ԺԱ.
ՀՈՒՆՁՔ
Երկրագործին
համար
որչա՞փ
ուրախութիւն
է
այն
օրը,
րբ
նա
կերթայ
տեսնել
իւր
արտորայք
թէ
հասա՞ծ
են,
եւ
երբ
կը
տեսնայ
որ
հասկաւորեալ
ցորենաբոյսեր
շիկակարմիր
գոյներով
կը
ծածանին
մեղմաշունչ
հովերէն,
վա՜շ,
կասէ,
հնձելու
ժամանակ
հասած
է.
լի
ցնծութեամբ
ի
տուն
կը
դառնայ
աւետիս
կուտայ
բոլոր
ընտանեաց.
իսկոյն
կը
պատրաստուին,
տան
աշխատաւոր
կտրիճ
երիտասարդներ,
եւ
թէ
բաւական
չը
լինին
երբեմն
օրավարձով
մշակներ
եւս
կը
բռնեն,
եւ
այսպէս
արտերուն
հունձք
կսկսի։
Մի
բարի
սովորութիւն
կար
ի
նախնեաց
անտի
գիւղական
ժողովուրդին,
որու
արտ
որ
շուտ
հասնէր,
դրացիք
եւ
բարեկամք
կերթային
յօգն,
նախ
նրա
արտ
կը
քաղէին
եւ
ապա
փոխադարձաբար
ինքն
եւս
կերթար
անոնց
արտը
կը
քաղէր,
եւ
այսպէս
իրարու
օգնելով
համաշխատ
կերպով,
բովանդակ
գիւղացւոց
արտերը
ամբողջապէս
կը
քաղուէին,
թէպէտ
այս
գեղեցիկ
սովորութիւն
այժմ
շատ
նուազած
է,
աստի
յայտնի
է,
որ
ընկերական
ոգւոյ
եռանդն
եւս
պակսած
է։
Աշխատիր,
Թոռնիկ,
որ
դու
քո
արտ
քո
ձեռքով
քաղես,
ուրիշի
օգնութեան
չը
կարօտիս։
Սորա
համար
ես
քեզ
մի
առակ
խօսիմ,
որ
շատ
տեղ
գրուած
է։
Արտուտիկ
թռչուն
մի
կայ
որ
բնականէն
խելացի
եւ
անտես
է,
իւր
բոյն
արտերուն
մէջ
կը
դնէ,
ուր
որ
կուտ
ու
հատիկներ
պակաս
չեն։
Սա
իւր
ձագերուն
ապագայ
վտանգ
գիտնալով
առաջուց
խրատ
կուտայ,
որ
մտիկ
անեն
ձագեր
եւ
պատմեն
իրեն,
երբ
արտին
տէր
հնձելու
ժամանակ
մօտենալով
կուգայ
տեսնել
թէ
արտ
հասած
է։
Առաջին
անգամ
գալով
կասէ,
տղաս,
արտ
հասնելու
մօտ
է,
գնա
խօսիր
մեր
բարեկամաց
թող
մեզի
յօգն
գան
արտը
քաղենք։
Մտադիր
ձագեր
այս
բան
կը
պատմեն
իրենց
մօր.
մայր
կասէ,
անհոգ
եղիք
ձագեր,
քանի
որ
տանուտէր
բարեկամաց
պիտի
սպասէ,
արտ
չի
քաղուիր։
Միւս
անգամ
կուգայ
հնձոց
տէր
կ»տեսնայ
որ
արտ
հասեր
է
բոլորովին,
կասէ,
տղաս
բարեկամներ
չեկան
գոնէ
մեր
դրացիներուն
լուր
տուր
թող
գան
օգնեն
մեզ
փոխադարձաբար,
ի՞նչ
կը
լինի,
մեք
էլ
կերթանք
անոնց
կօգնենք,
ուշիմ
ձագերն
այս
խօսքեր
կը
պատմեն
իրենց
մօրը։
Մայր
դարձեալ
նոյն
բան
կասէ,
ապահով
եղիք
ձագերս
արտ
չի
քաղուեր
քանի
որ
բարեկամներու
օգնութեան
մնացեր
է
բանը։
Երրորդ
անգամ
կուգայ
տանուտէր
կը
տեսնայ
որ
հնձելու
ժամանակ
անցե՜ր
եւ
ցորենաբոյսեր
չորցեր
ու
կծղեր
են`
ո՜հ,
կասէ
տղաս,
խաբուեցանք,
այլ
եւս
ոչ
բարեկամներէն
յոյս
կայ
եւ
ոչ
դրացիներէն,
գնա
շուտով
առ
բեր
մանգաղներ
մեք
մեր
արտ
քաղենք։
Այժմ
կը
հաւատամ
ձագերս,
որ
արտ
պիտի
քաղուի,
ելէք
զձեզ
փոխադրեմ
ուրիշ
տեղ։
Այս
առակ
թող
քեզ
խրատ
լինի,
Թոռնիկ,
երբէք
մտքէդ
չը
հանես
եւ
յուսախաբ
չը
լինես.
ժիր
երկրագործ
իւր
վարած
ցանած
արտը
պէտք
է
իւր
ձեռքով
քաղէ,
վասն
զի
գուցէ
օգնող
դրացւոյն
արտը
քո
արտին
հետ
հասնի
ի
հունձ,
միթէ
կարելի՞
է,
որ
նա
թողու
իւր
հունձքը
եւ
գայ
քո
արտը
հնձէ։
Աշխատիր
որ
հնձոց
ժամանակ
չանցնի,
որով
թէ
դժուարաւ
կը
քաղուին
եւ
թէ
հասկեր
թափուելով
մեծ
վնաս
կը
լինի։
Եւ
երբ
հնձոց
ժամանակ
օրավարձ
սարակներ
կը
բռնես,
լաւ
խնամ
տար
նոցա,
թէ
հացով
թէ
կերակուրով.
կամ
ոմանք
որ
չարաչար
կը
վարի
աշխատող
մշակներուն
հետ,
որք
ուժէ
լքուած
վաստակաբեկ
կը
լինին։
Երբ
կէսաւուր
հաց
կուտեն
հնձող
մշակներ,
որչա՞փ
բարեսիրտ
կը
լինիս
Թոռնիկ,
եթէ
թողուս
այն
կէսաւոր
շոգին,
խոնջած
աշխատաւորներ
դէզերուն
հովանեաց
տակ
ցորենի
խուրձեր
բարձ
անելով
գոնէ
մի
ժամու
չափ
անուշ
քուն
քաշեն,
յետոյ
ելնեն
մանգաղներ
սրեն
եւ
սկսեն
քաղ։
Շատ
ուրիշ
գաւառներ
այս
սովորութիւն
ունին,
միայն
Վանայ
գաւառն
է,
որ
անխիղճ
կը
վարուի
մշակներու
հետ։
Եւ
գիտե՞ս
դու
Թոռնիկ,
որ
մեր
հնձողներ
շատ
ախորժակով
կուշտ
հաց
կուտեն.
որչա՞փ
վնասակար
է
մարդոյ
առողջութեան,
երբ
այնպէս
առանց
միջոց
տալու
ելնեն
եւ
լիք
փորով
ծռին
եւ
մանգաղ
քաշեն,
թող
այս
տնտեսապէս
էլ
վնաս
է
տանտիրով,
վասն
զի
հնձող
մշակն
արդէն
խոնջած
է,
եւ
հաց
ուտելով
աւելի
եւս
կը
ծանրանայ։
Բնական
է
որ
նա
անմիջապէս
գործի
սկսելով,
նա
չի
կարող
ջանքով
աշխատել։
Բայց
երբ
նա
փոքր
ինչ
քնով
կազդուրուելով
կուժաւորի,
ստամոքսի
ծանրութիւն
կը
թեթեւնայ,
տես
դու
այն
ժամանակ
որչա՞փ
աշխուժով
մանգաղ
կը
շարժէ,
այնպէս
որ
նա
մի
ժամուայ
քնոյ
տեղ
կրկնակի
աշխատութեամբ
կը
լեցնէ։
Նախորդ
դասերուս
մէջ
կը
յիշե՞ս,
Թոռնիկ,
հարեւանցի
կերպով
խօսեցայ,
որ
գերանդին`
շատ
մեծ
առաւելութիւն
ունի
մանգաղէն,
միայն
թէ
կանխես
եւ
ցորենի
եղած
ժամանակ
հնձես,
որ
այլ
եւս
հատիկներ
չեն
թափիր,
եւ
աւելի
այն
արտերը
գերանդիով
հնձելու
է,
որ
խիտաբոյս,
խոտախառն
եւ
բարձրահասակ
են
ցօղուններ։
Իսկ
այն
արտերն,
որոց
բոյս
ցանցառ
է
եւ
կարճ,
պէտք
է
մանգաղով
քաղել։
Երանի՜
թէ,
Թոռնիկ,
երթայիր
տեսնայիր
Մշոյ,
մանաւանդ
Հացեաց
գաւառի
քաջաբազուկ
մշակներուն
հնձելու
հանդէս,
նոքա
չ»գիտեն
մանգաղ,
ամենայն
ինչ
գետնի
երեսէն
բուսածները
գերանդիով
կը
սրբեն,
ոչինչ
փոյթ
չունին
թէ
հատիկներ
գետին
կը
թափին.
վասն
զի
այնպիսի
չնաշխարհիկ
հողեր
ունի,
որ
ինկած
հատիկներ
մէջ
թաղուելով,
եւ
աշնան
անձրեւ
վրան
գալով
կը
տեսնաս
որ
հնձուած
արտը
նորէն
կանաչեր
է,
որով
առանց
աշխատութեան
կրկնակի
արդիւնաբեր
լինելով
հետեւեալ
տարին
նորէն
կը
քաղուին։
Հնձելու,
եւ
մեծ
մեծ
խուրձեր
կապելու
վարժութեան
մէջ
արդարեւ
Մշեցի
երկրագործ
գերազանց
է,
թէեւ
հողագործութեան
ուրիշ
մասերում
շատ
յաջողակ
չէ։
Համառօտ
կերպով
աւարտելով
արտօրէից
հնձելու
դասը,
միտքս
եկաւ
այն
բանը,
զոր
Տէր
Աստուած
Մովսէսին
պատուիրած
է,
ճռաքաղ
չառնել
թէ
այգին
եւ
թէ
արտը,
զի
փոքր
ճիռեր
եւ
թափուած
հասկեր`
որբերուն
եւ
աղքատներուն
բաժինն
են։
Աստուծոյ
այս
գթութեան
պատուէր
ծերունի
Պապիկ,
Թոռնիկդ
կաւանդէ
որ
բարեսիրտ
եւ
գթասէր
լինիս։
Մեք
այգի
չունի՛մք,
բայց
արտեր
ունիմք,
հնձոց
ժամանակ
պէտք
է
թողումք
որ
գիւղի
աղքատներ,
այրիներ,
որբեր
գան
ժողովեն
թափուած
հասկեր
ու
հայթայթեն
իրենց
կեանքի
պարէն։
Նոքա
մեր
գիւղի
չքաւոր
մասն
են,
վարուցան
չունին,
հապա
ինչո՞վ
պէտք
է
ապրին`
պէտք
է
աշխատութեան
բաժին
տալ
այնպիսիներուն,
որ
կարող
են
աշխատել
եւ
օրավարձք
ստանալ.
իսկ
կան
այնպիսիներ,
որ
ծեր
ու
պառաւ
են
կամ
փոքրիկ
տղէքներ
են,
ոչինչ
աշխատութիւն
չենք
կարող
պահանջե
իրենցմէ
իբրեւ
փոխարինութիւն։
Քրիստոս
յատկապէս
այսպիսեաց
համար
խօսած
է.
«Տուք
փոխ
այնմ,
ուստի
ոչ
ակն
ունիցիք
առնել»։