Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Գ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

Կրտսեր Ռոմանթիքներու մեզի ձգած ժառանգութիւնը գրեթէ այլամերժաբար կը բաղկանայ քերթողական գործերէ։ Եթէ երբեք Պէրպէրեանին համար այս հաւաստումը կը մնայ խնդրական, իրողութիւն է որ Համապատկեր ը պիտի չկրնար զբաղել, առանձին քրոնիկագիր Հրաչեայով մը, հռետոր ու դասախօս նոյն ատեն, որմէ ստեղծագործական արձակները այնքան նիհար կուգան, իր դէմքը մեզի պարտադրելու յորդ ու ծանր արարքին համար։ Նոյնն է պարագան Սէթեանին, որուն պատմուածքները, պատկերները, ըսի անգամ մը, դպրոցական տղու փառասիրութեանց ծիրովը միայն կը մնան ընդունելի։ Գիտենք որ Աճէմեան արձակով չէ արձակունակ ըրած իր բարձրաթռիչ մուսան։

Ու անմիջապէս կ՚աւելցնեմ.

Չորսին համար ալ իմ վերապահութիւնը մէկ է որքան բացարձակ: Ընդունելով անոնց դիւաններուն անհերքելի վկայութիւնը, ես կը մերժեմ անոնց չորսին ալ իրաւ, հարազատ, կատարեալ ստեղծումին անփոխարինելի ինչպէս անգնելի բարիքը, ու առանց պատէ պատ խօսքերու կ՚ընեմ՝ իմ՝ դատաստանը այդ քերթուածներուն անբանաստեղծութիւն կոչուած սեռի մը շքեղ նմոյշներ միայն կազմելուն։ Ուրիշ հարց` անոնց վարկը, որ տարիներով շփոթութիւն է ձգած միտքերու մէջ։ 1900ին մեր բանաստեղծութիւնը չունէր Թէքէեանի, Մեծարենցի, Վարուժանի բացարձակ վկայութիւնները, այդ ուղղութեամբ։ Սիպիլի գլխաւորած քերթողական եղանակը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ Կրտսեր Ռոմանթիքներուն գործադրած բանաստեղծութեան կանոնաւորումը, լեզուական, ռափսոտի ի վերաբերեալ հարցերու մէջ որոշ միօրինակութեամբ: Թերեւս քիչ մը շատ պարզապաշտ (simpliste) հանգանակներու ծառայել պիտի նշանակէր Ցոլքեր ու հեղինակուհիին ճաշակը պատկերող քերթողութեան համար գործածել իրապաշտ պիտակ մը, ընդդէմ Թէրզեանով գլխաւորուած դպրոցը յատկանշող ռոմանթիք ին։ Խորքին մէջ շատ քիչ, չըսելու համար ոչինչ կայ փոխուած, քանի որ նույն անբանաստեղծութիւնն է որ կը մնայ տիրական, Թէրզեանի ինչպէս Սիպիլի դիւաններուն վրայ մղձաւանջի մը նման առկախ, աննահանջ։

Փնտռել պատճառները, որոնք սա զառածումը, ուղիղ բանաստեղծութենէն սա օտարացումը ընէին հասկնալի, պիտի, նշանակէր անհարկի չափերով ընդարձակել ժխտական երեւոյթներու իմաստը։ Ի՜նչ շահ` իջնալ մինչեւ Վենետիկ, մինչեւ Բարիզ, մինչեւ Լոնտոն, այսինքն այս քաղաքներուն մէջ ալ ԺԹ. դարու սկիզբները տիրական ճաշակներուն վերլուծումին, ցոյց տալու համար որ հասարակ տաղաչափներ Շէնիէ, Լէոբարտի, Տըլիլ, Տրայտըն, Փոփ, Լէսինկ, նոյնիսկ Պայրըն, յիշելու համար ամենէն շքեղ նմոյշները ո՛ր աստիճան մեծատարած փառքի խորհրդանիշ արտայայտութիւններ դարձան, իրենց ժամանակներու կիսաստուածները իբրեւ պատուեցան։ Այսօ՞ր։ Գրականութ ե անց պատմութիւնը մեծ գերեզմաննոց մըն է, այս տեսակ անուններով իր պարապութիւնը զարդարող։ Ու մեր մէջ, նուա՞զ շքեղութիւններ` Հիւրմիւզ, Բագրատունի, Ալիշան, յիշելու համար ամենէն մեծակառոյց համբաւները, որոնց մեզի ձգած ժառանգութիւնը անտարազելի դժբախտութիւն մըն է երբ դատուի, առանց նախապաշարման կամ կեղծ հայրենասիրութեան։

Դէպքերը դէպքեր են սակայն։ Անոնց վերեւ երբեմն պտտող մշուշը կանուխ թէ ուշ կը հալածուի, զանոնք ձգելով իրենց իրականութեանը հետ։ Այսօր մարդիկ գիտեն թէ այդ մեծատարած անունները մեծատարած մեռելներ են, անդարձ կերպով մը իջած իրենց վերջնական հանգստարանը։ Մեզի համար այս ամենուն մէջ տխուրը ան է որ 1900ին, այսինքն տակաւին երէկ, տպուին գիրքեր որոնց անուններն էին Թրթռուն Յանգեր (1908), Արշալոյսէն Վերջալոյս (1912), Ամբողջական Բանաստեղծութիւններ Թ. Թէրզեանի (1929)։ Պէրպէրեան, աւելի զգաստ, իր բոլոր փառքին հակառակ, խելքն է ունեցած իր քերթուածները չխմբելու 1900էն վերջ ( Առաջին Տերեւք ը կ՚իյնայ 1877ի շրջանին: Խոհք եւ Յուշք ը՝ 1904ին, առանձին նիւթի մը շուրջը բանաստեղծութենէ աւելի մտածումներու, երազանքի, վերյիշումներու սրտագին վկայութիւն մըն է, ուր Առաջին Տերեւք ի եւ բոցաճաճանչ ռոմանթիքէն հազիւ թէ քանի մը շող կը մնան տակաւին։

Տաղաչափութիւն կոչուած աժան ու դիւրին մարզանքը, պարտաւոր եմ ըսել, չորսին համար ալ կը պահէ իր ամբողջ ծանրութիւնն ու մեղքը: Ինչպէս վերը դիտել տուի արդէն, երեւոյթը միայն մեզի յատուկ դժբախտութիւն մը չէ: Բոլոր ազգերու գրականութեանց պատմութիւնը կը պարզէ նման պատկերներ։ Սերունդի մը մէջ, ուր գրական ստեղծագործութիւնը ուրիշ մարզերու վրայ այնքան գեղեցիկ արդիւնքներով ինքզինքը կը պսակէ (մեր Իրապաշտները, օրինակի համար, արեւելահայ Ռոմանթիքները, Իրապաշտները` մինչեւ Վահան Տէրեան), մեզի կը զլացուի հաստատումը վաւերական բանաստեղծին։ Ո՞վ է բանաստեղծը Դուրեանին մահէն մինչեւ Մեծարենցի երեւումը, արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Փորձեցէք պատասխանել: ու պիտի տառապիք որ ստիպուած էք տրտում անուններով բաւարարուիլ, որոնք չափաբերուած տողեր միայն ձգած են մեզի, երբեք` իրաւ բանաստեղծութիւն։ Երբեմն երեւոյթը աւելի ընդարձակ է, տարածուելու համար ամբողջ դարու մը վրայ: Գրականութեանց պատմութեան խուզարկուները շատ լաւ գիտեն որ լուսաւորութեան դարը ոչ մէկ իրաւ քերթող է տուած ֆրանսական գրականութեան, ընդդէմ բարգաւաճ, յաղթական լէգէոններու որոնք այդ ժԸ. դարը ողողեցին մատրկալներով, épitreներով, առակներով, նոյնիսկ պզտիկ քնարական կտորներով, բոլորն ալ դուրս՝ հարազատ բանաստեղծութեան բարիքէն: Ապշեցուցի՞չ։ Անշուշտ: Ըսեր եմ տեղ մը փառքը պսակաւոր անգլիացի քերթողին . Թենիսըն) ու այն lugubre տրտմութիւնը որով կը պառկի յիշատակը In Memorial-ի ստեղծիչին։

Զարթօնքի Սերունդ մեր մէջ, չափով մը կ՚ազատի այս դատապարտութենէն, քանի որ իր անկորուստ փառքը տուած է մեզի Պ. Դուրեանի անձովը, մէկը թերեւս այս ժողովուրդին ամենէն մեծ բանաստեղծներէն զոր կարենայինք, առանց նուաղման մատուցանել ամբողջ աշխարհի հիացման [1] ։ Միւս կողմէն պարտաւոր եմ աելցնել որ Պ. Դուրեան, պատկանելով հանդերձ այդ սերունդին, վեր է անկէ, անկարծելի բարձրութեամբ մը, քանի որ երեք քառորդ դար փոխանակ աղօտելու այդ տղուն զգայնութիւնը, ընդարձակած է անոր ստեղծագործ զօրութիւնը, կը կարծեմ՝ անվերաքննելի ապահովութեամբ մը։ Դարձեալ, այդ սերունդին փառքին Բանաստեղծականին մէջ —- կը զիջիմ Մ. Պէշիկթաշլեանը որմէ արեւմտահայ գրականութիւնը, այս անգամ շեշտօրէն տեղական իր իմաստին մէջ գործածելով բառը, ժառանգած է մէկէ աւելի անթառամ գեղեցկութեամբ քերթուածներ։ Այս երկուքէն դուրս, մնացեալ բոլոր անուններուն առջեւ, միշտ այդ սերունդէն, անոնց ուղղակի յաջորդներէն, մինչեւ 1900, ինծի համար խղճահարութիւն մը չի կազմեր զանոնք խմբել մէկ ու նոյն պիտակին տակ, - ատիկա կարաւանն է տաղաչափներու ։

Այն պարագային երբ ունենանք խելքը երկու իրարմէ բոլորովին տարբեր իրողութիւնները, այսինքն բանաստեղծութիւնն ու անոր կերպարանքը հագնող տաղաչափութիւնը, արժեւորել ինչպէս որ պարտաւոր ենք ընել, մենք կը դիմաւորենք մէկէ աւելի գոհունակութիւններ։ Նախ, մեր գրականութեան ուսումնասիրութիւնը կը շահի որոշ ազատութիւն, որոշ ընդարձակութիւն, դադրելով վերաբերուելէ միայն ու միայն խումբ մը, շրջան մը մարդոց հոգեխառնութեան, տարածուելու համար ամբողջ մեր ժողովուրդին։ Ոչ մէկ փաստ, ոչ մէկ աղաչանք, ոչ մէկ նկատում չեն կարող արեւելահայոց հոգին համար ընդունելի ընել Թէրզեանի մը, Սէթեանի մը, Պէրպէրեանի մը քերթուածները։ Այո, անոնց պաշտօնական քննադատութիւնը զբաղված է արեւմտահայ բանաստեղծ ութ եամբ, ծ անօթ հաւաքածոն հրատարակած ու կցած է անոր ընդարձակ ալ ներածական մը, բայց այդ հետաքրքրութիւնը, արեւելահայ մեղքը ցոյց է տուած մեր ժողովուրդի ամենական արտայայտութիւններուն, պատմութենէն մինչեւ ֆոլք-լորը։ Անիկա այդ բանաստեղծները ուսումնասիրված է բանաստեղծականէն բոլորովին օտար ախորժակներով։ Բայց նոյն այդ չկամութիւնը այդ Դպրոցը չհամարձակեցաւ պարզել Պ. Դուրեանին տաղարանին առջեւ։ Ինծի անձնապէս ծանօթ է այդ դպրոցին տրամադրութիւնը Միսաք Մեծարենցի գործին վրայ [2] ։ Ուրե՞մն է Դուրեանն ու Մեծարենցը ընդարձակող փաստը, փաստն է իրաւ բանաստեղծութեան միւս կողմէն մեր գրական խղճմտանքը վերուստ տրտմութիւնները, վրիպանքները դարձեալ կը հասկնանք կարելի արդարութեամբ ու կը դնենք վերջ մը ընդարձակ տարակարծութիւններու, ամուլ վէճերու: Այսպիսի տագնապներ էին փառքերը Ալիշաններու, Պէշիկթաշլեաններու, Աղեքսանդր Փանոսեաններու, Սիպիլներու, Որբերեաններու, անսպառ է անուններու սա կարաւանը որոնց հանդէպ եթէ հրապարակային յաղթանակներ չենք մտածեր այսօր կանգնել Երեւանի փողոցներուն մէջ, բայց Սփիւռքի իրենց ժողովուրդին փառքերովը փառաւորուող մարդոց մեծ մասը գիտէ մնալ հանդարտ, առանց արհամարհանքի, բայց առանց ալ սուտ ու փուտ զեղումներու: Իրաւ բանաստեղծութեան հրաշքներէն մէկն է դարերը արհամարհել ոչ թէ քառորդ դարու մէջ հետախաղաղ կորսուիլ։ Երիտասարդ մը, որոշ հասկացողութեամբ մը պաշտպանուած, այսօր ձեռք կ՚առնէ յիշուած անուններէն ոեւէ մէկէն մեզի հասած տաղարան մը, կը խորասուզուի անշուշտ որոշ հետաքրքրութեամբ մը, լայնօրէն ինքզինքը տրամադրած հաղորդելու զինքը անմիջապէս կանխողներու հոգեխառնութեան բանաստեղծութիւնը այս հոգեխառնումը կարելի ընող ամենէն հաղորդական կրթանքն է, արուեստներէն հազիւ քանի մը էջ թղթատած երբ կը նետէ մէկդի հատորը, փաստը տուած կ՚ըլլայ ոչ թէ իր անհաղորդութեան, այլ այդ տաղարանին օտարութեան իր ժողովուրդէն։ Տաղաչափութիւնը մանտարինեան կրթանք մըն էր: Ատիկա ընելու անընդունակ քիչեր` մեր այդ սերունդէն։ Գրիգոր Օտեանն անգամ չէ դիմացած փորձութեան։

Խօսած եմ, Նար–Պէյի առիթով, Մխիթարեան վանքին մէջ ծնունդ առած, հասակ նետած ու աճած քերթողական ախորժակէն, ու անոր այն պատկերէն զոր պիտի ունենար Պոլիս փոխատնկուելէ վերջ, հոն ուսում առած պատանիներուն միջոցով։ Հազիւ կեցած եմ Չերազի մը քերթողական յաւակնութեանց, փառասիրութեանց առջեւ, այն գլխաւոր պատճառով որ խասգեղցի մեծ մարդը ամէն բան մեծ է սկսած, առանց բան մը կարենալ նուաճելու։ Պատանիներուն անդրանիկ փառասիրութիւնը աղջիկներէն համբոյր մը, մուսաներէն ալ պսակ մը կը կազմեն։ Շատ կանուխէն վտարած եմ նոյնիսկ տաղաչափներու շրջափակէն երբեմնի ահաւոր փառքը, Աղեքսանդր Փանոսեանը որ բառ չափելու իր մեղքը կը քառապատկէ խառնուածքի հիմնական ալ կեղծիքով մը։ Յայտներ եմ Եղիայի ոտանաւորներուն վրայ իմ դիտողութիւնն ու դատաստանը: Վաւերական համբաւով պարուրուած այս անուններէն դուրս կը մնան Թովմաս Թէրզեան, Ռեթեոս Պէրպէրեան, Յովհաննէս Սէթեան, Մկրտիչ Աճէմեան, Եղիշէ վարդապետ Դուրեան ( Հովուական Սրինգ էն առաջ, որ 1900էն վերջ գրուած քերթուածներու ժողովածու մըն է. մենք ունենք անկանգնելի քերթուածներ, նոյն այդ գրիչէն), բոլորն ալ արեւմտահայ քնարերգութեան մէջ որոշ վարկով, կշիռով։

Հետաքրքրական է նոյն ատեն որ այդ անուններէն մեզի հասած քերթուածները պարզեն նիւթի, ոգիի, թէքնիքի տեսակէտներէն զիրար շատ մօտիկէն յիշեցնող, իրարու հետ շփոթուելու աստիճան նմանատիպ հանգամանքներ։ Այս հանգիտութիւնը սակայն բոլորովին տարբեր է այն միւսէն որ կերպարանք կը ստանայ ամէն սերունդի իրագործումներուն միջինին վրայ, բայց միշտ եղանակը կը գտնէ մասնաւորուելու, ինքնանալու։ Փա՞ստ։ Դուք չէք կրնար իրարու հետ շփոթել Վարուժանն ու Սիամանթոն, Մեծարենցն ու Չրաքեանը որոնք ոչ միայն նոյն ժամանակի մարդեր են, այլ որոնց մշակած նիւթերը կուգան մէկ ու նոյն աշխարհէն։

Բայց ձեր հետաքրքիր ուշադրութեան կը յանձնեմ հետա գայ քերթուածները։

 

1.

ՅՈՒՆԻՍ 1870

Բուրեցէ՛ք, ծաղկունք. բոյներ, երգեցէ՛ք.
Ձեզ համար շողեր կը սփռէ արեգ.
Ծո՛վ ծիածաւալ, գմբէ՛թք երկնաւոր,
Դուք աստղեր ՚ւ ալիս ունիք բիւրաւոր:
Ձեզ են ժամանակք ՚ւ ասպարեզ անհատ.
Ես մեկ օր ունիմ՝ այն ալ յուսահատ։
Ինչպէս արբանեակ զոր թողուց աստղ իւր,
Կ՚ընթանամ յանհունն եւ չըգիտեմ ուր։
Աշխարհ իմ աչքիս համակուէր է սեւ.
Մըշուշին մէջ մութ կը ծագի արեւ։
Լափլիզող բոցէն հալածուած ի սփիւռ
Ըստուեր մ՚աչքերիս կը փախչի տրխուր,
Ինչպէս կայծակի զարնուած ծառի`
Ինչ բանի դպչիմ՝ մոխիր կը փոխուի։
Իմ քովէս կ՚անցնին անտարբեր մարդիկ,
Անտարբեր ողջոյնք, անտարբեր ժըպիտք.
Հոգիս նոճէպսակ քընար մ՚է դարձել,
Կոծի կը փոխուին հոն ամեն ձայներ:
Ո՛վ այնչափ անթիւ արեւներու Տէր՝
Ի՞նչ պէտք էին քեզ հեգ մարդուն ցաւեր…։

 

1870 (ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, Թ. Թէրզեան)

 

2

ՅԻՇԱՏԱԿ

 

Կուսա՜ն չքնաղ, փափուկ վարսիցդ մի ոլոր
Եւ մի պատկեր կերպարանացդ երկնաշնորհ
Ինձ նուիրես յիշատակ.

Կ՚ուզես դոքա իմ սրտին մէջ կենդանի
Պահեն յաւետ ըզքո տեսիլ գեղանի
Եւ զյուս քոյին սիրունակ։

Երկինք Երկիր ինչ որ ունին գեղեցիկ
Ինձ յար ըզքոյդ կը պատկերէն, ո՛ կուսիկ,
Գեղ եւ Շնորհ բազմազան.

Եւ ի բնութեան որչափ հնչեն ձայն ձայնք անոյշ,
Նոքա բոլոր հծծեն յունկն իմ եւ ի յուշ
Ըզքո անուն սիրաձայն։

Յերկին պայծառ՝ զամբիծ ճակատ քո վճիտ,
Յայգ շողազարդ՝ զաչքիդ նայուած լուսամիտ,
Ի վարդն ըզդէմսըդ շիկնած,

Ըզնազելի փափկիկ հասակդ ի շուշան
Տեսնեմ, եւ զքո կարծեմ լըսել քաղցրիկ ձայն
Ի դայլայլի, սոխակաց։

Ըզքեզ մոռնա՜լ… ո՜հ, ո՛չ, ցորչափ սիրտ մ՚ունիմ.
Սակայն առ իս ունել յաւետ քո անձին
Մի նշխարը պաշտելի

Չի աչացս առջեւ ըզտիպ գեղոյդ զոր բնութիւն
Նըկարելու լաւ՝ բաւական չունի գոյն,
Այս ինձ Շնորի մ՚հ երկնի։

1874

(ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՐԵՒՔ, Ռ. Պէրպէրեան)

 

3.

ՅԻՇԱՏԱԿՔ ԱՆՑԵԼՈՅՆ

 

Եւ շընչէր հողմ ամարան, տատանէին ծառք համախումբ.
Հեւ ի hեւ հեծեր հընչիւն հողմածածան սաղարթուց։
Երրորդ մասին հատանէր արեգ շաւղին իւր լուսափաղփ.
Լուռ էին մարդիկ համբուն, զի հեծութեանց դընին ունկն
Աղաղակող բընութեան զոր ամբոխիր շունչ մ՚երկնային:
Եւ յայնժամ յիս զարթնուին անցեալ տարեաց յիշատակք.
Մատաղ իմ մանկութիւն, երբ մայրենի աղու աւաչ
Որորեր առաւօտուն ապշած աչացըս նինջ թեթեւ,
Այն քուն թեթեւանինջ որ չէր մըթին, այլ լուսաւէտ,
Յորում աշխարհ ծիրանի երեւէր ինձ, երկին` բեհեզ:
Եւ ապա պատանութեան այն քաղցր օրեր հեշտալի,
Երբ ընկերաց հասակակից այնչափ գողտր էր տուրեւառ.
Օրեր ուսման եւ մըրցանաց, ի մարզ մըտաց դեռաբողբոջ,
Ուր եւ դոյզն ինչ խառնէին տարտամ դեմքեր երբեմնակի
Քաղցրահայեաց աղջըկան որոյ շըրթունք էին անոյշ.
Անորոշ եւ վաղանց հանգոյցք հոգւոյ զոր չը գիտենք
Եւ որ հազիւ թուլակի պարաւանդեն զսիրտ պարմանւոյ։
Ու ապա յոյզք ծանրագոյն երիտասարդ խոկուն հոգւոյ,
Երբ պնդագոյն եւ սերտ կապանք կաշկանդէին սիրտըն դողդոջ
Երբ ցայգ եւ տիւ գրաւեալ էին անվանելի խորհըրդով,
Յորժամ զոյգ մ՚ականողիք ուսուցին մեզ մըտածել,
Եւ թըխագոյն կամ խարտեաշ գլխոյ մի զհետ գնայինք ընդքարշ,
Աստանդական թափառող փոյթ ի խընդիր մի ակնարկի,
Կամ գլխոյն մէջ ունելով մի պարեգօտ հոլանաձեւ՝
Կամ օձատ մի ճամփորs արկեալ զմարմնովին փափկամեջ,
Անուշաբոյր երբ մըթնոլորտ երեկոյին սըփռել ըզմեօք
Եւ խունկք ըզգըլխիչ ծեր երկրից դուրս բըխէին:

 

1882 -1883

(ՅՈՒԶՄԱՆ ԺԱՄԵՐ, Յովհաննէս Սէթեան)

 

4.

ՀԱՆԳԻՍՏ

 

Դեղնած ու խանձած` ինչպէս չոր տերեւ,
Կախուած էր կեանքին թելով մը թեթեւ.
Եւ ան որ առոյգ՝ աշխոյժ էր այնքան
Հիմա անճանաչ, նիհար ուրուական,
Կըմախք մ՚է դարձեր, կաշի եւ ոսկոր
Դողդոջ ծերու պէս բեկեալ՝ միջակոր.
Ու լայն բիբն աչքին դուրս ցըցուած խորեն
Տրտմագին ժպտով փայլի հեգնօրեն:

Բայց այդ ուժասպառ ու տարտամ ստուեր
Տակաւին չքնաղ յուսով մ՚որորուէր,
Եւ իր թափանցիկ մատներուն՝ գաղտնի
Ցնծութեամբ փորձեր ոսկեղէն մատնի.
Իղձեր՝ երազներ տածեր վեհ կամ խեւ
Մինչ օրհասն հսկէր իր գլխուն վերեւ:

 

Ափսո՜ս, հազուագիւտ ձիրքերդ ու տաղանդ
Անհետ փճացան. ափսո՜ս քեզ Երուանդ,
Որ զուարթ հոգւոյդ ծաղիկներ մի մի
Փետեցիր դուն քու ձեռքով թշնամի.
Տենդը մոլեգին` հաճոյքին հրապոյր
Անդունդը մըռեց ըզքեզ իբրեւ կոյր.
Ճըղակտոր ըրիր կեանքը արդէն խարխուլ.
Մեր սէրը մոռցար ու մեր ձայնին խուլ
Խըմեցիր անուն այն թոյնին կաթիլ՝
Առանց կարծելու այսպէս շուտ մեռնիլ։
Եւ այլն։

 

1892

(ԹՐԹՌՈՒՆ ՅԱՆԳԵՐ, Մկրտիչ Աճէմեան)

 

Այս քերթուածներուն ինծի բերած ճակատագրական, գրեթէ չարաշուք խռովքը, արուեստը այն աստիճան անգիտելէն ծնունդ առած, անոնց հեղինակներուն հաշւոյն, պահ մը կը փորձեմ մոռնալ։ Ու կը հրաւիրեմ ընթերցողը հեղինակներուն անունները փոխանակել իրարմով։ Այս տեսակ գործողութեան մը արդիւնքը այն պիտի ըլլար որ Աճէմեանին Հանգիստ ը կրնար, առանց անպատեհութեան, ստորագրուիլ Թէրզեանին Յունիս ին հետ համահաւասար։ Այս փորձը նույն արդիւնքը պիտի տար Uէթեանին եւ Պէրպէրեանին քերթուածներուն համար։ Բայց այս արդիւնքը աւելի քան վճռական է քերթողի մը տեսակարար կարողութենէն։ Ու այս տարօրինակ պարագան դատապարտութիւնն իսկ է այդ դպրոցին։ Միւս կողմէն յանդգնեցէք այդ փորձը գործադրել Դուրեանին, Վարուժանին, Մեծարենցին, Թէքէեանին որեւէ մէկ կտորին վրայ։ Ձեր պատուհասումը պիտի ըլլար նոյնքան բացարձակ։ Ասիկա՝ համոզիչ, թէ ինչու նոյն բաները չեն բանաստեղծութիւնն ու տաղաչափութիւնը:

 


 



[1]        Նանրամիտ սխալը՝ հանդիպող յաւակնոտին, մեր բանաստեղծները օտարին մատուցանելու։ Մինաս Չերազ, Արշակ Չօպանեան, Ա. Նաւարեան, Ա. Փանոսեան, Ե. Գոլանճեան, Հերմինե Հովեան իրենց ներած են այդ սրբապղծութիւնը երբ աւելի քան յստակ էր իրենց անբաւարարութիւնը իբրեւ բանաստեղծ, մայրենի լեզուով իսկ։ Բանաստեղծու. թիւն մը կը թարգմանուի բանաստեղծի մը կողմէ։ Անհասկնալի բացառութիւն մը, այս ուղղութեամբ Սիպիլ, որ հայացուցած է կատարեալ յաջողուած քով, քանի մը Պոտլէռեան տաղեր:

[2]        1922ին, Խ. Հայաստանի ներկայացուցիչներէն (Կարինեան Ա. ) ես պաշտօն էի ստացած Մեծարենցի վրայ կատարելու ընդարձակ ուսումնասիրութիւն։ Քաղաքական դէպքերը մեզ տարտղնեցին Պոլսէն։ Ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսաւ Հայրենիք հանդէսին մէջ երկու տարի վերջ։ Մէջտեղն է Պետհրատի կողմէ հրատարակուած Հատորը որ կը խմբէ Մեծարենցի բոլոր գործը։