Քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի ՀԱՆԴԷՍ
ՊԱՐԳԵՒԱԲԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒՀԵԱՑ
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԱՌ ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ՕՐԻՈՐԴՍ

ԵՐԳ

Շատ դարերու ցաւերով
Տրտում, տըխուր, ողբական,
Ի գերեզմանս նստելով՝
Արցունք թափէ Հայաստան.
Ո՜ կոյսք, փունջ մի քաղեցէ՛ք,
Եկէ՛ք իրեն մօտեցէ՛ք։

Եւ պար առեալ վայելուչ,
Ո՜վ դուք ժըպիտք հայ յուսոյ,
Երգեցէ՛ք յերգ սրտառուչ,
Ըզդարձ բախտին եւ լուսոյ,
Ո՜ կոյսք, փունջ մի քաղեցէ՛ք,
Եկէ՛ք իրեն մօտեցէ՛ք։

Փունջ մ՚ալ անգին իմաստից
Եւ գիտութեանց ծաղկաւէտ,
Պարկեշտագեղ բարոյից
Որով պարծի նա յաւէտ.
Ո՜ կոյսք, փունջ մի քաղեցէ՛ք,
Եւ զայն իրեն մատուցէ՛ք։

Հրաւէր տըւէ՛ք սըրտաթունդ,
Ու քաջալանջ պատանիք
Թող սըլանան գունդագունդ
Հոն, ուր կոչեն հայրենիք.
Ո՜ կոյսք, փունջ մի քաղեցէ՛ք,
Նոցա ճակտին մատուցէ՛ք։

Ճարտար մատամք ձեր յորդոր
Գեղեցկահիւս բանուածով,
Դուք հայ փառաց սըգաւոր
Յօրինեցէք թագ շուտով,
Ո՜ կոյսք, իրեն մօտեցէ՛ք,
Ու զայն իւր գլուխը դըրէ՛ք։

Դադրին նըւագք ողբերգու,
Սրբէ արցունքն Հայաստան,
Զի յոյս զըւարթ օրերու
Աղջկունք հայոց իրեն տան.
Ո՜ կոյսք, իրեն մօտեցէ՛ք,
Ու թագն իւր գլուխը դըրէք։

***

Անկաւ Սաւուղ քաջամարտիկ,
Լուծան վըրեժք մեր համբուն.
Փափկիկ դստերք փըղըշտացիք,
Ելէ՛ք ի պար զըւարթուն։

Կոյս գեղեցիկ, քո տարփելին
Դարձցի ազատ ի մարտէն.
Բեկաւ սուսեր ծանր գոռոզին՝
Առոյգ կենաց մահազէն։

Ցնծասցեն դաշտք արիւնոռոգ,
Ոտից քաջին առաթուր.
Գեղածիծաղ պըճնին նորոգ,
Շիջաւ մարտից լափող հուր։