ՆԱԽԱԲԱՆ.
ԱՌ
ԸՆԹԵՐՑՈՂՍ
Բարեկամ
ժողովուրդ
Հայոց,
Ձեզ
կը
նուիրե
դուզնաքեայ
երկասիրութիւնս,
որոյ
մակագիրն
է
ԴՐԱԽՏԻ
ԸՆՏԱՆԻՔ։
Այս
անուն
քաղցր
ու
ժողովրդական
է.
թերեւս
զարմանք
եւ
մեղադրէք
զիս,
զի
գրքիս
առարկաներն
առաւել
աշխարհիս
առարկայից
վերայ
են
քան
թէ
երկնից
արքայութեան։
Զիս
պիտի
դատէ՞ք
արդեօք,
երբ
Եկեղեցւոյ
վարդապետ,
Աւետարանի
աշակերտ,
կենաց
Հացին
տնտես,
թողու
իւր
բարձրագոյն
պաշտօն,
Պօղոսի
քարոզած
երկնից
անճառ
դրախտը,
եւ
երկրի
ընտանեկան
դրախտի
համառ
ճառէ։
Ճշմարիտ
կը
լինէր
քո
այդ
դատաստան,
եթէ
երկնից
դրախտ
մոռնայի,
ու
չը
կապէի
զայն
երկրիս
դրախտի
հետը,
որ
իսկապէս
երկնից
դրախտին
հիմն
է։
Ես
Եկեղեցւոյ
համար
կը
խօսիմ,
որ
Քրիստոսի
տնկաց
դրախտն
է,
եւ
նորա
սուրբ
ընտանիքն
են
Նոր
Եկեղեցւոյ
զաւակները։
Ահաւասիկ
այդ
նոր
Դրախտի
ընտանեաց
համար
է
դոյզն
վաստակս,
յոր
տքնեցայ,
որպէս
զի
Դրախտի
ընտանեաց
կեանք
բարւոքի։
Գիտնալ
ու
հաւատալ
պէտք
է,
որ
աշխարհիս
ընտանեկան
դրախտին
մեղապարտ
եւ
անհնազանդ
զաւակներն`
երկնից
դրախտը
կարող
չեն
ժառանգել։
Ուստի
այս
ընտանեկան
կեանքի
սեղանին
վրայ
ես
միայն
սոսկ
հաց
չպատրաստեցի,
եւ
թէ
պատրաստէի
եւս`
Յիսուս
հրաման
կուտար,
ինչպէս
տուաւ
իւր
աշակերտաց,
երբ
անապատի
մէջ
ժողովուրդ
քաղցած
հաց
կը
խնդրէր`
ասաց
Յիսուս
«Դուք
տուք
դոցա
ուտել»։
Աստի
յայտ
է
թէ,
կենաց
բանին
հետը
մերթ
եւս
ժողովուրդին
հաց
մատակարարել.
Աւետարանին
հակառակ
տնտեսութիւն
չէ։
Ժողովուրդ
Հայոց,
քեզ
համար
նկարեցի
Դրախտի
ընտանիքը.
կ»աղաչեմ,
որ
իբրեւ
հայելի
դնես
աչքիդ
հանդէպ,
հայիս
ու
տեսնաս
հիւանդ
եւ
հիւծեալ
կերպարանքդ։
Կարկի
բերանս,
թէ
չարագուշակ
լինիմ
քեզ
համար,
մահդ
ինքնին
կը
կոչես,
ու
պիտի
մեռնիս,
եթէ
չվաղվաղես
դարման
տանել
այդ
համաճարակ
ու
մաշող
մահաբեր
ախտիդ.
որ
թէ
կանուխ
թէ
անագան
զքեզ
դէպի
թշուառութեան
գերեզման
կը
տանի։
Կը
խոժոռիս
թերեւս
երբ
խիստ
կը
խօսիմ
եւ
խստութեամբ
կը
դատեմ
զքեզ,
եւ
միթէ
կը
կարծե՞ս
թէ
ես
միայն
եմ
եւ
դու
ինքնին
զքեզ
չե՜ս
դատեր։
Հապա
ի՞նչ
է
այն,
որ
զօրհանապազ
տրտունջ
կը
բառնաս,
կ»աղաղակես,
թէ
ահաւասիկ
կը
կորնչիմք։
Հրէամիտ
մի
լինիր,
զայլ
ոք
պատճառ
մի
դներ,
ո՛չ,
ոք
զքեզ
կը
կորուսանէ.
կորուստ
քո
ի
քէն
է,
քո
տնէն
է,
եւ
քո
ընտանիքէն։
Ուրեմն
եթէ
ստոյգ
է
եւ
կ»զգաս
դու
թէ
կը
կորնչիս
եւ
թէ
թշուառութեան
օրերը
մօտալուտ
են,
պիտի
հասնին
քեզ,
եւ
դու
ամէն
օր
աչքիդ
առաջ
կը
տեսնաս
անկեալ
ընտանեաց
վշտագին
տառապանքն։
Այո՛,
կը
տեսնաս
եւ
տակաւին
չես
խելաբերիր.
թողեր
ես
զքեզ
վարեն
ու
տանին,
եւ
ո՞ւր,
դու
գիտե՞ս.
ես
կանխաւ
ասացի
քեզ,
թէ
ուր
կը
տանին։
Յո՜ւշ,
յո՜ւշ,
յետս
դարձիր.
թող
տուր,
մահ
է,
մի
հպիր,
ձեռներդ
թօթափէ
այդ
զեղծմանց
փոշիներէն.
ընտանեկան
սրահիդ
սեմոց
վրայ
այս
առած
գրէ
ԾԱՆԻՐ
ԶՔԵԶ։
Այդ
իմաստուն
առածը
մի՛
մոռնար,
կարդա՛,
միշտ,
չափ
ու
սահման
դիր
տնտեսական
կառավարութեանդ,
հացդ
չափով
կեր,
ջուրդ
չափով
խմէ,
հանդերձդ
չափով
հագիր.
թող
Հայոց
տիկնայք
քառասուն
կանգուն
հազար
թերթիկ
շրջազգեստը
տասն
կանգունի
փոխեն,
որ
բաւ
եւ
շատ
է
այնչափ
մարդոյ
հասակի
վայելչութեան.
զոր
Արարիչը
չափով
ստեղծեր
է։
Թող
այր
մարդիկ
իրենց
սպրպիկ
նեղ
ձեւ
հանդերձը
փոքր
ինչ
ընդլայնեն,
որ
անձկութենէն
չպատռի։
Թող
չափ
դնեն
դարձեալ
ընտանեկան
այն
ամէն
պէտքերուն.
գիտնալով
թէ
պէտքերն
անսպառ
են,
զորս
օր
ըստ
օրէ
կը
հնարէ
Եւրոպիոյ
ձեռարուեստ
հանճարը,
եւ
մարդոյն
ցանկութիւն
եւ
հաճոյքը
անհուն
անսահման
են,
եթէ
չափ
չի
դնենք`
մարդ
մի
անգէտ
մանուկ
է,
կը
վազէ
միշտ
դէպի
սիրուն
խաղալիքները։
Ուրեմն
պէտք
է
խոհական
ու
կատարեալ
մարդ
լինինք.
սանձ
դնենք
մեր
մանկամտութեան.
փորձառութեամբ
եւ
մեծամեծ
տուժերով
տեսանք
եւ
կը
տեսնամք
մեր
ընտանեկան
բիւրաւոր
աղէտները
թէ
նիւթապէս
եւ
թէ
բարոյապէս։
Ժամ
հասաւ,
խոստովանիմ
քեզ.
ով
ազգ
Հայոց,
չորս
տարուան
Պատրիարքութեանս
շրջանին
մէջ,
քո
ընտանեկան
բազմապատիկ
աղէտները
ես
ինքնին
տեսայ.
եւ
այդ
աղէտներուն
մէջ`
առաւել
աղէտաւոր
էին
ամուսնական
խնդիրները.
որք
թէ
ո՞րչափ
եւ
քանիպատիկ
ծանրալուր
են.
ես
կը
ծածկեմ
այդ
թուանշանը
եւ
խնդրոց
պատմութիւնը
չեմ
յայտներ
քեզ։
Եթէ
կը
դժուարիս
հաւատալ`
ինձ
վկայ
եւ
ապացոյց
կը
կոչեմ
աստ
Պատրիարքարանի
Դատաստանական
խորհրդոց
արձանագիրը։
Սակայն
մեր
ընտանկան
զեղծմունքներու
բովանդակ
ցանկը
պէտք
չէ
որ
միայն
այդ
արձանագրէն
կշռենք,
վասնզի
մեր
այս
աւուր
իւրաքանչիւրին
ընտանեկան
կեանքը
կենդանի
արձանագրութիւն
է.
մարդ
որ
աչք
ունի`
կարող
է
զայն
կարդալ
առտնին
եւ
հրապարակաց
մէջ.
ուր
ցուցամոլ
շռայլութիւն
կը
շրջի
նազելով
իբրեւ
Անգլիացի
լորտ
եւ
թագուհի,
կարծելով
թէ
իւր
հարստութիւն`
Անգղիոյ
անսպառ
ոսկին
է։
Ո՛չ,
ո՛չ։
Այնպէս
մի՛
կարծէք,
ո՛վ
Հայոց
ընտանիք,
ճանչցէք
Ձեր
չափն
ու
վիճակը
դուք
շատ
աղքատ
էք
ոսկւով
ու
մտքով.
աղքատ
էք
դաստիարակութեամբ
եւ
ազատութեամբ.
աղքատ
էք
գործունեայ
աշխատասիրութեամբ.
աղքատ
էք
արուեստական
հանճարով.
աղքատ
էք
իմաստուն
տնտեսագիտութեամբ։
Առանց
մտաւոր
եւ
նիւթական
հարստութեան`
դու
միթէ
արժանի
կը
համարի՞ս
զքեզ
նոյն
Եւրոպական
ժողովրդոց
ճոխ
կեանքը
վայելել։
Ծանի՛ր,
այդ
կեանքը,
ա՛յդ
յառաջդիմութիւնը`
ճակատի
անխոնջ
քրտինքով
բազմակերպ
արեան
զոհերով,
հարիւրաւոր
տարիներու
մէջ
հազիւ
հազ
կազմուած
է,
եւ
դու
դեռ
երէկ
սկսեցիր
նոր
երախայի
պէս
քերական
կարդալ.
կը
կարծես
ու
կը
հաւատա՞ս
թէ
ուսեալ
եւ
քաղաքակիրթ
Եւրոպացի
դարձար։
Ես
կը
գովեմ
քո
եռանդը,
որ
կը
ձգտիս
դէպի
յառաջդիմութիւն
եւ
քաղաքակրթութիւն,
միայն
թէ
սխալ
ըմբռնած
ես,
որպէս
թէ
զեղխութիւն,
զեղծմունք.
նորասիրութեան
բուռն
տենչանքը,
ճշմարիտ
քաղաքակրթութեան
նմանողութիւն
է։
Այդ
նոյնիսկ
քաղաքակիրթ
ժողովրդոց
մէջ
սինլքոր
մասին
կարծիքն
է
եւ
վարք։
Դու
ազնիւ
եղիր
ու
ազնիւ
ժողովրդոց
բարի
ու
պարկեշտ
օրինակին
հետեւի՛ր.
որոց
ամենայն
ինչ
կշռով
ու
չափով
է.
որոց
ընտանեկան
կծանքին
լոյս
եւ
առաջնորդ
ուսումն,
դաստիարակութիւն
եւ
տնտեսութիւնն
է։
Քաղաքակիրթ
ժողովուրդ
այս
երեք
բառերով
կը
վարէ
իւր
ընտանեկան
կծանք,
այս
երեք
բառերն
են,
որով
նոքա
բարեբաստիկ
եւ
երջանիկ
կ»ապրին
աշխարհիս
վրայ,
վասնզի
ուսան
լուսով
հաց
կը
գտնեն,
դաստիարակութեամբ
հոգին
եւ
սիրտ
կրթելով
բարի
ընտանիք
կը
կազմեն,
իսկ
տնտեսութեամբ
հացին
սեղան
եւ
այլ
կեանքի
պիտոյքները
չափով
ու
կշռով
կը
մատակարարեն
միշտ
հոգալով
ապագայի
անստոյգ
օրերն.
որ
անշուշտ
կը
պատրաստեն
մարդոյն
համար
կամ
երջանիկ
բախտ
կամ
թշուառ
կեանք։
Բայց
մարդ
իւր
ներկային
մէջ
կամ
զգաստութեամբ
կամ
ապշութեամբ
իւր
ապագայ
օրերն
ինքնին
ձեռօք
կը
պատրաստէ.
զի
ներկան
ապագային
հիմն
է
եւ
ապագան
ներկային
յաջորդութիւն
եւ
շէնք։
Բովանդակենք
մեր
յորդորական
ճառը,
ով
դուք
ընտանիք
Հայոց,
ուղղեցէ՛ք
ձեր
ներկան,
որ
ապագան
ուղիղ
լինի.
տնտեսցէ՛ք
ձեր
ներկան,
որ
ապագային
հարցը
չպակսի։
Մի
մոռնաք
վերոյիշեալ
երեք
պայմանները
որ
մեր
թշուառ
կեանքը
կը
բարւոքեն.
եւ
այս
է`
լուսով
հաց
գտէք,
դաստիարակութեամբ
բարի
ընտանիք
կազմեցէք.
իսկ
իմաստուն
տնտեսութեամբ
հոգացէք
միանգամայն
ձեր
ներկան
եւ
ապագան։