ԿՐՏՍԵՐ
ՌՈՄԱՆԹԻՔՆԵՐ
Այս
ընդհանուր
տիտղոսին
տակ,
աւելի
դիւրութեան
քան
թէ
գրական
ձգտումներէ
հանգիտութեան
պատճառով
մը,
կ՚ուսումնասիրեմ
քերթողական
գործերը
ԹՈՎՄԱՍ
ԹԷՐԶԵԱՆ,
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
ՍԷԹԵԱՆ,
ՄԿՐՏԻՉ
ԱՃԷՄԵԱՆ
եւ
ՌԵԹԷՈՍ
ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
անուններով
ծանօթ
մարդոց։
Ասոնցմէ
Պէրպէրեան՝
իբր
քրոնիկագիր,
արձակ
էջերու
ալ
հեղինակ,
ունի
առանձին
գլուխ
մը։
Միւսները
առաւելապէս
քերթողական
վաստակով
մը
վարկաւոր,
նիւթ
չեն
հայթայթեր
առանձին
կողմերու:
Յովհաննէս
Սէթեանի
արձանները
սանկ
ու
նանկ
կտորներ
են,
առանց
գրագէտէ
մը
պաշտպանուած
ըլլալու:
Կրտսեր
ը
ժամանակի
յարաբերութիւն
մը
չի
յայտնաբերեր:
Թովմաս
Թէրզեան
արդէն
բանաստեղծ
մըն
է
երբ
Պետրոս
Դուրեան
հազիւ
կը
քալէ։
Աճէմեանի
վերջին
գիրքը՝
Թրթռուն
Յանգեր
(1908)
Մեր
երեք
դպրոցներուն
մահովը
կրնայ
ծանրապսակ
նկատուիլ՝
կրտսեր՝
վասնզի
վաւերական
ռոմանթիքները
—
Ալիշան,
Պէշիկթաշլեան,
Դուրեան
–
զիրար
կը
պաշտպանեն,
ժամանակին
մէջ,
ու
իրարու
նպաստ
մը
կ՚ընծայեն,
զիրենք
հասկնալու
ջանքը
դիւրացնելու
տեսակէտէն։
Յետոյ
կայ
տաղանդներուն
ալ
ճնշումը։
Թովմաս
Թէրզեանէն
ոչ
մէկ
քերթուած
չ՚անցնիր
արեւմտահայ
բանաստեղծութեան
սրբարանը,
ինչպէս
եղերապէս
ճիշդ
է
այս
հաւաստումը
միւս
երեքին
համար
ալ։
Արդ,
մենք
գիտենք
թէ
Աւագ
Ռոմանթիքներէն
ամենէն
քիչ
օժտուածը՝
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան,
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
անփոխարինելի
քերթուածներու
բարերարն
է:
Զատած
եմ
խումբէն
Չերազը,
Նար–Պէյը,
Խրիմեանը,
իւրաքանչիւրին
նուիրելով
սեպհական
գլուխ:
Հոս
զիս
վարողը
այս
անուններուն
տաղանդը
չէ
անշուշտ,
այլ
անոնց
կապուած
գրական,
ընկերային,
գաղափարագրական
իրողութեանց
հանդէսը։
Յովհաննէս
Սէթեան
իր
գրականութեան
իբր
հորիզոն
ունի
իր
խոր,
ասոր
աջ
ու
ձախ
ճօճումները։
Իր
ծերութեան՝
ազգային
երակէ
իր
քերթուածները,
ոմանք
գաղիերէն
ըլլալու
անհասկնալի
մեղքով
մըն
ալ
ծանրաբեռն,
ապսպրանք
կը
թուին,
քան
թէ
իրական
անդրադարձ
մը
հոգեկան
ծանրածանր
ապրումներու:
Այս
մարդը
իր
ես
էն
դուրս
ոչ
ինչով
է
շահեկան։
Եւ
որովհետեւ
այդ
ես
ն
է
դարձեալ
զսպանակը
Աճէմեանին,
Թէրզեանին,
մասամբ
Պէրպէրեանին
քերթողական
ստեղծագործութեանց,
հասկնալի
կը
դառնայ
այդ
անուններուն
համախումբ
նկատառումը
Համապատկեր
ին
մէջ
որ
հեղինակներու
անձով
զբաղելէ
աւելի,
անոնցմով
ներկայացած
հարցերուն
վրայ
դրած
է
իր
հետաքրքրութեան,
թափանցումի
ճիգին
շեշտը
Նար–Պէյ
մը,
գէշ
բանաստեղծ,
բայց
բազմամասն
աշխատանքի,
ձգտումներու
մարդ
մը
եղաւ:
Պէրպէրեանը
կը
զատեմ
Եղիա–Չերազ
երկեակէն
վասնզի
Եղիայէն
մեր
գրականութիւնը
ունի
ուրիշ
հանգամանաւոր
հարստութիւն
մը,
քանի
մը
իրաւ
եթէ
ոչ
մեծարժէ
քերթուած։
Չերազը
պատմուածքներու
հեղինակ
մը
իբրեւ
որեւէ
աղերս
չունի
Պէրպէրեանին
հետ,
բացի
դպրոցակցութեան
մը
կասկածելի
հանգամանքէն։