ԺԳ.
ՇՏԵՄԱՐԱՆ
Յանկարծ
միտքս
եկաւ
Թոռնիկ,
ինչ
զուգադէպ
մի
օր
է
այսօր,
վաղը
մեր
Վարագայ
Խաչի
տօնն
է։
Ի
նախնեաց
անտի
սովորութիւն
եղած
է,
բայց
Վասպուրական
աշխարհ
վաղը
հարիսայ
կը
դնէ,
գիւղական
ժողովուրդին
համար
աւելի
ցնծութեան
օր
է,
մեք
այս
աւուր
կալի
կորկոտ
կասենք,
վասն
զի
կալեր
կը
վերջանան.
կալի
երախայրիքէն
գիւղական
տանտիկինները
յատկապէս
ճերմկահատ
ցորեններէն
կորկոտ
կը
պատրաստեն
հարիսայի
համար,
բոլոր
գիւղի
տները
ամէն
մէկ
իրենց
չափով
հարիսայ
կը
դնեն։
Էր
մի
ժամանակ
որ
գեղի
մեծ
մեծ
համբաներ
մէկ
մէկ
եզ
կը
մորթէին
հարիսայի
համար,
իրենց
մեռելները
յիշելով
հոգւոյ
հաց
կը
պատրաստէին,
բոլոր
գեղի
ժողովուրդ,
աղքատներ
կուտէին
կուշտ
կուշտ
եւ
կօրհնէին
տանուտէր։
Գնա՜ց,
Թոռնիկ,
այն
առատութեան
ժամանակ,
թող
եզն,
բաւ
է
թէ
կարենան
ուլ
մի
մորթել։
Ի
հնուց
հարիսայի
համար
շատ
երգեր
կան
բայց
ես
նորէն
մի
երգ
խօսիմ
քեզ։
Էս
օր,
գիտէ՞ք
թէ
ի՞նչ
օր
է
Մեր
Վարագայ
Խաչի
տօնն
է,
Եւ
մենք
կասենք
կալի
կորկոտ,
Հարիսայի
մեծ
տօնն
է։
Բոլոր
աշխարհ
Վասպուրական
Հերիսայի
տօն
կատարէ,
Է՜,
տան
տիկին,
Թոնիր
վառէ
Դիր
մեծ
պղինձ
եւ
պտուկներ,
Մեք
մորթեցինք
մեր
պարարտ
եզն,
Միսն
ու
կորկոտ
պատրաստ
է,
տե՜ս։
Բոլորեցէք
շուրջ
պըղընձին
Բոլոր
գեղի
կըտրիճ
լաճեր,
Հարէք
ըզ
սա
ուժգին
հարէք,
Կասէ
մեր
Հայր
Լուսաւորիչն։
Էնպէս
հարէք
մինչեւ
հալին
Ոսկորն
ու
միսն
ի
միասին,
Հալին
խառնին
հետ
կորկոտին
Այն
է
նշան
լաւ
հարիսին։
Չոքէք,
մանկտիք,
թախսին
վերայ
Սըփռոց
չուզեր,
շինական
եմք,
Լից
տան
տիկին
ըզ
հարիսան
Լիճ
լիճ
արա
եզն
ի
վերայ։
Տան
հարսներ
եւ
աղջիկներ
Շուտ
շուտ
բերէք
ըզ
թափթափան
Թոնրէն
ելած
տաք
տաք
հացեր,
Ի՞նչ
անուշ
է
հարիսի
հետ։
Առէք
այն
կոպիտ
անտաշ
Խոշոր
խոշոր
մեծ
դըգալներ,
Կերէք
կերէք
անուշ
էլնի
Վաստակաւոր
մշակներ։
Օրհնեալ
լինի
մեր
տանտիկին
Լաւ
է
եփեր
ըզ
հարիսան,
Օրհնեալ
լինի
Լուսաւորի՜չն
Որ
տուաւ
մեզ
լոյս
հաւատ,
Հետ
հաւատին
մեզ
աւանդեց
Հարիսային
այս
յիշատակ։
Օրհնեալ
լինի
իւր
յիշատակ
Պահենք
պահենք
այս
յիշատակ,
Միշտ
յիշենք
ու
չը
մոռնանք
Մեր
փրկութեան
մեծ
օրն
էր
այն։»
Պատմեմ
քեզ,
Թոռնիկ,
հարիսային
աւանդութեան
եւ
յիշատակ,
որ
մեր
Լուսաւորչի
օրէն
եկեր
է
մեզ
հասեր
է։
Ես
էլ
իմ
Պապկէս
լսած
եմ
որ
այսպէս
կը
պատմէր,
թէ
երբ
սուրբ
Գրիգոր
Լուսաւորիչ
խոր
վիրապէն
ելաւ
եկաւ
Վաղարշապատ,
վասուն
օրը
ամբողջ
քարոզ
խօսեց
հեթանոս
Հայ
ժողովուրդին.
բիւրաւոր
մարդիկ
մտիկ
կանէին։
Անշուշտ
անոնց
մէջ
շատ
աղքատներ
կային,
Լուսաւորիչն
ուզեց
աղքատներուն
համար
մի
ճաշ
պատրաստէ.
բայց
այս
ճաշը
Յիսուսի
պէս
հրաշքով
չը
պատրաստեց,
հրաման
արաց
հազարաւոր
գեղացիներուն
որ
շատ
եզ
ու
ոչխար
բերին,
զանոնք
մորթել
տուաւ,
մեծ
մեծ
կաթսաներ
կրակի
վերայ
դրին.
միսեր
մէջ
լեցուցին,
կորկոտն
եւս
վրան.
հրաման
արաց
հաստաբազուկ
կտրիճ
երիտասարդներուն
եւ
ասաց
հարէք
ըսա,
որով
այս
կերակուրի
անուն
մնաց
հարիսա։
Այս
կերակուր
հայկական
մի
պատուական
կերակուր
է,
Հայրիկ
շատ
կը
սիրէր
հարիսան
միշտ
եփել
կուտար
Վարագայ
վանքում։
Եւ
երբ
նա
իւր
պանդխտւթեան
մէջ
կարօտ
կը
քաշէր
հարիսային,
միանգամ
նամակ
գրած
էր
Վարագայ
միաբանութեան
էգ
նամակին
խօսքեր
միտքս
պահած
եմ։
Երջանի՜կ
միաբանութիւն
վարագայ,
որ
կը
բնակիք
Աւագ
Սուրբ
նշանի
թեւին
տակ,
արդեօք
կը
յիշէ՞ք
պանդուխտ
Հայրիկ,
ա՜խ,
ես
զձեզ
կը
յիշեմ,
կը
յիշեմ
Վարագայ
Խաչին
տօն
որ
մօտ
է.
կը
յիշեմ
վանքին
այն
պատուական
հարիսան,
եւ
դուք
առանց
Հայրիկին
կ՚ուտէք
հայրենաւանդ
կերակուր։
Կերէ՛ք
թող
անուշ
լինի,
եւ
կշտապինդ
կերէք
եւ
խմեցէք
Վարագայ
սարի
ծոցէն
բղխած
պաղուկ
պաղուկ
աղբիւրներուն
ջուրը։
Իսկ
Հայրիկ
իւր
պանդխտութեան
մէջ
ա՜խ
կը
քաշէ
հարիսային
դէմ։
Ի՞նչ
կը
լինի,
որ
յիշէք
Հայրիկը
եւ
մի
ճլօր
հարիսայ
Ամբակումայ
հրեշտակին
յանձնէք,
որ
բերի
է
Բաբիլօն,
ուտեմ
եւ
օրհնեմ
զձեզ։
Ողջ
եղիք։
Է՜
Թոռնիկ,
բա՛ւ
է,
թողունք
այս
աւանդական
հարիսայի
բան,
դառնանք
մեր
դասին
կարգ։
Գիւղական
տնտեսութեան
մէջ
շտեմարան
պատրաստութիւն
շատ
պարզ
ու
նախնական
է։
Սովորաբար
գիւղացիք
իրենց
ցորեն,
գարի
եւ
այլ
հատեղէն
բաներ
մի
մադաչափէն
աւելի
հոր
փորելով
կը
հորեն
ի
գետին,
թէեւ
հորին
կողերը
խոտով
կամ
յարդով
կը
շրջապատեն,
բայց
շատ
անգամ
կը
վնասին,
խոնաւութիւն
առնելով`
հացը
դէջահամ
կը
լինի։
Եւ
որովհետեւ
այս
ցորենի
հորեր
բացօթեայ
տեղեր
են,
կը
պատահի
շատ
անգամ
անձրեւէն
եւ
ձիւներէն
ջուր
առնելով
կը
փտտի
ցորեն։
Այնպէս
կը
թուի,
Թոռնիկ,
որ
հին
հին
ժամանակներ
գիւղացիք
իրենց
ցորեան
ապահովութեամբ
պահելու
համար`
գետնի
տակ
կը
պահեն
ինչպէս
նաեւ
ուրիշ
շատ
բաներ։
Զարմանք
է
որ
այս
ապահով
ժամանակի
մէջ
եւս
նոյն
սովորութիւն
պահած
են։
Բայց
այս
բան
անհոգութեան
եւ
ծուլութեան
մի
արդիւնք
է։
Երբ
գիւղացին
իրեն
համար
տուն
կը
շինէ,
անասնոց
համար
ախոռ,
ոչխարներուն
համար
գոմ,
միթէ
դժուարի՞ն
է
որ
իւրաքանչիւր
տուն
իրենց
արմտեաց
չափով
շտեմարաններ
շինեն։
Կան
ոմանք
որ
գաղջին
հողէ
մեծ
մեծ
փեթակներ
կը
շինեն,
որոց
մէջ
մեծ
քանակութեամբ
արմըտիք
կը
պարունակեն,
փեթակներ
շատ
լաւ
կը
պահպանեն
հատեղէն
բաներ,
միայն
թէ
փեթակներու
տանիք
լաւ
պատրաստելու
է,
որ
կաթիլներ
չիջնան
փեթակին
մէջ։
Բայց
միշտ
լաւագոյն
պէտք
է
համարենք
շտեմարան,
որ
որչափ
ուզենք
կարող
ենք
ընդարձակ
շինել,
որպէս
զի
ամէնտեսակ
հնդեղինաց
որոշ
որոշ
անջրպետներ
ունենայ
իւր
մէջ։
Ցորեն`
ժամանակին
խառնել
դարձնել
պէտք
է
որ
օդ
առնելովչի
տաքնայ
եւ
ոջլոտի։
Ա՜հ,
Թոռնիկ,
հոգիս
կը
հառաչէ,
միթէ
պարտապան
գիւղացի
երկրագործին
շտեմարան
պէ՞տք
է։
Ահա
մեր
բարեկամ
Կիրակոս
աղբօր
կալ,
կը
չափեն,
տե՛ս
քսան
քիլանոց
մի
ցորենի
շեղջ
է.
վաշխառու
քաղքցիք
եկեր
պատրաստուեր
են,
չափեցին
շեղջը
քսան
քիլա
եղաւ։
Նախ
Տէրութեան
տասանորդին
տուրք
տրուեցաւ,
վաշխառուներ
ամէն
մէկ
իրենց
տոկոսներու
հաշւով
չափեցին
առին,
ի՞նչ
մնաց,
միայն
կալատակն,
նորա
վերայ
եւս
աղքատներ
թափեցան
կալէմասն
առին
սրբեցին
կալատեղ։
Դու
տես
այժմ
Կիրակոսին
խեղճ
վիճակը,
նա
տխուր
երես
կախած,
առաւ
կալին
ցախաւել,
թիակ,
հեծանոց
եւ
այլն,
գնաց
տուն,
տանտիկին
հարցուց,
ծօ
մա՜րդ,
այդ
ահագին
կալէն
մեզ
բաժին
չը
մնա՞ց,
ի՞նչ
պիտի
ուտեն
մեր
ճժեր
ու
պժեր։
Տանուտէր
պատասխանեց,
տարեկա՜ն,
տարեկա՜ն,
(հաճար)
գարին
արդէն
գնացող
եկող
հիւրերուն
հազիւ
բաւէ։
Տանտիկին
ձեռքեր
կցեց
ու
լացաւ,
ա՜հ,
Ա՜ստուած,
դու
տեսար,
բարկ
թոնրին
դիմաց
տարին
բոլոր
հաց
թխեցի,
կերակուր
եփեցի,
մշակներ
հոգացի,
ի՞նչ
դատաստան
է
այս
Տէ՜ր,
ես
ու
իմ
ճժերս
կարօ՞տ
պիտի
մնամք
ցորեն
հացի։
Է՜,
տանտիկին
դու
չ»գիտե՜ս,
ցորեն
քաղքցոց,
գէր
գէր
մսացուներ
դարձեալ
քաղքցոց,
իսկ
գեղացւոյն
բաժինն
է,
տարեկան,
կորեկ,
եւ
թանապուր։
Այս
եւս
բաւական
է
դու
փառք
տուր
Աստուծոյ,
կնիկ,
մեզմէ
աւելի
զրկեաներ
կան,
զի
Մշոյ
գիւղացին
կլկով
միայն
կապրի,
որ
տարեկանէն
եւ
կորեկէն
շատ
չնչին
է։
Դու
հարո՛ւր,
Թոռնիկ,
այս
անխիղճ
եւ
անիրաւ
վաշխառուներու
ձեռքէն
մեր
գիւղացի
ժողովուրդն
ե՞րբ
պիտի
ազատուի,
որ
թող
կալի
ցորեն,
մեր
արտերն
եւս
կը
գրաւեն,
որ
մեր
կեանքն
ու
ապաւէն
է,
եւ
մեր
Արճակ
գիւղի
գիւղացւոց
սեպհական
հողեր
գրեթէ
բաւական
մասն
գրաւած
են։
Այս
բան
երկրագործ
ժողովուրդին
մի
սպանման
խնդիր
է։
Եւ
սորա
միակ
ճարն
ու
դարման
հոգացող`
տէրութեան
արդար
օրէնք,
եւ
իշխանական
ձեռք
միայն
կարող
են
կարճել
վաշխառուներու
ձեռք,
որ
ծանրացած
է
երկրագործ
պարտապան
ժողովուրդին
վերայ։
Արդէն
քանի
տարիներ
յառաջ
տէրութեան
հոգածութիւն
դարձաւ
այս
բանին
վերայ։
Ուստի
գաւառագլուխ
քաղաքներու
մէջ
փոխատուութեան
սնտուկներ
հաստատել
տուաւ
խիստ
չափաւոր
տոկոսով։
Որպէս
զի
երկրագործ
ժողովուրդ
թողլով
վաշխառուներ,
փոխատուութեան
կեդրոնին
դիմէ։
Միայնթէ
այդ
սնտուկներ
բաւական
պիտի
լինի՞ն
այն
ահագին
անհաշիւ
բարդուած
գումարներուն
դէմ,
որ
այսօր
բեռնաւորուած
է
Տէրութեան
երկրին
ընդհանուր
ժողովուրդին
թիկանց
վերայ։
Կալն
ու
շտեմարան
առիթ
տուին
ինձ,
Թոռնիկ,
այսքան
միայն
հարեւանցի
կերպով
խօսեցայ
եւ
բաւ
է,
թողունք
այս
խնդիրը
մեծ
տնտեսագէտներուն,
թող
մեծ
մեծ
հատոր
գրքեր
շարադրեն
երկրին
տնտեսութեան
մասին,
որ
երկրին
բարգաւաճման
կեանքն
է,
զի
հացով
կապրի
Տէրութիւն
եւ
տէրութեան
հպատակ
համայն
ժողովուրդ։