց
եւ
Ֆռանկաց
[3],
մինչեւ
ի
կատարած
աշխարհի։
Իսկ
զկնի
դառնալոյն
մեր
յաշխարհն
Հայոց,
ի
ժամ
բաժանմանն՝
պատուեալք
եղաք
ի
նոցանէ
փառօք,
մեծամեծ
եւ
անթուելի
պարգեւօք,
զոր
(յ)ամենայնի
կատարեալ
հաւատով
եւ
ջերմեռանդ
սիրով
խնդրեցաք
մեք
ի
նոցանէ,
կապ
սիրոյ
եւ
հաստատութեան
Դաշանց
զոր
եդաք,
ի
Նշխարաց
սուրբ
գլխաւոր
Առաքելոցն՝
Պետրոսի
եւ
Պաւղոսի»։
ԹԷ
Չորտուանէլ
եւ
թէ
մանաւանդ
Ագաթանգեղ
յիշեցին՝
որ
Կոստանդիանոս
մեծամեծ
պարգեւներ
տուած
է
Տրդատայ.
եւ
վայելուչ
էր
այսպէս
ըլլալն.
այլ
միթէ
աւելի
եւս
վայելուչ
չէ՞ր
որ
Տրդատ
այլ
իր
մեծասրտութեան
եւ
իր
բարեկամին
փառաւորութեան
համեմատ՝
ընծաներ
բերած
ըլլայ։
—
Ամենեւին
տարակուսելի
չէ,
թէ
եւ
յիշուած
չըլլայ,
եւ
ես
կարծեմ
թէ
իր
տարածին
մէկն
կամ
մէկ
մասն
դեռ
կանգուն
կայ
փառաւոր
տեղ
մի
շատ
դարերէ
վեր,
աշխարհածանօթ
եւ
աշխարկատեսիլ,
եւ
գրեթէ
ստէպ
իմ
աչացս
առջեւ:
Այն
հին
յունարուեստ
ոսկէզօծ
պղնձէ
չորս
Երիվարքն,
որ
ի
քաղաքիս
(Վենետկոյ)
մայր
եկեղեցւոյ
ճակատուն՝
իբրեւ
օդաթռիչք՝
զարմացնեն
զամեն
մտացի
տեսող,
եւ
զոր
աւանդութիւն
մի
համարի`
թէ
Տիրիթ
ոմն
թագաւոր
Հայոց
բերած
ըլլայ
առ
Ներոն
կայսր.
բայց
շատ
աւելի
հաւանական
է
որ
մերս
Տրդատ
բերած
է
առ
Կոստանդիանոս։
Դառնալով
առ
Դաշինսն,
ստոյգ
դաշնադրութեան
մեծ
վկայութիւն
մի
է
եւ
Բուզանդայ
(Գ.
ԻԱ)
յիշածն,
թէ
նախարարք
Հայոց
յետ
գերութեան
եւ
կուրութեան
իրենց
թագաւորին
Տիրանայ,
դիմեցին
առ
կայսրն
Յունաց.
«Մանաւանդ
զի
զուխտն
յիշեալ
զԴաշանցն
կռելոց
զերդմանցն
հաստատութեան,
միջնորդութեամբ
ի
մէջ
կայսերն
Կոստանդիանոսի
եւ
ի
մէջ
թագաւորին
Տրդատայ
եղեալ
էր»։
Ե
դարու
մեր
եկեղեցւոյ
գլխաւորաց
գրածն
առ
Թէոդոս
Փոքր
կայսր,
ուր
յետ
յիշատակի
դաշնադրութեան
Տրդատայ
եւ
Կոստանդիանոսի,
կ՚ըսուի.
«Այսպէս
եւ
զՀաւատսն
որ
ի
Քրիստոս՝
ընկալաւ
ի
սուրբ
եպիսկոպոսապետէն
Հռովմայ,
որ
լուսաւորեաց
զխաւարային
կողմանս
հիւսիսոյ»։
Այս
խօսքս
Տրդատայ
վերաբերի
քան
Գրիգորի,
զի
սա
ի
Կեսարիոյ
ընկալաւ
զձեռնադրութիւնն.
գրուածն
այլ
(առ
Եղիշէի)
կցկտուր
եւ
տեղ
տեղ
անյարմար
է։
Հաւատք
բառն
այլ
կըրնայ
իմացուիլ
Հաւատամքն,
զոր
արդարեւ
ի
Նիկիոյ
ժողովոյն
ընդունեցան
Հայք՝
Տրդատայ
եւ
Գրիգորի
ատեն,
եւ
ժողովոյն
գլուխն՝
ի
ձեռն
իրեն
երեսփոխանացն՝
էր
եպիսկոպոսապետն
(Պապն)
Հռովմայ։
Թէպէտ
ոմանք,
ինչպէս
Գրիգոր
(Դ)
Տղայ
կաթողիկոս՝
ի
թղթին
առ
Վերին
Հայս,
հաւանօրէն
թուի
ըսել՝
Լուսաւորչին
«առնուլ
ձեռնադրութիւն
ի
Ս.
Սեղբեստրոսէ».
հարկ
է
զայդ՝
հաստատութիւն
իշխանութեանն
իմանալ.
զի
յետ
ընդունելոյ
մի
անգամ՝
ի
Ս.
Ղեւոնդեայ՝
կարելի
չէր
նորէն
ընդունիլ,
եւ
նոյն
իսկ
Լուսաւորչի
յաջորդքն
եւս
ի
Կեսարիոյ
ընդունեցան.
Նիկիոյ
ժողովն
այլ
Զ
եւ
Է
կանոնովքն
հաստատեց,
որ
նախնեացն
կարգք
եւ
պատիւք
աթոռոցն՝
պահեսցին
որպէս
էին
ցայն
ժամ:
Այս
բանս
հաստատել
երեւի
եւ
Բաբգէն
կաթողիկոս
ի
վերջ
Ե
դարու
կամ
ի
սկիզբն
Զին,
ըսելով
վասն
Արիստակիսի.
«Ընկալեալ
ի
սուրբ
հարցն
բոլորովիմբ
զսուրբ
հաւատսն
ճշմարտութեան,
եբեր
յաշխարհն՝
ճշմարտութեամբ,
զոր
առեալ
ի
նմանէ
Հայոց,
եւ
նովին
հաւատովք
լուսաւորեցաք,
եւ
ի
նմանէն
յաջորդեցաւ
մինչեւ
ցայժմ
ձեռնադրութիւն
հայրապետութեան
աշխարհիս
Հայոց,
եւ
կամք
հաստատուն
ի
նմին»։
Վերոյիշեալ
Գրիգոր
կաթողիկոսն
այլ
գրէ
առ
Մանուէլ
կայսր.
«Էր
մի
ի
սուրբ
ժողովոյն
(Նիկիոյ
Հարցն)
արքեպիսկոպոսն
Հայոց
մեծն
Արիստակէս՝
որդի
Ս.
Գրիգորի.
յորմէ
ընկալեալ
զուղղափառ
դաւանութիւնն
նիկիական
ժողովոյն՝
զգուշացաւ
եկեղեցի
մեր»։
Այս
տեղ
(թողլով
առ
ժամս
մեր
Տրդատն
ի
դարձին)
արժան
համարիմ
մեր
հայրապետաց
ի
Կեսարիոյ
ձեռնադրուիլը
քիչ
մի
քրքրել։
—
Յայտ
է
որ
յառաջին
դարս
եկեղեցւոյ՝
սորա
աթոռոց
դասակարգն
այլ
ըստ
կարգի
պատուոյ
աշխարհաց
եւ
քաղաքաց
էր.
երից
մասանց
աշխարհի
մէկ
մէկ
գլուխ
եպիսկոպոսաց
կար,
Եւրոպիոյ՝
ի
Հռովմ,
որ
եւ
ամենուն
գլուխ,
Ասիոյ՝
յԱնտիոք,
Ափրիկիոյ՝
յԱղեքսանդրիա,
որք
յետոյ
պատրիարք
կոչուեցան,
եւ
որոց
գերագոյն
իշխանութեան
ներքեւ
հին
մայրաքաղաքացի
եպիսկոպոսք
(մետրապոլիտք),
եւ
ստորակարգեալ
եպիսկոպոսունք.
յետոյ
Եփեսոսի
մայրաքաղաքացին
փոխեցաւ
ի
պատրիարք
Կ.
Պօլսի,
Փիլիպպեայ
Կեսարեայն՝
ի
պատրիարք
Երուսաղեմի։
Մայրաքաղաքացեաց
ոմանք
այլ
աւելի
բարձրապատիւ
էին
եւ
ինքնագլուխ
կոչուէին.
այսպիսի
էր
Կապպադովկիոյ
Կեսարիայն
այլ.
այս
պատրիարքներէն
եւ
մետրապօլիտներէն
կ’առնուին
ձեռնադրութիւն՝
իրենց
աշխարհաց
եպիսկոպոսքն։
Երբ
Հայք
աշխարհօրէն
դարձան
ի
քրիստոնէութիւն
Տրդատայ
ժամանակ,
եթէ
եւ
գտուէր
եպիսկոպոս
մի
ի
Հայս,
բայց
գլխաւոր
եպիսկոպոս
եւ
իբր
յաջորդ
առաքելոյ
չկայր,
եղածքն
այլ
ըստ
աւանդութեան՝
զոր
նախ
յիշեցինք՝
ի
Կեսարիոյ
առնուին
զձեռնադրութիւնն.
որոյ
առաջին
եպիսկոպոս
ի
Թադէոս
առաքելոյ
կարգեալ
համարին
զԹէոփիլոս՝
յիշեալն
ի
Ղուկայ
աւետարանչէ.
բայց
ոմանք
ի
գիտնոց
եւ
ոչ
անձն
համարին
զԹէոփիլոսդ,
այլ
ըստ
յունարէն
լեզուի
աստուածասէր
նշանակութեամբ՝
աստուածասէր,
բարեպաշտ
անձինք,
սակայն
եւ
շատք
ընդունին
զնա
իրօք
անձն,
բայց
չեն
գիտեր
վարքը,
որով
եւ
չեն
ընդունիր
զնա
առաջին
եպիսկոպոս
Կեսարիոյ
մայրաքաղաքի,
այլ
զԼոնգինոս
կամ՝
Լուկիանոս,
եւ
զսա
հայմարին
հարիւրապետը՝
որ
խոցեց
զկողս
Քրիստոսի
[4],
սորա
յաջորդեց
Պրիմիանոս
ոմն,
եւ
այլք
հետզհետէ
մինչեւ
ի
Ս.
Ղեւոնդիոս,
յորմէ
ընկալաւ
մեր
Լուսաւորիչն
զձեռնադրութիւն
եպիսկոպոսապետութեան,
իր
յաջորդքն
այլ
անոր
յաջորդներէն
[5]
։
Մեր
պատմիչն
Վարդան
բացարձակօրէն
կ՚ըսէ
Լուսաւորչի
համար.
«Յերեսներորդ
ամի
լուսաւորչութեան
իւրոյ
U.
Գրիգոր
զԱրիստակէս
առաքէ
ի
Կեսարիա
ձեռնադրիլ`
վասն
զառաջին
ձեռնադրութիւնն
անդ
առնելոյ
Թադէոսի
առաքելոյն
եւ
արկանելոյ
հիմունս
եկեղեցւոյ»։
Ի
Կեսարիա
ձեռնադրուիլն
կաթողիկոսաց
կամ
եպիսկոպոսապետաց
Հայոց՝
տեւեց
մինչեւ
ի
Ս.
Ներսէս
կամ
ի
Ս.
Սահակ։
Ո՞րչափ
ինչ
իշխանութիւն
ունէր
եպիսկոպոսապետն
Կեսարիոյ՝
իր
ձեռնադրեալ
Հայոց
եպիսկոպոսապետին
վրայ։
Թուի
թէ
ոչինչ
աւելի
քան
զձեռնադրելն,
եւ
մի
իր
մետրապօլտաց
համարել
զնա,
եւ
գուցէ
իրեն
դատաստանին
վերաբերել՝
եթէ
շփոթութիւն
ինչ
ըլլար
Հայոց
եպիսկոպոսապետին
եւ
անոր
եպիսկոպոսաց
մէջ։
Եւ
զի
Հայք
առանձին
թագաւորութիւն
ունէին,
վայել
էր
որ
իրենց
եպիսկոպոսապետն
այլ
իր
կարգակցաց
մէջ
բարձրապատիւ
ըլլար
եւ
ընդհանրական
կամ
նահանգական
ժողովոց
մէջ՝
մի
ի
նախագահից։
Արդէն
տեսանք,
որ
երբ
Ղեւոնդիոս
ձեռնադրեց
զԼուսաւորիչ
մեր՝
ուրիշ
բան
չպահանջեց,
բայց
զի
այնպիսի
ձեռնադրութեամբ
«Հաստատեալ
կայցէ
վկայութիւն
ի
մէջ
երկուց
կողմանցս.
զի
պարգեւաբաշխութիւն
նորոգեալ
քահանայապետութեանդ
ձերոյդ
նահանգիդ՝
առ
ի
մէնջ,
կայցէ
անշարժ՝
յեկեղեցւոջս
Կեսարու,
ուստի
եւ
հանդերձեցաւ
ձեզ
պատրաստութիւն
շինութեան՝
ձեռնադրութեամբ»։
Եթէ
ստոյգ
այսպէս
էր
բնագիրն
Ղեւոնդիոսի՝
շատ
նշանական
է
նորոգեալ
քահանայապետութիւն
ըսածն,
եւ
տայ
հաստատել
զկարծիս
մեր՝
թէ
ընդունի
եւ
Ս.
Ղեւոնդիոս՝
որ
առաջուց
այլ
եղած
է
քահանայապետութիւն
ի
Հայս,
եւ
որ
եւ
է
կերպով
խափանեալ
կամ
ընդհատեալ,
եւ
հիմայ
լուսաւորչութեամբ
Գրիգորի
եւ
ձեռնադրութեամբ
Ղեւոնդեայ՝
նորոգեալ:
Եւ
եթէ
եղած
էր
առաջ
այլ
քահանայապետութիւն՝
կըրնար
այլ
ուրիշ
կերպով
կամ
ուրիշ
աթոռէ
առած
ըլլալ
այն
հին
քահանայապետաց
Հայոց՝
իրենց
ձեռնադրութիւնն.
եւ
արդէն
տեսանք
որ
աշակերտք
Թադէոսի
կամ
յաջորդք՝
Փիլոտ
եւ
Եղիշէ՝
մէկն
յԱնտիոքայ
աթոռոյն
առաւ
զայն,
միւսն՝
Երուսաղեմէ։
Պէտք
է
յիշել
եւ
զայս,
զի
Հայոց
վիճակն
կամ
կացութիւնն
այս
ժամանակ՝
շատ
նշանաւոր
եւ
աննման
էր,
ընդարձակ
աշխարհ
մի
եւ
բազմամարդ,
իր
յատուկ
թագաւորի
իշխանութեան
տակ,
երբ
եւ
ոչ
մի
ազգ
այդպիսի
պսակաւոր
գլուխ
մի
ունէր,
կամ
առանձին
օրէնք,
սովորութիւն
եւ
լեզու,
անկախ
ի
հռովմէականէն,
եւ
ընդարձակ
ազատութեամբ,
ըստ
Դաշանց
Կոստանդիանոսի
եւ
Տրդատայ։
Եւ
այս
ամենայն
ցուցնեն
աննման
դիրք
մի
Հայոց
ազգին
եւ
եկեղեցւոյն,
եւ
ասոր
գլխոյն
գերագոյն
պատիւ
կամ՝
բարձրագոյն
աթոռ
մի
ի
մէջ
աթոռակցաց։
Եթէ
Գրիգորի
հեզ
եւ
խոնարհ
սիրտն
զայս
չէր
պահանջեր,
մեծ
հոգի
Տրդատայ
տէրն
առ
նա
եւ
երախտիքն՝
անշուշտ
զաւելին
այլ
կըրնար,
թէ
եւ
ոչ
ըստ
շաղփաղփութեան
անուանեալ
թղթոյն
Դաշանց։
—
Բայց
եկեղեցականաց
կարգերու
գլխաւորն
էր
եւ
է
սէրն
եւ
հոգին
Քրիստոսի,
որ
շատ
տաք
էր
այդ
դարերում,
որ
եւ
դարձեալ
նշանաւոր
նախախնամական
շնորհքով
սփռեցաւ
ի
Հայս,
Լուսաւորչի
արթուն
եւ
եռանդուն
հոգով
եւ
բանիւ։
Այս
բանս
էր
տեսակ
մի
միաբանութիւն
եկեղեցւոյս
Հայոց,
երբ
Լուսաւորիչ
իր
ընդարձակ
վիճակին
համար՝
ամեն
գլխաւոր
եկեղեցիներէ
իրեն
օգնականներ
հովիւներ
հրաւիրեց
եւ
հաւաքեց.
նախ
ի
Յունաց,
երբ
կու
դառնար
ի
Կեսարիոյ,
եւ
մինչեւ
յԱնտիոքայ
եւս,
ապա
եւ
յԱսորւոց՝
որք
սահմանակից
էին
հարաւային
նահանգաց
մեր
աշխարհին։
Այսպիսի
էին
նոյն
իսկ
պատմիչ
բանիս
Զենովբ
եպիսկոպոս
եւ
իր
եղբայրն
Եղիազար,
եւ
Դանիէլ՝
որ
եւ
եղաւ
գլխաւոր
աթոռակալ
մի
Լուսաւորչին։
Աղեքսանդրիոյ
մեծ
եկեղեցիէն
այլ
որսաց
բազմահմուտ
վարդապետ
մի,
Դկլարիոս
կամ
Դիմառիոս
կոչուած,
զոր
արքայաշուք
Դունայ
—
դաշտ
գաւառին
եպիսկոպոս
կարգեց.
Եփեսոսի
ինքնագլուխ
եկեղեցին
այլ՝
զՍուրտինոս։
Յիշուած
չէ
բայց
եւ
չէ
անհաւանական՝
թէ
Ս.
Նշխարաց
եւ
սպասուց
հետ՝
ի
Հռովմէ
այլ
բերած
ըլլայ
պաշտօնեաներ,
յորս՝
թէ
յոյն
լեզուաւ
եւ
թէ
լատին
պատարագողք
կային
այն
դարում,
եւ
այսպէս
իբրեւ
յերից
եւ
չորից
գըլխաւոր
աթոռոց՝
իր
նորածին
կամ
վերածին
եկեղեցւոյ
տարերք
խառնեց
միացուց,
եւ
ըրաւ
մի
մարմին
քրիստոնեայ,
թէ
եւ
տարբեր
լեզուօք
պաշտէին
զսուրբ
խորհուրդս,
ըստ
հասկացողութեան
բնակչաց
այլեւայլ
գաւառաց
աշխարհիս.
Բայց
յայտ
է՝
որ
յունականն
տիրէր
յարեւմտակողմն
եւ
ի
միջնաշխարհին,
ասորին՝
ի
հարաւակողման,
գլխաւորապէս
ի
Տարօն,
ուր
կանգնեցաւ
առաջին
մայր
եկեղեցին
ի
Յաշտիշատ,
եւ
մեծ
վանորայքն
Ս.
Կարապետի
եւ
Առաքելոցն
Պետրոսի
եւ
Պօղոսի,
յորս
դրուեցան
անոնց
նշխարքն
ի
Կեսարիոյ
եւ
ի
Հռովմէ
բերուած,
եւ
ուր
ասորերէն
պաշտօնն՝
հայերէն
դպրութեան
կամ
գրոց
գիւտէն
վերջ
այլ
դեռ
ատեն
մի
տեւեց։
Ոչ
միայն
գրերու,
այլ
եւ
Ս.
Գրոց
թարգմանութեան
պակասութիւնն
հարկաւորեց
զU.
Գրիգոր՝
որ
յոյն
եւ
ասորի
լեզուաց
դպրոցներ
եւ
շատ
դպրոցներ
եւ
գիտուն
վարպետներ
կարգէ,
այլ
եւ
Տրդատայ
օգնութեամբ
անոնց
պէտքը
լեցընէ։
Յայտ
է՝
որ
թէ
այդ
վարպետք
եւ
թ
է
եկեղեցւոյ
վարդապետք,
քահանայք
եւ
եպիսկոպոսունք,
կամ
հայագէտ
էին
կամ
յոյն
եւ
ասորի
լեզուաց
հմուտ
հայ
թարգմաններ
ունէին,
որով
եկեղեցւոյ
ամեն
վարդապետութիւնն
եւ
խորհուրդք՝
գլխաւորաւն
պատարագաւ՝
հասկանալի
կ՚ըլլային
հասարակաց.
եւ
գուցէ
այն
ատենէն
ոմանք
փորձեցին
ո՛ր
եւ
է
ձեւով
կամ
կերպով՝
հայերէն
կարդալու
գրելու
հնարք,
կամ՝
օտար
լեզուաց
տառերով
գրել
զհայերէնն.
վասն
զի
անկարելի
թուի՝
թէ
ամբողջ
դար
մի
ժամանակի,
ի
Լուսաւորչէն
մինչեւ
իր
թոռան
թոռն
թարգմանիչ
Ս.
Սահակ՝
մէկն
մտածած
չըլլայ
այդպիսի
բան
մի՝
ռամիկ
ժողովրդեան
հոգեւոր
օգտին
համար,
թող
զուսումնականն։
Եթէ
պակասութիւն
մը
եղած
է
յայսմ՝
այն
այլ
ուրիշ
կողմանէ
առաւելութիւն
մի
ցուցընէ,
այսինքն
է
յունարէն
լեզուի
բաւական
ծառայուած
ըլլալն
ի
Հայս՝
մեր
Արշակունի
Տիգրաններէն
ի
վեր,
նմանապէս
եւ
ասորերէնին՝
ի
հարաւային
Հայս։
Սրճատես
աչօք
ճանչնար
Լուսաւորիչ
մեր՝
որ
իր
ժողովրդեան
կրթութիւնն
տղայոց
դաստիարակութենէն
յուսալու
է.
անոր
համար
գրեթէ
ամեն
բանէ
առաջ
զայս
հոգաց,
եւ
ժողվեց,
ըստ
ճոխաբան
վկայութեան
Ագաթանգեղոսի
(ՃԻ),
«Բազմութիւն
մանկտւոյ,
կարգեալ
ի
վերայ
հաւատարիմ՝
դպրապետս,
առաւել
զազգս
պղծագործ
քրմացն…
Եւ
անդէն
յական
թօթափել՝
վայրենամիտքն
եւ
դատարկասունքն…
մարգարէագէտք
եւ
առաքելածանօթք
եւ
աւետարանաժառանգք
լինէին,
եւ
ամենայն
աւանդելոցն
Աստուծոյ՝
ոչ
իւիք
անտեղեակք»։
Այս
դպրապետաց
գերագոյն
մէկն
էր
վերոյիշեալ
Դկլառիոսն՝
Աղեքսանդրիոյ
հռչակաւոր
Պանտենեան
վարժարանէն,
զոր
հանդերձ
ընկերօքն՝
հրաշազան
պաշտօնեայս
անուանէ
Զենովբ,
մէկն
այլ
Տիմոթէոս՝
Սագդեն
կամ
Ադոն
քաղաքի
եպիսկոպոս,
զոր
գրով
խնդրեց
Լուսաւորիչն
ի
Ղեւոնդեայ,
ըսելով
«Զոր
դու
իսկ
գովէիր
զհմտութիւն
դպրութեանն,
որ
յոյժ
պիտանի
է
երկրիս
այսմիկ»։
Տիմոթէոսի
հետ
էր
եւ
սարկաւագն
Աքիկոս
կամ
Ազզիկոս,
որոյ
համար
այլ
կ՚ըսուէր,
թէ
յոյժ
հմուտ
(էր)
բազում
դպրութեանց»։
—
Այսպիսի
գիտնականաց
վարպետութիւնն
եւ
բնատուր՝
մանաւանդ
թէ
աստուածատուր
սրամտութիւն
եռանդուն
հայ
մանկտւոյն,
հոգեշունչ
խրախոյս
Լուսաւորչին
եւ
առատաբաշխութիւն
Տրդատայ,
անտարակոյս
կ՚ընեն
չափաւորապէս
Ագաթանգեղոսի
նախայիշեալ
վկայութիւնը։
Երկրորդ
հնարք
Լուսաւորչին՝
քրիստոնէական
հոգին
ժողովըրդեան
հոգւոյն
մէջ
ծաւալելու՝
եթէ
քարոզութեամբ
եւ
եթէ
վարուց
լուռ
օրինակաւ,
եղաւ
Վանական
կամ
կրօնաւորական
կեանք
հաստատել,
թէ
միաբանակեցաց
եւ
թէ
միայնակեցաց.
եւ
այսպիսի
կենաց
թէ
եւ
կային
հետք
ի
Հայս,
ինչպէս
առաջ
յիշած
եմք,
այլ
նուազ,
եւ
աւելի
ճգնաւորական
կերպով,
իւրաքանչիւր
ոք
ինքն
իր
հոգին,
քան
զուրիշը
հոգալով։
Ասոնցմէ
աւելի
բան
պահանջէր
նորադարձ
Հայոց
պէտքն,
զոր
նախատեսութեամբ
հոգաց
Գրիգոր՝
իր
ձեռնադրուելու
երթալու
ատենէն,
եւ
տեղէն.
ուսկից
որ՝
«Ելեալք
ի
Կեսարիայէ
(կ’ըսէ
Զենովբ),
մնայր
ժամանակս
ինչ
ի
Սեբաստիա՝
հաւաքել
առ
ինքն
զդասս
կրօնաւորաց»։
Ասոնց
գլխաւորքն
էին
մեր
եկեղեցւոյ
երկու
տօնելի
եւ
հռչակեալ
սուրբ
ճգնաւորք,
Անտոն
եւ
Կրօնիդէս,
զորս
ի
Կեսարիոյ
գողցաւ,
եւ
անոնց
աշակերտն
Եպիփան,
40
աշակերտներով.
ասոնք
տեղաւորեց
ի
Տարօն,
ուր
հեթանոսական
կրօնքն
շատ
արմատացեր
էր,
ի
Հնդկաց
յաղթեալ
Դեմետրի
եւ
Գիսանէի
հետեւողօք
եւ
յաջորդօք։
Ասոնց
քուրմքն
շատ
յամառեցան
զէնքով
եւ
պատերազմով
բայց
աւելի
ի
պաշտպանութիւն
իրենց
կռոց
քան
անձանց։
Իրենց
գլխաւոր
կռատանց
եւ
քրմարանաց
տեղիքն
Իննակնեան
եւ
Յաշտիշատ՝
եղան
կրօնաւորաց
այլ
գլխաւոր
վանորայք,
միանգամայն
եւ
վարժարանք
եւ
համալսարանք
իմն
հասարակաց
ազգին,
կամ
տնկարանք,
ուստի
այլեւայլ
կողմեր
պիտի
տարուէին
նորատունկք՝
կենաց
դրախտներ
բանալու։
«Բազում
եւ
անհամար
գունդս
վանականաց,
կ’ըսէ
Ագաթանգ.
(ՃԻԱ),
ի
շէնս
եւ
յանշէնս
դաշտականս,
շինակեացս
եւ
լեառնակեացս,
անձաւամուտս
եւ
արգելականս
հաստատէր»։
Թէպէտ
քիչ
մի
ճապաղ
են
պատմըչիս
խօսքն՝
այլ
յայտնէ
վերոյիշեալ
տեսակ
կրօնաւորաց
վիճակը
եւ
միայն
թէ
շինակեաց
ըսուածներն՝
որ
գեղ
եւ
մարդաբնակ
տեղ
եղող
վանականներ
նշանակէ,
ամփոփելու
է.
վասն
զի
աւելի
շինից
մօտ
քան
շինից
մէջ
տեղուանք
հաստատուէին
վանորայք.
եւ
զայս
յատկապէս
յիշեցուց
Ս.
Ղեւոնդիոս
իր
ձեռնադրած
հայրապետին
մերոյ,
գրելով.
«Մի
ոք
ի
դաստակերտս
կամ
ի
գիւղաքաղաքս՝
զօրէն
Աղեքսանդրացւոց
(Եգիպտացւոց)
գործեսցէ,
շինելով
իւրաքանչիւր
ումեք
խրճիթս՝
զտէրունեան
տաճարաւն
եւ
առանձինն
բնակել.
այլ
ժողովեսցես
ի
մի
տեղ
հարիւր
(կամ՝
400)
արանց
չափ,
եւ
որոշեսցես
նոցա
գեօղս
եւ
աւանս
մեծամեծս.
որպէս
զի
պէտք
վանացն
ի
նոցանէ
վճարեսցի.
եւ
ինքեանք
միայն
աղօթից
եւ
ճգնութեանց
պարապեսցին
[6]
»։
Թէ
եւ
ժողովրդեան
հետ
շատ
վերաբերութիւն
չունէին
այս
տեսակ
կրօնաւորք,
բայց
ժողովուրդն
անոնց
աղօթքն
եւ
ճգնութիւնը
մեծ
օգուտ
համարէր.
Տրդատ
այլ՝
ըստ
խրատու
Կեսարիոյ
հայրապետին՝
անոնց
գեղեր,
աւաններ
uահմանէր,
իրենց
ապրուստը
ճարելու՝
անոնց
բնակչաց
տուրքերով։
Լուսաւորչին
այլ
սիրելի
էր
ասոնց
կեանքը
եւ
շատ
հեղ
փախուստ
տալով
յարքունեաց
եւ
ի
հայրապետանոցէն,
«Առեալ՝
զոմանս
ոմանս
յաշակերտացն՝
յիւրաքանչիւր
մենաստանաց,
երթեալ
լեառնակեաց
մենակեաց
սորամուտ
ծակախիթ
եղեալ…
աւուրս
բազումս
յանապատ
տեղիսն,
յակունս
Եփրատական
գետոյն…
բնակեալ
լինէր
[7]
»։
Այս
վանորէից
գլխաւոր
տեսուչ
դրաւ
Լուսաւորիչ,
ինչպէս
յիշեցինք,
զԴանիէլ
ասորին,
որ
յետ
շատ
տարիներու՝
Տրդատայ
անարժան
թոռան
Տիրանայ
կըրից
զոհ
եղաւ։
—
Որչափ
այլ
առանձնակեաց
վանականք
ժողովըրդեան
հասարակ
հոգցող
չէին՝
ըսինք,
սակայն
անոնց
յանձնուած
էր
ճամբորդները,
պանդուխտները,
կարօտները
հոգալու.
ասոր
համար
յետոյ
Մեծն
Ներսէս
աւելի
շատցուց
այսպիսի
վանքեր,
մանաւանդ
դժուար
եւ
վտանգաւոր
ճամբաներու
քովերը,
աւելցընելով
նա
եւ
անոնց
ապրուստը։
[1]
Ինչպէս
ընդունին
հիմայ
Հէֆէլէ,
Ա,
187.
–
Լը
Պոյ
Ա,
166.
–
Պրոկլի
Ա,
292.
—
Դիյլըմոն,
Դ,
165։
[2]
Հակառակ
հասարակաց
աւանդութեան
մեր
պատմչաց,
Ուխտանէս
(Ա
-
ՀԳ.
)
ոչ
զՍեղբեստրոս՝
այլ
զԵւսեբիոս
պապն
յիշէ,
որ
հազիւ
երեւցեր
է
քահանայապետութեան
գահուն
վրայ
եւ
այն
յամին
311,
հալածանաց
սաստկութեան
ատեն,
թէպէտ
կան
որք
աւելի
վերջը
դնեն
զնա,
բայց
չի
յարմարիր,
վասն
զի
Սեղբեստրոսի
նախորդ
եղած
է
Միլտիադէս,
յետ
դադարման
հալածանաց։
[3]
Հարկ
է
թէ
ի
բնագրին
Հռովմայեցւոց
էր.
թարգմանիչն
իր
ժամանակի
ոճով
ֆրանգ
գրեր
է։
[4]
Ս.
Գր.
Նազիանզացի
այլ
առաջին
եպիսկոպոս
Կեսարիոյ
համարի
զհարիւրապետն,
զոր
Պրիմիանոս
անուանէ։
[5]
Վերոյիշեալ
կաթողիկոսն
Ներսէս
Գ,
մեծացուցանելով
իմն
նախակարգ
խառնիխուռն
զԹէոփիլոս
եպիսկոպոսապետս,
«Գլխաւոր
առաջնորդաց
եկեղեցւոյ՝
ի
քաջէն
Թէոփիլոսէ`
ի
մեծ
հայրապետէն
սկսեալ,
արուեստաւոր
քաղաքացն
Եգիպտացւոց
եւ
Աղեքսանդրացւոց
եւ
Հռովմայեցւոց
եւ
Կոստանդնուպօլսեցւոց,
Անտիոքացւոց
եւ
Կեսարացւոց
եւ
Աթենացւոց
եւ
Կիւլիկեցւոց»
եւ
այլն։