Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ը. ՋՈՒՐ ԵՒ ՈՌՈԳՈՒՄՆ ԱՐՏՕՐԷԻՑ ԵՒ ԴԱՇՏԱՑ
      
       Լաւ խելամուտ եղիր. Թոռնիկ, թէ միայն հողը ոչինչ կարէ բուսցնել կամ աճումն տալ եթէ ջուր եւ անձրեւ չ»ոռոգեն զայն. ինքնին ամուլ եւ անբեր կը լինի հողն եթէ ջրոյ եւ անձրեւի զուարթարար զօրութիւն չը միանայ իւր հետ։ Բովանդակ համատարած աշխարհ անձրեւով կ»ոռոգին, բայց կան շատ տեղեր. որ անձրեւով եւ ջրով միանգամայն կ»ոռոգին։ Սակայն պէտք է գիտնաս, որ անձրեւ եւ ձիւն շատ առաւելութիւն ունին, նախ որ երկնից ամպերէն իջնալով ամենաբարձր լեռներ, եւ դաշտեր կարող են ի միասին հաւասարապէս ոռոգել, բայց գետնէն բղխած աղբիւրներ վազող վտակներ եւ գետեր` միայն հարթ եւ ցած դաշտավայրերը կ»ոռոգեն։ Եւ պէտք է գիտնաս Թոռնիկ, որ գետնի երեսը վազած բովանդակ ջրերու ամենամեծ աւազանը անձրեւէն եւ ձիւնէն կը գոյանայ. իբրեւ շտեմարան կը ժողովի երկրին ծոցը եւ ապա երկրի ծոցէն դուրս կը բղխին աղբիւրներ, վտակներ եւ մեծ գետեր կը կազմեն։ Մերթ եւս առանց երկրին ծոցն իջնալու, գետնի երեսէն սարերէն կը վազեն, ահագին ջրհեղեղ կը յարուցանեն տեղատարափ անձրեւներէն յորդելով։
       Այսչափ միայն տեղեկութիւն տալով քեզ. մտացի Թոռնիկ, դու ինքնին մտածելով սովրիր, որ այս երկու տարերքն հողն ու ջուր միանալով բովանդակ բուսական բիւր տեսակ աննման զաւակներ կը ծնին ու կը սնուցանեն։
       Եթէ համարինք, որ հողն իբրեւ մայրենի արգանդ սերմեր կընդունին, յարմար է եթէ ջուրն եւս համարինք իբրեւ հայր, որ կարբուցանէ եւ կը բեղմաւորէ հողին արգանդ, որով կը ծնին այնչափ անհուն անհամար բուսականք։ Սկսիմ արդ ցանուած ջրարբի արտերուն վերայ խօսել, թէ որչա՞փ խնամով պէտք է պատրաստել արար, որ դիւրին ջրուի եւ լիապէս ջուր խմէ։ Գարնան անձրեւակարգն անձնելէն յետոյ, բնական է կսկսին ջրարբի արտեր ծարաւել եւ սորա նշանն է, երբ մութ կանաչ գոյն կստանան. էն ժամանակ պէտք է գիտնաս որ սաստիկ ծարաւած են ջուր կուզեն։ Եթէ ջուրդ առատ է, պէտք է երկու աւելի ջըւալ բռնես եւ ջուրը բաշխես ուրիշ ծարաւած արտերուն վերայ, պէտք է լաւ հսկես ջրկայ բանւորներուվերայ, որ խնամով ջրեն արտ, հաւասարապէս ջուրն արտին ամէն մասերը պէտք է շօշափէ, չը թողուն որ տեղ մի չոր ու ցամաք մնայ, կամ տեղ մի աւելի ժողովելով ջուրը լճանայ, զի այդ եւս վնաս է բոյսերուն։ Վնաս է նաեւ որ թողվի ջուրեր արտի վարի կողմերէն ողողելով դուրս վազեն, այնպէս որ արտին երեսի հողերը դուրս քշեն եւ բոյսերու արմատներ բանան, ո՜հ, բոյսերն էն ժամանակ արմատահան լինելով կը խլուին մայրենի ծոցէն եւ հետեւապէս կը թօշնին եւ կը չորնան։
       Մեր Արճակ գիւղն արտեր բնականապէս պատրաստուած են առանց աշխատութեան, այնչափ հաւասար եւ դուրան են որ մի ջրկալ մի ջաղացի ջուր կապելով արտին վերայ, կարող է կառավարել եւ մի աւուր մէջ մի քիլա տեղ կը ջրէ, եւ այնչափ դիւրութիւն ունի որ գիշերն եւս կարող է աշխատիլ։ Միայն արտին հաւասարութիւն բաւական չէ, կարեւոր է նաեւ արտին դիրքին, յարմար կորիներ քաշել ջրադարձի թումբեր կապել, որով ջրկալին աշխատութիւնն` առաւել եւս կը դիւրանայ։
       Չգիտեմ, Թոռնիկ, տեսար եւ գիտեցի՞ր Վարագայ վանից արտեր թէ ջրելու ժամանակ ո՞րչափ դժուարութիւն ունին, եւ ո՞րչափ օրավարձք կառնեն ջրկալներ, դորա պատճառ գիտե՞ս, նախ որ մեծ մասամբ արտերը անհաւասար եւ դարուվար են, երկրորդ առանց կորի քաշելու կը ջրեն, երրորդ կասեն հող տրորան է ջուր չի բռնիլ եւայլն։ Այս ամէն թէ պատճառանք են եւ թէ նախապաշարմունք, աւելի մեծ պատճառը չ»մտածել եւ աշխատութիւն չը սիրելն է, վասն զի զառիվար եւ ջրատար արտեր, տակաւ տակաւ պարզ աշխատութեամբ կարելի է այնպէս կարգադրել, որ երբէք այդ դժուարութիւններ չունենայ, որոց վերայ առանձին պիտի խօսիմ։
       Երկրագործ երբ աւելի առատ ջուր ունի, նա պէտք է ոչ միայն ցանուած արտերուն ջուրը հոգայ, այլ շատ օգտակար է նաեւ եթէ խստավայրեր եւ խոզան արտերուն եւս ջրէ, որ կրկնակի օգուտ ունի. թէ առատ` ինքնաբոյս խոտերով անասնոց արօտ կը մատակարարէ, եւ թէ արտին զի իւր խոտաբոյսերով ինքն սնունդ կառնու, թէ խոտի թափուած տերեւներէն որ կը փատի աղբ կը լինի, եւ թէ նոյն իսկ խոտի արմատներէն ոյժ կըստանայ, սորա համար է, որ գիւղացիք արտը երկու տարի երեք տարի կորդ կը թոուն որ հողն ուժովնայ, այլ չգիտեն թէ ինչո՞վ է որ կուժովնայ։ Այս խոտաբոյսերն են, որ ոյժկուտան արտին։ Դու չես զարմանար, Թոռնիկ, մեր ցանած հատաբոյսեր, յայտնի է որ հողին ոյժը կառնուն իսկ հողին ինքնաբոյսերն փոխանակ առնելու` ուժ կուտան։
       Այսպէս նաեւ այս ինքնաբոյս խոտերուն հետ` ջուրն եւս իւր առանձին յատկութիւններ ունի ոյժ տալու, վասն զի իւր մէջ ով գիտէ ինչ պարարտացուցիչ, հիւթեր կը պարունակէ։ Գիտե՛մ Թոռնիկ, դու հետաքրքիր կը լինիս հողին եւ ջրին բընական յատկութիւններ իմանալ, բայց մտածէ որ Պապիկդ չինական է, համալսարանէն չի գար, որ իբրեւ բնագէտ ամէն բան բացատրէ քեզ։ Պէտք է, բաւական համարես պարզ դասերս։
       Երկրագործութեան համար ջուրին պէտք շատ մեծ է եւ շատ բախտաւոր է այն գիւղ, որ առատաբուղխ աղբիւրներ եւ գետակներ ունի, յայտնի է որ այն գիւղի արդիւնագործութիւն կրկնապատիկկը լինի։ Բայց այն գիւղեր, որոց բնական աղբիւրներ նուազ են, կամ թէ ունեն գետեր եւ գետակներ, որք բարձրէն կուգան դաշտերու մէջէն անցնելով կերթան կը թափին թովակներու մէջ, եւ կամ մեծ գետերուն կը խառնուին. ոչինչ օգուտ չեն ընծայեր խոտաբոյս դաշտերուն եւ մշակեալ արտերուն։
       Ահա քեզ օինակ մի տամ Թոռնիկ, որ աչքիդ առաջն է, մեր Արճակ եւ Խարակոնիս գիւղի միջավայրէն մի գետ կանցնի, գրեթէ գարնան սկիզբէն մինչեւ երկու ամիսէն աւելի այդ գետին ջուր ընդունայն կերայ, կը թափի մօտ եղած ծովակ, ոչ մեք եւ ոչ յիշեալ գիւղի մարդիկ չենք մտածեր այդ գետի ջրէն օգուտ քաղել, վերի կողմերում արուեստական փոքր փոքր լճակներ կազմել, եւ դորա համար որչա՞փ բնական յարմարագոյն տեղեր ունիմք, որոց դիրք փոս եւ ծոցաւոր է, բաւական է որ շրջապատ հողէ թումբեր քաշուին, եւ միայն ջըրանցի բերան քարուկիրէ մի ակն շինել եւ գարնան միջոցին գետի ջուրը մէջ թող տալով պահել մինչեւ արտօրէից ջրելու ժամանակ։ Մեր նախնիք մեզմէ աւելի խելացի, աշխատասէր եւ հոգացող միտք ունեցեր են, ժամանակին այդպիսի լճակներ շինած են, որոց աւերակներու տեղեր այժմ կերեւին եւ մեք երբէք հոգատարութիւն չունիմք, գոնէ նորոգել աւերակլճակներ։ Վանայ արեւելեան լեռներու շրջափակին մէջ մի ընդարձակ հովիտ կայ, որոյ շուրջբիւրաւոր աղբիւրներ կան որ կը վազեն հովտին ծոցը եւ կը լճանան։ Էն ժամանակ Վանայ կողմեր մի բարի եւ ճարտար Քահանայ կը լինի որ իւր պաշտօնէն դուրս ժողովրդի արտերու ջուրն էլ կը մտածէ. ուստի հովտին վարի նեղ բերան մի քարուկիր թումբ շինելով, այդ լիճ պատրաստած է. սորա համար տեղացիք Քէշիշ Կէօլ կանուանեն։ Այս լճին ջուր այնքան առատ է որ Վանայ շրջապատի արտօրայքը կ»ոռոգէ որ շատ ընդարձակ են, նմանապէս նորատունկ այգեստաններ, որոց արդիւնաշատ պտղաբերութիւն կը պարտին այդ քահանայի մեծագործութեան, որ իւր հոգեւորական տնտեսութեան հետ` հացի տնտեսութիւն եւս հոգացեր է, իւր անուն մեզ անյայտ է, բայց իւր արդիւնական յիշատակով կ»օրհնուի այսօր ժողովուրդէն։ Կան շատ ուրիշ գաւառներ որոց դաշտամէջէն կանցնին մեծ եւ փոքր գետեր առանց ափ մի ջուր տալու ինչպէս Մշոյ դաշտի Եփրատ եւ Մեղրագետ։ Այժմ կը տեսնուի Եփրատ գետի վերակողմ մի մեծ ջրանցքի հետք, զոր ժամանակաւ բացած է կասեն մի հոգացող տիրապետ, որ Մշոյ դաշտի բաւական մի մեծ մասն ոռոգած է։ Ափսոս որ ժողովուրդ չունի հոգածութիւն պեղել ու բանալ այդ մեծ առուն եւ ջրել այնչափ անջրդի մնացեալ արտեր։ Դրախտի գետ կանցնի կերթայ միթէ ջուր կը խնայէ՞ իւր շուրջ բնակած բնիկ ժողովուրդին, ո՛չ, ժողովուրդ ծոյլ ու յոյլ է. ամէն բան ինքնապատրաստ կուզէ, ինչպէս երկնքէն անձրեւ կը տեղայ նոյնպէս պէտք է եւս գետերուն ջուր ինքնին վազէ եւ ջրէ իւր արտերը։ Հոգացող Աստուած շատ բան նախապատրաստած է մարդոյն համար, բայց փոքրիկ աշխատութեան բաժին մի եւս մեզ համար թողած է, որպէս զի կատարուի իւր տիրական անյեղլի վճիռն եւ մարդ իւր ճակատի քրտանց վաստակով իւր հաց ճարէ։
       Դու գիտես, Թոռնիկ, ջուր մեծ կարեւորութիւն ունի գիւղական ժողովուրդին համար, եւ կը տեսնաս արտերը ջրելու ժամանակ որքա՞ն կագ եւ կռիւ կը հանեն, եւ մինչեւ անգամ արիւն ջուրին հետ կը խառնուի, սորա համար ես ուզեցի որ ազատ լինիմ այդ սոսկալի կռիւներէն, ես առանձին ինքնաշխատ, իմ ձեռքովս երկու փոքրիկ լճեր պատրաստեցի մեր արտերուն համար որ բաւական կը լինի։ Այժմէն պատուէր կուտամ քեզ Թոռնիկ, միշտ աշխատես այդ լճակներու թումբեր հաստատ պահել, եւ ջրատար տեղեր ամէն աշնան վերջերը նորոգել. որով թէ արտերուդ առատ ջուր կուտաս, առատ արդիւնք կը քաղես, եւ թէ գիւղացւոց կոպիտ կռիւներէն ազատ կը մնաս, եւ միանգամայն գեղացի դրացիներուն մի օգտակար օրինակ ցոյց կուտաս, որ նոքա եւս հետեւելով ձեր օրինակին իւրաքանչիւր տանուտէր իւր արտերու համար աշխատի նոյնպիսի լճակներ պատրաստել, որոյ շահեկան արդիւնք բազմապատիկ է, վասն զի արուեստական լճակներոչ միայն ջուր կը մատակարարեն արտօրէից, այլ եւ մարզպետին դառնալով լճատեղիները առատ խոտ կը բուսնին, եւ միանգամայն կանաչաբոյս արօտատեղի կը լինինանասնոց։ Տակաւին շատ զանազան կերպեր կան ջրամբարներ պատրաստելու համար, այսքանս միայն բաւ է, կ»անցնիմ այժմ արտօրէից բաժանման եւ կարգադրութեան վերայ խօսել, որ խիստ կարեւոր է եւ կապակցութիւն ունի այս դասիս հետը։