5.
ՍԻՐԵՑԷ՛Ք
Զ՚ՄԻՄԵԱՆՍ
Վարդակարմիր
Գողգոթային
վեհ
փալփըլող,
սիրոյ
անշէ՛ջ
ճառագայթ,
Դեռ
կը
սպասե՞ս
թափել
սրտից
քու
սըլաք.
Զ՚ո՞վ
կը
հըսկես,
վիհ
եւ
անդո՞ւնդ,
թէ
կմախք.
Ո՞ր
սեւ
մէջ
մարեցաւ
այն
բեկբեկ
Բարբառն
վըսեմ,
թէ
«ըզմիմեանս
սիրեցէ՛ք»:
Ծածկէ
ամպով
կարմիր
կողերդ ,
Գողգոթա՛,
Եւ
թող
խայտան
ցաւոտ
սեւ
Յուդա…:
Ժանգոտ
ու
գուլ
թուրերն
առին
կարմիր
փայլ,
Նոր
կրօնին
հետ
արեան
հեղեղն
առաւ
քայլ…
Թնդանօթին
առջի
բոմբիւնն
խեղդեց
սէգ
Զհագագըն
քաղցր,
թէ
«ըզմիմեանս
սիրեցէ՛ք»:
Մարդազոհով
Վատիկանի
մըխացին
Ծխնելոյզքը,
կամարքը
«փա՜ռք»
գոռացին,
Փոխ֊Քրիստոսք
խաչն
ըրին
դաստակ
կացինի՝
Սեւ
մը
ատելութեան
արիւնի.
Դարուց
մոխրէն
կամ
ամպերէն
յուսայ
հէք
լըսել,
թէ
«ըզմիմեանս
սիրեցէ՛ք»:
Տնանկին
դամբանը
կ՚անհետի
ոտնակոխ,
մէջ
մարի
առկայծ
կանթեղն
հող,
Այն
մութին
մէջ
նօթի
տըղեկք
կը
հեծեն,
Դղեակըն
խրախ
մինչեւ
լոյս
ջահք
կը
հիւծեն,
Հարուստին
կառք
ժխորով
կ՚անցնի
սըրարշաւ,
Հէքին
դագաղն
իր
գերեզման
լուռ
իջաւ…:
Գեթսեմանին
իջնող
հրեշտակն
,
Որ
գեղ,
ծաղիկ,
արցունք
ու
փառք
չը
՝
ցուրտ
գոգն
աղքատը
կ՚ըսփոփի,
Ճոխն
ու
տընանկ
մէջ
կ՚ըլլան
մի.
թէ
մըռնչեն
մրըրիկներ
Թէ
«սիրեցէ՛ք
զ՚իրար
»,
հէքն
հոս
չեն
սիրեր:
1869