Դրախտի ընտանիք, …ի պէտս Հայոց ընտանեաց

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԱ. ՄԱՅՐ ԵՒ ԴԱՅԵԱԿ
       Մանկիկ դեռածին երբ կը ծնի յաշխարհ կուգայ, ո՛վ է նորա կաթնատու սնուցիչ. ծնող մայրն է միայն, որ երկունք կրեց ու զայն ծնաւ։ Մայրական այս պարտիքը այնչափ պարզ ու բնական է ծնողական սրտին ու գորովոյն. որոյ համար ոչ վարժապետ պէտք է, ոչ դաս. բնութիւնը իւր բուռն սիրով կ՚ուսուցանէ զայն։ Մայրենի արգանդէն ի ոյս ելած տղեկը` առաջին անգամ աչեր բանալով իւր մայր կը տեսնայ. նա դեռ անլեզու, անբարբառ մանուկ է, կարող չէ իւր կարօտութեան փափագը բացատրել։ Իւր կարկամ լեզուն լացն է միայն, այդ անորոշ ձայնով նա ամէն բան կը խնդրէ. կաթ, գգուանք ու խնամք։ Կաթը` իւր կեանքն է, գգուանք` խնամք` մայրական պարտաւորութիւնն է. զորս մանկիկը միայն իւր ծնողէն կը խնդրէ, եւ ուրիշ ոչ ոք չի ճանչնար, մանուկ անզօր իւր իրաւունքը լալով կը փաստաբանէ բանտարկուած խանձարուրին մէջ։
       Եւ երբ փոքր առ փոքր կ՚աճի ու կը զարգանայ մանուկն իւր նախաբարբառ ձայն` մայր անունը կը թօթովէ։ Անշուշտ այս անուան բնախօս ուսուցիչ մայրն է. ինչպէս նաեւ հայր անուան։ Ո՞վ, ո՞րչափ սքանչելի է բնութեան այս դպրոցը. որ գգուասէր մօր անուշակ գրկարանն է. մանուկը իւր քերականին առաջին դասը` այդ կենդանի բնութեան դպրոցէն կ՚սկսի։
       Ուստի ամուսնացող կին երբ զաւակ կը ծնի եւ մայր անունը կը ստանայ. ինչպէս նա եւ իւր այր` հայր անունը, այդ ինքնին յայտնի է բնութեան եւ աշխարհի օրինաց առաջ. թէ ինքն եւ իւր ամուսին են միայն իրենց զաւակաց ստացիչ եւ տէր։ Այս բնական իրաւունքէն անխուսափելի պարտիք մի կը ծնի ծնողաց համար եւ նոցա նուիրական պարտիքն է պահել, սնուցանել մանուկը կաթով, կերակուրով ու հանդերձով։
       Այլ աստանօր միայն առանձին մայրական պարտուց վերայ պիտի խօսիմ, եւ կը թողում հայրական պարտուց մասն, որ սորա հետը կցորդութիւն չունին։
       Մօր ու մանկան մէջ կամ ծնողին ու ծնելոյն մէջ այն օրէն պարտք եւ իրաւունք կ՚սկսի երբ մայրն կը ծնի, մանուկն ի լոյս կուգայ։ Այո՛, այն օրէն պարտք եւ իրաւունքը մանկան հետը ի միասին կը ծնին. մանկան անդրժելի իրաւունքն է` կաթ խնդրել։ Եւ մօր բնական պարտքն է, կաթ տալ։ Վասն զի մեծագութ Արարչապետը միայն այդ պարտուց համար ամէն ծնող մօր կուրծքէն երկու ստինքները կախեր է, եւ քանի՞ մեծ է Նախախնամողին հոգը. որ զկաթն մանկան հետ կը ստեղծէ եւ այն պահուն կը սկսին մօր ստինքներուն երկու աղբերակները բղխել, կաթնածարաւ մանուկը իւր բերանը կաթի աղբերակներու դէմ կը բանայ։
       Ուստի Աստուած եւ բնութեան անփոփոխ օրէնքը պարտաւոր կը կացուցանեն մայրը. որ իւր ծնած զաւակ ինքն իւր իսկական կաթով սնուցանէ։ Մայր մի կարող չէ այս պարտիքը եղծել. զոր թէ բնութեան օրէնք եւ թէ բնական սէր` անեղծ գծեր են մօր սրտին եւ կուրծքին վերայ։
       Մայր մի եթէ մոռնայ այս ծնողական պարտիքը, եթէ եղթէ այս օրէնքը, այդպիսի մայր, անգորով, գրկիչ եւ պարտազանց է. թող թագուհի լինի, թող իշխանուհի, կամ քաղաքացի եւ շինական, աշխարհիս ո՛ր կարգէն կը լինի թող լինի, նա կարող չէ արդարանալ. երկնից նախախնամութեան դատաւորին առաջ միթէ արժանի՞ է մի մայր կոչուելու, երբ ստինքները լի են կաթով, նա մանուկն` օտար կաթին եւ օտար գրկին յանձնէ. եւ կամաւ թողու, որ ցամքի ու կտրի բանատուր կաթն։ Չգիտեմ, աշխարհիս մեծատանց ոսկիներուն այդ մի ազնուականութեան շնորհ ու նշա՞ն է. որ մայրական այդ մեծ ու առաջին պարտիքը` նուաստութիւն կը համարին, որպէս թէ ամօթ լինէր այն իրենց տիկնութեան եւ կամ թէ այնպէս կը դատեն թէ մանկան կաթ տալը` աղախնական պաշտօն է. եւ այդ ծառայութիւնը դիեցիկ դայեկներու համար է միայն։
       Մարդկային ընկերութեան ընտանեկան կենաց մէջ եթէ անօրինակ զեղծումն մի կայ` այս է. եթէ զրկանք մի կայ, այս է. որով մայրերը բուն իրենց զաւակները կը հարստահարեն. եթէ բանաւոր մարդ` անբան անասնոց առաջ կը նուաստանայ ու կամաչէ` այս է։ Վասնզի բնութեան իմաստուն Արարաիչ ինչպէս մարդոյն` նոյնպէս բոլոր կենդանեաց համար գութը` հաւասար բաշխեր է։
       Թող տեսնան մայրերը, որ առիւծն անտառին մէջ իւր կորիւն կը դարմանէ. կովն` իւր հորթիկ, մաքին` իւր գառնուկը, հաւ` իւր ճետերը, ճնճղուկ` իւր ձագերը, այլ եւս իրաւունք ունի՞ մայրն իւր կաթովը չի սնուցանել իւր զաւակը, որ իւր հոգւոյ հատորիկն է. կամ թէ չդարմանել այն հարազատ ծաղիկը, որ իւր ծոցէն բուսած է, իւր արմատին ծիլն է. ի՞նչպէս ձեռք է այն մօր ձեռք, որ կը քանդէ այդ մատաղ ծիլն իւր բնաբոյս արմատէն եւ զայն օտար արմատին հիւթով սնուցանել կ՚ուզէ։
       Դիեցիկ մանուկը կը բողոքէ այս զրկանաց դէմ միայն յայնժամ ներելի կը համարուի մօր համար, երբ ինքն տկար, անառողջ է եւ կամ կաթին աղբիւրները ցամքած են։ Բայց այս պատճառներէն` չի կայ ուրիշ մի այ զօրաւոր պատճառը, որ իրաւունք տայ ծնող մօր, իւր մանուկը ուրիշ մօր կաթով դիեցնելու. որոյ անունը դայեակ կը կոչուի, եւ ես ճիշդ կը հասկնամ այդ բառին նշանակութիւնը, որ է կաթ վաճառող կին։
       Դայեակն եւս անշուշտ նորածին զաւկի ծնող է. ո՜հ, մի տառապեալ մայր է նա, որ անհնարին կարօտութենէն ստիպեալ իւր մանկիկն մի ուրիշ մօր կը յանձնէ նուազ վարձովք, կ՚երթայ կը դեգերի մեծատանց տուները. որպէսզի իւր կաթն աւելի գնով վճարէ. որ իւր մանկան արդար իրաւունքն է։ Ողորմելի որդեզուրկ կին պարտաւորեալ է իւր դայեակութեան վարձքէն` մի մասն վարձեալ կնոջ տալ. եւ մնացեալ մասովն` իւր ընտանեկան ապրուստ հոգալ։ Ձեզ կը թողում, Հայոց ճշմարիտ մայրեր, որ դուք դատեցէք, այս երկու մայրերէն ո՞րն է աւելի յանցապարտ. կարօտագին դայեա՞կ, որ առ չքաւորութեանն` իւր կաթը կը վաճառէ, թէ հարուստ տիկին, ու սնուցիչ կերակուրներէն լիանալով ու յափրանալով` թաթաղուն զեղուն լցուած ստինքները աղբիւրի պէս կաթ կը հոսեն, այլ անխղճաբար կը խցէ այդ կաթնաբուխ ակները։ Բարեսիրտ տիկին երկու զրկանք ի միասին կը գործէ, զրկանք մի իւր բնածին մանկան. զրկանք մի եւս դայեակին մանկան` որոյ բաժին կաթն դրամով կը գնէ։ Ո՜հ, աղքատիկ մօր կաթն` իւր խեղճ տղեկին կեանքն է, արդեօք տիկին մայր` իւր մանկան կեանքը չը՞ զոհեր։ Այո՛, այսպէս է աշխարհիս դատաստանը, երբ հզօրները զանզօրը կը ճմլեն, զարմանք չէ, որ տիրոջ եւ տիկնոջ մանուկը նոյնպէս խանձարուրէն սկսի յաղթահարել ու ճնշել ծառային դայեկամօր մանուկը։
       Աւա՜ղ, եւ ա՜հ, որչա՞փ անբնական, որչա՞փ անգթական, եւ որչա՛փ անարգ ու դժուարատար է դայեկին կեանքն ու վիճակը. որոյ մայրական սիրոյն եւ գորովոյն վերայ կը բռնանայ թշուառութիւնը մինչեւ կը ստիպուի դժբախտ կինը թողուլ իւր արգանդին ծնունդն եւ երթալ անասնոց կաթի պէս վաճառել իւր կաթն. որով թերեւս կարենայ երկու կեանքը միանգամայն պահպանել, եւ մերթ եւս իւր ամուսնոյն կեանքը. որ կամ ծոյլ եւ անաշխատ կեանքի մէջ անպիտան է եւ կամ ընտանեկան պարտիքները մոռացող մոլորամիտ մարդ է. որոյ աչքը կնոջ ձեռքն է եւ կը սպասէ նորա վաստակով ու հացով ապրիլ։
       Թողումք աս պարագաները, որ տկար կնոջ համար շատ ծանր ու դառն են. աւելի դառնագոյն պարագայ մի կայ, որ ի ներքուստ կը տանջէ մանկամայր դայեկին սիրտն ու ոգին։ Ո՜հ. բնական ու մայրական սիրոյն գորովն է այն, որ հանապազ կը մորմոքէ, կը կտրտէ ծնողական աղիքները, երբ կը տեսնայ օտար մանուկ իւր գիրկը, անդէն երեւակայութեան մէջ կը յիշէ զայն որ իւր մայրական կաթէն ու գրկէն զրկուած է։ Նա կենդանի մայր է. քար չէ, այնչափ կը վշտակրի ու կը դառնանայ սրտին ցաւոց մէջ. որոյ անհնարին դառնութեան չափը` միայն մօր սիրտ կարող է զգալ ու չափել։
       Ով որ մայր է թող հետաքրքրիր լինելով առանձին քննէ, փորձէ դայրեկամօր ցաւակիր սիրտը, թէ ի՜նչ են նորա տխուր մտածմունք, թէպէտ նա արտաքուստ ուրախութիւն կը կեղծէ, զուարթ կ՚երեւի, գուրգուրալով կը փայփայէ զմանկիկ, տիկին կը հաւատայ թէ իրօք մայրական սիրով կը սիրէ, չը գիտէ թէ խեղճ դայեկին սիրտը արիւնով ու ցաւով լցուած է։ Մայրութեան եւ որդեսիրութեան բուռն գորով միշտ կը յուզեն նորա սիրտը եւ կը շարժեն նորա ոգին, որ իւր բնածնունդ զաւկին ոգիէն կախուած է. ամէն վայրկենի մէջ կը յիշէ ու կը դառնանայ։
       Այլ պատմեմ իբրեւ վկայ եւ ապացոյց ասացածիս, ինչ որ մի դիտող եւ բարեսիրտ տիկին պատմեց ու ես լսեցի։
       Մի օր մանկամայր տիկին դայեկին սենեակ կը մտնէ այն պահուն` երբ նա տղուն կաթ կուտար. եւ կը տեսնայ որ դայեկին աչքերէն կաթ կաթ արտասուք կը հոսին մանկան երեսին վերայ։ Կը հարցնէ տիկին, թէ ինչո՞ւ համար կուլաս եւ ի՞նչ է պատճառ։ Դայեակը թէեւ առաջին անգամ ծածկել կ՚ուզէ սրտին ցաւը. բայց երբ կը ստիպէ տիկին նա կը պարտաւորի խոստովանիլ։
       Ինչպէ՜ս խօսիմ. տիկին, եւ ի՞նչպէս բացատրեմ սրտիս դառնութիւնը` կը պատասխանէ դայեակը, անմայր մանկիկս յիշեցի եւ կուլամ. եւ միշտ կուլամ քեզմէ գաղտնի եւ առանձին. մի գուցէ տեսնաս եւ կարծես, որ ցաւակիր մօր սիրտը կը դառնացնէ կաթին քաղցրութիւնը. եւ կամ այս աղի արտասուաց կաթիլները. որ կայլակելով աչքէս կը թափին մինչեւ ի կուրծքս, եւ մանուկը կը ծծէ զայն կաթին հետը։ Կ»աղաչեմ, մի զայրանար տիկին, դայեկին կեանքը թշուառ է. ամէն ժամանակ երբ կը յիշեմ ու կը մտաբերեմ. թէ իմ վարձակալ դայեակը` զաւկիս կաթ կուտա՞յ, թէ իւր զաւկին համար իմ զաւակս կը զրկէ. վասն զի մի քանի տարի յառաջ, մի սիրական զաւակս կաթնազուրկ մեռաւ։ Գիտէ՛ք, տիկին, այն կիները, որոց մեր զաւակները յանձնելով` մեր տնէն տեղէն կը հեռանամք եւ կուգամք ձեր զաւակաց համար կաթնատու կը լինիմք. ա՜հ, այդ անկարեկիր կիները միթէ մօր պէս կը խնամեն մեր զաւակները։ Ո՛չ, շատ անգամ կաթնակարօտ կը մեռցնեն. երբեմն եւս ծանր քուն լինելով` խեղճ տղեկը կամ օրօրոցին մէջ լալով` եւ կամ անկողնոյ մէջ շնչարգել ընելով կը խեղդեն։ Չեմ յիշեր, որ մերթ եւս իսպառ անհոգ լինելով առանց հսկողութեան կը թողուն մանկիկը` որով այլեւայլ վտանգներու կը պատահի։
       Բայց իրաւունք չունիմ այսչափ մեղադրել այդ կարօտաւոր կիները, որոնք մեզ պէս թշուառ են, աղքատութեան ու չքաւորութեան աղագաւ կը պարտաւորին երկու դիեցիկ երախաներն միանգամայն սնուցանել. որպէս թէ երկուորեակ ծնած լինին։
       Վշտամայր դայեկին խօսքերը եւ իւր արտասուքը շատ եւ կարի սրտառուչ են, որուն վերայ մարդ կարեկցելով պէտք է խորհրդածի. եւ առաւել պէտք է տիկին մայրերը զգան եւ խորհդածեն. թէ քանի՞ դառն ու դժուարին է սնուցիչ դայեկին վիճակնը. երբ նա հանապազ է կ՚աղեկիզի իւր զաւակին սիրով։
       Երանի՜ թէ այդ բարեսիրտ տիկին հետաքրքիր լինելէն յետոյ, իւր մայրական սրտով ու գորովով դայեկին գորովը չափէր, գիտնար ու հաւատար թէ նա եւս իւր պէս մայր է, սիրտ ունի, աղիք ունի, որ կը գալարի միշտ յիշելով իւր հոգւոյ հատորիկ զաւակը. եւ մայրապէս կարեկցելով` դայեկին մանկիկն եւս բերել տալով` իւր զաւկին հետը սնուցանել տալ. եւ յայնժամ ազնուամիտ տիկին` տիրապէս առաքինի մայր կը հանդիսանար ընտանեկան կենաց մէջ։
       Ես չգիտեմ, գթասիրտ տիկնայք կարո՞ղ են մի անգամ փորձել. թէ երբ դայեկին համար այս մեծ շնորհ լինի, ի՞նչ ազդեցութիւն կ՚ընէ նորա սրտին վերայ։ Ինձ այնպէս կը թուի, որ դայեկին սիրտը յայնժամ մեծ երախտագիտութեամբ կը լեցուի, զուարթ եւ ուրախ ոգւով, ամենայն հաւատարմութեամբ խնամ պիտի տանի տիկնոջ զաւկին. չէ թէ միան վարձուց համար, այլ առաւել իւր զաւկին սիրոյն համար. զգուշանալով որ երբէք տրտունջի պատճառ չը տայ, մի՛ գուցէ սորա համար իւր սիրական զաւակը աչքէն հեռացնեն։
       Խնդիր է եւ այս, թէ երբ դայեկին սիրտը ուրախութեամբ կը զեղու, արդեօք այս բարոյական սրտահաճոյ վիճակ` ազդեցութիւն չընե՞ր նորա կեանքին եւ առողջութեան վերայ եւ հետեւապէս կաթին շատութեան եւ զեղման։ Սոյն կէտն եւս կը թողումք բժշկաց, թող նոքա վճռեն։
       Գիտեմ, այս անսովոր կարեկցութեան դասը խիստ դժուարին կը թուի ազնուական տիկիններուն, որք թերեւս զրկանք համարին իրենց զաւակաց համար. կամ թէ այնպէս կարծեն, որ մի առողջ եւ առոյգ դայեակը կարող չէ երկու մանկիկը ի միասին սնուցանել։
       Առ այս ես կը լռեմ, բնութիւնը թող պատասխան տայ որ շատ անգամ մի մօր երկու զաւակնիեր կը ծնին. երկուքն եւս` մի մօր կաթով կ՚ապրին ու կը մեծնան. եւ միթէ Նախախնամութիւնը չէ՞ նախատեսեր, որ երկուորեակ ծնաներուն կաթ բաւելու համար` երկու ստեանց աղբիւր բացեր է մօր սրտին վերայ եւ երկու կաթնաբուղխ պտուկները կախեր է նորա կուրծքէն։
       Քաջայայտ է ինձ, որ այս դժուարալուր խորհրդածութիւնը` զառանցանք կը համարուի արդի ժամանակին եւ ընտանեկան փափկութեան առաջ. այլ մեր փափաք եւ սկզբունքն է, որ բնական օրէնք տիրէր, Աւետարանին գթութիւն թագաւորէր. երբ աշխարհիս վերայ այնպէս կը կարծուի, որ այր մարդոց գութը նուազ է. գոնէ տիկին մայրերը գթած լինէին ու ճանչնային իրենց մայրական պարտիքները։ Ամէն մայր ու ծնողը իւր զաւակ սնուցանէր այն կաթով, եւ այն սիրով, զոր Նախախնամութիւնը մի միայն ծնողական անհրաժեշտ պարտիքը հաստատեր է։ Պարտազանց է ամէն ծնող, եթէ այս պարտիքը խղճի մտօք չի կատարէ։ Թող չի խոժոռին Հայոց տիկնայք. մենք չենք ասեր, որ դայեկութիւնը մեր ընտանեկան կեանքէն իսպառ բարձուի, հարուստ, ազնուական ընտանեաց մայրերը կաթնտու լինին. այլ այս խօսիլ կ՚ուզեմք, երբ փափկասուն կեանքը մոռցնել կուտայ այդ պարտիքը, գոնէ դայեկաց վիճակը` արժանի համարին իրենց կարեկցութեան, որ կին է, աղքատ ու ցաւած, մայր մի է իրենց պէս։
       Այլ որովհետեւ ազքատութիւնը բռնաւոր է, աշխարհիս ամէն չքաւոր ընտանիքները կը պարտաւորին նորա լծոյն տակը խոնարհիլ։ Աղքատութիւնը ոչ մի այն այր մարդիկը ի ծառայութիւն կը վարէ. այլ եւ կիներ ու մայրերը, որք յակամայից կը պարտաւորին թողուլ իրենց լծակից ամուսին եւ անուշիկ զաւակները, ու երթալ ազնուականաց դռները դեգերիլ. որպէսզի աղախին լինին, դայեակ լինին, իրենց եւ ընտանեաց կարօտութիւնը լեցնելու համար։
       Այսպէս երբ աղքատ ընտանիքը առ յոյժ կարօտութեան կը մոռնան իրենց երկանց զաւակները։ Միւս կողմէն եւս նոր աշխարհի նոր ժամանակի փափկասուն տիկինները ճշմարիտ մայրութեան պարտիքները կը մոռնան իրենց արգանդին ծնունդն սնուցանելու անգամ մեծ ձանձրոյթ կը զգան, որպէս թէ մայրական խնամատարութիւնը` նուաստ եւ անպատիւ ծառայութիւն լինէր։
       Երբ ընտանեկան մայրերը բուն ծնողական եւ բնական այդ պարտիքէն կը խորշին. այլ եւս ի՞նչ կը մնայ իրենց աշխատութիւն։ Լո՛ւր որ պատմեմ քեզ, նոքա գիտեն անաշխատ կեանք վարել եւ երբէք չը ձանձրանալ. որոց վերայ տիրեր է առ հասարակ հեղգութիւն, մեղկութիւն, պարապ եւ ունայնախօս ընկերական կենակցութիւն. նոքա գիտեն անժամ այցելութիւններ մտածել, զբօսասիրութիւն հնարել, եկեղեցին երթալ, չէ թէ Աննայի ջերմեռանդութեամբ աղօթելու համար, այլ աւելի ցոյց տալ զիրենք, զիրար տեսնալ եւ բամբասանաց նիւթեր ժողովել։ Թողունք այս, միթէ այդպիսի մայրերը աշխատութիւն չե՞ն համարիր իրենց համար, ժամանակի շռայլ զեղխութեան մէջ սիրտ եւ հոգի մաշել, անձնատուր եղած են. այլ եւս ո՞ւր կը մնայ տիկնութեան եւ մայրութեան պարտիքները յիշել, տուն հոգալ, զաւակները բուն մայրական կաթ ջամբելով սնուցանել եւայլն։
       Հապա ո՛վ դուք, Հայոց ազնուական տիկնայք, եւ կը փափաքիմ, որ դուք ձեր բարեկեցիկ կեանքին մէջ, ձեր մայրական պարտիքները դարձեալ չի մոռնայք երբ ձեր այրերէն ոմանք ժողովուրդ կը հարստահարեն, դուք եւս աղքատ մայրերը չի հարստահարէք. նոցա զաւկին կաթը յափշտակելով։ Դուք ձեր խիղճը մի խաբէք ու ողողէք թէ կաթին գին կամ դայեկաին վարձքը կը վճարէք. գիտցէք ստոյգ այդ վարձքը թէ բիւր անգամ աւելի վճարէք, կաթին փոխարէն չէ։ Եւ միթէ կը կարծէ՞ք. որ աղքատ մօր կաթն այնչափ աժան է. երբ դուք ձեր կաթն` նոյն իսկ ձեր զաւկին կը խնայէք։
       Ես կը հաւատամ, որ մայրերը ի բնութենէ փափուկ սիրտ եւ խիղճ ունին, զգուշացէք որ զայն չի խեղդէք փափուկ կեանքի փուշերուն մէջ, զգուշացէք որ դայեկին զաւակը` կաթնասովէն մեռցնել չի տաք. եթէ երկիւղած ու ճշմարիտ մայրեր էք` պէտք է երկնչիք ու յիշէք, որ այդ աղքատ ու տառապեալ մօր տէր ու դատաւոր կայ. որ մի՛ գուցէ նորա զաւկին զրկանաց արիւնը ձեզմէ խնդրէ եւ դուք յայնժամ պարտական ու պատասխանատու մնաք։ Այլ ես կ՚աղօթեմ, որ դուք ճշմարիտ մայրեր լինիք եւ ազատ մնաք այս դատաստանէն։