Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Է. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԿԵՆԱԿԻՑ ԱՄՈՒՍՆՈՅ
       Ինչպէս տեսանք դրախտի ընտանեաց նկարագրին մէջ, որ Տէր Աստուած թոյլ տուաւ Ադամայ որ ինքնակամ ազատութեամբ ինքն իւր կենակից ընկերն ընտրէ եւ երբ նա ընդ այս դժկամակելով վարանեցաւ` չգտնելով մի պատշաճագոյն ընկեր տարասեռ անասնոց կարգէն, յայնժամ խնամակալն Աստուած կինն ի կողէմ ընտրելով` հարսնացոյց Ադամ փեսային հետ. որ իւր անդրանիկ ստեղծուած ամենասիրելի որդին էր։ Եւ ով պիտի լինէր Ադամայ համար հարսնընտիր հայր, երբ նա ամուսնական ծնողք չունէր. մի միայն իւր ծնողք եւ հայր Արարչապետին խնամակալութիւնն էր։
       Ուստի կենակից ամուսին եւ հարսն ընտրելու իրաւունքը` ամուսնացող փեսային անժխտելի իրաւունքն է. ինչպէս եւ հարսին անբռնադատ եւ յօժարամիտ հաւանութիւնն։ Վասն զի հարսն ստրուկ չէ, այլ իբրեւ ազատ ընկեր իւր փեսային, նոյն հաւասար իրաւունքն ունի, որ իւր ազատակամ հաւանութիւնը նա եւս նուիրէ փեսային։ Որոյ գեղեցիկ օրինակը կը տեսնամք Ռեբեկային վերայ. զի երբ հարսնախօս ծառան Աբրահամու Եղիազար կը պնդէր առանց յապաղելոյ հետեւեալ օրը Ռեբեկայն առնելով ճամբայ ելնէ, հարսին ծնողք եւ եղբայր Լաբայն աղաչեցին զինքն որ կոյսն Ռեբեկայն այլեւս տասն օր մնայ իւր հօր տունը. եւ երբ չկարացին համոզել զինքն` պատճառեցին Ռեբկայէն եւս հարցնել թէ կը յօժարի` երթալ. թերեւս այնպէս կարծեցին նոքա որ կոյսն առաւել ընտրէ ծնողական սէր քան փեսային անձկութիւնը։ Եւ երբ կանչելով կը հարցնեն թէ երթա՞ս, պատկառոտ կոյսն իսկոյն կը պատասխանէ, այո՛ կ»երթամ. եւ իսկոյն ծնողք զիջանելով կ»ուղեւորեն զիրենք։ Այս հարսնախօսութեան դէպքը իմաստասիրել կուտայ մեզ թէ նահապետական դարուն մէջ կինը որչա՞փ ազատ էր. կնոջ ազատութիւնը շատ հին իրաւունք է. Եւրոպիոյ իրաւագիտութիւնը զայն նոր չի հնարեց, այլ միայն վերանորոգեց։
       Բայց կարող չենք ժխտել թէ ծնողք եւս մեծ իրաւունք ունին այս պարագային մէջ. իբրեւ հայր ու մայր, իբրեւ փորձառուք եւ խելահաս։ Վասնզի բազում անգամ տեսնուած է. անցելոյն եւ ներկային մէջ շատ ապացոյցներ կան, որ թէ փեսացու երիտասարդն եւ թէ կոյսն յոլով անգամ կը վրիպին իրենց ազատակամ ու եռանդավառ ընտրութեան մէջ։ Իսկ ծնողաց ընտրութիւնը դուն ուրեք կը սխալի եւ սորա պատճառը խիստ պարզ է. վասն զի թէ երիտասարդն եւ թէ կոյսն գրեթէ միշտ կրից բերմամբ եւ բուռն սիրոյ զգացումով կը տեսնան ու կը դիւթէ զիրենք։ Իսկ ծնողք ծանր խորհրդով ընդ երկար հետազօտութեամբ հազիւ ուրեմն կը հաւանին եւ կ»ընտրեն։ Այլ ես կը խօսիմ այնպիսի ծնողաց համար, որ արդարեւ ընտանեաց գլուք բարի հայր եւ բարի մայր հանդիսացած են, եւ որ արթուն եւ աչալուրջ են, գիտեն լաւապէս որոշել իրենց զաւակաց ամուսնութեան բախտն։ Բայց շատ մեղադրանաց արժանի են այն ծնողք, որ կամ աչալուրջ եւ խոհական ընտրութիւն չունին եւ կամ այլ եւ այլ շահու եւ գաղտնի հանգամանքներէ ստիպեալ իրենց զաւակները նոյն իսկ իրենց ձեռքով գոհ կուտան անյարմար ամուսնութեամբ չխնայելով եւ չնախատեսելով ապագայ ընտանեկան աղէտն։
       Ամուսնական ընտրութեան մէջ առաջին զգուշաւոր պայմանն է, որ առանց արենակցութեան լինի ինչպէս օրինադրած է Աստուածային օրէնքը եւ Եկեղեցւոյ հարց կանոնական սահմանը։ Այս օրէնքը թէեւ կարծեն ոմանք թէ դրական է, կամ մարդոց մտացածին գիւտ. սակայն ոչ միայն բնական է, այլ եւ բանաւոր մարդոյն համար նուիրական եւ սուրբ է. նովաւ է, որ մարդոյն ազնուութիւնը կը բարձրանայ եւ կը զանազանի անազգի եւ խառնազոյգ անասնոց կարգէն եւ քաջառոյգ կը բեղմնաւորին ընտանեկան պարտիզին մատաղատունկ ծառերը։ Արենակցական ամուսնութիւնը ոչ միայն Եկեղեցւոյ օրինաց բարոյապէս հակառակ է, նաեւ բնապէս վնասակար է ազնուասերունդ ընտանիք կազմելու. եւ առ այս միաձայն կը վկայեն հին եւ նոր աշխարհ, տգէտ եւ իմաստուն առ հասարակ. եւ արդի ժամանակիս քաջափորձ բնագէտներ եւ բժիշկները փորձով կ»ապացուցանեն ազգակից ամուսնութեան չար հետեւանքները։
       Որչա՞փ անբարի է մեր ժամանակը, յորում այս վսեմ օրինաց գիրը սկսեր է հետզհետէ եղծանիլ եւ հին զեղծմունքն օր ըստ օրէ կը բազմանայ ազգին մէջ. զոր վերջացուց Մեծն Ներսէս, եւ տաժանելի աշխատութեամբ հազիւ հաղ կարկատեց այդ օրինաց ցանկը։ Այլ գիտե՞ս, ուրշիմ ընթերցող, թէ ո՞յք էին Հայոց ազգի կարգէն այդ Աստուածագիր ցանկ խրամատող ձեռք. հասարակ ժողովուրդ չէր, աղքատ ընտանիք չէին. հապա Հայոց նախարարներ եւ իշխանազուն ընտանիքը. որք առանց ակնածութեան կը հեստէին Եկեղեցւոյ սահմանադրութեան դէմ եւ հայրապետին հովուական գաւազանը խորտակելով` կ»ամուսնանային. զաւակները կ»ամուսնացնէին մերձաւոր ազգախառնութեամբ եւ սորա պատճառը չէ թէ միայն իշխանական պերճութիւնն էր, այլ առաւել վատ ագահութեան նախանձը. որ տոհմական հարստութիւնը պահուի ու չժառանգէ զայն ժողովուրդին արժանաւոր զաւակը։
       Դատեցէք, ժողովուրդ Հայոց, այս եղծումն, որ այժմ եւս կը տարածի ազգին մէջ. ով է պատասխանատու. նոքա որ սոնաքացեալ հպարտանալով իրենց զօրութեան վերայ կը ստահակին այս օրէնքին դէմը, չէ մենք եկեղեցւոյ պաշտօնեաներս, որ չկրելով մեր այն վեհ նախնեաց սաստող ու նախանձաւոր հոգին` անկարող կը լինիմք հսկել օրինաց ցանկին վերայ. այլ կը խոնարհիմք ժամանակի կեղծաւորութեան հետը եւ սորա անունը կը դնեմք խոհեմութիւն, քաղաքականութիւն, ժամանակի պահանջման վարմունք, եւ մերթ եւս երբ յաջողի օրէնք ծանրագնով վաճառել, այդ եւս կը համարիմք մեզ համար պարծանք, գործունէութիւն եւ ազգին շահաբերութեան մի գիւտը։ Երբ ապիկար հովիւներս գաւազնին իրաւունքը մի կողմ դնելով` կը թոյլատրեմք, որ գործադրուին այդ զեղծումները, դու միթէ իրօք կըսրտմտի՞ս, ժողովուրդ հայոց։ Այո՛ պահ մը կը զայրանաս, կը բամբասես կղերը` ցոյց տալով թէ օրինաց շատ նախանձաւոր ես. շուտ կ»անցնի քո այդ զայրոյթ, դու յետոյ կը մեղմանաս ու կը մոռնաս առջի դատասանդ ու կը սկսիս զմեզ եւ մեր օրինազանցութիւնը գովել, թէ ժամանակի ազատութեան համեմատ վարուեցաւ, թէ ազգասիրութիւն գործեց, հոգ չէ թէ օրինաց փոքր ինչ քանդուեցաւ. ազգին նիւթական շահն եւս նկատել պէտք է եւայլն։ Թողունք այս դատաստանը ուրիշ անգամ տեսնալու, դառնանք ճառիս նպատակին վերայ։
       Ամուսնական ընտրութեան երկրորդ պայմանն է համեմատութիւն երկուստեք կողման հանգամանաց. համեմատութիւն հասակ առ հասակ, համեմատութիւն վիճակ առ վիճակ, համեմատել պէտք է նաեւ երկու ամուսիններու բարքն ու վարք. եւ երկու անմերձաւոր ընտանեաց կեանքն ու յարմարութիւնը։ Ամենայն զգուշութեամբ երկուստեք կողմէն նախապէս զուգակշռել պէտք է այս կարեկոր հանգամանքները ու այնպէս հաւանութիւն տալ իրարու։ Ապա թէ ոչ` շատ անգամ ինչպէս յաճախ կը տեսնամք ընտանեկան կռիւներ, բաժանումներ, անյարմար ու անպատշաճ խնամութենէն յառաջ կուգան ու կը խանգարեն ընտանեկան հանդարտ ու խաղաղ վիճակը։ Այս դժուարին ապագայէն ազատելու համար, նոր խնամի եղող ընտանեաց պարտիքն է, որ չը մոռնան երբէք համեմատութեան չափն ու ճշդութիւնը, գիտնալով թէ բովանդակ տիեզերքը համեմատութեան չափով կը կառավարուի։ Որչա՞փ անբնական է եւ մեծ խիղճ, երբ բռնութիւն կամ հրապոյր եւ կամ թէ շահ կը ջանան իրարու հետ պատուաստել երկու ամուսինները, որ մին դալար նորատունկ է եւ միւսն հինաւուրց հաստացեալ ծառ, որ աշնան մօտ է, իւր տերեւներ դեղնած պիտի թօթափին, բունը փտած է, եւ ստեղունք գօսանալ սկսած են։ Օրհնեալ լինին մեր եկեղեցւոյ սահմանադիր Հայրերը, որ օրինօք հաստատեր են կոյս ընդ կոյսի, այրին ընդ այրւոյ։ Ամուսնութեան այս համապատշաճ օրէնք դեռ մեր հայրենի գաւառներէն շատերը երկիւղածութեամբ կը պահեն։ Իսկ Պոլիս եւ ուրիշ ծովեզերեայ քաղաքները այդ օրէնքը իբր հին ու անպէտ համարելով բարձի թողի եղած է ժողովուրդէն եւ միանգամայն եկեղեցւոյ հայրերէն։
       Եթէ մէկն յառաջ բերէ, եթէ որ կտրիճ նորապսակ երիտասարդ մը ամուսին մեռնի տարաժամ, նա պարտաւ՞որ է մի այրի կնոջ հետ ամուսնանալ։
       Այդ հարցմանն` ես ալ մի հարցումն յառաջ բերեմ, եթէ նոյնպէս ապաժամ մեռնի փեսայն` այրի մնայ իւր հարսն, որոյ կեանք նոր բացուած գարնան պէս դեռ ծաղկահասակ, կաղաչեմ, որ խօսիս ի՞նչ է քո արդար դատաստանը, դու որ խիղճ կ»ընես նորատի փեսային համար. նոյն խիղճ չե՞ս զգար նորածաղիկ հարսին համար, եւ կ»ուզես, որ նա անամուսին, անպտուղ սեւաքող երթայ մինչեւ ի գերեզման։ Եթէ փեսայն կ»անձկայ որ դարձեալ կոյս ամուսին մի առնէ կամ ինքն կուսին փեսայ լինի. արդեօք այրի հարսն իրաւունք չունի՞ այդպէս անձկանալ. բիւր անգամ երջանիկ կը համարի զինքն, եթէ բախտաւորի. թող կոյս փեսային` գէթ այրի փեսային ամուսին լինել։ Մեծ զրկանք է այս կանանց սեռին. մեծ ոճիր է տառապեալ այրիներուն, քանի որ աշխարհիս դատաւորները այր մարդիկ են։ Խօսքիս միտքը չը լինի թէ խեղաթիւրես, մտադիր ընթերցող, ես չեմ ասեր, որ կիները դատաւորական աթոռ նստին, այլ ասել կ»ուզեմ բանին ճշմարտութիւն, որ ալեւոր դատաւորները, այս դատաստանին մէջ աչառելով կը վարին, եւ այս բարոյական հարստահարութիւնը տակաւին պիտի ծանրանայ շատ մանկամարդ կիներուն վրայ, քանի որ ժամանակ յոռի ազատութեան զեղծմունքներ կը յաւելու։
       Հարսնընտրութեան կարեւոր պայմանները այսչափ միայն յիշելով` խօսինք այժմ Նշանադրութեան խորհուրդին վերայ որ հանդերձեալ պսակին նախօրհնութիւնն է. զոր կը կատարէ Եկեղեցին հանդերձ վկաներով, ցոյց տալով հրապարակաւ թէ խօսեցեալ կոյսն նշանեցաւ մի երիտասարդի համար. այլ եւս ոչ ոք իրաւունք ունի ուրիշի համար խօսել կամ նշան տալ։
       Նշանադրութեան խորհուրդ շատ հին աւանդութիւն է, եւ կը տեսնամք զայն նահապետական ընտանեաց մէջ։ Աբրահամ նահապետ իւր հաւատարիմ Եղիազար ծառայն ի Խառան կը ղրկէ իւր հայրենի ազգատոհմին տունը, որպէս զի Իսահակայ որդւոյն համար հարսնախօս լինի։ Տէր կ»առաջնորդէ հաւատարիմ ծառային։ Խառանու ջրհորին գլուխ կը գտնէ պարկեշտ Ռեբեկայն, հոն Եղիազար կը հաւատայ թէ կոյսն ըղձակաթ է իւր փեսային. այլ եւս չսպասեր ծնողաց հաւանութեան. իսկոյն կը նշանէ դնելով ատնին ի մատն եւ ապարանջաններն ի բազուկ. որ ի կողմանէ փեսային կ»ուղերձի առ հարսն իբրեւ ի նշան հաւանութեան եւ սիրոյ։ Այս ընտանեկան պարզ ու անկեղծ սովորութիւնը, որ Աբրահամէն յառաջ թերեւս Նոյի ընտանիքէն սկսեալ մինչեւ ցայսօր աւանդաբար հասած է։
       Երանի՜ թէ մեր հարսնախօսք Եղիազար ծառային պէս հաւատարիմ լինէին, առանց կեղծելոյ, առանց նենգելոյ, առանց ոեւիցէ խարդախի միջոցներ ի գործ դնելոյ` սրտի պարզութեամբ կատարէին այդ զգուշաւոր պաշտօնը որ ընտանեկան միութեան առաջին կապն է. զոր պէտք է ամենայն հաւատարմութեամբ եւ լի սիրով ամրապնդել։
       Նշանադրութենէն յետոյ` նշանուած կուսին սուրբ պարտիքն է, իւր աչքի խանդակաթ սէրը դարձնել միայն Նշանի մատանւոյն վերայ. յիշել, միշտ յուշի պահել թէ ինքն նշանուած է, հարս պիտի լինի. այլեւս չիկայ աշխարհիս վերայ իրեն համար ուրիշ ոք բաց իւր փեսայէն, որոյ միայն պէտք է նուիրէ իւր մաքուր կուսական սէր։
       Այս պարտիք փոխադարձական է, ոչ միայն հարսին համար, եւ փեսային. որ թէպէտ ինքն աւելի ազատ է, ազատրար կը շրջի ամենուրեք հրապարակի մէջ, այլ պէտք է փակէ իւր աչքը, ամփոփէ իւր միտքը, պահէ իւր սրտին ամբծութիւնը եւ ոչ զոք տեսնալ ուզէ բացի իւր նշանած կուսէն։ Նա թէպէտ չունի մատանի յուշարար, ոսկի եւ ադամանդ. մատանի իւր հզօր սէրն է, որով կը կապէ նա իւր անձկալւոյն հետը, մահ եւ աշխարհ կարող չեն զայն քանդել, եթէ չքանդէ իւր ձեռք եւ մերթ եւս նենգաւորին դաւ։
       Արեւմտեան քաղաքակիրթ ազգաց մէջ իբրեւ ընտանեկան սովորութիւնը` թոյլատրուած է. նշանուած կոյսն եւ երիտասարդն ամուսնութենէն յառաջ կարող են իրարու հետ յաճախ եւ ազատաբար տեսնուիլ, խօսիլ եւ զբօսնուլ ընկերութեան մէջ եւ առ տնին։ Պոլսոյ եւ ուրիշ մի քանի քաղաքաց մէջ եւս մտեր է այդ ազատ վարմունքը եւ հայ ընտանիքն եւս սկսած են սոյն ազատութեան փափաքիլ։ Սակայն այսպիսի ազատ վարմանց ու տեսութեանց մէջ, կատարեալ կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն պէտք է, առաւել եւս կրօնի երկիւղածութիւն եւ պատկառանաց շնորհը։
       Թող չպարծի արդի աշխարհ թէ իւր ուսեալ եւ կրթեալ զաւակները Յակովբ նահապետի չափ ժուժկալութեան շնորհ ունին. որ եօթն տարի ամբողջ իւր նշանած ու սիրեցեալ Ռաքէլին համար հովուական ազատ կեանքով ժուժկալեց Խառանու արձակ դաշտերուն մէջ։ Այս պարզ հովուին սքանչելի ժուժկալութեան վերայ չգիտեմ արդի ազատավար երիտասարդութիւնը ի՞նչ դատաստան կ»ընէ, կը զարմանա՞յ, թէ ծաղր կ»արձակէ որ Յակովբը ապուշ ու անզգայ մարդ եղեր է։
       Իսկ մեր հայրենեաց այլ եւ այլ գաւառներու նախնական սովորութիւնք մանաւանդ քաղաքներու մէջ դժուարութեամբ կը թոյլատրեն այդ ազատ վարմունքը։ Բայց շինական կեանքի մէջ բնապէս եւ առ հարկի ազատ թողուած է թերեւս նահապետական գործէն ի վեր։ Վասնզի գեղերու փոքր, վիճակ, դաշտային ազատավայր կեանք եւ աշխատութիւն միշտ կը ներեն, որ գիւղի աղջկունք բացերես խառն շրջին երիտասարդաց հետ. որոց համար գիւղական պարզ կեանք դաշտեր, լեռներ, աղբիւրներու գլուխները կը համարուին իբրեւ հասարակաց պարտէզ. ուր ընկերաբար կը վարին կը տեսնուին եւ կը խօսին. միայն թէ նշանուելէն յետոյ` կոյսն պարտաւոր է իւր պատկառանաց քողով ծածկուիլ միշտ ի պատիւ փեսային. եւ միանգամայն ցոյց տալով թէ ինքն նուիրեալ է եւ այլ եւս ազատ չէ։
       Բայց դարձեալ գիւղական պարզ ընտանեկան կեանքն եւս ազատ չէ պատահական զեղծմունքներէ. ուր մերթ ընդ մերթ առեւանգութիւնք կը լինին. որոց ըստ մեծի մասին պատճառը ծնողաց խստասիրտ յամառութիւնը եւ ընծայասիրութեան բաղձանքն է, որ շատ ու զանազան պարգեւները կը պահանջեն փեսային կողմէն. որով միայն կը զիջանին եւ կը հաւանին իրենց աղջիկը տալ։ Եւ երբ այս վատ սակարկութիւն չի յաջողի եւ միւս կողմէն երբ կոյսն ու երիտասարդը սրտիւ կապուած են իրարու հետը, անշուշտ սէրը կը յաղթահարէ եւ առեւանգող երիտասարդը մեղադրանաց արժանի է, այլ առաւել մեղապարտ կը համարուին աղջկան ծնողքը, որ իրեն ազատ զաւակը իբրեւ գերի ստրկաբար ի վաճառ կը հանեն ոտնահարելով մարդոյն եւ սիրոյն պատիւը. որոց թանգ եւ արժանաւոր գինը` միայն փեսային բարոյական արժանիք եւ սէրն է եւ ոչ թէ ուրիշ նիւթական վճարք։
       Կարգ եկաւ, չի մոռնանք. խօսինք նաեւ Պոլսոյ եւ ուրիշ քաղաքաց ընտանեկան այս նորամուտ, օտար ուսումն եւ վատթար սովորութեան վերայ. որոյ սակարկութեան եղանակն առաւել պարսաւելի է։ Վասնզի անդ երբ գաւառացի գիւղական ընտանիքը հարսնախօսութեան մէջ իրենց աղջիկները ի վաճառ կը հանեն. աստ քաղաքակրթութեան մէջ բնակող ընտանիքը` երիտասարդները ի վաճառ կը հանեն։ Ձեզ հրաւէր կը կարդամ ազգի դատաւորները, դատեցէք ու վճռեցէք. այս երկու վաճառահանութեան եղանակէն ո՞րն է առաւել վատթարագոյն, երկուքն եւս հաւասար ստրկութիւն չէ։ Սակայն շինական ընտանիքը, ուր ռամկավարութեամբ հանդերձ թերեւս արդարանայ քաղաքակրթութեան առաջ. որ կնոջ պատիւ եւ արժանաւորութիւնը բարձրացոյց. գուցէ բնապէս զգալով այս գիւղացի ժողովուրդը թանկագին վաճառել կ»ուզէ զայն։ Իսկ մեր քաղաքակիրթ ընտանիքը երբ երիտասարդները ի վաճառ կը հանեն ի՞նչ միտք ու նպատակ ունին. արդեօք այնպէս կը համարին թէ այր մարդ առաւել բարձր ու թանկագի՞ն է, յառաջ բերելով այն բանը` թէ Պօղոս գնահատեր է. այրմարդը` գլուխ կնոջ անուանելով. անշուշտ գլխոյն պատուականութիւն բարձր է. պէտք է մեծագնի վաճառել։ Երանի՜ թէ այդպէս լինէր, այր մարդիկ ճանչնային իրենց նախապատւութեան պարտիքը, ճանչնային ամուսնական սիրոյն անգին արժանաւորութիւնը եւ զայն չփոխէին նիւթական դրամին եւ ընչից հետը։
       Այլ գիտեմ ես, ձեր նպատակն այդ չէ, ո՛վ դուք շահավաճառ ընտանիքը. կ»աղաչեմ մի զայրանաք, թէ այս անունով կը կոչեմ ըզձեզ. շահագիտութիւն հրապարակի վաճառանոցէն ելաւ եւ ձեր սիրտը մտաւ, ամուսնական սէրը մեռցուց. ամուսնութիւնը առեւտուրի փոխեց. դուք օրիորդին չափազանց օժիտներով կամ սակարկեալ գումարով եւ այսպիսի անարգ ու նուաստ միջոցներով կ»ուզէք ձեր որդւոց ապագայ կեանք պատրաստել։ Մեր իմաստուն նախահայրը միայն մի անօժիտ կին բաւ համարեց իբրեւ իւր կենակից ընկեր եւ զայն բարոյական կեանք կոչեց։ Դուք Աստուծոյ այս պարգեւածկեանքը շատ չհամարելով` կ»ուզէք որ կնոջ բերած նիւթական կեանքո՞վ ապրիք. կ»ուզէք որ կինը իւր հաց, իւր հանդերձը, իւր հայրենի տնէ՞ն բերէ։ Վա՜շ, որչա՞փ շատ գոհ կը լինիք եթէ իւր էրկան համար մեծագումար դրամագլուխ մի եւս հետը բերէ եւ նուիրէ. հոգ չէ թէ կրթութիւն եւ կնոջ վայելուչ արժանաւոր ձիրքերը չունենայ։
       Թողում ձեր ծնողքը, ուղղակի ձեզ հետ խօսիմ, ո՛վ դուք ամուսնացող երիտասարդք Հայոց, չգիտեմ ձեր մայրեր, մայրեր եւ ընտանիքը, ձեր ամուսնութիւնը շահավաճառութեան միջո՞ց կը համարին. եւ բարւոք կը դատին առանց ձեր քըրտանց` ձեր բախտը պատրաստել, դուք կը հաւանի՞ք, կը զիջանի՞ք եւ կը նուաստանա՞ք այնչափ, որ կնոջ հացով ապրիք, կնոջ շնորհիւ ընկերութեան մէջ պատիւ ունենաք եւ յայնժամ պարծի կին թէ ես հարստացուցի զայրս եւ այլն։
       Եթէ ասէք թող մեր կիները մեզ հարստութիւն բերեն. թող նոցա բարոյական արժանաւորութիւնը պակաս լինի. այդ հաշիւը ներկայ աշխարհիս մէջ աւելորդ է. մարդիկ ինչպէս կ»ուզեն թող դատեն։
       Եթէ այսպէս, ուրեմն ցոյց կուտար, թէ պարտուց եւ իրաւանց կշիռ չունիք. պատուոյ զգացումն չունիք, արութեան վայելուչ մեծանձն ոգի չունիք։ Ցոյց կուտաք նաեւ թէ անգործ էք. անարուեստ էք, անվաստակ էք. պարապորդ կը շրջիք, բախտի միայն սիրահար էք հայրենի արհեստները կը մերժէք, ցածութիւն կը համարիք. որպէս թէ մտքով, կրթութեամբ բարձրանալով ազնուացած էք. երկաթագործի, կօշկակարի եւ դերձակի խանութէն անցնիլ չէք ուզեր. դէպի Բարձր դուռը կը հայիք, կառավարութեան պաշտօնեաները կ»ուզէք. դոյզն քրտինքով ամսական առնել կը բաղձանք, չը տեսնալով նոցա վիճակը, որոց կեանքն եւ սկզբունքն այդ է միայն։ Կամ գէթ զիջանելով վաճառականութեան եւ կամ գրագրութեան կը ցանկաք։ Բարի է ձեր այս ցանկութիւնը, միայն թէ դրամագլուխ կը պակսի։
       Արդեօք սորա համա՞ր դուք ամուսնութիւն կը սիրէք. թերեւս այդ միջոցով կարենաք մի դրամագլուխ ձեռք բերել. երանի՜ թէ կարենայիք զայն իմաստութեամբ ի գործ դնել, երանի՜ թէ բախտի այն կորստական հրապարակը մոռնայիք, ընտրէիք միայն հասարակաց շահավաճառութեան վաստակը, ինչ որ արդար եւ ապահով է։
       Երիտասարդք Հայոց, դուք սովորական խօսք մի ունիք, զոր յառաջ կը բերէք իբրեւ իրաւացի փաստ. ուստի տրտունջ բառնալով կ»ըսէք. թէ մենք հարսնցու օրիորդներէն որչափ հարստութիւն պահանջամք, այդ դարձեալ նոցա տարապայման պճնասիրութեան համար է. այլ քննենք արդ թէ պճնասիրութիւնն եւս որո՞ց համար է։ Փաստաբանող կիները քաջ պատասխան կու տան, թէ մեր պճնասիրութեան պատճառը` միայն մեր վայելչասէր բնաւորութիւն կամ խաբուսիկ նորասիրութիւն չէ, ինչպէս կը կարծուի, այլ առաւել այր մարդոց աչքին հաճոյասիրութեան կերպերով հաճոյանալ։
       Ուրեմն յայտ է թէ դուք եւս հրապուրուած էք եւ իրօք կը սիրէք պճնասիրութեան կերպերով հաճոյանալ։
       Ուրեմն յայտ է թէ դուք եւս հրապուրուած էք եւ իրօք կը սիրէք պճնասիրութեան ցոյցերը. միթէ կիներն ապու՞շ են, փորձել չգիտե՞ն։ Ապա թէ ո՛չ իշխանութեան կշիռը ձեր ձեռքն է. չափ ու սահման դրէք. դուք այր մարդիկ էք. կնոջ տիրական գլուխ էք, հեղինակութիւն ունիք, ուսեալ էք. կրթութեամբ կը պարծիք. շահավաճառութիւն, վաստակ, գանձ, տնտեսութիւն, ամէն բան ձեր կամաց ձեռքն է. աշխատեցէք, հասկցուցէք կնոջ որ պճնասիրութիւնը` ձեզ համար հաճելի չէ. հասկցուցէք թէ ունայնասիրութիւն է, կարճմտութիւն է, սնոտի մսխանք է, տնաւերութիւն է, վախճանը չքաւորութիւն է, եւ ի վերջոյ ընտանեկան բարեկեցիկ կեանքըն ու երջանկութիւն կը բառնայ եւայլն։
       Հասկցուցէք նաեւ թէ կնոջ ճշմարիտ փառքն ու զարդն ու զարդն արտաքին փայլող ու մաշածոյ հանդերձին վերայ չի կայանար, այլ առաւել նորա ներքին ոգւոյ արտափայլող գեղեցկութեան վերայ. որ է համեստութիւն, անկեղծ ամուսնասիրութիւն, հաւատարմութիւն, երկիւղածութիւն, հնազանդութիւն, զաւակաց դաստիարակութիւն, տանտիկնութիւն եւ տնտեսող խնայութիւն, եկայլն։ Ցոյց տուէք թէ առաքինի կնոջ նկարագիրն այս է, եւ իսկապէս այս է միայն նորա ճշմարիտ գեղեցկութեան փառքն, որ ոչ կեղծանի եւ ոչ ծաղկի նման կը թոռմէ։
       Իսկ եթէ տակաւին չհամոզուին կիները, դուք անպարտ էք. թողէք, ձեռնթափ եղիք թող նոքա ունայն զարդին եւ զեղխութեան հետն ամուսնանան, որոց անձնատուր եղած են սրտով ու հոգւով։
       Այլ դուք սպասեցէք, երիտասարդք Հայոց, ժամանակ բերաւ այս զեղխութեան օրերը, ժամանակ դարձեալ պիտի բերէ զգաստութեան օրերը, յորում դուք եւ կիները պիտի սթափիք առհասարակ այս նոր խելագարութենէն, եւ անագան ուրեմն պիտի ճանչնաք, ձեր անցելոյն յոռի ընթացքը եւ պիտի գիտնաք թէ ճշմարիտ ամուսնութեան պայմանը սէրն է, որ սերտ կը կապէ երկու ամուսնեաց սրտերը ի միութիւն, ադամանդ ոսկի, եւայլն հարստութիւնները կարող չեն պինդ պահել այդ սուրբ կապը, երբ դոքա սպառին` իսկոյն կը քանդուին այն ամէն կեղծեալ կապերը, որ կամ փեսային ճոխութիւն եւ կամ հարսին հարուստ օժիտները կը կապեն։ Ես տեսայ Հայոց Պատրիարքարանի դատարանին մէջ եւ կը վկայեմ այսօր թէ այդպիսի կապերը որչա՞փ դիւրախզելի են։ Վասն զի երբ ամուսնական սէրը` նիւթին վերայհաստատուի, նիւթը կը սպառի, սէրը տեղի կուտայ իսկ երբ բնական պարզ եւ ճշմարիտ սիրոյ վերայ հաստատուի, մինչ ի գերեզման անշարժ կը մնայ միութեան շէնքը, եւ ոչ երբէք սպառելով կը չքաւորի սիրոյ հարստութիւնը։ Երջանիկ են այդ սիրոյ միաւորեալ ամուսինք, որ իրենց ընտանեկան կենաց հիմն` միայն սիրոյ վիմին վերայ կը հաստատեն, իմաստութեամբ խորհելով` թէ այդ կենդանի սիրոյ հիմն է, որ կարող է միայն անկործանելի հաստատուն պահել ընտանեկան կեանքին երերուն շէնքը` աշխարհին հողմերուն եւ հեղեղներուն բաղխման առաջ։
       Բաւ համարելով այսքան` կ»աւարտեմ հարսնախօսութեան ճառը, կը յորդորեմ զձեզ եւ կ»աղօթեմ ձեզ համար, երիտասարդք եւ կուսանք Հայոց, որ դուք զգաստութեամբ խորհիք. դառնայք ներկայ կորստեան ճանապարհէն, ի բաց թողուք արտաքին նիւթական կապերն. ճանչնանք ամուսնական սիրոյ բարձր խորհուրդը. եւ միայն եկեղեցւոյ պատուիրանին համեմատ սուրբ սիրով կապուիք. զոր կ»ամրապնդէ Աստուծոյ բանին հզօր ձեռքը, որով միայն կապեց դրախտի ընտանիքը։