Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գ. ՀԱՅՈՑ ՆԱՀԱՊԵՏԱԿԱՆ ՏՈՒՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔ
       ԴՐԱԽՏԻ նախաստեղծ ընտանիքէն սկսելով միայն մի համառօտ նկարագրով յիշատակեցինք քանի մը Աստուածահաճոյ նահապետաց կեանքն, զոր կը պահանջէր գրոյս նպատակը։
       Եւ թէպէտ Նոյէն յետոյ առաւել եւս կը փայլին հաւատացեալ ընտանիքով Աբրահամ Իսահակ եւ Յակոբ նահապետները, որոց վարք եւ ընտանեկան կեանքը սքանչելի է, եւ մարդ կը հիանայ երբ ուշադիր մտքով կը կարդայ Ծննդոց գիրքը։
       Բայց շարադրածիս կարգ եւ առարկայն երբ պահանջեն, անշուշտ իբրեւ օրինակ յառաջ պիտի բերեմ, հին աշխարհի առաքինութեան այդ չքնաղ տիպարները, որոց ընտանեկան կեանքը զարմանաի է, ուր ոչ գիր, ոչ դպրոց, ոչ ուսումն կար. միայն խեղճ, երկիւղածութիւն եւ Աստուածապաշտութիւն կ»առաջնորդէր եւ կը դաստիարակէր զիրենք. արդի լուսաւոր եւ քաղաքակիրթ աշխարհի որդիքները պէտք է պատկառին նահապետաց պատկառելի շուքէն։
       Մեր ազգին եւ Հայոց աշխարհին ընտանեկան կազմութեան առաջին հիմնադիր Նոյ նահապետն է, ինչպէս եւ ջրհեղեղէն յետոյ հանուր մարդկութեան նախահաւն է. ուստի մեք Հայկայ անունով` Հայ կը կոչուինք, Արամայ անունով Արմէնեան. եւ երբեմն եւս Թորգոմական կամ Ասքանազեան. բայց այս նահապետնեը բոլորն եւս Նոյի կրտսեր որդի Յաբեթի սկզբնական սերունդէն են, ասոր համար մերթ եւս Յաբեթական ազգ կը կոչուինք։
       Ինչպէսոր կը կարծուի, դրախտը Հայաստանի մէջն էր, եւ կեանքն այդ աշխարհէն սկսեց. նախախնամ տեսչութիւն այնպէս կամեցաւ. որ դարձեալ մարդկութեան սերունդին աճումն` դրախտի մօտէն սկսի։ Ուստի Հայոց Արարատեան աշխարհը մարդկային ազգի նոր խանձարուր եղեւ. Նոյ նահապետ իւր բարեճոխ ընտանիքը Մասիսի հովանեաց եւ թեւին տակ հաստատեց, որ այժմ Նախիջեւան կ»ըսուի. գրեթէ հինգ հազար տարիէն աւելի է այս աւանդական անունը անկորուստ պահելով մինչեւ ցայսօր նոյն անունով կը կոչուի։
       Երբ Նոյի տան ընտանիքը, ինչպէս կը կարծուի չորս հարիւր տարուան միջողը, այնչափ աճեցաւ ու բազմացաւ մինչեւ Արարատեան լայնատարած աշխարհի այլեւս բնակութեան տեղ չի մնալով, գաղթականութիւն սկսեց սփռել աշխարհիս ամէն կողմը, առաջին ընտանեկան գաղթականութիւնը դէպ ՚ի Բաբիլոնի Սէնարայ դաշտ չուեց. չի գիտեմ թէ ի՞նչպէս այս գաղթական ընտանիքը վաղ եւ շուտ մոռցան Նոյ նահապետի արդար ծերոյն յիշատակը եւ նորա հաւատք ու Աստուածապաշտութեան երկիւղածութիւնը. եւ սկսան նանրախորհուրդ մտօք երկնից ցասման դէմ մի հզօր ամբարտակ կանգնել. թերեւս յաւանդութենէ յուշի պահելով թէ ինչպէս բարձրագագաթ Մասիս Նոյայ տապանին ասպնջական եղեւ, այդ մեծագործ ամբարտակն եւս կարող է զիրենք ազատել, եթէ կրկին անգամ ջրհեղեղ գայ աշխարհ։ Իսկ հաւատացեալ Նոյին սիրելի պաշտեցեալ Աստուած` որ հաշտութիւն ուխտեր էր, պահ մի ծածկեց իւր հաշտութեան աղեղն, եւ Մասիսի գլխէն իջաւ ՚ի Բաբիլոն մի շնչով խորտակեց ամբարտակն ու խառնակեց միաբարբառ մարդկանց լեզուները, եւ ցրուեց չարաժողով միաբանութիւնը. որպէսզի ճանչնան Բաբելոնի ամբարիշտ ընտանիքը թէ իրենց մեծամիտ խորհուրդ եւ գործն ընդունայն եւ Աստուծոյ ընդդէմ էր. եւ այնուհետեւ այլեւս չժպրհին երկնից Բարձրելոյն դէմ թումբ կանգնել։
       Մինչդեռ Բաբելոն կը խառնակէր, Բէլ կը տիրապետէր, Արարատեան աշխարհ խաղաղութիւն էր։ Հոն ազատութիւն եւ աստուածապաշտութիւն կը թագաւորէր, իւրաքանչիւր տոհմական նահապետները իրենց ընտանեաց վերայ կ՚իշխէին տանուտէրական իրաւունքով։ Իսկ ա՛րդար Նոյ` նահապետաց նահապետն, որ դեռ ողջ էր, Մասիսի մեծաշէն պալատին դուռը իւր աթոռը դրած էր հովուէր Հայոց մտերիմ ժողովուրդը, որ իրենց բնակասնունդ հայրենիքը սիրելով երբէք չբաժանուեցան. որով իրենք անմասն մնացին Բաբիլոնի պատուհասէն, անարատ պահելով հայրենի նախնական լեզուն, կրօն եւ երկիւղած Աստուածապաշտութիւնը։ Քանզի Նոյ նահապետ, որ պահապան էր աշխարհին, ինքն կենդանի օրինակ եւ քարոզ էր, արդարութեան լոյս կը ծաւալէր բոլոր ժողովուրդի կեանքին եւ ընտանեաց վերայ. որ բաւական կը լինէր մէկ արդար մարդ աշխարհին լոյս տալ, եւ ազգը մոլեկրօն ամբարշտութենէն ազատ պահել։ Նոյին արդարութեան լուսով զինուեցաւ մեր Հայկ նահապետը աշխարհակալ Բէլին դէմ, եւ զայն նշկահելով Բաբիլոնէն կրկին դարձաւ իւր հայրենիքը. եկաւ համբուրեց հինաւուրց ալեւորեալ ծերոյն տապանաշէն աջը. եւ ես կը հաւատամ թէ նորա զօրավիգ օրհնութեամբ զօրանալով, յաղթանակ տնկեց Հայոց ձորին մէջ եւ կործանեց այն հսկայ որսորդը, որ կը խիզախէր Աստուծոյ առաջ եւ եղջիւր կ»ածէր երկնից դէմը։
       Աստի կը սկսի Հայկատուն եւ ընտանիքը, եւ հետզհետէ տանուտէրական իշխանութեամբ կը կառավարի ժողովուրդ։
       Հայկայ կեանքէն եւ թուականէն սկսեալ մինչեւ ցայսօր գրեթէ չորս հազար այսքան տարի կը հաշուեն. օրհնեալ է Նախախնամութեան անունը, որ դեռ Հայոց ազգը եւ իւր յիշատակը կենդանի պահուած է։ Այսչափ ժամանակի ընդարձակ միջոցի մէջ. կան ուրիշ ազգերը որ հայրենիքէն գաղթականութեամբ ելած են, կան որ սպառած ու նուազած են, ինչպէս Հայոց դրացի Ասորին։ Հայոց ազգը եւ իւր ընտանիքը։ որ մեծագոյն մասամբ իւր հին հայրենեաց մէջ, պահպանեց ու կը պահպանէ դեռ իւր նախնեաց հողն ու գերեզմանը։ Ամէն վիշտ ու տառապանք կրեց, աշխատեց Նոյայ տնէն, Մասիսի սարէն չհեռանալ, ուր Քրիստոս Հայաստանեայց եկեղեցւոյն Կաթուղիկէն բարձրացուց։
       Չգիտենք, եւ կը տարակուսինք թէ արդեօք Հայոց ազգը իւր նահապետին տուն եւ հայրենիքը չթողլով նոյն նախնի նահապետաց ընտանեկան կեանքին չնաշխարհիկ առաքինութիւններն ողջ ու անարատ պահեց։ Այդ ինքնին յայտնի է. եւ պատմութիւնը մեզ կ»ուսուցանէ. երբ ազգ մի այլ եւ այլ ազգաց տիրապետութեան տակ կը նուաճի, անշուշտ նա կ»ստիպուի օտարի կեանքին ու սովորութեանց հետեւիլ։ Սորա համար Աստուծոյ պատգամախօս Մովսէս օրէնքով կ»արգիլէր Իսրայէլի ժողովուրդին, որ զգուշանան եւ չխառնակին հեթանոսաց հետը, որպէսզի չսորվին նոցա անարժան գործերը։ Հայոց ազգը եւ իւր նահապետական ընտանիք այդ խառնակութենէն ազատ չմնացին, ոչ հեթանոսութեան դարուն մէջ եւ ոչ քրիստոնէութեան։ Պարթեւական Արշակունիք, Բագրատունիք, Ասորիք, Պարսիկք, Մարք, Յոյնք, Թաթարք, եւ այլ փոքր ու մեծ ազգերը, կոխեցին մեր հայրենեաց հողը. մերթ խառնուեցան ու ձուլուեցան, մերթ տիրեցին ու զօրացան, մերթ գերեցին ու կոփեցին. ո՛վ կը տարակուսի թէ այսքան խառնակութեանց մէջ ոեւիցէ ազգ մի կարող չէ իւր հին ընտանեկան կեանքը, ողջ ու անղեծ պահել։ Երբ այնչափ յեղափոխութիւնք մեր ազգային կեանքը իւր նախնի պարզութենէն հանելով այլափոքխեր են. շատ դժուարին է ստոյգ եւ անխառն նկարագիրը հանել ժողովուրդի կեանքին։ Մանաւանդ մեր ազգի հնութեան պատմիչները դուն ուրեք ժողովուրդի կեանքն ու բարք շօշափելով կ»անցնին, միտ դնելով միայննկարագրել պատերազմի դաշտ, քաջաց գործը. եւ շատ եւս ողբ եւ կոծ ժողովուրդի աղօտներու համար. ուստի քննասէր ու բանասէր միտքը շատ դժուարութեամբ կարող է իրաց պարագաներէն գուշակել մեր նախնի ժողովուրդոց բուն նշխարները, դորա հաւատարիմ աւանդապահը մեր հայրենեաց ժողովուրդն է. վասն զի գաղթական հայոց մասն, ուր որ գնաց` հոն իւր մեռելոց հետը թաղեց նաեւ իւր հայրենեաց հին ու փառաց հետը` մոռցաւ նաեւ Էջմիածնի բարձրագոյն Կաթուղիկէն։
       Իսկ դուք, ո՛վ որդիք Հայոց, որ մեր հին Նահապետական տան ժառանգորդ զաւակներն էք. հոն հայրենի տունը կացէք, մի՛ հեռանայք, սիրեցէք Մասիսը, իւր տապան եւ դուրբ Գրիգորի Կաթուղիկէն. մշակեցէք Նոյայ ձեռատունկ այգին` Արարատայ դաշտը, մի՛ թողուք յաւիտեան Նահապետական տուն ընտանիքը. դուք Մասիսին հարազատ որդիքներն էք, Մասիսը ձեր հայրենի սեպհական տունն է. թող չէն մնայ ձեր տունը, չէն մնայ Նոյայ գերդաստանը, բարգաւաճին օրհնեալ Յաբէթը որդիները, արդար Նահապետին գերեզմանին աղերս եւ զոհին ծուխ մինչեւ երկինքը ելնէ, երկինք հաշտուի. եօթնագունեան աղեղն կամար կապէ դրախտի աշխարհին վերայ եւ դրախտի բնիկ որդիներ ցնծան թէ Աստուած ընդ մեզ է, իւր հզօր աջով կ»օրհնէ եւ կը պահպանէ Նոյայ տուն եւ նորա տարամերժեալ ընտանիք։