Է.
Ունինք
սա
քերթուածը.
ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ
(1)
Երբ
մենաւոր
կը
կարծես
զիս
Մօտ
ամայի
ծովափին,
Կամ
անտառաց
խորն՝
ուր
տերեւք
Եւ
բոյնք
ու
վտակք
կոծկոծին,
(5)
Կամ
աչքս
յառած
աստղի
մը
վրայ
Որ
կը
թռչի՜,
կը
թռչի՜,
Կամ
խոտին
վրայ
ընկողմանած
Խօսիմ
մոռցուած
մէկ
ծաղկի,
(9)
Կամ
ամեհի
ալեաց
կռնակն՝
Մտածումս
հեծած
անհանդարտ,
Անոնց
հետ
ինքն
ալ
կ՚ալեծփի
Ներքին
մրըրկաց
դիմամարտ,
(13)
Ո՛չ,
ո՛չ,
մինակ
չեմ,
այլ
տրտում
Հոգւոյս
քովեն`
լուսատու՝
Անբիծ
ըստուեր
մ՚ինձ
կուղեկցի,
Սիրուած
՚ւ
անբիծ…
՚ւ
այն
ես
դո՛ւ։
(17)
Հետդ՝
անբարբառ,
զերծ
աշխարհիս
Տաղտուկներին,
հե՛շտ
ժամեր,
Անհունութեան
մէջ
կը
կանգնենք
Երջանկութեան
պալատներ…:
(Թ.
ԹԵՐԶԵԱՆ)
(ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ,
էջ
211)
Ինծի
ընտանի
եղանակով
մը
այս
քերթուածը
կ՚ենթարկեմ
ա)
Խորքի
բ)
Ձեւի
վերլուծումներուն՝
ա)
—
Խորքի
քննութիւն:
Ի՞նչ
կ՚ըսեն
այս
քսան
տողերը։
Ահա
մօտաւոր
պատասխան
մը.
—
1-4
տողերուն
մէջ
մէկը,
ծովափ
մը,
անտառ
մը
կը
գտնուի։
5-8
տողերուն
մէջ՝
այդ
մէկը
աստղի
մը
կը
յառի,
ծաղիկի
մը
կը
խօսի։
9-12
տողերուն
մէջ`
ալիքներուն
կը
նայի,
ներսէն
մրրկեալ։
13-16ին`
մինակ
չէ,
սիրուած
ստուեր
մը
իրեն
կ՚ուղեկցի։
16-20ին՝
անհունին
մէջ,
այդ
ստուերին
հետ
պալատներ
կը
կանգնէ։
Այսի՞նքն։
Քսան
տող
–
որպէսզի
մենք
անհունութեան
մէջ
երջանկութեան
պալատ
շինողներու
հետ
ըլլանք։
Ինչ
որ
ես
անլրջութիւն
կ՚անուանեմ,
ահա
այս
անպատասխանատու
եւ
ազատութիւնն
է
Թէրզեանին,
իր
բոլոր
քմայքները,
տենջանքները,
երազանքները
մեզի
մատուցանելու
անգութ
անփութութեամբ
մը։
Ո՞վ
չի
գիտեր
որ
դպրոցին
(Ռոմանթիք)
սա
զեղծանումը,
Վենետիկէն
ու
արեւմտեան
մեծ
ոստաններէն
վերջ,
Պոլիս
պիտի
վերածուի
աւելի
դառնագին
կորանքի
մը,
նոյնիսկ
խառնուածքի
որոշ
պաշտպանութեամբ
ալ,
անբաւական
դուրս
գալով
ձեւական
քմայքին
բռնութենէն
ինքզինքը
ազատագրելու:
Նորէն
չեմ
դիզեր
անուններու
(գործերէ
ինչպէս
դէմքերէ)
փաստը։
Մենք
կը
հաւատանք
որ
Թովմաս
Թէրզեան
կոչուած
մարդը,
վերի
քսան
տողերը
գրելէ
առաջ,
այցուած
է
այս
Միայնութիւնը
թելադրող
հոգեվիճակէ
մը։
Բայց
կը
ցաւինք
որ
այդ
վիճակին
նուաճումին
համար
նույն
այդ
մարդը
չըլլայ
այցուած
արուեստին
լրջութենէն,
առնուազն
զինքը
կարդալու
կանչուած
մարդոց
մէջ
իր
առաջ
բերելիք
հակազդեցութեանց
տագնապէն։
Այս
անտարբերութիւնը,
անփութութիւնն
է
ահա
որ
մղած
է
մեր
Կրտսեր
Ռոմանթիքները
իրենց
բերնին
եկածը
մեզի
աւանդելէ,
հոգ
չէ
թէ
այդ
ամենը
ընկուզի
կճեպը
անբաւական
գան
լեցնելու։
Հեռի
ինձմէ
նիւթին,
նիւթերուն
խորհրդաւոր
պաշտամունքը։
Բայց
վայ
անոր
որ
կը
հաւատայ
թէ
պտոյտի
ընթացքին
իր
տեսածները
պիտի
բաւեն
իրեն
ապրող
գործ
մը
ստեղծելու,
առանց
այն
ահաւոր
պատրաստութեան,
alchimie-ն,
որով
այդ
նախանիւթերը
կը
փոխակերպուին:
Ի՞նչ
է
ի
վերջոյ
յատակը
վերը
քերթուած
էին։
—
Անշուշտ
տղայամիտ
չէք,
Թէրզեանին
չափ,
գոհանալու՝
անհունութեան
մէջ
օդեղէն
թէկուզ
երջանկութեան
պալատներու
ճարտարապետութեամբ
մը։
Հետեւաբար,
նպատակին
հիմնական
վրիպանքէն
վերջ
պիտի
աշխատիք
այդ
գոհացումը
փնտռել,
ճարել
դեպի
հոն
հանող
ուրիշ
վիճակնե.
րով։
Կուգամ
ուրեմն
ձեւին
քննութեան։
1-2
տողերը,
կարծիքի
մը
փաստովը,
զիս
կը
ձգեն
անտարբեր։
Քերթողներու
հետ
մենք
շատ
քիչ
անգամ
պիտի
մտածենք
կարծեկան
(թող
ներուի
այս
նորութիւնը)
կարելիութիւններու։
Ո՞ւր
է
որ
այդ
բանաստեղծը
կը
կարծէ
որ
զինքը
մինակ
կը
դատէ
իր
սիրականը:
Այսինքն՝
ո՞ւր
կը
թաւալին
քերթուածին
պարագայական
(տեղ,
ժամանակ,
եղանակ
եւ
այլն)
հանգամանքները:
Նոյնիսկ
երկինքին
խորունկ
ալքերուն
համար
երբ
Պետրոս
Դուրեան
սանդուխներ
կը
դնէ,
հպատակ
է
մեր
սա
պահանջին։
Ուրեմն,
բանաստեղծը
ծովափ
մըն
է։
Եթե
դուք
այդ
ծովափին
ամայքը
կը
հանդուրժէք,
բարով
վայելէք
զայն
է
ինծի
համար
ամէն
մէկ
առ
պարտքին
տակն
է
ինքզինքը
անհրաժեշտ
ընծայելու:
Վերցուցէք
ամային,
ծովափը
կը
մնայ
ծովափ։
Ուրեմն
այդ
ածականին
ներկայութիւնը
կը
ձգէ
զիս
ոչ
միայն
անձ
տարբեր,
այլ
կ՚ընէ
քիչիկ
մըն
ալ
անտրամադիր։
Յետոյ,
2-4
տողերուն
մէջ,
քերթողական
ազատութեամբ
մը,
Թովմաս
Թէրզեան
զիս
կը
կանչէ
անտառ:
Չենք
կրնար
չհետեւիլ,
բայց`
կ՚ըսենք
իրեն.
ի՞նչ
հարկ
մեզ
ծովափ
կանչելու,
երբ
նոյն
ակնթարթով
պիտի
հրաւիրէք
անտառ։
Ի՞նչ
ընելու,
սակայն:
—
Հոս
է
ահա
ողբերգութիւնը:
Դուք
պիտի
իմանաք
այդ
պատուական
քերթողէն
որ
այդ
անտառին
խորը
տերեւներ,
բոյներ,
վտակներ
կը
կոծկոծին:
Բայց
թող
ներուի
մեզ
հարցնել
թէ
ի՞նչ
է
մեր
գործը
այդ
տերեւներուն,
բոյներուն,
վտակներուն
հետ։
Ատոնց
գեղեցկութի՞ւնը
պիտի
վայելենք:
Բայց
կոծկոծինը
անբաւական
է
թելադրելու
որեւէ
խորունկ
ու
լայն
ապրում։
Մենք
այդ
բառերուն
իմաստը
իրեն
չափ
գիտենք.
շատ
շատ
կրնանք
Հայկազեան
Բառարան
դիմել,
ատոնց
բառարանային
իմաստին
հետ
հաղորդ
ըլլալու:
Ու
քերթուած
մը
բառարան
մը
չէ։
Անցած
են
չորս
տողեր:
Մենք
չենք
վարձատրուած
ոչ
մէկ
իրաւ,
խոր,
չըսելու
համար
մեզի
անծանօթ
կամ
քիչ
ծանօթ
յոյզերէ։
Եղածը-չեղածը
բառերու
շարք
մըն
է:
Մի
ըսէք
թէ
բոլոր
քերթողները
բառեր
միայն
ունին
իրենց
տրամադրութեան
տակ:
Լա՛ւ:
Ահա
ուրեմն
ձեզի
ուրիշ
քառեակ
մը։
Որքան
ունիս
դու
ալի,
Ճակատս
այնքան
խոց
ունի.
Որքան
ունիս
դու
փըրփուր,
Սիրտս
այնքան
խոց
ունի
բիւր:
(Պ.
ԴՈՒՐԵԱՆ)
(ԼՃԱԿ)
Կիրարկեցէք
նոյն
եղանակը
այս
չորս
տողերուն
ալ
վրայ:
Առաջինը
իմ
աչքիս
կը
փռէ
վէրքեր,
երեսը
ջուրին,
սանկ
քիչ
մը
հեռուէն
տեսնուած։
Անշուշտ
արտաքին
աշխարհի
ամէն
շահագործում
մեզի
վտանգ
մը
կը
հեռազդէ։
Ով
կ՚ուզէ
ըլլայ
այդ
շահագործումին
հեղինակը,
մենք
նկարագրութիւնը
կը
նկատենք
կասկածելի,
ըսելիք
չունեցող
մարդու
աճպարարութիւն:
Բայց
մեր
դժգոհանքը
իսկոյն
կը
սանձուի,
երբ
երկրորդ
տողը
իր
ահաւոր
մարդկայնութեամբը
կը
պառկի
դարձեալ
իմ
աչքերուս։
Կը
տեսնեմ
քսանամենի
պատանին
որուն
ճակտին
վրայ
վարդի
տեղ
ցաւին
ակօսները
կը
բուսնին,
այդքան
վաղահաս,
բայց
անդիմադրելի։
Ու
հակառակ
հռետորական,
ռոմանթիք
չափազանցութեան,
թիւէ
ու
չափէ,
իմ
միտքը
կ՚անցնի
անդին
այս
սեղմումներէն,
վասնզի
կը
հաւատամ
թէ
այդ
տղան,
այդ
ալիքներուն
թիւովը,
եթէ
ոչ
աւելիովը
մտմտուքներ,
ցաւեր
էր
ապրեցուցեր
իր
դժբախտ
ճակտին
ետին։
Տուէք
Պետրոս
Դուրեանին
գիտակցութեան
(ըսել
կ՚ուզեմ
գիտակցուած
ապրումներու)
տասը
տարի։
Դրէք
այս
թիւին
իր
ստորաբաժանումներէն
ամէն
մէկուն
մէջ
(օրերը
ցա՜ւ
են
մարդոց
մէկ
մասին
համար,
ինչ
որ
կեանքը
կը
բաշխէ
իր
զրկանքէն,
տառապանքէն։
Աճեցուցէք
այդ
սեւ
սերմերը
այդ
մատաղ
ջղայնութեան
կրակին
ու
արցունքին
մէջը։
Ըրէք
անօթի,
ծարաւ,
ըղձաւոր,
յիմար,
երանակոծ
տղան,
որուն
միտքին
ըլլան
արձակուած
բոլոր
սահմանները
եւ
իր
ինքզինքը
զգայ
կանչուած
սա
աշխարհէն
առնելու,
ուրիշներուն
պէս
ու
չափ,
իր
բաժինը
անոր
բարիքներէն։
Որ
երկարէ
իր
գութը
այդ
ապրումներու
անձրեւին
ու
հոն
ինկած
հեղուկը
երբ
տանի
բերանը,
զգայ
թէ
արիւն
էր
ու
արցունք,
բախտին
անողոք
մատուըներէն
հոն
ճմլուա՜ծը։
Է՜:
Կեանք
է
ասոր
անունը։
Երբեմն
մէկ
հատիկ
օրուան
մէջ
ես
ունեցել
եմ
Վոսփորը
լեցնելու
բաւող
դառնութիւն,
այդ
ափունքին
երբ
դողի
ու
արցունքի
մէջ
սպասեր
եմ
մահուան,
թուրքին
կախաղանովը,
սուրովը
կախ
իմ
մտքիս
առջեւ:
«Ի՞նչ
էր
իմ
յանցանքը»:
Պետրոս
Դուրեան
այդ
օրերէն
հազարներ
է
դրած
իր
սրտին
տունը։
Ահա
թէ
ինչու
իր
տողը
ինծի
չի
թուիր
չափազանցեալ:
Ընդհակառակը։
Դեռ
միտքն
ազատ
է
աւելիին
խորհելու։
Քառեակին
3-4
տողերուն
մէջ,
մտածումը
արդէն
կ՚արդարացնէ
իմ
ենթադրութիւնը։
Բանաստեղծը
չէ
գոհացած
լիճին
երեսի
բիւրաւոր
վէտերուն
իրեն
իր
մտահոգութիւնները
թելադրող
պատկերով,
զի
իրականութիւնը
աւելի
ընդարձակ
էր:
Ու
երկրորդ
երկեակին
մէջ
մեզի
կը
փռէ,
միշտ
աւելի
սրտառուչ
բայց
ձեւին
մէջ
գրաւիչ
ուրիշ
պատկերով
մը։
—
Ալիքին
երեսին
դուք
համրա՞ծ
էք
փրփուրները։
Ոչ
տղայական,
ոչ
ալ
ռոմանթիք
չափազանցութիւն։
Անոր
սիրտին
խոցերը
աւելի
են
քան
գումարը
այդ
փրփուրնեուն։
Ու
մենք
կը
նուաճուինք,
վասնզի
մէկէն,
այդ
փրփուրներուն
ուղիովը
կ՚իջնենք
սիրտին
մեջը
երիտասարդ,
մահագիր
քերթողին։
Ու
նոր
չէ
որ
պուտ
մը
մարդկային
խելք,
րոպէ
մը
գիտակից
ապրում
կը
բաւեն
լեցնելու
ոչ
միայն
քանի
մը
կոնքերը
լիճերուն,
այլ
նրբին
ամբաւութիւնը։
Արձակեցէք
ձեր
միտքէն
սլաք
մը
դէպի
խորունկները
երկնակամարին։
Թող
այդ
սլաքը
ինքզինքը
վերածէ
իր
լարերուն,
ամէն
մէկ
աստղի
մէջէն
անցնող
իբրեւ
կախարդական
առանցքներ,
լեցնէ
այդ
աստղերուն
առասպելական
գունդերը,
անցնի
աւելի
անդին,
ողողէ
տարածութիւնները,
անջրպետները
իր
իսկ
իսկութեամբը։
Ասիկա
ոչ
միայն
կարելի
է,
այլեւ
միակ
իրաւ
սփոփանքն
է
մարդ
կենդանիին,
ինչպէս
կը
տեսնէք։
Տասը
տողերու
պզտիկ
բանտը
ի՞նչ
տիեզերք
է
երբեմն։
Մի
ըսէք
թէ
մեծ
բանաստեղծի
մը
շուքին
մէջ
անարդար
բան
է
հանդիպող
տաղաչափը
խաչը
հանել:
Թովմաս
Թէրզեան
մեծ
բանաստեղծ
է
այդ
օրերուն,
աւելի
վարկաւոր
քան
Սկիւտարի
դժբախտ
սոխակը։
Ու
իբր
այդ՝
պարտքին
տակն
է
մեզի
թելադրելու
առնուազն
լուրջ
ապրումներ։
Արդ,
կը
հարցնեմ
ձեզի
որ՝
այս
տողերը
կը
կարդաք.
ո՞ւր
է
անկարելին,
քերթողականը՝
ծովափէ
մը
անտառ
թռչելու,
երեւակայութեան
թեւերը
երբ
մեզ
կ՚առնեն
կը
տանին։
Ուրի՞շ
բան
է
ըսածը
Թովմաս
Թէրզեանին։
Կ՚անցնիմ
երկրորդ
քառեակին։
5–6
տողերուն
մէջ
աստղ
մը։
Չմոռնաք
ասիկա։
Որ
մեր
գիտցածէն
պիտի
տարբերի
թռչիլ
կրնալովը,
անշուշտ
աստղաբաշխական
ընթերցումի
մը
արձագանգ՝
անոր
մտքին
մէջ,
քան
թէ
քերթուածէն
թելադրելի
իրողութիւն։
7-8
տողերը
մեզ
կը
տանին
դաշտ,
խօսելու
ծաղիկի
մը։
Ուրեմն
երկու
հիմնատարր,
արտաքին
աշխարհէ։
Իրն
ըլլան
այդ
աստղը,
այդ
ծաղիկը
երբ
անոնք
քերթողին
հոգեկան
ապրումներէն
ոչ
ինչ
ունին
ինծի
յայտնելիք:
Հարկ
կա՞յ,
խորացնելու
վերլուծումը
ու
այդ
բառերէն
պահանջելու
իրենց
վկայականները
թէ
ուր
իրաւունքով
եկեր
են
խառնուելու
Միայնութիւն
հոգեվիճակին:
Մնաց
որ
ոչ
մէկ
փոխաբերական
գրգիռ,
ոչ
մէկ
ձայնական
շնորհ
կը
պաշտպանեն
այդ
մերկութիւնը։
Ու
կարճ
ըլլալու
համար
կ՚ըսեմ,
մենք
չենք
կրնար
երեւակայել
մէկը
որ
ըլլայ
անկարող
այդ
աստղը,
այդ
խոտը,
այդ
ծաղիկը
այդպէս
քով
քովի
բերելու,
քանի
որ
ատկէ
դուրս
ուրիշ
ոչ
մէկ
գործողութիւն
է
Թէրզեանէն
կատարուածը։
-
Երրորդ
քառեակին
նորէն
ծովափ,
ալիքներուն
վրայ
հեծած
մտքով։
Հոս
ներքին
մրրիկները
պահ
մը
կը
թուին
միջամտել,
բայց
կ՚իյնան
թեւաբեկ,
քերթողին
մտածումին
նման:
Անցած
են
տասներկու
տողեր
ու
մեր
դառնացումը
տակաւ
կը
վերածուի
զայրոյթի:
Կա՞յ
ուրիշ
որակում
մը
նման
անփութութիւնները
դատելու,
եթէ
ոչ
խորունկ
արհամարհանքը
այս
մարդուն՝
հանդէպ
իր
ընթերցողին:
Չորրորդ
քառեակին
մէջ
մենք
պիտի
իմանանք
որ
անբիծ
ստուեր
մը
(օ՜,
բծաւոր,
աղտոտ
ստուերը)
բոլոր
այդ
վսեմ
արարքներու
ընթացքին
կ՚ուղեկցի
քերթողին։
Այս
վիճակն
ալ
զերծ
չէ
տղայական
երանգէն
որ
խակ
ռոմանթիզմին
մէջ
այնքան
իրաւ
է
սակայն։
Ու
հինգերորդ
քառեակը
մեզի
պիտի
պատմէ,
վերջապէս,
թէ
ինչու
գրուած
է
քերթուածը։
Չեմ
կրկներ
մանկամտութեան,
չըսելու
համար
ծանծաղամտութեան
սա
փաստերը
դատապարտող
իմ
առարկութիւնները։
Մարդիկ
պալատներ
լինելու
համար
երկինքները
ի՞նչ
գործ
ունին.
թէեւ,
միւս
կողմէն,
բանաստեղծը
ճամբայ
մըն
ալ
ցոյց
չէ
տուած
այդ
երկինքները
առաջնորդող։
Ամբողջ
քերթուածին
մէջ
ոչ
մէկ
բանաստեղծական
հարազատ
ապրում։
Կ՚ուզէ՞ք
փաստ
այդ
ապրումներէն։
Նորէն
կը
դիմեմ
Դուրեանին։
Ձեռքս
տարաւ
կուրծքին.
հոն
Սիրոյ
երկինք
մ՚որոտար:
Թօշնեցայ
գիրկն
ես
իբրեւ
Համբոյր
մ՚անհուն,
դալկահար:
(Պ.
ԴՈՒՐԵԱՆ)
(ՆԵՐԱ
ՀԵՏ)
Չորս
էջ
չի
բաւեր
չորս
այս
տողերուն
ինծի
թելադրած
ապրումներուն
գումարը
բովանդակելու:
Գործադրեցէք
թափանցումի
եղանակը,
քիչ
վերը
փորձուած՝
Լճակի
քառեակին
վրայ
ու
դուք
կ՚ունենաք
այդ
գումարը։
Թէրզեանի
քերթուածին
մէջ
խոտը,
ծաղիկը,
աստղը,
ալիքը,
պալատը
կը
նմանին
չորցած,
կռնծած
հունտերու:
Ոչ
մէկ
շունչ
անոնց
մէջէն
պիտի
կրնար
ծիլ
մը
կեանք
շարժումի
հանել:
Ամբողջ
քերթուածին
մէջ
ձեւական
ոչ
մեկ
գեղեցկութիւն:
Բացէք
դալկահար
համբոյրը
որպէսզի
տեսնէք
հազէն
բզքտուած
ճեղք
ճեղք
եղած
շրթներուն
կապտորակ,
դալուկ
իսկ
ըլալու
անկարող
շրթունքներուն
ահաւոր
իրականութիւնը։
Ի՜նչ
ամօթ,
բեռ
են,
եղան
անոնք
անոր
պատանիի
բերանին
երբ
համբոյրի
հեծքին
տեղ
արիւն
փոխադրեցին
երբեմն
խոտին,
երբեմն
թաշկինակին,
երբեմն
ալեակին,
երբեմն
գերեզմանի
մը
մարմարին
վրայ,
հազի
մը
հետ
կամ
անկէ
վերջ,
ու
ըլլալու
տեղ
կեանքին
գերագոյն
թաւշութիւնը,
թովչութիւնը,
գինովութիւնը,
ուրիշի
մը
սիրտին
մէջ
մեզմէ
աղբերացող,
եղան
մեզմէ
փախչող
կրակին,
կեանքին,
համին,
երիտասարդութեան
աղն
ու
արցունքը:
Այդ
շրթներուն
համար
դալկահարը
որքան
տեղին
է
անշուշտ
բայց
որքան
ալ
քիչ։
Բանաստեղծ
մը
բանաստեղծ
է
նոյնիսկ
իր
փշրանքներուն
մէջ։
Հապա
թօշնի՜լը։
Համբոյր,
որ
կը
թոռմի։
Կրցա՞ք
խելամտիլ
թէ
ինչ
կը
նշանակէ
ձեւական
գեղեցկութիւն:
Թէրզեանին
քսան
տողերը
ահաւոր,
քար
լռութեամբ
մը
կը
մնան
զուրկ
այդ
կարգի
ամէն
նշմարանքէ։
Ամբողջ
քերթուածին
մէջ
ոչ
մէկ
յուզման
տարր։
Կը
կարդանք
ու
կ՚անցնինք,
հանդարտ։
Հեռու,
օտար,
չհաւատալով
բանաստեղծին
որ
իր
կարգին
չի
կրնար
հաւատալ
երկինքներու
մէջ
կառուցուելիք
ապարանքներուն
ու
ասոնց
ներսը
այդ
«անբիծ»
ստուերին
հետ
գլուխ
գլխի
ապրումներուն
մարդկային
իրականութեան։
Ամբողջ
քերթուածին
մէջ
ոչ
մէկ
զգայութիւն։
Ոչ
մեկ
զգացում:
Ոչ
մեկ
մտածման
կայծ։
Ոչ
մեկ
իրական
թրթիռ։
Ոչ
մեկ
սարսուռ:
Այն
ատե՞ն։
Ինչո՞ւ
գրուած
են
այդ
քսան
տողերը։
Պարզ
է
պատասխանը:
Այդ
քսան
տողերը
գրուեցան
դժբախտ
ապահովութեամբը
մէկու
մը
որ
վանկերը
համրել
գիտէ
ու
յանգեր
կրնայ
յարմարցնել։
Ինչպէս
կը
տեսնուի,
վերլուծման
այս
եղանակն
ալ
ուրիշ
տեղ
չտարաւ
զիս
եթէ
ոչ
մէկ
ու
հիմնական
նկատումին,
—
տաղաչափութեան:
Արդ,
փորձեցէք
այս
եղանակը
Թովմաս
Թէրզեանէ
ստորագրուած
որեւէ
քերթուածի
վրայ:
Կրնայ
պատահիլ
որ
քսան
երեսուն
տողերէ
վերջ,
տող
մը
ինքզինքը
պարտադրէ
ձեզի,
վերը
աչքէ
անցած
քանի
մը
նախապայմաններէն
բարերարուած։
Կ՚ընդունիմ
այս
վկայութիւնն
ալ:
Բայց
վճռաբար
կը
յայտարարեմ
որ
չի
կրնար
պատահիլ
հակառակը,
այսինքն
հանդիպումը
քերթուածի
մը
որ
քալէր,
իր
թափը
առնելէ
վերջ,
դէպի
իր
ճակաատագիրը,
ըլլալու
համար
մեր
օրերուն
ալ
արժեք
մը
կազմող
վկայութիւն
մը։
Որքան
ալ
դառն
ըլլայ
այս
հաւաս
տումը,
չի
դադրիր
իրական
ըլլալէ։
Փորձը
ընելը
ձեզի։
Ես
աւարտեցի
այս
մարդուն
հետ
խառնուածքի,
տաղանդի,
մտայնութեանց
էական
հարցերուն
ոչ
թէ
լուծումը,
այլ
այն
հարցերուն
իսկ
զգայութիւնը,
միշտ
մեզի
մնացած
փաստերէն
առաջնորդուած։
Կը
մնայ
վերադառնալ
ուրիշ
կարելիութեան։
Այսինքն
Թերզեանը
տեսնել
իր
ժամանակին
մեջ։
Բայց
անոր
զգայնութիւնը
դարով
մը
չի
բաժնուիր
մերինէն:
1900ի
ապրումները
այսօրուան
ապրումներ
են
տակաւին
մեզմէ
շատերուն
համար։
Յետոյ,
վա՜յ
այն
բանաստեղծին
որ
իր
ժամանակը
միայն
կ՚ապրի:
Թէրզեանը
կը
դաւանին
իբրեւ
ներդաշնակ,
դասական,
քնքուշ
տաղերու,
տողերու
virtuose
մը:
Հոս
ալ
կը
բաժնուիմ
հասարակաց
հիացումէն։
Թէրզեան
լեզուն
պահեց
Ալիշանի
որձեւէգ
բարբառին
բոլոր
թացիկութիւնները
եւ
տարեցաւ
այդ
ոճը
գրաբարեաններուն
աղմուկին։
Չունինք
իրմէ
որեւէ
քերթուած
ուր
Սիպիլի
մը
(1870)
աշխարհաբարը
գոնէ
ըլլար
յարգուած։
Արշակ
Չօպանեան,
Գրիգոր
Զոհրապ,
Եղիշէ
վարդապետ
Դուրեանն
ալ
սպասարկած
էին
այդ
բարբառին։
Բայց
ինչ
բնականութեամբ
թօթուեցին
լեզուական
սնոտիքը
ու
գրեցին
իրենց
պայծառ
աշխարհաբարը։
Թէրզեան
1900էն
վերջն
ալ
ունի
անտանելի
խառնուրդը
գրաբար
–
աշխարհաբար
ոճին
որուն
գլուխ-գործոցը
Գարագաշի
թարգմանած
Նոր
Կտակարանն
էր,
իննսունական
թուականներուն:
Պիտի
կրկնեմ՝
փորձը
Սէթեանին
ալ
վրայ:
ԼՈՒՍՆԻՆ
ՏԱԿ
(1)
Մարդիկներին
հեռացած,
Խաղալիկ
ճեմելով,
Գիշեր
մըն
էր
գեղապանծ
Երթայինք
դէպի
ծով,
Որուն
խորին
է
յատակ
(6)
Գեղեցիկ
լուսնին
տակ։
(7)
Յիշե՞ս
արդեօք,
Հեփտիւրէ՛,
Ինչ
պայծառ
էր
երկինք,
Որուն
նշոյլն
արծաթէ
Գգուէր
քու
խոպոպիք,
Երբ
ծովափանց
մօտեցանք
(12)
Գեղեցիկ
լուսնին
տակ։
(13)
Չեմ
գիտեր
թէ
քու
բազուկ
Կուրծքիս
մօտ
հանգչելով,
Ի՛նչ
թելերու
յեղյեղուկ,
Դիպեցաւ
սրտիս
քով.
Զի
աս
ժամայն
վեհ
հրճուանք
(18)
Ըզգացի
լուսնին
տակ։
(19)
Ի՞նչ
անոյշ
էր
այն
ժըպիտ,
Որ
շրթանցըդ
վրայէն
Տարածուելով
հեզափըթիթ,
Սփռեր
վեհ
լոյս
մ՚անդէն.
Կարծեցի
ես
մի
հըրեշտակ
(24)
Տեսնել
հոն
լուսնին
տակ։
(25)
Չէ՞
որ
շըրթունք
սիրայոյզ,
Երբ
փայլին
քու
աչեր
Տարածելով
սէր
եւ
լոյս,
Մըրմնջեն
աղօթքներ.
Այսպէս
ելաւ,
իմ
տատրակ,
(30)
Գեղեցիկ
լուսնին
տակ։
(31)
Բառեր
ի
զուր
խնդրէի՝
Քու
սըրտիդ
ուղղելու.
Ի
զուր,
շըփոթ,
եղկելի,
Ջանայի
խօսելու,
Լըռին
եւ
մունջ
շրջեցանք
(36)
Գեղեցիկ
լուսնին
տակ։
(37)
Եւ
մինչ
երկիր
եւ
կամար
Ժըպտէին
երկինքին,
Զերդ
զոյգ
աստեղք
սիրահար
Որ
անխօս
փայլփըլին,
Հոգւով
էր
որ
խօսեցանք
(42)
Գեղեցիկ
լուսնին
տակ։
(ԳՐԱԿԱՆ
ԶԲՈՍԱՆՔ)
(Յ.
ՍԷԹԵԱՆ)
Այս
արտագրումը
կատարած
եմ
Սէթեանի
անդրանիկ
տաղարանէն
այն
գլխաւոր
պատճառով
որ
Յովհաննէս
Սէթեան
անխառն
քնարականութենէ
աւելի
փառասիրութիւն
մը
չունի
հետապնդած։
Ու
մենք
մեր
պատանութեան,
շատ
շատ
երիտասարդութեան
է
որ
ամենէն
աւելի
մօտ
կը
գտնուինք
այդ
վիճակին
ու
զայն
նուաճելու
մէջ
ալ
օժտուած
կ՚ըլլանք
որոշ
միամտութեամբ,
լաւատեսութեամբ։
Կեանքին
(որ
երբ
կը
գրուի
երկայնքով,
ինչպէս
է
պարագան
Սէթեանին)
հարուածները
մեզ
չեն
կործաներ
ու
ծիծաղելի
չենք
երբ
քսանամենի
աղջիկ
մը
առած
ծովափ
կ՚իջնանք։
Մնաց
որ,
ինչպէս
դիտել
տուի
վերերը,
Սէթեանի
անդրանիկ
հատորը,
խառնուածքէն
իբր
յայտարար,
շատ
աւելի
մեծ
ու
համոզիչ
փաստեր
է
արձանագրած
քան
այն
միւսները
որոնք
տարիքին
հետ
կը
թուին
թանձրանալ։
Ընտրուած
կտորը,
միւս
կողմէն,
կը
ցոլացնէ
Սէթեանի
բոլոր
ախորժակները,
որոնք
պարզ
էին,
սիրայոյզ,
նկարագեղ
կայքերէ
խանդավառուող,
քիչիկ
մը
տրտմութեան,
չըսելու
համար
արցունքի
համար
ալ
փոյթ
պարզող։
Ըսի
թէ
ապրեր
էր
իր
գլխուն,
իր
ժողովուրդի
մեծ
տագնապներուն
մէջ
անշուշտ,
բայց
անոնցմէ
ինքզինքը
հեռու
պահելու
չեմ
ըսեր
նուաստ,
բայց
բաւական
ալ
ճարտար
գիտութեամբ
մը
իր
անձը
պաշտպանելով։
Իր
Գահիրէն
չի
նմանիր
Իրապաշտներու
Եւրոպային։
1896
1870էն
քառորդ
դարով
մը
զուր
տեղը
չէ
որ
բաժնուած
է։
Սէթեան
Լուսնին
տակ
քերթուածին
մարդն
է,
նոյնիսկ
Տարագրին
Քնարըին
մէջ
ալ:
Այս
ծանօթութիւնները
կարեւոր
են
քերթուածին
ոչ
թէ
անշուշտ
ըմբռնումին,
այլ
այդ
42
տողերուն
ետին
թրթռացող
վիճակը
տղայամտութենէ
ազատագրելու
իմ
ջանքին
համար:
Քառսուն
երկու
տո՜ղ։
Կատակ
չէ
սակայն։
Ի՞նչ
է
ըսածը
այդ
տողերուն։
Ահա
վերիվերոյ
անոնց
ըսածը։
1-6`
—
գիշեր
մը,
դէպի
ծով։
7-
12`
—
շող
մը
կը
գգուէ
աղջկան
մազերը:
13
–
18`
—
աղջկան
բազուկը
կը
դպի
սրտին
մօտ
լարերու:
Իր
հրճուանքը
ատկէ։
19-24՝—
աղջկան
ժպիտը.
Հրեշտակ
մը։
25
—30`—
Հրթ
ունքին
մրմունջը,
աչքին
փայլիլը:
31
–
36՝
–
լուռ
պտոյտ։
37
-
42`
—
սիրահար
աստղերու
պէս
հոգիով
կը
խօսին
անոնք։
Հաւաքեցէք
այս
տարրերը:
Դուք
պիտի
ունենաք
երկու
տող
հազիւ
լեցնելու
նաեւ
հոգենիւթ:
Մնացեա՞լը։—
Ա՜յն
շատ
տխուր
փաստը
զոր
այդ
օրերուն
մարդիկ
քնարերգութիւն
կը
յորջորջ
էին:
Չեմ
դներ
կասկածի
տակ
Լուսնին
տակ
վերնագրուած
վիճակին
(ամէն
քերթուած
շատ
մը
բաներ
ըլլալու
հետ,
է
ամէն
բանէ
առաջ
հոգեվիճակ
մը,
չմոռնաք
ասիկա)
վաւերականութիւնը։
Չեմ
ալ
լայներ
վերլուծումը,
ձեզի
թելադրելու
այդ
կարգէ
վիճակի
մը
հետ
զուգորդ
զգայութիւններու
հանդէս
մը։
Ունիմ
միակ
առաքում
մը,
դարձեալ
Դուրեանին
տաղարանին։
Հոն՝
դուք
պիտի
գտնէք
Ներա
հետ
վերնագրուած,
նոյն
շրջավայրէն,
նոյն
հոգեբանութեամբ
տրուած
մերձաւոր
վիճակ
մը։
Պ.
Դուրեանն
ալ
ապրած
է
Սէթեանին
անխառն
քնարականութեան
արշալոյսին։
Ան
ալ
այդ
պահերը
վսեմացուցած
է
(մի
խորհիք
Ֆրէօյտին)
իր
պատանի
հոգիին
բոլոր
ջերմութեամբը,
խանդաղատանքովը,
երկինքն
ու
երկիրը
իրար
խառնելով,
աստղերը
վկայ
բռնելով
իրենց
ուխտին,
երդումին։
Բա՛յց։
Ու
այս
բայցը
հոս
կը
կտրէ
սահման
մը
ընդմէջ
բանաստեղծութեան
եւ
անբանաստեղծութեան:
Հիմա
չունիմ
ատեն
Դուրեան
վերլուծելու:
Կը
զիջում
ձեր
դատապարտութեան
Ներա
հետին
մանկական
ռոմանթիզմը,
բայց
կը
պաշտպանեմ
բոլոր
ժամանակներու
կարելի
բոլոր
դատափետումներուն
դէմ
քերթուածի
հզօր
հաղորդականութիւնը,
գրել
է
ճշմարտութիւնը
որ
միս
մինակը
կը
հակակշռէ
տղայութիւնները։
Ու
կը
դառնամ
Uէթեանի
քերթուածին,
այս
անգամ
փնտռելու
համար
կարելի
գեղեցկութիւններ,
յոյզեր,
սարսուռներ,
ապրումներ,
զգայութիւններ,
զգացումներ
որոնք
լուսնին
տակ
դէպի
ծովափ
իջնող
զոյգի
մը
հոգեպահերը
կը
յօրինեն։
Հոս
Պոլիսը
շատ
շատ
տեղական
տարրեր
պիտի
նետէ,
այդ
հոգեպահերը
մասնաւորող։
Էականը`
քերթուածին
մէջ՝
կեանքին,
իրաւ,
հարազատ
կեանքին
զարկն
է
մեզի
համար։
Առաջին
վեցեակին
առաջին
երկեակը՝
աւելորդ։
Զիս
երբեք
չի
շահագրգռեր
այդ
զոյգին
«մարդիկներին
հեռանալու»
վսե՞մ
առաջադրութիւնը:
Մի
ըսէք
ինծի
ինչ
որ
զիս
պիտի
ձգէր
անտարբեր։
Բայց
մի
անարգէք
զիս
երբ
ձեր
գնացքը
չէք
տար
պատշաճ
լրջութեամբ։
Ճեմելը
ինծի
կը
յիշեցնէ
դժբախտ
ճեմականները,
առաւել՝
այդ
բառին
հանդէպ
գործադրուած
ահաւոր
զեղծումը,
այդ
թուականներուն։
Քալելը
սովորականն
էր,
պարզն
էր,
ամենունն
էր:
Ճեմելը՝
քերթողներունը:
Բարով
վայլեն
այդ
բառերը։
Երրորդ
տողին
գեղապանծը
սուտուփուտ
ածական
մըն
է։
Գիշերի
մը
կռնակը
դրէք
այդ
որակականը
ու
կանչեցէք
ձեր
զգայութիւնները։
Ե՜րբ
է
գիշեր
մը
գեղապանծ։
Ինծի
չէ
տրուած
այդ
գիծէ
զգայութիւններու
երջանկութիւնը։
Հսկայ
հրդեհներու,
հրաբխային
ժայթքումներու
հանդիսատես,
ես
մտքէս
չանցուցի
այդ
զարհուրանքին
մէջ
գեղեցկութիւն,
պարծանք
փնտռել։
Իմ
գտածը
ահաւոր
բան
էր։
Իսկ
Պոլսոյ
մէջ
գիշե՜ր:
Ո՞վ
չունի։
Բոլոր
գիշերներուն
պարզութեամբը,
բնականութեամբը։
Լուսին
մը,
պղտոր
միգամած
մը,
սանկ
խուլ
ծով
մը
վերին
ուր
աստղերը
ուզէին
ալիքներ
ըլլալ
ու
չկարենային։
Ջուրերը,
մութը
որ
անտառն
էր,
դաշտն
էր,
տուներուն
կառոյցն
էր։
Գեղապա՞նծ։
Երբեք։
Մի
գրէք
բան
մը
զոր
չէք
կրնար
արդարացնել։
3-4-5-6
տողերը
դարձեալ
անհրաժեշտ
չեն։
Ցերեկը
ձեզի
տրուա՞ծ
է
տեսնել
ծովին
յատակը
որպէսզի
տեսնէք
զայն
խորին,
գիշերը
լուսնի
տակ։
Ի՜նչ
է
մնացածը
այս
ամենէն,
որ
դիմանար։
Կամ՝
բերէր
ձեզի
ձեր
ընթերցումին
զիջումը,
ընէր
ձեզի
համար
եթէ
ոչ
վայելք,
առնուազն
անտարբերութիւն։
Հոս
դուք
կը
տառապիք
սա
անլրջութեան
համար,
ամենէն
առաջ
բանաստեղծին
հաշւոյն։
Երկրորդ
վեցեակին
մէջ
Հէփտիւրէ
հնչագեղ
ոգումը
գեղեցիկ
սկիզբ
մըն
է։
(Խօսեցայ
Սէթեանին
կոյսերէն)։
Տարաշխարհիկ,
Նոր,
թելադրիչ։
Օ՜ն
անդր։
Գրեթէ
մոռցած
ենք
առաջին
վեցեակին
ձախորդ
տպաւորութիւնը։
Նոր
յոյսեր։
Բայց
վա՜յ
մեզի,
անբախտներուս։
Նորէն
ստիպուած
ենք
«պայծառ
երկինք»
մարսելու։
Յետո՞յ։
Արծաթէ
նշոյլ
մը
որ
պիտի
«գգուէ»
Հէփտիւրէին
խոպոպները:
Անցած
վեց
տողերը,
մեզի
տալիք
ոչ
ինչ
ունենալով։
Սէթեան
քսան
բառէ
գործածած
որպէսզի
լուսնի
շող
մը
աղջկան
մը
մազերուն
ձգէ:
Անոնք
որ
մեր
Ռոմանթիքները
տղայական
կը
յայտարարեն,
հաւանաբար
իրենց
ուժը
կ՚առնեն
այս
գիծէ
նրբութ
իւններէ։
Ուժով,
խորունկ,
կատաղի
ռոմանթիզմը
Դուրեանին
այս
նուաղկոտ
դալկացումներուն
մօտ
իրաւ
որ
անհասկանալի
պատահար
մըն
էր
երբ
Դուրեան
ողջ
էր:
Երրորդ
վեցեակին
միակ
հաստատ
տարրը
քերթողիր
կուրծքին
վրայ
ծանրացող
բազուկն
է
Հէփտիւրէին։
Պիտի
ըլլայի
զիջող՝
պատահարին
մարդկայնութեան
եթէ
երբեք
զիս
ատկէ
չարգիլէին
«յեղյեղուկ
թելեր»
որոնք
«սրտին
քով»
են,
այդ
բազուկի՜ն
տակ
լեզու
ելլելու:
Ահա
թէ
ինչ
կը
նշանակէ
բանաստեղծութիւն։
Ինծի
չէ
տրուած
բախտը
բազուկին
որով
լարերը
կեանքի
կանչէի։
Ձեզի՞։
Չեմ
գիտեր։
Բանաստեղծը
որքան
տղայ
է
իր
«վեհ
հրճուանքովը»,
որ
ծնունդ
է
այդ
յեղյեղուկ
թելերուն։
Իրաւ
որ
երանելի
օրեր
ըլալու
էին
այդ
եօթանասական
թուականները
ուր
երիտասարդներ
այս
մանկամտութեամբ
քերթող
կը
դառնային։
Չորրորդ
վեցեակին
նիւթն
էր
աղջկան
ժպիտը:
Չեմ
նրբանար
լուսնին
տակ
ժպիտը
դժուար
եթէ
ոչ
անկարելի
յայտարարելու
աստիճան։
Բայց
կը
տառապիմ
անուշէն
որ
ձրի
բառ
մըն
է
(չեմ
գիտեր
կա՞յ,
ժպիտին
թթուն):
Բայց
կը
տառապիմ
մանաւանդ
այդ
ժպիտին
հեզափթիթ
(հեշտունա՜կ
բառը)
տարածուելէն
ու
«վեհ
լոյսի»
փոխուելէն,
որպէսզի
այդ
միգամածային
վառարանէն
հրեշտակ
մը
ծնի։
Քիչ
անգամ
մեր
քնարերգութեան
մէջ
սա
միամտութիւնը
պիտի
գտնենք
այնքան
մերկ,
«յանցանքի
վրայ»,
ինչպէս
կ՚ըսեն:
Յովհաննէս
Սէթեան,
ծնած
1858ին,
այս
քերթուածին
ծնունդին
վար
էր
երեսունէն։
Լուսնին
տակ
Հէփտիւրէին
հետ
խօսելիք
ունէր
անշուշտ:
Ի՞նչ
հարկ
սակայն
վայրկեանին
վսեմութի՜ւնը
նսեմացնելու:
Անիկա
կերպը
կը
կարծէ
գտած
ըլլալ
այդ
դժուարութենէն
ինքզինքը
ազատելու,
հրեշտակի
վերածելով
կուշտի
աղջիկը։
Մեզի
կը
մնայ
տրտմօրէն
լռել
այս
աճպարարութեան
առջեւ։
Հինգերորդ
վեցեակը
վերլուծելի
չէ,
անոր
համար
որ
բանաստեղծը
ինք
մեզմէ
առաջ
կը
լուծէ
տագնապը
իր
լռութեան
«այսպէս
եղաւ»
վսեմ
հաստատականով
մը։
Վեցերորդին
մէջ
մենք
իսկապէս
կ՚արգահատինք
այդ
տղուն,
որ
ծովափին
ամայութեան
մէջ,
լուսնին
տա՜կ
բառեր
կը
փնտռէ՜
աղջկան
մը
սրտին
ուղղելու:
Իր
խօսքերը
որոնք
չեն
կրնար
ըլլալ։
Խեղճ,
շփոթ,
եղկելի:
Ինձմէ
աւելի
անգութ
մը
թերեւս
պիտի
նետէր
սա
տողերուն
վրայ
ժողովուրդին
բառը
որ
նման
վիճակները
կը
պատկերէ։
Բանաստեղծը
իր
Հէփտիւրէին
հետ
«լուռ
ու
մունջ»
լուսնին
տակ
պտըտցնելու
զրկելով
հանդերձ,
ես
ինծի
կը
լրջանամ
ու
առանց
«չոր,
շփոթ,
եղկելի»
բառերու
կը
ջանամ
հասկնալ
այդ
կորանքը,
ոչ
անշուշտ
մեր
օրերու
զգայապաշտ
արձակութիւններուն
փաստը
շահագործելով,
այլ
քիչիկ
մը
ըլլալով
իսկ
1870)
պատանին
որ
աղջկան
մը
աչքին
իյնալն
իսկ
(Պ.
Դուրեան)
երջանկութիւն
կը
դաւանէր:
Անցա՜ծ,
հասած
մարդու
լրջութենէն
անկախ
ոգիով
մը
երբ
դատեմ
այս
վսեմացեալ
պահը,
իմ
փաստերը
ես
չեմ
առներ
Uէթեանէն,
այլ
երիտասարդէն։
Այլ՝
այդ
կորանքը
խորհուրդի,
խորհրդանշանի
հանող
պայմաններէն:
Անշուշտ
սա
զոյգին
մատները
ունէին
դեր
մը։
Սա
զոյգին
սիրտերը
ունէին
ձայն
մը:
Սա
զոյգին
շրթները
ունէին
ծարաւ
մը։
Մէկը
Պոլսեցի
քնարակիր
մը։
Միւսը
դրացիին
աղջիկը
հաւանաբար,
իր
տարերկրեայ
պատմուճանը
(Հեփտիւրէ)
թագուհիի
մը
պէս
նետած
ուսերուն։
Շրջեցէք
պատկերը։
Մեր
օրերո՞ւն։
Անոնք
պիտի
ըսեն
ինչ
որ
անբանաստեղծ
բնազդները
կ՚ըսեն
նման
պահերու։
Ու
վերջացնելու
համար
չեմ
առներ
նկատի
«կամար»ը,
«երկիր»ը,
«երկինք»ը,
որպէսզի
տեսնեմ
սա
զոյգին
«սիրահար
աստղանալը»:
Նման
գոյափոխումներ
անկարելի
չեն
քմայքներու
աշխարհին
մէջ։
Ֆանթազիա
կը
փոխաբերէ
քմայքն
ու
բանաստեղծութիւնը
«Հոգիով
պիտի
խօսի»
այս
զույգը
լուսնին
տակ։
Ի՞նչ:
Իրենց
հարցուցէք։
Յովհաննէս
Սէթեան,
նոյնիսկ
այն
պարագային
երբ
ըլլար
օժտուած
արտայայտութեան
հզօրագոյն
տուրքերով,
պիտի
մնար
դժնդակ
դժուարութեան
մը
մէջ
սա
վիճակը
տղայականէն
փրկելու,
վասնզի
իր
ողբերգութիւնը
անգիտանալն
էր
այդ
տղայականին:
Տեսէք
ինչ
պէս
այդ
տղայականը
կը
փրկուի
այս
անգամ
նրա
բանաստեղծի
մը
գրչին
տակ.
…
Ու
վերջապէս
ան
եկաւ
Այգիներէն
քաղցրաբոյր՝
Ուր
ողկոյզներն,
ըստինքներու
պէս
լեցուն,
Հողին
վըրայ
կը
կախուին,
Մօր
մը
գըրկեն,
որ
իր
մազերը
խարտեաշ
Ամէն
առտու,
ճաճանչներու
պէս,
սանտրեց,
Շուշաններու
պարտէզէն`
Ուր
տատրակներն
Անմեղութի՛ւնը
կ՚երգեն,
Ան
վերջապէս
ա՛լ
եկաւ։
…Երբ
ներս
մըտաւ
իմ
շեմէս
Ձիւն
կարապներս
օձաճապուկ
վիզերնին
Կարկառեցին
դէպ՚
անոր,
Դէպք
մարմարէ
իր
ոտքերուն
համբոյրին։
Եւ
շունս
հըլու,
փորին
վըրայ
սողալով,
Եկաւ
լիզել
կրունկներն
անոր
ադամանդ.
Ժըպիտներով
աչքերը
լի,
վիթի
պէս,
Ան
ներս
մըտա
իմ
շեմէս:
Տնակըս
բոյրո՜վ
լեցուեցաւ,
Զի
ծոթրիններ
ծորեցան՝
Պատմուճանին
քըղանցքէն,
Զի
արեւով
օծուած
ոսկի
մազերէն
Բուրեան
մեղքեր
ծորեցան.
Եւ
բիբերէն`
մարգրիտներու
պէս
փաղփուն՝
Թափթըփեցան
ասուպներ.
Տնակըս
լոյսո՜վ
լեցուեցաւ:
Անշո՛ւշտ։
Այս
քերթուածը
Լուսնի
տակէն
կը
բաժնուի
հազիւ
քառորդ
դար
ժամանակով
մը։
Մի
ըսէք
թէ
Դանիէլ
Վարուժան
Դուրեանին
պէս
մեծ
բանաստեղծ
մըն
է։
Իրաւ
բանաստե՞ղծ։
Ապահովաբար:
Անիկա
փոխանակ
հոգւով
խօսելու,
կը
լինէ
«գրգարան».
…
Գարնան
բոլոր
վարդերը
գոգ
գոգ
բերած`
Յարդարեցի
մեր
անկողինն
Հիմէնի.
Նունուֆարներն՝
որոնց
ծղօտները
կակուղ
Յօտող
սուրիս
ներքեւ
արիւն
ծորեցին՝
Մեր
գըլխուն
տակ
բարձ
եղան.
Ծաղիկներովն
հողին
եւ
ջինջ
ջուրերուն,
Աղուամազով
տատրակներու
դունչերուն
Մեզ
գըրգարան
շինեցի։…
(ԴԱՆԻԷԼ
ՎԱՐՈՒԺԱՆ):
(ՀԵԹԱՆՈՍ
ԵՐԳԵՐ)
Պէտք
պիտի
ըլլար
արտագրել
ամբողջ
քերթուածը,
միանգամ
ընդմիշտ
լուծելու
համար
Կրտսեր
Ռոմանթիքները
զարնող
ողբերգութեան
առեղծուածը։
Մարդկային
սիրտը
շատ
չի
փոխուիր,
մանաւանդ
շուտ
չի
փոխուիր։
Մնաց
որ
Դուրեանին
քերթուածն
ալ
ժամանակակից
կրնայ
նկատուիլ
Լուսնի
տակին։
Իր
ամենէն
տանելի
մէկ
քերթուածին
մէջ
Սէթեանի
սա
կորանքը,
սա
մերձեցումներով
(Դուրեան
եւ
Վարուժան)
չունիմ
նպատակ
եղերական
զգացումներու
հանդէսի
մը
վերածելու:
Բան
մը
միայն
ստոյգ
է
ինծի:
Արուեստը
այն
մարզն
է
ուր
միջակը,
սովորականը,
տկարը
չեն
արտօնուած
մուտք
ունենալու:
Արուեստը
դարձեալ
այն
մարզն
է
ուր
անսովորը,
անմարդկայինը,
ֆանթասթիքը
լաւ
կ՚ընեն
չմոլորելով։
Ան
որ
արուեստին
կը
պատկանի,
ինքն
է
ամենէն
առաջ,
բայց
ինքն
մը
որ
առանց
ձեւի,
դժուարութեան
կը
նոյնանայ
ձեզի,
մեզի
հետ:
Կրտսեր
Ռոռանթիքներուն
գերագոյն
դժբախտութիւնը
մարդկայինէն
վեր
կամ
վար
մնալու
ճակատագիր
մըն
է:
Անոնք
կը
հաւատային
թէ
իրենց
լեզուական,
ձայնական
շնորհները
կը
բաւէին
իրենց
արկածախնդրութեան։
Ահա
ձեզի
գերագոյն
փաստը
այդ
փափկահունչ
նուաղումներէն:
Ատիկա
կ՚առնեմ՝
Առաջին
տերեւքին
երիտասարդ
տաղաչափին
հանրածանօթ
մէկ
փառքէն:
ԱՌ
ԼՈՒՍԻՆ
Լո՛ւսին,
դու
աստղ
խորհրդալոյս,
Նիմփա՛յդ
երկնից
ամօթլեած,
Մելամաղձիկ
ճակատըդ
կոյս
Ամպեայ
շղարշիւ
սքօղած,
Սիրող
ստուերց՝
ժամուց
լըռիկ,
Ոսկի
մազերդ
ցիր
եւ
ցան,
Երկնից
դաշտաց
մէջ
երբ
մենիկ
Մոլորաքայլ
կու
գաս
ման,
Եւ
քո
աչաց
մի
հեզիկ
բոց
Կ՚իյնայ
յանկարծ
ի
խաւար
Ուր
զիմ
յուշոց
եւ
երազոց
Դիտեմ
տըխուր
զհեռանկար,
Առ
քեզ
ի
վեր
զարտասուագին
Հանեմ
զաչկունս
իմ
խոհուն,
Եւ
տրտմանոյ
յերես
քոյին
Պիշ`
հարցանեմ,
ո՞վ
ես
դուն:
Արդեօք
իրա՞ւ
Անահիտն
ես,
Համեստութեան
դիցուհի,
Որ
գողանալ
լոյսին
կ՚ուզես
Չքնաղ
հրապոյրքդ
տարփելի։
Եթերց
դշխո՞յ
մ՚ես
դու
այրի,
Որ՝
ի
գիշեր
սեւասքօղ՝
Յերկնից
ի
ծագ
ինչ
ամայի
Խնդրես
շիրիմ
մի
ի
դող։
Կամ
արեւու
դո՞ւստրն
ես
բամբիշ
Հրագէս
աստղի
մ՚սիրահար,
Եւ
ա՞յնր
ի
խոյզ
նազիս
շրջիս՝
Սրտատրոփ
ի
թափառ:
Կամ
մի
ոգի՞
ես
դու
գըթած
Յայդ
կերպարան
լուսանիւթ,
Որ
յայց
կ՚ելնես
լքեալ
շիրմաց
Եւ
հիւղեկին
ցած
ու
մութ,
Մի
ցօղ
կաթել
ի
սեաւ
անդր
հող
Զոր
մահացուաց
աչք
մոռնան,
Եւ
սպրդել
մի
քաղցրիկ
շող
Հիքին
յանժպիտն
օթեվան:
Թե
խանդից
ջահ
ելոյց
ըզքեզ
Աստուծոյ
մատն
անդ
յեթեր,
Զի
քերթողին
ըզհուր
վառես,
Հանես
զոգին
իւր
ի
վեր։
Ու
այսպէս
տակաւին
չորս
քառեակներ
պիտի
գործածուին
որպէսզի
այդ
լուսինը
նկատուի
ա)
սիրահարներու
ուխտերուն
աւանդառու,
բ)
յոյսի
փարոս,
գ)
Էին
մեկ
խոհը,
դ)
աչքը
անհուն
սիրոյն:
Յետոյ
Ո՜հ,
ո՛
եւ
ոք,
զի՛նչ
եւ
իցես,
Լուսնա՜կ,
աստղի՜կ
սիրադէմ,
Դու
Արարչին
մի
մեծ
գործն
ես,
Խորհրդաւո՜ր
եւ
վըսեմ:
Խցկիս
խորէն,
սրտիս
խորէն
Կ՚օրհնեմ
ըզքեզ,
ո՛վ
լուսնակ.
Առ
քեզ
ի
վեր
ձօն
կը
հանեմ
Հոգւոյս
արցունքն`
հառաչանք:
Թե
դու
չէիր,
քանի՜
տըխուր՝
Լինէր
աշխարհ,
ո՞ւր
գիշեր
Զիւր
հրապոյրս,
զիւր
խորհուրդս
ո՞ւր
Պուրակն,
երա՜զ
գտներ
Սէր:
Խոհից
լապտեր՝
միտք
թափառկոտ,
Անյուսութիւն`
զիւր
բեւեռ,
Ցօղ
սփոփիչ`
աչքն
արցունքոտ,
Մանուկն
Աստուած
ո՞ւր
գտնէր։
Եւ
զուրկ
շողէդ
թե
մնայր
շիրիմ,
Մեռելոց
ո՞ր
արեւակ.
Զի
տիւ
ցուրց
է
ոգեաց
նոցին,
Քե՛զ
կը
սիրեն,
ո՜վ
լուսնակ։
Յանհունութեան
ի
դաշտս
անբաւ՝
Խորին
խորհուրդ
մ՚Արարչին
Ըզքեզ
երկրի
ընկեր
տուաւ.
Փայլէ՛,
լըցո՛
զբաշխ
քոյին:
(ԱՌԱՋԻՆ
ՏԵՐԵՒՔ)
(Ռ.
ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ):
Դժուար
չէ
ինծի
համար
մտնել
հոգիին
մէջ,
իր
շքեղ
երիտասարդութեան
բոլոր
փառքը
զգեցող
(քերթուածը
գրուած
է
1876ին,
Պէրպէրեան
ծնած
է
1850ին)
բանաստեղծին
երբ
քերթուածին
տակ
իր
ստորագրութիւնը
դնելէ
յետոյ
կը
յանձնէ
զայն…
մամուլին։
Այդ
վիճակը
յաղթանակին
արբշռանքն
է:
Այդ
օրերուն
արեւմտահայ
բանաստեղծութեան
մէջ
լռած
են
Պէշիկթաշլեանի,
Դուրեանի
վաւերական,
սրտառուչ
ձայները։
Ալիշան
մշուշին
ետին`
իր
անտանելի
աղօթքներուն։
Նորածագ
փառքերը
Սէթեանին,
Թէրզեանին,
Աճէմեանին,
Չերազին
ու
Եղիային։
Այսինքն`
շրջա՛նը
մեր
բանաստեղծութեան
ուր
քմայքը,
խթաբանութիւնը,
բան
մը
ըսելու
մարմաջը,
լուսներգութիւնը
կը
կազմէին
կարելի
փառասիրութիւնը։
Նար–Պէյ
տպած
էր
իր
Ստուերք
Հայկականքը:
Կայ
ուրիշ
աւելի
նսեմ՝
բախտը
սկսնակներու։
Կան
հանդէսները,
օրաթերթերը
որոնք
ոտանաւոր
կ՚ուզեն
ճարակել
Զարթօնքի
սերունդին
մեծ
աշխատաւորները
լրջացած՝
մօտ
են
հանգստեան
շրջանին։
Կրտսեր
Ռոմանթիքները
կը
տիրապետեն
ոչ
միայն
մեր
բանաստեղծութեան
այլեւ
իրենց
հմայքին
տակ
կը
ձգեն
արձակն
ալ,
յանձին
Պէրպէրեանի:
Այս
ամենէն
դուրս,
վերի
քերթուածը
ո՛ր
չափով
հաւատարիմ
է
շրջանին
ախորժակներուն,
ցանկութեանց,
իտէալներուն,
գործածելու
համար
Պէրպէրեանէն
իսկ
նուիրականացած
օտար,
գրեթէ
սնամէջ
բառ
մը:
Ինքզինքը
ամէն
քառեակի
կրկնել
պիտի
նշանակէր
Առ
լուսին
քերթուածը
տուն
առ
տուն
վերլուծել։
Կը
գործածեմ
համադրական
եղանակը:
1-2-3-4
տուներուն
մէջ,
այսինքն
16
տող՝
դիմառնական
կոչ
մը
լուսինին
(որ
նիմփայ
մըն
է
ճակատը
սքօղած
ու
կը
սիրէ
ստուերները,
երկնքի
դաշտերուն
մէջ
ման
գալով։
Բոց
մը
անկէ
կ՚իյնայ
մութին
ուր
կ՚ապրի
հեռանկարը
բանաստեղծին
երազներուն:
Հարցում.
ո՞վ
է
այդ
լուսինը)։
5-6-7-8-9
տուներուն
մէջ`
պատասխաններ
իր
հարցումին։
(Անահի՞տը,
այրի
դշխո՞յ
մը,
արեւին
բամբիչ
աղջիկը
որ
սիրահարուած
կը
վազէ
աստղի
մը
ետեւէն,
ոգի՞
մը
որ
այց
է
ելած
շիրիմի,
հիւղակի)։
10-11-12-13-14-15
տուներուն
մէջ՝
շարունակութիւնը
հարց
պատասխանիին
(ջահ,
որպէսզի
բոցավառէ
քերթողը,
աւանդառու՝
սիրող
սրտերու
ուխտին,
փարոս
մը,
Աստուծոյ
խոհը,
անհունին
աչքը)։
16րդ
տունը
վճռական
պատասխան
մըն
է
այս
հարցումներուն.
—
լուսինը
Արարչին
մէկ
մեծ
գործն
է։
17րդը՝
կրկնութիւն
մուտքի
բացագանչութեան:
18-19–20
տուները
կը
խօսին
վիճակներէն
որոնք
լուսնին
պակասովը
պիտի
գոյանային
(գիշերը՝
առանց
հրապոյրի,
պուրակը՝
առանց
խորհուրդի,
սէրը՝
առանց
երազի
կամ
երազը՝
առանց
սիրոյ։
Միտքը՝
առանց
լապտերի,
անյուսութիւնը՝
առանց
բեւեռի,
աչքը՝
առանց
ցօղի
սփոփանքին,
մանուկը`
առանց
Աստուծոյ։
Ո՞րն
էր
արեւը
մեռելներուն,
առանց
միշտ
այդ
լուսինին,
տիւը
ցուրտ
է
մեռելներուն
որոնք
լուսինը
կը
սիրեն)։
21րդ
տունը
կը
փակէ
այս
տարակուսանքը.
—
լուսինը
ընկերն
է
երկրին։
Գաղափարներու
սա
համապատկերին
մէջ
Պէրպէրեանի
քերթուածը
իր
շրջանին
պատրանք
մը
կ՚իրագործէ
նախ
իր
նիւթովը,
լրջօրէն
լուսինը
դէմ
առնելով,
անոր
պատմելու
համար
վերը
աչքէ
անցած
մտածումներն
ու
պատկերները։
Գրեթէ
լուսընկաներու
համաճարակ
մը
ունի
անցուցած
մեր
գրականութիւնը։
Այդ
վարակումին
կեդրոնական
թուականին
կ՚իյնայ
Պէրպէրեանի
կառոյցը:
Ունէ՞ր,
այդ
օրերուն,
այդ
ապուշ
մոլորակը
սա
ձգողութիւնը
մարդոց
վրայ։
Ստոյգն
այն
է
որ
լրջամիտ
եւ
զգօն
Ալիշանէն
մինչեւ
անժառանգ
Գամառ-Քաթիպաները
ու
մինչեւ
հերետիկոս
Չրաքեանները
սիրտ,
չըսելու
համար
հեշտանք
են
դրած
այդ
սխրագործութեան
մէջ։
Իմ
նիւթէս
դուրս
է
սա
լուսներգութիւնը
վերածել
իր
եզրերուն։
Պէրպէրեան
առնուազն
յիմարութիւնը
չէ
ըրած
լուսնին
շուրջը
տաղտուկ
հիւսելու
(դիմել
Թէրզեանին,
Աճէմեանին),
սուտ
ոսկեզօծելու
(դիմել
Սիպիլին,
Չօպանեանին,
Գամառ
Քաթիպային,
Uէթեանին),
խորհուրդ
խաղալու
(դիմել
Չրաքեանին),
հիւանդութիւն,
տրտմութիւն
երազելու
(դիմել
Մալէզեանին),
յիշելու
համար
քանի
մը
վճռական
լուսնանուագներ։
Բայց
ի՞նչ
է
իր
ըրածը։
Հոս
է
որ
կը
ծագի
դժուարութիւնը՝
քերթուածը
եթէ
ոչ
ազատագրելու,
գէթ
զայն
գրողին
dignitéն,
լրջութիւնը
ծիծաղելիէն
փրկելու:
Պէրպէրեան
հիւանդ
մը
չէ,
յիմար
մը
չէ,
գլուխ
արդուկող
մը
չէ,
մութ
բաների
համ
առնող
մը
չէ:
Այս
ամենը
լաւ։
Բայց
Ի՞նչ
է
խորին
իրականութիւնը
որուն
սլաքներուն,
թելադրանքին
տակ
անիկա
գրեց
այդ
84
տողերը։
Գրական
նորո՞յթ:
Շատ
պիտի
փոքրէր
սա
վերագրումը
այդ
ոսկեճամուկ
երիտասարդին
զգօն,
յանդուգն,
հաւատաւոր
լրջութիւնը։
Անիկա
անշուշտ
կարդացած
էր
ֆրանսացի
ռոմանթիքները,
որոնց
ոտանաւորներուն
մէջ
եթերց
դշխոն
կանչուած
էր
շատ
աւելի
պատասխանատու
վիճակներու
վկայութեան։
Անիկա
գիտէր
որ
Շաթոպրիան
լուսնածագը
նկարագրելով
մեծ
գրագէտի
տիտղոս
էր
վաստկեր…:
Յետոյ
կային
շիրիմները,
անոնց
տակ
մեռելները,
պուրակները
որոնց
թաւուտներուն
ներսը
սէրն
ու
երազը
ճիտ
ճիտի
կը
քնանան։
Կային
հիւղերը,
(Դուրեանի
նշանաւոր
քերթուածով
իրենք
զիրենք
պարտադրող)
սիրահարները,
աղջիկները,
բանաստեղծները,
դիցաբանութիւն
եւ
երկինք։
Բոլոր
այս
հաստատ
տարրերուն
վրայ
լուսնի
լոյսը
անկարո՞ղ`
պատրանքին
վարագոյրը
հիւսելու
եւ
կախելու:
Ինչպէս
կը
տեսնէք,
Պէրպէրեան
բառերու
հետ
չ՚աշխատիր
միշտ։
Իր
բառերը
են
նոյն
ատեն
կայուն
իրողութիւններ,
հանդէսներ։
Ի՛նչ
որ
այսօր
մեզի
տարօրինակ
կուգայ
քիչ
մը,
ան
ալ
այդ
կայուն
իրողութիւններուն
աղերսն
է
եթերց
ոչ
թէ
այրի
այլ
անկայուն
այդ
դշխոյին
հետ։
Չեմ
գիտեր,
այդ
լուսինը
ժում
մը
հաց՝
տարա՞ւ`
Հիքին
յանժպիտն
օթեվան.
կամ
որեւէ
բանաստեղծ
(իրա՜ւը)
այդ
լուսինէն
իրաւ
տող
մը
ճարե՞ց
իր
սիրտին
տագնապանքը
կրելու,
փոխադրելու
ընդունակ:
Ռոմանթիք
զեղումին
նկարագիրը
իր
խոշորութիւնն
է,
մանրամասնութիւնը,
գիծերէ
կամ
չառնելը
կամ
զանոնք
զանցելը:
Պէրպէրեան
իրապաշտ,
նկարիչ,
հայրենասէր,
պատմամոլ,
օդային,
սանկ
ու
նանկ
բաներու
վաճառորդ
տաղաչափ
մը
չէ:
Համաձայն
եմ:
Պէրպէրեան
չէ
կեցած
լուսնին
տակ
աղջիկներուն
գեղեցկութիւնը
երգելու:
Կ՚ընդունիմ։
Պէրպէրեան
չէ
կեցուցած
իր
գնացքին
մէջ
այդ
մոլորակը՝
անոր
տալու
համար
անհուն
սիրով
իր
ողջոյնները
եւ
պատմել
փորձուելու
անոր
իր
սրտին
լուռ,
մութ
տագնապանքը։
Դարձեալ
կ՚ընդունիմ։
Ինչ
որ
չեմ
կրնար
ընդունիլ,
ատ
ալ
այդ
քերթուածը
ոտքի
կեցնող
ներշնչումն
է,
գէշ
բառով
մը։
Այս
առարկութիւնը
անկարող
է
սակայն
կործանելու
այդ
քերթուածին
քնքուշ
ջերմութիւնը,
դաշնաւորութիւնը,
զուսպ
յուզումները,
քնարականին
շատ
մօտիկ
ինքնաբուխ
հաղորդականութիւնը:
Այս
յատկութիւնները
գրական
են
դժբախտաբար։
Անոնք
կրնան
քերթուածի
մը
բախտը
հիւսել,
բայց
չեն
կրնար
այդ
քերթուածը
ապրեցնել,
վասնզի
քերթուածը
կ՚ապրի
այդ
բոլորէն
դուրս,
տարբեր
ուժերով։
Նուազ
ներդաշնակ,
նուազ
տաք,
նուազ
հաղորդական
է
Լուսնակն
անուշ
ժողովրդական
երգը,
բայց
կ՚ապրի
գրեթէ
անմահ։
Կ՚ապրի
վասնզի
ժողովուրդի
մը
կեանքին
ամենէն
խորունկ
զգայութիւնները
կ՚արտաբերէ
ամենէն
քիչ
զարդարուն,
ամենէն
պարզ
ճամբովը։
Ու
մեր
ռոմանթիզմին
մենք
նոր
չէ
որ
կ՚ընենք
քննադատութիւնը
կեանքէ
իր
նիհարութեան,
չըսելու
համար
անմասնութեան։
Պէրպէրեանին
քերթուածը
հայերէն
գրուած
ֆրանսերէն
ոտանաւոր
մըն
է,
զոր
առանց
նեղութեան
պիտի
ստորագրէր
թերեւս…
Լամառթին։
Կեանքէ,
իրական,
մեր
կեանքէն
այդ
աղքատութիւնը
չէ
փոխարինուած
ուրիշ
բարիքներով,
որոնք
ձեւին
նորութիւնը,
պատկերին
յանդգնութիւնը,
գոյնին
անսովոր
խտութիւնը,
կառուցումին
ընկլուզող
քմայքը,
անձին
անդիմադրելի
գագաթումը
կ՚ըլլան,
կենալու
համար
քանի
մը
հիմնականներու
առջեւ:
Ահա
թէ
ո՞ւր
է
քերթուածին
յարաբերական
կորանքը,
որ,
ուրախ
եմ
ըսել
կրնալուս,
այս
անգամ
պայմանաւոր
չէ
հեղինակին
կամաւոր
մեղքերովը,
այլ
դպրոցին
իսկ
խակութիւններովը:
Ամէն
մարդ
կը
խենթենար,
կը
դալկանար
այս
հեշտագին
տողերուն
հմայքովը։
Պէրպէրեան
ուրիշ
բան
չէ
ըրած
եթէ
ոչ
այդ
հասարակաց
հոգեվիճակը
ընդմիշտ
սեւեռել
իր
այդ
նշանաւոր
քերթուածին
մէջ։
Վերցուցէք
անկէ
լեզուական
սեթեւեթը,
գրաբարեան
յաւակնութիւնները,
շիրիմները,
հէքերը,
դշխոները,
մանուկները,
քերթողները,
դուք
պիտի
ունենաք
առնուազն
անուշիկ,
կարդացուելու
արժանի
քերթուած
մը։
Պէրպէրեանի
Առ
լուսինը
ռոմանթիզմին
կը
մնայ
պարտական
իր
մեղքերը։
Արժանիքնե՞րը։
Ես
ինչ
գիտնամ։
Չեմ
կրնար
զանոնք
նուէրը
ընդունիլ
բանաստեղծի
մը,
քանի
որ
Առաջին
տերեւքը
իր
բառակոյտով
բուրգի
պէս
պիտի
ստուերէր
այդ
երանութիւնը։
Առաջին
տերեւքին
մէջ
ուրիշ
ոչ
մէկ
քերթուած՝
որուն
խնայուած
ըլլայ
ժամանակը։
Ըրի
Խոհք
եւ
յուշքի
մասին
իմ
դատումը:
Մկրտիչ
Աճէմեանէն
մենք
ունինք,
ըսի
անգամ
մը,
գրաբար
դիւցազներգութենէն
զատ
(Վահագն)
Ժպիտք
եւ
արտասուքը,
Աճէմեանի
նախախայրիքը
քերթողականին
մէջ։
Այդ
երեք
հարիւր
էջերու
մօտեցող
քերթուածաշարքէն,
տպուած
մեր
գրականութեան
հերոսական
օրերուն
(եօթանասնական
թուականները,
նշանաւոր
Յ.
Պալեանի
մեկենասութեամբ).
1908ի
վերջնական
հատորը
որ
կը
կրէ
Թրթռուն
յանգեր
ընդհանուր
տիտղոսը,
հազիւ
քանի
մը
հատերու
մուտքն
է
արտօնած։
Բան
մը
կ՚ըսէ՞
այս
խստապահանջութիւնը։
Չեմ
բաժներ
լաւատես
լուծում
մը։
Նոյն
զեղջը
կատարած
է
Սէթեան
իր
Արշալոյսէն
վերջալոյս
(1912)
յոբելինական
հատորին.
կազմին
համար,
նետելով
մէկդի
կէսէն
աւելին
իր
քերթուածներուն,
առանց
կասկածելու
որ
կը
գործադրէր
թերեւս
իր
գերագոյն
հերոսութիւնը։
Թէ
Աճէմեան,
թէ՛
Սէթեան
իրենց
անդրանկութեան
տարիները
անիրաւաբար
ընդոտնած
են,
վասնզի
իրենց
քերթուածները
չըլլալով
պարտական
իրենց
խորունկ
էութիւններուն,
դատապարտութեան
տակն
էին
բառերով
պատրուելու:
Այդ
է
պատճառը
թերեւս
որ
մենք
այսօր
որոշ
անհանգստութեամբ
մը,
դառնութեամբ
մը
կարդանք
օրինակի
մը
համար՝
Տարագրին
քնարը
քերթուածաշարքը,
գրուած
1896էն
վերջ,
Սէթեանէ
ու
յստակ
տառապանքով
մը`
Խունկի
բուրումները
(գրուած
1906էն
վերջ)
Աճէմեանէն։
Այս
ուսումնասիրութեան
ընթացքին
ինծի
տրուեցաւ
առիթ
Աճէմեանէն
հիւրընկալելու
մէկէ
աւելի
նմոյշ
քերթուածներ։
Կ՚ընեմ
զիջումը
արտագրելով
ուրիշ
մը։
ՈՐԲ
ԹՌՉՆԻԿԸ
Մեր
տանիքէն
բունիկդ
առկախ,
Ճիւ
ճիւ
երգես,
թռչնիկ
անտէր,
Ու
քու
լեզուով
կ՚ըսես
ա՜խ
վա՜խ.
Ձմեռն
եկաւ՝
քու
ընկերներ
Թռան
գացին
հեռու
երկիր,
Դուն
մինակուկ
հոս
մնացիր:
Եւ
անձկութեամբ
լի՝
աջ
ու
ձախ
Կը
նայիս
թէ
կուգա՞ն
արդեօք,
Ու
քու
լեզուով
կ՚ըսես
ա՜խ
վա՜խ.
Թռչնի՛կ,
թէպէտ
որբ՝
եւ
անոք,
Ցուրտին
փուքին
կը
համբերես
Զի
դուն
անյոյս
չես
ինծի
պէս:
Սիրտըս
լեցուած
յիշեմ
յաճախ
Ան
կտրիճն
որ
գնաց
ձեռքէ.
Ու
քեզի
պէս
կ՚ընեմ
ա՜խ
վա՜խ.
Երբոր
Աստուած
գարուն
ղրկէ`
Քու
ընկերներ
նորէն
կուգան,
Բայց
ա՛լ
չի
գար
իմ
սիրական:
Շիրիմն
անշուք
ծածկի
ցմախ.
Գնա՛
թռչնիկ,
թառի՛ր
վրան
Ու
քու
լեզուով
ըսէ՛
ա՜խ
վա՜խ։
Որբեր՝
հոգւոյս
հատորն
էր
ան.
Ըսէ՛
թէ
կարճ
է
կեանքիս
թել,
Շուտով
կ՚երթամ
զինքն
ընդգրկել։
(ԹՐԹՌՈՒՆ
ՅԱՆԳԵՐ,
էջ
43)
(Մ.
ԱՃԵՄԵԱՆ)
Այս
քերթուածը
գրուած
է
1892ին,
Աճէմեանի
մահէն
քառորդ
դար
առաջ
(1917),
բայց
ծնունդէն
(1838)
երկու
քառորդ
դար
վերջը:
Թուականներուն
փաստը
մի
արհամարհէք:
Բանաստեղծութիւնը
կա՛մ
հոգիի
փաստ
է
կա՛մ
բառերու
խաղ։
Ու
հոգին
թերեւս
մեկ
երկրորդ
երեսն
է
ժամանակին,
որ
հոս
կը
նշանակէ
պարզապէս
ապրումներու
անընդմեջ
հիւսիսայգ
մը։
Մկրտիչ
Աճէմեան
չի
նմանիր
իր
ընկերներուն
որոնք
գործօն
կեանքին
յոյզերուն
մէջ
գէշ
աղէկ
կը
կրեն
որոշ
անդրադարձներ:
Հեռագրատան
պաշտօնեան
չունի
վարժապետին
նոյնիսկ
տրտմութիւնները։
Ահա
թե
ինչու
այդ
մարդուն
գրիչէն
ելած
քերթուածները
հազիւ
թէ
Վենետիկ,
գիրք,
գրաբար,
գրականութիւն,
տաղաչափութիւն
պիտի
հոտին,
բայց
պիտի
ըլլան,
իրենց
կարգին,
այլապէս
դժուար
տարազելի
վկայութիւններ:
Թերեւս
աւելորդ
չըլլայ
հոս
յիշել
թէ
վերի
քերթուածին
գրուած
թուականներուն
մեր
Իրապաշտութիւնը
իր
վճռական
փառքին
մէջը
կ՚ապրէր։
Ամենէն
քիչ
բանաստեղծ
Սիպիլը,
մեր
պառնասեան
պսակաւոր
քերթողուհին,
արդէն
ստորագրած
էր
Ժանեակները,
Դարավերջիկ
հիւանդը
գլուխ-գործոցները,
ինչպէս
ողջունուեցան
այդ
տաղաչափուած
պատմումները։
Կային
նոր
սկսող
Լեւոն
Սեղբոսեանի
նոյնաշունչ
քերթուածները։
Միհրան
Յովհաննէսեան
անունով
մարդ
մը
գրելով
իր
Uփոփանք
Ռամկին
ժողովրդական
ոտանաւորները,
կը
նկատուէր
նոր
երակէ
բանաստեղծութեան
մը
պիոները,
գործածելու
համար
արեւելահայերէն
շատ
սիրուած
բառ
մը:
Արշակ
Չօպանեան
հրատարակած
էր
Արշալոյսի
Ձայներէն
վերջ
Թրթռումները
(1892)։
Հայրենիք
օրաթերթին
մէջ
պատմող,
ընտանի,
պարզ
քերթողութիւնը
կը
քաջալերուէր
Եղիայի,
Թէրզեանի,
Պէրպէրեանի,
Սէթեանի
ռոմանթիզմին
ընդդէմ։
Մկրտիչ
Աճէմեան
Որբ
թռչնիկը
ոտանաւորը
գրած
է
այդ
ապրումներու
գումարին
ընդմէջէն
ու
ասով`
դարձեալ
կը
նմանի
Պէրպէրեանին
որ
գրած
էր
Առ
լուսինը,
տարիներ
առաջ,
ուրիշ
ապրումներու
հպատակ։
Յետոյ,
կայ
քերթողին
ալ
տիրական,
մնայուն
նկարագիրը,
որ
երկար
ժամանակ
հոմանիշ
նկատուեցաւ
հարազատ
բանաստեղծութեան։
Ըսի
թէ
1908ին
Պալեան
մը
ինչ
երկիւղած
զգացումներով
կը
մեկենասէ
Աճէմեանի
թարգմանութիւնները:
Որբ
թռչնիկը
ո՞ւր
կը
զատուի
սակայն
Աղեքսանդր
Փանոսեանի
նմանաչունչ
հարիւրաւոր
հասարակ–տեղիքներէն։
Վերլուծումը
շատ
ծանր
եղանակ
մըն
է
զոր
աւելորդ
պիտի
ըլլար
գործածել
Աճէմեանէ
ստորագրուած
որեւէ
քերթուածի
վրայ։
Անշուշտ
այս
վերապահութիւնը,
այս
վախը
ծնունդ
չեն
առներ
պարզութեան,
ընտանութեան
պայմաններէն
որոնք
Աճէմեանի
ոտանաւորին
մնայուն
յատկանիշները
մնացին,
բայց
որոնք
նոյն
ատեն
կը
պատկանին
բարձրագոյն
բանաստեղծութեան,
երբ
ասիկա
կուգայ
անգրագէտ
բերաններէ,
այսինքն
ժողովուրդ
են:
Քուչակի
մը,
Սայեաթ-Նովայի
մը,
Անտունիի
մը
առջեւ
ես
նեղութեան
մէջ
չեմ
իմ
վերլուծումը
կիրարկելու:
Պարզագոյն
բառերը
ամենէն
մաքուր
ապրումներու
հրիտակն
են
երբեմն։
Բայց
Մկրտիչ
Աճէմեան
դժբախտ
է
բանաստեղծ
ծնած
չըլլալու
անգնելի
դժբախտութեամբ
մը։
Այն
ատե՞ն։
Այսինքն`
ի՞նչ
ա.
105
նուն
տալ
իր
հարիւրաւոր
ոտանաւորներուն։
Իր
ժամանակը
չունեցաւ
սակայն
սա
խղճահարութիւնը
եւ
զայն
մկրտեց
պսա.
կաւոր
բանաստեղծ։
Կէս
դար
վերջը
պատրանքը
[1]
ինկած
է
բոլորին
ալ
աչքերէն:
Համապատկերը
տեւող
արժէքներու
իր
մտահոգութեան
մէջ
քիչ
անգամ
կը
զբաղի
պարագայականին
ալ
փաստերովը։
Անհերքելի
իրողութիւն
է
որ
աւելի
քան
քառասուն
տարիներ
Աճէմեան
բանաստեղծն
է
որո՞ւ`
սակայն։
—
Ոչ
անշուշտ
հայ
ժողովուրդին
որուն
զգայնութեան
ջերմութիւնը,
կենդանութիւնը,
երբեմն
տարակարգ
շնորհները
միշտ
զգալի
են
նոյնիսկ
ժողովրդական
իր
երգերուն
ներսը։
Բայց
կայ
Պոլիսը,
հոն
կերպարանքի
մտած
զգայնութիւն
մը։
Եթէ
իրաւ
են
Դուրեանի,
Պէշիկթաշլեանի
ջղային
դրութիւնները
եւ
ասոնց
արտայայտութիւն՝
իրենց
քերթողական
դիւանները,
ապա
ուրեմն
պիտի
ընենք
զիջում
Աճէմեանին
ալ
զգայնութեան։
Ամբողջ
հարցը
կը
վերածուի
թիւրիմացութեան
մը
բարձումին։
Մ.
Աճէմեանի
զգայնութիւնը
բանաստեղծական
դաւանիլն
էր
ատիկա։
Սրբագրեցէք
վերագրումը։
Դուք
պիտի
ունենաք
այս
անգամ
պարզ
գրչի
բանուոր
մը,
համեստ
որքան
ընտանի։
Որ,
առջի
երիտասարդութենէն
իսկ
իր
ախորժակները
զգոյշ
է
պահած
գրքունակ
ռոմանթիզմէն,
Մխիթարեան
տաղաչափութեան
ծաղկեալ
կեղծիքէն
ու
փոխանակ
նանրանալու,
նրբանալու,
քերթողանալու,
երգած
է
իր
ապրումները
դիւրին,
աժան,
անբռնազբօս
տողերու
մէջ։
Իր
բախտէն,
շատ
քիչ
անգամ
այդ
պարզուկ
տողերը
կը
ծածկեն
խոր,
իրաւ,
նոր
ապրումներու
տագնապը։
Աճէմեան
այդ
Պոլիսին
միջին
ներկայացուցիչն
է:
Զանգուածին
սիրելին:
Ասոր
զգայնութեան
հասարակ
լարերուն
ճարտար
շարժիչը։
Այս
հարազատութիւնը
մենք
չենք
տեսներ
իր
ընկերներուն
գործին
մէջ,
որոնք,
առնուազն
քերթողական
սուտափուտ
փառասիրութեանց
կը
մնային
պաշտօնեայ:
Թէրզեանի
մը
քերթուածները
քիչերու
խօսող
յօրինումներ
են:
Ու
այս
հաւաստումը
ճիշդ
է
դարձեալ
միւսներուն
համար
ալ։
Ուրեմն
ճիշդ
է
առածը
որ,
գրականութեան
մը
ամենէն
հարազատ
ներկայացուցիչները
կը
գտնէ
այդ
գրականութեան
ամենէն
միջին,
միջակ
աշխատաւորներուն
փաղանգին
մէջը։
Գէշ
Պէշիկթաշլեանը
մարդիկ
երգեցին,
լաւը
վայելողներու
սակաւաձեռն
խումբին
դիմաց
Դուրեանը
վայելողները
վեր
են
ոչ
միայն
բարձրորակ
միջինէն,
այլեւ
ընտրանիի
մը
սովորական
քաթեկորիներէն:
Մկրտիչ
Աճէմեան
բանաստեղծը
չէ
այդ
Պոլիսին։
Այս
մասին
ոչ
մէկ
տարակոյս։
Բայց
է
այդ
Պոլիսին
մէկ
կերպարանքը։
Հիմա,
սփիւռքի
մեր
կերպարանքը
գրեթէ
հետախաղաղ
ծածկած
է
այդ
հեռաւոր
տեսիլը
ժողովուրդի
մը
որ
քաղքենին
է,
բայց
առանց
դասակարգին
ծանր
մեղքերուն։
Աճէմեանը
կը
կարդային,
փափաքով
ու
փառքով
(ձգեցէք
իր
ստեղծած
զմայլումներն
ալ)
բոլոր
անոնք
որոնք
հայերէն
մը
հասկնալու
տարրական
արարքը
կրնային
երկրորդել
լրագրի
մը,
հանդէսի
մը
բաժանորդ
գրուելու
luxeով։
Ու
Եւրոպա
ըրած
մեր
վաճառականները,
ասոնց
քարտուղարների,
ազատական
ասպարէզներու
երջանիկ
տնտեսները,
ուսուցիչները,
քահանաները,
եպիսկոպոսները,
վարժուհիները
անոր
սիրական
յաճախորդները
կազմեցին,
լման
երկու
քառորդ
դար։
Գրականութեան
մը
վաւերական
հասարակութի՞ւնը:
Մեր
մէջ
այդ
գիծէ
հրաշք
մը
չունեցաւ
գոյութիւն:
Քանի
մը
տասնեակ
գրողներ
կարելին
ըրին
այս
մարդը
հանդուրժելու,
քանի
որ
ոչ
ոքի
կը
վնասէր՝
միւս
կողմէն՝
ոչ
ոքի
ստուեր
կ՚ածեր.
ինք
իր
ստուերին
մէջ
ամրածածուկ,
չխառնուելով
օրուան
կիրքերուն,
չգովելով,
ոչ
ալ
գովեստ
սպասելով։
Ու
Պոլսեցին
սիրեց
զայն:
Ստիպուած
եմ
լրջանալ
սակայն։
Կը
գտնէ՞ր
այդ
տողերուն
տակ
իրաւ,
հարազատ
զգացումներ:
Հաւանաբար,
այնքան
որքան
կը
գտնէր
զանոնք
իր
թերթերէն։
Ատեն
մը
մեր
հասարակութիւնը
գրականութիւն
ըսելով
Պարոնեան
կը
հասկնար։
Աւելի
ուրիշ
հասարակութիւն
մը,
դարձեալ
այդ
ժողովուրդէն,
Երուանդ
Օտեանին
ստորագրութիւնը
վերածեր
էր
կարդալու
արարքին
ամբողջ
տարողութիւնը։
1890ին
մեր
բանաստեղծութենէն
կամ
առնելու
ընդունակ
միտքեր
դժուարութեան
մէջ
չէին
իրենց
ախորժակները
գոհացնելով
երբ
կը
կարդային
Խաղողը,
զոր
վերածեր
ալ
էին
եղանակի,
Ֆուլիաները,
որոնց
մէջ
սենեակ
մը
ու
օրուան
պարզ
ապրումները
իրար
կը
պաշտպանեն,
Բացական,
ուր
թեթեւ
տեքոռի
մը
մէջ
Պոլիս
մը
կը
շրջանակուի,
Վոսփորը
որ
կը
պատմէ
փա՜ռքը
այդ
չքնաղ
ափերուն,
Սիկարը,
Օղին,
Հունձքը,
Հալքի
եւ
Բրինքիբօն,
Խեղճ
Մըկօն,
Միացեալին
պարահանդէսը,
Յետ
յիսուն
ձմրանը,
Օրհնեա՛
Տէրը,
Սապատողնը,
յիշելու
համար
քանի
մը
քերթուածներ
որոնք
Աճէմեանինն
ըլլալէ
առաջ
միջին
Պոլիսինն
էին
ապա
հովացար։
Զուարթութիւն,
ողջամիտ
գոհունակութիւն,
լաւատեսութիւն,
համեստութիւն,
ցաւին
հանդէպ
իմաստուն
համակերպութիւն,
եթ
եւ,
գողտրիկ
հաճոյքները
տունին,
օճախին,
ջուրերուն,
շէնշող
բնութեան
մը։
Ընտանի
անուշիկ
սէրեր
զաւկէ,
կնոջ
մէ,
ազգականներէ,
նոյնիսկ
հաւերէ
ու…
կատուներէ։
Անշո՛ւշտ։
Բայց
կայ
աւելին։
Կէս
դարու
շրջափոխութեան
մէջ
Աճէմեան
տեսածէ
մէկէ
աւելի
տռամանիք
կացութիւններ։
Իր
ժողովուրդը
զարնող
հսկայ
ողբերգութեան
հանդէպ
իր
լռութիւնը
կը
զիջիմ
թուրք
պաշտօնեայի
իր
հոգեխառնութեան։
Մկրտիչ
Աճէմեան
պատմած
է
անհատական
կործանումներ
(Սեւ
հարսը,
Խեղճ
Մըկօ,
Սգաւորն,
Վաղամեռիկը,
Խաչին
լուսնկան),
թաղէ
թաղ
պատահած
սրտաճմլիկ
մահեր։
Ասոնք
գիւղերու
մէջ
նիւթ
կուտային
ժողովրդական
երգերու:
Պոլիս
Աճէմեան
անոնց
շուրջը
հիւսած
է
այդ
անյաւակնոտ
պատմումները։
Արժե՞ք։
Ինչ
հարկ
դատախազի
խստութեամբ
պահանջներ
բանաձեւել:
Մարդը
չունի
գոյութիւն
որպէսզի
այդ
պահանջները
իմաստ
առնէին։
Չունի
դարձեալ
գոյութիւն
այդ
քերթողութիւնը
կարելի
ընծայող
Պոլիսը։
Կը
գոհանամ
այս
նկատողութիւնները
հոս
արձանագրելով։
Մկրտիչ
Աճէմեան
բանաստեղծ
մը
չէ,
այն
ըմբռնումով
որ
այս
բառը
կը
թելադրէ
երբ
գործածուի
Դուրեանին
համար։
Բայց
չէ
տաղաչ
ափ
մըն
ալ,
այն
ըմբռնումով
որ
այս
բառը
կը
թելադրէ
երբ
գործածուի
Ալիշանի
մը
համար։
Ոչ
մեծ
եւ
ոչ
սուտ։
Պարզ
ու
միջակ:
Ու
կը
բաւէ
ասիկա
իր
անունին
համար
անշուշտ։
Իր
գործը
դուրս
է
մեր
զգայութիւններէն։