Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԶ. ԳԹԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԸՆՏԱՆԻ ԱՆԱՍՆՈՑ ՎԵՐԱՅ
      
       Գիտենք, Թոռնիկ, եւ սուրբ Գիրք կը պատմէ մեզ, թէ Տէր Աստուած երբ ստեղծեց բոլոր անասուններ, մի հանդէս կազմեց, բոլոր կենդանիներն բերաւ Ադամ թագաւորին առջեւէն կարգ-կարգ անցուց, ցոյց տալով թէ այս ամէն քո իշխանութեան ոտքի տակ դրած եմ։ Ինչպէս Դաւիթն էլ կը խօսի. «Զամենայն ինչ հնազանդ արար ի ներքոյ ոտից նորա զխաչն` եւ զարջառ եւ զամենայն ինչ»։
       Այս անասնոց մի մասն ընտանեցած են մեզ, եւ մեր բոլոր աշխատութեանց մէջ կը ծառայեն, կը հնազանդին ինչպէս որ ուզենք։ Մի մասն էլ կայ, որ ազատ եւ ապստամբ են մարդոյն դէմ. զի մարդէն աւելի հզօր եւ պատառող գազան են, որ հառեւոր անապատներ եւ աւելի անտառներու մէջ կը բնակին` եւ ստեղծող Աստուած չի մոռնար անոնց, կերակուր կուտայ, Առիւծի կորիւններ կը մռնչեն, եւ Աստուծմէ իրենց կերակուր կը խնդրեն։ Եւ ի՞նչ է իրենց կերակուր. տկար կենդանիները, զորս պէտք է աշխատութեամբ որսան, ուտեն եւ ապրեն։ Այս աշխարհի մի սնական օրէնքն է, որ տկարներ ուժովներուն կերակուր լինեն։ Թողունք ցամաքի աշխարհ, ծովու աշխարհին մէջն էլ այդ օրէնք կը տիրէ. կը տեսնաս որ փոքրիկ ձկներ, մեծ ձկներուն միշտ կերակուր կը լինին։
       Բայց չը կարծես, Թոռնիկ, թէ այդ անընդել եւ անզուսպ գազաններ բոլորովին ազատ են մարդոյն տիրապետութենէն. ո՛չ, մարդ իւր ճարտար հնարամտութեամբ կարող կը լինի որսալ այդ կատաղի գազաններ եւ վանդակներու մէջ փակել, եւ այն աստիճան կրթել զանոնք, որք իբրեւ մանուկ մի կը հնազանդին իրենց կրթող տիրոջ։
       Իսկ մեր ընտանի անասուններ այնչափ ընտելացած են մեզ, որ մեզ հետ կապրին, գրեթէ ընտանեկից կը համարուին, եւ մեր բոլոր թէ մշտական աշխատութեան եւ թէ ուրիշ բաներու մէջ աշխատակից են։
       Թէպէտ մեք մեր անասնոց տէր եւ իշխան ենք, կը ծեծենք կը չարչարանք եւ անպատիժ կը մնամք, թէեւ երկրին օրէնք անասնոց չարչարելու համար սահմանեալ պատիժ ունի։ Թող օրէնք, Եւրոպային մէջ յատկապէս անասնոց պաշտպան ընկերութիւն կայ, որ կարգուած պաշտօնեաներ ունի, ոստիկանաց պէս կը հսկեն, եթէ տեսան մէկն որ անգթութեամբ կը վարուի ո՛եւ իցէ անասնոց դէմ` իսկոյն կը բռնուի եւ իւր պատիժ կը կրէ։ Եթէ տեսնան որ կառավար մի իւր ձիերուն դարման խնայելով վատուժ եւ տկար պահած է, այնպիսին իսկոյն պատիժ կը կրէ եւ կը տուժէ, իսկ այն որ իւր բեռնատար ձին այնչափ լաւ դարմանած է, որ ահագին պալեաներ բարձուած մի սայլի` միայն կը քաշէ, պաշտպան ընկերութիւն` այնպիսի կառապանաց պարգեւ եւ մրցանակ կուտայ։
       Մեզ համար այդ բան չկայ` ոչ պատիժ եւ ոչ մրցանակ, բայց մեր մրցանակ կամ պարգեւ մեր շահն է, վասն զի մեք մեր աշխատաւոր անասուներ որչափ լաւ դարմանենք, առոյգ եւ ուժեղ պահենք, այնչափ աւելի շահ կը լինի մեզ նոցա կրկնապատիկ աշխատութենէն։ Իսկ երբ մեր անասուններ տկար եւ անուժ լինին, մեր վարուցան եւ ամէն ինչ տկար կը լինի, այդ շատ յայտնի բան է, երբ գործիչներ տկար լինին, գործն էլ հետեւապէս տկար կը լինի։ Օրինակ աչքիդ առաջ է, Թոռնիկ. այն գութաններ, որ ուժեղ գոմէշներով ու եզներով լծուած են, որչափ աւելի տեղ կը վարեն, քան այն գութան, որոյ անասուններ նիհար եւ ուժաթափ լինելով, մի օրավար տեղն հազիւ երկու օր կը վարեն։
       Եթէ միայն մեր շահ նկատելով դարմանենք անասուններ, այդ մի առաքինութիւն չէ, այլ արդարութիւն կը պահանջէ որ բնականապէս գութ ունենանք անասնոց վերայ, վասն զի անասուններն էլ աշխարհիս վերայ մեզի պէս ցաւակցութիւն ունին, կարօտ են մեր օգնութեան։ «Արդարն ողորմի անասնոյ իւրում, աղիք ամբարշտաց անողորմ են», կը խօսի սուրբ Գիրք։ Տէր Աստուած սուրբ անասուններ տուաւ մարդոց, որ մորթեն եփեն ուտեն, բայց օրէնքով կարգիլէ, որ չզենուն զգառն ի կաթն մօր։ Երբ նորա մայր իւր նորածին գառնուկին վերայ կը գորովի, որչա՞փ անգթութիւն է կաթնկեր գառնուկին արիւնն կաթին հետ խառնել, որով խեղճ մայր բնական գթով մորմոքելով կը բառաչէ եւ գառնուկ կը կանչէ։ Անասնոց բնական գութ ժամանակաւոր է, այնչափ կը տեւէ` մինչեւ նորածին գառնուկներ եւ որթիկներ կաթէն կտրուին, իսկ մարդկային ծնողական գութ մինչեւ ի գերեզման կը տեւէ։ Եւրոպիոյ քաղաքակիրթ աշխարհ այդ հաշիւ չունի, կաթնկեր գառն էլ, հորթն էլ, միասին կուտէ. ոչ Մովսէսին մտիկ կուտայ եւ ոչ բնական գթոյն։ Բայց զարմանալի է, երբ օրէնք կը դնէ որսորդներուն համար, որ թռչուններուն ձագ հանած ժամանակ որսորդութիւն չանեն։ Այդ ինձի էնպէս կը թուի. այնչափ գթութեան համար չէ, որյափ այն հոգածութեան համար թէ վաղիւն զինչ կերիցուք, մի գուցէ այդ համադամ թռչնոց կերակուր պակսի ազնուականաց սեղանէն։
       Գթութիւն այնչափ մեծ առաքինութիւն է, ոռնիկ, որ ոչ միայն զգալ կուտայ մեզ խնայել եւ գթալ մեր ընտանի անասնոց վերայ, այլեւ նոյն իսկ պատառող գազանաց վերայ անգամ կը շարժէ մարդոյն սիրտ։ Այդ մտքին յարմար մի սիրուն առակ խօսիմ քեզ, որ գթասիրութեան մի ճիշտ օրինակ է։
       Մի մատաղ եղնիկ, իւր բնակած այրին մէջ ծնած ժամանակ, չգիտեմ ինչպէս կը լինի` իւր ձագեր կը մեռնին, խեղճ եղնիկ կը թողու իւր մեռած ձագերն, կելնէ կը շրջի լեռան անտառին մէջ, մի որջի պատահելով` կը տեսնայ որ երկու հատ գայլու նորածին լակոտներ անօթի նուազած ինկած են։ Գուցէ իրենց մայր ոչխար ուտելու երթալով` շներէն խեղդուած էր, լակոտներ անմայր մնացեր էին։ Գթասիրտ եղնիկ մայրենի գորովով խղճալով գայլու լակոտներուն վերայ, ի՜նչ կը լինի ասաց, որ ես այս անտէր լակոտներ սնուցանեմ, քանի որ ծծերս կաթով լեցուած են, մինչեւ որ մեծնան։
       Էջ անտառի մէջ մի դրացի ճգնաւոր կար, գիտես, Թոռնիկ, ճգնաւորն աշխարհէ հեռացած աղօթասէր մարդիկ են, բայց ծնողական գթոյ քաղցրութեան շատ ճաշակ չունին։ Է՜, անխելք եղնիկ, կասէ ճգնաւոր. կը զարմանամ, դու ի՞նչպէս այդ գայլոյ լակոտներ կը սնուցանես, չե՞ս գիտեր, որ դոքա մեծնան գայլ կը լինեն եւ գուցէ առաջին անգամ ձեր արիւն ծծեն։ Էդ բան ես չեմ մտածեր, այլ կը մտածեմ միայն բարիք մի անել, կը պատասխանէ բարեսիրտ եղնիկ, ի՞նչ անեմ, ես կաթ ունիմ, ձագ չունիմ, այս խեղճեր մայր չունին կաթի կարօտ են, պէտք է մայր լինիմ, հոգամ զիրենք։ Է՜, ճգնաւոր եղբայր, միթէ՞ մարդոյ ծնածներն ամէնք բարի կը լինին, եւ երբ մեծնան գայլէն աւելի չարագոյն չե՞ն։ Այս մի առակ է, Թոռնիկ, ուրիշ մի եղած բան պատմեմ քեզ, զոր ես աչքովս տեսայ, եւ դու տես թէ ինչպէս գթասիրութիւն երբեմն զմարդ ծայրայեղութեան կը տանի, գիտենք, թէ մարդ մարդոյ վերայ կամ ընտանի անասնոց վերայ գթալ սովորած է, բայց չենք տեսեր թէ մարդ գայլոյն գթութիւն անէ, որ միշտ ոչխարներ կը գիշատէ։
       Հայրիկ, երբ Հովիւ ընտրուեցաւ Մշոյ վիճակին, Վարագէն Ս. Կարապետ երթալու ժամանակ, ես էլ հետն էի, գնացինք հասանք Զիարէթ գիւղ, որ քիչ հեռու է Գլակայ վանքէն։ Էդ գիւղի մարդիկ շատ պատիւ արին Հայրիկին, մեղրով սեր, մեղրով կարագ, խորոված գառն կերանք ու կերանք, էրնէ՛կ էն աւուր։
       Ճաշէն յետոյ տեսանք էդ գիւղի կտրիճ երիտասարդներ մի ողջ գայլ բռնած են, բերնին ու ոտքերուն մէջ փայտ դնելով պիրկ կապած` էնպէս բերին ձգեցին Հայրիկին առաջ։ Է՜, Հայրիկ, ասին մեր բախշիշ տուր, այս միջոցին էդ խեղճ գայլ աչքեր դարձուց դէպի ի Հայրիկն, էն ժամանակ ես տեսայ որ Հայրիկին շատ դժար եկաւ, եւ շատ զգացուեցաւ, հարցուց թէ ո՞ւր տեղ բռնեցիք այս գայլ, ասին թէ գեղին մօտեր. եկեր էր պահուըտեր էր գոմին պատի մի քունջ, որ գիշեր ելնէր ոչխար գողնար ուտէր։ Հայրիկն ասաց. միթէ՞ ոչխար ձեզի համար հալալ է, գայլու համար հարա՞մ է. Աստուած գայլն էլ ոչխարին հետ ստեղծեր է եւ իւր ղըսմաթ տուեր է. դուք ազատ կերպով ոչխարներ կը մորթէք կուտէք, ի՞նչ կը լինի որ այդ խեղճ լեռան աղքատին էլ բաժին տաք, դուք զրպարտութիւն կանէք այս գայլուն վերայ, նա չէր եկեր ոչխար գողնալ, այլ լսեր էր թէ գեղ խաչ օգնեա մատաղ գայ, եկեր էր մատաղ ուտելու. ո՞վ գիտէ քանի՞ օր անօթի մնալով ուժէ ինկած, հազիւ ինքզինք ձգեր է գեղն, դուք վրան հասնելով բռներ էք, եւ որպէս թէ մեծ քաջութիւն արած էր, բախշիշ կուզէք։ Մեծ բախշիշ կուտամ ձեզ, տարէք գեղէն դուրս արձակեցէք խղճ գայլ, թող երաթայ իւր բանին։ Այս որ լսեցին գեղացիք, սկսեցին մռմռալ իրարու հետ, ծօ մարդիկ, էդ Հայրիկ հովիւ եկած է մեր երկրին` մեր ոչխարներ գայլերո՞ւն պիտի տայ, մեք հազար ճորով գայլ մի բռնեցինք, նա կասէ արձակեցէք։ Հայրիկն այս տրտունջն լսելով` սկսեց իւր գայլու առակներ։ Մտիկ արէք գիւղացիք, ձեզ մի առակ խօսիմ։ Մի գայլ եօթն օր եօթ գիշեր սարեր ձորեր շրջելով բան մի չինկաւ ձեռք, տեսաւ որ անօթի պիտի մեռնի, ասաց ուշիկ ուշիկ երթամ մօտի գեղն, գուցէ Աստուած մի ղըսմաթ տայ ինձ։ Խեղճ գայլ խելամաղ իրիկուան մութին կը հասնի մի գիւղ, մի գոմի պատի տակ կը կծկուի։ Էդ գոմի պատի ճեղքէն գայլ դէպ ի ներս կը նայի, որ ճրագներ կը վառուին, ոչխարներ կը մորթուին, շներն էլ մի կողմ շնթռկած եւ աչքերնին տնկած իրենց բաժինին կսպասեն։
       Այստեղ գայլուն սիրտ դառնացաւ եւ սկսեց ինքնին ասել, է՜, անիրաւներ, այդ բան եթէ գայլն անէր, ի՞նչ վայնասուն կը հանէիք. դուք, հովիւներ շներով բրերով զայն պիտի հալածէիք, ես արդ զրկուած ու նուազած աչքով կը դիտեմ ձեր այդ արածներն, գայլու անուն ելած է, ոչխարներ դուք կուտէք, դուք յիրաւի կերպարանքով մարդ էք, այլ բարքով մարդագել էք, դուք չէք տեսնար այն մեր դրացի մարդագելեր, որոնք խումբով կը յարձակին եւ ձեր ոչխարի հօտեր պլու անելով կը տանեն, ձեր եւ ձեր շներու քաջութիւն միայն խեղճ գայլերու վերայ կը փորձէք, որոնք շատ սակաւապէտ եւ ձեզմէ աւելի խղճմտանք ունին։
       Գայլու այս գանգատն ու դատաստան շատ իրաւացի է, սիրելի գիւղացիք, գայլերն էլ պիտի ապրեն աշխարհիս վերայ, դուք կուզէք նոցա սերունդ հատցունել, պէտք է գիտնաք որ գայլեր ձեզ համար շատ օգտակար են, եթէ գայլերուն ահ չը լինի, դուք երբէք ձեր ոչխարներ չէք պաշտպաներ։
       Հայրիկին առակ եւ այս խօսքեր բաւական դպաւ գեղացւոց սրտին։ Երիտասարդներ ասին, Հայրիկ, ինչպէս կերեւայ` դուք շատ կը գթաք այս կապուած գայլուն վերայ. մեք քո խաթեր համար կարձակենք ազատ կը թողունք, մեր բախշիշ տուր։ Առին զբախշիշ, խաբեցին զՀայրիկ, խեղճ կապուած գայլն տարին գեղէն դուրս, շներ թող տուին վերան խեղդեցին, գայլու փոստիկ հանին։ Շատ լաւ արին գիւղացիք, Հայրիկ ելր է ներողութեան ճառ կը կարդայ գեղի ոչխար ուտող գայլուն։
       Այս պատմութիւն արի քեզ, Թոռնիկ, բայց դու զգոյշ կաց, ճիշդ խրատ առնելու օրինակ չէ. միայն պատմեցի քեզ, որ լաւ հասկընաս թէ գթասիրութիւն որչա՞փ կը տիրէ մարդոյն սրտին վերայ, որ պատառող գազան անգամ խնայել կուզէ։
       Հապա մեր ընտանի աշխատաւոր անասուններ ո՞րչափ արժանի են մե գթասիրութեան։ Խստասիրտ եւ անողորմ են այն երկրագործներ, որ անասուններ չարչարելով տանջելով հաց կը վաստկին. սորա համար է որ այնպիսիներ կուշտ հաց չեն ուտեր, միթէ՞ անասնոց աղաղակն ու հեծեծանք չի հասներ երկինք, դու մի կարծեր թէ անասուններ իբրեւ ոչինչ եւ չքոտի գումարուած են Աստուծոյ առաջ։ Դու դե՞ս կարդացեր Յովնան մարգարէի գիրք. Տէր Աստուած ամբարիշտ Նինուէացւոց խնայած ժամանակ անասնոց էլ խնայեց հաւասար այնչափ տղայոց, որ չգիտէին աջն ու ձախն։
       Խիստ կը գորովիմ Թոռնիկ, գութս կը շարժի, երբ կը տեսնամ, որ մեր գիւղական մշակ ժողովուրդ շատ անխիղճ եւ անխնայ կը վարուի իւր ընտանի լծկան անասնոց հետ, միշտ խարազանակոծ կը տանջէ, այնպէս որ անմռունչ անասնոց քամակներու վերայ հարուածոց գծեր շերտ-շերտ կերեւան։ Եթէ Բաղամու խօսուն իշու պէս Աստուած հրաշքով բանար անասնոց լեզուն, ի՞նչ աղաղակ ու գանգատ պիտի բառնային մարդոց անգթութեան համար։ Այլ միթէ նոր անմռունչ հեծութիւն ու բառաչն մի աղաղակ չէ՞։ Հնձող մշակին զրկանաց բողոքն կը հասնի երկինք, մշակին աշխատակից զրկեալ հարուածեալ անանսոց բողոք երկինք չի՞ հասներ։
       Երբեմն կը տեսնամ, խեղճ անասուն ուժաթափ լինելով լուծն ի վզին այնպէս ակօսն մէջ կը թաւալի, տես դու էն ժամանակ որչա՞փ խարազան պիտի ուտէ, հարուածին չը տոկալով` ճարահատ կը կանգնի, քիչ մի տեղ կերթայ եւ դարձեալ կը թաւալի։ Անգութ հերկագործ չի մտածեր` պահ մի թողում այդ խեղճ անասուն, թող երթայ արածայ հանգստանայ եւ ապա բերեմ լծեմ։ Անգութ մարդիկ էլ կան, որ խարազանի կամ դալար ճիպոտի տեղ, չոր փայտ կը գործածեն. էն ժամանակ ոչ միայն կաշին ու միս, այլ եւ ոսկորներ անգամ կը ջախջախուին անլեզու անասնոց։
       Ձիապան կամ իշապան մարդիկ եւս չարաչար կը վարուին այդ բեռնատար անասնոց հետ, երբեմն ծանր բեռներ կը բառնան իրենց ուժէն վեր։ Եթէ պատահի որ խեղճ անասուն բեռան տակ ճարահատ լինելով նստի, կամ դիպուածով իյնայ, ի՞նչ ըանեն, գիտե՞ս. անգթաբար կը ծեծեն բեռան տակ, որ ծանրութեան տակ ճնշուած անասուն ինքնին կանգնի, այս պատճառաւ թշուառ անասուն կը վտանգուի կամ մէջքէն եւ կամ ոտքէն։
       Կը տեսնա՞ս, Թոռնիկ, թէ մարդոց անգթութիւն որչա՞փ կը ծանրանայ խեղճ անասնոց վերայ, պաշտպան ու փաստաբան չունի, միայն խիղճ ու գթասիրութիւն է անասնոց պաշտպան, այդ եւս շատ հազուագիւտ է մարդոց սրտին մէջ։
       Հայրս կը պատմէր ինձ, Թոռնիկ, թէ ժամանակաւ մի կառավարիչ եղեր է ի Վան. էդ մարդ բնականապէս մեծ գթասիրութիւն ունէր անասնոց վերայ. եթէ տեսնար մի մարդ որ չարաչար կը վարուէր անասնոց հետ` իսկոյն կը պատժէր զայն եւ յանցանքին համեմատ զուարճալի պատիժներ կուտար։
       Մի օր քաղաքէն ելնելով դէպի Արտամետու աւան կերթայ, կը տեսնայ որ երկու ձիապաններ մի աղբիւրն գլուխ հանգիստ նստած հաց կուտեն, իրենց ձիեր էնպէս բեռան տակ կեցած են, իսկոյն հրաման կանէ որ ձիերուն բեռներ վար իջեցնեն, էդ բեռներն էլ գարի են եղեր, ձիերու տոպրակներ բաւականին լեցնելով, կախել կուտայ ձիերու գլխէն, էդ բեռներն էլ մէկ-մէկ թակ մարդոց կռնակ կը դնէ եւ կասէ մինչեւ ձիեր իրենց գարին ուտեն, դուք էլ պէտք է ոտքի վերայ կենաք էդպէս։
       Մի օր եւս քաղաքի դռնէն դուրս ելած ժամանակ, կը տեսնայ որ երկու մարդիկ մէկ ձիու վերայ նստած դէպ Այգեստան կերթան, աս բան կառավարչի աչքին շատ արտառոց կերեւայ, հրաման կանէ որ երկուքէն մէկն ձիէն վար իջնայ եւ իսկոյն կը ղրկէ բանտ. միւսին կասէ դու ծեր ես, քեզ խնայեցի, գնա լուր տուր ընկերիդ համար թէ բանտ տարին եւ տասն օր իւր պատիժ պիտի կրէ։
       Մի օր դարձեալ քաղաքէն դուրս շրջած ժամանակ կը տեսնայ մի մարդ մի տոպրակ թեւին վերայ ձգած` կերթայ, բայց շատ կը զարմանայ, երբ այդ տոպրակէն կատուներու ձայներ կը լսէ, մօտենալով կը հարցնէ ի՞նչ կայ այդ տոպրակին մէջ, մարդն կը շուարի ժխտել, որովհետեւ կատուներու ձայներ կը լսուին. Աղա, կասէ, գող կատուներ են, պիտի տանեմ ձգեմ քաղաք։ Ա՛յ անպիտան մարդ, կասէ կառավարիչ, ես գողեր քաղաքէն դուրս կը հալածեմ, դու կատուներ քաղաք կը տանես։ Հրաման կանէ խեղճ կատուներ տոպրակէն դուրս կը հանեն եւ այդ տոպրակ անցունել կուտայ մարդուն գլուխ, մի ոստիկան ձեռքէն բռնելով դէպ ի բանտ կառաջնորդէ. էս խայտառակութիւն կը տեսնան անցնող դարձող մարդիկներ, միայն թէ գլխուն տոպրակի շնորհիւ չեն կարող ճանչնալ։ Իսկ ազատուած կատուներ ուղղակի դէպ ի տուն կը դառնան, լուր կը տանին տնեցւոց, թէ իրենց տէր բանտ տարին։
       Բայց դու հարցո՛ւր, Թոռնիկ, թէ այդ գթասէր մարդ միայն չարչարուած անասնոց վերայ գութ ունէր եւ այդպէս անաչառ դատաստան կը տեսնար, չէ՞ նոյն գութ եւ անխտիր դատաստան զրկեալ մարդոց համար էլ ի գործ կը դնէր։
       Այո՛, Թոռնիկ. երբ մարդ անասնոց վերայ գութ ունենայ, շատ բնական է, որ իւր համացեղ ընկերին վերայ աւելի եւս կզգայ եւ գթասիրութիւն կը շարժի։ Այլ ով գիտէ, աշխարհ է, գուցէ կան այնպիսի մարդիկ էլ, որ արտաքուստ բարեսիրտ ձեւանալով, կատուի դատաստան կը տեսնան, որպէս զի ցոյց տան թէ արդարասէր են, իսկ բողոքող զրկեալ մարդու դատաստան ի բաց կը թողուն։ Ինչպէս Քրիստոսի ժամանակ կեղծաւոր փարիսեցիներ ուղտն կուլ կուտային եւ մժղուկներ գինու երեսէն կը քամէին. այսինքն Աստուծոյ օրինաց արարդարութիւն զանց կանէին եւ փոքրիկ աննշան բաներն արդարութիւն կը համարէին։
       Մարդիկ ըթ կարծեն, Թոռնիկ, որ դատաւոր Աստուած միայն զրկեալ մարդոց համար վրէժխնդիր կը լինի։ Ո՛չ. ես լսած եմ. եւ գրքերու մէջ եւս կարդացեր եմ, թէ անխօս անասնոց բողոքն եւս կը հասնի Աստուծոյ առաջ. եւ Աստուած դատաստան տեսնալով վրէժխնդիր կը լինի։ Ասորի սուրբ Եփրեմ խուրին ինքնին կը խոստովանի իւր տղայութեան յանցանք, որ դրուած է իւր վարուց պատմութեան մէջ։
       Կասէ թէ ես պատանեկութեանս ժամանակ շատ ստահակ անհանդարտ եւ չարաճճի մի պատանեակ էի, մի օր դաշտի մէջ մի յղի կով տեսայ, որ նստած էր, պիտի ծնէր. ես քարաձգութեամբ հալածեցի խեղճ կով, չը թողի որ նա հանգիստ ծնէր իւր հորթիկ. այնչափ լարեցի ետեւէն, մինչեւ տարի անտառին մէջ։ Կովն իւր հորթ նետեց եւ շնչասպառ անկաւ գետին. մնաց այնպէս, գազաններ գիշեր կովն էլ հորթն էլ կեան։ Էգ կով մի աղքատի կով էր. բանը ծածուկ չը մնաց, իմացուեցաւ, տես տարին բանտ դրին. էդ բանտին մէջ ուրիշ յանցաւորներ էլ կային, որ իրենց մեղքեր իրարու կը պատմէին. մէկն կասէր ես մի անմեղ մարդ սպանեցի. միւսն կասէր ես մեծ վաճառական կողոպտեցի եւ զինքն սպանեցի եւ այլն։ Զիս էլ հարցուցին, տղա՛յ, քո մեղքն ի՞նչ է. ես պատմեցի կովու անցքը, օ՜, ասին, էդ էլ մե՞ղք է։ Վերջապէս ոճրագործ մարդոց դատաստան տեսնուեցաւ տարին կախեցին։ Իսկ իմ տղայութեանս խնայելով զիս մահապարտ չդատեցին, բայց լաւ մի ծեծելով արձակեցին բանտէն. յիրաւի քանի ամիսներ բանտին մէջ չարչարուեցայ։ Երբէք քուն չունէի. միշտ հալածեալ կովու պատկեր աչքիս առաջ կուգար։
       Մտածեցի որ աղքատի կովու համար պէտք է յաւիտեան ապաշխարիմ. ուստի թողի տուն, հայր, մայր եւ ամէն ինչ ասի երթամ սար ճգնաւոր լինիմ, անգթութեան ու զրկանաց մեղքերս քաւիմ։ Եւ ես այս փորձանքով զգաստացայ եւ խելամուտ եղայ Աստուծոյ դատաստանին, որ անասնոց համար էլ վրէժխնդիր կը լինի, երբ մեք անգթութեամբ վարուինք անխօսուն կենդանեաց հետ։
       Այս պատմութիւն թող խրատ լինի քեզ, Թոռնիկ, երբէք մտքէդ մի հաներ. եւ միշտ յիշէ Սուրբ Եփրեմի պատմութիւն եւ հալածեալ կովու դատաստան. գիտնալով եւ հաւատալով թէ Արդար Աստուած հաւասարապէս դատաւոր է ինչպէս մարդոյն` նոյնպէս եւ զրկեալ անասնոց։