Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻԴ. ՊԱՊԿԷ ԿՏԱԿ ԵՒ ՄԱՀ
      
       Սիրելի Թոռնիկ, ժամանակս հասած է, անցեր է կեանքիս զուարթ առաւօտ, անցեր է կէսօրն, վերջինք եւ իրիկուն մօտ է. պէտք է քնանամ, հանգչիմ էնպէս, որ էլ վեր չելնեմ։ Կը տեսնաս ուժէ ընկած եմ, քայլերս կը դողդողին ցուպն էլ օգուտ չունի. ձեռներս աշխատութենէ դադրած են. ո՜հ, աչքերս էլ Իսահակ նահապետին պէս վատատես եղած է. բոլոր մարմնովս անպիտանացած եմ, էլ ոչինչ օգուտ չունիմ, ոչ քեզ` ոչ աշխարհին։ Էն մարդ, որ աշխատութենէն կը դադրի` նորա կնդանութիւն շատ աւելորդ է. թէ մեր ընտանիքին եւ թէ գեղացւոց համար ես մի բեռ եմ. ձեռքովս չ»վարած, չի ցանած եւ չի հնձած հաց ուտել, որչա՞փ դառն է, եւ հակառակ Աստուծոյ այն պատուէրին, որ կասէ թէ` երեսիդ քրտինքով պէտք է ուտես քո հաց։ Մարմինս չոր ոսկոր դարձած է. էլ իմ ճակատէս քրտինք չի ծնծնար, վասն զի քրտինքն աշխատութենէն կուգայ։
       Թէպէտ զաւակներ ու թոռներ մեծ պարտականութիւն ունին, իրենց ծերացած հայրերն ու պապեր մեծ խնամով անտրտունջ դարմանել ու պահել մինչեւ մահուան օր։ Ծերոց ներկայութիւնը տան ու ընտանիքին համար մի օրհնութիւն է։ Սորա համար կասէ Սուրբ Գիրք. «Ծեր ի տանէ քումմէ մի՛ պակասեսցի»։
       Բայց ես տեսեր ու լսեր եմ, Թոռնիկ. շատ անգամ ընտանիքներու մէջ, երբ ծերացած հայրեր, պապեր ու պառաւներ, երկար ժամանակ կը տառապին մատիճներու մէջ, էն ժամանակ նոյն իրենց սիրելի ընտանիքներն` կսկսին տրտունջ բառնալ. օ՜հ, չը մեռաւ որ ազատուէինք, ի՛նչ է այս մեր քաշած։ Նոքա կը մոռնան, չեն յիշեր իրենց ծնողաց եւ պապերուն սէրն ու գորովանք, հայրական ու մայրական երախտիք, որոց խնամով իրենք մեծցած, մարդ եղեր են։
       Թողունք այս, Թոռնիկ, դու դեռ չ»գիտես մարդոց ընտանեկան կեանքի մէջ ի՛նչ բաներ կան. երբեմն մի ընտանեաց հայր, որ շատ հարուստ է, եւ իր սնտուկներ լիք են ոսկիներով, բայց երբ ինքն բնաւորութեամբ սաստիկ ագահ եւ կծծի է, ամենախիստ ժլատութեամբ կը տնտեսէ իւր տան ծախքեր, եւ կապրի չքաւոր աղքատի պէս, դու լսեր ես թէ այդ ագահ մարդու ընտանիք ինչ կաղօթեն, Աստուած առ սորա հոգին, մենք ազատուինք սորա խստասիրտ տնտեսութենէն։
       Երբեմն Աստուած կը լսէ այդպիսի աղօթքն եւ կառնէ ագահ տանտիրոջ հոգին. հոգին. պահ մի կուլան ընտանիք, մինչեւ կատարուի թաղման մեծ հանդէսը, երբ կը փակեն ագահին մարմին գերեզմանին մէջ, այնուհետեւ կը բանան ոսկելից սնտուկներն, շռայլութիւն, մսխանք, պերճութիւն կուգայ կը տիրէ ագահին տան վերայ, շատ չի տեւեր, շռայլութեան ժամանակ կարճ է, շուտով կը դատարկուին ոսկւոյ սնտուկներն, կերթայ շռայլութիւն` կուգայ կը տիրէ մշտնջենաւոր աղքատութիւն։
       Ուրախ եմ, Թոռնիկ, դու բարի զաւակ ես. չես սպասեր պապկիդ մահուան, պապիկդ ագահ մարդ չէ. շինական ագահ չի լինիր, քանի որ իր դուռ բաց է. դու որբ մի տղեկ էիր, վարդի պէս պահեցի զքեզ։ Ոսկւոյ սնտուկներ չունիմ որ ասես, ի՛նչ լաւ կը լինէր, եթէ մեռնէր Պապիկս, ոսկիներուն տէր լինէի եւ ուզածիս պէս կեանքս վարէի։
       Իմ ժառանգութիւնս, որ կը թողում քեզ, ոսկի չէ, այլ ոսկիէն շատ աւելի թանկագին ու շահաբեր է։ Ի՞նչ է ոսկին որ տեղ մի չի կենար, այլ ժիվայի պէս կը ցրուի կերթայ ու կը չքանայ, շատ անգամ էլ ճարպիկ գողեր ական բանալով կը գողանան ագահին դիզած գանձերն։
       Ես կը թողում քեզ մեր հայրենի ժառանգութիւն, դաշտերը ու հողեր, որ միշտ իր տեղն անփոփոխ, հաստատուն է, կը թողում քեզ գութան երկու փոխ տավարներով, կը թողում կթան կովեր ու հարիւրաւոր ոչխարներ։ Էսոնք են ահա պապկէ կարմիր ոսկիներ. միայն թէ աշխատիս հաշիւ պահել ու մշակել, անասուններ դարմանել էնպէս, ինչպէս որ դաս տուեցի քեզ, երկար - երկար, պարզ եւ ընտանի կերպով բացատրեցի քեզ հողագործութեան արուեստին համար։
       Խօսիմ քեզ, Թոռնիկ, դարձեալ ես ինքնին կզգամ թէ մահս մօտեցած է, մահու հրեշտակ եկեր է Պապկէ դուռն կը զարնէ. եթէ հազար նիգ ու սողնակ ձգեմ դրան ետեւէն, ոչինչ օգուտ չունի, պատուհանէն կանցնի, զի հրեշտակներ թափանցիկ զօրութիւն ունին, որ պողպատի պէս կարծր մարմիններէն կանցնին, թէ ասես երթամ Ովկիանոս ծովերուն խոր անդունդի մէջ պահուիմ, մահու հրեշտակ ն տեղն էլ կը հասնի մարդու ետեւէն։
       Վաղ կիրակի է, Թոռնիկ. մտիր թեւս, տար զիս եկեղեցին. ես էլ Մուշօյին պէս պէտք է խօսիմ, խոստոանիմ, աղօթեմ, վերջին պատարագ տեսնամ, սուրբ հողարդութիւն առնեմ, այն է իմ վերջին թոշակս. կը հաւատամ, որ այդ Քրիստոսի աւանդած Կենաց հացի թոշակով արժանի կը լինիմ սուրբ արքայութեան։ Ժամէն դառնալով, Թոռնիկ, թաղսէ մահիճս ձգել տուր, պառկեմ հանգստանամ, գլուխս շատ ծանրացած է, սիրտս սկսած է բաբախել, ոտներս էլ սառած են. գիտեմ այդ սառն կամաց կամաց դէպի սիրտս պիտի գայ, որ մարմնոյս կեդրոնն է, էն ժամուն բոլոր մարմնովս պիտի սառիմ եւ յանկարծ պիտի տեսնաք, որ Պապիկ մեռա՜ւ եւ իւր կեանքի ճրագ մարեցաւ։ Ես կաղաչեմ Աստուծոյ, որ մի քանի օր ինձ կենդանութիւն տայ, մինչեւ կտակս աւարտեմ։
       Առաջին ընտանեկան կտակս այս է, Թոռնիկ։ Այրի քո ծնող մայրիկդ, որ այսօր մեր տան տանտիկին ու տնտեսն է, պէտք է ամենայն ակնածութեամբ պատուես իբրեւ ծնող մայր, ինչպէս սուրբ Գիրք էր պատուիրէ. «Պատուեա՛ զհայր քո եւ զմայր, զի բարի լինիցի քեզ». հայրդ մեռած է, միայն մայիկ մի ունիս` որուն դու մէկ հատիկ մխիթարութեան զաւակն ես. կը տեսնաս թէ ինչպէս կը գուրգուրայ ձեր վերայ։ Իւր ծերութեան ժամանակ ամէն խնամք պէտք է տանես նորա վերայ, զգուշացիր որ երբէք չը տրտմեցնես զինքն որ եւ իցէ կերպով, այլ աշխատաւոր տանտկին ու տնտեսն է. մեր տան ներքին բոլոր կառավարութիւն նորա ձեռքն է, նա միայն պիտի հրամայէ։
       Իսկ դու Շուշան, հարսնութեանդ մեծ պարտիք հնազանդութիւն է, ամենայն սիրով հլու, հնազանդ, կամակատար հարս պէտք է լինիս սկեսրոջդ առաջ։ Նա շատ բարի կին էի. իբրեւ մայր մի գորովանօք կը սիրէ զմեզ։ Գուցէ լսած էք թէ` կան այնպիսի կեսուրներ, որ կանարգեն եւ կը տանջեն իրենց հարսներն, ով գիտէ, թերեւս իւր հարսներն էլ շատ պակասութիւններ ունին։ Բայց դու որ քանի տարուան հարս ես, մի օր լսեցիր ու տեսա՞ր, որ կեսուրդ մի դառն խօսք խօսեց, կամ անարգ կերպով վարուեցաւ քո հետ։ Յիշէ Շուշան, որ դու էլ մի օր կեսուր կը լինիս, ինչ որ անես, այն կը գտնես։ Պապկի այս խրատներ մի մոռնար։
       Կաւանդեմ քեզ, մեր նահապետական տան պատկառանքն ու պարկեշտութիւն. պէտք է անեղծ պահես այդ տոհմական առաքինութիւն։ Կարդա միշտ սուրբ Գրքի մէջ նահապետներու պատմութիւն, ուր նկարագրուած է նոցա կեանքի պատմութիւն եւ անմեղութիւն։
       Տէր Աստուած սուրբ պսակով քեզ Շուշան ծաղիկ մի տըւաւ։ Շուշանին համար էլ մի Թոռնիկ, չը կայ քեզ համար մի ուրիշ Թոռնիկ մինչեւ օրն մահուան։ Կ»օրհնեմ զձեզ, որ շատ ապրիք եւ սիրով ապրիք. ձեր սուրբ ամուսնութեան ծառն միշտ նորանոր զաւակներով պտղաբեր լինի, Յակոբ նահապետի տան պէս բազմազան որդիքներդ։
       Բայց գիտցիր Թոռնիկ, որ բազմածին զաւակներն այնչափ պարծանք չեն իրենց ծնողաց, եթէ անկիրթ մնան, անառակ լինին։ Գիտե՛ս այդպիսի զաւակներ որչա՞փ նախատինք կը լինին իրենց ծնողաց։ Աշխատիր մանուկ հասակի մէջ լաւ կրթութիւնտալ զաւակներուդ, երբ նոքա դեռ դալար ճղիկ են, եւ մոմի պէս կակուղ. եթէ թողուս որ հաստանան ու պնտանան, այլ եւս կը դժուարի կրթութիւն. վասն զի ամէն բան իրեն համար ժամանակ ունի. նայէ, որ չը թողուս անցնի ժամանակի պատեհութիւն։
       Կեանքդ ու վարքդ ուղիղ պահէ, Թոռնիկ, շիտակ քալէ, որ որդիքներդ էլ քեզ հետեւին, չկ լինի որ խեչափառին պէս միակողմանի քալելով, խրատ տաս ձագերուդ թէ` ուղիղ քալեցէք։ Գիտցիր, որ նոքա պատասխան պիտի տան քեզ, «հայրի՛կ, մեք կը տեսնամք թէ ինչպէս կը քալես»։
       Ուխտիւ կը պատուիրեմ քեզ, Թոռնիկ, կեանքիդ բոլոր գործերու մէջ ուղղութիւն պահէ. պէտք է գիտնաս, որ ուղղութիւն կը յաւելու քեզ ժողովուրդին վարկ եւ վստահութիւն, որով բարի համբաւ եւ պատիւ կստանաս ժողովուրդին առաջ։
       Ամենամեծ բարոյական հարստութիւն է քեզ համար, Թոռնիկ, եթէ կարենաս ժողովուրդին սէրն ու համակրութիւն գրաւել դէպ ի քեզ. աշխարհի բովանդակ ոսկին` դորա հետ չի հաւասարիր։ Դու առանձին մի գիւղի մէջ կապրիս, մի՛ ասեր թէ առաքինութեանս շրջանակ շատ նեղ է։ Բաւ եւ շատ է քեզ Թոռնիկ, եթէ նախ մի գիւղի ժողովուրդին սիրելի ու յարգելի լինիս. բարի համբաւ թեւ ունի` գիւղէ գիւղ կը թռչի, կը հասնի մինչեւ ի Վան եւ կը տարածի բոլոր Վասպուրական աշխարհին մէջ։ Յիշէ հովիւ Յակօյին եւ մեր գիւղի մեծ տանուտէրներուն համբաւ, թէ ինչպէս բոլոր գիւղերու մէջ հռչակուած էր։
       Հարցու՛ր այժմ, Թոռնիկ, թէ ի՞նչ են բարոյական միջոցներ եւ բարի գործեր, որով մարդոյն արժանիք եւ անուն կը բարձրանայ ժողովուրդին առաջ։ Այդ միջոցներն են` սիրել, բարերարել, գթասիրտ լինել, քաղցեալին ոչ միայն հաց տալ, այլեւ թանապուրին մէջ ձեռքով հաց բրդել, անկեալ ու դժբախտ ընտանիքներուն ձեռքէն բռնել, զրկեալ անձինքներն պաշտպանել եւ այլն։ Աւետարան կարդալով, Թոռնիկ, կը յիշէք, որ Յիսուս դատաստանին օր թողլով բարեգործ մարդոց ուրիշ այլ եւ այլ բազմադիմի առաքինութիւնները, աւելի կը յիշէ ողորմած մարդոց գթասիրութիւն, որ փողոցին մէջ մնացած` անտուն, անճարակ օտարներ ժողվեր են, որ աղքատ, անօգնական հիւանդներուն տես գնացեր են, որ բանտարկեալներուն այցելութիւն արած են, որ քաղցեալին հաց, եւ ծարաւին ջուր տուեր են։ Ողորմած արդոց գթասիրութեան այս բարիքներ ո՛վ է ընդուներ ողորմածներէն. յայտնի է թէ ժողովուրդին նեղեալ, չարչարեալ դասն ընդունած է, որ չէ կարող փոխարէն վճարել իւր բարերարներին։ Սորա համար աղքատին պարտք Քրիստոս կը վճարէ. եւ ի՞նչ կը վճարն, գիտե՞ս, երկնից արքայութիւն` կտոր մի հացի եւ բաժակ մի ջրի տեղ։
       Բայց պէտք է գիտնաս, Թոռնիկ, որ ժողովուրդ ձրի մարդ չի սիրեր, եւ բան չառած` շնորհակալութիւն չի տար։ Միթէ դռան աղքատն առանց հացն առնելու, օրհնութիւն կուտա՞յ, կամ բարերարեալ մի` առանց բարիքն ընդունելու, բերան կը բանա՞յ շնորհակալութիւն տալ։ Աշխարհիս վերայ ամէն բան փոխարինութիւն է։
       Կան, այո՛, բերաններ, որ միշտ անշնորհակալու են, եւ շատ անգամ եւս բարերութեան դէմ ապերախտ կը գտնուին. թերեւս չար եւ անզգամ լինելով` չարիք էլ կը փոխարինեն, եւ կը կապեն բարերարին ձեռք, որ ստրջանայ եւ չը բարերարէ։
       Սակայն դու այս հաշիւներ թող, Թոռնիկ, Աւետարանին մտիկ արա՛, որ կը ապտուիրէ ատելիներուն բարի առնել, որք թէպէտ անարժան լինին, բայց դու չե՞ս տեսեր, որ մեր երկնից Հայը, իւր անձրեւ հաւասար կուտայ մեր դաշտերուն, չի խաբեր չարն ու բարին, նմանապէս իւր լուսատու արեւ հաւասար կը ծագէ բոլոր աշխարհիս վերայ։ Բարերարութեան արդիւնք եւ ազդեցութիւն շատ զօրաւոր մի գեղ է, չարերու ոգին կամոքէ, եւ սրտի դառնութիւն կը փոխէ, երբ կը տեսնայ, որ իւր չարութեան դէմ բարիք կընդունի, եւ այդ բարիք կրակի պէս կը վառէ նորա ներքին խիղճն։ Սորա համար Պօղոս կասէ, թէ «Այս անելով կրակի կայծեր կը թափես նորա գլխուն վերայ». լաւագոյն միջոցն է այս, միշտ բարութեամբ չարին յաղթելը. բարութիւն ջուր է, որ կը շիջուցանէ բորբոքուած կրակ։
       Բարերարութիւն ընկերսիրութեան եւ քրիստոնէական մարդասիրութեան մի կամաւոր պարտք է, որ մարդ իւր նիւթական կարողութենէն բաժին կը հանէ ժողովուրդի կարօտեալներուն, բայց սա չէ միայն, որով ժողովուրդ զինքն կը սիրէ եւ բարերար կը ճանչնայ, այլ բուն անձնական արժանիք եւ առաքինին կեանքն եւ բարերար մարդոյն փառք կը յաւելուն ժողովուրդին առաջ։ Ահաւասիկ, Թոռնիկ, կը դնեմ ձեր առաջ, թէ ի՛նչ են այդ հոգեկան առաքինութիւնք։
       Հայրենի եկեղեցւոյ հաւատք, երկիւղած եւ անկեղծ Աստուածապաշտութիւն, հեղ եւ բարեհամբոյր բնաւորութիւն. սէր, որ իւր ընկեր անձին պէս հաւասար կը սիրէ, արդարութիւն, որ իւր եւ ընկերին բաժին հաւասար կը բաշխէ, բարի խղճմտանք, որ երբէք ընկերին վնաս կամ զրկանք չաներ. աւելի կը սիրէ զրկանք կրել, քան զրկել. ժողովրդասիրութեան ոգին, որ միշտ ժողովրդին բարին ու շահ կը մտածէ, զուարթամիտ առատաձեռնութիւն, որ շատ սիրելի է ժողովուրդին, մեծագործ ձեռնարկութիւնք, որ հասարակաց համար կը լինի, այսինքն եկեղեցի, դպրոց, հիւանդանոց, աղքատանոց, որբանոց, զանազան նուիրատուութիւնք, կտակ եւ այլն` ինչ որ ժողովուրդի կեանքին եւ յառաջդիմութեան համար պէտք են։
       Հապա այն անձնուէր մշակներն, թէ եկեղեցական լինին թէ աշխարհական դասէն, երբ անձնատուր են ժողովուրդին համար, ոչինչ չը խնայել, ամեն բան զոհել եւ նոյն իսկ անձն ի ստիպել հարկին. էն ժամանակ ժողովուրդ չի բաւականանար միայն սիրել, այլ եւ պաշտել կուզէ իւր անձնուէր մշակներն։ Եթէ մեռնին եւս, չեն մոռցուիր, ժողովուրդ նոցա անունն տօնելով կը փառաւորէ եւ յիշատակին համար յաւէրժական արձան կը կանգնէ։
       Ահա Թոռնիկ, այս է ժողովրդասիրութեան արդիւնք. աշխատիր այդ արդիւնք եւ փառք ձեռք բերել, որ մեռնելէն յետոյ անմահ մնաս, ժողովուրդն զքեզ յիշէ եւ քո յիշատակն օրհնէ։
       Սիրելի՛ Թոռնիկ, դեռ քեզ հետ պիտի խօսիմ, բայց կը ցանկամ որ այսօր մեր գիւղի քահանաներ, տանուտէրներ եւ համբաներ կանչես. Պապիկ պարտական է իւր վրջին մնաս բարով տալ գիւղի ժողովուրդին, որոց հետ այսչափ ժամանակ ապրած եմ, եւ վայելած եմ շատ նոցա յարգանքն ու պատիւ. ինչպէս քեզ, գիւղացւոց համար էլ կտակի պատուէրներ ունիմ։
       Բարի եկաք, իմ սիրելի եւ աչքի լոյս գիւղացիք, կը տեսնաք Պապիկ պառկեր է, էլ վեր ելնելու յոյս չկայ, զձեզ կանչեցի, որ իմ վերջին ողջ-մնայք ասեմ ձեզ եւերթամ իմ ճանապարհ, որ շիտակ դէպ երկինք կը տանի. այնպէս կը հաւատայ Պապիկ ծառային, որ իւր Տիրոջ տեսոյն արժանի պիտի լինի։
       Կը յիշէ՞ք Թոռնիկին հարսնիքին օրն, երբ կերաք հարսանեաց ճաշն, խմեցիք Շահպազու գինին, սկսեցիք ուրախական խաղեր կանչելով, թէ կերանք Թոռնիկին ճաշն, բնարով ուտենք Պապկի ճաշն, եկաւ ահա հասաւ այն օրն, որ պիտի ուտէք իմ հոգեճաշն։
       Սիրելի՛ գիւղացիք, անուշ ուտէք. բայց պէտք է Պապկի վերջին խրատներն էլ ճաշի պէս ուտէք։ Անշուշտ դուք կիմանայիք, որ քանի տարիներէ ի վեր ես եմ Թոռնիկիսշատ դասեր ու խրատներ տուի, թէ գիւղական երջանիկ կեանքի համար եւ թէ հողին ու հողագործութեան արուեստին յառաջդիմութեան համար. վերջին անգամ Թոռնիկիս իբրեւ կտակ ապսպրեցի, որ ինքն էլ նոյն դասերը ձեր զաւակներուն աւանդէ։
       Իսկ այժմ կենդանի բերանով իբրեւ կտակ կը թողում ձեզ, Պապիկ իւր մահուան մահճին մէջ պառկած դեռ խօսել կուզէ ձեզ հետ։ Լսեցէք, ինչ որ կը խօսիմ, բարեմիտ գիւղացիք։
       Տէր Աստուած աշխարհիս վայելչութեան լաւագոյն մասն գիւղական ժողովրդին բաժին հաներ է։ Կը տեսնա՞ք, ձեզ տուած է հողագործութեան ընդարձակ դաշտերը, լեռները, հովիտներ, գետեր, աղբիւրներ։ Աստուծոյ մշակած բիւրազան բոյսերով եւ ծաղիկներով զարդարուած։ Դուք ճիշդ բնութեան դրախտի մէջ կը բնակիք եւ կը վայելէք նոյն բնութեան տուած առատ ու անսպառ բարիքներն այն ինչ քաղաքացիք այս դրախտէն դուրս կապրին. նոցա վայելչութիւն իրենց ձեռագործ մեծամեծ շէնքերն են. նոցա ամէն պերճանքներն, միշտ վաղանցուկ եւ փոփոխական են, այսօր կան եւ վաղիւն ոչ. իսկ ձեր պերճանք, զոր նախախնամութիւն վաղուց ի վեր պատրաստած է, կան ու կը մնան, միշտ անփոփոխ դաշտեր, լեռներ, բոյսեր, գետեր, աղբիւրներ, միշտ նոյն կը մնան. միայն թէ բնութեան պատրաստած այդ ճոխագոյն բարիքներն` մարդ պէտք է գիտնայ թէ ի՞նչպէս վայելելու է։
       Ինչ որ Տէր Աստուած Ադամայ ասաց, նոյն մինչեւ ցայսօր կը խօսի Ադամայ զաւակներուն, այն է` գործել զերկիր եւ պահել։ Դուք փորձով գիտէք թէ արտն` առանց ցորեն ցանելու, ցորեն չի բուսնիր, առանց տնկելու եւ ջրելու` ծառ չի աճեր. առանց հողագործական աշխատութեան` ոչ ոք կարող է երկրէն արդիւնք հանել ու ժողովել իւր ամբարն։ Հողագործ մարդու կեանք միայն աշխատութեամբ կարդիւնաւորի, հողագործ հողով կապրի եւ երջանիկ կապրի, ինքն ապրելէն յետոյ, քաղաքացի ժողովուրդին էլ հաց կուտայ։
       Ուրեմն դուք ձեր հողերով, ձեր աշտերով, ձեր լեռներով, ձեր կաթնտու կովերով ու ոչխարներով, եւ այլ պիտանի անասուններով` շատ ու շատ հարուստ էք քաղաքացիներէն։ Իբրեւ գեղացի, փորձառու Պապիկ խրատ կուտամ ձեզ, չը լինի՜, չը լինի՜, որ գեղ թողուք, հող թողուք եւ երթաք քաղաք բնակիք, գիտցէք որ թշուառ կը լինիք. երբ հողն կորսնցնէք, ձեր կեանքն էլ հողին հետ կը կորսուի։ Կարօտութիւն եւ թըշուառութիւն կը հասնի ձեր վերայ եւ էն ժամանակ դուք յուսահատ վիճակի մէջ կը պաշարուիք, էլ ուրիշ ոյինյ յոյս չի մնար ձեր առաջ, այլ միայն պանդխտութիւն, ձգելովընտանիք, զաւակներն անտէր, երթալ յօտարութիւն, չարաչար աշխատութեան մէջ տառապիլ, թողլով հողագորթուծեան քաղցր ու ազատ աշխատութիւն, ո՜հ, երթալ բեռնակի՞ր լինել. թողլով գիւղի կանաչ դաշտավայրերն, մաճն ու լծկաններն, ծառն ու ծաղիկ, հովասուն լեռներն, անմահական աղբիւրներու ջրերեն, քաղցրաշունչ առողջարար օդն, կաթն ու մածուն, սերն ու կարագ եւ այլ շատ բնական ու նահապետական բարի վայելքներն, զորս մայրենի երկիր կը պարգեւէ իւր զաւակներուն։ Պապիկ շատ փորձառու է պանդխտութեան դառն կեանքին, ձեզմէ շատերն էլ նոյն փորձն առած են. աշխատեցէ՜ք, աշխատեցէ՜ք, որ այդ օտարութեան կեանքի դառնութիւններ չի ճաշակէք, ես էլ կաղօթեմ ձեզ համար, իմ հայրենակից գիւղացիք, որ պանդխտութեան երես չի տեսնար, ձեր հացն մայրենի երկրին մէջ գտնէք։
       Բայց գիտէ՛ք , բարեպաշտ գեղացիք, թէ մարդիկ միայն հացով չեն ապրեր. կերթաք ժամ, Աւետարանին մտիկ կանէք, լսեցէք ի՞նչ կասէ Յիսուս թէ «մարդ միայն հացով չի ապրիր, այլ եւ Աստուծոյ բանով պէտք է ապրի»։ Վասն եթէ մեր մարմին հացով կապրի, հոգին էլ պէտք է ապրի, եւ հոգւոյ կեանքըն ու հաց Աստուծոյ պատուէրներն են, եւ պատուիրաններու գլուխ սէրն է. ուստի մարդիկ սիրով կապրին եւ իրարմով կապրին։
       Ձեզ պարզ օրինակ տամ. մէկ լծով կութան չի լինիր, մէկ մարդով ջաղացի քար, կամ ձիթահանի գերան կարելի չէ տանել իւր տեղն դնել. աշխարհիս ամէն դժուար բաներն մարդիկ սորված են ընկերական միացած ուժով գործել։ Դուք փորձով գիտէք, երբ որ մեր գիւղի համար մի ծանր բան լինի, բոլորս կ միանանք եւ այնպէս կը գործենք։ Կը յիշէ՞ք քանի տարի յառաջ` քիւրդեր մեր գիւղի ոչխար զարկին տարան, էն ժամանակ գիւղի բոլոր կտրիճներ հաւաքուեցան, որն ձիով, որն ոտով, գերանդիներ սուրի տեղ առին` գնացին թալան դարձուցին։ Հիմի դուք ասէք, մի մարդ գեղի ողջ թալան կարո՞ղ էր դարձունել։
       Հասկցաք այժմ, որ մարդիկ իրարու օգնելով կապրին, հարցուցէք, թէ ինչու՞ համար իրարմով կապրին։ Մտիկ արէք, պարզ կերպով խօսիմ ձեզ։ Որովհետեւ աշխարհիս վերայ, ամէն տեղ գեղն ու քաղաք մարդոց կեանք անհաւասար է. որն հարուստ է, որն աղքատ է, որն իշխան է, որն հասարակ ժողովուրդ է, որն տէր է, որն ծառայ է, որն տանուտէր է, եւ որն միակ է։ Ահա այս անհաւասարութիւն է, որ մարդիկ իրարու հետ կը կապէ եւ մի ընկերութիւն կը կազմէ. ժողովուրդ իշխանին հետ կը կապէ, ծառայն տիրոջ հետ, աղքատն հարուստին հետ, ինչպէս մեր գիւղի աղքատ մշակներն` հարուստ տանուտէրներուն հետ կապած է։
       Ի՞նչ կասէք դուք, եթէ այդ մշակներն աղքատ չը լինէին, յանձն կառնէի՞ն մտնել ծառայութեան ծանր լծին տակ։ «Աղքատութիւն զայր խոնարհեցուցանէ», կասէ սուրբ Գիրք, ապա թէ ոչ, մարդ եթէ զգայ իւր անձին արժանաւորութիւն, երբէք չի խոնարհիր ծառայութիւն անելու։ Բայց միթէ լա՞ւ կը լինի, եթէ ամէն մարդ հաւասարապէս ազատ լինի, հարուստ լինի, աղա լինի։ Ո՛չ, էն ժամանակ աշխարհիս կարգ կը խանգարուի. հայոց առած մի կայ` կասէ, «Ես աղա, դուն աղա, մեր աղուն ո՞վ կաղայ»։ Այո՛, ծառան եւ ջաղացպան պէտք է ալուր պատրաստեն, որպէս զի աղան կարենայ առանց ջաղաց երթալու հաց ուտել։
       Աշխարհիս ժողովուրդին ամենամեծ մասն` բանւոր, գործաւոր, մշակ եւ ծառայ են, որոց թափած քրտինքին արդիւնքըն է, որ աշխարհ կը կերակրէ. նախախնամութեան յաւիտենական օրէնք մարդկային ընկերութեան կեանքն այնպէս կարգադրուած է, որպէս զի մարդիկ իրարմով ապրին։ Դուք կը տեսնաք ձեր աչքով եւ փորձով գիտէք, որ մեր գիւղական կեանքն էլ անհաւասար է. զի մէկ մասն հողատէր ու տանուտէր է, մասն մի եւս վարձկան մշակ է, որ իւր դառն քրտանց աշխատութիւն` խիստ սակաւ վարձքի հետ կը փոխարինէ։ Չը լինի որ ձեր մշակներու վարձ կտրէք, կամ ձգձգէք այսօր չէ վաղն. Տէր Աստուած կը պատուիրէ, որ վարձկան մշակին վարձն մինչեւ իրիկուն չի մնայ, այսինքն, օրն չանցնի վրան, վասն զի հնձող մշակներու բողոքն մինչեւ երկինք հասնելով, Աստուած Եսայի մարգարէին բերնով կը յանդիմանէր Իսրայէլի հողատէր տանուտէրեր։ Չարաչար խստութեամբ մի վարուէք մշակներու հետ։ Ես տեսայ որ ոմանք չափէն աւելի կը տանջէին, կը հայհոյէին եւ կը կռփէին զիրենք, զրկանք եւս հասցնելով, գիտէք, թէ մշակներուն տէր դուք չէք, Աստուած է, որ վրէժխնդիր կը լինի եւ զրկեալներուն դատաստան կը տեսնայ։ Որչափ քաղցրութեամբ ու արդարութեամբ վարուիք հողագործ մշակներուն հետ, այնչափ լաւ եւ շահաւոր է ձեզ համար. էն ժամանակ նոքա աւելի տիրապէս ու հաւատարիմ կը լինին, եւ սրտի մտօք կաշխատին, որով հողագործութեան արդիւնք` շատ շահաբեր կը լինի տիրոջ համար։
       Տանուտէր եղբայրներ, չը լինի որ դուք ազատ աշխատաւոր սշակներն իբրեւ անարգ ստրուկ համարելով` արհամարհ կերպով վարուիք նոցա հետ. դուք եկեղեցի կերթաք, Աւետարանին մտիկ կանէք, միթէ չ»գիտէ՛ք եւ չէ՞ք հասկցեր, որ Յիսուս իւր բոլոր հաւատացեալներ մեծ ու փոքր, հարուստ ու աղքատ, իշխան եւ ժողովուրդ, տէր եւ ծառայ, ամէնքը հաւասարապէս մի սիրոյ եղբայրութիւն կազմելով, ասաց այս բան. «Դուք ամենեքին եղբայր էք»։
       Այս խօսքով չէ թէ Յիսուս մարդկային ընկերութեան իւրաքանչիւր դասակարգի կամ աստիճանի պատիւն ու յարգանք կեղծանէ. ո՛չ. Պօղոս Առաքեալ Քրիստոսի այս խօսքն բացատրելով կուսուցանէ մեզ, որ մեք իւրաքանչիւր մարդոց աստիճանին համեմատ` տանք մեր պատիւն ու յարգանք եւ բարոյապէս։ Աւետարանի սիրոյ պարտք անխտիր է, պէտք է իւրաքանչիւր մարդ ինչ դիրքի եւ աստիճանի մէջ կը լինի` թող լինի պարտաւոր է հատուցանել իւր ընկերին։ Բայց արտաքին պարտքերու համար էլ Յիսուս վճռաբար ասաց ու կատարեց, «Տուք զկայսերն կայսեր եւ զԱստուծոյն` Աստուծոյ»։
       Կարգն եկաւ, խօսիմ ձեզ, գիւղացի եղբայրներ, պարտաճանաչ եղէք, եւ միշտ հաւատարիմ կացէք ձեր պարտքեր վճարելու, ում որ կը լինի։ Սակայն առաջին անհրաժեշտ մեծ եւ ամենակարեւոր պարտք հպատակ ժողովուրդին համար` տէրութեան պարտքերն են որուն պարտական է երկրին ժողովուրդ, քաղաքացին եւ գիւղացին վճարել ճշդութեամբ եւ հաւատարիմ երկիւղածութեամբ։ Յանցաւոր է այն մարդ, ոչ միայն երկրին օրինաց առաջ, այլ նաեւ Աստուծոյ յայտնած պատուէրներուն առաջ, եթէ նենգէ ու խարդախէ այս պարտուց մէջ։
       Աշխատեցէք միշտ տէրութեան տրոց պարտքերն ճշդութեամբ վճարել, եւ ժամանակին վճարել. մի թողնէք որ դիզանայ եւ ծանրանայ ձեր վերայ, եւ յետոյ պարտաւորիք ինչ որ ունիք ծախել ու վճարել տուրքն։ Եւ ի՞նչ ունիք դուք, հող եւ լծկաններ. եթէ ծախէք` ձեր կեանք կը ծախէք, եւ կենդանւոյն կը մեռնիք թշուառութեան մէջ։
       Մեր գիւղի աղքատներ ձեզ կը յանձնարարեմ, բարեսիրտ տանուտէրներ, տէրութեան տրոց բաշխումն ուղիղ եւ արդար արէք, թեթեւ դրէք չքաւոր տներուն բեռն, դուք որ կարող էք, ձեր վերայ առէք աղքատներուն բեռն. գիտցէք, ով որ ընկերին բեռն բառնայ, կը կատարէ նա սիրոյ պատուիրանին մեծ օրէնք։
       Տէրութեան տրոց պարտքէն յետոյ, գիտեմ, քաղաքացւոց էլ շատ պարտք ունին մեր գիւղացիք. շատ անբախտ են նոքա, որք հողեր ծախելով իրենց պարտքեր վճարեցին, եւ ոմանք էլ արտեր գրաւ դնելով` պարտք պարտքի վերայ կը յաւելուն ծանր-ծանր տոկոսներով, որոց վախճան շատ ձախորդ ու գառն է, զի վերջ-վերջ չկ պիտի կարողանան վճարել եւ էն ժամանակ պարտապահանջ իրաւունք պիտի ունենայ գրաւել ձեր արտերն։
       Ուստի խրատ կուտայ ձեզ Պապիկ, աշխատեցէք նախ, որ պարտք չանէք. իսկ երբ նեղութիւն եւ անձկութիւն կը տիրէ վերայ, եւ դուք անճարակ կը լինիք եւ պարտք կանէք, աշխատեցէք շուտով վճարել քիչ պարտքն, քանի չէ էվելցեր։ Պարտուց գործին մէջ միշտ հաւատարիմ եղէք, թէ առնելու եւ թէ տալու ժամանակ բնաւ նենգութիւն մի գործէք, ուղղութեամբ վարուեցէք եւ ուղիղ արէք ձեր հաշիւներ, գիտցէք որ, գիւղացի ժողովուրդին վարկ ու պատիւ իւր հաւատարմութեանվերայ է, ով որ նենգէ եւ ուրացութիւն անէ, էլ այնուհետեւ նորա վարկն ու պատիւ կը մեռնի քաղաքացւոյն առաջ. ում որ դիմէ եւ աղաչէ` կարող չէ փոխառութիւն անել։ Ասացէք. Պապիկ, դու չե՞ս ճանաչեր քո գեղացին, որ գիր ու հաշիւ չի գիտեր. ինչպէ՜ս կարելի է իւր հաշիւ գիտնալ ու պահել. նա միայն անգիր, անթուղթ մտահաշիւ ունի. սորա համար շատ անգամ կը մոռնայ եւ ուրացութեան կը դիմէ։
       Շատ ըղորդ է այդ բան, կը խոստովանիք դուք ձեր բերնով. ես էլ կը վկայեմ ձեզ հետ, որ գիւղացւոց տուն քանդող եւ միակ մեծ պատճառն այն է, որ ինքն գիր ու հաշիւ չը գիտէ։ Մեր կեանքի տնտեսութիւն` պէտք է գրով ու պաշուով լինի. որովհետեւ մարդոյս միտք մոռացկոտ է, այս աւուր բան վաղը կը մոռնայ գիրն ու հաշիւ հնարուած էէ, որ մեր մտքի բան անմոռաց պահէ։ Ով որ գիր ու հաշիւ չունի, նորա տնտեսութիւն խանգարուած է, եւ ինքն իւր բոլոր առեւտուրի մէջ միշտ կը վնասի։ Շատ անգամ խօսած եմ ձեզ եւ այսօր վերջին անգամ իբրեւ կտակ կաւանդեմ ձեզ իմ խրատներս։
       Մեր գիւղի դպրոցին հոգ տարէք, որպէս զի ձեր տղաք կրթուին, գիր ու հաշիւ սորվին, դուք արդէն ժամանակն անցուցած էք, անհաշիւ ապրեցաք, անհաշիւ պիտի մեռնիք, գոնէ ձեր տղաքներն կրթուելով` բանգէտ լինին, գիտնան իրենց կեանքի տնտեսութեան գործերն։ Երբ քաղքցին ամէն բան գրով ու հաշուով կը գործէ, ինչու՞ համար գիւղացին էլ քաղքցուն պէս հաշիւ չը գիտնայ։ Որչա՞փ ամօթ է գեղացւոյն համար, երբ խաբուի, սկսի տրտնջալ ու ասել թէ` քաղքցին զիս խաբեց եւ այլն։ Մնթէ գիւղացին մարդ չէ՞, բանականութիւն չունի՞։ Այո՛, մեք էլ մարդ ենք, այլ մեր բանականութեան աչք` տգիտութեամբ փակուած է։ Մեք աչք ունիմք եւ իբրեւ կոյր կը շրջիմք աշխարհիս վերայ, սորա համար քաղքցին զմեզ անբան, անխելք կը համարն. ո՜հ, երբեմն աւելի նախատելով` յիմար էլ կանուանէ։ Այս անտանելի նախատինք յաւիտեան չի բարձուիր մեր վրայէն, քանի որ մեք կրթութիւն եւ ուսում չունիմք. եւ քանի որ մեր մտաւորական աչք բացուած չէ, մեք մոլորուած պիտի լինիմք աշխարհիս մէջ, եւ գիտէք դուք թէ մոլորուած մարդու կեանքի ճանապարհ թշուառութեան փշերով լի է, եւ վախճան դէպ ի կորուստ կը տանի։
       Ուրեմն, սիրելի՛ գիւղացիք, այս կորստեան ճանապարհէն ազատուելու համար, պէտք է մեզ համար անխոտոր ուղիղ ճանապարհ, եւ ի՞նչ է որ շիտակ ուղին կը բանայ մեր աչքին առաջ, այդ չէ թէ ցորեկուան արեւն է, գիշերուան լապտերն ու ճրագն է. ոչ, այդ աշխարհի լոյսեր բաւական չեն մեր կեանքին համար, եթէ մեք մտաւորական լոյս չունենամք, որ է ուսումն եւ կրթութիւն, զոր կստանայ մարդ իւր մանկակէն հասակէն։ Ուստի կրթեցէք ձեր մատաղ մանուկներն, որ մեծնան մարդ լինին, թող բացուի նոքա մտքին աչքը` իբրեւ կոյր չը շրջին աշխարհիս վերայ. կրթեցէք նաեւ ձերաղջիկներ, որ խելացի տնտես եւ բարի մայրեր լինին, պէտք է գիտնաք որ տան շինութիւն, կարգաւորեալ տնտեսութիւն միայն կիներուն ձեռքով կը լինի։ Միթէ կիներ մարդ չե՜ն, հոգի ու միտք չունի՞ն, Տէր Աստուած կին` իբրեւ ամուսին տուաւ այր մարդուն, ոչ թէ միայն զաւակ ծնելու համար, հապա իբրեւ ընկեր եւ օգնական տուաւ, որ աշխատութեան մէջ գործակից լինի. մարդ դաշտին մէջ աշխատի, կինն էլ տան մէջ։ Դուք տեսե՞ր էք որ մէկ եղով հարօր բանի, այր եւ կին զոյգ լծակիցներ են. եթէ լաւ նկատենք, աշխատութեան մեծ բաժին կիներուն վերայ ծանրացած է. խեղճ կիներ իրենց ծնծ զաւակներ սնուցանլէն յետոյ, որչափ ծանր ու դժուարին է առտնին տնտեսութեան այնչափ բանր հոգալ. մտիկ արէք, որ մի առ մի շարեմ ձեզ գիւղացի կնիկներուն աշխատութեան գործերն։ Ամէն օր խմոր շաղղել, բարկ թոնիրին դիմաց հաց եփել, կերակուր պատրաստել, դաշտի մշակներուն հաց տանել, իրիկուն առաւօտ մատակներ, կովեր կթել, երթալ պէրատեղ ոչխարներ կթել, կաթնարարութեան գործեր տեսնալ, ծծում կամ տիկ զարնել, իւղ եւ պանիր շինել, հիւրեր հոգալ. շատ անգամ ախոռներ մաքրել, փթիր թխել, ամրոց շինել` ձմրան համար վառելիք պատրաստել, բուրդ գզել, մանել. գուլպա, թաթպան հիւսել եւ ուրիշ շալէ բաներ գործել, լըւացք, կար ու կարկատ անել, երթալ դաշտեր, լեռներ ներկի ծաղիկներ ու արմատներ ժողվել, նախշուն կապերտներ գործել. էլ ո՞ր մէկն ասեմ. կան տակաւին ուրիշ շատ գործեր, որ գեղացի կիներուն բաժին ինկած է. խեղճ կիներ անմռունչ հնազանդութեամբ այս ամէն աշխատութիւններն կը տանին։ Դուք գիտէք ու կը տեսնաք այս աշխատաւոր կիներէն ոմանք, իրենց խստաբարոյ եւ անխիղճ էրիկներէն չարաչար ծեծ կուտեն եւ հայհոյանքներ կը լսեն։
       Գիտեմ, պիտի պատասխան տաք, է՞ Պապիկ, ի՛նչ բաներ, կը խօսիք մեք մեր անզգամ լեզուանի կիներն եթէ չը ծեծենք եւ չփետտենք, կարո՞ղ ենք զսպել. դուք խրատ կուտաք մեզ, որ աղջիկներն էլ մանչերուն պէս կարդալ սորվին։ Դու գիտե՞ս, ի՞նչ կը լինի էն ժամանակ, միտքերնին կը բացուի, լեզուանի եւ անզգամ կը լինին, ամէն բանին համարձակ պատասխան կուտան, իրենց բնական ամօթխածութեան քօղ կը պատռն, հնազանդութեան լուծն կը կոտրեն, դու տես էն ժամանակ էրիկ կնկան կռիւ. տան խաղաղութիւն կը վրդովի, մեր հին նահապետական կարգն ու կանոն կը խանգարուի։ Մեք մեր պապերէն այնպէս սորված եմք, որ կիներ լուռ ու մունջ կենան։ Սորա համար մեր հարսներ սորված են եօթն տարի լեզուակապ մնալ տան մէջ, ոչ ոքի հետ չը խօսին, միայն իրենց ամուսիններու հետ խօսին. էն էլ ոչ թէ մարդոց առաջ, այլ առանձին։ Երբ մեր աղջիկներ կարդալ սորվին, յետոյ ամուսնանան հարս լինին, էլ անոնց լեզուն կը բռնուի՞, մանաւանդ թէ բանգէտ լինին, գիրքեր կարդալով աշխարհի բաներ իմանան. թող այս, շինականի աջիկներ միթէ ժամանակ ունի՞ն, որ դպրոց երթալ կարդալ - գրել սորվին. մեր տան ու դաշտի գործեր ո՞վ պիտի տեսնայ։
       Մեք Պօլիս երթալով գալով տեսեր ենք ու գիտենք, էդ Պօլսոյ կիներ երբ կարդալ - գրել սորվեցան, ամէնք ճարտար փաստաբան դարձեր են, խեղճ ամուսիններ գերի դարձեր են իրենց ձեռք. մինչեւ անգամ կը համարձակին բողոք կուտան Հայոց Պատրիարքարանին եւ էրիկներ դատաստանի կը քաշեն։ Մեք այս բաներ տեսնելով, կը վախնամք, լաւ է որ կիներ տգէտ մնան ու հնազանդին մեզ։
       Լաւ կը հասկնամ ձեր խօսքեր, սիրելի գիւղացիք, մտիկ արէք, որ պատասխան տամ։ Երբուն քառսուն տարի յառաջ` ճիշդ խոստովանիմ, որ Պապիկն էլ ձեզ պէս կը մտածէր ու կը խօսէր, բայց երբ որ կարդալ սորվեցայ, գրքերու համն առի, պանդխտութեան մէջ շրջելով` աշխարհի բաներ, փոփոխութիւններն աչքովս տեսայ, էլ այնուհետեւ սկսեցի մտածութիւններս փոխել, պետք է գիտնաք, որ ժամանակ ամէն բան իւր հետ կը փոխէ։ Դուք ի՞նչ կը մտածէք, կուզէք որ հնութեան մէջ անփոփո՞խ մնայք։ Դուք եթէ այժմեան ձեր վիճակի մէջ մնաք, էնպէս անշարժ, ինչպէս լճացած ջուր` կենդանի գետերու վտակներու պէս յառաջ չերթաք, պիտի ցամքիք ու չորնաք տգիտութեան ու թշուառութեան մէջ. մարդ պէտք է ժամանակին հետ քալէ, ով որ ետ մնայ, հացի կարօտ կը լինի, պէտք է գիտնաք որ աշխարհիս վրայ աւելի տգէտներն են, որ խեղճ ու թշուառ կեանք ունին։
       Կար ժամանակ, որ քաղաքցին ու գեղացին առ հասարակ տգէտ էին եւ տգիտութեան մէջ հաւասար կերպով կապրէին։ Այժըմ քաղաքացին յառաջ կերթայ իւր դպրոցներով, մանչ ու աղջիկ հաւասարապէս կը կրթուին. մեք գիւղացիք, եթէ ոչ քաղաքացւոց չափ, գոնէ փոքր ի շատէ ուսմունք սորվելով չը կրթուինք, էն ժամանակ մեք քաղքցւոց յառաջ ստրուկ կը լինինք վասն զի տգիտութիւնն է, որ մարդ ստրուկ, գերի կը դարձնէ, ահա սորա համար է, որ քաղաքացին յառաջ կերթայ, կը հարստանայ, իսկ գիւղացին ետ կը մնայ ու կը չքաւորի։
       Դուք էնպէս կը կարծէք ու կը դատիք, որ երբ աղջիկներ գրել ու կարդալ սորվին, լեզուանի ու անզգամ կը դառնան, եւ այլ եւս իրնց բնական պատկառանք եւ համեստութիւն կը կորսնցնեն։ Ձեր այս դատաստանն շատ սխալ է. օրինակ մեր աչքին առաջն է, մեր բնական գիւղ երկու հարիւր տունէն աւելի է. մեր գիւղին կիներն ամէնքն եւս հաւասարապէս տգէտ են, գրել կարդալ չ»գիտեն, դուք ի՛նչ կասէք, այդ ձեր ասած անզգամ եւ լեզուանի կիներ պակա՞ս են միթէ։ Դուք չգիտէք դեռ թէ ամէն չարաբարոյութեան աղբիւր տգիտութիւնն է. եւ կիներու տգիտութիւն աւելի վնասակար է մի ընտանեկան գերդաստանին, քան թէ այր մարդոց։ Մտիկ արէք թէ ինչ կասէ Սողոմոն իմաստուն. «Իմաստուն կանայք շինեցին զտունս, իսկ անզգամք ձեռօք իւրեանց քակեցին»։ Դուք էնպէս կը կարծէք, որ տուն շինել, շէնցունել, պահել, միայն այր մարդիկ են, կիներ շինութեան համար ոչինչ նշանակութիւն չունին։ Բայց պէտք է գիտնաք, որ տան շինութիւն ու լիութիւն կիներուն ձեռքն է։ Դուք դաշտի վաստակներ կը բերէք կը լեցնէք տուն, բայց եթէ կին տգէտ ու յիմար լինէի, չ»գիտնայ տուն կառավարել, չգիտնայ թէ ինչպէս պէտք տան կարիքներն մատակարարել, չափով ու խնայութեամբ տնտեսել. էն ժամանակ կը տեսնաք դուք, որ տարուան պարէն, կէս տարուան մէջ կսպառի, ոչ ամբարին մէջ ալիւր կը մնայ եւ ոչ մառանին մէջ իւղ, պանիր եւ այլ նպարեղէններ. վասն զի տնտեսելու համար խելք, իմաստութիւն պէտք է, եւ երբ տանտիկին անխելք է, տան շինութիւն կսկսի ներքին կողմէն քակուիլ։
       Թողունք տան նիւթական շէնք եւ հացի տնտեսութիւն, մի տուն, կամ ընտանեկան գերդաստան չէն ու հաստատ լինելուհամար, աւելի եւս բարոյական չէնք պէտք է, եթէ այդ չէնք չի պահպանէ տունն, շուտով կը փլչի նիւթական շէնք։ Եւ ի՞նչ է այն, որ տան բարոյական չէնք հիմէն սկսլով կը կառուցանէ, գիտէ՛ք, խօսիմ ձեզ, մայրենի կրթութիւն եւ խնամքն է. եւ ի՞նչպէս կարող է մի մայր կրթել իւր մատաղածին մանուկներն, երբ ինքն անկիրթ եւ տգէտ է։ Սորա համար է, որ չարաբարոյ կը լինին մեր մանուկներն. երբ մայրերն անմիտ են, այնչափ որ` իրենց ծնած զաւակներն անգամ կարող չեն սնուցանել։ Այդ պատճառաւ է որ մեր զաւակներն մատաղ-մատաղ կը մեռնին։ Զարմանալի է, շատեր կը կարծեն թէ գիւղական ժողովուրդ աւելի բազմածին է ու կը բազմանայ։ Այս կարծիք շատ սխալ է. մեք կը տսնամք որ ծնածներէն կէսն անգամ չի մնար. խեղճ տղայք իրենց մայրերու անկրթութեան գոհ կերթան։ Մեք իրաւունք չունինք մեղադրել այդ մայրերն. դուք կը կարծէք որ տղաքներն ծնել ու պահել դիւրի՞ն բան է. տղաքներ մեր դաշտերու ինքնաբոյս խոտեր չեն, որ ինքնին առանց դարմանի աճեն եւ զօրանան։ Մի միայն կրթուած մօր խնամքն է, որ գիտէ լաւ տածել ու սնուցանել իւր զաւակներն։
       Մի այնպէս կարծէք եւ ասէ՛ք թէ կաթն ու հաց բաւական են տղայոց սնունդին համար, մեք կը տեսնամք որ թռչունք, անասունք, այսչափ միայն կը հոգան, երբ ձագերուն թեւիկներ բուսնին` կը թռչին իրենք զիրենք կը հոգան նմանապէս որթիկներ, երբ կաթէն կտրուին` կսկսին դաշտն երթալ արածալ եւ իրենց ճարակ գտնել։
       Է՜ սիրելի գիւղացիք, չ»գիտէք ուրեմն, թէ դուք բանաւոր մարդ էք, ձեր կեանք թռչնոց եւ անասնոց կեանքին հետ նմանութիւն չունի։ Տէր Աստուած Ադամայ անէծք տալով ասաց. քո հաց ճակատիդ քրտինքով ուտես, այսինքն` տաժանելի աշխատութեամբ ճարես հացդ, բայց թռչնոց եւ անասնոց համար ոչինչ բան չասաց, վասն զի երկնաւոր հայր կը կերակրէ զանոնք, ինչպէս կը վկայէ Յիսուս։ Մեք եթէ միայն հացով ապրինք, էն ժամանակ անասուն կը դառնամք։ Սորա համար Յիսուս ասաց. մարդ ոչ միայն հացով կապրի, այլ Աստուծոյ բանիւ։
       Դուք ի՛նչ կասէք, Աստուծոյ բան, երկնից արքայութիւն միայն ա՞յր մարդոց համար է, կիներ մասն չունի՞ն, զրկուա՞ծ են. Աստուածաշունչ գիրք, օրէնք, պատուիրան, Աւետարան, միայն այր մարդոց համա՞ր տուաւ Աստուած։ Ո՛չ, այդպէս չէ, Տէր Աստուած Ադամայ եւ Եւայի հաւասարապէս տուաւ իւր պատուէր. նոյնպէս նոցա սերունդին հաւասար կերպով աւանդած է իւր Աստուածային պատուէրներն Մովսէսին եւ Յիսուսին ձեռքով։
       Ուրեմն կին- արմատն էլ պէտք է գիտնայ ու հասկնայ այդ Աստուածային պատուէրներն, որք բովանդակուած են հին ու նոր Կտակարանին մէջ, եւ ի՞նչպէս կարող է կարդալ ու հասկընալ Աստուծոյ բան, եթէ փոքրիկ հասակէն սկսեալ նա չը սորվի դպրոցին մէջ, որ յետոյ մեծնալով նա կրթուած մայր լինի եւ կարող լինի կրթել իւր ծնած մատաղ զաւակներն։ Դուք չը գիտէք որ այդ փոքրիկներն միայն իրենց ծնող մօր կրթութեան ու խնամոց յանձնուած են, հայրեր ոչինչ փոյթ չունին, մանաւանդ գիւղացի հայրեր, որ բոլորովին զբաղած կը լինին իրենց մշակական աշխատութեան։ Ո՛վ է որ տղուն առաջին անգամ երես խաչակնքել կը սորվեցնէ, քրիստոնեայ մայր. ո՛վ է, որ հետաքրքիր մանկան ամէն մէկ հարցմունքներուն քաղցր ու մայրենի գորովով պատասխան կուտայ անձանչիր, մայր. ո՛վ է որ երբ մանուկ աչերն դէպ երկինք դարձնելով` կը տեսնայ կապոյտ երկինքին երես լուսաւոր բաներ, կը հարցնէ թէ ի՞նչ են, մայրն է որ կը պատասխանէ թէ արեւ, լուսին, աստղեր են, Աստուած ստեղծեր է մեզի համար, որ ցորեկ ու գիշեր լոյս տան։ Հապա երբ մանուկ իւր շրջապատ մօտ եղած բաներն կը տեսնայ ու կը հարցնէ, այդ ամէն բաներուն պատասխան տըւող ո՛վ է, դարձեալ մայրն։ Այո՛, մանուկ իւր լեզուն մօրմէն կը սորվի։ Աստուած, եւ Աստուծոյ բաներն էլ մօրմէն կը սորվի։ Մարդիկ էնպէս կը կարծեն, որ այդ բաներն միայն վարժապետէն կամ` վարդապետէն պէտք է սորվին մանուկներն։ Այդպէս չէ, մտիկ արէք բացատրեմ ձեզ։ Մեր նորածին երախաներն կը տանեն եկեղեցին, քահանան կը մկրտէ աւազանին մէջ, կնքահայր անլեզու երախայի կողմէն թարգման կը լինի, հաւատք, յոյս, սէր խնդրելով քրիստոնէութեան դաւանութիւն կուտայ. բայց ո՞վ է, որ կը մկրտէ երախան մայրենի տան աւազանին մէջ, այդ մկրտիչ բնական քահանայն նոյն իսկ ծնող մայրն է, որ երբ երախային լեզուն ու միտք կը բացուի, կսկսի սորվեցնել քրիստոնէութեան համառօտ` պարզ ու բնական դասերն նորա մատաղ սրտին մէջ կը ցանէ սուրբ կրօնի սերմիկներն, որք հետզհետէ կը բողբոջին իւր աճման հետ։
       Հիմա տեսա՞ք, որ տան ընտանեկան դպրոցին առաջին բնական եւ մեծ ուսուցիչ ու կրթիչ ծնող մայրն է, չենք սխալիր թէ որ ասենք, քրիստոնէական ուսման եւ նախակրթութեան մէջ, առաջին վարժապետ, վարդապետ, աստուածաբան, դաստիարակ մայրն է, եւ մանաւանդ բարեպաշտ մայրն, որ միայն լեզուով չուսուցաներ, այլ եւ իւր մայրենի բարի օրինակով կը կրթէ զաւակներն։ Մեր գիւղացի ժամասէր մայրեր, կը տեսնա՞ք, իրենց երախաներ զրկելով կերթան եկեղեցին, Աստուածածնայ եւ խաչի պատկերներուն առաջ մոմ կը վառեն, ծունր կը դնե, աղօթք կանեն, երախան իւր մօր այս օրինակներն տեսնելով կը տպաւորէ ինչպէս կնիք իւր մանկական մաքուր սրտին վերայ։ Իսկ երբ տակաւ-տակաւ զարգանայ, սկսի հարցնել, մայրիկ, ո՛վ է Աստուածածին, ո՛վ է Քրիստոս, ինչո՞ւ համար խաչուած է Քրիստոս, ի՛նչպէս յարութիւն առած է, եւ համբարձեր է երկինք. ո՜հ, այստեղ անուս եւ տգէտ մայր կարող չէ պատմել Քրիստոսի ծնունդ եւ այլ գործքերն։
       Հասկցա՞ք այժմ, գիւղացի եղբայրներ, թէ մայրերն են միակ առաջին վարժապետ ու կրթիչ իրենց զաւակներուն։ Այս եւս բաւ է, վարդապետի չափ երկար քարոզ ու խրատ խօսեցայ ձեզ. պահեցէք իմ այս վերջին կտակ, հող տարէք այսուհետեւ ձեր զաւակներն, մանչն ու աղջիկ հաւասար կերպով կրթել։ Ինչպէս խօսած եմ Թոռնիկիս դասերուն մէջ, մեր գիւղական դպրոցներ մեծ-մեծ ծախքեր չունին. եթէ իւրաքանչիւր տուն կալի ժամանակ մէկ-մէկ կօտ ցորեան տան, դպրոցիբոլոր ծախքեր կը հոգացուին։ Գիտեմ, դուք շատ ցաւեր ու տուրքեր ունիք հոգալու, բայց դպրոցի համար եղած տուրքն այնպիսի մի կարեւոր եւ շահաւոր տուրք է, որ ձեր այդ շատ ցաւերուն դարման կը լինի. դուք այս խօսքեր չէք հասկնար, բայց պիտի հասկնաք այն օր, երբ տեսնաք կրթութեան արդիւնքն, պիտի յիշէք զիս եւ ողորմիս տաք Պապկի հոգւոյն։
       Սիրելի գիւղացիք, կարծեմ այսչափս շատ բաւական եղաւ, իմ խրատ ու կտակ պահեցէք եւ ձեր զաւակաց ժառանգ թողէք. դեռ շատ բան կար ձեզ խօսելու, բայց շունչս սպառեցաւ, էլ չեմ կարող շարունակել։ Մնաք բարեաւ խաղաղութեամբ, աղօթեցէք ինձի համար, որ բարի հրեշտակ քաղցրութեամբ առնէ հոգիս. չեմ արժանի երկնից արաքայութեան լուսեղէն դարպասին, շատ է ինձ համար, եթէ նորա դրան սպասաւոր ու դռնապան լինիմ, դուք երկրէն աղօթեցէք, ես էլ երկնից արքայութեան դրան առաջ ծունկ չոքած հոգւով կաղօթեմ, բարերար Աստուած ողորմութիւն անէ բոլոր աշխարհին եւ մեր խեղճ հայ ազգին, ամէն։
       Է՜, սիրելի Թոռնիկ, ժամանակ հասած է, որ հոգիս աւանդեմ, հրեշտակ կսպասէ, տակաւին մի վերջին կտակ ունիմ ձեզ, զոր պէտք է ամենայն հաւատարմութեամբ եւ ճշդութեամբ կատարէք եւ ժառանգէք Պապկի օրհնութիւն։
       Ես կը մեռնիմ Թոռնիկ, զիս տարէք թաղեցէք մեր պատով արտի մէջ, որ գերեզմանոցի մօտ է։ Գերեզմանս փորել տուր արտի մի քունջ, ուր բարտի, ուռենի ծառեր կան։ Դու գիտես, որ շատ ժամանակ Պապիկ աշխատութենէն յոգնած, կերթար այդ ծառերուն տակ կը նստէր, կը հանգստանար։ Երբեմն եւս գլուխ ծառի բունին վերայ դրած` անուշ կը քնանար, իսկ այժմ գերեզմանին մէջ պիտի ննջեմ, մինչեւ Գաբրիէլ իւր փող հնչէ։
       Այդ իմ գերեզմանի արտ երբ կը վարես, ցորեն կը ցանես, պատուէր կուտամ քեզ, որ այդ արտի մաքուր ցորենէն, բաւականի չափ աղաս ալիւր անես, յանձնես գիւղի քահանային, որ նշխար գործէ, Պապկի հոգւոյն համար պատարագ անէ հինգ տաղաւարաց մեռելոցի օրերն։ Նմանապէս մեր այգին երբ կըթես, լաւ ու հասուն խաղողներ ձեռքովդ զատէ ու քամէ, բոլոր տարուան բաժակցուն պատրաստելով` քահանային յանձնէ, թող պահէ եկեղեցւոյն մէջ։
       Իմ հոգեճաշն ամենայն առատութեամբ պատրաստէ, ձեր հարսնիքին սեւ ծուռ եզն մորթեցինք, նայէ դարձեալ, մեր գութանի տաւարներէն ծուռ եզներ պակաս չեն լինիր, որ լծնկերին հետ հաւասար չեն քաշեր եւ միշտ խոփն ակօսէն կը հանեն. եթէ կան մորթէ, Պապկէ հոգւոյն մատաղ արա, բոլոր գիւղի աղքատներ լիութեամբ կերակրէ։ Դու այժմ շուտ մարդ ղրկէ Վարագայ վանք, թող կանչեն Դանիէլի վարդապետ, որ գիւղի յառաջդիմութեան աշխատող բարի մշակն է, թող գայ զիս թաղէ եւ ասէ հոգւոցն։ Մի գոմէշի նորահաս ձագ հոգեբաժին տուր Վարագայ վանքին, վասն զի այդ վանքի շնորհիւ մեք կարդալ սորված եմք։
       Թոռնիկ, գերեզմանիս վերայ մի խաչքար տնկէ, եւ այսպէս գրէ յիշատակս։ «Այս է տապան Առջակեցի Պապկէն, որ հող ու մաճ սիրե, իւր Թոռնիկին հողագործութեան դասեր խօսեց, իւր կտակն աւանդեց ու մեռաւ։ Որք հանդիպիք, ասացէք Աստուած ողորմի Պապկէ հոգւոյն»։
       Հոգեհանութեանս ժամ կը հասնի, Թոռնիկ. կանչէ մայրրիկդ, կանչէ Շուշան եւ իւր զաւակներն, եկէք ի միասին Պապկի ձեռք համբուրեցէք, առէք իմ վերջին օրհնութիւն եւ դուրս գնացէք, զիս առանձին թողէք, որ պահիկ մը հանգիստ մնամ աւանդեմ հոգիս։
       Իմ պահապան բարի հրեշտակ, ոստիկանի պէս գլխուս վերայ կեցեր ես, կը տեսնա՞ս անձս բոլոր մահուան քրտինքին մէջ կը լողայ. այն քրտինք որ ես կը թափէի դաշտին մէջ, ո՛հ, այս վերջին քրտինքն է, որ մահուան համար կը թափեմ. այլ եւս պէտք չեն ինձ աշխարհիս հաց. միայն թէ երկնից արքայութեան հացին արժանի լինիմ։
       Բարի հրեշտակ, շատ շնորհապարտ եմ քեզ, խանձարուրիս ծննդենէն մինչեւ մահուանս վիճակ զիս պահպանեցիր, շատ անգամ զքեզ վշտացուցի, բայց շատ անգամ էլ ուրախացուցի, թէ մեղանչէի, երես դարձուցած կը տրտմէիր, թէ զղջացած ապաշաւէի, կը ցնծայիր, բոլոր կեանքիս չի գիտեմ որչա՞փ լացիր, որչա՛փ խնդացիր. օրհնեալ է Աստուած, այս վերջին հոգեհանութեանս պահուս, խիստ պայծառ կերեւիս. ոգիս յուսով կը լեցուի, կը հաւատամ թէ հաւատով պիտի աւանդեմ հոգիս։ Միայն կը խնդրեմ որ ասես ինձ, մահու հրեշտակ, հոգիս առնելով ո՞ւր պիտի տանես։
       Միթէ չը գիտե՞ս, Պապիկ, դու գրոց աշակերտ ես, թէ հաւատացելոց հոգիներն նախ պէտք է Քրիստոս դատաւորին առաջ ելնեն, միայն քննող դատաւոր կ»որոշէ մարդկանց հոգիներու համար վիճակ եւ տեղերն. դորա համար մի մտածեր, Քրիստոսի Հօր տուն շատ ընդարձակ է, եւ բազում որոշեալ օթեւաններ ունի։
       Ուրեմն կաղաչեմ, բարի հրեշտակ, ինձ համար բարեխօս եղէք Քրիստոսի առաջ. ես տուն, օթեւան չեմ ուզեր, ես դաշտի հողագործ մարդ եմ, աշխատութեան սորված, երկնից արքայութեան դաշտէն միայն փոքրիկ արտիկ մի կուզեմ, վարուցան անեմ. գիտեմ, արքայութեան արտեր շատ պարարտ ու բեղուն են աշխարհիս արտարէն, որ տատասկ, փուշ եւ որոմն խառն կը բուսցնեն։
       Խեղճ Պապիկ, խելքդ հոգին ու աշխատութեան ես տուեր, չես գիտեր ինչ կը խօսիս. կը թուի ինձ, որ Յիսուսի Աւետարանի խօսքեր մոռցած ես. գուցէ ծերութիւն զառամութիւն բերեր է վրադ. դու չ»գիտե՞ս, որ արքայութեան մէջ ամէն աշխատութիւն դադրած է տղամարդւոց համար. օրհնեալ լինի Քրիստոս, որ ձեր Ադամայ պապուն վրայէն վերցուց այն անէծք, թէ քրտամք երեսաց քո կրիցես զհաց քո։ Պէտք է գիտնաս, Պապիկ, որ արքայութեան մէջ աշխատութիւն, քրտինք, ցաւ, տառապանք ոչինչ բան չկայ, արքայութիւն միայն Աստուծոյ փառաց վայելքն է. մարմնեղէն մարդիկ մեզ պէս հրեշտակ կը դառնան, ոչ հաց պէտք է, ոչ ջուր, ոչ հանդերձ, մարդն ու հրեշտակ Աստուծոյ փառքով կը յագենան եւ լուսոյ մէջ կողողին. բայց այս խօսեմ քեզ, Պապիկ, ամէն ծնած մարդ, ինչ որ ցաներ է աշխարհիս վերայ, զայն պիտի հնձէ, այսինքն ինչ որ գործեր է, իւր գործոց չափով պիտի ընդունի. բարի գործոց համար Քրիստոսի արքայութիւն է բաժին, իսկ չարագործաց համար դժոխք։
       Այդ գիտեմ, բարի հրեշտակ, եւ դեռ այս անձուկ մահաժամ վայրկենիս սորվել կուզեմ քեզմէ, եթէ իւրաքանչիւր մարդ, ինչ որ ցաներ է այս աշխարհիս մէջ` զայն պիտի հնձէ անդիի աշխարհ, ուրեմն երկնից արքայութեան մէջ ինձ համար գործ կայ, այստեղ ցանածս այնտեղ բուսած կը լինի եւ հասած է այժմ, իմ գերանդիս հետս առնեմ, որպէս զի ցանողներս քաղեմ։
       Դու կասես արքայութեան մէջ ուտել խմել չը կայ, հապա ի՞նչ է այն բարելից սեղան, զոր կը պատրաստէ Քրիստոս իւր սիրելեաց համար եւ ինքն էլ գօտի ածելով կը ծառայէ սեղանին։ Ա՜հ, Պապիկ կը ցանկայ, որ աշխատի այդ երկնային սեղանին հաց պատրաստէ։ Միթէ առանց հացի սեղան կը լինի, կամ առանց այգի տնկելու գինի. ես հաց մշակ եմ, Մասիսի Նոյ նահապետն էլ թող այգի տնկէ, գինի պատրաստէ։
       Շատ պարզամիտ ես Պապիկ, ի՞նչ բաներ կը խօսես. Յիսուս եկաւ աշխարհ, ամէն բան Աւետարանով ձեզ պատմեց, երբ ձեզ նման մարդ եղաւ, եւ ինքն մարդիկ տեսաւ փորձեց ու վկայեց թէ` այս աշխարհիս որդիքներ աւելի իմաստուն ես քան լուսոյ որդիքներ։ Բայց ես կը զարմանամ ձեր վերայ Պապիկ, երբ դուք մահու հրեռտակին հետ կատակով խօսել կուզէք, դու չգիտե՞ս որ հրեշտակներ կատակ չեն սիրեր։ Զաքարիան թերահաւատութեան կատակ մի արաց` իսկոյն պատժուեցաւ։ Կասես թէ գերանդիս հետս առնեմ, կարծելով թէ մեք հրեշտակներս հնձող գերանդի չունիմք. չե՞ս կարդացեր Յայտնութեան գիրք եւ մարգարէից տեսիլքներու մէջ երեւեցած գերանդիներ, մեք մէկ գիշերուան մէջ Երուսաղէմ պաշարող Սենեքերիմի զօրքերէն հարիւր ութսուն հազար հոգի հնձեցինք։ Աւելի կը զարմանամ այն բանին, որ կը ցանկաս արքայութեան մէջ քեզ մի արտիկ տան եւ դու արքայութեան սեղանին հաց պատրաստես։
       Է՜, Պապիկ, դու չես կարող ըմբռնել այժմ երկնային խնջոյք, որոյ սեղանն անմահական է, հացն անմահական, գինին անմահական, դու ո՛վ ես, մահկանացու ապիկար մարդ, որ կը մեծամտիս այն սեղանին հաց պատրաստել, զոր միայն Յիսուս իւր Խաչով եւ արիւնով պատրաստեց։ Այլ եւս բան մի յաւելուր, Պապիկ, տարաժամ է, տուր հոգիդ, հաւատայ ու հանգիստ եղիր։ Գիտէ Աստուած թէ իւր հաւատարիմ ծառաներ ինչպէս պէտք է վարձատրեմ։ Գիտեմ, Պապիկ, վարձքդ մեծ է երկնից մէջ, երբ ընկերասիրութեան պարտքդ կատարեր ես, ումեք զրկանք չես արեր, ճակատիդ քրտինքով հացդ կերեր ես, մինչեւ ցայսօր եւ այժմ բարի մահով պիտի ննջես։
       Պապիկ պինդ բռներ է իւր հոգին, դեռ խօսել կուզեր, այլ երբ տեսաւ որ հրեշտակ համբերութիւն չունի, ձեռքեր խաչեց սրտին վերայ, փակեց իւր նուղած աչքեր, եւ վերջին բարբառ մրմնջեց։ Ասաց, ահա հոգիս առ, բարի հրեշտակ։ Այնչափ զուարթ ու դիւրութեամբ տուաւ Պապիկ իւր հոգին, ինչպէս խնձոր մի ծոցէն հանելով, ութսուն երկու տարի կեանքի ծառէն կախուելով` բոլորովին կարմրած հասունցած էր։
       Խնձոր ծառէն կաթուկ արած` հրեշտակ հասաւ վերէն առեց թռաւ։
       Այսպէս մեռաւ Պապիկ, աւանդեց իւր հոգին եւ հոգւոյն հետ աւարտեց նաեւ իւր ՊԱՊԻԿ ԹՈՌՆԻԿ։
       Աստուած ողորմի Պապիկ նահապետի հոգւոյն, ամէն։
       (ՎԵՐՋ)