17.
ՀԾԾԻՒՆՔ
Երբոր
վարդի
փունջք
հայեցի՝
Ծըլան
տժգոյն
ճակտիդ
վերեւ,
Խոնարհեցիր
աչերդ
արեւ,
Քեզ
այն
օրէն
ես
սիրեցի:
Թերթեր
յուզող
մը
պէս՝
Թըռար
սրտիս
ծալքերն
թօթուել,
Քընարի
մը
կըրակէ
թել՝
Քեզ
ձըգեցիր
դու
աղիքէս:
կը
փախչիս
ինձմէ
սիւքի
Պէս,
շուքըդ
տաս
լոկ
քընարիս,
Գիսաստղի
պէս
կ՚նազիս՝
Հովին
տըւած
մազերդ
ոսկի:
Երբ
աստղալոյց
գիշեր
է
զով,
Շրջագայիս
Պաղլար֊Պաշի,
Գիտե՞ս
թէ
սիրտս
ո՜րչափ
մաշի՝
Շրջազգեստիդ
լոկ
շրշիւնով:
Գայ
սիւքն
ազատ
քեզ
այցելու,
Նային
քեզի
ազատ,
Ըստուերին
մէջ
մինակ
ու
զատ՝
Ես
կը
քեզ
մօտելու:
Ո՜հ,
թող
երթա՛յ
սիւքն
իր
ծաղկոց,
Նայի՛ն
աստեղք
թող
յ՚Ովկեան,
Եւ
թող
մէկ
մ՚ե՛ս
ալ
թալկանա՛մ
Քու
նայուածքիդ
մէջ
կրակուբոց:
Մահիկն
երբոր
շառագունած՝
Իջնէ
լեռնէն
ի
հորիզոն,
Ալ
,
չ՚ես
շրջիր
հոն՝
Կազին,
հովին,
աստղին
դիմաց:
Գերեզմաննոցին
ցուրտ
ծառեր
Կը
փըսփըսան
մեռելոց
հետ,
Շրջազգեստիդ
շրշիւնին
գէթ
Ինձ
արձագանք
մահահրաւէր:
Նըւաղած
են
լոյս
ու
ժըխոր,
Դադրած
շրշիւնք
կանանց՝
անմռունչ
Արդ
կը
թաղուին
համբոյր ,
մրմունջ՝
Աստեղազարդ
անդունդին
խոր:
Շրջազգեստիդ
խշրտուքն
յար
Կը
փըսփըսայ
դեռ
ականջիս,
Հեծկլտալով
իջնէ
հոգիս
անդունդ
մ՚ի
վար…:
1871