Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻԳ. ՄԵՌԵԼՈՑ ԴԱՇՏ ԵՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆՆԵՐ
      
       Պահ մի թողունք, Թոռնիկ, մեր կենդանի դաշտ, արի երթանք մեռելոց դաշտին այցելութիւն անենք. գիտե՜ս, մահ տակաւ - տակաւ կը մօտենայ Պապկին, կուզեմ վերջինանգամ քանի կենդանի եմ, ոտքովս երթամ շրջիմ մեռելոց ննջարանն, մինչեւ այն օր, երբ զիս նաշին վերայ դրած ԲԱՆԴ ԱՍՏՈՒԱԾ ասելով կը բերեն կը դնեն գերեզման, ես էլ կը հանգչիմ մեր պապերուն ծոցը։
       Գերեզմաններն էլ մեզ համար մի խօսուն դասարան են. խաչքարեր եւ մեռելոց յիշատակներ դեռ կը խօսին մեզ հետ. տեսնանք թէ հին եւ նոր ժամանակի մէջ ի՞նչ մարդիկ ծներ, եկեր են աշխարհ. ապրեր են, գործեր են, թէ բարի թէ չար, եւ դարձեալ թողեր են այս աշխարհ, արեւն ու կեանք, տուն եւ ընտանիք, մտեր ծածկուեր են մեռելոց այս մութ աշխարհին մէջ։ Ամէն քրիստոնէի գերեզմանին վերայ մի-մի խաչաքար տնկուած է. վրան գրած են մեռնողի անունն եւ կեանք, որ տեսնող կարդայ եւ ողորմիս տայ։
       Կարդանք ուրեմն, Թոռնիկ, այդ հին ու նոր յիշատակարաններ, տեսնանք թէ ինչ հարուստ տանուտէրեր եւ այլ աշխատաւոր եւ նշանաւոր մարդիկ ելած են գիւղական ժողովրդիդասէն, որոց անցեալ կեանքն առաքինութեան դասեր են մեզ համար։ Գիտե՞ս, կան այնպիսի մեռեալներ, որ մինչեւ ի կատարած աշխարհի կը խօսին մեզ հետ։ Գրքերով կը խօսին, անմահ յիշատակներով կը խօսին, գերեզմանի քարերով կը խօսին։
       Տկսիր, Թոռնիկ, կարդա՛ այս տապանագիրն.
       «Այս է տապան Առճակցի տանուտէր Օհանջանին, որ ութսուն տարի ապրեցաւ, ոչ գիւղէն, ոչ տնէն հեռացաւ, երբէք չթողուց ձեռքէն գութանի մաճն մինչեւ օրն մահուան։ Նա նորոգեց մեր գիւղի փլած եկեղեցին եւ մի արտ յիշատակ տուաւ եկեղեցւոյն։»
       «Ասացէք Աստուած ողորմի իւր հոգւոյն։»
       Կարդա սորա կշտի խաչաքարն։
       «Ես Միրզօյենց Մարխաս, որ առաջ աղքատ ու վարձկան մշակ էի, թիզ մի հողի կարօտ, աշխատեցայ եւ Աստուած յաջողեց իմ հալալ վաստակովն բաւական հողեր գնեցի, հարստացայ եւ տանուտէր եղայ, կտակ արի յետնամնաց զաւակներու, որ տարուան հինգ տաղաւարի մեռելոց օրեր մատաղ անելով աղքատաց կերակուր բաշխեն։ Ասացէք Աստուած ողորմի Մարխասի հոգւոյն։»
       Երթանք, Թոռնիկ, այն մեծ խաչքարի գրեր կարդա՛։
       «Այս է հանգիստ մեծ տանուտէր Ադամին, որ շատ հողատէր էր, երեք փոխով գութան կը լծէր, քառսուն մշակ ունէր, մեր գիւղի մեծ նահապետական տունն էր, իւր ընտանեաց թիւ մինչեւ եօթանասուն կը հասնէր, երբ հոգեճաշ տար կամ մատաղ անէր, հազար հազար մարդ կը կերակրէր. նա շատ առաքինի մարդ էր, մեռաւ հարիւր տարեկան. բոլոր գիւղացիք լացին նորա մահուան վերայ. նա կտակ թողուց, որ Վարագայ եւ Առճակու վանքերուն իւր կալուածներէն չորս արտ տան եւ իւր ձիթահանէն գիւղի եկեղեցւոյն շարունակ լուսավառութեան ձէթ տան։ Որ հանդիպիք ասացէք Աստուած ողորմի մեծ տանուտէր Ադամի հոգւոյն։»
       Մի՛ անցնիր, այդ մօտի փոքրիկ խաչաքարի գրեր կարդա՛։
       «Ես եմ նաղարաչի Մարգօն։ Այս խաչաքարի տակ հանգիստ պառկեր եմ. բոլոր կեանքս ուրախութեամբ անցուցի. ձմեռն հարսանիքներով եւ ամառ պահէզ դնելով։ Ամէն գարնան կուգայի Առճակ գիւղ պահէզ կը դնէի. առատ սեխ ու ձմերուկ կը հանէի, ցորնի, գարւոյ, եղի, պանրի, ժաժկի հետ կը փոխէի, տունս առատութեամբ կը լեցնէի, աշխատութեամբ շատ երջանիկ ապրեցայ. երբ տեսայ թէ պիտի մեռնիմ, կտակ արի որ զիս քաղաք չի թաղեն, այլ տանին Առճակ գիւղ թաղեն. Աստուած շէն պահի այն գիւղ, որ շէն պահեց իմ տուն։ Ասացէք Աստուած ողորմի նաղարաչի Մարգոյի հոգւոյն։»
       Կարդա, Թոռնիկ, դորա կշտի միւս տապանաքար, որու վրայ մի հաւու պատկեր կը տեսնուի։
       «Ես եմ հաւպան Մարկոս, գեղեցի էի, բայց հող չունէի. մտածեցի թէ ի՛նչ անեմ, որ ապրիմ. մի գիշեր երազի մէջ շատ հաւեր ու հաւկիթներ տեսայ. ասի սա իմ բախտն է. առաւօտ ելայ երազիս մեկնութիւն կատարեցի. առաջ մի փոքրիկ հաւնոց շինեցի, տասն հատ հաւ դնելով թուխս դրի, մի քանի տարուան մէջ հաւերուս թիւ հասաւ մինչեւ երեք հարիւրի, միշտ հաւ ու հաւկիթ կը ծախէի գեղի հիւրերուն եւ քաղաքացւոց. ես եւ իմ ընտանիքս լաւ ապրեցանք հաւու մսով եւ ձուազեղով։ Աղուէսներ եւ կուզէր որ շատ թշնամի են հաւերուն, ես անոնց համար որոգայթ շինեցի, ամէն տարի ձմերան բաւական աղուէս եւ կուզ բռնելով` նոցա մորթերէն բաւական շահ կանէի։ Հաւբանութեան շնորհիւ որսորդութիւն էլ սորվեցայ. վերջ մեռնելուս ժամանակ կտակ արի զաւակներուս որ հասնոց ու հաւեր երբէք ձեռքէն չը թողուն, որ միակ իրենց հացն ու ապրուստն է։
       «Ասացէք Աստուած ողորմի հաւպան Մարկոսի հոգւոյն»։
       Քիչ մի հեռու կերեւի մի գերեզմանաքար, որուն գրեր մամռոտած են Թոռնիկ, եւ վրան մեղուի փեթակի նշան կայ. կարդա տեսնանք ով է։
       «Ես եմ մեղուապահ մշակ Պետօն, փոքրիկ տնակէս ի զատ ոչինչ բան չունէի. մտածեցի մտածեցի, գնացի պարտք արի. հինգ փեթակ առի, պզտիկ մեղուանոց մի շինելով մէջ դրի. Աստուած յաջողեց, մեղուներս բազմացան մինչեւ հարիւր փեթակ եղաւ. որք շատ առատ մեղր ու մոմ կուտային, թէ քաղաք տանելով դրամով կը վաճառէի, եւ թէ գեղի մէջ հացի ու եղի հետ կը փոխէի. ընտանիքս մեղրով ու կարագով կը պահէի. մեռնելուս օր խրատ տուի անդրանիկ որդւոյս, որ չը հեռանայ մեղուանոցի դռնէն եւ մեծ խնամով պահպանէ մեղուներ, որ մեր ժրաջան անվարձ մշակներն են. կտակ արի նաեւ որ ամէն կիրակի եւ պատարագի օրեր գեղի եկեղեցւոյ սեղանին վերայ մոմ վառեն եւ քահանայն յիշէ զիս իւր աղօթքով։
       Ասացէք Աստուած ողորմի մեղուապան Պետօյի հոգւոյն»։
       Սորա քով մի անտաշ խաչքար կայ կարդա տեսնանք թէ որու՞ գերեզման է։
       «Ես եմ նախրորդ Նազար, երեսուն տարի նախրորդութիւն արի, շէն մնայ Առնակ գիւղ, երկու հազար տաւար էր իմ նախիր, ամէն շաբաթագլուխ շալակ շալակ նախրահաց կը ժողովէի, տանս մառան հացով կը լեցուէր, մեր տանտիկին խմոր շաղել, հաց եփել չը գիտէր, մեր գիւղացիք կը կարծեն որ նախրորդութիւն բան մը չէ. ոչ, նախրորդութիւն էլ գիւղական մի աշխատութիւն է. ես երբէք գանգատ չունիմ, մինչեւ մահուանս օր հացի կարօտութիւն չի քաշեցի։
       Ասացէք Աստուած ողորմի նախրորդ Նազարի հոգւոյն»։
       Թոռնիկ, դու լսեր ես, գեղացիք միշտ գանգատ կանեն ու կասեն, թէ` գեղի գզիրներ շատ անիծած եւ հայհոյիչ մարդիկ կը լինին, բայց ես լսեր եմ, որ ժամանակաւ մեր գիւղն մի բարի գզիր եղած է. շատ բարեսէր ու խոհեմ, երբէք զրկանք չէր աներ, հիւր տալու կարգն ճշտութեամբ կը պահէր, եւ միշտ կը ջանար աղքատներ խնայել, մինչեւ ցայսօր գեղացին այդ բարի գզրի անունն կը յիշէ։ Ահաւասիկ նորա գերեզման, զարմանք, Թոռնիկ, Առճակու գզիրն էլ իւր գերեզմանի խաչքարն եւ յիշատակն ունի, կարդա՛։
       «Առճակու շէն գեղի գզիր Կազօն եմ ես, օ՛խ, ի՞նչպէս հանգիստ պառկած եմ հողին տակ, ականջներս դնջացեր է գեղեցւոց հայհոյանքէն, զուր եւ անիրաւ անէծքէն, հապա այն խստաբարոյ անհամբեր պահանջող հիւրերու ձեռքէն ի՞նչ քաշեցի, ծեծ կերայ, չարչարուեցայ, զզուեցայ բամբակի պէս. սորա համա անունս գզիր դրած են, կարծելով թէ ես ուրիշներ կը գզեմ։ Աստուած հոգիս առեց, մեռայ ազատուեցայ։ Աղքատ ապրեցա, աղքատ մեռայ, ոչինչ բան չունիմ կտակելու, միայն խրատ կուտամ ձեզ, գեղացի աղքատներ, գեղիգզիր մի լինիք, գացէք հողագործութեան մշակ եղէք, հազար անգամ լաւ է հողի մշակ, քան գեղի գզիր, վասն զի, գեղի գզրութիւն չար մշակութիւն է։
       Ասացէք Աստուած ողորմի գզիր Կազօյի հոգւոյն»։
       Թողունք այս փոքրիկ մարդոց փոքրիկ խաչաքարներն, թէ եւ փոքրիկ կարծուածներն էլ իրենց չափով նշանակութիւն ունին։ Շրջենք, Թոռնիկ, գտնենք այն մեծ խաչաքարներն, որոց տակ կը հանգչին այնպիսի հոգիներն, որք մեր գիւղին փառք եւ պատիւ եղած են. ժողովուրդ չի մոռնար, կը յիշէ նոցա բարերարութիւն եւ յիշատակ։
       Գեղէն բաւական հեռու մի բլրակ կերեւի, կը տեսնա՞ս Թոռնիկ, այդ բլրակին գագաթ մի մեծ խաչքար կայ. այն տեղն է մեծ-մեծ կտիր ոչխարներու տէր հովիւ Յակօյի գերեզման. այդ բլրակից արդէն մի աղբիւր կը բղխի եւ այդ աղբիւրին Յակօյի կթան ոչխարներ կուգային պէր տալու։
       Յակօ հովիւ, թէպէտ իբրեւ հողագործ տանուտէր չէր մեր գիւղին մէջ, բայց իբրեւ հովիւ խաշնարած մեծ տանուտէր կը համարուէր, վասն զի չորս կտիր ոչխար ունէր, ամէն մի կտիր հազար հատ էր. կասէին քառսուն հոգի վարձկան հովիւ եւ գառնարած ունէր, բոլորն էլ ամուսնացուցեր էր։ Աղջիկներու թիւ չեմ գիտեր, իւր տունկ թոռներով լցուած էին, ինքն շատ գթասէր, առատաձեռն մարդ էր. իւր օրհնեալ տունն աղքատներուն ապաւէն էր։ Ոչխարաց կտուրի ժամանակն` բուրդ կը բաշխէր աղքատներուն. Յակօ հովիւ Յովբայ պէս կարող էր ասել թէ աղքատներուն մերկացած թիկունք` իմ բուրգովս կը ջեռնուէին։ Նմանապէս կաթէն` կաթ, պանրէն` պանիր, իւղէն` իւղ բաժին կը հանէր կարօտեալ գեղացի ընտանեաց։ Յակօ հովիւ անխարապէս կը մատակարարէր, նա չէր որոշեր իւր շրջապատ եղած անընտանի օտարացեղ ազգերու կարօտեալներն. ով որ դիմէր, ով որ խնդրէր` նա կուտար եւ չէր խտրեր։ Սորա համար իր անուն եւ համբաւ շատ մեծ էր նոյն իսկ դրացի պայազատ քիւրդ ցեղապետներուն առաջ։ Մի անգամ Պարսից կողմի թշնամի քիւրդեր զարկին Յակօյի ոչխարներու կէսն տարան մեր Յակօն Աբրահամ նահապետին պէս` առաւ իւր կտրիճ լաճեր եւ գիւղի քաջ տղամարդեր, գնաց կրոուեցաւ եւ իւր թալան դարձուց։
       Հովուական պար կեանք շատ երկար կեանք տուին մեր նահապետ Յակօյին, նա ապրեցաւ մինչեւ հարիւր քսան տարի, իւր բոլոր կեանքի մէջ նա վերջին անգամ հիւանդացաւ, ինքն զգաց եւ իմացաւ թէ պիտի մեռնի, կանչեց ժողվեց իւր մահճին շուրջ, բոլոր զաւակներ, թոռներ եւ տան ընտանիք. նահապետական բերնով օրհնեց զամէնքն, համբուրեց իւր հովուական ցուպն ու փող, զոր դրած էր կշտին, դողդոջուն ձեռքով առաւ ու տուաւ Ապրսամ անդրանիկ որդւոյն։ «Քեզ կը յանձնեմ, որդեակ, ասաց, իմ հովուական եւ տանուտէրական իրաւունքս, կառավարէ ինչպէս եւ կառավարեցի, պահպանէ մեր տուն եւ ոչխարի հօտեր. մի մոռնար գթութիւն եւ կարեկցութիւն, ոչխարաց արդիւքէն միշտ բաժին հան գիւղի աղքատ եւ չքաւոր կարօտեալներուն, իբրեւ անջնջելի կտակ` կաւանդեմ քեզ որդեակ, որ տարուան հինգ տաղաւարաց մեռելոցի օր, քսան ոչխար պէտք է մատաղ անէք, աղքատներուն լիապէս հաց եւ կերակուր տաք, գիւղի քահանայն իւր պատարագին մէջ բոլոր մեռելոց հոգիներուն հետ յիշէ նաեւ հովիւ Յակօյի հոգին։ Որդեակ իմ Ապրսամ, օրհնելով կապսպրեմ քեզ եղբայրներ սիրէ, ընտանիք սիրէ, ոչխարաց հօտեր սիրէ, որ մեր հարստութեան գանձերն են. աշխատիր որ հովուական այդ մեծ նահապետական անուն չ»վերնայ հովիւ Յակօյի տնէն։ «Այլ եւս չկարեմ խօսիլ, հրեշտակն եկաւ, հոգիս պէտք է տամ» ասաց ու աւանդեց հոգին։ Բոլոր գեղացիք լացին ու սգացին նորա մահուան վերայ, եւ ինչպէս ինքն կտակած էր` հանգուցելոյն մարմին բերին թաղեցին այս բլուրին ծոց։
       Կը պատմեն թէ Յակօյի թաղման օրը գեղի բոլոր ժողովուրդ թափեր էր այս բլուրին վերայ. հովիւներն Յակօյի երկու հազար կթան ոչխարներ բերեր էին պէրատեղ։ Ապրսամ անդրանիկ որդին հրաման կանէ, որ այն աւուր ոչխարի ամբողջ կաթ ժողովուրդին եւ աղքատներուն տան. Վանեցիք գինի կը տանեն եւ գերեզմանին վերայ կը բաշխեն աղքատներուն իսկ Յակօյի գերեզմանի վերայ գինւոյն տեղ կաթն էր. բոլոր ժողովուրդ փայտէ կօտիկով նոր կթուած փրփրուն կաթ խմեցին, աղքատներն էլ իրենց ամաններ լցին եւ ողորմիս տալով` օրհնեցին հանգուցելոյն գերեզմանն։ Իսկ հովիւներ գիտե՞ս ինչ արին, Թոռնիկ. կը խօսին թէ` հովիւներ էլ մէկ-մէկ մեծ ամանով կաթ բերին թափեցին Յակօյի գերեզմանին վերայ։ Ի՞նչ քաղցր եւ խորհրդաւոր է այս բան. մեծ տանուտէր Յակօ հովիւ, կաթ կերաւ, եւ երբ մեռաւ` իւր գերեզմանն էլ կաթ ծծեց։
       Ապրսամ որդին` մի մեծ խաչքար տնկեց իւր հօր գերեզմանին վերայ, որոյ վերայ գրուած է իւր բարի յիշատակ. կարդա, Թոռնիկ։
       «Այս է տապան մեծ տանուտէր հովիւ Յակօյին, որ ինչպէս կտակ արած էր զինք` այս բլուրին վերայ թաղեցին, իւր յիշատակն օրհնեալ լինի։
       Ասացէք Աստուած ողորմի մեծ տանուտէր հովիւ Յակօյի հոգւոյն»։
       Դառնանք, Թոռնիկ, աստի, երթանք մեր աւերակ Աստուածածնայ վանք, որոյ տաճար միայն ողջ մնացած է. էդ Տաճարի դուրսի պատի տակ, ուր մի աղբիւր կը բղխի Տաճարի հիման տակէն, եւ աղբիւրին մօտ մի հաստաբուն ուռենի ծառ տնկուած է. աւանդաբար կասեն թէ այդ տեղ մի անյիշատակ գերեզման կայ առանց խաչքարի, եւ այդ գերեզման աշուղ Մուշօյին է։ Աշուղներ աշխարհիս վերայ աննշան համարուածաղքատ մարդիկ են, ո՞վ պիտի նոցա հոգին հոգայ, կամ յիշատակն պատուէ, մի խաչաքար տնկէ նոցա գերեզմանի վերայ, բայց երջանիկ է աշուղ Մուշօն, զի իւր գերեզմանաքար Աստուածածնայ փոքրիկ տաճարն է, որոյ հովանեաց տակ կը հանգչի արդար հոգի Մուշոն։
       Ինչպէս լսած եմ, մեր գիւղի հին ծերունեաց պատմութենէն, պատմեմ քեզ, Թոռնիկ, Մուշօյի կեանքն ու վախճանն եւ դու լաւ ուշադիր եղիր, տե՛ս որչա՞փ խորհրդաւոր եւ հետաքրքրական է։
       Աշըղ Մուշօն բնիկ մեր գիւղի զաւակն է, եւ աշուղ Չիչակին աշկերտ եղեր է, որոյ գերեզմն ցոյց կուտայ այսօր Խարակոնիս գիւղի սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ դարի վրան։
       Գիտէ՞ք, Թոռնիկ, աշուղներ ազատ կեանք սիրող մարդիկներ են, տնաշէն չեն. իրաւ է, որ շատ սիրահարական երգեր ունին, բայց իրենք ամուսնանալ շատ չեն սիրեր։ Կան աշուղներ ալ, որ աւելի բարոյական խրատներ ունին եւ գեղեցիկ բանաստեղծական գովասանքներ կը շինեն սուրբերուն վրայ։ Մեր աշուղ Մուշօն այս կարգէն էր։ Յիսուս առաքելոց պատուիրեց որ ցուպ եւ մախաղ չառնեն ի ճանապարհին, աշուղներ ճիշդ կը պահեն այս պատուէրն, անտուն, անընչասէր, թափառաշրջիկ մարդիկ են։ Միայն մի սաղ ունին. կը ձգեն թեւերնին եւ կը շրջեն գեղէ ի գեղ. ուր հարսնիք, հոգեճաշ լինի, անհրաւէր, ազատ կերպով կերթան. գիտեն պարագային յարմար` ուրախական եւ ողբերգական երգեր ու խաղեր կանչել։ Ձմեռ ժամանակն իրենց համար շատ նպաստաւոր է. երբ գիւղացիք դաշտային աշխատութենէն կը դադրին, տաք ախոռներ կը քաշուին. մանաւանդ երբ լսեն թէ աշուղ եկեր է գիւղ, ամէն տեղերէ կուգան կը հաւաքին։ Երգահան աշուղ սկսկի իւր խաղն ու հեքիաթն։ Տեսնաս դու, Թոռնիկ, որչա՞փ զմայլելով մտիկ կանեն մեր անգիր ու պարզամիտ ժողովուրդ, նոցա համար աշուղ` տիրացուէն շատ գերազանց է, վարդապետի քարոզէն աւելի` հեքիաթն անուշ է։
       Մեր Մուշոյի համարմի զուարճալի բան կը պատմեն։ Լըսելով թէ մօտակայ գիւղ հարսնիք կայ, գիշերանց այնտեղ կերթայ, եղանակ ձմեռն է. սաստիկ էլ ձիւն կուգայ, ճանապարհին քանի հատ անօթի գայլեր զինքն կը պաշարեն։ Մուշօն ճարպիկ էր, գայլեր խաբելուն կերպ լաւ գիտէր. իսկոյն մէջկապ կը քակէ ւ ծայրը քաշ գետին կը ձգէ. գայլեր կսկսին ծայրին հետ խաղալ, մի կողմէն եւս իւր քէման կը զարնէ։ Կը թուի թէ Մուշոն փորձով գիտէր, թէ գազաններն էլ ականջ եւ ճաշակ ունին երաժշտութեան գեարուեստին։ Այսպէս սիրտ դող աշուղ Մուշօն կերթայ կը հասնի մի մեծ ծառի մօտ, որ գեղէն քիչ հեռու էր, իսկոյն արագութեամբ Մուշօն ծառի վրայ կելլէ եւ կը շարունակէ գայլերուն սիրած եղանակը նուագել, ծառին բոլորտիք շարուելով կը նստին` մտիկ կընեն։ Գիւղի հարսնուորներ քէմանի ձայն առնելով կը հասկնան որ Մուշօն է կուգայ, դուրս կելնեն դիմաւորելու, խեղճ գայլերուքօնսէռն հարամ կը լինի։ Մուշօն ազատուելով կը մտնայ հարսնետունն եւ կսկսի նոյն քաղցր եղանակ զարնել։ Աշուղ Մուշօն գայլեր ողոքելով կրթեց, որ մարդ չուտեն, իրենց բաժին կերակուր միայն ոչխարն է։ Կը թուի ինձ Մուշօյի միտքն այն էր, որ գայլեր կրթելէն յետոյ` կուզէր գեղացւոց բրտութիւնն էլ կրթել, որ իրարու միս չուտեն, ոչ թէ անոր համար` որ արենակից եղբայր են, այլ առաւել Յիսուսի պատուէրին համար, որ կուսուցանէ թէ դուք ամենեքեան եղբայր էք։
       Մուշօն միայն գիւաղական ժողովուրդին աշուղն էր. նա չէր սիրեր երբէք քաղաք երթալ, նա կը սիրէր աւելի գիւղեր, դաշտեր, լեռներ, ծաղիկներ, կարկաչահոս աղբիւրների ջուրեր։ Վերջապէս նա շատ սիրահար էր Արարչին ձեռքով նկարուած բնութեան պատկերին։ Սորա համար նա երբեմն, գիւղէն աներեւոյթ կը լինէր։ Իւր սիրական ընկեր սաղն էր, կը ձգեր թեւ, կերթար ման կուգար դաշտային ու լեռնային վայրեր, նա ամէն տեղ իւր փոր կշտացնելու համար հաց կը գտնէր։
       Մեր գիւղացի աշուղ Մուշօն, շատ մեծ անուն ունէր, իւր սազին ու քէմանին հետ` ձայնն էլ շատ քաղցր եւ ազդեցիկ էր, իւր բնաւորութիւն` ուրախ զուարթամիտ մի մարդ էր նա։ Թող այս, նա խիստ ջերմեռանդ հաւատք ունէր դէպ ի Սուրբեր, ամեն տարի Մշոյ սուրբ Կարապետ ուխտի կերթար. իւր սաղ գերեզմանին վեայ դնելով կաղօթէր. «ո՛վ մուրատատուր Ս. Կարապետ, որ Քրիստոսին քաւոր եղար, քո ծառայ Մուշօյին երգելու շնորհք տուր»։ Աշուղներ էնպէս կը հաւատան, որ այդ անապատին լռակաց ճգնաւորն` իրենց փիրն է։ Զարմանալի է, որ լարախաղացն էլ նոյն հաւատով իւր ճարպիկ արուեստին համար դարձեալ նոյն շնորհ կը խնդրէ։
       Մուշօն Սուրբ Կարապետէն դառնալով` սովորութիւն արած էր, կուգար Աշտիշատ` կը մտնար Սուրբ Սահակայ մատուռն, գլուխ գերեզմանին վերայ դնելով` կուշտ կուլար։ Չգիտեմ, էտ մարդ ոչ գիր գիտէր, ոչ պատմութիւն, ո՞ւր տեղէն սովորած էր Սահակայ Պարթեւին մեծութիւն եւ նշանակութիւն։ Կը թուի թէ այդ երգախօս աշուղներ մեր եկեղեցւոյ Շարականաց երգիչներն կը ճանչնան։
       Աշտիշատէն կելնէր կերթար Առաքելոց վանք, իւր ուխտ կատարելէն յետոյ` կանցնէր տաճարին արեւելեան կողմ, ուր թաղուած են Սուրբ Թարգմանիչներն, կը համբուրէր նոցա գերեզմաններն, եւ վաստակած լինելով` պահ մի կը նստէր էն տեղ եւ սազն ձեռ առնելով` կը շարունակէր Խորնոյ ծերունոյն ողբերն։ Ինքն կ»երգէր, ինքն կուլար. իւր ողբոյն արձագանգն միայն իւր զգայուն սիրտն էր։
       Մուշօն լացով մխիթարուելէն յետոյ, Ծովասարէն կիջնար, կը հասնէր մի ձորաբերան տեղ, ուր հնուց ի վեր մի ջրաղաց կար շինուած, եւ ջաղացպան Մուշոյին ծանօթ բարեկամն էր, վասն զի աշուղներ շատաշրջիկ լինելով` ամէն տեղ ծանօթ ունին։ Մուշօն բարեւ տալէն յետոյ` հարցուց, աղբէր Մխօ, ջաղցի կլօճ ունի՞ս, շատ անօթի եմ։ Ո՜ւ, ի՞նչ կը հարցընես, բարեկամ Մուշօ, չե՞ս տեսնար, ջուր էկաւ ջաղաց տարաւ, ալուր, թոնիրն էլ հետ տարաւ. ես ո՞ր տեղէն տամ քեզ ջաղցի կլօճ։ Մուշօն տեսաւ, որ ջաղացպան ջաղցի աւերակին մէջ բան կը փնտռէ, կը հարցնէր թէ` ի՞նչ կը փնտռես այս ջրատար ջաղցին մէջ, ջաղացին ջախջա՜խ կը փնտռեմ, ջախջա՜խ, կը պատասխանէ ջաղացպան։
       Մուշօն իսկոյն սազն թեւեէն վար կառնէ, կը նստի մի աւերակ թումբին վերայ եւ կսկսի իւր ողբաձայն երգն.
       Է՜, ջաղացպա՜ն. ջաղացպա՜ն,
       Արի, նստիր, քեզ սազ անեմ.
       Մխիթարուիր, ով բարեկամ.
       Ջուրն եկեր ջաղաց տարեր,
       Դու ելեր ես մուրիկ-մուրի՛կ,
       Կը փընտռես քո ջախջախիկ.
       Ի՞նչ տի անես անպէտ ջախջախ,
       Երբ ջաղցի ցիցն ու կամրջակ,
       Կեցնայ քարեր, գունդն ու փառեր.
       Ցորնի ուղոմն եւ այլն ամէն.
       Գլորեր տարեր է հեղեղն.
       Երբոր գոռան երկնուց երես
       Մրրկալից սեւ սեւ ամպեր,
       Եւ երբ բացուին գարնան դըռներ,
       Շնչէն ջերոտ անուշ հովեր.
       Վերէն թափին կուժ - կուժ անձրեւ,
       Վարէն հալին ձիւնակոյտեր.
       Տես դու էն ժամ մեծ ջրհեղեղ,
       Որ գայ ֆշայ վիշապի պէս.
       Ուժգին թափով ինչպէս հիւսի,
       Գլորէ բալ - բալ գոմշաքարեր.
       Զինչ կայ առաջ քանդէ գլորէ,
       Գեղն ու քաղաք վէրան կանէ.
       Ո՞ւր կը մնայ քո խեղճ ջաղաց.
       Որ դիմանայ հեղեղին դէմ։
       Փորձ ու խրատ ա՛ռ, ջաղացպան,
       Թող ջաղացի այդ աւերակ.
       Այսուհետեւ դու քո ջաղաց`
       Էլ մի շինիր ձորի բերան։
       Լաւ կ»երգես ու կը խօսիս, Մուշօ բարեկամ. ջաղացպան չես, որ ջաղցի բան գիտնաս։ Միթէ կը կարծե՞ս, որ ջաղացպաններ անուս մարդիկ են, գիր ու կարդալ չգիտեն։ Երբ սուրբ Կարապետի վանքի դպրոց կարդացեր եմ, բայց բախտն զիս ջաղացպան արած է. Է՜, ինչ կը լինի, ես տեղ մի կարդացեր եմ, թէ Աթէնքէն դարձող Մովսէս Խորենացին` վերջ-վերջ ջաղացպան եղեր է. երբ նա իւր վաստակած իմաստասիրութիւն մախաղին մէջ դրած` իբրեւ անծանօթ կը շրջէր մեր աշխարհին մէջ, ոչ ոք ծախու կառնէր նորա վաճառներ, ո՛վ գտէ, գուցէ նա այս ջրատար ջաղցի մէջ ջաղացպանութիւն արած է։
       Հիմի մտիկ արա` որ խօսեմ քեզ, Մուշօ, ջախջախի մեծ նշանակութիւն, զոր կը փնտռեմ ես։ Օրհնեալ լինի այդ փայտի կտոր ջախջախ, որ զիս ազատեց, ապա թէ ոչ ես էլ ջաղացի հետ ջրատար կը լինէի։ Գիտես դու, ջախջախ ջաղցի աքաղաղն է. բայց զարմանալի է մեր աքաղաղ, երբ ձայն հանէ, խօսի, ես անհոգ, անուշ կը քնանամ, իսկ երբ ձայն կտրէ, իսկոյն կը զարթեմ, կը տեսնամ, որ ջաղաց դադրած է։ Ո՜հ, այս անգամ հեղեղ զարկաւ, ջաղցի ջրտուն քակեց, ջախջախ ձայն կտրեց, դուրս ելայ ջաղցէն, Աստուած զիս ազատեց։
       Էտ քո ջաղցի աքաղաղ ջախջախ` իրաւի հրաշալի բան է եղեր, ասաց Մուշօն. աշխարհ ձէն տալէն կը զարթի, իսկ ջաղացպաններ միայն երբ ջախջախի ձայն կտրի, էն ժամանակ կը զարթին։ Կը խոստովանիմ, որ էգ ջախջախի նշանակութիւն շատ մեծ է, շատ բան կարժէ այդ ջախջախ. փնտռէ որ գտնաս։
       Մուշօ՛ սիրելի, Աստուածաշունչ գիրք կարդացե՞ր ես. հին Իսրայէլի ազգին մէջ ձայն տուող ջախջախ մարգարէներ կային, Յակովբայ տան ջաղաց կը բանէր, եւ երբ այդ Աստուածախօս ջախջախներ իրենց ձայն կտրեցին, ջուր տարաւ Յակովբայ տան ջաղաց եւ մինչեւ այսօր էլ դեռ աւերակ մնացեր է։ Մեք էլ ունէինք երբեմն մեր վարդապետ ջախջախներ. երբ լռեց նոցա ձայն, իմացանք թէ ջուրն եկաւ մեր ջաղացն էլ տարաւ։ Է՜, Մուշօ բարեկամ, հասկցա՞ր այժմ ջախջախի նաշանակութիւն. կաղաչեմ, որ խաղ մի շարադրես այս ջախջախին վերայ, միշտ շրջես ու կանչես այս խաղն, միթէ աշուղի խաղն ու սազ մեր ջախջախներ չե՞ն։
       Թողնենք ջախջախ, դու մի ուրիշ խրատ էլ կուտաս ինձ, Մուշօ, որ թողնեմ ձորաբերնի ջաղցի աւերակն եւ ուրիշ տեղ շինեմ իմ ջաղաց, բայց ո՞ւրտեղ շինեմ, Մուշօ բարեկամ, դու չգիտե՞ս, որ ամէն տեղ իւր տէրն ունի. այդ ջաղաց իմ հօրենական ու պապենական մի ժառանգութիւն մնացել է ինձ. ես չեմ թողուր, որ այդ ջաղաց անշէն աւերակ մնալով` կորնչի մեծ պապերուս յիշատակ. պէտք է դարձեալ պարտք անեմ, ճար անեմ, շինեմ իմ ջաղաց, որ միակ իմ ընտանեաց յոյս եւ ապաւէն է. արտ չունիմ, լծկան չունիմ, միայն ջաղացով կապրիմ։
       Ուրեմն, ասաց Մուշօն, երբ Աստուած կը յաջողէ, ջաղացդ կը շինես, այժմէն քեզ խրատ տամ, որ ձորաբերան հեղեղատին կողմն մի հաստ ամուր քարուկիր պատ քաշես, էն ժամանակ քո ջաղաց կապահովի։
       Ո՜ւ, բարեկամ Մուշօ, ջաղացպանին հալ չը գիտես, մեծ մեծ կը բրդես։ Ես այդչափ ծախս ո՞ւր տեղէն ճարեմ, հին պապիկներս այդ բան չը մտածեցին, ե՞ս պիտի մտածեմ, իմ ջաղաց ինչպէս տեսայ, էնպէս պիտի շինեմ ես. այդ քո ասած բան անօթի, աղքատ մարդու բան չէ։ Գիտե՞ս, Մուշօ, էս ջաղաց չորս գիր եղաւ, որ ջրատար կը լինի. ո՛վ գիտէ, գուցէ Աստուած գթութիւն անէ խեղճուկ աղքատիս, հեղեղներու երեսէն պահպանէ այս անգամ իմ ջաղացն։
       Այս որ լսեց Մուշօն, լուռ կեցաւ, պահ մի մտածեց եւ յետոյ ասաց. շատ իրաււոնք ունիս բարեկամ, էս մեր աշխարհի գործերն պէտք է խոհեմութեամբ յառաջ տարուին, լաւ է որ ամէն մարդ իւր չափով գործէ, ջաղացպան իւր չափով, Մուշօն էլ իւր սազով։
       Է՜, ջաղացպան, մնաս բարով, ես կերթամ, դու շինէ քո ջաղաց, ջաղցի ջախջախ մեծ նշանակութիւն ունի. այժմ հասկցայ, որ Մուշօն էլ իւր սազով ջաղացի ջախ ջախ է։
       Մուշօն դարձաւ Մուշէն Արճակ գիւղ, շատ մալուլ էր. օր կիրակի էր, Մուշօն գնաց եկեղեցին, մտաւ Աւանդատուն, կանչեց քահանան, խոստովանեցաւ եւ նոյն օր Ս. Հաղորդութիւն առաւ. իրիկուան դիմաց խունկ ու մոմ առեց գնաց Աստուածածնայ վանք, մտաւ Ս. Տաճար, իւր խունկ ծխեց ու մոմ վառեց, չոքեց սեղանին առջա, մի երկար աղօթք մրմնջաց. ապա համբուրեց խաչն ու Աւետարան։ Տաճարէն դուրս ելաւ եկաւ այս ծառին տակ աղբիւրին գլուխ, քիչ մի բաղարջ եւ փոխինդ ունէր հետ. գիտես թէ այդ իւր վերջին ընթրիքն էր, որ շատ ախորժանօք կերաւ, եւ գինւոյն տեղ խմեց պաղ աղբիւրին ջուր, յետոյ սազ ձեռք առաւ սկսեց երգել. իւր այս երգ շատ սրտառուչ ու ողբական էր, ուրիշ ժամանակ Մուշօն ուրախ եւ զուարթ կերգէր, իսկ այս վերջին անգամ` գիտես թէ կարապ թռչունի նման իւր մահուան ողբերգութիւն կը դաշնակէր, իւր ամպոտ աչքերէն կաթիլներ կը թափէին. չնկուռի թրթռուն թելերուն վերայ։ Ինձ կը թուի թէ Մուշօն Խորենացւոյ ողբ բերան եղած կերգէր, զի ջրատար ջաղացն ու ջախջախ շատ ազդեցին իւր որդւոյն վերայ։ Մուշօն իւր մահուան կարգն ու «դատեան» աւարտեց, սազն գլխուն դրաւ, պառկեցաւ հով ծառին տակ, այնպէս անուշ քնացաւ, որ էլ վեր չելաւ. հրեշտակ կսպասէր, Մուշօն հոգին աւանդեց։
       Նոյն իրիկուն պառաւ ջերմեռանդ կին, որ սովորութիւն արած էր` ձէթ ու խունկ բերէր Աստուածածնայ տաճարին, տեսաւ, որ Մուշօն ծառին տակ պառկած է. ասաց երթամ ձայն տամ, գիշեր չը մնայ այս տեղ. կանչեց, Մուշօ՛, Մուշօ՛. Մուշօն ձայն չը տուաւ, մօտ գնաց ձեռքով էրէրցուց, տեսաւ որ Մուշօն փայտ դարձեր է. վա՜յ, ասաց, Մուշօն մեռերէ։ Պառաւ գնաց գիւղ, քահանային իմաց տուաւ. իսկոյն Մուշօյի մահ տարածեցաւ գիւղին մէջ. տէրտէր, ժամկոչ եւ ողջ ժողովուրդ թափեցաւ Աստուածածնայ վանք։ Քահանայն ծանուցումն արաց, յայտնեց Մուշօյի կտակն. ասաց թէ` լուսահոգի Մուշօն ինքն զգացած էր թէ պիտի մեռնէր, այս առաւօտ եկաւ եկեղեցի, խոստովանեցաւ, Սրբութիւն առեց։ Այժմ յայտնեմ ձեզ Մուշօյին կտակ. նա երդումով խնդրեց` ասաց «Տէր Հայր, ես անտուն, անբնակ շրջող մի մարդ եմ, կաղաչեմ, ուր որ կը մեռնիմ, այնտեղ թաղէ զիս. չ»մոռնաս, իմ սիրական սազն էլ հետ ինձ թաղէ»։ Ես էնպէս կը յուսամ ու կը հաւատամ, որ երբ դատաստանին օր Գաբրիէլ իւր փող փչէ, Մուշօն իւր սազով պիտի երթայ արքայութիւն եւ հրեշտակներու հետ փառաբանէ զԱստուած։ Միթէ այդ ազատ աշխարհին մէջ, ազատ հոգիներու համար, երգիչ աշուղներ պէտք չե՞ն։
       Ժո»ովուրդն լսեց այս ծանուցումն, սիրելով ընդունեց Մուշօյի կտակն, իսկոյն Տաճարի պատին տակ փորեցին գերեզման, թաղեցին Մուշօն. ժողովուրդն Աստուած ողորմի ասելով Մուշօյի հոգւոյն` դարձան գիւղն։
       Այսպէ՜ս մեռաւ, Թոռնիկ, ժողովուրդին սիրական աշուղ Մուշօն։ Մեք էլ նոյն ողորմիս տալով դառնամք գիւղի եկեղեցւոյ Տաճարին մօտ` մի ուրիշ գերեզման կայ, ուր հանգչած է գրեթէ երեսուն տարի յառաջ` Մահտեսի Ագրիպպաս, Հայրիկին մտերիմ ւե անձնանուէր բարեկամ։
       Տե՛ս, Թոռնիկ, մի անտաշ քար ձգուած է գերեզմանին վերայ, անգիր` անյիշատակ։ Այժմ պատմեմ քեզ, ոռնիկ, թէ ո՛վ էր Տըպազեան Ագրիպպաս, բնիկ Վանեցի, ու Հայրիկի տան դրացի։
       Այս հանգուցեալ բարի անձն, ես էն ժամանակէն կը ճանչնամ, երբ Հայրիկ առաջին անգամ պանդխտացաւ ի Պօլիս, որ դեռ վարդապետ չէր, այլ Մկրտիչ Վարժապետ։ Իբրեւ հայրենակից եւ մտերիմ բարեկամ, այդ բարեսիրտ եւ զուարթամիտ անձն, միշտ ասպընջական կը լինէր Հայրիկին. նորա ամէն անձկութեան կը հասնէր եւ դիւրութիւն կուտար։ Սորա կարգին` չեմ մոռնար յիշել Պարոն Գրիգոր Ջրբաշխեան, որ գիրք ու կարդալ սիրող մարդ էր. առանց դպրոցի ու քերականութեան, անսխալ կը հասկնար լեզուն, եւ յաճախ կարդալով` վարժուած էր գրոց բառերու ուղղութեան։ Երբ առաջին անգամ Հրաւիրակ Արարատեան կը տպագրուէր, շատ անգամ սխալ տեղեր Հայրիկին ցոյց կուտար։ Դեռ կենդանի է ինքն, եւ այժմ իբրեւ անվեղար վարդապետ կապրի Վարագայ վանուց մէջ, պարապելով նոյն ընթերցասիրութեան։ Սա եւս իբրեւ մանկութենէ ծանօթ, մտերիմ բարեկամ էր Հայրիկին, զորմիշտ կընդունէր իւր պանդխտավայր յօթեւանն։
       Իսկ երբ Հայրիկ տպարանով վերադարձաւ ի Վան եւ հաստատեցաւ ի Վարագայ վանք եւ սկսեց իւր ձեռնարկութիւններ, յիշեալ Մ. Ագրիպպաս` անձնուէր հոգով օժանդակ եւ աջակից էր Հայրիկին. նա միայն սոսկ խօսքով քաջալեր չէր կարդալ, երբ տեսնար Վարագայ վանուց անձկութիւն, պէտք եղած դրամ փոխ կուտար առանց տոկոսի, եւ մերթ եւս պարտամուրհակներուն ամեն վստահութեամբ կերաշխաւորէր։
       Հանգուցեալ հոգին մեր գիւղին էլ բարերար եղած է, Թոռնիկ, նա թէպէտ արուեստով դապաղ էր, բայց կը սիրէր գիւղական կեանք եւ մշակական աշխատութիւն. սորա համար մեր գիւղացւոց հետ յարաբերութիւն ունէր, եւ միշտ կերթեւեկէր։ Առաջին անգամ նա պատճառ եղաւ մեր գիւղի մէջ դպրոցի հաստատութեան։ Նա ձեռնարկեց Էրմանց գիւղի սահմանին մէջ գտնուած Առճակու լճին քանդուած թումբն վերստին շինել, որոյ առատ ջուր մեր դաշտի արտերուն վերայ գալով, ցանքերու արդիւնաբերութիւն բազմապատիկ կը լինի։
       Աստի իբր երեսուն տարի յառաջ, մի օր իրիկուան առջի գիշերապհուն` չարաշուք աւազակներ Աղտաղու կամ Արտաղու դաշտի մի ձորակի մէջ քաշելով` չարաչար հարուածներով ըսպանեցին այդ անմեղ անձն, Մահտեսի Ագրիպպաս։ Էն ժամանակ Հայրիկն Մշոյ Ս. Կարապետ վանքն գնացած էր. Վարագայ դպրոցի ուսուցիչ Մանուէլ վարժապետ մի ողբերգութիւն գրեց այդ անզուգական բարեկամին մահուան վերայ, որ մինչեւ ցայօր Վանայ երգեցիկ մանուկներ խիստ սրտառուչ եղանակով կերգեն։ Հայրիկն էլ մի ողբերգութիւն գրած է վաղուց իւր մտերիմ բարեկամին վերայ, եւ ես բերան արած եմ այս սրտառուչ ողբերգութիւն, քօսիմ քեզ։
       Անցել էր առաւօտ, կէս օր,
       Մօտ էր վերջինք իրիկուն.
       Ես ի՞նչ գիտէի թէ այն օր
       Իմ վերջին օրն էր։
       Պառաւներուն կախարդ ագռաւ
       Տանիքէն կանչեց կա՛ռ, կա՛ռ,
       Հասկցայ ես իւր լեզուն,
       Կասէր կա՛ց, կա՛ց, մի՛ գնար։
       Ասի ես չեմ հաւատար
       Խաբեբայ այդ չար գուշակին,
       Որ խաբեց մեր Նոյ նահապետ,
       Գնաց էլ չի դարձաւ ետ։
       Տանէն հեծայ ես իմ ձին,
       Ձին էնպէ՜ս նայից ինձ ողորմ,
       Ասի քալէ՛, քալէ՛, իմ ճերմակ։
       Ճակատագիր է մարդոյն։
       Եկայ մտայ ես ի դաշտն Արտաշու,
       Դաշտէն առի ո՛հ, արեան հոտ.
       Փռնկտացի ցնցեցաւ գլուխս,
       Զարզանդ եկաւ վերէս,
       Զիս առեց ահ ու դող։
       Մեր արեւ ժողվեց իւր լոյս,
       Գնաց մտաւ անուշ քուն.
       Սար ու ձոր մթնեց վերէս,
       Զիս պատեց գիշերն աղջամուղջ։
       Դեռ նոր նորեր էր լուսնակ,
       Կապեր էր ոսկեշար մանէակ.
       Եղջերիկներէն կախուած էին
       Ցոլ աստղունք հազար - հազար։
       Ասի թէ կըճատ լուսնիկով
       Ես կերթամ իմ ուղիղ ճանապարհ.
       Ոհ, այն էլ ծածկեց աչքէս
       Վիշապագլուխ մի սեւ ամպ։
       Ուրուականք հասին ետեւէս,
       Չարաշուք ոսոխ ոգիներ
       Զարկին թիկանց կուսէ ուժգին,
       Պայթեցաւ գլուխս եւ ուղեղս։
       Տապալեցայ ես ձիէն գետին,
       Այնպէս անշշունչ կիսամեռ.
       Ոտքէս քաշէ քաշ տարին
       Թալեցին մի ձորակի մէջ
       Եւ այլ շատ վէրքեր դրին վերէս,
       Զիս արին անշարժ կոճղի պէս.
       Ասին թէ` մեռա՜ւ, մեռա՜ւ.
       Զիս թողին էնպէս ու գնացին,
       Միայն իմ սըրտիս խորին մէջ,
       Կը թըրթըփար իմ հոգիս։
       Երիքովի ճամբորդն էի ես,
       Ինկած աւազակաց ձեռք.
       Ո՜հ, չ՛կար ինձ համար մարդասէր,
       Այն գթած Սամարացւոյն պէս։
       Անցի՛ր սեւ ամպ, անցի՜ր,
       Բաց լուսնակին աչք.
       Թող տեսնէ վկայ լինի,
       Իմ անպարտ արեանս։
       Գիտեմ, ո՜վ լուսնակ,
       Երկնակամարէս
       Չես ուզեր տեսնալ,
       Մարդոց բիրտ եղեռն։
       Այո, չես կամիր,
       Կապուտ երկնքէն,
       Որ գայ սըփռի լոյսդ,
       Սեւ դաշտի վերէն։
       Անցիր գնա՛ եւ դու լուսնակ,
       Խաւարու աչերս
       Էլ չեն պիտոյ ինձ ո՜հ,
       Ոչ լուսին ոչ արեւ։
       Սակաւ մի եւս մեռանիմ ա՜հ,
       Մթնում է իմ կենաց լոյս արեւ.
       Հով, դու որ շնչես
       Վարագայ սարէն,
       Գուժ տար ի Տարօն.
       Լուր բեր ինձ Արծուէն.
       Հասիր սէր իմ Արծուի,
       Դեռ ոգորի հոգիս,
       Տամ քեզ յետին ողջ - մնաս,
       Ապա տամ հոգիս։
       Թռաւ հոգի Արծւոյն,
       Իջաւ մահու դաշտ
       Տեսաւ իւր սիրելին,
       Ինկած մեռունակ։
       Թաւալած ի գետին,
       Արեան մէջ լողար.
       Գարուն էր եղանակ,
       Ծաղիկներ բացուած։
       Ո՜հ, անմեղ զոհին
       Արիւնով ներկուած,
       Դեռ տաք էր արիւն.
       Հողըն ծծէր փըրփըրէր։
       Արեան պղպջակներ
       Ձայն տային Արծուոյն,
       Հոգին հոգւոյն հետ
       Խօսէր անլեզու։
       Եկի՛ր, Հայրիկ, տես
       Մահ քո սիրելւոյն.
       Ձեռք անագորոյն,
       Թափեց իմ արիւն։
       Թափեց իմ արիւն։
       Բա՛րձ աստի, մի՛ թողուր,
       Դիակս իմ ապաժոյժ.
       Մի տանիր քաղաք,
       Տար զիս Առճակ գիւղ։
       Փորել տուր գերեզմանս
       Եկեղեցւոյն մօտ.
       Մի հանէք անձնէս`
       Իմ արնոտ շապիկս։
       Կարմիր պատանքով
       Թաղէ զիս, Հայրիկ.
       Երբ գայ Տէր դատաւոր,
       Նստի դատաստան,
       Ես բողոք տի հանեմ`
       Նորա մեծ ատեան.
       Թող վկայ լինի ինձ,
       Իմ արնոտ պատան։
       Մի՛ լուանաք մարմինս,
       Մի՛ սրբէք վէրքերս արիւնհոս.
       Դրէք զիս էնպէս անլուայ,
       Գերեզմանին փոս։
       Կնքէ Հայրիկ, շիրիմս,
       Քո ձեռաց խաչով.
       Որ անշարժ մնամ ես`
       Մինչեւ վերջին օր։
       Խաչ մի տնկէ վրաս,
       Գրէ յիշատակս.
       Թէ աստ կայ ի հանգիստ`
       Ագրիպպաս նահատակ։
       Ողջամբ մընաս, Հայրիկ.
       Թէ երթաս Վարագ,
       Յիշէ զիս, մի՛ մոռնար.
       Յորժամ առնես պատարագ։
       Ասաց թռաւ հոգին,
       Գնաց առ ԱՍՏՈՒԱԾ։
       Մենք էլ յիշենք, Թոռնիկ, լուսահոգի հանգուցեալն, ասենք Աստուած ողորմի իւր հոգւոյն. այլ եւս հերիք է, աւարտենք այստեղ գերեզմանի մեռելոց յիշատակներն. այժմէն կըզգամ, Թոռնիկ, թէ մահս մօտ է, իմ յիշատակս էլ պիտի խառնուի ասոնց հետ։