Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Գ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ.

Կրտսեր Ռոմանթիքներէն Աճէմեան արձակ չունի (կարդացած եմ իրմէ կցկտուր էջեր յիշատակ, նամակ, տպաւորութիւն շատ ցանցառ գրողի դէմք մը ուրուագրելու համար)։ Թէրզեանի Սանդուխտ ը թատերական լեզուին հետ տարրական իսկ աղերս մը չի պարզեր, որպէսզի ներէն ինծի զբաղիլ այդ արդիւնքին սիրոյն, ընելով դժուար զիջում մը, մեծատարած այդ փառքը հասկնալի ընծայող ։ Իր գեղեցկագիտական յօդուածները (Բա զ մա վէպ, 1901-1903) գրականութեան չեն պատկանիր։ Կը մնան Սէթեանն ու Պէրպէրեանը ։

Սէթեանի արձակը ունի իր պատմութիւնը ինչպէս փառքը: 1912ին Սուրէն Պարթեւեան այդ փառքը կարծեց արդարացնել ոտանաւորէ մը, Uէթեանը գերադասելով Թէրզեանէն։ Դրողութիւնը քինախնդրութեան կամ մարդահաճութեան վերագրել է առաջ (Սուրէն Պարթեւեանին հետ այս կարգէ մտածումներ անխուսափելի կը դառնան) կը ջանամ բացատրել Uէթեանին իսկ վկայութեամբը։ Երկար տարիներ անիկա Պոլսէն մեկնել է առաջ, բայց մանաւանդ անկէ մեկնելէ վերջ ստորագրած է արձակներ որոնցմէ ընտրովի անշուշտ իր իսկ միջոցովը կատարուած փունջ մը կայ իր Արշալոյսէն վերջալոյս հատորին մէջ։ Հոն արձակները խմբուած են երկու որոշ բաժիններու։ Ասոնցմէ առաջինը կը կրէ տարտամ վերնագիր մը Արձակ էջեր, ունենալով տարեթիւ 1896–1912։ Պոլսէն տարագիր գրողի մը էջերն են անոնք։

Ատոնք դատելէ առաջ պարտաւոր եմ օգտագործել տարիներուն իմաստը: Սէթեան իր բոլոր խելացնոր յափշտակութեան մէջ ապրած է Իրապաշտներու քրոնիկը, ասոր առքը։ Մեր գրականութեան ամենէն իրա ւ խառնուածքներուն ու ամենէն իրա ւ գործաւորներուն (Իրապաշտներ) փա ռ քովը պսակաւոր քրոնիկը ճշմարիտ գրական սեռ մըն է մեր մէջ, տաք, կենդանի, երբեմն իրաւ գեղեցկութեան ու յուզումին ալ բարիքներովը ։ Ա յս տողերուն հետ մտքէս կ՚անցնին անմոռանալի էջերը Արփիարեանին, Զօհրապին (որուն քրոնիկները Մասիս ին մէջ առաջնորդողներ ըլլալէ առաջ, իրաւ, ամուր, պարկեշտ իրագործումներ են հարցերը, իրողութիւնները, դէմքերը զուսպ բայց շատ յատկան շ ական ուրուագիծերու վրայ նուաճող) Հր ա նդին, Հրանդ Ասատուրին, Սիպիլին, Բաշալեանին, Եր. Օտեանին, Կամսարականին, բոլոր իրենց լրջութեամբը, շ նորհովը, Կամսարականին բառով՝ fini (արտայայտման երանգ մը կը դնէր անիկա այս ո ւ րակականին ետին) նկարագիրներովը, ու կ՚անցնին նոյն ատեն միւս ալ էջերը երկրորդական գրողներու (որոնցմէ ոմանք` ինչպէս Չօպանեան, Շամլեան կը պատկանին առաջին գիծի աշխատաւորներու, բայց քրոնիկին մէջ չեն գտած իրենց տաղանդներուն հաւասար արժանաւորութիւն), ինչպէս Տիկին Մ. Սվաճեան, Վահրամ Սվաճեան իրենց չափաբերուած կամ ազատ տողերով, երբ ֆրանսական գրականութեան մէջ փառքի հասած ազատ քերթուածը կը ջանան մեր օրաթերթային պայմաններուն պատշաճեցնել։ Խօսած եմ Համապատկեր ի ընթացքին այս կեղծ սեռին չարիքէն, այնքան ծաւալուն, վարակելու աստիճան ոչ միայն իրապաշտներէն մէկ քանիները (Չօպանեան, Բաշալեան, Սիպիլ) այլ մանաւանդ միահեծան տիրապետելու 1896էն ասդին։ Մեր Արուեստագէտ Սերունդին բոլոր մեծատաղանդ անունները չեն դիմաց փորձութեան։ Եղիային գիւտը եւ Չօպանեանին ն ու էրը եղող այս արձակ քերթուածն է ահա որ հրապուրած է Յովհաննէս Սէթեան քերթողը: Արձակ էջեր պիտակին տակ խմբուած կտորները լայնօրէն կը մնան հաղորդ սեռին բոլոր չարիքին, քանի որ Սեթեան անոնց սպասը ըրած է սեռին ծնունդին իսկ օրերէն ու շարունակած իր դարպասը այդ կեղծ գեղեցկութեան։ Entre temps, ինչպէս կ՚ըսեն գաղիացիք, գրուած էին Հանըմեանի, Մալէզեանի, Գալէմքեարեանի, Անայիսի, Զ. Եսայեանի, Միքայէլ Կիւրճեանի ու անանուանելի ուրիշ թ շ ուառութիւններու յաղթանակները, Արտաշէս Յարութիւնեանի (եւ 1900ի մարդոց ողորմելի ճամարտակութիւններէն, ինչպէս են, օրինակի մը համար, Գեղամ Բարսեղեանի, Միսաք Մեծարենցի, Յակոբ Տէր Յակոբեանի նոյն սեռէն ստորագրած տրտմութիւնները) Թիգուկ էն մինչեւ Արշակ Չօպանեանի Գեղօն ի պատիւ հայ լեզուին ը, 1880ի մարդոց, այսինքն Կրտսեր Ռոմանթիքներուն (դրէք այս անգամ Եղիան ալ) փորձն էր որ կը կրկնուէր մեր արձակին վրայ Յովհաննէս Սէթեան չէր կրնար ինքզինքը պաշտպանել այս համատարած փառքին սոսինձէն։

Կը զատեմ Խրիմեան Հայրիկ էն եւ Պէրպէրեանի յիշատակին վերնագրուած կտորները որոնք առնուազն բանաստեղծական չարաշահութեան անընդունակ նիւթեր կը թուին, քանի որ չեն արտօներ բառամարտիկ գրիչը զառածելու դէպի աժան հեշտանքները Վոսփորեան դիւթանքներուն, ու կը թուին պարտադրել մարդկայինին յարգանքը, ասոր պարզ ու պատշաճ շահագործումը։ Ի վերջոյ մեծատարած համբաւի մը առջեւ կիսադարեան վաստակաւորի մը, մարդիկ՝ թէկուզ եռամեծ քերթող, չեն արտօնուած սարեր ու ձորեր, շ աղ ու ցօղ, ժանեակ ու լուսին քնարերգելու։ Եւ սակայն կը բաւէ աչք մը պտտցնել Խրիմեան Հայրիկ ին յիշատակին նուիրուած էջերուն, համոզուելու համար թէ որքան քիչ բան է հասկցած Իրապաշտներուն քրոնիկին խորագոյն իմաստէն, ինչպէս քիչ էր հասկցած Դուրեանին եւ Պէ շ իկթաշլեանին քնարերգութենէն: Ութի մօտ խիտ էջեր երբ իյնան վերլուծումի, ձեզի կրնան տալ իբրեւ նիւթ առառաւելն կէս էջ։ Մնացեա՞լը։ Բայց փրփուրն ու ծաղիկները արձակ քերթողութեան ։ Մնացեալը տողերուն յեռումն է ածականներով, հ ոմանիշներով, փափկահնչիւն որքան յաւակնոտ, որոնք կը միջամտեն, կը յորդին, կը ծանրաբեռնեն արդեն ինքնին նիհար մտածումը ու դուք ափիբերան ստիպուած էք հանդուրժել այս կոհակ կոհակ խուժող յարձակողականը ։ Կ՚ընեմ՝ քանի մը տող մէջբերում.

«… Վասնզի ան (Խրիմեանը) հայ ազգին բովանդակ ամբողջութեան սրտին տրոփմունքը բաբախեց. վասնզի անզուգական մարդասիրութեամբ եւ աննման գթութեամբ օժտուած բժիշկի մը նման, թշուառ ժողովուրդի մը բազկերակը անդուլ անդադար շօշափելով, դարերու աղէտքներով, եւ թ շ ուառութիւններովը հիւանդ ազգին կուրծքին դրած ականջը, ողորմած, կասկածէն դողալով, մտադիր, հանգու շ ն ինքնամփոփ, մատն ի շուրթն, մտիկ ըրաւ այդ բազմաչարչար լանջքին hեւքը» ( Արշալոյսէն վերջալոյս, էջ 189)։

Ի՞նչ կ՚ըսեն այս ութը տողերը, որոնց գրուած օրերուն Մկրտիչ Խրիմեան տակաւին չէր հանգած, բայց տուած էր կշիռը իր գործունէութեան։ Հերոսութիւն չէ մեր կործանումը վերագրել անոր ու նմաններուն։ Կ ՚ ընդունիմ։ Բայց ի՞նչ անուն տալ այն մտայնութեան որ ձրի պատմուճաններ ձեւեց փառքին մետաքսին այլապէս օտար, ոչ-հանգամանաոր մարդոց ։ Յիշատակի հանդէսի մը մէջ, նոր հողք իջնող մարդու մը յիշատակին նուիրուած համախմբում մը դատական ատեան մը չէր ան շ ուշտ։ Բայց ըլ լալու ալ չէր այս սուտն ու փուտը անձրեւի պէս ընդունելու դատապարտուած խեղճ, տկլոր ամբոխ մը։ Ինքզինքը, մանաւանդ մեռելը յարգող մարդ մը Խրիմեանի վաթսուն տարիներէն ունէր հանելիք անհուն դաս, նոյնիսկ գեղեցկութիւն որոնք սակայն իրաւ էին ըլլալու, եղած ալ էին: Ի՜նչ աժան բառերով Սէթեան Խրիմեանին սիրտը կը նոյնացնէ հայ ազգին սրտին: Ո՞ր հայուն սիրտը արդեօք տարբեր տրոփեց, բացի դաւաճաններէն, հարուստներէն, պղերգներէն։ Ընթերցողին ներողամտութիւնը չարաչար չեմ գործածեր երբ այդ ութը տողերը կը քննեմ պարզ, ուղիղ մտածելու, այդ մտածումը պարզ, ուղիղ արտայայտելու մարդկային օրէնքներով։ Ա. եւ Բ. տողերէն չունիմ առնելիք ոչ մէկ բառ: Մեր մը բաւ էր փոխանորդելու այդ ինը բառերը։ Փորձեցէք ու պիտի գտնէք որ իրաւ է այս առաջարկը ։ Հայ ը ազգ է անշուշտ եւ ոչ թէ շ անաձուկերու վոհմակ մը: Ազգ մը ամբողջութիւն մըն է անշուշտ եւ ոչ թէ մասունք։ Սիրտը մարդու մը գործարանն է անշուշտ, բայց այդ մարդ էն յետոյ՝ աւելորդ։ Տրոփմունքը սիրտին պաշտօնն է անշուշտ ու հետեւաբար անպէտ կ՚ընէ բաբախեց ը։ Ահաւասիկ ինչի է վերածուած այդ տողը։

Գ-Դ. տողերը ունին միակ բառ մը, բժիշկը ։ Անզուգական մարդասիրութիւնը եւ աննման գթութիւնը, բացի իրենց հոմանիշային կրկնութեան մեղքէն, ունին մեղքն ալ սուտ ըլլալու: Խրիմեան՝ կրքոտ, հարցախոյզ, բուռն խառնուածք մը եւ անհանդարտ միտք մըն է: Եկեղեցականներու մարդահաճ ու պատեհապաշտ, պորտաբոյծ վարժութիւններուն դիմաց (որոնք Պոլսեցի եպիսկոպոսներուն մէկ կարեւոր մասին նկարագիրը եղան) այս ճշդումները: Բան մը կ՚ապացուցանեն։ Խրիմեան ոչ անզուգական մարդասէր մըն է ոչ ալ աննման գթացող մը: Մարդն էր անիկա որ պահին, տեղին ցուցմունքին համեմատ կուլար ու կ՚որոտար, վտանգելով արցունքին արդիւնքը, ինչպէս տկարացնելով որոտումին հաւանական դերը։ Բայց այս ստորոգումները չեմ գիտեր թէ ինչ տիրական աղերս ունին եկեղեցական գործ չի մը հետ։ Ո՜րեւէ աղերս։ Անշուշտ։ Բայց մեր բառերը պարտքեր ունին ու հոս այդ բառերը Խրիմեան տալու են կանչուած եւ ոչ թէ բան մը ըսելու, սանկ ու նանկ: Հետեւաբար երբ այդ բժիշկն ալ հարազատ, անհրաժեշտ չէ, այն ատեն կը մնամ ձեռնունայն։ Դիտեցիք հարկաւ որ չորս տող անցաւ իմ առջեւէն, առանց ինծի հիմնաւոր բան մը ըսելու։ Նմանութիւնը եղանակ մըն է, բայց ոչ անհրաժեշտութիւն մը, բերան փոխ մըն է, բայց ոչ կշտացնող տարր մը։

Դ-Ե. տողերը շարունակութիւնն են բժիշկ քլիշէին թելադրանքներուն։ Բժիշկ բազկերա՜կը։ Օն անդր։ Որո՞ւ բազկերակը: Բայց թշուառ ժողովուրդին, իբր թէ ըլլար մէկը անծանօթ այս հանգամանքին։ Չեմ ընդունիր ժողովուրդին ալ ներկայութիւնը, քանի որ Ա. տողին ազգը դեռ չէ պաղած իմ տպաւորութեան մէջ։ Անդուլը չէ՜ր բառեր եւ Uէթեան կը հաւատայ թէ դդումներ ենք մենք ու կ՚աւելցնէ անդադարը ։ Չեմ մեկներ։ Շօշափել ը թէքնիք բա՞ռ է թէ բառարանէն բերուած անօգուտ տարր։ Ձեզի կը ձգեմ դատել: Բազկերակը զգեստ չէ որ հագնինք։

Ե-Զ. տողերու աղետը, թշուառութիւնը (դարերով) մեզ կը նետեն դասական բառամարտին կրկէսը ուր այնքան փայլուն խաղեր խաղային Աւետիս Ահարոնեաններ, Սուրէն Պարթեւեաններ, արեւելահայ ու արեւմտահայ բոլոր ջարդերգակները, մեծն ու պզտիկը, մեր ահաւոր ողբերգութիւնը անգամ մըն ալ նահատակութեան սեղանը հանելով… թուղթի վրայ ու լղրճելով այդ նիւթին ամպարագիծ տրտմութիւնը, խռովքը: Չեմ ընդունիր հիւանդը, չընդունելուս՝ ազգը: Մնացեալ կէս տողը, բժիշկ քլիշէին թելադրանքը մասամբ, մասամբ ալ սուտ, անպէտ (ողորմիլը բժիշկներուն մօտ ուրիշ զգացում է, կասկածէն դողալը դարձեալ կասկածելի զգայութիւն մըն է)։ Այս տողն ալ ինծի ոչինչ բերաւ:

Է-Ը. տողերը իրենց ածականներուն կառաշարովը ( մատն ի շուրթն ալ՝ որակական մըն է) կ՚անցնին ոչ մէկ հետք ձգելով իմ մտքին։

Ու ահա հաշուեկշիռը. յիսունի մօտ բառ որոնք տարօրինակ ճակատագիրը իրագործէին քով քովի գալով լսելու սա ամենահասարակ իրողութիւնը։ Խրիմեան բժիշկի մը պէս եղաւ մեզի հետ ։ Ողբերգականը ան է որ եղանակը նոյնութեամբ ինքզինքը կը կրկնէ այն ընդարձակ բառապատումին ո՛ր էջին վրայ որ ուզէք փորձել վերլուծումը։ Այս է ահա չարիք Է արձակ քերթուածին, ու անկէ սերած հռետորաշունչ շատախօսութեան որուն աւագ շահադէտը պիտի ըլլար Սուրէն Պարթեւեան. մէկը որ գրիչը կը բռնէր միտքին մէջ ոչինչ ունենալով. կը վառէր սիկառը ու տակաւին կէսին չհասած՝ աւարտած կ՚ըլլար իր էջը, ճիշդ ու ճիշդ վերի նմոյշին կաղապարովը, Uէթեանէն աւելի տրտում արդիւնքով անշուշտ, քանի որ ըսելիքին լրջութիւնն ալ չէր պաշտպաներ բառերու այդ կուռ տեղատարափը եւ հասկընալի՞` հիմա Պարթեւեանին համակրանքը Uէթեանին։

Երկրորդ կտորը, Պէրպէրեանի յիշատակին, աւելի կատարեալ կորանք մըն է։ Լուսեղբայրներ էին ի բանաստեղծութիւն։ Պաշտօնակիցներ էին դաստիարակութեան ապերախտ բայց վսեմ ասպարէզին վրայ։ Զիրար կը ճանչնային « անդստին ի տղայ տիոց », Նոյնաճաշակ դէմքեր էին «յարուեստս»։ Uէթեան ամենէն աւելի իրաւասու մէկն էր Սկիւտարի մեծավաստակ « դարբնող »ը, «կռանող»ը վայելչապէս, նոյնիսկ որոշ գեղեցկութեամբ, յուզումով ներկայացնելու: Վեց ընդարձակ էջեր վատնուած են, ըսելու համար ամենուն գիտցած տեղիքը, չըսելու համար սնոտիքը։ Մարդեր camper ընելու համար մենք կարօտ չենք նոյն իսկ տաղանդի ։ Եղել ենք մեր տիպարներուն հետ, առեր անոնցմէ անփոխարինելի տպաւորութիւններ, տեսեք ինչ որ հեռուէն մատչելի չէ երեւակայութեան աչքերուն։ Մենք այդ տիպարները տալու համար կարօտ ենք շատ պարզ բանի մը, տարրական պարկեշտութեան, գրականութենէ սարսափի մը ու բառերէ փախուստի մը որպէսզի գիծերը, դրուագները, կողմերը հարկադրուինք հաւաքել: Սէթեան ողբասաց մըն էր իր ոտանաւորներուն մեծագոյն մասին մէջ։ Հոն էր ձեռք բերած հաւանաբար վարժութիւնը սուտ կամ չափազանցեալ ցաւերուն, չըսելու համար կեղծ սուգերուն։ Ու իր ողնածուծին մէջ տեղաւորուած այս բառակրթանքը վարած է զինքը նոյնիսկ հոն ուր այդ կրանքը անտեղի էր ու պարզ ապէս վնասակար է Սէթեանին վարկը իբր արձակագիր - ուրիշ մը պիտի սրբագրէր՝ քրոնիկագիր կը մնայ անպաշտպանելի:

Բուն արձակ քերթուածնե՞րը սակայն։ Կան անոնք ալ: Կարդացէք Ի՛նչ որ տեսաւ իրիկուն մը, Հիւանդին տեսիլ, Դանդաջում, Պզտիկներու վշտերուն առթիւ, Բարի նուաղիղ,   Պատկերի մը առթիւ վերնագրուած արձակները։ Չեմ կրկներ ինչ որ ըսուեցաւ վերը: Կ՚աւելցնեմ։ Այս կտորներուն մէջ իրականութեան զգայարանքէն որոշ անկախութիւն մը հեղինակը կը վտանգէ, զայն արտօնելով կայքերու, տպաւորութիւններու որոնք կը ծփան ընդ մէջ անխառն քմայքին (fantaisie pure) ու բռնազբօսեալ յարդարումին: Տեղեր, անձեր, տեսարաններ, ձայներ, ոճիրներ, կոչեր, բոլորը ջարդապատումին sauceովը ու քլիշէովը։ Եղանակին ամենէն տիպարային կերպարանքը դուք կը գտնէք Անցեալին մէջ հատուածին վրայ։ Կատակ չէ։ Տարիներու բացակայութենէ մը վերջը տարագիր բանաստեղծը իր դարձը կ՚ընէ իր մանկութեան քաղաքը։ Ու… կը տեսնէ… կը տեսնէ փոխուած պատկերները, փոխուած տղան, լման քաղաքի մը դիմագիծը ու կը յիշէ… պարկեշտ մարդ մը սրտայոյզ, անմահ վկայութիւններ միայն պիտի տանէր այդ թանկագին առիթէն։ Բայց զուր տեղը չէ որ մենք կը մտերմանանք մուսաներուն որոնք յաճախ իրենց մարմինները բառերու մշուշովը վարագուրած կ՚իջնեն մեր մօտը։ Այդ է պատճառը որ Սէթեան այդ սիրական վայրերէն, յուշքերէն ալ անտանելի բառամարտ մը միայն յաջողի գործադրել:

Միակ կտորը ուր որոշ ապրում մեզի հասնի ամենէն քիչ մեղքով, տառապանքով՝ Վոլոսէն Նէղոսն է, թէեւ Մէր Պոսֆորը (Եղիա) շատ փառաբանուած կտորին չարաշուք ազդեցութեան մէջ մարմին առած։ Բայց Սէթեան աւելի պարկեշտ է, չըսելու համար աւելի խղճամիտ, վախկոտ, զգուշաւոր արձակագիր մը։ Զայն սկսողը կը համակուի որոշ ախորժով, թերեւս ոտանաւորին, միւս արձակներուն անտանելի, օդային, անպարկեշտ խաղերէն պահ մը ինքզինքը ազատուած գիտնալուն: Աչք, որ գոյնը կը փնտռէ ու կը գտնէ. գիծը գիտէ պատշաճ ու պարկեշտ քաշել: Անշուշտ Uէթեան միշտ ու ամէն տեղ բանաստեղծ է, այսինքն բնութիւնը ներկող դպրոցի մը անսրբագրելի աշակերտը։ Բայց այդ կտորին մէջ ընդարձակ մարզերու հետզհետէ մատուցումը նայուածքի դաշտին պատճառ է որ արագ ըլլայ տեսնելու եւ տալու արարքներուն մէջ։ Յետոյ կան մտածումներ, պատմութեամբ թելադրելի (ու 1870ի մարդերը fort են պատմութիւնը այդպէս իբր ժանեկազարդում կտրատելու աճպարարութեան մէջ։ Չերազ ամենէն հասարակ քրոնիկին մէջ իսկ առիթը կը ստեղծէ պատմական քանի մը խոշոր անուններ տեղաւորելու: Ծանօթ ենք Եղիային դիմագրական մենագարութեան, առանց պատմական յատուկ անունի մը (մարդ, տեղ, դպրոց) գրութիւն մը ստորագրելու: Վոլոսէն Նէղոսն ը ունի ուրիշ ալ թելադրանքներ, հայ տարագրին հոգեկան վիճակէն։ Կ՚անցնիմ։

Սէթեանի արձակ էջերը բեռ մըն են իր յիշատակին։ Չեն պաշտպանուին ոչ մէկ բարիքով։ Ու կը կրկնեն իր ոտանաւորին դէմ բանաձեւուած վճիռը։ Անոնք գրականութիւն ընելու չարաշուք հիւանդութեան աւելորդ փաստերը կը մնան։ Ու կը դառնան դատապարտութեան անհերքելի փաստեր, մանաւանդ ժամանակին ընդմէջէն։ Անոնք ստորագրողը յիսունէն վեր փորձ, հանգչած, գրականութեան բոլոր քմայքները չափած մարդ մըն էր։ Տղու մը գրչին տակ պիտի մնային հանդուրժելի, առնուազն բարելաւման խոստումի մը իբր նշաններ։ Չափահասներու չեն ներուիր կարգ մը խակութիւններ, որովհետեւ անոնք անսրբագրելի մնալու սահմանուած են։

Կ՚անցնիմ նորավէպերու ։ Թիւը շատ չէ անոնց։ Բայց յատկանշական կողմեր կը պարզեն Սէթեանին ախորժակներէն որ քան արեւմտահայ գրականութեան մեղքերէն։ Անոնց աշխարհը Պոլիսն է որ կուտայ ամբողջութեամբ (բացառիկ պատկեր մըն է Նեղոսին ափերէն Ու այդ Պոլիսին մթնոլորտը ունին անոնց ներսը որոչ թանձրութիւն մը: Երբ այդ նորավէպերը կը կարդաք քիչ մը ուշադրութեամբ, տակաւ ձեր մտքին մէջ կ՚ուրուանայ, յետոյ կը կերպարանուի յստակ, անծածկելի տրտմութիւն մը, հաւանաբար արդիւնք աւելի բարձր ցաւի մը։ Ցա՛ւը ոչ թէ այդ նորավէպերուն գրական ձախողուածքին որ կրնար քաւուիլ հազարումէկ ուրիշ նկատումներով [1] այլ անդառնալի կորուստին որուն վկայութիւնն են այդ խեղճ ու պատառ դրուագները։ Ի՜նչ յուզումով ես կը յառիմ այդ Պոլիսին, փարթամ քաղաք, թերեւս մեր Անիներուն, Դուիններուն, Սիսերուն, Աղձններուն վայելած վարկն ու փառքը քանի մը պատիկ ետ ձգող։ Այս դարուն սկիզբը, անկէ տասը տարի առաջ մինչեւ շքեղ ժողովուրդ մը կ՚ապրէր հոն, հրաշալի ընդունակութիւններու փաստերը ամէն մարզի վրայ արձանացուցած։ Ունէր մշակոյթ մը յատկանշող բոլոր առաքինութիւնները եւ ունէր մանաւանդ բացառիկ ալ բախտը ցեղն ու դերը անընդմէջ ձգողութեամբ մը աւազանելու, չըլլալով արեւմտեան ոստաններուն մէկալօբոլիսը, այսինքն ցեղային հոսումին անմահ աղբիւրներէն զրկուած զանգուածի մեծ ու մահապարտ քաղաքի որ չի կրնար իր արիւնը նորոգել ու ինքնին մէջ նրբանալու, ապա այլասերելու դատապարտված է անվերաքննելի կերպով։ Դիմեցէք պատմութեան, դուք հարիւրներով պիտի գտնէք այդ տրտում ճակատագրին վկայութիւնները, սկսելով հեռու եգիպտական ոստաններէն, ասորական ու պարսկական մայրաքաղաքներէն մինչեւ Հռովմները եւ մինչեւ Պոլիսները յոյներուն, խորքին մէջ առողջ ու գիւղացի, հողին կապուած մեր ժողովուրդը իր արեան լաւագոյն metastaseները դրած է այդ Կոստանդնուպոլիսը յօրինելու ատեն։ Երեք դար ու սա բնական ընտրութիւնը մեզի արժած է թերեւս մեր բնագաւառին տկարացումը, բայց դրած է փառքն ալ այդ Պօլիսին։ Երբ հոն էինք, մենք անոր մեղքերը միայն աճեցնելու անփառունակ խաչակրութիւնը ըրինք, ամէն ճակատի վրայ: Հիմա միայն իր բոլոր շքեղութեանը մէջ կը պայծառակերտուի իմ՝ հոգսի աչքերուն մեր ժողովուրդին այդ հոյակապ յիշատակարանը։ 1896էն վերջը Սէթեան կ՚ապրի իմ վիճակը իր Պոլիսէն։ Է աւելի բախտաւոր քանի որ տարագրութիւնը դեռ չէ կատարելագործուած իր ժողովուրդին բնաջնջումով, մանաւանդ գոյութիւն չունի սփիւռքին դժոխքը որ մեր մարմինը մաղ մաղ ծածկելէ ետքը օտարին թոյներովը, փաթթած է մանաւանդ մեր հոգին, անկէ ուտելու սրբելու համար մեր ցեղային գերագոյն պահպանակներն ալ մեր կրօնքը, ժամը, գիրը, բարքերը: Հիմա կը գրուին գիրքեր որոնք հայհոյութիւն են մեր հոգին երեսին արձակուած, ու կ՚արժանանան ոչ միայն գնահատման այլեւ կը դասուին իբր անհաւասարելի գեղեցկութիւններ, այս ցեղէն երբեւիցէ ստեղծուած…: Դառնալով Սէթեանի նորավեպերուն, կը մասնաւորուիմ ու կը տեսնեմ զանոնք փառքին ընդմէջէն արեւմտահայ նորավեպին որ իր մէկէ աւելի մշակներուն տաղանդովը մեր գրականութեան մէջ տիրական յաղթանակ մը կազմեց մէկէ աւելի սերունդներ խանդավառելու բաւող։ Սէթեան ոչ միայն կարդացած այլ ապրած է Զօհրապի նորավէպերը, ոչ իբրեւ գրական ապրեկ յաջողուածք, ինչպէս նկատուեցան այդ կտորները այս դարու սկիզբը, պատրելով զանոնք հեղինակող աստուածային մարդը ինչպէս զանոնք հիացող զանգուածը, այլ այն ներքին իրողութիւնը որ այդ քաղաքէն վերբերուած տիպարները, յոյզերը, ցանկութիւնները կը համախմբէր, կը միաձուլէր։ Մենք ժողովուրդ մըն էինք, 1890ին, չեմ ըսեր առաջին անգամ, այլ երկար, դարաւոր գերութենէ մը անբանացած ոչխարահօտէն «նորափետուր» պիտի յանդգնէր Եղիա, ինքզինքը իր ոտքերուն վրայ ամրօրէն դնող մարդերու ընդարձակ միութիւն մը։ Սէթեան անցած է երեք սերունդի հոգեխառնութեան մէջէն։ Սէթեան ապրած է բոլոր ծանր ու խորունկ կիրքերը 1870ի, 1880ի, 1890ի մարդոց ու 1900էն վերջն ալ բախտն է վայելած քիչ գրողներու վիճակուած, բախտը կեանքին ու արուեստին ընդմէջէն որոշ բացատի մը միջոցէ ու ժամանակէ հեռաւորութեան մը. բաներ որոնք մեր կեանքը անկարող են բարեբախտաբար յիշատակի վերածելու, բայց զայն կ՚ազատագրեն ներկային սպաննող նկատումներէն, կապանքներէն։ Վստահաբար կրնամ ձեզի յայտարարել որ Սիլիհտարի պարտէզները . Եսայեան) չէր կրնար գրուիլ Պոլիս ոչ ալ 1910ին։ Գրուեցաւ այդ գիրքը ճիշդ ու ճիշդ յարմարագոյն պայմաններու հանգոյցէ մը պաշտպանուած։ Ու գլուխ-գործոց մըն է անիկա։ Ու եթէ մօտէն քննէք անոր ճարտարապետման մեքենականութիւնը, պիտի գտնէք շատ պարզագոյն բան մը իր անցեալին դէմ իրաւ հոգիով մը կեալ կրնալու տարրական առաքինութիւնը, գրել կրցող չեմ ըսեր գրագէտ մը ծնող ամէն մարդու համար կարելի: Տիկին Եսայեան մոռցած է թէ գրականութիւն ըսուած յիմարութիւն մը կար, որուն իր տուրքը այնքան աղետալի կերպով վճարեր էր Շնորհքով մարդիկ վէպին, Սկիւտարի վերջալոյսներ որակուած անորակելի պատկերներու կերպարանքներովը ու դիմեր ուղղակի՝ այդ կեանքը, իր մանկութիւնը, անդրանիկ պարմանութիւնը անկէ առնելու սրբազան առաջադրութեամբ: Արդիւնքը ճիգին` շքեղ է։ Յովհաննէս Սէթեան թող չպատմեր մեզի իր յիշատակները։ Բայց տա՜ր մեզի կեանքը որ այդ երեք սերունդները խանդավառած էր, լացուցած ու իր մտքին ետին Գահիրէի բուրգերէն աւելի ծանր հաստամեստ մը ինչպէս կը բռնանտը: Տեղ մը ըսեր եմ ու չեմ քաշուիր հոս կրկնելու։ Թող շնորհուէր ինծի դար մը կեանք ու տրուէր պատեհութիւն գրելու, այդ բիւրաւոր օրերը պիտի մնա յին անբաւական նուաճելու մինակ իմ գիւղին ապրումները, հազարաւոր գիրքերու վրայ: Կեանքին հետ մի ելլէք կատակի։ Մէկ մարդու մը ապրումները կը յորդին հարիւրաւոր հատորներէ։ Պալզաք մը միս մինակը կրնար աշխարհ մը լեցնել: Եւ Յովհաննէս Uէթեան մը` շրջան մը նուաճել… Պոլիսէն։

Չենք կրնար մարգարէանալ կերպարանքը կեանքին զոր պիտի ունենայ մեր ժողովուրդը ԻԱ. դարու կէսերուն։ Պահելով ցեղային ընդունակութիւնները իրենց պատշաճ զարգացման մէջ ու տալով այդ օրերու մարդոց քիչ մը աւելի արդար, ազատ պայմաններ ու ասոնց հետեւանք` աւելի բարդ հետաքրքրութիւններ, կը խորհիմ՝ թէ պիտի ըլլայ կազմուած այդ օրերուն ալ փաղանգը մարդոց որոնք ցոյց տային որոշ շահագրգռութիւն իրենց ժողովուրդի հեռու որքան մօտիկ անցեալէն։ Այդ մարդիկը այդ հետաքրքրութիւնը գոհացնելու համար մեզմէ աւելի նպաստաւորուած ըլլալու էին անշուշտ։ Անոնք ԺԹ. դարու վերջին քառորդը մտապատկերելու համար ըստ արժանւոյն, պիտի ունենային արեւմտահայ մամուլը անշուշտ, իրադարձութեանց մեծ գծիկները, թիւերու եւ թուականներու ամբողջ դրութիւններ, ու երկրորդական շատ ու շատ աղբիւրներ: Բայց կը հաւատամ թէ մեր ժողովուրդը իրապէս տեսնելու համար անոնք պիտի պրպտէին արեւմտահայ վէպը, վիպակը ուր ապաստան ունենալու ճակատագրուած են մեր ժողովուրդին տիպարային անձնաւորութիւնները։ Ան որ պիտի կարդար Սէթեանի նորավէպերը, ի՞նչ տպաւորութիւններ պիտի քաղեր անոնցմէ, միշտ այդ ժողովուրդի մտապատկերման մէջ անհրաժեշտ նպաստները հայթայթող։ Պիտի տեսնէ՞ր մեր բարքերը, որոնք ամէն ժողովուրդի ամենէն ամուր հոգեյատակները կուտան։ Այս մարդերէն դար մը առաջ ես իմ մասիս գրեթէ ոչ ինչ ունիմ՝ սորվելիք Սէթեանի վիպակներէն որոնք եթէ յատակի մը վրայ կը բարձրանան, կ՚ընեն ատիկա, տեղ մը ըլլալու, անոր վրայ կենալու, թաւալելու անհրաժեշտութեան առջեւ: Այլապէս Սէթեանի պատմումները կրնային բեմ ունենալ Գահիրէն, Ամերիկան, Եւրոպան, ըսել կ՚ուզեմ՝ հոն հաստատուած մարդերու համախումբ ապրելավայրը ինչպէս եւ ոչ թէ լայնօրէն իրենց արմատները արձակած ըլլալու արժանիքն ունենալ, այն ենթահողն ի վար ուրկէ կը բուսնին մեր մարմինները ու անոնց ստուերայնացումը յօրինող հոգիները։ Uէթեանի վիպակներուն մէջ գրեթէ ոչ մէկ տախտակ մեր բարքերէն, փրկուած` իր միջոցներով։ Ծաւալի հարցը չորրորդական ազդակ է հոս։ Լեւոն Բաշալեան երեք չորս պատմուածքի մէջ դասակարգի մը հիմնական գիծերը, բարքերու շատ յստակ մթերքի մը վրայ, ձգած է մեզի իբր ժառանգութիւն։ Ամենէն անհաստատ վիպողը՝ Արփիարեան, դարձեալ քանի մը հարիւրը չանցնող էջերու վրայով ըրած է սեւեռումներ ոչ միայն բարքերէ, այլեւ նուաճած է մտայնութիւններ։ Ամենէն անփոյթ, խաղարկու, անգրագէտ Զօհրապը միակ պատմուածքի մը մէջ (օրինակի համար՝ Փոսթալը ) քանի մը աշխարհներու բարքերը փրկած է կորուստէ։ Չեմ խօսիլ Ամիրային աղջիկը հատորին կոթողական փառքէն, միշտ բարքերու կալուածին վրայ: Սէթեանի վիպակները արդեն չեն իսկ անդրադառնար նման պարտքի մը գրողին կողմէ։

Դարձեալ ԻԱ. դարու կէսերուն այդ խուզարկուները պիտի տեսնէի՞ն իրաւ մարդեր այդ Պոլիսէն։ Չեմ գործածեր տիպար, աւելի պատասխանատու, աւելի հանգամանաոր տարազը: Ու անմիջապէս փաստը, գրեթէ համոզուած եմ որ Սէթեանի անձնաւորութիւնները վաւերական մարդեր ըլլալու էին, գրողին զգայնութեանը մէջ ինկած թերեւս անձնական աղերսներով։ Մերժումը կտորին բոլոր անձնաւորութիւնները միջին թիմեր են, այսինքն կարելի մարդեր։ Բայց կը նմանին չորցած հողէ աղիւսի, որոնք դժբախտ են մնացած արուեստին հնոցէն անցած չըլլալու։ Արդ, կրակէ այդ մկրտութիւնն է ահա որ թիմը կը վերածէ առնուազն դիմացկուն կաւի: Ուրիշ խօսքով՝ այդ մարդերուն հասարակ croզuisները կը մնան իրենց սովորականութեանը մէջ որպէսզի դիմաւորէին ուրիշ բարեխառնութիւն մը։ Տուէք այդ մարդերը Արփիարեանին ու դուք պիտի ունենայիք առնուազն քանի մը անթառամ ուրուագիծեր միջին քաղքենիին։ Այդ Գրիգոր աղան, որ վարպետորդի, քանի մը սնանկութիւններով իր շէնքը շտկած ու նոյնքան թիւով շէնքեր կործանած վաճառականին հիմնագիծերը կը թուի թելադրել, այդ Արփիարեանին գրիչին տակ պիտի բարձրանար անմոռանալի կարկառի: 2050ի մարդերը պիտի խենթենային անոր հարազատութեանը վրայ, մինչդեռ Սէթեանի վիպակին մէջ անոնք պիտի գտնեն շատ շատ քիչ մը աւելի տժգունած ինչ որ 1950ին պիտի գտնէր ուրիշ մը, կամ ինչ որ ես կը գտնեմ՝ այսօր. - ոեւէ մարդ մը։ Այդ Միհրան աղան իր կարգին կը կրէ Սէթեանի տաղանդին բոլոր տկարացուցիչ տարտամութիւնները։ Անիկա պատեհութիւն ունի մեզի մարմնաւորելու ձախողած առեւտրականը, այնքան շատ որեւէ ատեն, բայց բացառաբար շատ՝ այդ 1890ի շրջաններուն երբ մեր վաճառականները այնքան արագ կը կրէին կեանքին étapeները ու կրպակէն` Շուկայի (Մենծը) վրայ խանութ, խանութէն՝ խաներու մէջ մաղազա մը, մազազա յէն՝ ամբողջ խան մը կը վարէին ապշեցուցիչ ճարտարութեամբ մը, օգտուելով հայէն ու թուրքէն, երկինքէն ու երկրէն, ինչպէս աւելի համեստ մարդեր, չես գիտեր որ ձեռքերու տակաւ կը մխրճուէին իրենց ծանծաղուտքին մէջ, խղդուելու համար օր մը կա՛մ ցեխին կամ ջուրին խորերը։ Երկու հիմնական անձնաւորութիւնները կը մնան անշահեկան, վասնզի չեն ոճաւորուած բառին տալով յատկանշական ստորոգումներուն կնիքը: Դարձեալ ստուերներ են Միհրան աղային զոյգ աղջիկները որոնք, կը հաւատամ, իրաւ ապրած են Սէթեանի աչքին առջեւ, բայց անոր պատմումին մէջ մնացած են չեփած աղիւսի ճակատագրով։ Այն մէկ հատիկ նորավէպը ուր անձնաւորութիւնները քիչիկ մը կը գունաւորուին, իրաւ մարդեր թելադրելու պատրանք մը ստեղծելու չափ, Այրի անունը կը կրէ։ Այնքան իրաւ է հոն ուրուագրուած տռամային կատակ կազմելու կանչուած մարդոց խումբը, բայց մեր բախտէն այնքան քիչ, գէշ է մշակուած անոնց կազմախօսութիւնը որ պատմուածքը դարձեալ կը վրիպի։ Հոն ունինք Երանիկ հանըմ մը, մանկամարդ այրի, երկու աղջիկներով։ Հարիւրներ կը ճանչնամ ես այդ Պոլիսէն, ճիշդ ու ճիշդ նոյն պայմանները երկնող։ Հոն ունինք Մաթիկ աղա մը, այնքան իրաւ մարդ մըն ալ ասիկա, ամեն քայլափոխիդ հանդիպելի: Անշուշտ մօտէն կամ հեռուէն ազգականի կապեր, որպէսզի այդ տունի, տղու, դիրքի ու պատուի տէր մարդը գայ Այրիին տունը, ազատ, բարեացակամ, հոգած ու, այրիին կարելի դժուարութիւնները հարթելու: Uէթեան այդ մարդոց oրիժինալները դարձեալ կը հաւատամ որ ունեցած է աչքի առաջ։ Յետո՞յ։ Պէտք չկայ մեծ գուշակ մը ըլլալու որ մանկամարդ այրին ու պատուաւոր ազգականը իյնան սիրահար իրարու: Տռաման ալ ոչ բացառիկ է ոչ ալ խոշոր։ Սէթեանին վրիպանքը կուգայ անկէ որ այս տարրերով անիկա փոխանակ բարքերու վիպակ մը ճարտարապետելու, փորձած է իրեն հիմնովին անծանօթ հոգեբանական տռաման: Արդ, այդ վիպակին գրուած պահուն արեւմտահայ գրականութիւնը գրեթէ կ՚անգիտանար վիպային հոգեբանութիւնը։ Ու լաւ ընտրուած, լաւ սերտուած այդ երկու անձնաւորութիւններուն շուրջ մեր զգացած շահագրգռութիւնը - արդիւնք՝ լաւ դիտուած, լաւ ճանչցուած գիծերու գործածման փոխանակ աճելու, ամէն էջի կ՚ենթարկուի ջլատիչ ընդհատներու: Մենք որոշ հետաքրքրութիւն կը շարունակենք պահել այդ կնիկին տառապանքէն, բայց էջերով նոյնը մնալու մեղք մը այդ տառապանքը կը վերածէ անկշիռ եղելութեան մը։ Գրեթ է եղերական գեղեցկութիւն մը մէկէն կը գտնենք այդ կնոջ աղջիկներէն մէկուն զոհաբերմանը մէջ։ Անիկա գիտի իր մօրը մեղքը ։ Ու պիտի մեռնի այդ գիտութեան պատճառած ահաւոր բեկումով։ Կարճ այս տողերուն ետին դուք կ՚այցուի՞ք արուեստագէտին հրաշքէն որ այդ վիճակները պիտի շահագործէր ահաւոր խորութիւններու առաջնորդելով պատահարը։ Պատմուածքին մէջ երրորդ յաջող անձնաւորութիւնը, հակառակ քիչ, գէշ մշակուած ալ ըլլալուն, մեզ կը համակէ խորունկ համակրանքով մը։ Uէթեան իր գրական կեանքին մէջ այնքան հետապնդած ու միշտ վրիպած յուզման տարրը (մի մոռնաք Յուզման տարրը, Տարագրին քնարը ին ապսպրուած սանթիմանթալիզմը ) այդ նորավէպին կես էջին վրայ վերջապէս կը նուաճէ երբ լուռ հալող աղջկան մահուան հեռանկարին առջեւ խղճահար, սարսափահար այդ թշուառ մայրը իրեն հանդիպելէ խուսափող՝ աղջկան անկողինին եզրին կ՚ըսէ.

«Գերիդ ըլլամ, խօսէ, բան մը ըսէ ինծի»։

«Բան մը չունիմ, մայր, հեւաց Մաքրուհի` ձեռքը ազատելով»:

Նորավէպը յաջորդ էջին վրայ ալ կը պահէ սա սրտայոյզ բաթեթիքը։ Աղջիկը թաղուած է։ Մայրը, «աշնան առաւօտ մը» գերեզմանին է անոր։ Կուգան բանաստեղծական նկարագրումի քանի մը ծանր, գրեթէ անտանելի տողեր։ Կ՚անցնիմ՝ ձեզ չնեղելու համար։

«Ցածկեկ տապանաքարի մը առջեւ հասած, կը ծնրադրէ ու գլուխը քարին յեցած՝ կը մնայ անշարժ »:

Սէթեան տեսարանը կարդարած է իր ռոմանթիզմին յաւիտենական մղումներուն ներքեւ։ Մի սպասէք rétrospectiք մեթոտին բարիքը, մեռելէն կեանք իջնելու, այնքան գեղեցիկ արդիւնքներով։

Կուտամ ձեզի քանի մը տող այդ ապրումներէն.

«Կեանքը բեռ մըն է դարձած, ծանր, շատ ծանր որմէ անձնասպանութեամբ խուսափելու արիութիւնը իրեն կը պակսի։ Ծարաւի է մահուան, ինչպէս անապատին մէջ մոլորած ճամբորդը՝ ջուրի։ Աղեխարշ լացերով, կողկողագին նայուածքներով կը պաղատի Երկինքին, ինչպէս երբեմն ընդունայն պաղատեցաւ Աստուածածինին [2], որ զրաւէ իր կեանքը՝ եթէ ոչ ուրիշ բանի համար, գէթ որպէսզի չկարենայ յիշել անցեալը»։

Այս գրել է իրաւ տողերուն կը հետեւին քլիշէ ապրումները այդ անցեալին։ «Ո՜հ, այն հրճուալից գրկախառնութիւններն ու սրտազեղումները իր երիտասարդ ամուսնոյն հետ՝ իրենց աղջիկներուն մատղաշ գլուխներուն վերեւ։ Ո՜հ, այն ժպիտները զոր կը փոխանակէին՝ իրարու ցոյց տալով ճիղմ բազուկներու ձիւնն ու բամպակը, նորաբոյս մազերու ոսկին ու մետաքսը, դեռափթիթ նայուածքներու ծագումը կուսածաղիկներու նման»։ Անշուշտ, մարդ զուր տեղը կէս դար մուսաներու չի սիրաբանիր։ Ամենէն խորունկ ու բնական ապրումներն իսկ մենք պիտի տանք սա ծիրանավառ ռոմանթիզմով։

Այս երկու նորավէպերուն վրայ քիչ մը մանրամասն սա ցուցմունքները նոյնութեամբ բայց աւելիով գործածելի են միւսներուն բոլորին համար ալ, որոնք կը տառապին ընդհանուր տկարութենէն Սէթեանի եղանակին։ Երբ անիկա իրաւ մարդերու առջեւ իսկ անկարող կը մնայ կեանքին բնականութիւնը, սոսկական շահեկանութիւնը նուաճելու ու սեւեռելու, կը հետեւի թէ ինչ տրտմութիւններու պիտի մնայ ենթակայ այն պարագաներուն ուր տրուած ուրուագիրի մը կը յաւակնի կենդանագիրներու բարձրանալ։ Կարդացէք Մեկնածի մը օրագիրէն կտորը։ Մանր տառերով տասնըմէկ էջեր ունի Յովհաննէս Սէթեան (իր կեղծանունն էր Եոսեայ Վանանթնսեհ, անունին գիրերովը կազմուած տարահնչիւն տարազը, հաւանաբար Եղիայէն նախանձուած ու ճարուած) իր տրամադրութեան տակ, ծովամոյն (ինքնասպան) երիտասարդի մը հոգեբանութիւնը յօրինելու: Դարձեալ չեմ ենթարկեր կասկածի այդ երիտասարդին երիտասարդ իրականութիւնը։ Բայց ձեզ կը ղրկեմ պատուածքին որպէսզի գիտնաք թէ որ ժողովուրդին կը պատկանի անիկա։ Կը գուշակէք սակայն որ այդ երիտասարդը սիրուհի մը ունի անշուշտ որուն հետ պիտի ուզէր առանձին ըլլալ այդ երիտասարդը, առտու մը։ Եւ որովհետեւ մէկ օրինակ հաւասար է տասը խօսքի, ձեզի կուտամ պատեհութիւն այդ վիճակը ապրելու Սէթեանին գրիչին տակ։… « Ո՜հ, այս առաւօտ բնաւ չէր նման ուրիշ առաւօտներու, այս արեգակը չէր այն զոր ամէն ժամանակ տեսան մարդիկ երկնից մէջ։ Ծաղիկներու բաժակները, դեռաճեալ տերեւներ եւ բողբոջներ, այգուն շաղովը ցօղակաթ, մէն մի աչքեր էին մինչ յարտասուս գորովայոյզ ի տեսեալ այս երկնաւոր երանութեան, այն երկու հոգւոյ երանութեան, մոլորած, կորսուած, մեկուսացած, մոռացկոտ անձին՝ այդ բուսեղէն ծովուն խորհուրդին եւ երկրի ալքերէն բարձրացող եւ ամպերէն տեղացող այն անհամար, անըմբռնելի աղմուկներուն լռութեան մէջտեղ»: Ճանչցա՞ք սա առաւօտը որ երկու հոգիի վրայ կը ցաթէր։ Բայց մտիկ ըրէք, ուղղակի շարունակութիւնը. «Առանձին քեզի հետ ո՜վ Մ… արշալոյսի շունչ է, փայփայուած այն ծիլերուն անասելի շրշիւնին մէջ տեղ, նոր ապրիլ սկսող աշխարհի մը մատղաշ ձայներովը օրօրուած, երգերու այն սկզբնաւորութեանց դանդաչումովը երազաgնոր, լոյսը երկնող բնութեան հեշտալի երկունքի սարսուռներուն մէջ տեղ, բնութեան որ կը դողար արփաւէտ երկինքի տուրերուն ջերմաջերմ համբոյրներուն տակ… Ո՜հ, ո՜րպիսի հիմէն»։ Անտարակոյս, Պր. պուէտ, անտարակոյս։ Որպիսի ողբերգական հիմէն մը։

Ձեզ կ՚ապահովցնեմ որ այդ տասնըմէկ էջերը գրուած են այս նկարագրական հիւանդութեան հաշւոյն, անոր հեշտանքին մէջ։ Սէթեան իրա՞ւ որ մեծ բանաստեղծ էր, ինչպէս կը թելադրէր անզգամ՝ Պարթեւեան ը։

Բարքերէ, տիպարներէ սա աղքատութեան, անհարազատութեան առջեւ ծանր է աւելցնել կառուցողական բնազդին ալ նախնականութիւնը։ Վերի կտորին մէջ, Մեկնածի մը օրագիրը, վերջին նախադասութիւնը կ՚արտագրեմ.

«Երէկ, պատահմամբ իմացայ որ Մ. նշանուեր է Կարապետ Ա. եանին հետ»: Չարաշուք պատահա՜րը որ կը հեղինակէ ծովամոյն անձնասպանութիւնը մեր բանաստեղծ հերոսին։ Սէթեանի վիպակները այսպէս ծանրածանց առարկութիւններու ընթացք տուող զարգացում մը ունին։ Յարդի բոց մը ին հերոսը, Տիգրան, որ իբր յեղափոխական ամբաստանուած ինկեր էր բանտ, « չդիմանալով հարցաքննութեան տանջանքներուն՝ մեռած էր »։ Ա՜խ, ինչ կախուելիք ռոմանթիզմ է սա մարդերը այդպէս անխնայ հալածողը։ Մեռնող այդ տղան նշանած մը ունի որ կը սպասէ…: Մտիկ ըրէք.

«Մայիսի առաւօտ մը։ Սկիւտարի բարձունքներուն վրայ նորածագ արեւը, որ դեռ իր բոլոր ոսկին չէր սփռեր, մշուշի սպիտակութիւն մը կը ծաւալէր։ Ոչինչ աւելի հրապուրիչ քան այդ մէկ քանի վայրկեանը։ Հազիւ արթնցած թռչուններ, հեռուէն հեռու, ասդին անդին ձայն կուտային իրարու: Ցօղաթուրմ տերեւները` լոյսը վերստին տեսնելու ուրախութենէն կարծես՝ կուլային։ Դեռ խաղաղութիւնը, անսահման, կը թագաւորէր։ Կեանքը էակներու ծոցին մէջ կէս քուն կէս արթուն, կը դանդաչեր։ Յաւիտենական Իսիսը աչքերը կամաց կամաց կը սկսէր շփել՝ թմրութեան արբեցութիւնը փարատելու համար։ Չամլըճայի բարձրերէն, վերէն, հորիզոնէն, կապոյտէն, աներեւոյթէն, անտեսանելիէն, մէկը, հսկայ մը գալու մօտ էր, կեանքը, արթնութիւնը, շարժումը, այսինքն արեւը»:

Այո՜, երիցս այո, Պր. Սէթեան։ Կը հաւատանք որ արեւը կուգա՜յ, այնքան ածականներէ վերջը։ Է՜, ըսեր եմ քիչ վերը։ Դուք կատակի կ՚առնէք հիմա այս հերոսապատումը։ Բայց 1900ին անիկա լրումն էր արուեստին։ Ողբալին այս ամենուն մէջ ան՝ որ արձակ քերթուածէն սա զառածումը մենք կը գտնենք բոլորովին երիտասարդներուն ալ մօտ: Այդ 1900ին Արշակ Չօպանեան ուրիշ ոճ պիտի չգործածէ հոգեվիճակներ արտայայտելու համար ( Հայրենիք օրաթերթի արձակ էջերը, Ծաղիկ ի վիպակները Քիչ մը աւելի անդին Սուրէն Պարթեւեան նոյն թէքնիքով պիտի յօրինէ իր անկանգնելի Սայքօ ն։ Նոյնիսկ նրա ու զուսպ արուեստագէտ Տիկին Եսայեանը իր արձակ քերթուածներուն մէջ ( Աշուղը, Եաշմաք, Uկիւտարի վերջալոյսներ ) հազիւ պիտի ազատագրէ սա սնոտիքէն իր վարկը, շնորհիւ իր զմայլելի զգայնութեան։ Բայց նոյն այդ թուականներուն կան Թլկատինցիի, Զարդարեանի, Զօհրապի իրաւ պատմումները։

Եթէ զբաղեցայ Սէթեանի վիպակներով, չըրի ատիկա հաճոյքով։ Մարդ կործանելը միշտ տրտում առաքինութիւն մըն է։ Իմ մէջբերումները բա՞ւ սակայն որպէսզի արեւմտահայ գրականութեան դէմ բանաձեւուած դատապարտութեան վճիռները ըլլային հասկանալի։ Թող ուզածնին չափ գովեն Uէթեանը` Չրաքեան որ անոր քերթուածներուն մէջ չեմ գիտեր ազնուական ինչ մը կը զգայ, Պարթեւանը` ձեզի ծանօթ դրդապատճառներով։ Թիֆլիսի մէջ մարդիկ կային կարդացած մեր Իրապաշտները, nրոնք անգամ մը ակռանին առած գիտէին Կրտսեր Ռոմանթիքներուն քերթուածներէն ու հիմա այդ դպրոցին շարափոխեալ մէկ կերպարանքը կը տեսնէին վերեւ արտագրուած շքե՜ղ նմոյշներուն փարթամ առատութեամբը ու կը նախատէին այդ հոսհոսները որոնք յիսուն տարուան ընթացքին ոչինչ էին սորված, ու չէին մոռցած առնուազն Վենետիկը։ Պատմուածք մը գրել տալն է գրագէտի ամենէն ապահով փաստը։ Կրտսեր Ռոմանթիքներէն ոչ մէկը այդ վտանգը դիմաւորած է Uէթեանի հերոսութեամբը։ Թէրզեան իր ծիծաղելին կը կարծէ փրկել տաղաչափութեան ապաւինելով ( Հրանտ եւ Արուս, Ճգնաւորը եւ այլն) ու պոէման ու նորավէպը իրարու կը խառնէ անհաւատալի միամտութեամբ մը։ Իր ըրածին մօտ բան է ինչ որ կը գտնենք Աճէմեանի ոտանաւոր պատմումներուն մէջ (խօսեցայ Սապատողը էն)։ Պէրպէրեան իսկ չէ դիմացած փորձութեան, ստորագրելով դպրոցականի մը կեանքէն պատմում մը, բայց լրջօրէն մնալով դպրոցական։ Ուրեմն վրիպանքը ընդհանուր է որքան բացարձակ։

Ինչո՞ւ։

Շատ են ազդակները, իրական որքան ենթադրական։ Կը դնեմ մէկդի բոլոր մեղմացուցիչ դէպքերը եւ կը ծանրանամ մէկ ու նոյն մեղքին, գրական տաղանդի անբաւարարութեան: Ինչ որ զարկած է այս մարդոց բանաստեղծութիւնը եւ զանոնք մղած տաղաչափութեան, ծնունդն է միշտ այս արմատական խօթութեան. Ի վերջոյ երկու ածական, մէկուկէս մակբայ, քանի մը բացագանչութիւն տողերու վրայ յարդարելու աճպարարութիւն չէր կեանք պատմելը: Վիպակը՝ կարօտ ալ չէր մեծ տաղանդի, ըսի անգամ մը։ Անիկա կ՚ապրէր կեանքով, այսինքն մեզմէ դուրս կեանքին բարիքովը: Ու տաղաչափները գրեթէ միշտ այդ իրականութիւնը պիտի ստերիւրեն, զայն անարժան համարելով իրենց ուշադրութեան։

Արձակին ինչպէս չափաբերեալ տողերուն մէջ պատիժը մէկ է սակայն։ Չենք կարդան այդ կարգէ էջերը։

 

 


[1]        Ունինք նոյն ձախողուած էին շատ աւելի ընդարձակ մէկ փաստը Մշոյ Գեղամի գործէն որուն Տարօնի աշխարհէն հանած պատկերները, խառն պատմումները, քնարաշունչ նկարագրականները այսօր դարձեալ կը ծառայեն բանի մը որ ոչ նուազ կարեւոր ու արժանաւոր է թերեւս որ քան Սրուանձտեանցի հաւաքումները։ Ատիկա հում կեանքն է, նիւթին աստուածային բարիքը որ վաղը, քանի մը հարիւր տարի վերջը միս մինակը պիտի դիմանայ, իմ ժողովուրդին շատ մէկ ամուր, հարուստ հատուածէն ազատուած բարիքին, հոգեխառնութեան անփոխարինելի մթերքներովը։

[2]        Աստուածածինը Արմաշի Չարխափանինն է։ Այրի ն կը սկսի հովուերգական քաղցրութեամբ պատկերացումով մը ուխտագնացութենէ մը դէպի այդ ուխտավայրը։ Պոլսեցիները ամէն աշնան քիչիկ մը կը հանգչէին քաղաքին յոգնութենէն երբ յաջողէին շաբթուան մը համար հեռանալ ծանր ոստանին թոհ ու բոհէն ու գտնել աննենգ վայելքները իրաւ բնութեան։ Անոնց վոսփորային վայելքները քաղաք կը հոտէին։ Սէթեան այդ գեղեցիկ պատեհութիւնն ալ զոհած է նկարագրութեան: Եսը պատմելու մոլուցքի մը մէջ չէ անդրադարձած թէ ինչ ահաւոր խորութեամբ յուզումներու հետ կը մտնէր հաղորդակցութեան, հերիք է որ մտնէր ժամ, դողդղար հոն խառնուած հազարներուն յուզումովը եւ պատմէր զգացածը։ Աւելին։ Անհաւասարելի pittoresqueով բարքերու դաշտ մը կը պարզէր այդ տաղաւարը, հին օրերու մեր վանքերուն հոգեխառնութիւնը յիշեցնող։ Հոն էին այդ Պոլիսին ամէն խաւերէն ամենէն յատկանշական նմոյշները, հարուստին հետ չքաւորը, պարմանին աղջկան քով կաթուածահար անոր մայրը, սէրէն կոտրուած այրիին թեւին իր որբուկին սրտառուչ դալուկը, բանուորն ու գրողը, յիմարն ու իմաստունը, կտրիճն ու… մատնիչը, քով քովի, պահ մը թեթեւնալու Պոլիսէն ու անոր հոգերէն։ Բայց հոն էին մանաւանդ իրաւ բարքերը իրաւ ժողովուրդին, շրջանի գիւղերէն հոն խուժող հազարներու կերպարանքին տակ, ամէն մէկը իր տարազին հետ, հոն փոխադրելով պարերը, երգերը, խմիչքները, տօնականութեան ձեւերը, մոռցած իրենց « նսեհ »ին դառնութիւնները, տրտմութիւնները, ուտելով, խմելով, նուագելով օրն ի բուն, գիշերն ի լուսեղբայրութիւն մը դասակարգերու, քաղաքի ու գեղի, ինչպէս ըլլալու էին այդ ուխտագնացութիւնները անցեալին մէջ, մեր հայրենիքին վաւերական ոստաններուն ներսը, Վան, Սիս, Էջմիածին։ Ես ապրել եմ այդ պահերը իմ պատանիի հոգիին բոլոր թարմութեամբը ու զգացեր զարկը իմ կուրծքիս տակ իմ պապերուն ոչ միայն հաւատքին, այլ կեանքը ընդունելու, հագնելու իրենց զմայլելի ամրութեան, իմաստութեան։ Տարի մը ակռայէն, հացէն, կեանքէն զրկանքով ճարուած ոսկին, մայր մը, իր զաւկին սիրոյն, ոսկի սիրտ մը կը բերէր ու կը կախէր այդ Աստուածամօր կուրծքին։ Ու գոհ էր այդ վճարքով։ Տղա՞ն։ Կրնար մեռնիլ։ Բայց կրնար ալ գտնել իր սիրտը: