Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ժ. ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՊԱՐՏԻՔ ԵՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԱՌՆ ԵՒ ԿՆՈՋ
       Տիեզերաց կարգադիր Արարիչը` բնութեան անյեղլի օրէնքով ինչպէս աշխարհիս ամէն բան կշռով ու չափով կարգադրեր ու հաստատեր է. նոյնպէս առն եւ կնոջ պարտիքը եւ իրաւունք բաժներ է այն օրէն` երբ մարդն աշխարհիս վերայ ծնաւ։ Ոչ ոք կարող է Արարչին կարգադրութիւն շրջել եւ փոխել։
       Նորա իմաստութիւնն է, որ զկին` կին ստեղծեր է, եւ տուեր է նմա ի բնութենէ ծնողական բուռն սէր, մեծագորով սիրտ, դիւրաշարժ զգացումն. որպէս զի զաւակ ծնանի, մայր լինի, մայրական սիրով ու կաթով սնուցանէ զայն։ Եթէ չլինէր կնոջ սրտին մէջ այս հզօրագոյն սիրոյ զգացումն, նա վաղուց կը խուսափէր ամուսնական կեանքէն, յիշելով երկանց ցաւն ու վիշտ։
       Նախախնամութեան ստեղծող հանճարը կինը լի սիրով եւ փափկութեամբ կազմեր է, իսկ այր մարդը հուժկու բազկով ու ուժով. նա եւս հայր եւ ծնող է, սէր եւ ծնողական գորով ունի. միայն թէ կնոջ եւ մայրական սիրոյն հետը կարելի չէ համեմատել։
       Ուստի այր եւ կին իրենց բնական յատկութեամբ եւ չափով միանգամայն Աստուծոյ եւ աշխարհիս ընդհանուր օրինաց համաձայն պարտք եւ իրաւունք ունին, եւ այս այն օրէն կ՚սկսի երբ սուրբ ամուսնութիւնը զայր եւ զկին իրարու հետ կը կապէ կամաւոր եւ ազատ դաշնադրութեամբ։
       Եւ ի՞նչ է այս փոխադարձական պարտք եւ իրաւունք. որ ընդհանրապէս երկու իրաց մէջ կը կայանայ. այն է բարոյական եւ տնտեսական կենաց մէջ հաւասար արդարութեամբ։ Բարոյական առաջին մեծ պարտիք առն եւ կնոջ` ամուսնական սէրն է. զոր ամուսնութեան իրաւունքով փոխադարձաբար կը պահանջեն իրարմէ. զի որչափ սիրէ այր` նոյնչափ խանդակաթ սէր կը պահանջէ իւր կնոջմէն. միայն այս փոխադարձ հաւասար սէրն է, որ սիրոյ կենակից երկու ամուսինները ի միութեան կը պահէ, որոց վերայ նախորդ ճառին մէջ խօսեցանք բաւական. աստ միայն պէտք է ուրիշ մնացած մասերու վերայ խօսիմ, որ ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքին վարչութիւնն է, եւ այս բարոյական վարչութեան պարտք եւ իրաւունքը սուրբն Պօղոս այս կերպով կը բաժանէ։ Նա այր մարդը` գլուխ կ՚անուանէ կնոջ, որով իրաւունք կուտայ, որ գլուխ տիրէ, վարէ, հրամայէ, եւ այլն։ Կնոջ իբրեւ պարտքը հնազանդութիւն կ՚որոշէ. բարձր եւ խորհրդաւոր օրինակ մի տալով թէ ինչպէս եկեղեցին` Յիսուսին հնազանդ կը լինի. նոյնպէս եւ պէտք է, որ կանայք հնազանդ լինին իրենց էրիկներուն։ Թող ոչ ոք այնպէս կարծէ, թէ իրաւախօս Առաքեալը ինքնին իբրեւ հեղինակ եւ դատաւոր այնպէս կը վճռէ ամուսնացելոց պարտք եւ իրաւունքը։
       Ո՛չ. Պօղոս, որ միշտ Քրիստոսի հոգւով կը խօսէր, այս վճռին դասը` հին դրախտի պատժական վճռէն կ՚ուսանի եւ կ՚աւանդէ եկեղեցւոյն։ Քանզի Տէր Աստուած երբ յանցապարտ նախակնոջ համար պատիժ տնօրինեց. որ ցաւով ու տրտմութեամբ ծնի իր զաւակները` յարեց նաեւ այս բանը, թէ «Առ այր դարձ քո լիցի եւ նա սիրեսցէ քեզ»։
       Չգիտեմ մարդ կարո՞ղ է իմաստասիրել, եւ այս բացորոշ խօսքէն հանել սոյն հետեւութիւնը. այսինքն եթէ մեր նախամայր կին առաջին մեղապարտ չը լինէր` անշուշտ իւր հաւասար ազատութեան իրաւունքը պահելով` Ադամայ տիրապետութեան տակ չէր ստրկանար։
       Բայց Յիսուս եւ Աւետարանը կնոջ կորուսեալ իրաւունքը դարձեալ իրեն տուին. որոյ համար կը յայտարարէ նոյն Պօղոս թէ` «Այսուհետեւ չիք խտիր, ոչտրուի եւ ոչ իգի. զի ամենեքեան դուք մի էք ի Քրիստոս Յիսուս։ Որով ցոյց կուտայ թէ ամէն Քրիստոնեայ հաւատացելոցպարտք եւ իրաւունքը միեւնոյն է. հաւասար է Աւետարանի ազատ կրօնին առաջ։ Պօղոսին այս բանը որչափ որ կինը իւր հին ստրկութենէն կը հանէ. այլ չի ջնջեր նորա հնազանդութեան պարտքը, որ բնական եւ բարոյական է։
       Իսկ Եւրոպիոյ քաղաքակրթութիւնը, որ դարձեալ Քրիստոնէութեան շնորհիւ յարգեց այս ազատութեան սկզբունքը` անդր քան զչափն բարձրացոյց կնոջ արժանաւորութիւնը, ճանչցաւ նորա պատիւն եւ իրաւունքը, այն ինչ արեւելեան ազգաց մէջ դեռ շատ մասամբ ստրկացած է խեղճ կնոջ վիճակը իւր ամէն իրաւունքներով։
       Խօսինք այժմ. Առաքեալը երբ կնոջ համար հնազանդութիւն կը պատուիրէ, արդեօք այնպէ՞ս է. ինչպէս ժողովուրդը` իշխանին, զինուոր` զօրապետին, ստրուկ ծառան` իւր տիրոջ։ Ո՛չ այդպէս չէ, կին ոչ հպատակ է, ոչ զինուոր է եւ ոչ ստրուկ ծառայ։ Կին իւր ամուսնոյն ազատ ընկեր ու հաւասար լծակիցն է ամենայն իրաւամբ։ Ուստի կին աղախին չէ. այլ տան տիկին եւ թագուհի. թէպէտ եւ այր մարդ թագաւոր լինի, իշխան լինի, տէր եւ գլուխ լինի, բնաւ իրաւունք չունի եւ կարող չէ այնպէս իշխել, ինչպէս կ՚իշխեն աշխարհիս այլ եւ այլ տիրող գլուխները իշխանական գաւազանով, վասն զի ընտանեկան կեանքին ու վարչութեան մէջ իշխանական սուր ոստիկանութիւն եւ գաւազան չկայ. այլ միայն սէր, խնամք եւ միութիւն։ Եւ ի՞նչպէս կարելի է, որ այր մարդ բռնակալ լինին կնոջ վերայ, չարաչար ճնշէ ու նուաճէ իր կեանքն եւ ընկերը. երբ տիրապէս ճանչնայ թէ կինը բարոյապէս իւր մարմին, իւր սիրտ եւ ոգին է. եւ ամուսնական կապակցութիւնը` մի թիւ է, երկու չէ. եւ միթէ հնա՞ր է, իրաւու՞նք է. որ մարդը ինքզինքը եւ իւր իսկ անձին ազատութիւնը իբրեաւ օտարի` բռնակալէ, մինչեւ իսկ հարուածէ. չարչարէ եւ խեղդէ, կարծելով թէ իրաւունք ունի. որովհետեւ ինքն զօրաւոր եւ ուժաւոր է թէ բազկով թէ բանիւ եւ միանգամայն աշխարհիս ատեանը իւր ձեռքն է. եթէ կին իւր զրկանաց համար բողոքէ. ո՞վ է իւր իրաւունքը լսող եւ դատաստան տեսնող, դարձեալ ինքն դատաւոր ու վճռատուն։ Հոն չէ արդար Յիսուս, որ անտէր կնոջ դատը պաշտպանէ եւ յանդիմանէ փարիսեցւոց անիրաւութիւնը, որ կեղծաւորեցան իբրեւ օրինապահ, մեղաւոր կին մի նորա ատեան հանել ուր տեսնող Դասաւորին առաջը` իրենք կնոջմէն աւելի յանցաւոր ու մեղաւոր էին։
       Սուրբն Պօղոս այր եւ կնոջ դատաստանին մէջ անիրաւ դատաւոր չէ. երբ մի կողմէն կնոջ կը պատուիրէ որ նա հպատակ ու հնազանդ լինի, միւս կողմէն եւս որպէս եւ Քրիստոս սիրեաց զեկեղեցի եւ գանձն իւր մատնեաց վասն նորա»։ Որով կ՚ուսուցանէ բարձրախօս Առաքեալը. այր մարդիկ Յիսուսի սիրոյն եւ անձնանուիրութեան հետեւելով` նորա չափ առաքինանան. ընտանեաց սիրոյն եւ ազատութեան համար մինչեւ ի մահ անձնանուէր լինին։
       Առանց խորհուրդի չէ երբ անձնուիրութեան այս մեծ պարտիքը` այր մարդոյն բաժին կը հանէ Առաքեալը. թերեւս այսպէս ըթ դատի նա. որ աշխարհիս իշխանական իրաւունք, սուր, կռուոյ ասպարէզը` այր մարդոց ձեռքն է, ու փառաց մրցանակը` նոքա միայն կ՚ընդունին. պարտաւոր են ընտանեաց համար մեռնիլ ինչպէս կը մեռնին հայրենեց համար. ու բարոյական հայրենիքն է։ Այրեր միայն չեն մեռնիր. կիներն ալ կը մեռնին, երբ հաւատքի եւ կրօնի համար. միթէ չմեռա՞ն ու գերի չվարեցա՞ն Ե. դարու Հայոց առաքինի կանայք. որոց առաքինութեան հանդէս պատմագրելով կը հռչակէ Սուրբ Եղիշէ Հայրն, եւ Եկեղեցին շատ կին նահատակներն ունի։
       Ուրեմն պէտք չէ բոլորովին տկար համարել զկին, կարծելով` թէ նա մի հողակերտ ու դիւրաբեկ անօթ է. երբեմն հրացեալ երկաթ կը դառնայ երբ Սուրբ Կրօնին, ամուսնոյն եւ զաւակաց սէր զինքն կը բոցավառէ ու կը մղէ առ ամենայն վտանգ։
       Ամուսնական միութեան մէջ այր եւ կինը` մի մարմին է. այլ կինը գլուխ չէ. կը հաւանինք հոգեխօս Առաքելոյն, թէ կնոջ գլուխ այրն է. սակայն ո՛վ կարող է մտաբերել թէ ուրեմն կինը նորա ոտքն է, պատուանան է եւայլն։ Ո՛չ, կին այր մարդոյն նուաստագոյն մասն չէ. այլ նորա կողի բուն միջակէտն է. նորա սրտին հոգւոյն մօտ. յորմէ Արարչապետին իմաստութիւնը խորհրդով մի ոսկր առաւ եւ ամուսնական մարմինը լրացուց։ Եթէ համարիմք, դարձեալ այր մարդ իբր տէր ամուսնական կեանքին մէջ, միթէ իրաւու՞նք ունի խստութեամբ իշխել, տիրապետութեամբ վարիլ, կամ կարծել թէ կինը իւր ստացուածն է եւ կամ արծաթագին ծառայ։ Եթէ զօրութիւն ունի, բուռն են իւր բազուկները. նա միթէ իրաւու՞նք կը ստանայ ջարդել փշրել իւր կողին մի տկար ոսկրը. իւր կեանք բառնալ ու չիմանալ։ Եթէ կը համարի զինքն իբրեւ հանճարեղ, իմաստուն, խոհական, քաղաքագէտ, աշխարհավար եւայլն. իւր պարտիքն է իբրեւ նախաթոռ բազմելով ընտանեկան գերդաստանին գլուխն` կինն եւս իւր խորհրդակից առնելով կառավարեն ի միասին ընտանեկան կեանքը։
       Իսկ եթէ իրաւապէս կը ճանաչէ, որ կինը իւր կենակից ամուսին է, մինչեւ ցմահ դաշնակից ընկերն է. իւր աշխատութեան հաւասար լծակիցն է, բախտին ու ապերջանկութեան մէջ անբաժանելի կարեկիցն է, իւր մահուան ու շիրմին վերայ լացող ողբերգուն է, իւր թողուցած որբ զաւակներուն խնամատար մայրն է. իւր գերեզմանն օրհնող եւ յիշատակն անմահ պահող ջերմեռանդ այրին է. ուրեմն պէտք է գիտնայ, երբ ամուսնասէր կինը այս պարտիքները կատարէ, այլեւս ի՞նչ պարտք կը մնայ։
       Երկու ամուսնացելոց փոխադարձական պարտիքները մինչեւ ի գերեզման տեւելով անդրեւս կ՚անցնին։ Վերը պահանջեցինք այր մարդէն սէր եւ անձնուիրութիւնը. միանգամայնզեկուցինք, որ իւր ուժը եւ զօրութիւնը չը չափէ կնոջ տկարութեան հետը. պէտք է իրաւապէս պահանջենք, որ կինն եւսիւր չափով եւ ուժով անձնանուէր լինի ու հաւատարմապէս հատուցանէ իւր փոխադարձ պարտիքները։ Սէր` սիրոյն փոխան, խնամք` խնամոց փոխան, սիրտ` սրտին փոխան հաւատարմութիւն` հաւատարմութեան փոխան։
       Թող այս, կնոջ համար մի առանձին պատուէր եւս կայ, որ է Առաքելոյն պատուիրած կատարեալ հնազանդութիւն դէպ ամուսին իւր։ Վասնզի երբ այր մարդուն իրաւունք չը տուինք որ նա բուռն գաւազանով իշխէ կնոջ վրայ, նոյնպէս իրաւունք չենք տար կնոջ, եւ ոչմի օրէնք այդ իրաւունքը կարող են տալ, որ կինը անհնազանդ լինի։
       Այո՛, կնոջ պարտիքն է կատարեալ հնազանդութիւն առանց բնաւ սարկանալոյ. չէ թէ այն պատճառ որ նա ընտանեկան կեանքին մէջ անոյժ եւ անդէն թողուած է, այլ առաւել բնութեան եւ խղճի օրէնքը զայս կը պահանջեն ի կնոջէն։
       Այս աշխարհիս վերայ ուժովներ կը տիրեն թէ բարոյապէս եւ թէ ֆիզիքապէս, եւ տկարները բնականաբար կը խոնարհին։ Նոյն կը տեսնամք նաեւ ընտանեկան կեանքին մէջ, յորում կինը ստիպուած է հպատակիլ եւ խոնարհիլ։ Վասն զի ինքն չէ թէ ուժին կողմանէ միայն տկար է, եւ զինակիր բազուկ չունի հապա մտաւորական զօրութիւնն եւս անհաւասար է եւ նոյն մասին մէջ եւս կ՚երեւի յայտնի իւր տկարութիւնն։
       Սորա համար այր մարդիկ կը դատեն զինքն իբրեւ կարճամիտ, անխորհուրդ եւ մանաւանդ անհոգ եւ անհեռատես։ Միայն բացառութիւն համարել պէտք է այն մեծ դիւցազնուհի կիները, որք թէ հին պատմութեան եւ թէ նոր քաղաքակրթեալ աշխարհին մէջ հանճարով ու քաջագործութեամբ փայլեր են եւ այսօր նոր ՚ի նորոյ կը փայլին Եւրոպիոյ այլ եւ այլ ազգաց մէջ իբրեւ դաստիարակ, իբրեւ մատենագիր եւ իբրեւ ժրագլուխ եւ տնտեսող կին։
       Ոչ ոք կը տարակուսի թէ կինն եւս այր մարդուն պէս բանաւոր ու մտաւոր է։ Եթէ մշակուի նորա միտքը` նա կարող է հաւասար յառաջդիմել. բայց նկատել արժան է, որ կինը իւր տկար ոտքով մինչեւ մի փոքրիկ բլուրի գլուխ հազիւ կարող է բարձրանայ. կին կարող չէ Նեւտոն եւ Հերշել լինել երկնից աստեղատունը դիտելու համար։ Գիտութիւնը տաժանելի աշխատութեան վաստակ է. արդէն երկանց վշտով չարչարեալկինն յանձն կ՚առնու այդ գիտութեան ցաւոց երկունքն եւս կրել. եւ միթէ իրաւու՛նք է. որ մայր մոռնայ կաթն մանկան, սէր գգուանք զաւակաց եւ պարապի բարձրագոյն գիտութեան։ Բաւ եւ շատ է նորա հաար դաստիարակութիւն, ընտանեկան կրթութիւն եւ տնտեսութիւն առտնին կառավարութեան։
       Այդ ճանչնալով մեր աշխարհ, մեր ժողովուրդ եւ մեր կեանքը` հարկ է, խոստովանիմք, որ այր մարդիկ եւս պակաս կարճամիտ չեն կնոջէն. եւ նոցա այս կարճմտութիւն պիտի տեւէ, քանի որ մայրեր կարճամիտ են եւ ո՞վ չի գիտեր, թէ կարճամիտէն` կարճամիտ կը ծնանի։ Լուսաւոր եւ քաղաքակիրթ աշխարհը սորա դարման միայն այս գտաւ. որ նախ մայրերու կարճմտութիւն կրթէ ու բժշկէ դաստիարակութեամբ. որպէս զի նոքա կատարեալ եւ առողջամիտ զաւակ ծնանին։
       Երանի՜ թէ երկու կարճամիտ ամուսինները իրարու չպատահէին. որով ընտանեկան կեանքը կը դառնանայ իսպառ։ Եթէ միայն կին կարճամիտ լինին եւ այր մարդ բանգէտ եւ խորհեմ, իւր վերայ կը մնայ բարոյական մեծ պարտիքը, որ ամենայն խնամով ու երկայնամիտ համբերութեամբ դարման տանի իւր կենակցին կարճմտութիւն բժշկելու համար։
       Իսկ եթէ այր մարդն է կարճամիտ, որ յոլով անգամ թէ կը պատահի. յայտ է յայնժամ այդ պարտքը իմաստուն եւ խոհեմ կնոջ բաժին կը մնայ. որ քաղցր հոգատարութեամբ դարմանէ իւր ամուսնոյն կարճմտութիւնը։
       Բարի եւ ժրագլուխ կինը, միայն արժանաւոր ամուսնոյն համար իւր բարոյական պարտքերը չի կատարեր, այլ եւ նոյն իսկ անարժանին համար. որ չէ թէ միայն բնապէս կարճամիտ է, այլ եւ խստաբարոյ, դաժան եւ ստամբակ մարդ է. այսպիսւոյ համար եւս իւր վայելուչ պարտիքները նա չի մոռնար. այլ ի գործ կը դնէ եւ կը ջանայ միշտ իւր ընկերին խստութիւնը ողոքելու. որպէսզի չխռովի ամուսնական սէր, չի վրդովի տան խաղաղութիւն, եւ չը բամբասուի ընտանեկան պատիւն։
       Հարկ չէ կրկնենք. ինքնին յայտնի է թէ սիրաշահական այս պարտիքները միայն կնոջ յատկացեալ չեն. զի մերթ եւս բարի այր մարդուն կը պատահի կին չար, կամակոր, լեզուանի ու անզգամ. յորմէ Սիրաք իմաստուն լաւ կը համարի խոյս տալ եւ անապատին մէջ անընկեր ապրիլ։ Սակայն ճշմարիտ Քրիստոնէութեան սիրոյ եւ մարդասիրական օրէնքը պարտք կը դնէ ամուսնացողին վերայ, որ իւր զընկերը ողոքելով շահի։ Մանաւանդ երբ Աստուծոյ Առաքեալը կը խրատէ. որ հաւատացեալ ամուսին` իւր անհաւատ ամուսին չարձակէ. թէ այր լինին նոքա եւ թէ կին։ Որչափ հնար է, պիտի ջանան նոքա միացեալ կեանքը չի բաժանել. անբաժան կենակցութեամբ ապրիլ եւ միշտ իրարու պակասութեանց համար ներողաբար վարուելով` զիրար ողոքել ու շահել թէ ամուսնական սիրոյն եւ թէ ընտանեկան օգտին ու բարւոյն համար։
       Բաւ կը համարիմ այսքան, թէ առն եւ թէ կնոջ բարոյական պարտուց եւ իրաւանց մասին համար. այժմ կը դառնամ փոքր ի շատէ գրել նիւթական եւ տնտեսական մասին վերայ. յորում միեւնոյն փոխադարձ պարտիքներով պէտք է վարուին երկու ամուսինք հաւատարիմ աշխատութեամբ։
       Երբ կը տեսնամ հողագործի արտի մէջ, որ մի զոյգ ամոլակից եզները լծուելով գետին կը հերկեն, երբ կը տեսնամ, որ միակտուր լծնափայտ` եզներու վզի վերայ հաւասար դրուած է. որպէս զի հաւասար քալեն եւ հաւասար ուժով հարօրը քաշելով վարեն արտն. ճիշդ այս բնական օրինակէն` բարոյական օրինակ հանելով, կարի՛ պատշաճ է ընտանեկան կեանքին մէջ թէ առն եւ թէ կնոջ աշխատութեան պայմանները որոշել ու չափել։
       Ընտանեկան ագարակին մէջ երկու գլխաւոր աշխատաւորներ կան. որոնց համար լծակից բառին նշանակութիւնը շատ յարմար ու ճիշդ է. որ ցոյց կուտայ առն եւ կնոջ հաւասար կեանք եւ ընթացքը։
       Այր մարդ արտաքին վաստակաւորն է. եւ այս է ի սկզբանէ անտի նորա աշխատութեան բաժին ու պարտիքը։ Իսկ կին մարդը` տան տիկինն է. եւ նորա պարտիքն է արդար ու հաւատարիմ տնտեսութիւն։ Այր` հաց ու հանդերձ կը բերէ, կինը կը մատակարարէ. այր շահավաճառութեան խանութ կ՚երթայ, կին առ տնին գործոց մէջ կ՚զբաղի. այր` զանազան դժուար արհեստներու մէջ մարմնով ու մտքով միանգամայն չարաչարկը խոնջի, իսկ կնոջ մեծ ու առանձին արհեստն է տան կառավարութիւն, իմաստուն տնտեսութիւն, եւ մայրական դաստիարակութիւն։
       Եթէ իրաւապէս դատելով խօսինք, աշխարհիս ընդհանուր կեանքին մէջ այր մարդոց աշխատութեան բաժին շատ ընդարձակ, ծանր դժուարին ու տաժանակիր է. մինչդեռ կնոջ բաժին անձուկ շէնքի տակը շրջափակուած` միայն առ տնին աշխատութիւնն է, թող այս, այր մարդ քաղաքականութեան մէջ ամենամեծ ծանր հոգերով կ՚զբաղի. աշխարհ կը կառավարէ, զէնք կ՚առնու, պատերազմի դաշտ կ՚երթայ. արիւն կը թափէ, հայրենիքը կը պաշտպանէ եւայլն։ Մերթ եւս կը ստիպուի գողութեան ոճիր գործել թէ ընտանեաց սիրոյն եւ թէ զաւակաց կարօտութեան համար` որով քաղաքային օրէնքը զինքն առանձին կը դատապարտէ բանտարկութեան պատիժ կրել, որ գողութեան հացն իւր ընտանեաց հետն ի միասին կերաւ։ Թողում, չեմ յիշեր այնչափ զարմանալի գիւտեր, մեծաջան արուեստները. որք միայն այր մարդոցն հանճարին եւ ձեռքին հրաշալիքներն են։
       Արդ իբրեւ մի կողմ այսքան կը ծանրանայ այր մարդուն չարաչար աշխատութեան զբաղանքն եւ հաւասար պարտուց կշռոյն նժարը կը վայրահակի. որով ամուսնական ընկերութեան մէջ` կ՚ընկճէ զկին պարտուց բեռան տակը։ Բայց տեսնանք, միթէ ապիկար կնոջ վաստակն ու պարտիքները թեթեւ՞ են։
       Մենք գիտենք, Մովսէս եւ հաւատքը կը պատմեն թէ վշտահար կինը` Դրախտի օրհնութեան հետը` մի անէծք եւս ժառանգեց. այսինքն ամուսնական սիրոյ քաղցրութեան հետը` ճաշակել նաեւ դառն երկունքը ցաւոց. որով նա դատապարտեալ է իւր ծննդաբերութեան մէջ ցաւ կրել ու զաւակ ընծայել աշխարհի ընկերութեան համար։
       Չգիտեմ, ուղիղ դատաստանեն կը վրիպի՞մ եթէ ասեմ ու վճռեմ կնոջ համար։ Թէ իւր այս անփախուստ ցաւոց պարտիքը` այր մարդուն բովանդակ աշխատութեան դէմ հաւասար եւ շատ է։ Չեմ յիշեր նաեւ, որ մերթ եւս ցաւոց ու վշտաց մայր խեղճ կինը` իւր ծննդական բուռն ցաւոց մէջ կը մեռնի. կամ անմայր կը թողու իւր թշուառ աղեկն ի խանձարուրս կամ հետ իւր ի գերեզման կը տանի։
       Ո՞ւր թողունք ապա կնոջ երկայնամիտ հոգատարութիւն իւր զաւակաց համար. որ ծնան օրէն սկսեալ մինչեւ պատանեկութեան հասակը, նա սրտով եւ կեանքով կը մաշի. այն ինչ հայրը` տղուն լացէն ձանձրոյթ կ՚զգայ, կը զայրանայ եւ փոխանակ փայփայելու` օրօրոցի քովէն փախուստ կուտայ։
       Այո՛, խոստովանիլ պէտք է, թէ ծնողական սրտին ու գորովոյն մէջ` կին կ՚առաւելու քան զհայր միշտ պատրաստ լինելով` անտրտունջ կրել զաւակաց ցաւն ու կարիքը. մանաւանդ երփ ճշմարիտ ու հոգացող մայր է եւ լիովին կը ճանչնայ իւր մայրական պարտիքները։
       Բայց իրաւունք կը պահանջէ, որ սա եւս խոստովանիմք. զի երբ կնոջ երկայնամտութիւն առտնին անձկութեան մէջ կ՚ամփոփի. այր մարդուն մտածութիւնը` խիստ կ՚ընդարձակի արտաքին զբաղանաց չարաչար հոգերով, յորս այնպէս կը տեսնուի փորձիւ, որ կինն անհոգ է եւ այս անհոգութեան համար չարաչար կը դատեն զինքն։ Սակայն ես խօսիմ, դու դատաստան արա, ուշիմ ընթերցող. կնոջ անհոգութիւնն ի բնութենէ՞ է, թէ այր մարդիկ թողեր են, որ կինը անհոգ լինի ու չմտածէ, թէ ընտանեկան սրահէն դուրս ի՞նչ կայ աշխարհիս մէջ եւ ի՞նչ կը գործեն այր մարդիկ։
       Ես այնպէս կը կարծեմ, որ կնոջ անհոգութեան պատճառը մեծ մասամբ այր մարդիկ եղած են, որ կամ այրական, ինքնահաւան հպարտութեամբ կնոջ կարեւորութիւն չտալով` նա սովորեր է անհոգ մնալ. կամ մեծամտութեամբ ստրկութիւն եւ նուաստութիւն կը համարին կնոջ խորհուրդ տալ, կամ առնուլ. եւ կամ օրուան ձախորդ անցքեր պատմել եւ ցոյց տալ իւր վիճակի կաթութիւնը։ Թող այս, շատ անգամ սնապարծ լինելով` կնոջ անհոգութիւնը աւելի ընդարձակեր են։
       Ուստի կինը իւր անհոգ վիճակէն հանելով` ընտանեկան հոգածութեան մէջ կրթելու համար, այր մարդիկ պէտք է զայն արժանի համարին իրենց խորհրդակցութեան, ամօթ եւ նուաստութիւն չհամարին իրաց վիճակը ստուգութեամբ խօսիլ ու խոստովանիլ։
       Եթէ այր մարդոց իրաւունքն է ընտանեկան ու առ տնին գործոց վերայ խելամուտ լինել. միթ կնոջ իրաւունք չէ՞ արտաքին իրաց վերայ տեղեկութիւն ստանալ ու գիտնալ թէ այր մարդիկ ի՞նչ կը գործեն աշխարհիս կառավարութեան ու շահավաճառութեան մէջ։
       Ստոյգ է որ առն եւ կնոջ իւրաքանչիւրին աշխատութիւնները յատկացեալ են, զոր ի վեր անդր գրեցինք այլ համական խորհրդակցութեան մէջ երկուքն եւս պարտական են իրենց հաշիւները տալ. մին` վաստակին համար եւ միւսն` տնտեսութեան։ Առանց այս հաշւոյն երկու ամուսնեաց պարտուց եւ իրաւանց կշիռը կը շփոթի. շատ անգամ երկու կողմի պարտազանցութիւնք կը ծածկուին. այնուհետեւ այր եւ կին կը ջանան միշտ կեղծելով զիրար խաբել. միշտ ներքին վիճակը իրարմէ պահել եւ առերեւոյթն ցոյց տալ։ Այլ մինչեւ յե՞րբ, կարօտութեան դժբախտ օր կը հասնի, նոքա կը ստիպուին խօսիլ. մին կը խոստովանիլ, թէ շահավաճառութեան մէջ կորսնցուցի, գանձարանիս մէջ դրամ չի մնաց. եւ միւսն թէ տաշտին մէջ հաց չիկայ. մառանը պարպուած է. սնտուկիս միջի թանկագին օժիտներս վաղուց ծախած եմ, իմ այլ եւ այլ պէտքերս հոգալու համար։
       Ուրեմն պարտազանց է այր, որ իւր կեանքի ու գործոց վիճակը թագուցանելով, չի թողուր որ իւր կենակիցն` իւր հետ հաւատար ընտանեկան կեանքին վերայ հոգածէ։ Պարտազանց է կինը, որ իր ամուսնոյն հոգածութեան բաժանորդ չի լինիր։
       Պարտազանց է այր որ հեղդ ու պղերդ է իւր բաժին աշխատութեան մէջ. որ կը մոռնայ ընտանեաց հացն, կամ կը դեգերի գինարբուաց հետը կամ իւր հաց անառակ կեանքով կը վատնէ ու կը զրկէ ընտանիքը։
       Պարտազանց է կին, որ աշխատող ու ժրագլուխ չէ. որ իւր էրկան դառն քրտինքով վաստկած հացն` ուղղութեամբ ու խնայութեամբ չի անտեսեր. այլ կամ նենգութեամբ խորելով եւ կամ զեղխութեամբ շռայլելով` յումպէտս կը վատնէ հացի առատութիւնը, երբէք չմտաբերելով թէ իւր ամուսինը քանի՞ տաժանութեամբ այդ հացն վաստկած է. զօրահանապազ ծովու եւ ցամաքի վերայ տքնելով տառապելով։ Ես չեմ յիշեր, թէ ի՞նչպէս նոքա երբեմն կը ստիպուին ընտանեկան պիտոյից համար անպատիւ միջոցները ի գործ դնել. շահավաճառական գործոց մէջ խարդախութիւն խառնել. եւ ընտանիքը թշուառութենէն ազատելու համար` ուրիշի ընտանիքը թշուառացնել եւայլն։ Որք մերթ եւս կամ յուսահատ զգացմամբ. անձնասպան կը լինին, լաւ կը համարին մահուամբ խփել իրենց աչքը քան տեսնալ ընտանեաց ողորմելի կեանքն ու թշուառութիւնն։
       Պարտազանց է այր որ իսպառ կը մոռնայ ծնողական գութն, տուն եւ ընտանիքը, մեռցնելով իւր խիղճն ու պատիւ. ի բաց կը թողու կենակից ամուսինը եւ ընտանեկան պարկեշտ կեանքը` կ՚երթայ ու կ՚ապրի անառակ ընկերութեան հետը, կը վատնէ իւր ամէն ինչքը կեանք, պատիւ ու հարստութիւնը. վերջապէս վատթարութենէ ի վատթարութիւն երթալով` նա օր մի կը մեռնի օտար փողոցներու անկիւնը առանց ընտանեկան ոգոյ, ու չարժանանար փառաւոր թաղման ու հայրենի գերեզմանին։
       Բիւր անիծից արժանի է այնպիսին, որ կ՚ուրանայ ընտանիքը. զոր Պօղոսը` հաւատուրաց ամբարիշտ կը կոչէ։ Այո՛, այնպիսին հանապազ նզովք կ՚ընդունի ընտանեկան տաճարէն, որ կարճի այնպիսւոյն կեանքը, նա շուտ բարձուի աշխարհէս, որ նախատինք է ոչ միայն ընտանեաց, այլ մարդկային ընկերութեան։
       Տակաւին շատ ու բազմապիսի են ամուսնական կեանքին մէջ առն եւ կնոջ իրաւունք, պարտք եւ պարտազանցութիւնք. այլ մեք այսչափ միայն յիշատակելով շատ կը համարիմք եւ կը թողումք, որ պակաս մնացելոց վերայ` կենակից ամուսինք ինքնին իմաստասիրեն. ճանչնան ու գիտնան իրենց պարտիքները ու խորշին ամենայն պարտազանցութենէ։