1.
(«Գարնանային
կենացս
մէջ»)
Գարնանային
կենացս
մէջ
Սիրոյ
ծաղկունք
մինչ
փըթթէին՝
Սիրտըս
վառուած
սիրովն
անշէջ
Առաքինւոյն
եւ
գեղեցկին,
Մահագուշակ
խորշակն
անդէն
Հասաւ
տիրեց
սրտիս
բոլոր,
Թառամեցան
ծաղկունք
ամէն
Ծըլած
սրտիս
մէջ
նոր:
Այն,
որ
տըւաւ
երկրիս
գարուն,
Ծաղկունք,
մարգերն
ալ
զարդ
նորին
Եւ
մարդկային
վեհ
սրտերուն
Ուսոյց
սիրել
գեղն
ու
բարին,
Ինչո՞ւ
արդեօք
Կ՚ընէ
ծաղկունք
դեռափըթիթ,
Ինչո՞ւ
արդեօք
Նա
սիրահար
Սըրտերն
զեղու
միշտ:
Ահա
կ՚իջնեմ,
ո՜հ,
ես
այժմէն
Առջեւս
բացուած
գերեզման
խոր,
Բայց
սա
տըխուր
տեսարանէն
Ի՜նչ
կայ
արդեօք
հաճոյք
մ՚Անոր:
<1864>