Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Դ. ՓՈԽԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆՔ ԳԻՒՂԱՑՒՈՑ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՑՒՈՑ
      
       Սիրելի Թոռնիկ, կը տեսնաս միշտ եւ դիւրապէս կարող ես ըմբռնել, թէ ի՞նչ է փոխանակութիւն մեր տուրեւառական կենաց մէջ։ Առանձին մարդ, սոսկ իւր ինքնաշխատութեան արդիւնքով չի բաւականանար, զի մարդկային ընկերութիւն համաշխատութեամբ կապրի. այսինքն ինչ որ մեք ունիմք, զայն կուտամք եւ ինչ որ չունիմք, զայն կառնումք։ Մեք ունիմք շատ բաներ, զոր քաղաքացին չունի, նմանապէս քաղաքացին ունի շատ բաներ, որ մեք չունիմք։
       Զորօրինակ, մեք ցորեան ունիմք եւ ուրիշ շատ հնտեղէն եւ բանջարեղէն բաներ. ոչխար եւ տաւարներ ունիմք, կաթ, պանիր եւ իւղ ունիմք. կան նաեւ շատ երկրագործութեան այլ եւ այլ արդիւնքներ, որոց աւելորդը ծախելով կը դնեմք մեզի պէտք եղած բաները, որ շատ քիչ են. զի գեղացւոց կեանքի պէտքեր աւելի պարզ եւ անպաճոյճ են։ Մեր հագուստի համար բաւական են չալեղէն եւ կտաւեղէն նիւթեր. ընտանեաց համար Վանայ չիթ, կարմիր կտաւ եւ տեղացի մանիսան բաւական էր երբեմն, իսկ այժմ Եւրոպիոյ փտած պասմաներ եւ չուխաներ բաւական չեն համարեր։
       Է՜, Թոռնիկ, ժամանակ փոխուած է, գիւղացի ընտանեաց ճաշակն եւս բացուած է քաղաքացւոց պէս։ Քաղաքացի ընտանեաց փայլուն զարդարանք անշուշտ կը հրապուրեն մեր պարզասէր ընտանիք։ Բայց պէտք է գիւղացի ժողովուրդ ամենայն կերպով աշխատի իւր պարզութիւն եւ իւր սակաւապէտ կեանքի սովորութիւններ պահել։ Վասն զի գիւղացին իւր աստիճանին չափով պէտք է ապրի։ Եւ առանձին դասով պիտի խօսիմ քեզ դարձեալ այս նիւթին վերայ։
       Հագուստէն ի զատ, գիւղացւոց աշխատութեան ամենապիտանի երկաթէ գործիքներն են, զոր կը պատրաստէ քաղաքացի արհեստաւոր եւ մեք կառնեմք դրամով։ Մեր գութանին խոփը, հնձելու գերանդին ու մանգաղ, եւ այլ կարեւոր երկաթէ բաները, որ մեզ համար անհրաժեշտ է, եւ զորս դարբինը կը պատրաստէ մեզ համար։
       Հարցո՛ւր, Թոռնիկ, միթէ կարելի չէ՞, որ գիւղացին իւր ամէն պէտքեր ինքն հոգայ. Ապրի՜ս Թոռնիկ, այդ շատ մի խելացի հարցումն է, կը բաղձաս որ գիւղացին երբէք կարօտութիւն չունենայ քաղաքացւոյն։ Այո՛, այդ շատ դիւրին բան կերեւի, միայն թէ գիւղացին եւս գրել, կարդալ սովրի քաղաքացւոց պէս, միտք բացուի, մտածել գիտնայ եւ իւր չափով յառաջդիմէ. էն ժամանակ` նա կը մտածէ եւ քանի մի մտացի մանուկներ քաղաքացի դարբնին քով աշկերտ կը դնէ, քիչ ժամանակի մէջ լաւ կը սովրի, կը դառնայ գիւղ, մի դարբնի խանութ կը բանայ. ոչ միայն իւր գիւղին, այլ եւ շրջակայ գիւղերու համար կը շինէ, կը պատրաստէ պէտք եղած գործիքներ։ Թող այս, մեք մեր պարզ հագուստներն եւս կրնամք պատրաստել, քանի որ գիւղացին բուրդ եւ բամբակ ունի։ Թէպէտ մեր Վանայ երկիր բամփակի մշակութիւն չի յաջողիր, բայր Մուշ, Երզնկայ, Խարբերդ եւ այլ բազում գաւառներ բամբակի մշակութիւն բաւական յաջողած է։ Վանայ գիւղացւոց համար էլ բամբակ չի պակսիր, Պարսկաստանի մօտ սահմանէն բազում քանակութեամբ բամբակ կուգայ, Վանեցին կարող է առնել, մանել եւ կտաւ գործե։ Բայց աւելի լաւ է, որ գիւղացին իւր բուրգէն շալեղէն բաներ գործելով իւր հագուստներ պատրաստէ։ Մանաւանդ ձմեռ ժամանակ, որ մշակութեան գործերէն կը դադարի, կարող է չալ գործել եւ ուրիշ արհեստներու պարապել, որ գիւղական ժողովուրդին համար կարեւոր եւ պիտանի են։
       Շատ կը ցաւիմ Թոռնիկ, որ մեր Վանայ եւ Մշոյ գիւղացիներ շատ ծոյլեւ անաշխատ կեանք կը վարեն, մանաւանդքաղաքի շրջապատ գիւղերը, որ խումբ խումբ յաճախելով ի քաղաք, կը դեգերին գինետանց մէջ օրերով` արբեցող եւ մոլի կը լինին։ Ես դեմ ասեր որ աշխատաւոր գիւղացին զրկուի այդ վայելքէն, այն ինչ քաղաքացին աւելի չափազանց կերպով կը վայելէ։ Եւ գիտե՞ս դու բոլոր Վանայ եւ շրջակայ գիւղերու այգիներն գրեթէ երկու հարիւր հազար լիտր գինի կը լինի, եւ այդ ամէն Վանայ զուարճասէր եւ գինեսէր ժողովուրդ խմելով կ»սպառէ. եւ ի՞նչ անէ չըսպառէ, վասն զի հետեւեալ տարին քացախ կը դառնայ։ Այգեպանք գինեգործութեան արուեստ չեն գիտեր, թէ գիտնային եւս դարձեալ անօգուտ էր. չեն կարող շահագործել, քանի որ փոխադրութեան միջոց չունին, ծովէն շատ հեռու, ճամբաներ դժուարին եւ անհարթացած են։ Խնամատար տէրութեան շնորհիւ, Թուրքիոյ շատ գաւառներում քաղաքէ ի քաղաք ճամբաներ շինուելով հարթուեցան եւ այդ գաւառներուն շահագործութիւն օրըստօրէ յառաջ կերթայ. յոյս ունիմք որ մեր գաւառներն եւս նոյն բախտն ունենանու յայնժա ոչ միայն գինին, այլ եւ մշակութեանց արդիւնք պիտի կրնայ փոխադրուել մինչեւ Տրապիզոնի նաւահանգիստը։
       Ահա, սիրելի Թոռնիկ, քո հարցման պատասխանելով, կարգն այնպէս բերաւ որ ուրիշ բաներ էլ խօսեցայ. բայց պէտք է դառնամ քո հարցման եւ բացատրեմ քեզ աշխարհի տնտեսութեան մի անհրաժեշտ օրէնքը, որ մարդկային ընկերութիւն իրարու հետ կը կապէ շահագործութեան ու առեւտրական միջոցներով. դու կուզես, որ գիւղացին իւր աշխատութեամբ իր ամէն պէտքեր հոգայ, երբէք կարօտութիւն չունենայ քաղաքացիներէն բան գնել եւ իւր պէտքեր հոգալ։
       Է՜հ, Թոռնիկ կը մոլորիս, այդ դատողութիւնը` սոսկ մանկական մի բաղձանք է, հակառակ ընդհանուր մարդկային ընկերութեան, բարոյական միութեան եւ համերաշխական շահուն։ Եւ դու պէտք է գիտնաս որ` մարդկային ընկերութիւն իրարմով կապրի, միոյն կարօտութիւն եւ պակասութիւնը` միւսն կը լրացնէ եւ աշխարհիս ամէն բան փոխարինութեամբ կը կառավարուի։ Դու ի՞նչպէս կուզես, ցորեան տանես քաղաք ծախես եւ շուկայէն բան մի չառնելով` ե՞տ դառնաս, այսինքն միայն ծախես եւ երբէք ծախու չառնես. այս կերպ առեւտուր` շատ անիրաւ եւ անարդար է, միանգամայն թէ վաճառականաց եւ թէ արհեստաւորաց մեծ զրկանք կը լինի ու կը փակուի նոցա ապրուստին դուռը։ Վասնզի դու ինչպէս ցորեան եւ այլ մշակութեան բերքեր ծախելով կապրիս, վաճառականն եւս իւր ապրանք ծախելով կապրի։ Մի գաւառի ժողովուրդք ամենամեծ մասն գիւղացի է. եթէ գիւղացին իւր առեւտուր կտրէ քաղաքէն, միթէ կարելի՞ է քաղաքի ժողովուրդն ապրի. նմանապէս գիւղացի ժողովուրդ կապրի՞, եթէ իւր մշակութեան բերքերը քաղաքացւոց չը ծախէ, կամ իւր նեղութեան մէջ չը դիմէ քաղաքացի բարեկամին եւ փոխառութիւն չանէ։ Ո՞վ չի գիտեր որ գիւղացւոց գանձարան քաղաքն է։ Խեղճ գիւղացին իւր մշակութեան բովանդակ բերքերով, կարող չէ տակաւին իւր պէտքեր եւ պարտքեր հոգալ եւ ժամանակին տէրութեան տուրքեր վճարել։ Սորա համար նա միշտ հարկադրեալ է դրամատէր քաղաքացւոյն դիմել եւ փոխ դրամ խնդրել։
       Այս մասին դարձեալ պիտի խօսիմ Թոռնիկ, եւ դու պէտք է համոզուիս եւ ուսանիս թէ` քաղաք գեղով եւ գեղ քաղաքով կապրին. զի աշխարհի տնտեսութեան մի կարգադրեալ օրէնք է, որով կը կառավարուի բովանդակ ազգեր եւ ժողովուրդներ։