Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Թ. ԿՈՉՈՒՄՆ ՀԱՐՍԻՆ ԵՒ ՓԵՍԱՅԻՆ
       Այս կոչումն սուրբ եւ նուիրական է։ Արարչին տիրական օրէնքն է, Դրախտի օրհնութեան ձայնն է, երկու զուգակցաց միութեան հրաման եւ հրաւէրն է, որով զհարսն ի մայրութիւնը կը կոչէ, փեսայն ի հայրութիւն։
       Երկու պսակաւոր այս գորովալի եւ խորհրդական բարձր անունները նոր կ»ստանան, եւ տիրապէս այն օրէն` երբ իրենց անդրանիկ զաւակը աշխարհի կ»ընծայեն։ Շատ յարմար է թէ որ ըսենք, թէ այդ անդրանկածին պտուղն է իւր ծնողաց կնքահայր եւ անուանադիրը, որո առաջին սիրաշարժ բարբառը` հայր եւ մայրն է։ Չկան աշխարհիս վերայ այլ անուանք, կամ զանազան վայելուչ եւ փառաւոր տիտղոսները որ հաւասարին եւ համեմատին սոյն սքանչելի անուանց հետը։ Թագաւոր, կայսր իշխան, ժողովուրդ, ազգ եւն. այս մեծափառ անուանք իրենց բարձրանշան տիտղոսներով հանդերձ, ած ու նուաստ են` հայր եւ մայր սիրելի ու պատկառելի կոչման առաջ։ Քանզի հայր ու մայր անուանքը` նախասկիզբն արմատ են այլ ամէնէն անուանց, թագաւոր, իշխան, ժողովուրդ, ազգ. հայր ու մայր փարելի անուանց ծնողական շառաւիղներն են. որ նոյն միացեալ արմատէն եւ երկճըղի բնէն կը բուսնին եւ կը սփռեն աշխարհիս վերայ։
       Տես դու, թէ քանի՞ յատկանիշ եւ խորհրդական նշանակութիւն ունին այդ աշխարհանազ անուանք. սէր, ծնունդ, կեանք, գորով, գգուանք, գութ, որդեսիրութիւն, խնամք, եւայլն։ Երկու նորապսակ ամուսինք մինչ երբեմն իբրեւ զաւակ եւ սոսկ իրենց մկրտութեան անունով միայն կը կոչուէին. իսկ այժմ այդ անուանց վերայ կը յաւելուն նաեւ հայր եւ մայր կոչումն, զաւակ ծնանելով նոցա` ընկերութեան կեանքին մէջ բարձրանայ իրենց կոչումն եւ կը միանայ երկնաւոր Հօր հետը, որ տիեզերաց հայր եւ հեղինակն է, եւ որ զԱդամ հայր, եւ զԵւան մայր իբրեւ նախածնողք մարդկութեան կանուխ ծնաւ Դրախտի մէջ իւր նորաստեղծեալ արարչութեամբ։
       Ո՜վ, ի՞նչ զարմանալի է. Երկինք ու Երկիրը ի միասին կը մշակեն ամուսնական եւ խորհրդական դրախտն։ Երկնից հայր երկնքէն կ»օրհնէ. սոքա երկրիս վերայ զաւակ կը ծնանին ու կ»աճին. այլ չը գիտեն թէ ո՞րպէս։ Լուռ լեր, բնագէտ, դու եւս չը գիտես այն խոր ու անյայտ օրէնեքները, թէ ի՞նչպէս մանու իւր մօր յարգանդը կը նկարի ի մարդ եւ ո՞ր ձեռքն է, որ այդ չքնաղ պատկերը անհուն ձեւերու տիպով կը նկարէ։ Ամենայն ինչ բնական է, բնական օրէնքով է կ»ասես, ու կը վճռես. որպէս թէ` այդ օրէնքները հրաշք չեն մեր տգիտութեան առաջ. կամ թէ այդ յաւիտենական օէնքներուն վարիչ չիկայ, օրէնք ինքն կը հրաշագործէ։ Ո՛չ, այդպէս չէ, դու եւս խոնարհիր հպարտացող գիտութենէն, եւ մեզ հետ խոստովանիր ու հաւատա միայն Երկնից Հօր ձեռքն է, որ մանուկներու փոքրիկ հասակները ի վեր կը քարշէ. Երկրի ծնողք կաթն ու հաց կուտան. Երկնից Հայր բանաւորութեան լոյս եւ հանճարը. սոքա ձեռագործ ու շինովի հանդերձ կը պատրաստեն. իսկ նա բնական գեղով զարմանազան կը զարդարէ, սոքա մեծ աշխատութեամբ ուսումն եւ գիտութիւն կ»աւանդեն, եւ նա մանկան փափուկ ուղեղի մէջ խելքն ու հանճարը կը զետեղէ։
       Ահա այսպէս երկինք եւ երկիր միանալով մշտապէս կ»արարչագործեն մարդկութեան յարատեւող կեանքը. եթէ պահ մի դադրին դրախտի ընտանեաց մէջ այս արարչագործող եւ մշակող ձեռք` կեանքը կը մեռնի ու կը սպառի մարդն աշխարհէս։
       Այսչափ մեծ եւ այսչափ բարձր է հարսին ու փեսային մայրութեան եւ հայրութեան կոչումն։ Երանի՜ թէ մտախոհ լինելով ճանչնային թէ յո՞ր կոչումն նուիրուած են, եւ թէ ի՞նչ նպատակ ունի մարդոյն ամուսնութեան կեանքը։ Շատ ծանծաղամիտ ու կարճամիտ են նոքա, որ կը կարծեն թէ ամուսնութիւնը սոսկ մարմնոյ հաճոյք է, կամ խաղ ու զբօսանք եւ աշխարհիս շահավաճառութեան մէկ հաճոյական ձեւը. եւ կամ թէ բնաւ պէտք չիկայ հայր եւ մայր անուան, աշխարհիս վերայ սեպհական տուն եւ ընտանիք կազմելու. ամէն բան անորոշ անխտիր թող լինի, զաւակները` ժողովուրդին համարուին, ժողովուրդ` մարդկութեան, եւ մարդկութիւն առ հասարակ աշխարհիս վերայ ապրի այնպէս, ինչպէս, անտառին մէջ անասունք եւ երկնից մէջ թռչունք, որոց ոչ տուն, ոչ ընտանիք, ոչ տոհմական սերունդ, ոչ սեպհականութիւն կան, եւայն։
       Նուաստ անասնաբարոյ եւ ամբարիշտ են այդ մոլորամիտ մարդիկ, որ այդպէս կը կարծեն, կը դատեն, ամուսնութեան, հայրութեան, մայրութեան եւ ընտանեկան իրաւունքները ջնջել բառնալ կ»ուզեն մարդկային ընկերութենէն. այնուհետեւ այլ եւս զանազանութիւն չէր մնար խօսուն մարդոց եւ անխօսուն անասնոց մէջ։ Այդ մոլար կարծիքը` մարդոց կեանքը բանականութենէն կը հանէ. ընկերութիւն կ»եղծանէ, քաղաքակրթութիւն կը քանդէ. եւ կը թողու, որ մարդը լոկ իւր զգայական հաճոյքով վարի եւ ապրի։
       Եթէ մարդոց կեանքը նուաստանար այդչափ. չիմանային հայրութեան եւ մայրութեան պատիւ. չգիտնային թէ ի՞նչ է մարդոց կոչումն հոգւոյն անմահութիւն եւ բանականութեանց շնորհ, վաղուրեմն պէտք էր որ երթային գտնէին առիւծին անտառը եւ աղուէսին որջը. հարկ չէր մնար այլ եւս տուն շինել, ընտանիք կազմել, քաղաք հիմնել, ընկերական կեանք վարել, եւայլն. որոց վերայ փոքր ի շատէ գրեցի Ամուսնութեան յօդուածին մէջ։
       Երկու ամուսինք հայրութեան եւ մայրութեան կոչումէն յետոյ` ունին տակաւին իւրաքանչիւր այլ եւ այլ կոչումներ եւ պարտիքը. զորս կը թողում հետեւեալ գլխոց մէջ յառաջ բերել ըստ պատշաճի նիւթոցն. միայն աստ չեմ մոռանար յիշել, որ այդ երկու նորապատուաստ Արմաւենիքը պէտք է ամենոյն խնամով եւ անբիծ սիրով պատատեն զիրար, հարսն իւր համեստ քողով, փեսայն իւր բաց ճակատով. եթէ մէկն արեւ է եւ միւսն լուսին, երկուքն եւս առանց ստուերական բծի պէտք է փայլին անարատ սիրոյն պարզ ճառագայթներով։
       Հարսին հաւատարիմ նշանաբան եւ բուն բարոյական եւ արժանաւոր օժիտը սէրն է միայն, սէր, որ անխառն է, անկեղծ է, եւ արտաքուստ շպարեալ չէ. սէր, որ խանդակաթ սրտով ու հոգւով կը միանայ սերելոյ եւ կեանք պահելոյ համար, եւ այլ ուրիշ նպատակ չունի։ Աշխարհիս բոլոր ադամանդները. բոոր զարդուց պերճանքները, բոլոր հարստութեան գանձերը թէ ի կշիռ բերես, ամուսնական սիրոյն հետը չեն հաւասարիր. երբէք արժանաւորութիւն չունին այդ նիւթական օժիտները բնական ու բարոյական սիրոյ օժիտին տեղը բռնել։։
       Հասին նուիրական պարտիքն է, որ նիւթական օժիտէն աւելի հսկէ իւր բարոյական սիրոյ օժիտին վերայ, չտալ երբէք զայն` կողոպուտ, եթէ միանգամ կողոպտուեցաւ, այնուհետեւ շատ դժուարին կը լինի զայն դարձնել վերստին։ Նոր ամուսինք իբրեւ բարոյական ճարտարապետ պէտք է որ սիրոյ հիմն ամրապէս ձգեն. եթէ առաջին անգամ քանդուի, այլ եւս հազար օժիտ կարող չեն զայն հիմնել ու հաստատել։
       Ամուսնական սէրն անգին է, անգիւտ է, եւ քան զմահ զօրաւոր է. իր կոչումը սուրբ եւ խորհրդական է, նրա պատկեր պարզ եւ մաքուր է. թող չաղարտեն նորա պայծառ երեսը սիրոյ այլանդակ վիպասանները։ Սիրոյ ճշգրիտ պատկերահան Սողոմոն է. վայելուչ է որ հարսն ու փեսան փոխադարձ սիրոյ ձայնով երգեն առ միմեանս նորա խորհրդական երգը. ՂԴիր զիս իբրեւ զկնիք ի վերայ սրտի քո, եւ իբրեւ զմատանի ի վերայ բազկի քո, վասնզի հզօր է սէր իբրեւ զմահ»։ Այո՛, հզօրագոյն է սէր երկու ամուսնաւոր սիրելեաց մէջ, երկու շնչով կը շնչէ, երկու ոգւով կ»ապրի, երկու կեանքով կը զօրանայ. եթէ մին պակսի՞ սէր կը մեռնի. զի սիրոյ կեանքը երկու սրտից միութիւնն է։
       Ուրեմն ամուսնացելոց մեծ կոչումն եւ պարտիքն այն է, որ, երկուստեք կողմէն սիրոյ միացուցիչ վէմն անշարժ եւ անբաժանելի պահեն. ոչ ոք կարող է այդ վէմը շարժել, եթէ ինքնաշարժ լինելով չգլորի։ Նոր ամուսնացելոց սէր գարնան եղանակն է. նորատունկ դրախտ է. ծաղկազարդ բուրաստան է. զոր ամենայն խնամով պէտք է կանաչ ու մշտադալար պահել. եւ չթողուլ երբէք, որ կամ ներքին ատելութիւն եւ կամ օտարաշունչ նենգութեան խորշակը փչէ ու խամրէ սիրոյ կանաչութիւնը. եւ թօթափէ ամուսնութեան դրախտի վարդի թուփն իւր սոխակովն հանդերձ. ինչպէս հին բանսարկուն Եդեմ դրախտին մէջ Աստուծոյ նոր ընտանիքը դաւաճանեց, մահ բերաւ աշխարհը։ Գիտնալ պէտք է թէ այդ բարակ սեւ օձն` սիրոյ եւ միութեան յաւիտենական ոսոխն ու թշնամին է։
       Յիսուս սպաննեց հին օձն. բայց նորա օրինակին հետեւող արբանեակներն դեռ կը շրջէին աշխարհիս վերայ. եւ սողալով կը մտնեն ընտանեկան դրախտի հարսնարանը, թոյն թափելով հրապուրիչ լեզուով, սիրոյ կեանք եւ քաղցրութիւն ի մահ ի դառնութիւն կը փոխեն։
       Ուստի ամուսնասէր փեսայն, որ ընտանեկան համեստութեան եւ հաւատարմութեան առաջին հսկող պահապանն է, եթէ կ»ուզէ, որ ազատ մնայ օձերուն խորամանկութենէն` թող նախազգոյշ լինի յիշելով դրախտի պատմութիւն եւ արկածն. յորում այն պահուն մէջ Եւային կը մօտէր թելադիր օձն, երբ նա միայնակ կը շրջէր ու կ»զբօսնուր դրախտին դարաստանը ու կը դիտէր մի առ մի գեղազան ծառոց պտուղները։ Նա յայնժամ հրապուրեցաւ, երբ տեսաւ մի նոր ծառի պտուղը. որ հաճոյ էր աչաց հայելոյ եւ գեղեցիկ ի տեսանել։
       Աշխարհ իրաւունք կուտայ փեսային, որ իր հարսին ճանապարհը հսկելով շրջափակէ. այլ ե՛ւ պէտք է փակէ ու կապէ փեսային ճանապարհ եւ ոտքը. երբ նա արձակ է, ազատ է, կը շրջի ամենուրեք։ Հաւատարմութիւնը հաւասար է ամուսնական պարտուց եւ իրաւանց մէջ. եւ արդարութիւնը բողոք կը բառնայ, եթէ փեսայն ինքն եւս պահապան չլինի իւր անձին վերայ, չփակէ իւր աչքը հրապուրիչ օտար առարկայէն. եւ կրից ծարաւով չխմէ օտար աղբիւրին ջուրը. բաւ համարելով իւր սեփական աղբիւրը ինչպէս կը խրատէ Սողոմոնին առակը։ Ամուսնական հաւատարմութեան սուրբ պարտիքը ամենայն հաւատարմութեամբ պահելու համար բաւական չեն միայն աչք եւ հսկողութիւնը. այլ առաւել եւս լուսաւոր եւ մաքուր խիղճ, պատուոյ զգացումն, ապագային ամօթ եւ չարաղէտ հետեւանքն եւ այլն։
       Եւ ի՞նչ են այդ ընտանեկան աղէտաբեր հետեւանքները. գնա՛ ի դատարանն եւ կը տեսնաս. զի այդ ամօթալի գործոց վախճանը մինչեւ հոն կը հասնին. որ երբ պատահին երկու ամուսնեաց մէջը` սէրն անդէն կը մեռնի, միութիւն կը քակուի, նախանձուն կրակը կը խանձէ սիրտերը, երկու ամուսինք իրարու դէմ անհաշտ ատելութեամբ կը վարին. եւ այնուհետեւ տե դու, ընտանեկան կարգ ու կռիւ կ»սկսի. բողոք, դատաստան, մի զմիով անպատկառ չարախօսութիւն, եւ մերթ եւս չարաչար զրպարտութիւն, չխնայելով բնաւ ամուսնական պատուոյն, ամենայն ինչ մերկապարանոց հանելով, ընտանեկան խողին տակ ծածկուած ամօթն եւ այլն։ Հուսկ ապա այս հետեւանքներուն վախճանը կուգայ պատիժ, տոյժ եւ տան բաժանումն որով ընտանեկան քաղցր ու խաղաղ կեանքը թէ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս ապերջանիկ կը լինի. բաժանեալ ամուսնեաց պատիւն ու վարկը կ»աղարտի ընկերութեան մէջ եւ եկեղեցւոյն առաջ։
       Եթէ կան ամուսնական կեանքին մէջ ուրիշ շատ դառնահամ ճաշակները,, զոր օրինակ աղքատութիւն, թշուառութիւն, զրկանք, զաւակաց կորուստ, եւ մերթ եւս նոցա, ստահակութիւն եւ աշխարհիս այլ եւ այլ պատահար ձախորդութիւնք եւ այլն, որք շատ անգամ ընտանիքները մոխրի վրայ կը նստեցնեն սակայն երբ ամուսնեաց սէր կենդանի է, քաղցր է, այդ ամէն դառնութիւնները կանուշացնէ, մոխրին կեանքը, դրախտ կը լինի, ապերջանկութիւնը` երջանկութիւն կը դառնայ։
       Իսկ երբ մեռնի ու դառնանայ մտերիմ լծակիցներու սէրը` այնուհետեւ աշխարհիս քաղցրութեան ամբողջ ճաշակները, երջանկութիւն իւր ամէն հանգամանքներով թէ ի միասին գան` կարող չեն դառնացած սէրը յանուշութիւն փոխել։
       Եթէ այսպէս եւ այսչափ աղէտաբեր է ամուսնական սիրոյ մահն ու դառնութիւն. որ իբրեւ օձահար թոյն ամբողջ ընտանեկան կեանքը կը թունաւորէ. ուրեմն ո՛վ Հայոց հարսներ եւ փեսաները, ձեր մեծ կոչումն եւ հաւատարմութեան սուրբ պարտիքն այն է. որ անմեղութեամբ շրջիք աշխարհիս ընտանեկան դրախտին մէջ. խղճի արթնութեամբ խոյս տուէք այն ազատաշրջիկ մարդոց խորամանկութենէն. որ եթէ ուսեալ վիպասան են` դրախտի օձէն աւելի գիտեն խորամանկել. եւ եթէ ռամիկ ու գռեհիկ են` գիտեն չամաչել։
       Եւ դուք մանաւանդ, հայոց գաղթական ընտանիք, որ քաղաքակրթութեան մօտ կ»ապրիք, որ թերեւս մերթ կը յիշէք հին ատենի հարսներաց քօղն ու եօթնամեայ անխօս լռութիւն. եւ փեսաներու յոտին կացեալ գօտեպինդ բարեւն, որ պատրաստ կը կենայ սպասաւորելու համար թէեւ ազնուական լինի, չգիտեմ ձեզ ինչպէս կը թուի հայկական ընտանեաց այս կերպն. կը հաւնի՞ք թէ կ»արհամարհէք իբրեւ վայրենութիւն համարելով նոր դարուս ազատ աշխարհին առաջ։
       Այնպէս համարեցէք, ես կը լռեմ. բայց դուք կը հաւատա՞յք, եւ կը կարծէ՞ք, որ ազատ աշխարհին ազատութեան ճշմարիտ զաւակներն էք։ Դու ծանիր զքեզ, եւ ես գիտեմ քո այժմեան կեանք եւ կրթութիւն. դեռ խանձարուրէն նոր ելար, ազատութիւն կը կանչես. դեռ գայթ ի գայթ գետնի վերայ ուղիղ քալել չը գիտես` ազատութեան չուանին վերայ ելեր կը ճօճա՞ս, չունելով ձեռքդ դաստիարակութեան այն ձողն ու կշիռ. որով կարենատ անկասկած խաղալ ազատութեան բարակ լարին վերայ։
       Ուշ կը դնէ՞ք, Հայոց ազատասէր ընտանիք, ձեզ քանի մի խրատ տամ ու կնքեմ այս ճառը։ Չեմ խօսիր ձեզ, որ հին թանձըր քող ձգէք նոր հարսին գլխուն վերայ, որ նա կորանայ ու չը կրնայ ազատութեան լոյս տեսնալ, եւ կամ ընտանեկան կեանքին մէջ կակել խօսուն մարդոյ եզուն, որ նա կամաւ համար լինի։ Չեմ ասեր որ փեսայն եւս գօտեբարեւ ծառայէ ստորակարգ սպասաւորի մի պէս։
       Այլ այս միայն կ»ասեմ քեզ, որ ծայրայեղ ազատութեան չուանէն վար իջնաս, դու ինքնին գիտես թէ վստահ չես տակաւին համարձակ խաղալու. դու տեսար եւ կը տեսնաս թէ քանի՛ քանի՛ ընտանիքները այդ հրապուրիչ չուանէն վար ինկան ու ջախջախուեցան, որոց կորստական փորձը թող քեզ խրատ լինին։
       Այլ գիտեմ, ու քաջ համոզուած եմ, դու միանգամ այդ չուանին վերայ ելար. աշխարհի խրատ եւ Աւետարան կարող չեն զքեզ վար իջուցանել. դու այդ ազատութեան խաղ պիտի շարունակես առանց դորա վտանգէն խուսափելու, եւ կ»ասես թող տուէք զիս ազատ, ազատաբար խաղամ եւ խաղալով սորվիմ։
       Առաքինութեան ասպարէզ ելած չես, որ թոյլատրէի եւ ներէի քեզ այդ, ոչ ոք կը հաւատայ թէ այդ օրինակի միջոցը զքեզ ազատութեան մէջ կը կրթէ. թերեւս ասել կ»ուզես, թողէք, որ մեծամեծ վնասներով եւ զոհերով խրատուիմ։
       Աւա՜ղ, դեռ բաւական չե՞ս համարիր թէ անցելոյն եւ թէ ներկային մէջ Հայոց ընտանեկան զոհերը. աւելի ապահով, բարի, եւ բնական չէ՞, որ նախ բարւոք դաստիարակութեամբ կրթուիս. ազատութեան դժուարին արուեստին եւ իւր ամէն պայմաններուն մէջ քաջավարժ լինիս. եւ ապա վստահապէս ելնես այդ ազատութեան չուանին վերայ. յայնժամ ցոյց տաս աշխարհի առաջ թէ Հայոց ընտանիքն եւս գիտէ պարկեշտութեամբ ազատութեան խաղ խաղալ առանց կործանելու։