ԺԴ.
ՄԱՀ
ԾՆՈՂԱՑ
ԵՒ
ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ
Նոքա,
կը
ծնին
յաշխարհ,
նոքա
մեռնելով
կ՚երթան
աշխարհէս
հայրեր
ու
մայրեր
կ՚երթան.
զաւակները`
նոցա
տեղը
կը
փոխանակեն։
Բնական
կարգն
եւ
օրէնքն
է
այս.
թէեւ
շատ
անգամ
մահուան
տապարը
անխտիր
կը
հատանէ
մատաղատունկները
եւ
հաստաբուն
կաղնիները
կը
թողու։
Ո՛վ
են
այդ
հինաւուրց
կաղնիքը.
որք
կը
բարձրանան
ընկերական
ծառաստանին
մէջ
եւ
իրենց
համասփիւռ
հովանիքը
կը
տարածեն
իրենց
շառաւիղներուն
վերայ.
նոքա
հայրեր
ու
մայրերն
են,
որոց
երբ
կը
մօտենայ
մահ
իւր
տապարով,
զայն
կը
տեսնայ
ծերունի
նահապետ.
երբէք
չի
սոսկար
մահուանդաժան
երեսէն,
այլ
գօտեպնդեալ
կը
պատրաստուի
իւր
հայրական
օրհնութիւն
տալ
ընտանեաց,
եւ
ապա
վերջին
շունչը
պարզել։
Ինչպէս
կը
տեսնամք
Ծննդոց
գրքին
մէջ
քանի
մի
նահապետաց
դասին։
Աբրահամ
աստուածապաշտ
նահապետին
մահուան
համար
այսպէս
կը
պատմէ
Սուրբ
Գիրք.
թէ
«Հասեա
ի
բարւոք
ծերութեան,
ալեւորեալ
լի
աւուրք
յաւելաւ
առ
ժողովուրդս
իւր»։
Նահապետները
գրեթէ
բոլորն
եւս
ծաղկեալ
ծերութեամբ
ու
բնական
մահով
կը
մեռնէին.
եւ
սորա
պատճառն
էր`
նոցա
անսագիւտ
կեանք,
ողջախոհ
և
անարատ
վարք,
պարզ
ու
սակաւապետ
սեղան,
հողագործ
մշակութեան
անխարդախ
վաստակ
եւայլն,
եւ
քան
զամէնն
աւելի
Աստուծոյ
օրհնութիւնը,
որ
բարգաւաճ
կ՚առնէր
զիրենք։
Նահապետական
կենաց
մէջ
ծերոց
օրհնութիւն
հայրական
ու
պապկենական
պարտիք
մի
էր։
Այն
ինչ
դաշտային
վրանին
տակ
նահապետին
վերջին
օրերը
կը
հասնէր,
նա
կը
ցանկար
վերջին
ընթրիքը
վայելել
իւր
զաւակաց
ձեռքէն,
եւ
աւելի
անդրանիկին,
ինչպէս
կը
տեսնամք
Իսահակ
նահապետին
վախճանը,
որ
կոչելով
զԵսաւ,
ասաց.
«Որդեակ,
ահաւասիկ
ես
ծերացած
պիտի
մեռնիմ.
առ
դու
զքո
նետաղեղն
գնա
ի
յորս,
փափուկ
որսիկ
մի
բեր
ինձ,
խորտիկ
շինէ,
ուտեմ
ու
օրհնեմ
զքեզ»։
Բայց,
ինչպէս
ծեր
նահապետի
ցանկութիւն
էր
որդիքները
օրհնել,
այսպէս
եւս
որդւոց
համար
կարի
նախանձելի
էր
հօր
օրհնութիւն
կանխապէս
ժառանգել,
ուստի
ճարտար
Յակովբ
իւր
մօր
խրատով
փութաց
ու
յաջողեցաւ
Իսահակայ
օրհնութիւնը
իբրեւ
անդրանիկ
ժառանգել`
որ
կրտսեր
էր։
Իսկ
Յակովբ
նահապետի
օրհնութիւնը
իւր
որդւոց
համար
շատ
նշանաւոր
է,
որ
երկոտասան
նահապետները
կանչելով,
անդրանիկէն
սկսեալ
մինչեւ
կրտսեր
որդին
կ՚օրհնէ.
եւ
այս
օրհնութեան
նիւթը
իրենց
կեանքէն
կ՚առնէ.
եւ
ըստ
այնմ
կը
յարմարէ
իւր
խօսքերը,
եւ
միանգամայն
իբրեւ
մարգարէ
նախապէս
կը
գուշակէ
նոցա
ապագայ
կեանքն
ու
վախճանը։
Բարի
նահապետ
որ
սուրբ
ողջախոհութեան
նախանձաւոր
էր,
չի
մոռնար
անդրանիկ
Ռուբէնին
ոճիրը.
որ
յանդգներ
էր
իւր
հօր
անկողին
ելնել.
ուստի
թերեւս
այս
ակնարկութիւն
կ՚ընէ
նորա
համար.
«Իբրեւ
զջուր
մի
եռասցիս».
որով
թերեւս
այս
ակնարկութիւն
կ՚ընէ.
թէ
նկուն
եւ
անզօր
լինիս
իբրեւ
սառուցեալ
ջուր,
կեանքիդ
մէջ
չեռաս
ինչպէս
նոր
եւ
զօրաւոր
գինին
ամանին
մէջ։
Նոյնպէս
չի
մոռնար
Շմաւոն
եւ
Ղեւի
եղբարց
ոխակալ
վրէժխնդրութիւնն.
որք
իրենց
քրոջ
բռնաբարութեան
համար
խորամանկութեամբ
սուր
հանին
Սիւքեմայ
բնակիչները
անխնայ
կոտորեցին։
Ընդ
որ
մինչեւ
ցօր
Մահուան
սրտմտելով
մարդասէր
Նահապետ
կը
զայրանայ
իւր
օրհնութեան
մէջ
եւ
կ՚ըսէ.
«Շմաւոն
եւ
Ղեւի
եղբարք,
կատարեցին
զանիրաւութիւն
ի
կամաց
իւրեանց.
ի
խորհուրդս
նոց
մի
մտցէ
անձն
իմ...
Անիծեալ
սրտմտութիւն
նոցա,
զի
յանդուգն
էր
եւ
ոխութիւն
նոցա,
զի
խիստ
էր։
Կը
թողում
այլեւս
այս
կարգին
մէջ
յառաջ
բերել
Յուդայի
օրհնութիւնը,
որ
շատ
նշանաւոր
է.
Կորիւն
առիւծոյ
կ՚անուանէ
զնա
եւ
ձեռքըդ,
կ՚ասէ,
քո
թշնամեաց
թիկանց
վերայ
զօրանայ
եւ
այլն։
Աստի
խելամտել
պէտք
է
թէ
այդ
երջանիկ
նահապետները,
որչափ
որ
բարի
եւ
արժանաւոր
զաւակաց
համար
բարձր
ու
փառաւոր
օրհնութիւն
կուտային.
նոյնպէս
չար
եւ
ստահակ
որդիքները
անիծիւք
յիշելով,
նոյն
իսկ
մահուան
պահուն
մէջ
կը
յանդիմանէին
զիրենք
որով
այդ
յանդիմանութիւնն
եւս
օրհնութիւն
կը
դառնար
նոցա
համար
եւ
թափանցելով
որդւոց
սրտին
մէջ
կուղղէր,
եւ
ի
զգաստութիւն
կը
տանէր
նահապետին
մահուանէն
յետոյ։
Վասն
զի
բարի
եւ
առաքինի
հօր
գերեզմանը
եւ
յիշատակը
ի
հողէն
եւս
կը
խօսի
եւ
կը
դաստիարակէ
կենդանի
զաւակները։
Օրհնութեան
շնորհը`
ոչ
միայն
մնացորդ
զաւակները
կը
խրատէ
ու
կը
պահէ,
այլեւ
դարէ
ի
դար,
տոհմէ
ի
տոհմ
հաստատ
կը
պահէ
հայրենի
տուն
եւ
գերդաստանը։
Եւ
առ
այս
կը
վկայէ
առակախօս
իմաստունն
թէ
«Օրհնութիւն
հօր
հաստատէ
զտուն
որդւոյ.
եւ
անէծք
մօր
խախտեն
ի
հիմանէ»։
Սողոմոնին
այս
վճռական
խօսքը
կ՚ակնարկէ.
թէ
մօր
անէծքն
եւս
նոյն
համազօրութիւն
ունի`
ինչպէս
հօր։
Բարի
է,
թէ
որ
զաւակները
իրենց
ծնողաց
օրհնութիւնը
միապէս
ժառանգեն։
Օրինակ
մի
յառաջ
բերենք.
եթէ
մի
հայր
իւր
մահուան
որ
բարի
տեսնայ
իւր
զաւակները
ու
արժանի
համար
իւր
օրհնութեան,
իսկ
մահուանէն
յետոյ
չարանան
որդիքները,
և
մայր`
որ
տակաւին
կենդանի
մնացած
է`
անիծէ
զիրենք,
անշուշտ
այս
պարագային
մէջ
վերջին
անէծքը`
առաջին
օրհնութիւնը
կ՚եղծանէ
իրաւամբ,
վասն
զի
անէծք
եւ
օրհնութիւն
Աստուծոյ
արդարութեան
ձեռքն
է,
որ
առաքինի
որդւոց
գլուխը
երկնից
ցօղ
կը
թափէ.
իսկ
անբարի
չարժառանգ
զաւակաց`
կարկուտ
եւ
հարուած։
Նկատել
արժան
է
այս.
եթէ
ծնողք
ի
բնական
գթոյն
եւ
սիրոյն
վարեալ`
օրհնութիւն
կարդան
ապիրատ
զաւակաց.
ես
չեմ
հաւատար
որ
այդպիսի
օրհնութիւնը
հաճոյական
թուի
երկնից
հօր
առաջ.
որ
թէպէտ
չարաց
ու
բարեաց
վերայ
իւր
մարդասիրութեան
անձրեւ
հաւասար
կ՚ածէ,
այլ
մերթ
եւս
կը
տեսնամք,
որ
իւր
արդար
ցասումն
ի
գործ
դնելով
ամբարիշտ
մարդոց
տունը
կը
քանդէ։
Ինչպէս
քանդեց
եւ
արիւնով
լուաց
Աքայարին
եւ
Եզաբելին
տունը,
թագաւոր
եւ
թագուհին`
աւերակաց
մոխրով
ծածկեց։
Աստուած
արդարութեան
դատաւոր
միշտ
այնպէս
կը
դատի.
Սողոմոնին
վճռագրով,
թէ
«Անէծք
Տեառն
ի
տունս
ամբարշտաց.
յարկք
արդարոց
օրհնին»։
Ուրեմն,
ո՛վ
դուք
ծնողք,
որ
հայր
եւ
մայր
վեհ
անուան
արժանացած
էք,
եւ
որ
աշխարհիս
վերայ
տուն
եւ
ընտանիք
կազմէք.
եթէ
կը
ցանկայք,
որ
ձեր
վախճանէն
եւ
ձեր
տուն,
ձեր
գերդաստան,
ձեր
ամէն
ժառանգութիւն
եւ
ձեր
գործը
մշտնջենաւոր
մնայ,
ձեր
անունը
եւ
յիշատակ
աշխարհիս
վերայ
օրհնութեամբ
յիշուի,
ստոյգ
եւ
ճշմարիտ
օրհնութեան
պատրաստեցէք
ձեր
զաւակները։
Մի
անհոգ
զանցառութեամբ
սպասէք.
ձեր
այս
նուիրական
պարտիքը`
ձեր
մահուան
տագնապի
օր
կատարելու.
երբ
անբարբառ
կը
լինին
մարդոյն
շրթունքները
ու
բերանը.
այլ
անդստին
խանձարուրէն
եւ
օրօրանէն
սկսեցէք
ձեր
օրհնութեան
դասերը.
այսինքն
ծնողական
դաստիարակութիւն
եւ
խրատ,
որ
լինի
եւ
զեղուն
օրհնութիւն
կը
բերէ
ամբողջ
տան
եւ
ընտանեաց
վերայ։
Ուստի
այս
անանց
օրհնութեան
կտակը
աւանդեմ
ձեզ։
Դուք
այնպէս
օրհնեցէք,
որ
նոքա
երկնից
իմաստութիւնը
ճանչնան
ու
բարձր
համարին,
աշխարհիս,
շնչաւոր
իմաստութեան
վերայ
չի
պարծենան։
Օրհնեցէք,
որ
նոքա
հայրենատուր
սուրբ
կրօն,
հաւատք
սուրբ
հարց
աւանդութիւնն`
անարատ
ու
անեղծ
պահեն,
Հայաստանեայց
Եկեղեցին
սիրեն.
Թադէոսի
եւ
Լուսաւորիչ
Հօր
հօտէն
ու
փարախէն
չի
բաժնուին։
Օրհնեցէք,
որ
նոքա
Աւետարանը
գրկեն
եւ
սորվին
նորա
սիրոյ
դասերը.
եղբայր
սիրեն,
ընկեր
սիրեն,
մարդասէր
լինին։
Օրհնեցէք,
որ
ազգ
սիրեն,
հայրենիք
սիրեն
եւ
նորա
հին
անշքացեալ
փառք
ու
յիշատակը
չի
մոռնան։
Նորա
կիսակործան
տաճարները
յիշեն,
օրհնեցէք,
դաստիարակեցէք,
որ
նոքա
ուսումն
սիրեն.
գիտութիւն
սիրեն,
դպրոց
սիրեն,
գիրք
սիրեն,
յառաջդիմութիւն
պատուեն։
Օրհեցէք
եւ
ուսուցէք.
եթէ
քաղաքացի
են`
նոր
աշխարհի
այլ
եւ
այլ
արհեստներ
սորվին.
անխարդախ
լինին
վաճառելոյ
եւ
գնելոյ
մէջ։
Իսկ
եթէ
շինական
են,
հող
սիրեն,
մաճ
սիրեն,
եւ
աշխատութիւն
սիրեն.
ափ
մը
հայրենի
նուիրական
ու
սեպհական
հողերէն
ձեռքէ
չի
հանեն։
Ի
վերջոյ
օրհնեցէք,
որ
նոքա
ամուսնասէր
լինին,
տնաշէն
եւ
անտես
լինին.
բարի
եւ
ազնուական
ընտանիք
կազմեն,
որով
միայն
հնար
է
որ
ազգային
կեանքը
բարւոքի,
բարձրանայ
իւր
համբաւ
եւ
փառք։
Արդ
կը
մնայ
մեզ,
որ
աշխարհիկ
ընտանեկան
կեանքէն
դուրս
ելնելով`
խիստ
արժան
է
նահապետական
օրհնութեանց
հետ
յիշել
նաեւ
այն
սուրբ
հարք,
որ
իբրեւ
հոգեւոր
ծնող
կը
համարուին
եկեղեցւոյ
որդւոց.
որոց
օրհնութիւն
առաւել
բարձր
ու
համատարած
է
ընդհանուր
Եկեղեցւոյ
բոլոր
զաւակաց
վերայ։
Չգիտեմ,
մեր
Հայաստանեայց
Եկեղեցւոյ
որդիքները
մեր
սուրբ
Հարց
օրհնութիւն
ժառանգեցին
առ
հասարակ.
եւ
կամ
նոյն
երանելի
հարք
թէ
բնական
մահուամբ
եւ
թէ
նահատակութեամբ
երբ
գնացին
աշխարհէս,
արդեօք
օրհնեցի՞ն
զհայրենի
աշխարհ
եւ
այնպէ՞ս
հրաժարեցան։
Ո՛չ,
Պատմութիւն
յանդիման
կը
հանէ
մեզ,
թէ
ոմանք
այդ
չնաշխարհիկ
հայրերէն,
որ
Քրիստոսի
հօտին
անձնադիր
հովիւներէն
էին,
նոքա
խռովեցան
յոյժ,
դարձուցին
իրենց
դէմքը
ապաշնորհ
որդւոց
երեսէն
ու
սրտամնաց
վշտակրութեամբ
մտան
ի
գերեզման.
Սուրբն
Գրիգոր
Սեպուհ
լեռան
գլուխը
անշուշտ
կ՚աղօթէր
եւ
կ՚օրհնէր
զհայս.
բայց
միանգամայն
կուլար
այն
ապիրատ
որդւոց
վերայ,
որ
դաւաճանեցին
սուրբն
Տրդատը.
Արիստակէս
Ծոփաց
աշխարհին
մէջ
հայրադրուժ
իշխանիկ
մի
ձեռքով
խողխողեցաւ.
նոյնպէս
Յուսի
եւ
Դանիէլ`
հաւատամերժ
Տիրան
թագաւորին
ձեռքով։
Հապա
մոռնա՞նք
մեծն
Ներսէս
եւ
Սահակ
Պարթեւ,
յորոց
մին
թունալի
բաժակը
ինքնակամ
խմեց.
խմեց
եւ
դառնութեամբ
անիծեց
այն
ապերախտ
գլուխը,
որոյ
համար
Յունաց
կայսրութենէն
թգ
բերէր
էր.
իսկ
միւս
սուրբն
Սահակ
անխորհուրդ
նախարարաց
կամակորութեան
եւ
մատնութեան
համար
միթէ
չողբա՞ց
ու
չը
հառաչե՞ց
մինչեւ
գերեզմանին
դուռը։
Այսպէս
ահա
մեր
պատուական
սուրբ
հարք
գնացին
աշխարհէն.
եթէ
նոքա
Յիսուսի
հեզութեան
նմանելով
իրենց
հալածչաց
եւ
սպանողաց
դէմ
նոյն
ձայնով
աղօթեցին.
«Հայր,
թող
սոցա...
»
Սակայն
առանց
օրհնութեան
հեռացան.
վասնզի
անխրատ
եւ
ապառում
որդիքները
չը
կամեցան
նոցա
օրհնութիւնը
ժառանգել։
Որով,
մեր
տուն
ու
տեղը
քանդուեցաւ։
Եթէ
կը
հաւատայք,
Հայոց
որդիքները,
թէ
Աստուած
դատաստանը
այսպէս
տեսաւ
որ
դատեց.
ուրեմն
անցելոյն
մեղքը
ներկային
մէջ
քաւելով
ուշաբերիմք,
ճշմարիտ
հաւատարիմ
եւ
անձնադիր
հաց
ու
հովուաց
օրհնութիւնը
միշտ
ժառանգել,
չապերախտիլ
երբէք
նոցա
դէմը.
այլ
ըստ
Պօղոսի
խրատուն
յարգել
Եկեղեցւոյ
ընտիր
վաստակաւոր
եւ
իքնող
մշակները,
որոց
թիւը
միշտ
օր
ըստ
օրէ
պակսեցաւ.
եւ
Հայոց
եկեղեցւոյ
հունձերը
աննմշակ
մնացին
այսօր։
Երանի՜
թէ,
աղաչող
հաւատացեալ
որդիքները
չը
պակսէին,
որով
թերեւս
գթար
Տէր
ու
լսէր
նոցա
աղաչանաց։
Այսչափ
համառօտ
յիշատակութիւնը
հերիք
է
Եկեղեցւոյ
հարց
օրհնութեան
համար.
այժմ
դառնամք
նոյն
ընտանեկան
նահապետաց
օրհնութեան
վերայ,
եւ
աւարտեմ
այս
գլուխը,
յորդորելով,
որ
ամէն
ընտանեաց
բարեկեցիկ
զաւակները
թէ
բնական
պարտեօք
թէ
Սուրբ
Գրոց
հոետու
խրատներով
պարտաւոր
են
իրենց
ծնողաց
օրհնութիւն
արժանապէս
ժառանգել.
հեռի
եւ
ի
բաց
մնալով
այն
ամէն
ապերախտութենէ,
որ
ստահակ,
անհնազանդ
եւ
անժառանգ
որդիքները
կը
հատուցանեն
իրենց
ծնողաց.
որոց
կեանքն
ու
վախճան
աշխարհիս
վերայ
դառն
ու
կարճատեւ
է
եւ
ոչ
երբէք
երկայնակեաց
կը
լինին
նոքա
երկրիս
վերայ։