Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ը. ՀԱՐՍԱՆԻՔ ԵՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՊՍԱԿԻՆ
       ՀԱՐՍԱՆԻՔԸ` պսակի սուրբ խորհուրդին հրապարակական ու հանդիսաւոր արարողութիւնն է. եւ շատ վայելուչ է` թէ որ ասենք մարդոյն Նոր Կենաց մուտն եւ տօնահանդէսն է. ուր կը համախմբին շնորհաւոր ուրախակցութեան համար, ազգականք, բարեկամք, ու դրացիք։ Այս մարմնաւոր խմբին հետը կը խմբակցի Եկեղեցւոյ հոգեւոր խումբն. եւ իւր օրհնութիւն տալով կ»օրհնէ թագաւոր փեսային եւ թագուհի հարսին պսակը եւ Աստուածային օրհնութեամբկը նուիրագործէ երկու ամուսնացելոց դաշնագրութիւնը, զոր ի մի մարմին զուգելով երկու լծակից ամուսինները` կը յայտարարէ թէ այսուհետեւ անբաժանելի են։ Միայն քահանային ձեռք չէ, որ կը կապէ զպսակն. այլ պէտք է հաւատալ թէ Աստուած դրախտին վճռով միացուց զիրենք. մարդ կարող չէ բաժանել մինչեւ ի մահ եւ գերեզման։ Այս խորհրդական դաշնագրին վերայ իբրեւ վկայ ձեռն կը դնեն Խաչն իւր թեւով, Աւետարան իւր բանիւն, պաշտօնեայք օրհնութեամբ եւ սոցա հետ ժողովուրդը միաձայնելով կը գոչէ ամէն, եղիցի՛ եղիցի՛։
       Դաւիթ իւր սաղմոսին երգը հարսին ականջ նուագելով` կը հրաւիրէ զինքն ի տուն փեսային. «Լու՛ր դուստր եւ տե՛ս, խոնարհեցո՛ զուկն քո, մոռա զժողովուրդ քո եւ զտուն հօր քո, զի ցանկացաւ թագաւոր գեղոյ քո»։ Իսկ Սողոմոն իւր բարձրախորհուրդ երգով բարբառել կուտայ փեսային առ հարսն. «Ահաւասիկ կաս, գեղեցիկ մերձաւոր իմ. աչք քո աղաւնիք. բա՛ց ի լռութենէդ քումմէ»։
       Եկեղեցին այսպէս աւարտելով պսակին մեծ խորհուրդը, այնուհետեւ ներելով կը թոյլատրէ որ հարսնեւորք սկսին իրենց պարերգութիւն եւ թմբուկը։ Այդ եւս առանց նշանակութեան չէ, զոր վայելուչ կերպիւ կը բացատրէ Շնորհալի Սուրբ հայրապետ իւր Ընդհանրական թղթոց մէջ. թէ հարսանեաց թմբուկն բարձրագոչելով ձայն կուտայ լսող ժողովուրդին ու կ՚իմացնէ. որ հարսանիքը խաւարին տակ ծածկուած գաղտնի չարութիւն չէ. այլ Եկեղեցւոյն առաջ, լուսոյն առաջ, հրապարակի մէջ, անպատրուակ ճշմարտութիւն է։ Ահաւասիկ եւ մենք մեր ուրախութեան թմբուկը զարնելով իբրեւ մունետիկ բարձրաձայն կը քարոզեմք. թող լսէ ու տեսնայ բոլոր ժողովուրդը։ Վասն զի ամուսնութեան զաւակներ միայն ծնողաց սեպհականութիւն չէ, այլ եւ ժողովուրդին իրաւունքն է, յիշէ ու ճանչնայ իւր նորածին անդամները. թէ արդեօք հարազատ ծնու՞նդ են նոքա սուրբ եւ պարկեշտ ամուսնութեան։ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին զաւակները պէտք է սուրբ ամուսնութեան յայտնի դրոշմն ունենան. եւ ժողովուրդն այդ իսկական դրոշմով ճանչնայ եւ իւր զաւակները. ապա թէ ոչ, ոչինչ զանազանութիւններ չէին լինէր պոռնկորդւոյն եւ սուրբ ամուսնութեան ծնունդներու մէջ։
       Կը խորհիմ թէ աշխարհիս ուրախութեան այլ եւ այլ մեծամեծ հանդէսները, կարելի՞ է համեմատել հարսանեաց ուրախութեան հետ։ Ոչ թագաւորաց թագադրութեան աշխարհախումբ հանդէսը, ոչ պալատներու եւ իշխանաց մեծակոչ խրախճանք, եւ ոչ եւս ժողովրդոց դասին զուարճական խնճոյքները արժանի են համեատելու։ Ես այնպէս կը համարիմ թէ հարսանեաց սոսկ մի թմբուկը` Իտալական նուագներէն ուրախարար է. եւ շինականի փեսայն` բարձր է թագապսակ թագաւորէն։ Վասն զի աշխարհիս այլ ամէն ուրախութիւնք միայն գրաւական զբոսանք են մարդոյն ունայնասէր մտաց, յորում պահ մի հաճոյք, հրճուանք, փառք կը ըզգայ. այլ երբէք չանցնիր սրտի ցանկութեան անհուն բաղձանքը` դարձեալ կուգայ եւ կը տիրէ մելամաղձիկ տխրութիւնը։
       Իսկ հարսանեաց ուրախութիւնը իւր սուրբ նպատակով հանդերձ` մարդոյն կենաց համար տիրապէս կեանք է եւ ուրախութիւն. զի միայն մէջ կեանքը իւր անչափ ցանկասէր տենչանքներով վերջապէս կը մաշի եւ կը սպասի. բայց միւսին մէջ կեանքն անթառամ կը մնայ, եւ Եկեղեցւոյ պարտէզ իւր նորաբոյս ծաղիկներով կը ծաղկազարդի։ Թէպէտ մարդոյն կենաց աշուն կը հասնի եւ կը թօթափէ զայն գերեզմանի մէջ, ինչպէս դեղնած տերեւն ի ծառէն։ Սակայն առաքինի մարդ, որ հարսանեաց օրհնութեամբ իւր տոհմական ընտանիք եւ սերունդը կենդանի կը պահէ` նա միշտ կ»ապրի եւ կենդանի կը մնայ. զի նորա կեանքը յաջորդաբար իւր զաւակներն կը շարունակեն։
       Խօսինք այժմ հարսանեաց ուրախութեան եղանակին եւ պայմանին վերայ։ Ճշմարիտ է, որ հարսանիքը ընտանեկան ուրախութեան մեծ օրն է. ո՛վ կարող է ասել, մի՛ ուտեր, մի՛ խմեր, մի՛ երգեր, մի՛ պարեր, մի՛ զուարճանար, զի այդ ամէն հարսանեաց ուրախութեան կարեւոր պայմաններն են, միայն թէ չափով, կշռով եւ պարկեշտութեամբ լինին։
       Երանի՜ թէ ծնողք, որ հարսանեաց կազմութեան հանդիսագիր են եւ հարսնեւորք, որ կամ ազգական եւ բարեկամ են առ հասարակ` լաւ ճանչնային հարսանեաց նշանակութիւն, պատիւ եւ նորա խորհրդական մեծութիւնը, որով թերեւս մեծ զգաստութեամբ զգուշանային անմեղ ուրախութեան հետը` մեղք չի խառնել։ Եւ դու գիտե՞ս, ընթերցող, թէ ի՞նչ է այս մեղք, որ հարսանեաց մէջ գիտես թէ մարդիկ սովորած են գործել եւ մեղք չի համարել։ Այս մեղքն է անչափաւորութիւնը ամէն վայելմանց մէջ, զեղխութիւն սեղանոյ, զեղխութիւն այլ եւ այլ հանդերձանաց, զեղխութիւն արբեցութեան. եւ այլ այսպիսի զեղծմունքները, յորոց շատ անգամ կռիւ կը ծնանի, եւ հարսանեաց տուն` սգոյ տուն կը դառնայ. մերթ եւս երկու խնամիներու նոր ընտանեկան ազգակցութեան կապը կը խզէ։ Արբեցութիւնը միայն կռիւ չի հաներ, այլ երբեմն եւս անհամեստ կերպեր եւ շարժմունքները յառաջ կը բերէ. զոր օրինակ անպարկեշտ խեղկատակութիւնք` ծաղրութեան համար. անվայել եւ լկտի խենեշանքները, որք առ հասարակ պարկեշտութիւն եւ պատկառանք սիրող ընտանեաց համար պէտք է զզուելի համարուին. եւ խորշին այդպիսի կատակերգու հարսնեւորներէն. որ հարսանեաց պատիւ եւ ընտանեկան ուրախակցութիւնը` խաղ կը համարին. քաղաքավարութեան, վայելչութեան շնորհը կ»արհամարեն, եւ միանգամայն գայթակղութիւն կը լինին պարկեշտ ընտանեաց եւ իրենց մատաղ զաւկներուն. որք բնապէս ծաղր կը սիրեն եւ միշտ հակամէտ են կատակով զբօսնուլ։ Յոռի խեղկատակութիւնը միայն տղայոց համար հաճոյական խաղ կամ զբօսանք չէ. այլ առաւել աղայամիտ մարդկանց, որոց ճշգրիտ օրինակը կը տեսնուի թատրոններու մէջ. երբ ի վերջոյ զաւեշտական խաղ մի կ»սկսի, ինչպէ՞ս ամէնքն ի միասին ծաղր կ»արձակեն։ Զարմանալ պէտք չէ. զի մարդիկ յաւէտ ծաղրի եւ կատակի կեանք կը սիրեն քան թէ լուրջ, ծանր եւ զգաստ կեանք։ Չմեղադրենք ժողովրդական ընտանիքը, թէ ոմանք իրենց հարսանեաց ուրախութեան օրը միայն դիպուածով այդ խեղկատակութեան կեղծմունքները կը սիրեն. երբ աշխարհիս պալատականաց, իշխանաց, ազնուականաց հաճոյական կեանքն խեղկատակութիւն է. սորա համար է իսկ, որ խեղկատակ աղուէս ու կապիկ միմոսները նոցա դռները կը յաճախեն։
       Խօսիլ չեմ ուզեր ինչպէս խօսեցայ ու գրեցի վերը, որ հարսանեաց տօնը լուրջ եւ անձայն լռութեամբ կատարուի. ո՛չ. Եկեղեցին ներելով կը թոյլատրէ, որ հարսանեաց մանկունք երգեն ու պարեն, մինչ փեսան ընդ նոսա է, ինչպէս կը խօսի Յիսուս. միայն թէ Քրիստոնէական պարկեշտութիւն, ընտանեկան պատիւ, եւ վայելուչ քաղաքավարութեան պարտիքները չմոռցուին, կարծելով թէ հարսանիքը` ծայրայեղ ազատութիւն եւ ուրախութիւն կը նշանակէ. որոյ վախճանը միշտ տրտմառիթ հետեւանքներն են։ Ցաւով ու փորձառութեամբ կը խօսիմ. որ հարսանեկան չափազանցութիւնք` ոչ միայն թագաւորին թագն ու պսակ քօղածածուկ հարսին պատկառանքը կը քամահրեն. այլ եւ Եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդի վեհութենէն չակնածելով` առանց երկիւղածութեան կը վարին։ Բաւ չէ այս, շատ անգամ եւս պսակադիր սուրբ տաճարի գաւթին մէջ Բաղդասարի արբեցութեան խրախճան կը կազմուի. արբեցողաց բարձրաձայն աղաղակներով` պաշտօնէից աղօթքին եւ շարականին օրհներգութեան ձայները կը խանգարուին։
       Այս ռամիկ եւ գռեհկական վարմունքը գրեթէ քիչ ժամանակ յառաջ առ հասարակ տիրած էր Հայոց այլեւայլ գաւառներու մէջ, բայց արդի ժամանակը բաւական չափաւորուած է, եւ այս զգաստութեան շնորհը` յայտ է որ դպրոց եւ ուսմունքը իրենց լուսով փոքր ի շատէ ծաւալեցին մեր ժողովրդոց վերայ. եւ ժամանակին անձկութիւնը պարտաւորեց Հայաց աղքատ ընտանիքը իրենց յոռի ընթացքը ուղղել, եւ թողուլ նաեւ եօթնօրեայ հարսանիքը, այն զեղխ ու շռայլ ծախքերը. որ միայն ուտելու եւ խմելու համար կը պատրաստուէուէին. հարսանեաց տունը իւր ամէն լիութենէն կը դատարկուէր։ Ո՛վ չի գիտեր թէ եօթնօրեայ հարսանեաց պատրաստութիւնը բաւական կը լինէր թերեւս մի ընտանիքը մինչեւ երկու տարի չափաւոր կեանքով պահել։ Ես չեմ յիշեր մեր գաւառացի ազգայնոց թէ քաղաքացի եւ թէ գիւղացի ընտանեաց այն մասն. որ պարտքով հարսնիքը կ»ընեն. պարտքով այդ անպէտ ծախքերը կը հոգան. կ»անցնի հարսանիքը, եւ ուրախութիւնը կը տեւէ մի փոքր ժամանակը. եւ ահա փեսան կը պարտաւորի թողուլ ընտանիքը եւ նորահարսին ամուսնական քաղցր սէրը` երթալ ի պանդխտութիւն, հոգալ իւր պարտքը եւ միանգամայն խեղճուկ ընտանեաց պարէն հայթայթել։ Երկու պսակաւորաց համար այս միջոցն քանի դառն ու դժուարին է. փեսան իւր պանդխտութեան մէջ, հարսն իւր սեւաքօղ առագաստին մէջ. սրտամաշ անձկութեամբ օրերը կ»անցնեն. որոց կեանքը լի է ամենայն դառնութեամբ. մանաւանդ երբ պանդուխտ ամուսին իւր պարտիքը կը մոռնայ, եւ իւր վշտացեալ կինը հացի կեանքէն եւս կը զրկէ, սիրոյ կեանքը զլանալէն յետոյ։ Ես չեմ ուզեր այս կեանքին դառնութիւնը իւր ամէն մասրով նկարագրել. այլ կը թողում այլում տեղւոջ դորա տխուր պատկերը հանել. կը թողում նաեւ որ մեր պանդուխտ եղբարք այդ կեանքին դառնութիւնը ինքնին ճաշակելով զգան. խղճան ու ճանչնան իրենց ամուսնական սուրբ պարտիքները։
       Ժամանակ եւ ժողովուրդի զարգացումն համառօտեց եօթնօրեայ հարսանիքն թէ գաւառաց եւ թէ նոյն իսկ մայրաքաղաքիս մէջ. ուտելեաց եւ ըմպելեաց ընդունայն ծախսերը գրեթէ կը վերջանան հետզհետէ։ Սակայն ժամանակն եւ անկատար ազատ քաղաքակրթութիւնն` զեղխութեան եւ շռայլութեան ուրիշ մասերը աւելի բազմապատկեց, հանդերձի եւ նորասիրութեան այլ եւ այլ պերճանքները. ոսկեկիտուած, ադամանդեայ եւ այլն մեծագին քարերով մատանի, պսակ, ոսկեշղթայ, մանեակ եւ այլ Եւրոպական նորանոր զարդերը մըտցուց մեր ընտանեկան կեանքին մէջ. որով շատ ընտանիք այդ ճոխ հանդերձանաց պատրաստութեան համար ձեռնթափ լինելով` կը կասին ամուսնական կեանքէն. որպէս թէ ադամանդ եւ ոսկեզարդերը` ամուսնական կեանքին համար հացին չափ կարեւոր պիտոյք են։
       Առաւել զարմանալին եւ ցաւալին այն է, որ հասարակ ժողովրդեան ընտանիքն եւս այդ պերճանաց բաղձանքն ունին առանց կշռելոյ իրենց չափն ու վիճակը, կը կարծեն թէ ադամանդն ու ոսկեզարդն անհրաժեշտ օժիտներ են հարսին, եւ թէ այս ինչ կամ այն ինչ հանդերձանքները պէտք են հարսանիք կազմելու համար։ Այդ ապրուստի կարօտ ընտանիքը այնպէս կ»երեւակայեն եւ կ»երազեն միշտ թէ` կօշկակար, երկաթագործ, դերձակ եւ արհեստաւոր ժողովուրդներ կարող են աշխարհիս պալատականաց, հարուստ ազնուականաց հետը մրցիլ եւ նոյն պերճութեամբ ու կեանքով ապրիլ։
       Մենք չենք մեղադրեր, գիտենք թէ մարդոց բաղձանքնազատ եւ անզուսպ է. այլ ի՞նչ օգուտ ունի այդպիսի բաղձանաց ձգտումն. երբ մարդն բուն կեանքի հացէն եւ ամուսնութենէն կը զրկէ։ Ի՞նչ օգուտ ունին նմանապէս հարսանեաց պատրաստութեան այն մեծամեծ հոգերը, երբ ամուսնութենէն յետոյ ընտանեկան կեանքին վերայ բազում հոգերը կը յաւելնուն, հացի աշխատաւորներն մարմնով մաշուելէն յետոյ` չարաչար հոգածութեամբ եւս հոգի եւ կեանք կը մաշեն։ Եւ թէ հարցնես թէ ինչու՞ կը մաշիս, նա քեզ պատասխան կուտայ, թէ կին առի, ամուսնացայ, ծախուց հաշիւ ծանրացաւ. վասն զի ճոխ հարսանիք արարի, Ֆրանսիական սեղան յօրինեցի, թողլով Հայոց գինին, Պօրտոյի շիշերով շատ կենաց բաժակները պարպեցին հարսնեւորք, քսան տեսակ կերակուր եւ ուրիշ անուշեղէն համեմները պատրաստեցի եւայլն։ Թող այս, որչա՞փ գումար վատնեցի` ադամանդի ոսկեզարդուց եւ այլ կերպասեղէն զգեստուց համար։ Ամբողջ դրամագլուխս գրեթէ ոչնչացաւ, երջանիկ պիտի լինէի` թշուառացայ։
       Խեղճ նոր ամուսնացող երիտասարդը անագան ուրեմն կը զղջայ կստրջանայ իւր ընդունայն ծախքերուն համար. երանի՜ թէ նախատեսութեամբ գուշակէր այդ օրը, իւր հարսանիք եւ այլ ամուսնական ծախքերը, ու չտեսնէր այդ նեղ ու դառնաբեր ապագան. որ հարսանեաց ուրախութեան յաջորդող տխուր հոգածութեան կեանքն է։
       Վերջ տանք հարսանեց ճառին, եւ խրատ տանք ձեզ։ Հայոց ընտանիք, նախատես ու սրատես եղիք. այդ չար ապագան հարսնիքէն ամուսնութենէն յառաջ գուշակեցէք. թողէք հարսանեաց զեղխութեան պէտքերը, թողէք զարդուց շռայլական պերճանքները, ճանչցէք պատուական եւ սուրբ ամուսնութեան ճշմարիտ պայմանները. որ ոչ հարսանեաց մեծամեծ պատրաստութիւնքն են, ոչ ոսկին է, ադամանդ է եւ ոչ եւս շքեղ զարդերու ցուցամոլութիւնք։ Դոքա իբրեւ փուշ կը հեղձանեն ամուսնացելոց ծաղկեալ սէրը։ Մի հաւատաք նոցա, որք այնպէս կը կարծեն թէ կնոջ արտաքին շքեղ զարդը` կը յաւելու սէրը եւ կը զօրացնէ, ո՛չ, այդպէս չէ. փորձ եւ աշխարհ վկայ թող լինին, որ զարդն ու պերճանքը սէրը կը նուաճեն. սորա համար է որ շատ անգամ շատ ընտանեաց կեանքէն ծաղիկ սէր կը ցամքի եւ կը թօշնի, երբ կնոջ զարդն ու պերճանք պակսին։
       Ուստի աղօթել պէտք է այդպիսի ընտանեաց համար որ զգաստանան, ամուսնութեան ներքին ու ճշմարիտ սէրը` արտաքին պաճուճանաց հետ չի խառնան. ստոյգ կշռելով եւ համեմատելով. որ զարդի պաճուճանքը ամուսնական անբիծ սիրոյն հետ երբեք կշիռ եւ նմանութիւն չունի։
       Բիւր մեղադրանաց արժանի է այն կինը որ կը դրժէ եւ կը մերժէ զսէր. եւ զարդն առաւել կը խնդրէ։ Իսկ բիւր գովութեանց արժանի է այն կինը, որուն համար զարդ, պերճանք, ադամանդ, ամենայն ինչ իւր ամուսին եւ նորա սէրն է եւ պատիւը։
       Ուստի յորդոր կարդամ հայրաբար բոլոր ամուսնացելոց որ ի բաց թողուն ընդունայն պերճանքներ, որ սեղանին հաց կը բառնան. փոխանակ լիութեան չքաւորութիւն կը տիրէ եւ այնուհետեւ կ»սկսի խռովութիւն, վասնզի սիրոյ կեանք ամրապինդ պահելու համար, միթէ մի գլխաւոր պայմանն եւս հացի կեանք չէ։