Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԹ. ԳԻՒՂԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՅ
      
       Մեր գիւղական անշուք կեանքի համեմատ, մեր եկեղեցի ու տաճարն եւս նոյն անշուք անզարդ ու խրթնացած պատկերն ունի։ Եթէ ի հին նախնիքներէն մնացած է մի գեղեցիկ տաճար քարաշէն եւ հաստատուն, այդ մի բաղդ է գիւղացւոց համար։ Կան այնպիսի գիւղեր, որոց կից է վանքը, ինչպէս Ռշտունեաց գաւառին մէջ Նարկայ վանք, Թիմարայ գիւղերուն մէջ Աստուածածնայ հռչակաւոր վանք եւ այլ ուրիշ տեղեր։ Այսպիսի վանքեր իբրեւ եկեղեցի եւ աղօթատեղի կը համարուին մերձակայ գիւղերուն, որ այդ եւս իրենց համար մեծ մխիթարութիւն է։
       Իսկ ընդհանրապէս Վասպուրական երկրի գիւղական եկեղեցիներ հողակերտ ու փայտաշէն են. պատեր խում աղիւսով շինուած, առիք ու տանիք հողով ծածկուած, միայն խորան եւ սեղան մեծ բան է` եթէ քար ու կրով շինուած լինի։ Դու մի զարմանար, եթէ միայն գիւղացւոց եկեղեցիներ փայտաշէն են, այլ աւելի պէտք է զարմանաս, որ Վանայ նման հռչակ ունեցող մի քաղաքի եկեղեցիներ գրեթէ ամբողջ փայտաշէն են. միայն մի քանի եկեղեցիներ կան` որոց տաճարներ բաւական հնաշէն եւ հոյակապ են, ինչպէս քաղաքամիջի Սուրբ Պօղոս եկեղեցին։
       Այգեստանեայց մէջ Այր - յարոյց եկեղեցի մի հնաշէն եւ պատուական տաճար ունէր. այդ եկեղեցւոյ փայտաշէն գաւիթ քանի տարի յառաջ նորոգելով, հնաշէն տաճար գաւթին հետ խառնեցին, ուզելով որ իրենց եկեղեցին Պոլսոյ եկեղեցիներու նմանցնեն, կարծելով թէ Պօլսոյ եկեղեցիք բուն հայկական տաճարներուն հնութեան ձեւն ու պատկերն ունին։ Ափսո՜ս, հազա՜ր ափսոս, որ այդ հնութեան տաճարներուն մնացորդներ հետզհետէ կը քանդուին եւ օտար ձեւերով եկեղեցիներ կը շինուին և սեղաններ կը կազմուին անվայելուչ ու անճաշակ խաչկալնրով։
       Թողունք այս, Թոռնիկ, դառնամք միայն մեր գիւղի եկեղեցւոյ նկարագիր հանեմք. բաւական է` դու այդ նկարագրով իբրեւ մի պատկեր աչքիդ առաջ տեսնաս։
       Մեր գիւղի եկեղեցին դարձեալ հողակերտ ու փայտաշէն է, որ մի քանի տարի յառաջ հազիւ հազ նորոգուեցաւ. տե՛ս, սեղան պարզ, անպաճոյճ, փայտակերտ, կոպիտ շինուած մի խաչկալ ունի. վէմ-քար ու մոմակալ աստիճաններ անշուք մրջոտած կտաւով ծածկուած են. պատարագի ժամանակ հազիւ թէ երկու մոմ վառուին, ուրիշ ժամանակ բաւական է մի փայտէ եռօտանի ճրագակալ եւ վրան հողէ ճրագ բոլորովին ձիթոտած ու մրջոտած. սեղանի տէրունական պատկեր տես ի՞նչ անձեւ եւ անարուեստ է։ Եկեղեցւոյ յատակ եւ սեղանի վրայ միայն փսիաթներ փռուած են։ Գիւղական եկեղեցիներ մեծ մասամբ վերնատուն չունին, այր մարդիկ առաջ կը կանգնին` կիներ ետեւի կողմ։
       Թողունք այս նիւթական անշքութիւն, որ Աստուծոյ տիեզերական փառաց առաջ նշանակութիւն չունի, որոյ աթոռ երկինք եւ ոտքին պատուանդան երկիր։ Գանք բարոյական մասի նկարագիր հանել։ Մի ծերուկ քահանայ ունիմք ցուպ ի ձեռին դողդոջելով հազիւ եկեղեցի կուգայ, աչքեր Իսահակայ նահապետին պէս վատատես եղած է ի վաղուց. բայց ինքն եկեղեցւոյ ժամերգութեան շատ բաներ բերան եղած է եւ կը կարդայ. ինքն երկիւղած, բարի եւ ժողովրդասէր մի քահանայ է։ Մի քահանայ էլ ունէինք, բաւական կրթութիւն ունէր. ժիր ու գործունեայ էր, բայց նա հրաստացաւ, թողեց գեղ, ու քաղաք գնաց։ Կը թուի որ գիւղական երէցներուն հարստանալ շատ լաւ բան չէ. վասն զի հարստութիւն զիրենք դէպ ի դիւրակեցութիւն կը մղէ. թէպէտ ուխտագիր է գիւղի եկեղեցւոյն վերայ քահանայ ձեռնադրուելով. բայց կը յաջողին այնպիսիներ իրենց ուխտին դէմ դրժել, ոչինչ եւ անհիմն առիթներ յառաջ բերելով։ Այլ ուղիղ խօսելով եւ զատելով` շատ անգամ եւս իրաւունք ունին գիւղական քահանաներ. երբ ժողովուրդ կը զլանայ իւր հոգեւոր պաշտօնէին հոգեւոր մատակարարութեանց իրաւունքներ տալու` ինչ որ նախնի եկեղեցւոյ սուրբ հայրերէն սահմանուած է։
       Սորա ապացոյց ահա մեր ժամանակի մէջ կը տեսնամք, որ ժողովրդին պէս քահանաներն եւս պանդխտութեանկը դիմեն, թողլով գիւղն ու եկեղեցին որբ` տարիներով կը դեգերին օտարութեան մէջ։ Ո՜, տեսնաս դու, Թոռնիկ, Պօլսոյ գերեզմաննոցներու մէջ թափառելով կսպանեն, որ մի մեռելաթաղ լինի, կամ պանդուխտ ժողովուրդէն մէկ գայ, եւ իւր ննջեցեալի գերեզման օրհնել տայ։
       Այսպէս, քահանայն կը թողու գիւղի կենդանի ժողովուրդին հովուութիւն, յորոց չկրնալով իւր ապրուստ հայթայթել, կերթայ մեռելոց գերեզմանէն գտնել իւր ընտանեաց հացն ու ճարակ։ Օրհնեա՜լ լինին այդ ննջեցելոց յիշատակ, որք իւրեանց գերեզմանէն քահանային հաց կը հոգան։ Մեռելոց գերեզմանն եւս իւր պտղաբերութիւն ունի, ուր հաւատով ու Քրիստոսի անունով ննջեր են ի Տր։
       Այնպէս կը թուի ինձ, Թոռնիկ, որ գիւղական ժողովուրդըն չ»ժողովուրդ համարուած է ազգի վարիչներու առաջ. նա արժանի չէ, որ բարեզարդ կեղեցի ունենայ, արժանի չէ, որ ուսեա բարեզգեաց քահանայ լինի իւր հովիւ, նորա համար աւելորդ համարուած են դպրոց, ուսումն եւ կրթութիւն. նա չունի բաղդբ որ տարին գոնէ մի քանի անգամ վարդապետի քարոզ լսէ. գիւղական եկեղեցւոյ չեմ այցելութեան ոտքէն շատ հեռու է. վերջապէս նա ամէն հոգեւոր մխիթարութենէն զրկուած է։ Մարդ կարող չէ նորա անգնահատելի վիճակին նկարագիր հանել։ Ամէն բան կեդրոնացած է քաղաքներու մէջ, ուր դրուած է աթոռը ընդհանուր վիճակի առաջնորդին։ Առաջնորդ քաղաքացւոց համար գիտես թէ մենավաճառ է կամ վարձեալ մի հովիւ, որ միայն քաղաքացւոց կը վերաբերի, միայն քաղաքացի ոչխարներ պէտք է արածայ, դաշտի գիւղական ոչխարներ թող գայլեր տանին։ Առաջնորդ էն ժամանակ կը տեսնայ գիւղացւոյն երես, երբ նա մի խնդրոյ համար աղերսադէմ կը ներկայանայ երեն։ Անձնիւր կեանքդ եւ փառասիրութիւն մեր հոգեւոր հովիւներուն փոյթ ու եռանդ շիջուցեր են, ես կը կարծեմ դորա պատճառ քաղաքացիք են եւ քաղաքային կեանք։
       Գիւղական ժողովուրդին մի դուզնաքեայ մխիթարութիւն մնացած են վանքեր, մանաւանդ Վասպուրական գաւառին մէջ. վանական վարդապետներ մերթ ընդ մերթ կայցելեն թեմական գիւղերն, թէեւ վանքին իրաւունք եւ պտղին ժողովելու համար է այդ, բայց կան նորա մէջ այնպիսի ժրագործ վանականներ, որք ոչ միայն իրենց այցելութեան պարտք կատարելով հոգեւորապէս կը մխիթարեն ժողովուրդը, այլ եւ գիւղական շատ այլ եւ այլ պատահական գործեր կը կարգադրեն եւ մերթ եւս կռիւներու եւ վէճերու համար հաշտարար դատաւոր կը լինին։ Ափսո՜ս, որ այսպիսի պարտաճանաչ վանականներու օրինակշատ հազուագիւտ է։
       Այս դաս շատ ընդարձակ նիւթ կուտար ինձի, բայց Պապիկ մի աշխարհական հողագործ մշակ լինելով` համարձակութիւն չունիմ իմ հողագործութեան դասերու շրջանէն դուրս ելնել, պէտք է հոգեւորական բան հոգեւորականին թողուլ, նոքա ժողովուրդի բժիշկներն են միթէ կարող չե՞ն իրենց հիւանդութիւն բժշկել, հոգան, խօսին, գրեն եւ ցոյց տան դեղն ու դարման։
       Այժմ կանցնիմ խօսել, Թոռնիկ, թէ ի՞նչ են այն միջոցներ, որով գիւղական ժողովուրդ գոնէ փոքր ի շատէ կարենայ յառաջդիմել, իւր ներկայ վիճակն բարուոքել ժամանակի ընթացքին համեմատ։