23.
ԹՐՔՈՒՀԻՆ
Երեկոյ
է.
բոցավառ
է
հորիզոն.
Կառք
մը
կ՚անցնի
դագաղի
պէս
յամրընթաց,
Գեղուհի
մը
ընկողմանած
տրոփէ
հոն,
Վերջալոյսի
աղջի՞կ
մ՚է
սա,
ո՛վ
Աստուած.
Եթէ
նայի՛,
Կ՚ըսես
—
հի՛մա
կը
մարի»:
Մեղրամոմէ
անդրիանդի
մ՚է
հանգոյն.
Ի՜նչ
…
կարծես
հաջաղը
վառէ
Պատան
նուրբ
ներա
վարդիցը
դժգոյն.
Աստուած
ըզնէ
զոյգ
մ՚աչերովն
կը
վառէ.
Եթէ
ժպտի՛ ,
Կ՚ըսես
—
,
հի՛մա
կ՚անցնի»:
Նայիլ
կ՚ուզէ,
բայց
ա՛ւելի
կ՚նըւաղի,
Սիրտը
խունկի
պէս
կը
մըխա՜յ
սիրավառ,
Նէ
շողերու,
բոյրերու
է
թագուհի,
Խոնջ
թիթեռնիկ
մ՚որ
կը
խնդրէ
ծաղկէ
թառ.
Եթէ
շարժի՛,
Կ՚ըսես
—
հի՛մա
կը
թռչի»:
Լանջն
է
յուզեալ
Ովկեանի
մը
նըման.
Կ՚ուզէ
սիրե՜լ
…
համբոյրի
մ՚հետ
նըւաղիլ,
Մաշիլ,
խամրիլ,
խոնջած
ընկնիլ
գերեզման,
Քամել
սիրոյ
բաժկին
հուսկ
կաթիլ.
Եթէ
շիկնի՛,
Կ՚ըսես
—
հի՛մա
կը
բռընկի»:
Սրտի
մեղո՜ւ,
ինչպէս
կոչեց
Լամարթին,
Որուն
ծաղիկը՝
սիրտ,
մեղրն
է
սէր,
Ես
կոչեմ
,
որուն
սիրտն
է
երկին
Անհուն
սիրոյ,
որ
հորիզոն
չ՚ունի
դեռ.
Եթէ
խօսի՛,
Կ՚ըսես
—
հի՛մա
կը
հատնի»:
Նէ
կը
վառի,
մի՜շտ
կը
վառի,
չը
հատնիր
կընոջ
տաճարն
վառած
ճրագին
պէս,
Աստղերու
գիշեր
սիրէ՝
.
Կրակ
մ՚է
փրթած
կողէն
սիրոյ
բոցագէս…
Թէ
իսկ
մեռնի՛,
Կ՚ըսես
—
կը
ծընի»:
1871