Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Գ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Դպրոցէն Թովմաս Թէրզեան կը պարզէ ուրիշ ալ հանգամանքներ, արեւմտահայ գրականութեան սկզբնական ախորժակները շատ մօտէն, տիպարային հարազատութեամբ մը թելադրող։ Բացի լեզուական, ընկերային առաջադրութեանց, ազգային կեանքէ այդ օրերու ամենէն բարդ, դարձեալ տիպարային երեւոյթներու հանդէպ այդ մարդոց քիչ մը շատ բացառիկ կիրքերուն, մնացած ցանկութիւններէն բոլորին ալ մասնակից է Թովմաս Թէրզեան։ Իը խառնուածքէն, նկարագրէն իմ բերած փաստերը բաւարար՝ որպէսզի անոր անձը չազդէ այն ուժգնութեամբ որուն օրինակը կը գտնենք Պէշիկթաշլեանի մը, մանաւանդ Ծերենցի մը գործունէութեանց թափին մէջ։ Անօգո՞ւտ էր այդ անձնաւորութիւնը, կաթողիկէ հայ հասարակութիւնը յուզող հարցերու լուծման։ Բացարձա՞կ էր իր մօտ արուեստագէտի քիչ մը անգործնական, երազապաշտ կեցուածք մը, որպէսզի մարդիկ չփորձէին իր արժանիքները օգտագործել, իրենց վէճերուն, կիրքերուն հոսանքին մէջ առնելով անոր պատրաստուած մարդու, ազդեցիկ գործիչի մը հաւանական տուրքերը։ Այս կարելիութիւնները կը մտածուին իր անունին հետ, քանի որ մեր ժողովուրդը իր ամենէն անխառն բանաստեղծական խառնուածքներն իսկ լծեց իր կիրքերուն, կարիքներուն դարպասին։ Գիտէք իր ուսուցչութիւնը, որ արժանի է գովեստի ինչպէս անբաւարար համակրանքի: Իմ մասիս, կ՚ընդգծեմ փաստը իր սորվեցուցած ֆրանսերէնին որ այդ օրերուն ամենէն էական տարրն է մեր մտաւորական ու առեւտրական խուլ ցանկութիւնները կշտացնելու սահմանուած, մաթեմաթիքին հետ համահաւասար, հացի ճամբան յարդարող։ Արդ, ոչ ոք, գրականութեան մը Համապատկեր ին մէջ մտքէն պիտի անցընէ տեղ մը շնորհել, օրինակի համար Միհրան Աբիկեան ըսուած ուսուցչի մը որ մեր գրականութեան իր հասկցած կերպով ծառայած է, հրատարակելով դասագիրքեր, բայց դասախօսելով աւելի հիմնական նիւթ մը, թուրքերէնը, կամ Պետրոս Կարապետյան ը, համահաւասար առաջինին, գիրքերու ընդարձակ ցուցակով մը։ Այս կեցուածքը ոչ միայն արդար, այլեւ միակ կարելի է ապահովաբար։ Եւ սակայն երկու թրքաբաններն ալ մեր ժողովուրդին մէջ վարկաւորուած չեն այն առատաբաշխութեամբ որքան կատարուած է ասիկա Թէրզեանին համար:

Կը զբաղիմ, անցողակի, իր թատերական ալ սպասով, միշտ այս գրականութեան սպասը հասկնալով ծիրին մէջը Զարթօնքի Սերունդի ցանկութեանց։ Ըսի թէ ի՛նչ կ՚արժէր Սանդուխտ ը։ Ներկայացման չարժանացող Արշակ Բ. ին համար չունիմ աւելի արդար, մեղմ տրամադրութիւն։ Օբերա չի լիվրէ մըն է անիկա, նախապէս իտալերէն գրուած (ոտանաւոր, ինչ պէս կը պահանջ է արդէն սեռը, ու ատով՝ Թէրզեանի նախասիրութեանց շատ յարմար), յետոյ վերածուած հայերէնի: Դժբախտ թագաւո՞րը, որ պատմութեան մէջ իր ճակատագիրը չէ կրցած քաշել ու գրականութեան մէջ ալ դատապարտուած է իր մեղքերը, լման ու բացարձակ, իր ուսերուն` բեմէ բեմ պտտցնելու: Արեւմտահայ ու արեւելահայ գրականութեանց մէջ անիկա դեռ ապաշխարութեան ով գիտէ ինչ պատիժներ ունէր մարսելիք։ Թէրզեանին Արշակը ուրիշ մեղքերու ալ պիտի ըլլար մեղսակից, քանի որ գրական փառասիրութեան կը խառնուէին թերեւս ուրիշ ալ աւելի պղտոր, չասելու համար չիլ ցանկութիւններ: Չուհաճեանի երաժշտութի՞ւնը այդ լիվրէ ին վրայ: Կը յիշեմ ու ձեզի կը ձգեմ խորհրդածել։ Թարգմանութիւններէն կայ փաստը Ֆաուստ ին որուն համար անիկա ընդունած է օրուան հասկցողներուն մէկէն թերեւս իր կեանքին մէկ հատիկ կծու կշտամբանքը, ու խոնարհաբար, քրիստոնէաբար պարզած է իր արդարացուցիչ փաստը, աճապարանքով ըրած ըլլալու, քանի որ դարձեալ միութեան մը խնդրանքը կը գոհացնէր։ Չօպանեանի յիշած խաղերը, ձեռագիր, չեն պատկանիր լրջութեան։

Թովմաս Թէրզեան, ապագային առջեւ կը մնայ պատասխանատու սակայն ոչ թէ իր ողորմելի խաղերուն համար, այլ թատերական արուեստէ մը իր հասկացողութեան տրտում փաստին համար։ Մեր ռոմանթիք թատրոնին վրիպանքը չի նմանիր ֆրանսական կամ եւրոպական ռոմանթիք թատրոններու վրիպանքին։ Ոչ ժամանակը, ոչ ճաշակները, ոչ ալ սեռին հետ ներսէն խորունկ աղերսով պայմաններու կշիռը չեն կրնար միջամտել որպէսզի բացատրուին Դուրեանի, Թէրզեանի, Պէշիկթաշլեանի, Հէքիմեանի, Թղլեանի, Նար–Պէյի հերոսական առաջադրութիւնները, չըսելու համար յաւակնութիւնները։ Իրարու ետեւէն, իրար կապկելով, իրարու նախանձելով՝ մարդեր, դեռ տղայ, նոյնիսկ դպրոցի սեղաններէն, կը համարձակին չափուած կամ արձակ, գրաբար կամ աշխարհիկ բարբառով բառեր տեղալ ափիբերան հանդիսականներու գլխուն, անոնց աչքերուն առջեւ տախտակեայ կամ կտաւէ հարթութեանց ու խորքերու վրայ պարզելով կենդանի միսերով շուքերու խաղապար մը, ու հաւատալով իրենց փառքին։ Դպրոցական աշխատանք մըն է Սանդուխտ ը, որ կը տպուի մէկէ աւելի անգամներ։ Անոր հմայքը այնքան զօրաւոր է որ 1881ին Մաթիլտ Ֆէhրուխան անունով կին մը անոր ֆրանսերէն թարգմանութիւնն ալ կը կատարէ, ու կը հրատարակէ… Երուսաղէմ։

Լրջութենէ զուրկ սա վաստակը Թէրզեանին ես չեմ նկատի առներ լրջութեամբ։ Բայց իմ մեղադրանքը կ՚ուղղեմ բոլոր անոնց որոնք 1870էն մինչեւ 1950 դեռ թատրոն մը չեն հասկցած. ըսել կուզեմ՝ թատերական գրականութեան մը զգայարանքէն կը մնան անմասն։ Երբ այս տողերը կը թելադրուին, Սփիւռքը իր մեծ կեդրոններուն մէջ կը սարքէ ներկայացումներ։ Գահիրէն, ամենէն հանգամանաւորը այդ կեդրոններէն, կը պարզէ ամենէն անտանելի անմտութիւնը թատերական հասկացողութենէ մը։ Ուրեմն ցեղայի՞ն՝ այս վրիպանքը։ Ինչ որ կը խանդավառ էր 1860ին՝ Յակոբ պէյ Պալեանը, Սանդուխտ ի ներկայացման ատեն, կը մնայ նոյն ու նման այն զգացումներուն որոնք Սփիւռքի ներկայացումներէն կ՚անցնին ապահովաբար զանոնք վայելելու եկած հանդիսականներուն, - այսինքն` բան մը տեսած ըլլալու գիտակցութիւնը կամ բան մը լսած ըլլալու յոգնութիւնը։ Եւ ուրիշ ոչինչ: Մի փաթեթէք մատի թէ եւրոպական թատրերգութիւններն ալ (Հիսկօ, Վինեի, Տիւմա, Պայրըն, Շիլլէր), նման խորքերէ բխած, հինցեր են տարօրինակ արագութեամբ, խանդավառելէ վերջ իրենց ժամանակները։ Մեր պարագան տարբեր էր անոնցմէ։

Այսքանն ալ աւելորդ է սակայն, սպառսպուռ վրիպանք մը դատելու ատեն։ Յետոյ, ի՞նչպէս դիմաւորելու փաստը, նոյնքան հզօր, նոյնքան ահաւոր, մեր զոյգ գրականութեանց մէջ տիրական ալ վրիպանքէն, գրականութեան նույն սեռէն։

Կրտսեր Ռոմանթիքներէն մնացեալ երեքը իրենց յանդգնութիւնը չեն փորձի զարկած թատերական մարզի մը վրայ։ Աս ալ ուրիշ իրողութիւն։