Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Գ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ

Աւելորդ է կրկնել որ Համապատկեր ը չի կենսագրեր: Բայց մարդ մը գիրերէ կազմուած յղացք մը ըլլալէ առաջ արեան հանդէս մըն է։ Չեմ նանրամտիր ժառանգականութեան աւելի կամ նուազ վիճելի վարկածներ օգտագործելու եւ Թէրզեանի արուեստին կատարելութեա՞ն առասպելին ետին, իբրեւ մոգական կանթեղ, հաստատել մարդ մը, յոյն, քորսիկացի, որպէսզի Անակրէօն թարգմանելու ունայնամտութիւնը դառնայ արեան ճնշում մը, կամ յունա-լատին հասարակ-տեղիքներու վրայ Թէրզեանի ախորժանքը բանի մը ապացուցումը ըլլայ: Հայրը կաթոլիկ դերձակ մը, հազիւ իր հայութիւնը յիշող։ Բան մը կ՚ըսե՞ն ձեզի այս ծանօթութիւնները: Ա՛ն՝ որ Թէրզեանի արեան մէջ ոչինչ` որ բացատրէր անոր ազնուական արուեստագէտի համբաւը: Այս ամէնը պէտք է ըսուին սակայն։ Մեր գրականութեան մէջ շողշողուն էր առասպելը Թէրզեանի ստեղծագործութեան մէջ հելլենական արիւն–աւիւնին։ Չեմ հերքեր շատ զօրաւոր արմատացած պատրանքներ, որոնց գինով դատելու արարքը մարդիկ յաւակնեցան արդար գիտութեան մը վարկին բարձրացնելու: Կան անշուշտ տարրեր, բայց այնքան նրբին, սուսափուկ, որ, անոնց վրայ դրութիւններ լաստակերտելը աւազի վրայ պալատներ կառուցանելու պիտի նմանէր: Յետոյ, ըսած եմ Համապատկեր ի մուտքին թէ զգոյշ եմ բոլոր հաճելի բայց շատ նրբին ընդհանրացումներէ։

Թէրզեանին արեան պատգամէն շատ աւելի հիմնաւոր կը նկատեմ միւս փաստը. Մուրատ–Ռաֆայէլեանի մէջ իր աշակերտութիւնը։ Շատ մատաղատի՝ Վենետիկ ղրկուած տղան գրեթէ մանուկ մըն է, Պոլսէն հետը տարած՝ ջղային անկազմ դրութիւն մը, արթուն խելք մը, հետաքրքիր իմացականութիւն մը ու մանկական կայտառ խանդավառութիւն մը: Ազատ էք այս սկիզբը գունաւորել ձեր երեւակայութեան ընձեռած բոլոր լոյսերով։ Մկրտիչ Աճէմեան, որ Թէրզեանին դասընկերն է այդ վարժարանին մէջ, կը խօսի Հիւրմիւզէն, Բագրատունիէն, մանաւանդ Ալիշանէն։ Այս անուններուն հոս, Թէրզեանի պատանութեան առիթով յիշատակումը ունի այն աւագ նշանակութիւնը որով ա՛լ պատմութեան կը պատկանի, իբրեւ շահուած ստուգութիւն՝ Մխիթարեան աբբաներու դերը արեւմտահայ գրականութեան սկզբնական շրջանին վրայ (տեսնել Համապատկեր ին Ա. Հատորը, ազդեցութիւններ գլուխէն Մխիթարեանները)։ Պէշիկթաշլեան, Հէքիմեան, Շիշմանեան, Նար-Պէյ, Հիսարեան, Աճէմեան, Թէրզեան բոլորն ալ տաղանդ ունեցող խանդավառ երիտասարդներ են։ Միւս կողմէն՝ Ռուսինեան, Զօրայեան, Օտեան, Միսաքեան, Իւթիւճեան, Կրճիկեան, Ոսկան նոյնքան տաղանդաւոր մարդեր են։ Բայց աւելի քան իրականութիւն է երկու խումբին ալ անբաւարարութիւնը գրական արդիւնքին տեսակարար արժէքին մէջ։ Ինչո՞վ բացատրել այս կամ ածումը ուղիղ, իրաւ, հեռահայեաց ստեղծումին մէջ, մարդերու մօտ որոնք առնուազն օտարներու վրայ լիակատար intuitionը ըրած էին անշուշտ արուեստի մեծ յաջողուածքներու։ Այդ խումբէն առաջինին Վենետիկ, երկրորդին Բարիզ հասակ առած ըլլալը ինչո՞ւ չ՚անդրադառնալ անոնց ստեղծումներուն վրայ։ Շատ շատ վերջինին մօտ աւելի գործնական, դրական, ընկերային ախտորժակներու շեշտ մը, առաջինին օդաճեմ, քնարական, պատմա– ազգայնական ախորժակներուն ընդդէմ։

Ինծի կուգայ թէ այդ տրտմութիւնները վճռապէս բացատրելի վրիպանքներ նկատուելու չեն։ Կա՛մ բոլոր այդ անունները դժբախտ միջակութիւններ էին, ինքնածին, ինքնաբեր ոչ ինչ ունեցող եւ կարօտ՝ ըստ տեսութեան, դուրսէն ազդեցութեան մը, իրենք զիրենք կերպարանելու այնպէս ինչպէս կ՚երեւի ատիկա իրենց ստեղծումներուն վրայ, իրենք զիրենք յարդարելով իրենց սորված դերերուն, պատգամներուն. կամ վաւերական տաղանդներ էին, որոնք իրենց ընդոծին ախորժակները զոհեցին այդ օտար, դուրսէ ազդեցութեան ու տուին դարձեալ իրենց ստեղծումներուն ծանօթ կերպարանքը: Կը հետեւի թէ երկու խումբէն ալ վեր կայ որոշ, չըսելու համար չարաշուք ճնշում մը, որ անդադար կը զգացնէ ինքզինքը: Հազիւ հազ Դուրեան մը կը յաջողի ինքզինքը ձերբազատել այդ կնիքէն։ Դիտել կուտամ որ Սկիւտարցի պատանին ու քիչիկ մըն ալ Օրթաքէօյի եղերերգակը (Պէշիկթաշլեան) կը պարզ են վենետիկեան մտայնութեան մէջ չկորսուած հոգեխառնութիւն մը, արուեստի մարզին վրայ անշուշտ։ Միւսները երբ կը քերթեն, ցոյց կուտան նոյն տիրական անբաւարարութիւնը որ մեղքն էր անբանաստեղծութեան, եթէ կը ներուի այս նորաբանութիւնը։ Այդ մեղքը, ահա, մեղքն էր Աճէմեանի փառաբանած աբբաներուն։ Այդ մեղքը Վենետիկի վրայով եւրոպական բանաստեղծութեան ԺԸ. դարն էր որուն վրայ խօսած եմ արդէն, Մխիթարեան մտայնութիւնը վերլուծած պահուս։ Անշուշտ Վենետիկը այլապէս գեղեցիկ ակունքներ բացած է հոն աշակերտողներու ուսումնածարաւ հոգեդաշտերուն։ Անշուշտ խորունկ հայրենասիրութիւն մը անոնց ուսուցումին հոգեյատակը արմատ է նետած այդ խումբը՝ ներսը։ Բայց իմացական կրթանքները առանձին առինքեան իրենց նկարագիրը կ՚ամբողջացնեն։ Ի՛նչ կը սորվէին սիրել, բանաստեղծութեան մէջ այդ պատկառելի տաղաչափներուն առջեւ դաս առնող տղաքը։ Ի՛նչ որ իրենց վարպետները կը սիրէին։ Հարկ կա՞յ, անգամ մըն ալ թարմացնելու այդ աբբաներուն բանաստեղծականին մէջ պատշաճ զգայութիւնները։ Չափուած բառին [1] կայսրութիւնն էր ԺԹ. դարու կիսուն, Վենետիկի վանքին մէջ, միահեծան ու անսասան։

Այդ ազդեցութեան տակ իր իմացականութեան մարմինը յօրինող պատանին անոր կրնաք որեւէ անուն տալ, զայն առնելով Զարթօնքի Սերունդին որեւէ բանաստեղծէն, բացի Դուրեանէն - իր այլապէս ընթացիկ, շահաւէտ (լեզուներ, գիտութիւններ) ուսումներուն պաշարն ալ աւելցնելով վանական լուրջ, խստամբեր, առնվազն պարկեշտ կրթանքին, դառնայ թող Պոլիս, վերցնելու իր բաժինը զարթօնքի հսկայ որքան զարմանալի աշխատանքէն։ Այդ պատանին, շէնշող, սպրիկ, խանդոտ երիտասարդ, իր մուտքը պիտի ընէ (եթէ երբեք Բազմավէպ ի մէջ արդէն քերթող չէ մկրտուած) իր դերին մէջ… քերթելով, միտքը կրթանքներէն ամենէն դիւրինը անոնց համար որոնք գրել մը սորված են։ Այսօր ընթացիկ կարծիք է որ գրելու նիւթական արարքը նուաճող ամէն մարդ, նոյնիսկ առանց երկրորդական ուսման մը նպաստին, ի վիճակի է իր վէպը գրելու եւ պարտադրելու: Այդ վիպողը մտքէն կրնայ անցնել գրագէտի փառք մը, որ կը զիջուի իրեն… իր երկրորդ գիրքով։ 1850ին մարդիկ աւելի համեստ ու պարզ էին։ Ոտանաւոր մը, մանաւանդ գրաբար, քիչիկ մը խրթին ալ երակէն, բաւ էր որ երէկի դպրոցականը… անցնէր պուէտ: Միշտ այդ երիտասարդը, մէկ կողմէն Ապողոնին սպասարկելով, միւս կողմէն հալածելով գործը, գործ մը, պարապ շրջանակներէ ներս ուսուցչութիւն, պետական պաշտօնէութիւն, մեծատան քարտուղարութիւն, ազատ ասպարէզներ իրեն պիտի ներէ որեւէ զբաղում, ապրուստին միջոցը, աւելի պարզ բառով մը ու պիտի դառնայ իր ժամանակին վրայ կոկիկ, գեղեցիկ, նախանձելի անուն մը։ Յետո՞յ: Անշուշտ: Կայ ժողովուրդին լուսաւորման, արեւմտացման հզօր փառասիրութիւնը: Այս գինով է որ մենք պիտի ըլլանք հանդիսատես այդ փաղանգին սխրալի, յորդ, հերարձակ գործունէութեան, վերանորոգչական բոլոր մարզերուն վրայ։ Պզտի՞կ փառասիրութիւն` քերթողականն ալ, ժողովուրդի մը մէջ որուն կաթողիկոսները չեն արհամարհած մուսաներու սպասարկել, մանաւանդ ժամանակի մը մէջ ուր վենետիկյան ոսկեդարը ինքզինքը կը գերազանցէ Պոլիս, իր աշակերտներուն բանակովը, իր գիրքերուն մարտկոցներովը (pile) ու իր երէցներուն նոճեպսակ, դափնեզարդ շքախումբովը։

Թովմաս Թէրզեան այդ օրերու կարիքներէն գլխաւորներուն բերած է իր սպասը։ Երբ զուտ ազգային ձեռնարկներու մէջ իր անունին կը հանդիպինք շատ քիչ, ատիկա խառնուածքին իսկ ճնշումէն կուգայ հաւանաբար։ Եռանդուն քաղաքացի, հայրեներգակ մը ըլլալէ աւելի` զուարթ, խոհեմ, հաճոյապաշտ մարդն էր անիկա։ Ճիշդ ու ճիշդ Աճէմեանին կաղապարովը։ Պարկե՛շտ: Ընտանեսէր։ Քերթող, ա յսնիքն կեանքը թեթեւ կողմէն ընդունող։ Այս ստորոգելիներս բա՞ւ` որպէսզի տիպարը մարմին դառնայ ձեր մտքին։ Իր դիւանը, դժբախտաբար, ժուժկալ չէ այնքան որքան թելադրելի էին այդ հանգամանքները մարդէն։ Աս է պատճառը, որ մենք անոր պիտի հանդիպինք քիչ մը աւելի բարձր մակարդակներու վրայ: 1870ին թատերական խենթութեան շրջան մը կը բոլորէ Պոլիսը։ Շքեղ փառքէն վերջ Մ. Պէշիկթաշլեանի, նորածագ աստղը Պ. Դուրեանին: Անշուշտ։ Ու անոր քովն վեր Թովմաս Թէրզեանին աստղը: Երկու մեծ ռոմանթիքները մտքէ չանցուցին աւելի ծանրակշիռ փառասիրութիւններ: Բայց Սրապիոն Հեքիմեան, ըսի անգամ մը, իր ողբերգութիւնները գրաբարէն իտալերէնի վերածելով, ներկայացուց Պոլիս: Թէրզեան, որ մտերիմն է այդ ողբերգակին, իր կարգին կը խառնուի շարժումին։ Արշակ Բ. ը գրուած է հայերէն եւ իտալերէն, իբր լիվրէ ։ Մէկէ աւելի են անոր հեղինակած խազերը։ Կենսագիրները չեն խօսիր անոնց ներկայացումէն։ Թովմաս Թէրզեան տենդին մէջն է դարձեալ 1870ին ուր ամէն շաբթու ընկերութիւններ կը հիմնադրուին, քանի մը տարիէն հիմնաքանդ ըլլալու արագ ճակատագրով մը: Կենսագիրները չեն պատմեր իր բանախօսութիւններէն որոնք այդ օրերուն համաճարակներէն կը նկատուէին։ Չունինք իրմէ պրօշիւրներ (Եղիա, Չերազ, Պէրպէրեան, Ծերենց, Տիւսաբ)։ Բայց կը սպասարկէ իր հասարակութեան բարձրագոյն խաւերուն, դաս տալով։ Տեղ կուտամ այս մանրամասնութեանց, վասնզի ասոնց ընդմէջէն դժուար չէ մեր ընկերութեան բարեշրջումը նշմարել:

Ճկուն, քաղցր, վայելապաշտ, ազնուական որքան պարզ, վառվռուն ու սրամիտ, մէկէ աւելի լեզուներու հրամայող, մանաւանդ դիւրահաղորդ, խոր հրապոյրներով օժտուած իր բնաւորութիւնը յարդարուած էր իր ճակատագրէն, զինքը առաջնորդելու համար բարձրագույն շրջանակներու մտերմութեան, փառքին։ Զեղուն այս արժանիքները քիչ մըն ալ պաշտպանութիւնն են վայելած ժամանակին որ մեր հասարակութեան ամենէն տիպարային հանգամանքները կը մէկտեղէ, երբ հարիւրաւոր անուններ, խոնարհ ծագումով, կը բարձրանան քաղքենի ամբարտակները ընդոտներով ու մեր մէջ կարելի ազնուապետական նոր դասակարգը կը հանդերձեն, ամիրաներու կործանումէն վերջ, ստեղծելով ազատ ասպարէզներու տիրապետութիւնը մեր վրայ բժիշկ, պաշտօնատար, գիտուն, ուսուցիչ, գրող, եկեղեցական բարձրորակ գործիչներ։ Աւելցուցէք արեւմուտքին հետ տնտեսական իրենց կապերուն շնորհիւ դրամին ալ ազնուապետութիւնը ու դուք կը հասկնաք թէ այդ ձեւով կազմաւորուած ընկերութենէ մը ներս Թովմաս Թէրզեան, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, նոյնիսկ Պ. Դուրեան եւ Յ. Պարոնեան ինչ պատկառանքի կ՚առաջնորդեն քառորդ դար առաջ այնքան եղկելի զբաղում մը, ուսուցչութիւնը։ Յետոյ, այդ թուականներուն Պոլիսը զուրկ է միջնակարգ, նոյնիսկ նախնական վարժարաններու ցանցէ մը։ Մարդիկ մեծահարուստները դեռ կը յամառին կառչած մնալ աւանդութեան մը, սեպհական տուներու մէջ իրենց զաւակները դաստիարակելու սնափառութեան, քանի որ ատիկա նոր փաստ մը կը ծառայէ ընտանիքին բարձր արժանիքներուն։ Գիտէք թէ Պէշիկթաշլեանէն դաս առնել մը, բարձր դասու օրիորդի մը համար ինչ անփոխարինելի գրաւական մը կը պարգեւէր ընտանիքին բարքերէն։ Թէրզեան յաջորդած է Պէշիկթաշլեանին, դառնալով փնտռուած ուսուցիչ մը, որ իրեն աշակերտողներուն չափ, անոնց ծնողքներուն ալ վրայ կը տարած է իր շնորհները։ Բարեկիրթ է եւ զգաստ։ Խանդավառ եւ ռոմանթիք։ Շէնշող եւ ապրող։ Այս առաքինութիւնները չեն թառամիր, « ի չգոյէ նիւթոյ », ինչպէս կ՚ըսէ Աւետարանը։ Անոնք կը հանդիպին տարօրինակ ընկալչութեան ալ շրջանին։ Սլացիկ ու գեղանի, խօսքի մեծ տուրքերով եւ պարկեշտութեան ծանր արժանիքով, սա երիտասարդը, թերեւս մեզմէ ծածկուած ուրիշ ալ charmeերու պաշտպանութեամբ մը կը դառնայ այդ Պոլիսին շփացուած, սիրուած մէկ անձնաւորութիւնը։ Դուք որ այս տողերը կը կարդաք, կը դժուարանաք հասկնալ հաւանաբար վարժապետի մը սա վարկը։ Բայց ձեր օրերէն երեք քառորդ դար առաջ մեր հասարակութիւնը մի շփոթէք ձեր քաւարանին զանգուածին հետ։ Հիմա կարդացողները անօթի են, ըստ վճռին Եղիայի մօր։ Ու չկարդացողները՝ իրենցմէ դուրս ոչնչով կը զբաղին։ Տիրական անձնաւորութիւնները երկաբջիջ հոգեբանութիւններ են, իրենցմէ եւ դուրսէն միաւորուած։ Թէրզեան կը պարզէ ուրիշ ալ արժանիքներ։ Անիկա հիւանդ մը չէ որպէսզի մարդիկ արգահատին, յարգելով հանդերձ զինքը (Պէշիկթաշլեան, Դուրեան)։ Անիկա կէս խենթ մըն ալ չէ որպէսզի դառնայ անվտանգ, իր փառասիրութիւնները երբ կը պարտադրէ բեմերէ ու դպրոցներէ (Եղիա)։ Անիկա ծիծաղելի յաւակնոտութիւններով ուռուցիկ տրիբուն ալ չէ ազգային սահմանադրութեան, ազգային դաստիարակութեան, ազգային լեզուին (Չերազ), որպէսզի մարդիկ պահ մը շփոթուին իրենց լսածներէն բայց շուտով անդրադառնան ու իր ճիշդ չափին մէջ տեսնեն վարժապետը։ Անշուշտ կայ Մամուրեանը որ ամէն բան է առաջ լրագրող մըն է ու ատով կասկածելի։ Կայ Պէրպէրեանը որուն նորածագ համբաւը կը ստեղծէ այնքան դժնդակ հակազդեցութիւններ։ Թէրզեան առանձին տիպար մըն է։ Կը դիտէ բոլոր իր պաշտօնակիցներուն սայթաքումները ու գիտէ անոնցմէ օգտուիլ։ Գիտէ մանաւանդ սանձ մը դնել իր նախասիրութեանց, փառասիրութեանց, հասարակաց կարծիքը չվիրաւորել ։ Ահա իր իմաստութիւնը։ Մի աճապարէք ասիկա որակել անողնայարութիւն։ Միւս կողմէն՝ մի ալ ոսկեզօծէք խանդոտ խառնուածքը Շիշմանեանին որ առնուազն իմաստուն բժիշկ մը իբրեւ պատրաստուած, դեր մը ունէր մեր ժողովուրդին մէջ, բայց գլխուն գինովը իջաւ պայքարի կրկէսը։ Դուք տեսաք Ռուսինեանը, անայցելու բժիշկը։ Մամուրեան պիտի քշուի Պոլիսէն, իր լեզուին չափ մը պահել չկարենալուն: Անօթի պիտի ձգենք Պարոնեանը, միշտ վարժապետ ու խմբագիր: Ու պիտի չհանդուրժենք Նար–Պէյը, զայն ոստանէ ոստան թռցնելով։ Ասիկա անոր համար որ այս բոլոր անուններուն ետին մէկէ աւելի կիրքեր, տրտում, մենագար ախորժակներ, ցաւագին փառասիրութիւններ ծուարած կը պառկին, յարմար առիթով պատրաստ՝ առաջ նետուելու, այդ մարդերը ձգելու իրենց կիկլոնին կամ ճախճախուտքին մէջը, յաճախ անդարման աղէտներու ալ մղելով զանոնք։ Ու նոր չէ որ մենք աններող ենք եկեղեցականին, ուսուցիչին, գրողին, հանրային սպասաւորին թերացումներուն, նուաճումներուն հանդէպ։ Շիտակ, պարզ, հիւանդ, բարդ, տաղանդաւոր անձերէն մենք ունէինք մեր եղանակը, քաւել տալու իրենց սա ստորոգելիներուն պարտադրանքը։ Պէրպէրեան մը, Չերազ մը, Եղիա մը աւելի կամ պակաս չափով մը ենթարկուած են ժխտական սա հոգեբանութեան չարիքներուն, աւերածին։ Տարիներով ջոջ այդ վարժապետները, աղմկայոյզ այդ գրողները, հակառակ իրենց տաղանդին դէմ մեր դրած բոլոր յարգանքին, նոյնիսկ պատկառանքին, չենք փախցուցած առիթը զանոնք եթէ ոչ հալածելու, գէթ նրբին արհամարհանքի, ստորադասութեան օրոց ի մը մէջ խարսխած պահելու: Ոչ մէկ ստուեր [2], ոչ մէկ անախորժ հով չէ պղտորած միապաղաղ երջանկութիւնը, բախտը Թովմաս Թէրզեան ուսուցչին որ դաս տալու արարքին մէջ անշուշտ չի պարզեր Պէրպէրեանէն կամ Եղիայէն աւելի խանդ, հեղինակութիւն, բայց Մագիստրոս մըն է վարուելակերպի իմաստասիրութեան մէջ։ Մինչ վերի անունները մնայուն տագնապներու հանդէսի մը կը վերածեն իրենց ասպարէզը, Թէրզեան՝ այն շատ հազուագիւտ հայ վարժապետն է որ գտած է բարեկեցութեան շահաuտանը, բանակ մը ազգականներ ապրեցնելու չափ, տէր՝ սեպհական տունի եւ դիւր կենցաղի: Մտքէս չ՚անցնիր գրագէտը, բանաստեղծը իբր ազդակ նկատի ունենալ սա արդիւնքին մէջ։ Ոչ Պէշիկթաշեանի, ոչ ալ Դուրեանի թատրոնները իրենց հեղինակներուն չոր հաց մը իսկ չեն ապահոված։ Թէրզեանին Սանդուխտ ը, որ տղայական խաղ մըն է, Վարդ ու Շուշան ին (Դուրեան) տիպովը հեղինակին պիտի բերէր բացառիկ բախտաւորութիւն մը: Անոր ներկայացման հանդիսատես Յակոբ Պալեան արքունի ճարտարապետը, խանդավառ ու մեծ անձն մարդ մը, իր հիացման մէջ խաղին « հանգոյցներէն », ինչպէս կը վկայեն կենսագիրները, իր պաշտպանութեանը տակ կ՚առնէ երիտասարդ անոր հեղինակը, բաւական առատ գումար մը դնելով անոր տրամադրութեան տակ, որպէսզի արուեստագէտի շրջանն ընէ անիկա, Եւրոպա, ծանօթանալու համար իրաւ արուեստին իրաւ պայմաններուն: Թէրզեան Թղլեանին հետ, կ՚ընէ այդ պտոյտը, Եւրոպան ճանչնալու, անոր թատերական գրականութիւնը գիրքերէն ու գրաբար թարգմանութիւններէն դուրս կենդանի բեմերու վրայ ուսումնասիրելու: Դէպքը պատահած է 1869ին եւ Արշակ Բ. թատերանուագ (հաւանաբար մեր օրերու քնարական տռաման (drame lyrique) է այս բառին համազօրը) ի չորս հանդէսս, հայ եւ իտալ. քերթուած՝ Թ. Թ. ի եւ երաժշտութիւն Չուհաճեան Տիգրանայ, Կ. Պոլիս, 1871, գինն էր այդ պտոյտին։ Ունինք այդ թուականէն (1871) դարձեալ Յովսէփ Գեղեցիկ (թատրերգութիւն յերիս արարուածս), նմանողաբար։ Կան տակաւին յիշատակութիւններ Խոսրով Բ., Մովսէս, Կայէն եւ Աբէլ (այս վերջինը նմանողութեամբ Պայրընին), Չօպանեանի յառաջաբանին մէջ ուր այդ խաղերէն արարուածներ տրամադրած է անիկա հայ–ֆրանսերէն թարգմանութեան համար։ Այս մանրամասնութիւնները բեռ մը չեն այս մարդուն ճանաչումին տեսակէտէն: Ինչ դժբախտութիւն որ հասարակ ոտանաւոր պատմում մը միայն ( Արշակ Բ. ) պիտի բերէր այդ մարդը Եւրոպայէն։ Ու լաւ պահեցէք ասիկա ձեր միտքին մէջ։

Նոյնիսկ այն պարագային, ուր, այս շատ նպաստաւոր, շատ բացառիկ իրողութեանց ետին ուզէ ինք ժամանակը, տրամատ դրութիւնները լուսաւորող, արժեւորող ոգի մը ճանչնալ (ամիրաներէ, մեծահարուստներէ, ազդեցիկ, բարձրաստիճան հոգեւորականներէ պաշտպանուած ըլլալու դասական դրուագները), դարձեալ դժուարութիւնը չի վերնար բացատրելու սա միակտուր, աննուաղ, մանաւանդ աննախանձ փառքը։ Մեծարժէք ուսուցի՞չ մը: Ինչու չէ։ Համապատկեր ը կրնար արդարութեամբ ուրիշ սակարան մը ղրկել անոր արժէքը։ Բայց կարդացէք։ «Սակայն, ներկայ հրատարակութիւնը [3], առաջին անգամ մեր հասարակութեան առջեւ դնելով ամբողջութիւնը Թէրզեանի բանաստեղծական արտադրութեանց եւ երեւան հանելով ստուար զանգուած մը ցարդ բոլորովին անծանօթ մնացած անտիպ կարեւոր էջեր. ոչ միայն կը հաստատէ արդարացի սքանչացումը որուն արժանացած էր այդ ներշնչեալ քնարերգակն իր կենդանութեանը, այլ զայն կը յայտնէ աւելի մեծ, աւելի խոր, աւելի բազմաձեւ, աւելի հայ, եւ նոյնիսկ աւելի արդիական քան ինչ որ կը կարծուէր» (Յառաջաբան, ԺԱ. Չեմ երթար առաջ, այս տողերուն ետին կեղծաւոր մը, շահամոլ մը ենթադրելու: Արշակ Չօպանեան աշակերտն է այդ վարպետին, բայց նոյն ատեն քննադատ մը։ Ի՞նչպէս բացատրել սա վճիռները սակայն երբ միւս կողմէն փաստը ունի գոյութիւն այդ վճիռները թելադրող գործին զոր չես կարող այրել, չքացնել, ինչպէս կ՚ընէին հիները։ Իմ վերլուծումը, աւելի անդին, պիտի աշխատի Թէրզեանը բերել մարդկայինին սահմանները։ Առայժմ հոս կ՚արձանագրեմ որ գրականութեանց պատմութեանց մէջ այս կարգի աստուած ասումներ սովորական դեպքեր են։

Գրականութեան լայն հոսանքները, արդար աշխատաւորները ու ասոնց երեւան բերած արդիւնքները արժեւորել ձգտող գործի մը մէջ, ինչպէս է Համապատկեր ը, պիտի չխօսէր այսքանն ալ մարդու մը ուսուցչական հանգամանքներէն եթէ երբեք այդ մարդուն ետին մեր հասարակութիւնը աւելի քան կես դար չըլլար ընդունած անառարկելի բարձրութիւն մը, « ներդաշնակ, լուսաւոր դեմքերէն » մէկը։ Արշակ Չօպանեան այս գնահատումին կը կցէ իր սիրական գերադրականն ալ, ամենինը։ Կարդացէք ուրեմն` ամենէն ներդաշնակ, ամենէն լուսաւոր դեմքերէն մէկը ։

Այն ատե՞ն. Թովմաս Թէրզեան 1860էն մինչեւ իր մահը Պոլսոյ բարձրագոյն մեր վարժարաններուն մէջ ուսուցիչ է… ֆրանսերէնի: Միտք պահեցէք ասիկա։ Ուսուցիչ է դարձեալ զինուորական բարձրագոյն վարժարանին ( Հարպիյէ ), Կալաթա Սէրայի Լիսէին, Միլքիյէ որ վարչական մարդեր պատրաստող ուրիշ բարձրագոյն հաստատութիւն մըն էր, դարձեալ… ֆրանսերէնի։ Հեղինակ է շատ բռնուած ֆրանսերէն քերականութեան դասագիրքերու: Ուսուցիչ է մեծահարուստ տուներէ (հայ եւ թուրք) ներս միշտ…   ֆրանսերէնի: Այս տիրական զբաղումներու կողքին, իր անունը արժեւորելու, միշտ կանաչ պահելու փոյթէ մըն ալ մղուած, անիկա պիտի երեւայ հանդէսներու մէջ, ատենը տեղ մը… քերթուածներով։ Չօպանեանի կազմած հատորը անտիպներէ, սրբագրուած, վերասրբագրուած քերթուածներէ ալ ունի պատմութիւններ։ Այս ամենուն միտք բանի՞ն. սա շատ պարզ իրողութիւնը եւ Թովմաս Թէրզեան մեծ, այսինքն լաւ բռնուած ուսուցիչ մըն է, որ իր այդ հանգամանքը արժեւորելու, ինչպէս ասկէ արժեւորուելու դժուար հաւասարակշռութիւնը իրագործած է, կէս դարու վրայով։ Բայց ահա պզտիկ երանգ մը, տարբերութիւն մը եթէ կ՚ուզէք։ Թովմաս Թէրզեան ջոջ տուներու աղաչուած դասախօս, պետական վարժարաններու պաշտպանուած ուսուցիչ, իր ուժերուն լաւագոյնը յատկացուցած է օտար լեզուի մը ուսուցման: Որ շատ լաւ սորված հայերէնը անիկա չէ իսկ մտածած իր տունին լեզուն ընելու, ինչպէս կայ անհերքելի վկայութիւնը իր զաւակներուն որոնք կը յիշեն թէ իրենց հայրը հայ մըն էր ու այսքան։ Ոչ չարութիւն եւ ոչ զառածում: Ազնուական, մեծ, արդիական բանաստեղծ մը պարտքին տակն էր առնուազն հայ ըլլալու եւ ոչ թէ լըվանթէն ի հոգեբանութեամբ մը իր ժողովուրդին մօտերը սլքտալու:

Խաղաղ, գրեթէ առանց տագնապի (հրդեհի մը մէջ իր այրած հօրը կսկիծը անիկա պիտի վերածէ քանի մը քերթուածներու, դժբախտաբար անկնիք, գրեթէ տափակ: Իր զաւկին (վեշտասանամեայ) մահը հազիւ թէ ակնարկութիւն մը կ՚արժէ իրեն, ուրիշի մը համար, մի ոմն Տիկին Տէր Ներսէսեանի մահուան առթիւ գրուած քերթուածի մը մէջ), ու կրնամ աւելցնել՝ իր սերունդի աչքի ընծայուած բացառիկ պատեհութիւններով ալ բախտաւորուած, գրելու թէքնիք մը ամրօրէն տիրապետած, գրական որոշ ալ զարգացումէ մը անցնող սա մարդէն, Համապատկեր ին աշխատաւորը իր իրաւունքին մէջն է երբ կ՚ակընկալէ առնուազն իր համբաւը արդարացնող վկայութիւն, իր գործէն։ Յետոյ, Չօպանեան, միշտ աշակերտական երախտագիտութեամբ, չի գոհանար անոր մէջ ամենէն ազնուական հայերէն մէկը ողջունելու, այլեւ կը յայտարարէ թէ անիկա Պոլսեցի մըն է: Այս տարազը, իր լակոնական կերպարանքէն երբ ազատագրէք, ըսել կ՚ուզեմ՝ երբ բանաք անոր տակ ինկնող զգայութեանց հանդէսը, դուք կ՚ունենաք մտատեսումը, թափանցումը արեւմտահայ գրականութեան ամենէն թանկ, խորունկ թելադրանքներէն մէկուն, այն շատ ծփուն, անսեւեռելի իսկութեան, հոգեղէն հեղանուտին որով կ՚անձանան մեր գրականութեան ամենէն սխրալի յաջողուածքները, քերթուած կամ քրոնիկ, վէպ կամ թատրոն, - ի՛նչ որ այդ գրականութեան անկորուստ, աննուաղ հարստութիւնը պիտի կազմէ ժամանակին մէջ։ Այս հատորին առաջին գիրքին մէջ ես մօտեցայ այդ զգայնութեան քանի մը հիմնալարերուն։ Արդ, կա՞յ, այդ Պոլիսը Թէրզեանի տաղարանին մէջ, ինչպէս մեզի կը տրուի զգալ մեր մեծ գրողներուն գործերուն ընդմէջէն (Պէշիկթաշլեանի քերթուածներէն ոմանք, Դուրեանի տաղերը, Եղիայի քանի մը արձակ քրոնիկները, Արփիարի, Զօհրապի, Հրանդի, Բաշալեանի, Երուխանի վիպակներուն, քրոնիկներուն մէկ կարեւոր մասը, Պարոնեանը` ամբողջ գրեթէ, Արուեստագէտ Սերունդին քանի մը տիրական յաջողուածքները, Տիկին Եսայեան, Թէքէեան, Վարուժան, Մեծարենց, Չրաքեան): Վճռական է հերքումը։ Թէրզեանի տաղարանէն կ՚ելլէ սակայն ուրիշ Պոլիս մը, աս ալ նոյնքան իրաւ, մեր գրականութեան մէջ իր շեշտ գոյնը անդրադարձող։ Միջին քաղքենի ապրումները չունիմ նկատի երբ կ՚ընեմ այս հաւաստումը։ Ատիկա ես կը հաստատեմ՝ Մ. Աճէմեանի գործին մէջ։ Սխալ չըլլար Թէրզեանը ընդունիլ Վենետիկէն փոխադրուած բանաստեղծական ոգիին բարեփոխեալ, աշխարհայնացած մէկ արտայայտութիւնը` բարեփոխութիւն մը ուր չըլային արուած հիմնական գիծեր, բայց ըլլային աւելցած ուրիշ երկրորդական գիծեր, երանգներ։

Իր փառքին բոլոր լիութեանը մէջ աչքերը փակող այս բանաստեղծը չունեցա՞ւ ներքին տագնապի պահեր, երբ յոգնած, դառնացած տարիքին բեռէն, անցաւ սեղանին առջեւ, բանալու դէզերը իր տետրակներուն ու աչք մը նետելու իր տպուած որքան անտիպ քերթուածներուն, սրբագրուած, վերասրտագրուած, ընդօրինակուած քանի մը անգամներ (Չօպանեանն է երաշխաւորողը), սանկ կշիռի մը զարնելու համար զանոնք։ Զարեհ եւ Նարդիկ վերտառութեամբ պոէման գրուած է 1901ին։ Այս թուականին ահաւոր փաստը ան է որ հաւանաբար Փրինքիփօ (Պոլիս) գիրի ինկած այդ քերթուածին ալեւորած հեղինակը նեարդ առ նեարդ կը կրկնէր Վենետիկ, մօտ կէս դար առաջ գրուած Մահ Ահարոնի քերթուածին մանկամտութիւնը։ Ոչ աւելի, ոչ պակաս: Անցնող յիսուն տարիները (Թէրզեան գրած է… 1909ին ալ) անցած են առանց այդ վենետիկեան հէնքը խաթարելու: Այս հերոսութիւնը` ինքնիրեն հաւատարիմ մնալու՝ մեր լեզուով կը թարգմանուր անզգածութիւն։ Եզրակացութիւնը այն կ՚ըլլայ որ հեղինակին շիջումէն հազիւ երեսուն տարի վերջը անոր տաղարանը վտանգուած էր անվերադարձ: Ատկէ տուժողը հեղինակը միայն չէ եղած դժբախտաբար։ Մենք շատ դիւրաւ մոռցանք Քնար Պանդխտին ը, Շողեր ու Ցողեր, Գարնան Հովեր ը, Յուզման Ժամեր ը, այդ գործերուն ետին պարզ մեծաւորներ, մահկանացուներ միայն դաւանելով. բայց Թովմաս Թէրզեան մեծ, ազնուական բանաստեղծ մըն էր ոչ կարծեօք, այլ ըստ էութ եան։ Ու այդ պատրանքն ալ կը թափի մեր թարթիչներէն, վտանգելով Թէրզեանի վարկին հետ՝ վարկն ալ արեւմտահայ գրականութեան մէջ շատ արժանաւոր սեռի մը քնարերգութեան: Կը հաւատամ՝ որ արեւմտահայ գրականութեան վրայ կազմաւորուած սխալ որքան վիրաւորիչ դամբարանութիւնները, հաատքները (գլխաւորաբար արեւելահայերու բերնով որոնք հոսհոսներու բանաստեղծութիւնը դատապարտելու ատեն այնքան հեշտագին կը զառածին Թէրզեանի գլխաւորած դպրոցին տկարութիւններով, առանց անդրադառնալու, անկանգնելի որքան անգին, այսինքն անգլելի տափակութեանը իրենց ոտանաւորին) մարմին են առած գործին հանդէպ սա դպրոցին որմէ մեռած-ծնած քերթուածներու դէզ մը տակաւին ունէր գոյութիւն հազար ինը հարիւրէն ալ վերջը։

Ահա թէ ինչու Թովմաս Թէրզեանը կը նկատեմ կեդրոնական անձնաւորութիւնը Կրտսեր Ռոմանթիքներու դպրոցին, ու անոր գործին վերլուծման առիթ ով ՝ քննութ եան տակ կը ձգեմ տարողութիւնը վաստակին զոր արեւմտահայ անդրանիկ բանաս: տեղծական դպրոցը (Ալիշան, Դուրեան, Պէշիկթաշլեան չեն իյնար այս սահմանէն ներս) ձգած է մեզի:

Տաղաչափներու դպրոցն [4] է անիկա։

 

 



[1]        Ուրիշ խնդիր՝ ինչո՞ւ Բարիզ ընող թեւէն այդ սերունդին մեզի չհասնիլը՝ հարազատ բանաստեղծի մը։ Կը կարծեմ թէ սկսող գրականութեանց ճակատագիրն էր քիչ մը սա արագ, պարզապաշտ ոճաւորումը, քանի որ այդ սկզբին աշխատաւորները ամէն բան է առաջ տենդը կ՚ապրին մէկ անգամէն շատ բան փոխադրելու կամ իրագործելու, որակէն քիչ մը ձեռնթափ, շեշտը դնելով քանակին վրայ կայ տակաւին հրապարակին ալ ընկալչութիւնը։ Մի մոռնաք որ Դուրեանը սրբագրելու սրբապղծութիւնը (այսօր) այդ օրերուն բնական իրողութիւն մըն էր։

[2]        Երկու անգամ Սուլթան Համիտի կասկածները իր վրայ հրաւիրող այս պետական ուսուցիչը (առաջինը` ֆրանսերէն հատորի մը առիթով, ուր Մանրավէպերու ծաղիկներ, զինուորական վարժարանի տղոց մատուցուած իբրեւ ընթերցումի նիւթ, վեհապետին մտքին մէջ կ՚արթընցնեն կասկածներ, պատճառ դառնալով այդ վարժարանէն իր վտարումին: Երկրորդը՝ մուսաներու ճամբով, Պատկեր ամսագրին մէջ (օրկան կաթողիկէ հայոց պատրիարքարանին) Առ աստղ բանաստեղծութեան մը համար։ Սուլթան Համիտ արգիլած էր այդ բառին գործածութիւնը իր պալատին (Եըլտըզ) ակնարկութիւն մը գտնելով անոր գործածութեան մէջ) միշտ պիտի ազատագրէ ինքզինքը իր բարեկամ-աշակերտներուն կորովի պաշտպանութեամբը, եպարքոս, աւագ փաշաներ, պէյեր, որոնք սիրած են իրենց ուսուցիչը, միշտ անոր աշխարհիկ, ընթացիկ առաքինութեանց, զգոյշ ձեւերուն ու հոյակապ թաքթ ին պատճառով։

[3]        Բանաստեղծութեանց Ամբողջական Հաւաքածոյ, ԹՈՎՄԱՍ ԹԷՐԶԵԱՆ, 1929, ՄԷջբերումը` Չօպանեանի յառաջաբանէն, Էջ ԺԲ։

[4]        Խորէն Նար–Պէյի բանաստեղծական գործին վերլուծումը, առանձին կատարուած, անբաւարար է դպրոցը ամբողջութեամբ սեւեռելու, այն գլխաւոր պատճառով որ հազիւ հատոր մը ( Ստուերք Հայկականք ) կը պատկանի մեր գրականութեան ներկայ պարունակին, Վարդենիքը, Քնար Պանդխտին ը գրուած են գրաբար։ Յետոյ, Նար-Պէյի եկեղեցական հանգամանքն ալ հաւանաբար կը միջամտէ որպէսզի գրիչը, իրենց սիրական բառով՝ մուսան ըլլայ զգոյշ, շատ շատ ազգային, տօնական, հանդիսական զեղումներու արտօնող հեղինակը ու դնէ սանձ մը անոր զգայնութեան խորունկ ըղձաւորութեանց։ Այդպիսի կապանքներով չեն տառապիր Կրտսեր Ռոմանթիքները։ Եղիան դուրս է մեր բանաստեղծութենէն։ Չերազ պատանիի հոգիով քանի մը տաղէ անդին չէ վարած իր արկածախնդրութիւնը։ Կրտսեր Ռոմանթիքները կը մարմնաւորեն ուրեմն տաղաչափին դպրոցը, իր բոլոր մեղքերովը։